Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԻԹՈՒԱՆԱԿԱՆ ԳԵՂՕՆ

Ծերունի Պուտրին իր արքունիքը կը կանչէ երեք զաւակները, իրեն պէս յաղթահասակ Լիթուանացիներ, եւ իրենց կ'ըսէ. «Դուրս քաշեցէք նժոյգները, թամբերը դրէք. սրեցէք նիզակները եւ սուրերը:

Վասնզի Վիլնայի մէջ ինծի ըսին թէ հռչակուած են երեք արշա­ւանք­ներ դէպի երեք ծագերը հորիզոնին. Օլժիերտը պիտի ասպատակէ ռուսական հողերը, Սքիրժելը դրացի Լեշիտներուն երկիրը եւ Քեստու իշխանը պիտի յարձակի Տեւտոններուն վրայ:

Առողջ էք եւ յուժկու. գնացէք ծառայել ձեր հայրենիքին. Լիթուա­նիայի աստուածները առաջնո՜րդ ձեզի: Այս տարի ես չեմ մեկնիր, խորհուրդներ պիտի տամ մեկնողներուն. դուք երեք էք, եւ երեք ճամբայ կայ ձեր առջեւ:

Պէտք է որ ձեզմէ մէկը Օլժիերտի հետ խոյանայ ռուսներուն դէմ, Իլմենի ափերը, Նովկորոտի պարիսպներուն տակ. Հոն կուզի ագիներ կան եւ արծաթեայ շղարշներ. եւ վաճառականներուն քով սկուտները անհամար են սառնակոյտերու նման:

Թող երկրորդը հետեւի իշխան Քեստուի՝ որ իսպառ կը ջնջէ շուն խաչակիրները. հոն սաթ կայ աւազի չափ. հրաշափայլ կերպասներ, եւ շուրջառներ ականակուռ:

Թող երրորդը սլանայ Սքիրժելի հետ Նիեմենէն անդի՜ն. Հոն պիտի գտնէ առտնին խղճուկ գործիքներ, բայց ի հեճուկս՝ լաւ թուրեր ու աղէկ վահաններ, եւ ինծի պիտի բերէ հարս մը:

Վասնզի երկրիս բոլոր կալանաւորներուն մէջ Լեշիտները ամենա­քաղցր սիրուհիներն են. խայտուն ինչպէս մատղաշ կատուները. կաթի պէս սպիտակ մորթ ունին, եւ թուխ թարթիչներ՝ իրենց կոպերուն, եւ իրենց աչքերը կը շողան նման զոյգ աստղերու:

Ես անկէ՛ առի, կէս դար առաջ, Լեշիտ մը իբրեւ կին, թէեւ անիկա այժմ գերեզմանի մէջ՝ բայց առանց զինք յիշելու՝ երբեք այն կողմը չեմ նայիր»:

Ըսաւ, տուաւ ողջերթի օրհնութիւնը: Անոնք կը ցատկեն թամբե­րուն վրայ, կ'առնեն զէնքերը եւ կը մեկնին քառատրոփ: Կ'անցնի աշու­նը, կ'անցնի ձմեռը, եւ որդիները չեն վերադառնար: Պուտրին կը խորհի թէ կորսուած են պատերազմին մէջ:

Յորձանապտոյտ ձիւնին մէջէն սպառազէն ձիաւոր մը կը սլանայ դէպի գիւղ. եւ իր տառատոկին տակ ստուար բան մը կը սքօղէ. «Է՜հ, տիկ մըն է, եւ այդ տիկին մէջ, այնպէս չէ՞, կան Նովկորոտի ռուպլիներ»: «Ո՛չ, հայր իմ, հա՜րս մըն է Լեշիտ»:

Յորձանապտոյտ ձիւնին մէջէն՝ սպառազէն ձիաւոր մը կը սլանայ դէպի գիւղ. եւ տառատոկին տակ ստուար բան մը կը սքօղէ. «Անշուշտ, զաւակս, Գերմանիայէն տոպրակ մը սա՞թ կը բերես»: «Ո՛չ, հայր իմ, հա՜րս մըն է Լեշիտ»:

Յորձանապտոյտ ձիւնին մէջէն՝ երրորդ ձիաւորը դէպի գիւղ կու գայ քառասմբակ. իր փքուռոյց տառատոկը կը ծածկէ մեծ կողոպուտ մը. բայց տակաւին իր աւարը ցոյց չտուած՝ ծերունի Պուտրին հրա­ւի­րած է արդէն կոչնականները երրորդ հարսնիքի մը համար: