ՀԱՐԵՄԻՆ
ՇԻՐԻՄՆԵՐԸ
(Միրզան՝
այցելուին)
Հո՛ս,
սիրոյ
այգիէն
դեռ
տհա՜ս
ողկոյզներ
քաղուեցան
Ալլահին
սեղանին
համար:
Հոս,
Արեւելքի
մարգարիտներ,
բերուած
հաճոյքի
ու
երանութեան
ծովէն.
կանխահասօրէն
նետուեցան
մռայլ
ծոցը
դագաղին,
Կո՜նք
յաւէրժութեան:
Ժամանակին
եւ
մոռացումին
քօղը
ծածկեց
զանոնք.
անոնց
վերեւ,
պարտէզին
մէջտեղ,
կը
շողայ
ապարօշը,
ցո՜ւրտն,
իբրեւ
դրօշն
ուրուներու
բանակին.
եւ
վարը՝
հազիւ
թէ
կը
կարդացուին
անոնց
անունները՝
փորագրուած
կեաւուրին
ձեռքով:
Ո՜վ
դուք,
դրախտի՛
վարդեր,
լուսակարկաչ
աղբիւրի՛ն
քով
ձեր
օրերը
ծաղկեցան,
պարկեշտութեան
տերեւներուն
տակ,
յաւէրժօրէ՜ն
ծածկուած
Անհաւատին
աչքէն:
Այժմ,
օտարականի
մը
նայուածքը
կը
պղծէ՜
ձեր
շիրիմը:
Արտօնեցի
իրեն:
Պիտի
ներե՞ս,
մե՛ծ
Մարգարէ:
Ասիկա՛
միայն,
օտարականներուն
մէջէն,
կը
նայէր
արցունքներով: