ՄՈՐՄՈՔ
ՑՆՈՐՔԻ
ՄԸ
Պիտի
ապրիս
այս
սպիտակ
էակին
համար
որ
ելաւ
քու
ցաւագին
միսէդ:
ԱՏԱ
ՆԵԿՐԻ
Ինչո՞ւ
համար
չեկար:
Ես
պիտի
տայի
քեզի
այնպիսի
սիրուն
ու
քաղցր
անուն
մը՝
որ
ըլլար,
առանձինն,
արդէն
փափուկ
փաղաքշանք
մը:
Քեզի
համար
կ'երազէի
մազեր
ապրշում,
թուխ
ապրշումէ
ալիքներ,
ցանուցիր
ցոլքերով,
տարտամ
ու
խարտեաշ:
Միսդ
պիտի
ունենար
ճափոնավարդի
գոյն
մը,
փթթուն
կապտածաղիկներուն
անբաղդատելի
աչքերով,
թարթիչներու
քաղցրութեամբ:
Կ'ուզէի
որ
ըլլայիր
ա՜յնքան
գեղեցիկ,
ա՜յնքան
պիտի
սիրէի
քեզ:
Սէրի՛ս
զաւակը,
ինչո՞ւ
համար
չեկար:
Ամէն
արշալոյսի,
բերանիդ
անկիւնը
երկարաձգելով
համբոյրս՝
պիտի
բանայի
բիբերդ
աշխարհիս
վրայ:
Իրիկունը
պիտի
քեզի
պատմէի
հրաշազան
հեքիաթներ:
Քեզի
համար
պիտի
սորվէի
տիրամօր
Օրրերգը,
եւ
քու
Մանուկ
Յիսուսի
ձայնդ
զիս
պիտի
կոչէր՝
Մայր:
Մաքուր
շունչիդ
առջեւ
սիրտս
պիտի
բացուէր:
Պիտի
հետեւէի,
հեռո՜ւն,
հեռո՜ւն,
դէպի
պայծառ
հորիզոնը՝
քու
մաքրենի
երազներուդ
անմեղ
թռիչքին…
Երբ
աղօթէիր
թաթիկներդ
միացուցած
շուշաններու
կամ
սպիտակ
զատկածաղիկներու
նման՝
իմ
վրաս
պիտի
խուժէր
առաջին
տարիներուս
հաւատքը:
Ի՜նչպէս
պիտի
խնամէի
քեզ…
Ինչո՞ւ
չծնար,
սէրի՛ս
զաւակը:
…Թեւերուդ
գողտրիկ
շղթան
վիզս
ձգած՝
կեանքիս
դառնագոյն
բեռը
թեթեւցուցած
պիտի
ըլլայիր.
քեզի՛
համար
պիտի
ապրէի…
ծիծաղդ
հոգիիս
դատարկութիւնը
պիտի
լեցնէր…
Յարափոփոխ
դէմքիդ
վրայ,
առնական
շքեղ
դիմագծերու
հաւատարիմ
պատկեր,
ջերմագին
խոյանքներուդ,
ձեւերուդ
կեցուածքներուդ
մէջ՝
ես,
նախանձախնդիր,
պիտի
ուզէի
անցեալի
նշոյլները
հաւաքել:
Ամէն
օր,
երբ
արթննայիր,
պիտի
կարենայի
ապրիլ
այդ
անցեալը
կախարդական
բիբերուդ
առաջին
նայուածքին:
Եւ
անոնց
արեւասփիւռ
աղուորութեանը
խորէն
Բացական
իմ
տրտմութեանս
պիտի
խօսէր:
Բարեպաշտ
ցնորքի
մը
ամէն
մէկ
նոր
սարսուռին
համար,
պաշտէի
պիտի
քեզ
իբրեւ
բարեգութ
աստուած
մը,
ո՜վ
իմ
սէրիս
զաւակը…
Ինչո՞ւ
համար
չեկար:
Քեզի
համար
կ'երազէի
գաղափարական
կեանք
մը
առանց
պայքարի
եւ
առանց
բախումի՝
միաշաւիղ
ճամբու
մը
վրայ՝
որուն
սահմանները
ըլլային
Ճշմարիտը
եւ
Գեղեցիկը:
Դէպի
այդ
փարոսները
միշտ
պիտի
ուղղէի
քայլերդ:
Առնական
պատեանի
մը
մէջ
պիտի
կաղապարէի
մեծ,
արու
սիրտդ,
իտէալի
ծարաւով:
Մեղմօրէն,
շատ
մեղմօրէն,
հազիւ
թէ
հպելով
նրբին
ջղերուդ,
քեզ
միջամուխ
պիտի
ընէի
ցաւերու
խորհուրդին:
Պիտի
սորվեցնէի
գութը
խոհուն,
բարութիւնը
նորոգիչ:
Անսարսափ
եւ
անզազիր
պիտի
կրնայիր
հակիլ
բոլոր
թշուառութիւններուն
վրայ:
«Մի
սիրե՛ր,
–
պիտի
ըսէի
քեզի,
–
եթէ
սէրդ
տառապանք
մը
պիտի
ծնանի»:
Ո՛վ
իմ
զաւակս,
դուն
զիս
պիտի
հասկնայիր,
այնպէս
չէ՞:
Այն
օրը
քու
մէջ
մարդը
հրեշտակի
երեւոյթ
պիտի
հագնէր:
Քու
անձնուրաց
եւ
ազնուական
շարժումիդ
մէջ
ուրիշի
մը
խրոխտ
արիւնը
պիտի
զարթնուր:
Քեզ
անոր
տեղը
տեսնելու
հպարտութիւնը
պիտի
ունենայի:
Սէրի՛ս
զաւակը,
ինչո՞ւ
համար
չծնար:
Քեզմով
կեանքը
կրնար
քաղցր
ըլլալ:
Ես,
կրնայի
ապրիլ
քեզի՛
համար…
Քու
միակ
նայուածքովդ
աչքերուս
մէջ
արցունքները
պիտի
բիւրեղացնէիր:
Պիտի
օրհնէի
այն
մահուան
սարսափը՝
որուն
վարձքը
դո՛ւն
էիր:
Քու
ջերմ
խանդաղատանքիդ
մէջ
ամենամռայլ
ժամերուս
անձկութիւնը
պիտի
խեղդէի:
Օր
մը՝
բերանս
քեզմէ
ժպիտը
պիտի
վերուսէր:
Պիտի
ճանչնայի
մոռացումը՝
սպիտակ
մազերը
ճանչնալէ
առաջ:
Քու
մեծ
ու
թրթռուն
սիրտդ
իմս
զգալու
ուրախութիւնը
աւելի
տանելի
պիտի
ընէր
համբերատար
մարտիրոսութիւնս,
քան
թէ
իմ
սեփական
միսս
ու
արիւնս:
Սէրիս
զաւակը,
ինչո՞ւ
համար
թափանցիկ
ցնորք
մը
եղար
միայն:
Ինչո՞ւ
զիս
յուսադրեցիր,
եւ
ինչո՞ւ
խոյս
տուիր
ինձմէ:
Ա՜յնքան
պիտի
սիրէի
քեզ: