Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՉՈՐՍ ՏԱՐԵԿԱՆԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ

Այս նամակն իմ եղբայրս է գրեր. քա՜ղցր էակ`
Որ փոքր է դեռ. Էն իր համար քօղ չունի.
Իր առջեւ դեռ մեծ գաղտնիքն է անդիմակ.
Երանութեան ամէն երկինք` հոլանի՜:
Մերթ վարդերու, թըռչուններու անուրջէ
Ոգիներուն հետ կը խօսի անարգել.
Փոքրիկ ձեռքով թիթեռնիկներ կը կանչէ.
Կ’ուզէ աստղերն երկնի դաշտէն հաւաքել:
Երկամեայ էր` երբ զատուեցանք տըխրալի.
Մեկնումին զիս դիտեց ապշած ու երկա՜յն,
Թէ ինքը է՞ր կ’երթար, ես է՞ր կը մնայի:
Եւ, ո՛հ, լացա՜ւ. մարդն էր` շնորհքին տակ մանկան:

Արդ կը գրէ: Այդ նամակն ե՛ս կ’ըմբըռնեմ.
Զայն կ’հասկընայ ի՛մ սիրտըս լոկ յուսաթափ,
Իբրեւ թէ այդ գիրն անծանօթ ու նըսեմ`
Մենք նոյն ատեն գըտնէինք, նո՛յն ըզգացմամբ:

Հորիզոն մ’հարկ է որ ինքն ա՛լ պաղ աղօտ,
Ձայն տայ նընջող արշալոյսին. Ե՛լ ժամն է…
Զեփիւռ մ’որ թոյլ հունտին հըծծէ. Տո՛ւր ծըղօտ:
Մայր մ’որ տըղուն ըսէ. Քալէ՛ Հայր մ’որ` Գրէ՛:
Եւ սա թուղթին մանուկ մ’հակեր է քնքուշ,
Մանկան վրայ հայր մը` ժըպտելով պեխին տակ.
Այսպէ՛ս կ’իջնէ արշալոյսին ամպ մ’անուշ,
Արշալոյսն ալ ձիւնոտ դաշտին ըսպիտակ:

Ու գըրեր է: Տարօրինա՜կ նըշաններ,
Գիծե՜ր` որք ինձ թըւին երազ բեկբեկուն,
Ժպիտներով ցանուած քըսուած մելաններ,
Բիծեր` դըրուած մանկան թափով մը նըկուն:

Սա մինարէ մըն է դեռ կէս մընացած`
Ուր չ’ամփոփիր հոգւոյ մ’աղօթքը համակ.
Հոն ծուռումուռ խաչափայտ մ’է զետեղուած`
Ուր կը գամուի խեղանդամ մարդ մը մինակ:

Հոս տեղ թըռչուն մ’ուրուագըծուած է, լըռի՜կ,
Որուն երգերն իր շըրթունքներն են գողցեր.
Անդին կայ յօնք մ’առանց աչքի. թափառիկ.
Իսկ ասդին աչք մ’առանց յօնքի, մերկ, անտէր:

Սա կիսակատար գըմբէթ մըն է. ձիւնի վրայ,
Որ կը սքողի ամպի մը տակ մելանէ.
Վերջապէս հո՜ն գոց կոկոն մ’է անիկա`
Որ, վարն, անոր ըստորագիրն կը դընէ:

Եւ եւս ճաճանչ մը ասոնց մէջ կը գըտնեմ.
Պատկերական գըրութիւն մ’է` մենք որով
Կըրնանք կարդալ խորհուրդ–մանուկը վըսեմ`
Մեր մութ երկնի` աստղ մ’օրէօր դընելով:

Պիտ’ տարիներ կազմեն ամէն գաղափար`
Երազը խոկ յօրինելով օրէօր.
Մանուկը մարդ պիտի ըլլայ, գիծը` բառ,
Տըրուելով կրօնն` մարդուն, բառին ոտ’նաւոր:

Ան` այժմեան այդ գաղափարներն մի քանի
Ժողովեց երկրէս (թէ երկընքէն չի բերեր).
Ժողովեց իր մօր գըրկէն, դըպրո՜ց կենդանի,
Գըգուող սիւքէն, ծաղիկներէն տարուբեր:

Սոխակն ուսոյց երգել, լալ` փուշը վարդին.
Ամփոփ թառած տատրակն ըսաւ. Կը նիրհեն:
Բարձին ծաթող լուսնակն ըսաւ. Կը ժըպտին:
Իր քունն հըսկող մայրն ալ ըսաւ. Կը սիրե՜ն: