Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐՆԱՆ ԺԱՄԵՐ

Եթերին մէջ, նորատեսակ քաղցր բոյրեր կ'օրօրուին.
Վարդերուն վրայ փայլակնացոլ կը շողայ լոյս մ'ոսկեմած:
Կը թափին բաց երկինքն ի վար ճառագայթներ բոցային.
Կենդանութեան ըզգըլխանքով մ'է ամէ՛ն ինչ գերարբած:

Ամէ՜ն տեղ, քովն առուակներուն, ծոցը կանանչ ծառերուն,
Մարմանդին վրայ լուսեղ՝ ծաղկած ծաղիկներով ձիւնաթոյր՝
Երգ մը, խանդոտ, կը թըրթըռա՜յ, եւ ի լուր այդ շեշտերուն
Կը թօթափէ Անհունութիւնն իր երազները տըխուր:

Հըպարտութիւն մը անսահման կը տիրանայ իմ սըրտին.
Ու կը լեցուիմ առուգութեամբ, խոյացումով ու խանդով
Սա կապուտակ առտըւան մէջ՝ զոր կ'ողողէ մեծ Արփին:

Ես այս բոլոր հըրապոյրներն ըմպե՜լ, քամե՜լ բաղձալով
Կ'ուզեմ ապրիլ բուրումներու, պայծառութեան, խինդի մէջ,
Եւ նըւիրել բոլոր երգերըս Գարունին Փողփողէջ: