ՄԵՐ
ՕՐԵՐՈՒՆ
ԿԵԱՆՔԷՆ
Վաղընջական
դղեակի
մը
մէջ
բաւական
մութ
սենեակ
մը:
Աջ
եւ
ձախ
կողմերը
երկու
դուռեր,
ու
վարագուրուած
դուռ
մը
սենեակին
անկիւնը:
Խորը՝
դալարահեղձ
ապակեայ
պատուհաններ,
եւ
ապակեւոր
դուռ
մը,
որ
կը
բացուի
պատշգամի
մը
վրայ:
Անկիւնը
ֆլաման
մեծ
ժամացոյց
մը:
Ճրագ
մը՝
վառուած.
ԵՐԵՔ
ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ.
–
Հոս
եկուր,
մեծ
հայր,
նստէ
ճրագին
տակ:
ՊԱՊԸ.
–
Ինծի
այնպէս
կու
գայ
թէ
բաւական
լոյս
չկայ
այստեղ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Պատշգա՞մ
երթանք,
թէ
մնանք
հոս՝
այս
սենեակին
մէջ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Լաւագոյն
պիտի
չըլլա՞ր
հոս
մնալ.
ամբողջ
շաբաթը
անձրեւեց,
եւ
գիշերները
խոնաւ
ու
ցուրտ
են:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այսուհանդերձ
աստղեր
կան:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ո՛հ,
աստղե՜րը,
այդ
ոչինչ
կ'ապացուցանէ:
ՊԱՊԸ.
–
Լաւագոյն
է
մնալ
այստեղ,
չգիտենք
թէ
ի՛նչ
կրնայ
պատահիլ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այլեւս
պէտք
չէ
մտահոգ
ըլլալ:
Վտանգ
չկայ,
ան
ազատեցաւ…
ՊԱՊԸ.
–
Կարծեմ
աղէկ
չէ…
ՀԱՅՐԸ.
–
Ինչո՞ւ
կ'ըսէք
ատիկա:
ՊԱՊԸ.
–
Ձա՛յնը
լսեցի:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բայց
քանի
որ
բժիշկները
կը
վստահացնեն
թէ
կրնանք
հանգիստ
ըլլալ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Դուն
լաւ
գիտես՝
որ
աներդ
կը
սիրէ
իզուր
տեղը
մեզ
մտահոգել:
ՊԱՊԸ.
–
Ես
ձեզի
պէս
չեմ
տեսներ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ուրեմն
տեսնողներուն
պէտք
ես
վստահիլ:
Այսօր,
կէսօրէն
ետք
երեւոյթը
աղէկ
էր:
Խորունկ
կը
քնանայ.
մենք
պէտք
չէ
թունաւորենք
այս
մեր
առաջին
բարեդէպ
երեկոն…
Կարծեմ
իրաւունք
ունինք
հանգստանալու,
եւ
նոյնիսկ
քիչ
մը
խնդալու,
առանց
վախի:
ՀԱՅՐԸ.
–
Իրաւ
է,
այն
ահռելի
տղաբերքէն
ի
վեր
առաջին
անգամն
է՝
որ
տունս՝
իմիններուս
միջեւ
ըլլալս
կը
զգամ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Անգամ
մը
որ
մարդուս
տունը
կը
մտնէ
հիւանդութիւնը՝
կարծես
օտարական
մը
կայ
ընտանիքին
մէջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ու
այն
ատեն
կը
տեսնուի
նաեւ՝
որ
ընտանիքէն
դուրս
ոչ
ոքի
վրայ
պէտք
է
յոյս
դնել:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Իրաւունք
ունիս:
ՊԱՊԸ.
–
Ի՞նչ
պատճառաւ
այսօր
իմ
աղջիկս
չտեսնեմ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Լաւ
գիտես
որ
բժիշկը
արգիլած
է:
ՊԱՊԸ.
–
Ի՛նչ
խորհիմ՝
ես
ալ
չեմ
գիտեր…
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Իզուր
է
ինքզինքդ
անհանգիստ
ընել:
ՊԱՊԸ.
–
(Ձախակողմեան
դուռը
ցոյց
տալով):
Չի՞
կրնար
լսել
խօսածնիս:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բարձրաձայն
չենք
խօսիր.
թող
թէ
դուռը
շատ
թանձր
է,
եւ
քովն
է
մայրապետը,
որ
մեզի
իմաց
պիտի
տար
եթէ
չափազանց
աղմկէինք:
ՊԱՊԸ.
–
(Աջակողմեան
դուռը
ցոյց
տալով):
Երեխան
չի՞
կրնար
լսել
խօսածնիս:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՛չ,
ո՛չ:
ՊԱՊԸ.
–
Կը
քնանա՞յ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կ'ենթադրեմ
թէ
այո՛:
ՊԱՊԸ.
–
Պէտք
է
երթալ
տեսնել:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ձեր
կնոջմէն
աւելի
զիս
պիտի
մտահոգէր
այն
փոքրիկը:
Արդէն
քանի
մը
շաբաթ
է
ծնելուն,
եւ
հազիւ
թէ
կը
շարժի.
մինչեւ
հիմա
ճի՛չ
մը
իսկ
չարձակեց.
կարծես
մոմէ
տղայ
մը
ըլլար:
ՊԱՊԸ.
–
Կարծեմ
խուլ
պիտի
մնայ
եւ
նոյնիսկ
համր…
Ահա
թէ
ի՛նչ
է
համարիւն
ամուսնութիւնները…
(Դատապարտիչ
լռութիւն):
ՀԱՅՐԸ.
–
Իրեն
գրեթէ
այն
չարիքը
կը
կամենամ՝
զոր
ինք
իր
մօրը
պատճառեց:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Անխոհեմ
պէտք
չէ
ըլլալ,
խեղճ
փոքրիկին
յանցանքը
չէ
այդ:
Բոլորովին
առանձի՞ն
է
այս
սենեակին
մէջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
բժիշկը
չուզեր
որ
մօրը
սենեակին
մէջ
մնայ
ան:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Իսկ
ստնտուն,
քո՞վն
է:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՛չ,
գնաց
վայրկեան
մը
հանգստանալու.
սա
վերջին
օրերուն
մէջ
շատ
պէտք
ունէր
ատոր.
Իւրսի՛ւլ,
գնա՛
տես՝
թէ
երեխան
լաւ
կը
քնանայ:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
հայրիկ:
(Երեք
աղջիկները
ոտքի
կ'ելլեն,
եւ
իրարու
ձեռք
բռնած
աջ
կողմի
սենեակը
կը
մտնեն):
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՞ր
ժամուն
մեր
քոյրը
պիտի
գայ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Կարծեմ
ժամը
իննին
ատենները:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ինը
անցած
է:
Կ'ուզէի
որ
այս
երեկոյ
գար.
անպատճառ
տեսնել
կ'ուզէ
զինքը:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Յայտնի
է
որ
պիտի
գայ:
Առաջի՛ն
անգամն
է
որ
հոս
կ'այցելէ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Երէկ
տունը
չէ
մտած:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Վանքը
թողուլը
շատ
դժուար
է
իրեն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Մինա՞կը
պիտի
գայ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Կարծեմ
կուսաններէն
մէկը
իրեն
կ'ընկերէ:
Անոնք
առանձին
չեն
կարող
դուրս
ելլել:
ՀԱՅՐԸ.
–
Եւ
ըսե՜լ
թէ
ան
մեծաւորուհին
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Կանոնը
նոյնն
է
ամենուն
համար:
ՊԱՊԸ.
–
Այլեւս
մտահոգութիւններ
չունի՞ք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ինչո՞ւ
մտահոգութիւններ
ունենանք:
Նորէն
այդ
մասին
չխօսինք:
Վախնալու
բան
մը
չկայ
այլեւս:
ՊԱՊԸ.
–
Քոյրերնիդ
ձեզմէ
տարէ՞ց
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ամենքէս
տարէցն
է:
ՊԱՊԸ.
–
Չգիտեմ
ի՛նչ
ունիմ.
հանգիստ
չեմ:
Պիտի
ուզէի
որ
քոյրերնիդ
հոս
ըլլար:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Պիտի
գայ.
խոստացաւ:
ՊԱՊԸ.
–
Պիտի
ուզէի
որ
այս
երեկոն
անցա՜ծ
ըլլար:
(Երեք
քոյրերը
կը
մտնեն):
ՀԱՅՐԸ.
–
Կը
քնանա՞յ:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
հայրի՛կ
շա՛տ
խորունկ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ
ընենք
սպասելով:
ՀԱՅՐԸ.
–
Սպասելով
որո՞ւ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Սպասելով
մեր
քրոջը:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՞չ
ոքի
գալը
կը
տեսնես,
Իւրսի՛ւլ:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
(Պատուհանը):
Ո՛չ,
հայրիկ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Իսկ
ծառուղիի՞ն
մէջ:
Կը
տեսնե՞ս
ծառուղին:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
հայրիկ.
լուսնկայ
լոյս
է,
եւ
ես
կը
տեսնեմ
ծառուղին՝
մինչեւ
նոճիներու
պուրակը:
ՊԱՊԸ.
–
Եւ
ո՞չ
ոք
կը
նշմարես:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՛չ
ոք,
մեծ
հայր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Օդը
ինչպէ՞ս
է:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Շատ
գեղեցիկ
է.
կը
լսէ՞ք
սոխակները:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
այո՛:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Քիչ
մը
հով
կը
յուզի
ծառուղիին
մէջ:
ՊԱՊԸ.
–
Քիչ
մը
հո՞վ
ծառուղիին
մէջ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
ծառերը
քիչ
մը
կը
սրսփան:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Զարմանալի
է
որ
քոյրս
տակաւին
այստեղ
չէ:
ՊԱՊԸ.
–
Այլեւս
սոխակներուն
ձայնը
չեմ
լսեր:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Կարծեմ
մէկը
մտած
է
պարտէզին
մէջ,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Ո՞վ
է:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Չգիտեմ,
ոչ
ոք
կը
տեսնեմ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ըսել
է
թէ
մարդ
չկայ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Պարտէզին
մէջ
պէտք
է
մէկը
ըլլայ,
սոխակները
յանկարծ
լռեցին:
ՊԱՊԸ.
–
Այսուհանդերձ
ոտքի
ձայն
չեմ
առներ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Անշուշտ
մէկը
կ'անցնի
աւազանին
քովէն,
վասնզի
կարապները
կը
վախնան:
ՈՒՐԻՇ
ԱՂՋԻԿ
ՄԸ.
–
Աւազանին
բոլոր
ձուկերը
շտապաւ
կը
խորասուզուին:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՞չ
ոք
կը
տեսնես:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՛չ
ոք,
հայրիկ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Եւ
սակայն
աւազանին
վրա՛յ
ցաթած
է
լուսնկան:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
կը
տեսնեմ
որ
կարապները
կը
վախնան:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Վստահաբար
քոյրս
է
զանոնք
ահաբեկողը:
Պզտիկ
դուռնէն
մտած
պիտի
ըլլայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Չեմ
կրնար
բացատրել՝
թէ
ինչո՛ւ
շուները
չեն
հաջեր:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Կը
տեսնեմ
գամբռը՝
քաշուած
իր
խուղին
խորը:
Կարապները
դէպի
մի՜ւս
ափունքը
կ'երթան…
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Քրոջմէս
կը
վախնան:
Տեսնեմ:
(Կը
կանչէ):
Քո՜յր
իմ,
քո՜յր
իմ:
Դո՞ւն
ես:
Մարդ
չկայ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Վստահ
եմ
որ
պարտէզին
մէջ
մէկը
մտած
է:
Կը
տեսնէք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բայց
ան
պէտք
էր
ինծի
պատասխանել:
ՊԱՊԸ.
–
Արդեօք
սոխակները
չեն
սկսիր
դայլայլել,
Իւրսի՛ւլ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Հա՛տ
մը
իսկ
չի
լսուիր
ամբողջ
դաշտին
մէջ:
ՊԱՊԸ.
–
Եւ
սակայն
աղմուկ
չկայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կայ
մեռելական
լռութիւն
մը:
ՊԱՊԸ.
–
Պէտք
է
ուրեմն
անծանօթ
մ'ըլլայ
զանոնք
ահաբեկողը,
վասնզի
եթէ
տնեցի
մ'ըլլար՝
պիտի
չլռէին:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Սոխակներով
կը
զբաղիք
այժմ:
ՊԱՊԸ.
–
Բոլոր
պատուհանները
բա՞ց
են,
Իւրսի՛ւլ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ապակեւոր
դուռը
բաց
է,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Ինծի
այնպէս
կու
գայ
թէ
ցուրտը
սենեակին
մէջ
կը
մտնէ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Քիչ
մը
հով
կայ
պարտէզին
մէջ,
մեծ
հայր,
եւ
վարդերը
կը
թերթատեն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ուրեմն
փակէ՛
դուռը:
Ուշ
է:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
հայրիկ:
Չեմ
կրնար
փակել
դուռը:
ՄԻՒՍ
ԵՐԿՈՒ
ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ.
–
Չենք
կրնար
փակել
զայն:
ՊԱՊԸ.
–
Ուրեմն
բան
մը
կա՞յ,
աղջիկներս:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Այդպէս
արտակարգ
ձայնով
մի
հարցներ:
Կ'օգնեմ
իրենց:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Չենք
կրնար
բոլորովին
փակել:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Խոնաւութեան
պատճառաւ
է:
Միասին
ըրինք:
Պէտք
է
բան
մը
կենայ
փեղկերուն
մէջտեղ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Հիւսնը
զայն
պիտի
նորոգէ
վաղը:
ՊԱՊԸ.
–
Վաղը
կու
գա՞յ
հիւսնը:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր,
կու
գայ
նկուղին
մէջ
աշխատելու:
ՊԱՊԸ.
–
Աղմո՜ւկ
պիտի
ընէ
տանը
մէջ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Իրեն
պիտի
ըսեմ՝
որ
կամաց
աշխատի:
(Կը
լսուի,
յանկարծ,
գերանդիի
մը
աղաղակը,
զոր
դուրսը
կը
սրեն):
ՊԱՊԸ.
–
(Սարսռալով):
Ա՛հ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ
է
այս:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Իրաւցնէ
չեմ
գիտեր,
կարծեմ
պարտիզպանն
է:
Աղէկ
չեմ
տեսներ,
տանը
ստուերին
մէջն
է:
ՀԱՅՐԸ.
–
Պարտիզպանն
է՝
որ
պիտի
հնձէ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Գիշե՞ր
ատեն
կը
հնձէ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Չէ՞
որ
կիրակի
է
վաղը:
Այո՛:
Նկատեցի
որ
տանը
շուրջի
խոտը
շատ
բարձրացած
էր:
ՊԱՊԸ.
–
Ինծի
այնպէս
կու
գայ՝
թէ
գերանդին
շատ
կ'աղմկէ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Տանը
չորս
կողմը
կը
հնձէ:
ՊԱՊԸ.
–
Զինքը
կը
նշմարե՞ս,
Իւրսի՛ւլ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ի՛նչ
մեծ
հայր,
մութին
մէջն
է:
ՊԱՊԸ.
–
Կը
վախնամ
որ
աղջիկս
արթնցնէ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Մենք
հազիւ
թէ
կը
լսենք
զայն:
ՊԱՊԸ.
–
Ես
այնպէս
կը
լսեմ՝
իբրեւ
թէ
տանը
մէջ
հնձէր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Հիւանդը
զայն
պիտի
չկրնայ
իմանալ:
Վտանգ
չկայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կարծես
ճրագը
չի՛
վառիր
այս
երեկոյ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Պէտք
է
ձէթ
դնել
մէջը:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այս
առաւօտ
տեսայ
քենին:
Դուռը
գոցուելէն
ի
վեր
գէշ
կը
վառի:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Կարծես
վրայի
շիշը
քօղարկուած
է:
ՀԱՅՐԸ.
–
Քիչ
յետոյ
լաւ
պիտի
վառի:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Մեծ
հայրը
քնացաւ:
Երեք
գիշերէ
ի
վեր
քնացած
չէր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Շատ
մտահոգ
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Միշտ
չափէն
աւելի
կը
մտատանջուի:
Վայրկեաններ
կան՝
ուր
բնաւ
խօսք
չի
հասկնար:
ՀԱՅՐԸ.
–
Իր
տարիքին
ներելի
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Աստուած
գիտէ
թէ
մենք
ո՛ւր
պիտի
ըլլանք
այդ
տարիքին
մէջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Իբր
թէ
ութսուն
տարեկան
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ուրեմն
իրաւունք
ունի
արտակարգ
ըլլալու:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բոլոր
կոյրերն
այդպէս
են:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Քիչ
մը
չափազանց
կը
խորհրդածէ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Վատնելու
ժամանակ
շատ
ունի:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ուրի՛շ
ընելիք
չունին:
ՀԱՅՐԸ.
–
Եւ
յետոյ
ոեւէ՛
զբաղում
չունի:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ահաւոր
պէտք
է
ըլլայ
այդ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կ'երեւայ
թէ
կը
վարժին
ատոր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Չեմ
կրնար
երեւակայել:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ստոյգ
է
թէ
ողբալի
է
վիճակնին:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Չգիտնալ
թէ
ո՛ւր
ես,
թէ
ուրկէ՛
կու
գաս,
թէ
ո՛ւր
կ'երթաս,
չգիտնալ
կէսօրը
կէս
գիշերէն
զանազանել,
ոչ
ալ
ամառը՝
ձմեռէն,
եւ
միշտ
այս
աղջամուղջը,
այս
աղջամուղջը…
Լաւագոյն
պիտի
համարէի
երբեք
չապրիլ…
Արդեօք
ասիկա
բացարձակապէս
անբուժելի՞
է:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այդպէս
կ'երեւայ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բայց
կոյր
չէ՞
բոլորովին:
ՀԱՅՐԸ.
–
Մեծ
պայծառութիւնները
կ'որոշէ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Խնամք
ունենանք
մեր
խեղճ
աչքերուն
վրայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ան
ստէպ
արտակարգ
գաղափարներ
ունի:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Վայրկեաններ
կան՝
ուր
հաճելի
չէ
ան:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բացարձակ
կերպով
կ'ըսէ
ի՛նչ
որ
կը
խորհի:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բայց
այսպէս
չէր
առաջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բնաւ:
Առաջ
մեզմէ
աւելի
տրամաբանող
էր,
արտակարգ
բան
մը
չէր
ըսեր:
Ճիշդ
է
որ
Իւրսիւլը
զինքը
չափազանց
կը
խրախուսէ,
բոլոր
հարցումներուն
պատասխան
կու
տայ…
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Լաւագոյն
է
չպատասխանել,
իրեն
գէշ
ծառայութւն
մը
մատուցած
չըլլալու
համար:
(Ժամը
տասը
կը
զարնէ):
ՊԱՊԸ.
–
(Արթննալով):
Երեսս
ապակեդրան
դարձուցի՞:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Լաւ
քնացա՞ք,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Երեսս
ապակեդրան
դարձուցի՞:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Ո՞չ
ոք
կայ
ապակեդրան
քով:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՛չ,
մեծ
հայր,
մարդ
չեմ
տեսներ:
ՊԱՊԸ.
–
Կարծես
թէ
մէկը
կը
սպասէր:
Մարդ
չեկա՞ւ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՛չ
ոք,
մե՛ծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
(Հօրեղբօր
եւ
հօր):
Ձեր
քո՞յրն
ալ
չեկաւ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Շատ
ուշ
է.
այլեւս
պիտի
չգայ.
ազնիւ
բան
չէ
ըրածը:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ան
կը
սկսի
մտահոգել
զիս:
(Աղմուկ
մը
կը
լսուի,
իբրեւ
թէ
տան
մէջ
մէկը
մտնէր):
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Հո՜ն
է.
լսեցի՞ք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
մէկը
մտած
է
գետնուղիներէն:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Պէտք
է
որ
քոյրն
ըլլայ:
Ճանչցայ
իր
ոտնաձայնը:
ՊԱՊԸ.
–
Լսեցի
իր
դանդաղ
քալուածքը:
ՀԱՅՐԸ.
–
Շատ
կամաց
ներս
մտած
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Գիտէ
որ
հիւանդ
մը
կայ:
ՊԱՊԸ.
–
Այժմ
բա՛ն
մը
չեմ
լսեր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Անմիջապէս
վեր
պիտի
ելլէ,
իրեն
պիտի
ըսեն
թէ
այստեղ
ենք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ուրախ
եմ
գալուն
համար:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Վստահ
էի՝
որ
այս
երեկոյ
պիտի
գար:
ՊԱՊԸ.
–
Կ'ուշանայ
վեր
ելլելու:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Եւ
սակայն
ա՛ն
պէտք
է
ըլլայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ուրիշ
այցելութիւններու
չենք
սպասեր:
ՊԱՊԸ.
–
Ոչ
մէկ
աղմուկ
կը
լսեմ
գետնուղիներուն
մէջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կանչեմ
սպասուհին.
գիտնանք
թէ
ինչ
պիտի
ընենք:
(Կը
քաշէ
զանգակի
մը
լարը):
ՊԱՊԸ.
–
Սանդուխին
վրայ
աղմուկ
կայ
արդէն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Սպասուհին
է.
վեր
կ'ելլէ:
ՊԱՊԸ.
–
Կարծես
մինակը
չէ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Յա՜մր
կ'ելլէ…
ՊԱՊԸ.
–
Քրոջդ
ոտնաձայնը
կը
լսեմ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Սպասուհի՛ն
է
միայն:
ՊԱՊԸ.
–
Քո՜յրդ
է,
քո՜յրդ:
(Պզտիկ
դուռը
կը
բախեն):
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Գաղտնի
սանդուխին
դուռը
կը
զարնեն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կ'ուզեմ
ես
բանալ:
(Պզտիկ
դուռը
կէս
մը
կը
բանայ.
սպասուհին
կը
կանգնի
դուրսը,
սեմին
մօտ):
Ո՞ւր
ես:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Հոս,
տէ՛ր:
ՊԱՊԸ.
–
Քոյրդ
դրան
քո՞վ
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Սպասուհին
կը
տեսնեմ
միայն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Սպասուհիէն
զատ՝
ոչ
ոք
կայ:
(Սպասուհիին):
Ո՞վ
մտած
է
տանը
մէջ:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Տան
մէ՞ջ
մտած:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
քիչ
առաջ
մէկը
եկաւ:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Ո՛չ
ոք
եկաւ,
տէ՛ր:
ՊԱՊԸ.
–
Ո՞վ
այսպէս
կը
հառաչէ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Սպասուհին
է,
կտրեր
է
շունչը:
ՊԱՊԸ.
–
Կու
լա՞յ
արդեօք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՛նչ
կ'ըսես:
Ինչո՞ւ
համար
պիտի
լայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
(Սպասուհիին):
Մէկը
ներս
չմտա՞ւ
քիչ
առաջ:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Ամենեւին,
տէ՛ր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բայց
դրան
բացուի՜լը
լսեցինք:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Ես
էի
որ
դուռը
գոցեցի:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բա՞ց
էր
ան:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Այո՛,
տէր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ինչո՞ւ
համար
այս
ժամուս
բաց
էր:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Չգիտեմ,
տէ՛ր.
ես
գոցեցի
զայն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ուրեմն՝
զայն
ո՞վ
բացաւ:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Չեմ
գիտեր,
տէ՛ր,
պէտք
է
որ
ինձմէ
ետքը
մէկը
դուրս
ելած
ըլլայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ուշադրութիւն
ընելու
է:
Բայց
դուռը
մի
հրեր.
լաւ
գիտես
որ
աղմուկ
կը
յարուցանէ:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Բայց,
տէ՛ր,
ես
դրան
չեմ
դպչիր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
կը
հրես
այնպէ՛ս՝
իբրեւ
թէ
ներս
գալ
ուզէիր:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Բայց,
տէ՛ր,
դուռնէն
երեք
քայլ
հեռու
եմ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Շատ
բարձր
մի՛
խօսիր:
ՊԱՊԸ.
–
Լոյսը
կը
մա՞րեն:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ի՜նչ
կ'ըսես,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Ինծի
այնպէս
կու
գայ՝
թէ
յանկարծ
մթնեց:
ՀԱՅՐԸ.
–
(Սպասուհիին):
Իջի՛ր,
բայց
այլեւս
աղմուկ
մի
ըներ
սանդուխին
վրայ:
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆ.
–
Աղմո՛ւկ
չըրի
ես:
ՀԱՅՐԸ.
–
Աղմո՛ւկ
ըրիր՝
ըսի
քեզի.
կամաց
մը
իջի՜ր.
պիտի
արթնցնէիր
Տիկինը:
Եւ
եթէ
մէկը
գայ՝
ըսէ
թէ
հոս
չենք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
ըսէ
թէ
հոս
չենք:
ՊԱՊԸ.
–
(Սարսռալով):
Պէտք
չէ՜
ըսել
ատիկա:
ՀԱՅՐԸ.
–
…Միայն
քրոջս
եւ
բժիշկին
համար:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բժիշկը
ո՞ր
ժամուն
պիտի
գայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կէս
գիշերէն
առաջ
պիտի
չկրնայ
գալ:
(Կը
փակէ
դուռը:
Ժամը
տասը
կը
զարնէ):
ՊԱՊԸ.
–
Մտա՞ւ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՞վ:
ՊԱՊԸ.
–
Սպասուհին:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՛չ,
վար
իջաւ
ան:
ՊԱՊԸ.
–
Կը
կարծէի
թէ
սեղանին
առջեւ
նստած
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Սպասուհի՞ն:
ՊԱՊԸ.
–
Այո՛:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ա՜յս
էր
պակաս:
ՊԱՊԸ.
–
Ո՞չ
ոք
մտաւ
սենեակին
մէջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՛չ,
մարդ
չմտաւ:
ՊԱՊԸ.
–
Իսկ
ձեր
քոյրը
հոս
չէ՞:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Քոյրերնիս
չեկաւ:
ՊԱՊԸ.
–
Կ'ուզէք
խաբե՜լ
զիս:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ձեզ
խաբե՞լ:
ՊԱՊԸ.
–
Իւրսի՜ւլ,
ճի՛շդն
ըսէ
ինծի,
Աստուծո՜յ
սիրոյն:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Մեծ
հա՛յր,
մեծ
հա՛յր,
ի՞նչ
ունիս:
ՊԱՊԸ.
–
Բան
մը
պատահեցա՜ւ:
Վստահ
եմ
որ
աղջիկս
աւելի՛
գէշ
է…
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Կ'երազե՞ս
արդեօք:
ՊԱՊԸ.
–
Չէ՜ք
ուզեր
ինծի
ըսել…
Աղէկ
կը
տեսնեմ
որ
բան
մը
կա՜յ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Այս
պահուս
մեզմէ
աւելի
լաւ
կը
տեսնես:
ՊԱՊԸ.
–
Իւրսիւլ,
ըսէ՛
ինծի
ճշմարտութիւնը:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Սակայն
ըսուեցա՛ւ
ձեզի
ճշմարտութիւնը,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Սովորական
ձայնով
չես
խօսիր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Զինքը
վախցնելուդ
համար
է:
ՊԱՊԸ.
–
Քու
ձայնդ
ալ
փոխուած
է,
քո՜ւկդ
ալ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Բայց
երթալով
կը
խենդանա՜ս
դուն:
(Հայրը
եւ
հօրեղբայրը
համախոհութեան
նշաններ
կ'ընեն
զիրար
համոզելու
համար
թէ
մեծ
հայրը
խելքը
կը
կորսնցնէ):
ՊԱՊԸ.
–
Կը
տեսնեմ
որ
իրաւունք
ունիք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Սակայն
ի՞նչ
բանէ
վախնանք:
ՊԱՊԸ.
–
Ինչո՞ւ
համար
զիս
խաբել
կ'ուզէք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ո՞վ
կը
խորհի
ձեզ
խաբել:
ՊԱՊԸ.
–
Ինչո՞ւ
համար
լոյսը
մարեցիք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բայց
լոյսը
չէ՛
մարած.
առաջուան
պէս
լոյս
կ'ընէ:
ԱՂՋԻԿԸ
–
Կարծեմ
ճրագը
կ'առկայծի:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ես
զայն
սովորականէն
աւելի
լուսաւոր
կը
տեսնեմ:
ՊԱՊԸ.
–
Երկանաքարեր
կան
աչքերուս
վրայ:
Ըսէք
ինծի,
աղջիկնե՜րս,
ինչ
որ
կը
պատահի
հոս.
ըսէք
ինծի
ի
սէ՜ր
Աստուծոյ,
դո՛ւք
որ
կը
տեսնե՜ք:
Ես
այստեղ
միս
մինակ
եմ,
անվերջ
խաւարի
մէջ:
Ո՞վ
կու
գայ
քովս
նստելու,
չեմ
գիտեր:
Չեմ
գիտեր
ի՛նչ
որ
կ'անցնի
կը
դառնայ
երկու
քայլ
անդին…
Ինչո՞ւ
համար
քիչ
առաջ
ցած
ձայնով
կը
խօսէիք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ցած
ձայնով
ո՛չ
ոք
խօսեցաւ:
ՊԱՊԸ.
–
Դուք
ցած
ձայնով
խօսեցաք,
հոն,
դրան
քով:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ինչ
որ
ըսի՝
լսեցիր
դուն:
ՊԱՊԸ.
–
Մէկը
բերիր
սենեակին
մէջ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ըսի՛
քեզի
թէ
մարդ
չէ
մտած
ներսը:
ՊԱՊԸ.
–
Ձեր
քո՞յրն
է՝
թէ
քահանան:
Զիս
խաբել
մի՛
փորձէք:
Իւրսի՛ւլ,
ո՞վ
մտաւ
ներս:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՛չ
ոք,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Զիս
խաբել
մի՛
փորձէք:
Գիտցածս
գիտցա՛ծ
է:
Քանի
հոգի
ենք
հոս:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Սեղանին
շուրջը
տասը
հոգի
ենք,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Բոլորնիդ
ալ
սեղանին
շո՞ւրջն
էք:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Հո՞տ
էք,
Պօղո՛ս:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այո՛:
ՊԱՊԸ.
–
Այդտե՞ղ
ես,
Օլիւէ՛:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի
հարկէ,
ի
հարկէ.
հո՛ս
եմ,
իմ
սովորական
տեղս:
Կատակ
կ'ընէք,
չէ՞:
ՊԱՊԸ.
–
Հո՞տ
ես,
Գենովաբէ՛:
ԱՂՋԻԿՆԵՐԷՆ
ՄԷԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Հո՞տ
ես,
Կերդրա՛տ:
ՈՒՐԻՇ
ԱՂՋԻԿ
ՄԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Հո՞տ
ես,
Իւրսի՛ւլ:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր,
քովիկդ:
ՊԱՊԸ.
–
Եւ
այնտեղ
նստողը
ո՞վ
է:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ուրտե՞ղ,
մեծ
հայր,
ո՛չ
ոք
կայ:
ՊԱՊԸ.
–
Այնտեղ,
այնտեղ,
մեր
մէջտեղը:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Մարդ
չկայ,
մեծ
հա՛յր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Քեզի
ըսինք
թէ
մարդ
չկայ:
ՊԱՊԸ.
–
Բայց
դուք
չէք
տեսներ,
դո՛ւք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ,
խնդա՞լ
կ'ուզէք:
ՊԱՊԸ.
–
Խնդալու
փափաք
չունիմ,
վստահ
եղէք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ուրեմն՝
հաւատացէ՛ք
տեսնողներուն:
ՊԱՊԸ.
–
(Երկբայելով):
Ձեզի
կ'ըսեմ
թէ
հոն
կայ
մէկը…
Կարծեմ
այլեւս
երկար
պիտի
չապրիմ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ինչո՞ւ
համար
ուզէինք
ձեզ
խաբել,
ի՞նչ
բանի
պիտի
ծառայէր
այդ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Պէտք
էր
ձեզի
ճշմարտութիւնը
խօսիլ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ
բանի
կու
գայ
փոխադարձ
խաբէութիւնը:
ՀԱՅՐԸ.
–
Երկար
պիտի
չապրէիք
սխալանքի՛ն
մէջ:
ՊԱՊԸ.
–
(Կը
փորձէ
ոտքի
ելլել):
Պիտի
ուզէի
ճեղքե՜լ
սա
աղջամուղջը…
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՞ւր
երթալ
կ'ուզէք:
ՊԱՊԸ.
–
Այն
կողմը…
ՀԱՅՐԸ.
–
Այսպէս
մի
յուզուիք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Տարօրինա՛կ
էք
այս
իրիկուն:
ՊԱՊԸ.
–
Դո՛ւք
էք՝
որ
ինծի
տարօրինակ
կը
թուիք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այսպէս
ի՞նչ
կ'որոնէք…
ՊԱՊԸ.
–
Չգիտե՜մ
ինչ
ունիմ:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Մեծ
հա՛յր,
մեծ
հա՛յր,
ի՞նչ
կ'ուզես,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Տուէ՛ք
ինծի
ձեր
փոքրիկ
ձեռքերը,
աղջիկնե՛րս:
ԵՐԵՔ
ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Ինչո՞ւ
համար
երեքնիդ
ալ
կը
դողդղաք,
աղջիկնե՛րս:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Հազի՛ւ
թէ,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Կարծեմ
երեքնիդ
ալ
դժգոյն
էք:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ուշ
է,
մեծ
հա՛յր,
եւ
մենք
յոգնած
ենք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Պէտք
է
որ
երթաք
պառկիք
եւ
մեծ
հայրն
ալ
լաւ
պիտի
ընէ
որ
հանգստանայ:
ՊԱՊԸ.
–
Պիտի
չկրնամ
քնանալ
այս
գիշեր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Մենք
բժիշկին
պիտի
սպասենք:
ՊԱՊԸ.
–
Զիս
ճշմարտութեա՜ն
պատրաստեցէք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բայց
ճշմարտութի՛ւն
չկայ:
ՊԱՊԸ.
–
Ուրեմն
ի՛նչ
որ
կայ՝
չեմ
գիտեր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բան
մը
չկայ
կ'ըսեմ
ձեզի:
ՊԱՊԸ.
–
Պիտի
ուզէի
տեսնել
իմ
խեղճ
աղջիկս:
ՀԱՅՐԸ.
–
Գիտես
որ
անկարելի
է,
իզուր
տեղը
պէտք
չէ
զինքը
արթնցնել:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Զայն
վաղը
կը
տեսնես:
ՊԱՊԸ.
–
Ո՛չ
մէկ
աղմուկ
կու
գայ
սենեակէն:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Եթէ
աղմուկ
լսէի
անհանգիստ
պիտի
ըլլայի:
ՊԱՊԸ.
–
Երկա՜ր
ատեն
է
որ
աղջիկս
չեմ
տեսած…
Երէկ
իրիկուն
ձեռքերը
բռնեցի՝
բայց
չէ՜ի
տեսներ
զինքը…
Այժմ
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
կ'ըլլայ…
Ինչպէ՞ս
է՝
չեմ
գիտեր…
Այլեւս
չեմ
ճանչնար
իր
դէմքը…
Սա
շաբաթներէն
ի
վեր
պէտք
է
փոխուած
ըլլայ…
Ձեռքերուս
մէջ
զգացի
փոքրիկ
ոսկորները
իր
այտերուն…
Իր
եւ
իմ
մէջ
աղջամուղջը
կայ
միայն,
եւ
դուք
ամէ՛նքդ….
Այսպէս
աւելի
չեմ
կրնար
ապրիլ…ապրիլ
չէ՜
այս…
Դուք
հոտ,
ամէ՛նքդ,
աչքերնիդ
բաց
կը
նայիք
մեռած
աչքերուս,
եւ
ձեզմէ
ոչ
մէկը
գութ
ունի…
Չգիտեմ
թէ
ի՛նչ
ունիմ…
ինչ
որ
պէտք
էր
ըսել՝
չի՛
ըսուիր
երբեք…
երբ
կը
մտածենք՝
ահաւո՜ր
է
ամէն
բան…
Բայց
ինչո՜ւ
համար
այլեւս
չէք
խօսիր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ
կ'ուզէք
որ
ըսենք՝
քանի
որ
չէք
ուզեր
մեզի
հաւատալ:
ՊԱՊԸ.
–
Կը
վախնաք
ինքզինքնիդ
մատնե՜լ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Խելքերնիդ
գլուխնիդ
ժողվեցէք,
վերջ
ի
վերջոյ…
ՊԱՊԸ.
–
Շատոնց
է
ինձմէ
բան
մը
կը
ծածկուի…
Բան
մը
տեղի
ունեցած
է
տանը
մէջ…
Բայց
ես
հիմա՛
կը
սկսիմ
հասկնալ…
Շատոնց
է
զիս
կը
խաբե՜ն:
Կը
կարծէ՞ք
թէ
երբեք
բան
պիտի
չհասկնամ:
Վայրկեաններ
կան
որ
դուք
ինձմէ
աւելի
կոյր
էք,
կը
հասկնա՞ք…
Միթէ
չե՞մ
լսեր
ձեր
փսփսալը,
օրերո՜վ,
օրերո՜վ,
իբրեւ
թէ
կախուածի
մը
տանը
մէջ
ըլլայիք:
Այս
իրիկուան
իմ
գիտցածս
չեմ
համարձակիր
ըսել…
Բայց
ճշմարտութիւնը
պիտի
գիտնա՜մ,
արդէն
երկար
ատենէ
ի
վեր
գիտեմ՝
հակառա՛կ
ձեր
չուզելուն:
Այժմ,
կը
զգամ
թէ
դուք
մեռելներէն
աւե՛լի
տժգունած
էք:
ԵՐԵՔ
ՔՈՅՐԵՐԸ.
–
Մեծ
հա՛յր,
մեծ
հա՛յր,
ի՞նչ
ունիս,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Ձեր
մասին
չեմ
խօսիր,
աղջիկներս,
ո՛չ,
ձեր
մասին
չեմ
խօսիր…
Լա՛ւ
գիտեմ
թէ
ճշմարտութիւնը
պիտի
յայտնէք
ինծի՝
եթէ
անոնք
ձեր
շուրջը
չըլլային…
Պիտի
տեսնէ՜ք,
աղջիկներս,
պիտի
տեսնէ՜ք…
Միթէ
չե՞մ
լսեր՝
որ
երեքնիդ
ալ,
երեքնիդ
ալ
կը
հեծկլտաք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ.
իրաւցնէ՞
կինս
վտանգի
մէջ
է:
ՊԱՊԸ.
–
Այլեւս
մի՛
փորձէք
զիս
խաբել,
արդէն
ուշ
է,
ճշմարտութիւնը
ձեզմէ
աւելի
լա՛ւ
գիտեմ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Բայց
մենք,
մենք
վերջապէս
կոյրեր
չենք:
ՀԱՅՐԸ.
–
Կ'ուզէ՞ք
ձեր
աղջկան
սենեակը
մտնել:
Այստեղ
սխալ
մը
կայ՝
եւ
անհասկացողութիւն
մը,
որոնց
պէտք
է
վերջ
տալ:
Կ'ուզէ՞ք:
ՊԱՊԸ.
–
(Յանկարծ
երկբայելով):
Ո՛չ,
ո՛չ,
հիմա
չէ…
դեռ
չէ…
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Կը
տեսնէք
թէ
բանաւոր
չէ
ըսածնիդ:
ՊԱՊԸ.
–
Երբեք
չի
գիտցուիր
ա՛յն՝
զոր
մարդ
չէ
կարող
ըսել
իր
կեանքին
մէջ…
Ո՞վ
կ'ընէ
այս
աղմուկը:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Մեծ
հա՛յր,
ճրագն
է
որ
այսպէս
կը
բաբախէ:
ՊԱՊԸ.
–
Կարծեմ
ան
շատ
կը
տանջուի…
Շատ
կը
տանջուի…
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ցուրտ
քամին
է
զինքը
տանջողը…
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ցուրտ
քամի
չկայ,
պատուհանները
փակ
են:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Կարծեմ
պիտի
շիջանի:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այլեւս
ձէթը
սպառած
է:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Բոլորովին
մարեցաւ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Մութին
մէջ
այսպէս
չենք
կրնար
մնալ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ինչո՞ւ
համար:
Ես
վարժուած
եմ
արդէն:
ՀԱՅՐԸ.
–
Լոյս
կայ
կնոջս
սենեակին
մէջ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Քիչ
յետոյ
կ'առնենք
անկէ՝
երբ
բժիշկը
գայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ճիշդ
է
որ
տեսանելի
է
այստեղ.
դուրսը
պայծառ
է:
ՊԱՊԸ.
–
Դուրսը
լուսաւո՞ր
է:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ասկէ
աւելի
լուսաոր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ես
կը
սիրեմ
նաեւ
մութին
մէջ
խօսակցիլ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ե՛ս
ալ:
(Լռութիւն):
ՊԱՊԸ.
–
Ինծի
այնպէս
կու
գայ՝
թէ
ժամացոյցը
շատ
աղմուկ
կ'ընէ:
ԵՐԷՑ
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Վասն
զի
ա՛լ
չենք
խօսիր,
մե՛ծ
հայր:
ՊԱՊԸ.
–
Սակայն
ինչո՞ւ
ամէնքնիդ
ալ
կը
լռէք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ի՞նչ
բանի
վրայ
կ'ուզէք
որ
խօսինք:
Լուրջ
չէք
այս
իրիկուն:
ՊԱՊԸ.
–
Սենեակը
շա՞տ
մութ
է:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Շատ
լոյս
չէ:
(Լռութիւն):
ՊԱՊԸ.
–
Ինքզինքս
լաւ
չեմ
զգար,
Իւրսիւլ.
բա՛ց
քիչ
մը
պատուհանը:
ՀԱՅՐԸ.
–
Այո՛,
աղջիկս,
քիչ
մը
պատուհանը
բաց.
ես
ալ
օդի
պէտքը
կը
զգամ:
(Աղջիկը
պատուհանը
կը
բանայ):
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Իրապէս
կը
զգամ՝
որ
երկար
ատեն
փակուած
մնացինք:
ՊԱՊԸ.
–
Պատուհանը
բա՞ց
է:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր,
ամբողջովին
բաց
է:
ՊԱՊԸ.
–
Կարծես
թէ
բա՛ց
չըլլար.
ոչ
մէկ
աղմուկ
կու
գայ
դուրսէն:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՛չ,
մեծ
հայր,
շշուկ
մը
իսկ
չկայ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Արտակարգ
լռութիւն
մը
կայ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Հրեշտակի
մը
քալելը
պիտի
լսուէր:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
համար
չեմ
սիրեր
գիւղը:
ՊԱՊԸ.
–
Պիտի
ուզէի
քիչ
մը
աղմուկ
լսել:
Ժամը
քանի՞ն
է,
Իւրսիւլ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Կէս
գիշեր
պիտի
զարնէ,
մեծ
հա՛յր:
(Հօրեղբայրը
սենեակին
երկայնքն
ի
վեր
քալել
կը
սկսի):
ՊԱՊԸ.
–
Ո՞վ
այսպէս
մեր
շուրջը
կը
քալէ:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ես
եմ,
ես
եմ,
մի՛
վախնար:
Պէտքը
կը
զգամ
քիչ
մը
քալելու:
(Լռութիւն):
Կը
նստիմ
նորէն.
չե՛մ
տեսներ
ուր
երթալս:
(Լռութիւն):
ՊԱՊԸ.
–
Ուրիշ
տեղ
ըլլալ
պիտի
բաղձայի:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ո՞ւր
կ'ուզէիք
երթալ,
մեծ
հա՛յր:
ՊԱՊԸ.
–
Չեմ
գիտեր,
ուրիշ
սենեակ
մը,
հոգ
չէ
թէ
ո՛ւր,
հոգ
չէ
թէ
ո՛ւր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ո՞ւր
պիտի
երթայինք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ուրիշ
տեղ
երթալու
համար
արդէն
ուշ
է:
(Լռութիւն:
Նստած
են,
անշարժ,
սեղանին
շուրջը):
ՊԱՊԸ.
–
Ի՞նչ
է
լսածս,
Իւրսի՛ւլ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ոչի՛նչ,
մեծ
հա՛յր,
տերեւներն
են,
որոնք
կը
թափին.
այո՛
տերեւներն
են՝
որոնք
կը
թափին
պատշգամին
վրայ:
ՊԱՊԸ.
–
Գնա՛
գոցէ
պատուհանը,
Իւրսի՛ւլ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Այո՛,
մեծ
հայր:
(Կը
փակէ
պատուհանը
եւ
կու
գայ
կը
նստի):
ՊԱՊԸ.
–
Կը
մսիմ:
(Լռութիւն:
Երեք
քոյրերը
կ'ողջագուրուին):
Ի՞նչ
կը
լսեմ
այժմ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Երեք
քոյրերը
կ'ողջագուրուին:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ինծի
այնպէս
կու
գայ
թէ
շատ
գունատ
են
այս
իրիկուն:
(Լռութիւն):
Պապը.
–
Նորէն
ի՞նչ
կը
լսեմ:
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Ոչի՛նչ,
մեծ
հայր,
ձեռքերս
իրարու
միացուցի:
(Լռութիւն):
ՊԱՊԸ.
–
Եւ
ասիկա…
ԱՂՋԻԿԸ.
–
Չեմ
գիտեր,
մեծ
հայր…
Գուցէ
քոյրերս
կը
սարսռա՞ն
քիչ
մը…
ՊԱՊԸ.
–
Ես
ալ
կը
վախնամ,
աղջիկնե՛րս:
(Լուսնկայի
շող
մը
կը
թափանցէ
ապակիներուն
մէջ
անկիւնէն
եւ
հոս
ու
հոն,
սենեակին
մէջ,
կը
սփռէ
արտակարգ
նշողիւններ,
ժամը
կէս
գիշեր
կը
զարնէ.
վերջին
գանգիւնին՝
ոմանք
կը
կարծեն
լսել,
խիստ
տարտամ,
աղմուկը
այնպիսի
մէկու
մը՝
ոտքի
կ'ելլէ
հապշտապ):
ՊԱՊԸ.
–
(Սարսռալով
մասնաւոր
ահաբեկութեամբ):
Ո՞վ
ելաւ
տեղէն:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Ո՛չ
ոք
տեղէն
ելաւ:
ՀԱՅՐԸ.
–
Ես
տեղէս
չելայ:
ԵՐԵՔ
ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ.
–
Ո՛չ
ալ
ես:
Ո՛չ
ալ
ես:
Ե՛ս
ալ
ոչ:
ՊԱՊԸ.
–
Մէ՛կը
կայ,
մէ՛կը
կայ՝
որ
ելաւ
սեղանէն:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Լո՜յսը…
(Աջակողմը
երեխային
սենեակէն,
յանկարծ
լսելի
կ'ըլլայ
սարսափահար
լալիւն
մը՝
որ
յարաճուն
սոսկումով
կը
տեւէ՝
մինչեւ
տեսարանին
վերջը):
ՀԱՅՐԸ.
–
Մտի՜կ
ըրէք,
երեխա՜ն:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Երբե՛ք
լացած
չէր:
ՀԱՅՐԸ.
–
Երթանք
տեսնե՜նք:
ՀՕՐԵՂԲԱՅՐԸ.
–
Լո՜յսը,
լո՜յսը:
(Այս
պահուս
գահավէժ
եւ
խուլ
վազք
մը
կը
լսուի
ձախակողմեան
սենեակէն,
յետոյ
մեռելային
լռութիւն:
Լուռ
սարսափի
մը
մէջ
մտիկ
կ'ընեն,
մինչեւ
որ
սենեակին
դուռը
կը
բացուի
յամրօրէն՝
լոյս
մը
ճառագայթելով
սրահին
մէջ,
եւ
«Մայրապետը»,
իր
սեւ
հագուստներուն
մէջ,
կը
յայտնուի
սեմին
վրայ
եւ
խոնարհութիւն
կ'ընէ
խաչակնքելով
դէմքը՝
իմաց
տալու
համար
կնոջը
մահը:
Կը
հասկնան
եւ,
պահ
մը
երկբայութեան
եւ
սարսափի
մէջ
մնալէ
ետք,
լուռ
ու
մունջ
կը
մտնեն
մեռելին
սենեակը,
մինչ
Հօրեղբայրը
դրան
անցքին
վրայ
քաղաքավար
կերպով
կ'ամփոփուի՝
թողլով
որ
երեք
մանկամարդ
աղջիկները
անցնին:
Կոյրը,
մինակը
մնացած,
ոտքի
կ'ելլէ
եւ
առաջ
կը
շարժի
խարխափելով
խաւարին
մէջ,
սեղանին
շուրջ):
ՊԱՊԸ.
–
Ո՞ւր
կ'երթաք:
Ո՞ւր
կ'երթաք:
Զիս
միս–մինակ
թողուցին: