Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԱԶ ԵՒ ԽՈՀ

Պառկած էի. խոր լըռութի՜ւն. գիշեր էր…
Ճըրագս իւղէ պատերն արիւն կը ներկէր:
Ծանրացաւ մրափ մ’աչքերուս.
Մըտածումնե՛րըս երազի մէջ սուզան,
Եւ բիբերէս ամէն ճաճանչ լուսական
Կոպերուս վրա՛յ` տըւին խոյս:
Սեւ դէմքի մ’հետ ձեռք մը տեսայ մահճիս քով.
Կուրծքիս դըրաւ մատերը բոց եղունգով,
Սընդիկի պէս խորամուխ:
Փայտ կըտրեցաւ լեզուս, վախցա՛յ շէկ աչքէն:
Ես ճանչցայ զայն. սատաններուն ամէնէն
Կատաղին էր մ’է՛ն թուխ:

Բացաւ բերանն` որուն մէջ լինդ միայն կար.
Իր ակռաները խորտակուած էին վար
Իյնալու օրն երկընքէն…
Ըսաւ. - «Սըրտէ՜դ, սըրտէդ քարշել ես եկայ
Զայն` որուն տեղն իմ տեղըս պէտք է ըլլայ.
Տո՛ւր , ինծի՛ տուր սէրդ իրեն»:

Անկողնիս մէջ թալթըլեցայ, ու երկու
Ձեռքով` սարսռուն բըռնեցի թեւն ահարկու`
Ինծմէ անդին մըղելով:
Մաքառեցայ Անոր համար, անկրօննե՛ր.
Խածեցի ձեռքն` որ Զինքն ինծմէ կ’անջատէր.
Իր ոսոխին արիւնով`
Ներկեցի շուրթս, եւ անցուցի ծարաւս հուր:
Դեւն երեսիս կատղած պոռաց. «Տեղի՛ տուր`
Թէ չէ ըզքեզ կը խեղդեմ.
Թոքերուդ տակ կը ճըմլեմ սիրտդ անխընայ.
Ճերմակ սաւանդ վաղը կարմիր կը դառնայ.
Մա՛հը կ’հանեմ քեզի դէմ:

Ագռաւներու կեր կու տամ այդ սեւ աչքերդ.
Քաղցած օձի բերաններու երակներդ
Կը յանձնեմ ես. տեղի՛ տուր:
Կը գողնամ քարն գերեզմանիդ վըրայէ,
Որպէսզի մա՛րդ ըզքեզ բընաւ չարտասուէ,
Անգութ եմ, տե՛ս. տեղի տուր»:

Պիտի չըտա՜մ: Կըսմըթեցի, կըռփեցի
Թեւն` որ ոսկրերս կը խորտակէր զերդ խեցի,
Եւ մատներովս անխընայ,
Բըզիկ բըզիկ ճանկըռթեցի դէմքն անոր,
Դողդըղացի, տառապեցայ քըրտնաթոր,
Եւ սուր ճիչով մ’արթընցայ…
Ա՜հ, արթընցայ: Եւ միտքըս շուտ մ’ըշտապեց
Սըրտիս վըհին. դեռ Ան հոն տեղ էր, անեղծ,
Եօթն արեւի նըման ջերմ:
Դեւն եղունգով լանջքըս շերտած էր տեղ տեղ.
Ուրախ էի` որ եղայ զրահ մ’արիւնհեղ
Անոր համար, Անոր դէմ:

Ո՞վ պիտ’ կըրնար փետել հանել Զայն սըրտէս`
Ուր (ինչպէս ա՛ստղը կապոյտին ծոցէն ներս)
Ագուցուած է ա՛յնքան խոր:
Իր խարիսխներն ալի՛ք մ’ըն ալ չի շարժեր,
Զի անհունին եւ բընութեան են կառչեր
Անոնց ճանկե՛րը հըզօր:

Վասընզի իր սուրբ Էութեանն հաստատման`
Բիւր բիւր աստղեր մէյմէկ հրաշէկ գամ եղան,
Եւ իր հետն ենք մէ՛կ խըմոր.
Վասընզի սուրբ Աւետարանն իր ամէն
Մէկ էջով` միշտ ծորեց Անոր երակէն
Արի՜ւն մ’արեանս մեղաւոր:

Անդունդ մ’է Ան զոյգ որկորով անսահման`
Որոնց մէկէն դուրս կը պոռթկայ Ապագան
Անցեալ եղած միւսին մէջ,
Եւ, կեդրոնն, ինքը ներկան է, որուն շուրջ
Ժամանակն իր ճիշտ ոլորտովն, անմըռունչ,
Կ’ընէ անդուլ ելեւէջ:

Եւ այսպէս, մեր աչքէն, մըտքէն իսկ անդին,
Ան` իրեն չափ, իրեն միջեւ, իւրովին,
Է յաւիտեան եւ անհուն.
Ան` Ամբողջն է, որուն անունն պարծանքով
Կը յանձնեն այս մաքուր թուղթին սըրտիս ծով`
Որ իր հայլին է տրոփուն:

Թող գըրաշարը դողդոջէ` երբ Անոր
Անուան տառերն իյնան ձեռքին տակ անզօր.
Չը շարէ՜ ծուռ կամ անտած…
Եւ մամուլն ալ` այդ անուան վրայ բըրտօրէն
Թող չը ճընշէ` թէ չէ կ’հերձի սեւ կուրծքէն,
Վասընզի Ա՛ն է. - Աստուած: