ԱԼՊՈՒԽԱՐԱ
(Գեղօն)
Մաւրիտանացիներուն
երկիրները
արդէն
աւերակ
են.
շղթայի
մէջ
է
իրենց
ժողովուրդը.
Կռանատի
միջնաբերդը
տակաւին
կը
դիմադրեն,
բայց
ժանտախտը
ճարակած
է
Կռանատի
մէջ:
Ալպուխարայի
աշտարակներուն
կատարէն,
բուռ
մը
ռազմիկներու
հետ,
Ալմանզոր
դեռ
ինքզինքը
կը
պաշտպանէ:
Քաղաքին
առջեւ,
Սպանիացին
իր
դրօշները
տնկեց.
Վաղը
յարձակում
պիտի
տայ:
Արեւածագին՝
պղինձը
կը
գոռայ,
պատուարները
կը
թաւալին,
կը
կործանի
պարիսպը.
արդէն
իսկ
մինարէներուն
ծայրը
խաչերը
կը
փողփողին.
Սպանիացիները
առին
բերդը:
Մէն
մինակ,
Ալմանզոր,
տեսնելով
իր
ջոկատները
խորտակուած
հակառակ
իրենց
կատաղի
ոգորման,
ճամբայ
կը
բանայ
սուրերուն
եւ
նիզակներուն
ընդմէջէն.
կը
փախչի,
եւ
խոյս
կու
տայ
հետապնդումներէն:
Բերդին
աւերակներուն
վրայ,
որոնք
կը
մխան,
փլատակներուն
եւ
դիակներուն
մէջտեղ,
Սպանիացիները
կը
կանգնին
խրախճանքի
սեղան
մը.
գինին
յորդակոհակ
կը
հոսի.
գերիներն
եւ
կողոպուտը
մէջերնին
կը
բաժնեն:
Յանկարծ
պահակը
զեկոյց
կու
տայ
պետերուն՝
թէ
օտար
երկրի
ասպետ
մը
դէմառդէմ
ունկնդրութիւն
մը
կը
հայցէ,
կ'ըսէ
թէ
ծանրակշիռ
լուրեր
ունի:
Ալմանզորն
է,
Իսլամներուն
արքան.
իր
ապահով
պատսպարանը
թողած՝
իր
անձը
Սպանիացիներուն
ձեռքը
կը
յանձնի,
եւ
իր
կեանքէն
զատ
բան
մը
չի
խնդրեր:
–«Սպանիացինե՛ր,
–
կը
գոչէ,
–
կու
գամ
խոնարհիլ
ճակատս
ձեր
շեմին
վրայ,
կու
գամ
ձեր
Աստուծոյն
սպասարկել
եւ
հաւատալ
ձեր
մարգարէներուն:
Թող
համբաւը
հռչակէ
ամբողջ
աշխարհի՝
որ
Արաբ
մը,
յաղթուած
թագաւոր
մը,
եղբայր
կ'ուզէ
ըլլալ
իր
յաղթողներուն,
հպատակ՝
օտար
թագի
մը»:
Սպանիացիները
գիտեն
յարգել
քաջութիւնը:
Երբ
ճանչցան
Ալմանզորը,
իրենց
պետը
ողջագուրեց
զինքը,
եւ
միւսներն
եւս
փոխն
ի
փոխ
ողջոյն
տուին
անոր
իբրեւ
ընկերոջ
մը:
Ալմանզոր
փոխանակեց
իւրաքանչիւրին
ողջոյնը.
ամենայն
խանդաղատանքով
ողջագուրեց
պետը,
վիզը
փաթթուեցաւ,
սեղմեց
ձեռքերը,
շրթունքներէն
մնաց
առկախ:
Յանկարծակի
կը
տկարանայ,
կ'իյնայ
ծունկերուն
վրայ.
բայց
դողահար
ձեռքերով
կ'արձակէ
ապարօշը
Սպանիացիին
ոտքերուն
առջեւ,
եւ
զայն
մարմնին
հետ
ընդքարշ
կը
թօթուէ
գետնին
վրայ:
Կը
դիտէ
շուրջը,
բոլորն
ալ
կը
զարմանան.
դէմքը
գունատ
է.
կապուտցած,
ահռելի
ժպիտ
մը
բերանը
կը
կծկէ,
բիբերը
արիւնով
կը
խնուն:
–«Տեսէ՛ք,
ով
Կեաւուրներ,
դժգոյն
եմ
եւ
կապտագոյն:
Գուշակեցէք
թէ
որու
կողմէ
ղրկուած
եմ
ես:
Խաբեցի
ձեզ:
Կռանատէն
կու
գամ,
ժանտա՜խտը
կը
բերեմ
ձեզի:
Համբոյրս
ձեր
հոգիին
մէջ
թորեց
թոյնը՝
որ
ամէնքն
ալ
պիտի
լափէ.
եկէք
եւ
տեսէք
չարչարանքներս.
Դո՛ւք
ալ
այսպէս
պիտի
մեռնիք»:
Կը
թալթլի,
կ'աղաղակէ,
կը
տարածէ
բազուկները.
պիտի
ուզէր
յաւիտենական
ողջագուրումի
մը
մէջ,
բոլոր
Սպանիացիները
լանջքին
վրայ
սեղմապնդել.
կը
ծիծաղի
ջղաձիգ
ծիծաղով
մը:
Կը
ծիծաղէր.
շունչը
տուաւ.
իր
կոպերը
եւ
շրթունքները
կիսաբաց
են,
եւ
գեհենական
քրքիջ
մը
մշտնջենապէս
դրոշմուած
կը
մնայ
իր
սառնացած
դէմքին
վրայ:
Սպանիացիները,
սարսափահար,
քաղաքէն
փախուստ
կու
տան,
սակայն
իրենց
ետեւէն
կը
վազէ
ժանտախտը:
Դեռ
զիրենք
Ալպուխարայի
լեռներէն
դուրս
չէին
ձգած,
երբ
իրենց
բանակին
մնացած
մասը
կորսուեցաւ
սպառսպուռ:
[1912]