Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Օգոստոսի այն գիշերներէն էր, երբ լուսինը, Չպուգլըյի բլուր­ներուն ետեւ ծածկուած, սրսփուն ջուրին վրայ յուլօրէն կ'երկարաձգէր իր արծաթեայ քնքուշ խլատեռը: Վոսփորը իբրեւ գոհարատուփի մը մէջ կը ներկայացնէր երկու արծարծուն ափերուն մոգականութիւնը, սկսեալ Թարապիայէն մինչեւ զոյգ Հիսարները, որոնց ժանեւոր աշտարակները, հեռուն, կարծես իրարու կը հպին… Ծովային արտաշնչութիւններով ծանրացած օդին մէջ մատղաշ խոտերու եւ ծաղիկներու բուրումին զգլխիչ խառնուրդը կ'անցնէր իբրեւ գարունին եթերայած շոյանքը…

Խանենտէի մը ձայնը, ձկնորսի մը ճիչին նուաղուն արձագանքը, տարտամ աղմուկը գլբիններու ճողփիւնին կ'ոգեւորէին, կենսունակ շունչով մը, համայնապատկերին ընթարմ հրապոյրը եւ քաղցրութիւնը կարծես մեռեալ ծովուն՝ որուն մէջ յալըներու առեղծուածային երես­ներուն հետ կը ցոլանար կարծես խռովիչ խորհուրդը հարեմներուն, վանդակներուն ետեւը:

Պարփակուած տեսակ մը լայն կնգղազգեստի մը մէջ, արձակ մազերը քնքուշ մետաքսէ պարզ շղարշով մը ծածկած կանացի սլացիկ հասակ մը ծանրօրէն ժուռ կու գար յալըյի մը քարափին վրայ ընդմէջ Ենի Քեօյի եւ Ստենիայի: Դէմքին գիծերը խորհրդաւոր անձկութեամբ դալկացած կարծես կը տարրալուծուէին, կ'աննիւթանային կաթնային պայծառութեան մը մէջ: Բայց կ'ապրէր անոր ակնարկը այն ցաւագին եւ ներուժ կեանքով՝ ուր արթուն կը հսկէ խելայեղիչ սեւեռումը միակ մտածումի մը, տխուր փթթում ծաղիկ յոյսին, ընդունայն ծնած Իսմեթի սիրտին մէջ…

Ո՞ւր էր ուրեմն անդնդախոր բիբերով քաջագեղ փալիքարը, որ յաղթահարեր էր Չերքեզուհիին հոգին: Անշուշտ ոչ ոք պիտի ըսէ այլեւս: Իսմեթ անկէ ճանչցած պիտի ըլլայ միմիայն սիրոյ պարկեշտ ու յան­դուգն արշալոյս այն համբոյրը՝ որուն հրկիզումը արբեցութեան պէս կը հոսէր արիւնին մէջ… Միշտ պիտի անգիտանար անոր ճակատագիրը:

Ո՜հ, անօգուտ սպասումներու յուսահատութի՜ւնը զոր, հոն, հեռուն, արու ձայն մը կ'երգէր: Զայն դառնօրէն կը զգար ինք, եւ այդ արտակարգ նուագին աղեկէզ շեշտերը ինչպիսի՜ ցաւագին արձագանք մը կ'արթնցնէին հոգիին մէջ: Իսմեթ քաղցրութեամբ համակուած թախծալից կը թրթռայ: Եւ սակայն ինք, անշարժ եւ երազուն, կը մնար հոն սիրտը ճնշուած տարտամ խռովքով մը, եւ աչքերը սեւեռած նաւակին, որ յամրօրէն կը մօտենայ ափունքին: Մարդը թողուցած էր թեւճակները. թեւերը կուրծքին վրայ ծալլած, գլուխը նետած դէպի ետեւ, աւելի ցած ձայնով կ'արտաբերէր իր խելայեղ ողբը… Եւ Չերքեզուհին սալացած ու գունատ, սեւեռուն նայուածքով կը նայէր միշտ քնաշրջիկին…

Երբ դիւրաբեկ մակոյկը սահելով ջինջ ալիքին վրայէն՝ եկաւ եզերքին մօտիկը, արծաթեայ լուսաւոր ցոլքին մէջտեղ, Իսմեթ ճիչ մը արձակեց եւ տատանեցաւ, յետոյ փակեց աչքերը… Երբ բացաւ զանոնք, տեսաւ, դէմքը դէպի լուսնին շոյանքը դարուցած, Վասիլիին չքնաղ եւ հպարտ գլուխը՝ որուն մազերը ամբողջապէս ճերմկած էին…

Այն ատեն՝ երբ Փալիքարին բիբերուն անգիտակից փայլակը կը թափառէր իր վրայ, ան գուշակեց վրէժներու ահաւորագոյնը՝ որմէ սարսափած էր միշտ… Արհաւիրքի սարսուռով մը մտածեց մայայի՝ մասին, այն ահեղ կախարդութեան՝ որուն գաղտնիքը Վոսփորի պառաւ գեղջուկներուն քովն է, եւ որ ըմպելի մըն է՝ բաղադրուած խորհրդաւոր խոտերով՝ որոնք սահմանուած են յիմարացնելու անհաւատարիմ սիրահարները:

Հեծկլտանքի նմանող քաղցր ձայնով մը փալիքարը կը վերսկսէր երգել վերջին տունը: Միեւնոյն տեղը կեցած, ցաւագինօրէն օրօրուելով այդ թրթռացումէն՝ որ կարծես հրաժեշտի մը մորմոքը կու լար, Չերքեզուհին կը զգար իր մէջ բարձրացումը անդունդին թովչութեան, եւ անագորոյն առինքնումը այն լռանիստ ծովուն՝ ուր իր գատէրը զինքը կը կանչէր…

Երբ Վասիլիի ձայնը լռեց, Իսմեթ ամբողջ հոգիովը վերջին անգամ անոր նայեցաւ, յետոյ, թեւաբաց վար նետեց ինքզինքը…

Ջուրը սարսռաց գրկապնդումի սարսուռով մը յետոյ ինքն իր վրայ գոցուեցաւ, նախանձո՜տ…

Իսմեթի սպիտակ մարմնոյն վրայ կը թաւալէր կապոյտ պատա՜նքը հեղուկէ: