ԳԱՐՆԱՆ
ԺԱՄԵՐ
Եթերին
մէջ,
նորատեսակ
քաղցր
բոյրեր
կ'օրօրուին.
Վարդերուն
վրայ
փայլակնացոլ
կը
շողայ
լոյս
մ'ոսկեմած:
Կը
թափին
բաց
երկինքն
ի
վար
ճառագայթներ
բոցային.
Կենդանութեան
ըզգըլխանքով
մ'է
ամէ՛ն
ինչ
գերարբած:
Ամէ՜ն
տեղ,
քովն
առուակներուն,
ծոցը
կանանչ
ծառերուն,
Մարմանդին
վրայ
լուսեղ՝
ծաղկած
ծաղիկներով
ձիւնաթոյր՝
Երգ
մը,
խանդոտ,
կը
թըրթըռա՜յ,
եւ
ի
լուր
այդ
շեշտերուն
Կը
թօթափէ
Անհունութիւնն
իր
երազները
տըխուր:
Հըպարտութիւն
մը
անսահման
կը
տիրանայ
իմ
սըրտին.
Ու
կը
լեցուիմ
առուգութեամբ,
խոյացումով
ու
խանդով
Սա
կապուտակ
առտըւան
մէջ՝
զոր
կ'ողողէ
մեծ
Արփին:
Ես
այս
բոլոր
հըրապոյրներն
ըմպե՜լ,
քամե՜լ
բաղձալով
Կ'ուզեմ
ապրիլ
բուրումներու,
պայծառութեան,
խինդի
մէջ,
Եւ
նըւիրել
բոլոր
երգերըս
Գարունին
Փողփողէջ: