Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Մետաքսեայ երկնաճամուկ սրահակով մը ծածկուած լայնշի անկողինին վրայ՝ Իսմեթի գեղուղէշ հասակը կը հանգչէր, անշարժ պա­րու­րուած Պրուսայի նրբահիւս էնթարիի մը ձիւնափրփուր ծալքերուն մէջ: Խարտեաշ գանգուրներ քմածին ծփանքներով կը հոսէին գլուխին շուրջը երկայնքն ի վար հոլանի թեւերուն մինչեւ արմունկը՝ ուր ապա­րան­ջաններուն ոսկին, կաթնագոյն մորթին վրայ, կը վառէր դեղնորակ փաղփիւններ: Իբրեւ հեշտաւէտ խոլորձ մը՝ Չերքեզուհիին պարանոցը, ճկուն եւ սլացիկ՝ դուրս կը ցայտէր թափանցիկ կերպասէն զոր կը վերացնէր թեթեւ շունչը: Այս շունչը, դաշն ու դանդաղ, կը հրահրէր իր գողտրիկ ու տարփոտ բերնէն՝ մարգարտաշար ակռաներուն վրայ կիսա­բաց: Բայց դէմքին վերին մասը՝ գիծերու աննման մաքրութեամբ՝ ա՛յն ատեն միայն կենսայորդ սարսուռով մը կ'ոգեւորուէր՝ երբ երկայն կոպերը, ծուլօրէն ճապկելով, բաց կը թողէին տարօրինակ աստղացոլ աչքեր, աչքեր յասպիս եւ զմրուխտ՝ զոր թուխ թարթիչները կը շոյէին թաւշեայ ցոլքերով:

Անկողինին տապաստը, վագրի մորթի մը վրայ կկզած էր արթուն դէմքով մանկամարդ խալայըգ մը՝ որ վիթի թխածարիր քաղցր աչքով մը՝ ակնդէտ կը սպասէր տիրուհիին ամենափոքր նշանին:

Բայց Չերքեզուհին կը պահէր իր անշարժ դիրքը, եւ բերնին ժպի­տը, այդ տմոյն ցոլքը իր ներքին երազին, կը քօղարկուէր, կը ծալլուէր կարծես դէպի իր յափշտակութեան նախանձոտ հոգին… Իսմեթի այդ երազը այնքան գեղեցիկ էր՝ որուն մահուան խելահեղիչ պատկերը թէեւ հպած իր թեւով՝ բայց բնաւ չէր եղծանած զայն: Ի՜նչ հոգեթով է պտոյտը այն ժամուն՝ երբ Վոսփոր, նման երկար ատեն արբշռանքի գոլորշինե­րուն մէջ ընկղմած հաշիշ ծխողի մը, իր թմբիրէն կ'արթննայ, եւ երբ հորիզոնը, վարդագոյն ամպերու ցիրուցան ծուէններով Չպուգլըյի եւ Փաշա Պաղջէի բլուրներուն կռնակէն կը ստանայ բիւրեղի թափանց­կու­թիւն­ներ, այն ժամուն՝ երբ Ասիական ափունքին մենաւոր ճերմակ պա­լատ­ները վեր կը ցցեն իրենց պայծառ բիծերը, գծագրելով աւելի կեն­դանի իրենց արտակարգ ճարտարապետութեան սիլուեթը Պեյքոզի լեռ­նե­րուն մութ զմրուխտ խորքին մէջ, եւ երբ ծովը, հեշտօրօր սիրենայ, այն­քան յղկուն ու կապոյտ, կը սարսռայ քամիին գգուանքին տակ… Նրբակերտ մակոյկներուն շնորհալի տողանցքին մէջ՝ Իսմեթ կը նշմարէ իր երկայն կանանչագոյն նաւակը՝ յետսակողմէն պճնուած թաւշազարդ էհրամով՝ զոր վեր կը բարձրացնեն ոսկեծոպ խանթուռքը: Սրտի խռո­վա­յոյզ եւ քաղցր տրոփիւնով մը իր խալայըգին՝ Ճեմիլէի դիմաս­տուե­րին յետեւէն ան կը տեսնէ, մայրամուտէն լուսաւորուած իր առաջին թիավարին արու դէմքը, այրական կուրծքը՝ որ թեւճակներուն ամէն ճապուկ շարժումին կ'աղեղնաձեւի: Իր թեթեւ շապիկին հնորումին ընդ­մէջէն, զոր իր ոսկեհիւս թաւեակով թիկնոցակը կը բանար, Իսմեթ կ'ընդ­նշ­մարէր նրբակայլակ քրտինքին մարգարտանալը թխաթոյր մորթին վրայ: Ամէն անգամ որ փալիքարին վայրի բիբերը իրենները կը շոյեն գաղտագողի՝ արիւնի ալիք մը կը շառագունէ Չերքեզուհիին այտերը եւ ան կ'օրհնէ ա՛յնչափ անգամ ատած լաչակին պատս­պա­րա­նը՝ որ իրեն թոյլ կու տայ խռովքը ծածկելու: Անկէ խոյս տալու համար իզուր թալկացած աչքերը կը սեւեռէ հրաշագեղ ափունքին: Ան կը նայի, կարծես մշուշի մէջէն, աւերակ պալատը Ճեզայըրլըին՝ որուն ողբեր­գական անցեալը երբեմն կ'անցնէ ուղեղէն, կայսերական Հովանեակը կղզիացած՝ իր սպիտակ պատուարներով ցանկուած պարտէզին մէջ, սիրուն բնակարանը փոքրիկ Գալենտերին՝ զոր զրոյցը բանաստեղ­ծա­ցու­ցած է, եւ, աւելի հեռուն, Թարապիայի հրուանդանը վտանգաւոր յոր­ձան­քով, ուր սիրահարներ մահ գտած են: Իսմեթ կը սիրէ ամենափոքր ծովախորշը՝ ուր պահականաւերը դէպի կապոյտը կը ցցեն իրենց կայմերը գոյնզգոյն դրօշիկներով: Բայց այսօր իր ակնարկը, անտարբեր կը սահի ընտանի շրջակայքին վրայ: Մակոյկը կ'երկարի, լռիկ, լայն քարափէն Պեռիւք Տերէի՝ ուր իրարու կը յաջորդեն շարքերը փարթամ յալըներուն եւ կը դառնայ եզերքէն հեռանալով, Մեզար Պուրնոյի հրուան­դանը: Ինչու համար Իսմեթ վերադարձի նշան չի տար: Իզուր Ճեմիլէն ու երկրորդ թիավարը մտատանջ ակնարկով կը խորազննեն հորիզոնը՝ ուր կը կուտակուին թանձր կապտագոյն ամպեր… Վտանգին անգիտակից՝ Չերքեզուհին կը տեսնէ միմիայն արու կերպարանքը փալիքարին, որուն կրակէ բիբերը իր դէմքը կ'որոնեն: Անիկա, դեռ իրենց շրթներէն բառ մը չելած, կնոջ բնածին նախագիտակցութեամբ, արդէն իսկ կը ճանչնայ անասելի եւ ճակատագրային գաղտնիքը իրենց սիրտերուն, սիրտեր նախնական եւ բուռն մարդերու, սէրէն զօրեղապէս նուաճուած: Խեղճ, փոքրիկ ըմբոստ կին՝ որուն գարուն հասակը կապուած է ատելի տիրոջ մը զառամ հասակին… Սպիտակ լաչակին տակ բիբերը փակած, Չերքեզուհին արհաւիրքով կը չափէ այս կիրքին զօրութիւնը՝ որ արիւնը կը հրդեհէ. յետոյ քիչ առ քիչ իր սարսափը կը վերածուի երազանքի… Բայց խալայըգը, վտանգին մերձեցումէն խե­լա­յեղած, հմայքը բրտօրէն կը փշրէ: Իսմեթ շարժումով մը կը հրամայէ վերադառնալ: Շա՜տ ուշ է: Կատաղօրէն շղթայազերծուող մրրկին, եւ բաց ծովուն մատնուած դիւրաբեկ նաւակին մէջէն կը սկսի մաքառումը, կարճ, խելայեղիչ… Չերքեզուհին յիմարական փայլակի մը անցնիլը կը տեսնէ փալիքարին աչքերուն մէջ, երբ ասիկա յանկարծ կը թօթափուի իր թմբիրէն եւ կ'ըմբռնէ վտանգին մեծութիւնը: Ինքը նոյնիսկ, ան­խոր­հուրդ սլացքով մը ինքզինքը կ'ուղղէ դէպի հեռաւոր ցամաքը, յետոյ աչքերը կը փակէ զարհուրելի տեսարանին վրայ: Ճեմիլէն եւ երկրորդ թիավարը ընկլուզուած են արդէն ալիքներուն տակ… Նման անկումի մը գլխապտոյտով՝ տարտամ զգայնութիւնը կ'ունենայ խլուե­լու, հափա­փուե­լու… Կոպերը փակ, զգայազիրկ եւ ուժաթափ՝ ինքզինքը կը լքէ սեղ­մապնդումին… Ի՞նչ դիւցազնական, գերմարդ­կային ճիգերու կը պար­տի իր փրկութիւնը: Եւ ո՞ր քաջն է այս հրաշքը կատարողը: Իսմեթ վայրկեան մը իսկ չի տարակուսիր. երբ զինք կը փոխադրեն խոնարհ տնակ մը ու հոն բաւական ժամանակէ ետք կ'ուշաբերի, կը տեսնէ իր սնարին վրայ հակած Վասիլիի գեղեցիկ տժգոյն դէմքը, անձկութեամբ խորշոմած… Եւ այս իր կեանքին ամենէն զօրեղ, ամենէն քաղցր արբշռանքն է՝ զոր իր սիրտը խուլ տրոփիւնով կ'իմացնէ իբրեւ ան­ծանօթ երջանկութեան մը մերձեցումը… Փալիքարին աչքերը խոնարհ ու կատաղի միանգամայն, իր աչքերուն սեւեռած՝ կը լողան անհուն տարփանքի մը մէջ, բայց ան ոչ մէկ շարժում կ'ընէ: Իսմեթ կը զգայ՝ թէ երբ ինքը անոր նայի այսպէս՝ այդ մեծ երկչոտը պիտի չհամարձակի բնաւ…Քաղցրօրէն կը փակէ իր աստղայեռ աչքերուն ծաղիկը եւ ահա իր տենդոտ բերնին վրայ կը հպին տաք շրթունքները, միակ համբոյրի մը գգուանքները. ցաւագին ինչպէս վէրք մը՝ ուրկէ կարծես կեանքը խոյս կու տայ… Իրենց էութեան այս նուաղումին մէջ իրենց համար այլեւս ոչինչ, ոչինչ կ'ապրի, բայց եթէ ամենազօր սէրը՝ որուն մէջ կը տապալի աշխարհը, հեռաւորութեանց եւ թշուառութեանց օրէնքը, յաւէրժական պատուարը ցեղերու հակամարտութեան… Չերքեզուհին կը մոռնայ իր փափկացուած բանտը, ձանձրոյթը իր արգելափակ օրերուն: Կը մոռնայ նաեւ այս համբոյրին մէջ՝ զոր կը խմէ ումպ առ ումպ, իր էութենէն դուրս բոլոր բաները. մինչեւ իսկ խոստացուած հա­ւատքը այն գեղեցիկ արարածին՝ որ գաղտնօրէն ներկայ է հոն, իր երջանկութեան տապալումին, եւ որ թերեւս, մութին մէջ իր վրէժխնդրութիւնը կը դարբնէ:

Մետաքսեայ երկնաճամուկ սրահակով մը ծածկուած լայնշի ան­կո­ղինին վրայ՝ Իսմեթ կը վերապրէր իր անդրանիկ արբեցութեան հմայքը: Խռովայոյզ հոգիին դեռ ցընցող տպաւորութիւնը զինքը ըն­դոստ ոտքի կանգնեց: Միեւնոյն անգամ, իր ահեղ գաղտնիքին միակ աւանդապահն եղող Ճեմիլէին ընտանի անունը շրթունքներուն եկաւ, կարծես իր աղա­խինին անձնուէր սիրտին մէջ՝ պարպել ուզէր յորդացած երջանկութիւնը որ կը ճզմէր իր սիրտը… Բայց իսկոյն մտաբերեց ալեսոյզ թշուառ կնոջ ճակատագիրը, եւ արտասուք մը ողողեց իր մեծաբաց բիբերը:

Գատէ՜ր, մրմնջեց ան:

Եւ անկողինին վրայ նետուեցաւ ակամայ սարսուռով մը ուր կ'անցնէր իր սաստիկ արբշռանքին աւելորդապաշտ սարսափը, եւ տարտամ երկիւղը ապագային, այն ճակատագրականութեան, որուն հոգեւին կը հաւատար եւ որ իրեն պիտի կրնար հասնիլ օր մը: