ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Prologue
Զարմանալի
չէ,
որ
բարոյագիտութեան
նմանօրինակ
գիրքի
մը
մուտքին
տեղ
կը
տրուի
ժամանակակից
պսակավիրուսի
(Covid-19)
համաճարակին,
որ
արդէն
զանազան
բնոյթի
մեծ
վնասներ
պատճառած
է
ու
տակաւին
կը
պատճառէ,
եւ
ցարդ
արձանագրուած
են
միլիոնաւոր
վարակուածներ,
ինչպէս
նաեւ
միլիոնաւոր
մահեր։
Այս
գրքին
մէջ,
«կիրառական
բարոյագիտութեան»
(Applied
Ethics)
ծիրէն
ներս
քննարկուած
է
նաեւ
համաճարակի
(
)
(Pandemia)
նիւթը,
ուր
կը
նշուի,
պսակավիրուս-19-համաճարակի
առթիւ,
մարդոց
գլխաւոր
մտահոգութիւններէն
մէկը,
թէ
ե՞րբ
վերջ
պիտի
գտնեն
ներկայ
համաճարակն
ու
ճգնաժամը,
արտակարգ
դրութիւնն
ու
զանազան
սահմանափակումները
եւ
ե՞րբ
տեղի
պիտի
ունենայ
նախկին
«բնական
վիճակին»
վերադարձը։
Վերոյիշեալ
հարցադրումներուն
որպէս
պատասխան,
կարելի
է
յիշել,
որ
պատմութեան
ընթացքին
գրեթէ
բոլոր
համաճարակները
վերջ
մը
ունեցած
են,
սակայն
այժմէական
այս
համաճարակը,
գոնէ
մօտիկ
ապագային,
վերջ
մը
պիտի
չունենայ,
այսինքն՝
հիւանդութիւնը
պիտի
շարունակէ
իր
գոյութիւնը։
Մենք,
սակայն,
պիտի
կարենանք
նախազգուշական
պատուաստներով
ու
դարմանական
միջոցներով
աւելի
լաւ
պաշտպանուիլ,
սակայն
վտանգը
դեռ
երկա՜ր
պիտի
մնայ
աշխարհի
վրայ։
Նախկին
«բնական
վիճակը»,
ինչպէս
որ
էր,
անշուշտ
որ
չի
կրնար
վերադառնալ,
սակայն
պիտի
հաստատուի
բոլորովին
նոր
«բնական
վիճակ»
մը,
որ
նախկինէն
շա՜տ
տարբեր
պիտի
ըլլայ։
Այս
իմաստով,
ներկայ
իրավիճակին
հարկաւոր
է
նոր
աշխարհայացք
մը,
որ
փիլիսոփայական
տեսանկիւնէն
կարելի
է
լաւապէս
համեմատել
18-րդ
դարու
Լուսաւորութեան
(
)
(Enlightenment)
շարժումին
հետ,
որու
ընթացքին,
բանականութիւնը
գերագոյն
սկզբունք
նկատելով
տեղի
ունեցան
լայնածաւալ
փոփոխութիւններ,
տարբեր
ոլորտներէ
ներս
ու
սկսաւ
Նոր
Դարաշրջանը
(Modern
Era)։
Բայց
ի՞նչ
պատահեցաւ
անկէ
ետք…։
Լուսաւորութեան
շարժումը
սկսաւ
Ֆրանսական
յեղափոխութեան
(1789
–
1799
թ.
)
ծանօթ
կարգախօսով
(ազատութիւնհաւասարութիւնեղբայրութիւն),
այնուհետեւ
յառաջացան
տարբեր
հանրապետութիւնները
իրենց
ժողովրդավարութեամբ
(Democracy)
եւ
արդիւնաբերութեան
կամ
ճարտարարուեստի
(Industry)
արագ
բարգաւաճումով։
Եթէ
առաջին
շրջանին,
այս
բոլորի
կողքին
կը
պահուէին
բարոյական
որոշ
արժէքներ,
սակայն
ժամանակի
ընթացքին
բարոյական
արժէքները
անջատուեցան,
մինչեւ
որ
տնտեսական
ոլորտին
մէջ
ամբողջովին
տիրեց
դրամատիրութիւնը
(Capitalism),
որ
գրեթէ
անտեսեց
բարոյականութիւնը
կամ
բարոյական
նախկին
արժէքները։
Այժմ
հարկ
է
վերականգնել
տնտեսական
ոլորտի
կամ
գործնական
շուկայի
ու
բարոյականութեան
հաւասարակշռուած
կապը։
Ներկայ,
պսակավիրուսի
համաճարակի
յայտութենէն
անմիջապէս
ետք,
արդէն
տեղի
ունեցան
զանազան
փոփոխութիւններ,
ինչպէս՝
Արտակարգ
դրութիւն,
երբ
պետութիւններ,
իրենց
երկիրներու
մէջ
որոշ
սահմանափակումներ
հաստատեցին։
Հոգեբանական
տագնապալի
իրավիճակ,
երբ
ժողովուրդին
մէջ
վախ
մը
տիրեց,
որ
յաճախ
տագնապալի
ու
հիւանդագին
երեւոյթ
ստացաւ։
Եւ
Սահմանափակում
մարդու
հիմնական
իրաւունքներու,
մանաւանդ
սահմանափակում
որոշ
ազատութիւններու
։
Ժամանակակից
համաճարակը
յայտնուելով,
արդի
մարդկութիւնը
նախ
եւ
առաջ
զգաց
նոր
հիւանդութիւններու
հանդէպ
ունեցած
իր
տկարութիւնը
ու
խոցելիութիւնը,
եւ
մանաւանդ
առողջապահութեան
ունեցած
հիմնական
կարեւորութիւնը։
Յաճախ
աղէտ
մը
պէտք
է
պատահի,
որ
մարդկութիւնը
ուշքի
գայ
ու
խորհրդածէ,
որ
կեանքը
նոյն
ձեւով
կարելի
չէ
շարունակել,
հարկ
է
կարեւորել
բարոյական
արժէքները
եւ
կարգ
մը
հիմնական
փոփոխութիւններու
միջոցով
հասնիլ
բացարձակ
Բարիին։
Այս
իմաստով,
կարելի
է
յիշել
Բ.
Աշխարհամարտէն
ետք
յառաջացած
«Միացեալ
Ազգերու
Կազմակերպութիւնը»
(ՄԱԿ
=
UNO,
United
Nations
Organization),
«Առողջապահութեան
Համաշխարհային
Կազմակերպութիւնը»
(ԱՀԿ
=
WHO,
World
Health
Organization)
եւ
«Համաշխարհային
Դրամատունը»
(ՀԴ
=
WB,
World
Bank),
որոնց
շնորհիւ
աշխարհը
աւելի
լաւ
ու
աւելի
ապահով
դարձաւ։
Այժմ
եւս,
կարեւոր
են
նմանօրինակ
միասնական
ու
հիմնական
փոփոխութիւններ
կատարել,
տարբեր
մարզերէ
ներս։
Կարգ
մը
կրօնական
եւ
այլ
խմբաւորումներ,
այս
համաճարակի
առիթէն
օգտուելով,
սկսան
ծայրայեղութեան
երթալ
եւ
տարբեր
գուշակութիւններ
ընել,
որ
արդէն
աշխարհի
վերջը
եկած
է։
Վախճանաբանական
(Eschatology)
կամ
խորտակաբանական
(Collapsology)
նմանօրինակ
յայտարարութիւնները,
ոչ
միայն
անպատասխանատու
են,
այլ
նաեւ
խուճապ
կը
ստեղծեն
ու
վնասակար
են։
Պատմութեան
մէջ,
թերեւս
առաջին
անգամ
ըլլալով,
մարդկութիւնը
այս
ծանր
համաճարակին
առթիւ,
բարոյական
ճիշդ
վարմունք
ու
վերաբերմունք
ցուցաբերեց
եւ
առաւելաբար
ընտրեց
մարդոց
առողջապահութիւնը,
ի
գին
տնտեսութեան
կամ
տնտեսական
աճին։
Իրականութեան
մէջ,
նոյն
ձեւով,
պէտք
է
իրագործուի
նաեւ
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
պահպանութեան
հարցերը,
որոնք
քննարկուած
են
«Բնապահպանութեան
բարոյագիտութիւն»
(
)
վերնագրի
տակ։
Բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
(Environment)
պահպանութեան
ջատագովներ,
ժամանակակից
(Covid-19)
համաճարակը
կը
նկատեն
բնութեան
ազդարարութիւնը,
որ
ա՛լ
այսպէս
չի
կրնար
շարունակուիլ
եւ
անյետաձգելի
ու
յոյժ
անհրաժեշտ
են
արմատական
փոփոխութիւնները,
որպէսզի
կարելի
ըլլայ
Բարիին
հասնիլ։
Գրքիս
առաջին
հրատարակութենէն
(Ապրիլ
2018
թ.
)
անմիջապէս
ետք,
արդէն
կը
նկատէի,
որ
հարկաւոր
է
վերանայիլ
ամբողջ
գիրքը,
բարելաւել
զայն
ու
ընդարձակել
գրքի
կարգ
մը
բաժինները։
Այնուհետեւ
այս
գրքին
մէջ
նոր
մաս
մը
աւելցաւ,
«Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
բարոյագիտութիւն»
(Ethics
in
eastern
religious
philosophy)
վերնագրին
տակ,
ընդառաջելով
Ա.
հրատարակութեան
«Յառաջաբան»ին
մէջ
տեղ
գտած
Պրոֆ.
Սէյրան
Զաքարեանի
փափաքին
։
Երեք
տարիներու
աշխատանքէ
ետք,
Ա.
հրատարակութիւնը
ամբողջացաւ
ԵՊՀ-ի
(Երեւանի
Պետական
Համալսարան)
մէջ,
որու
փիլիսոփայութեան
բաժանմունքին
մէջ
քննարկուեցաւ
ու
երաշխաւորուեցաւ։
Ապա,
ան
ստացաւ
նաեւ
Էջմիածնի
հրատարակչական
խորհուրդի
երաշխաւորութիւնը։
Ա.
հրատարակութենէն
գրեթէ
երեք
տարիներ
ետք,
արդէն
պատրաստ
է
վերստուգուած
ու
բաւական
ընդարձակուած
Բ.
հրատարակութիւնը,
որ
նախկինին
հետ
բաղդատաբար,
ունի
աւելի
քան
կրկին
տարողութիւն
եւ
աւելի
ճոխ
բովանդակութիւն։
…
Այսուհանդերձ,
այս
գիրքը
ամբողջական
եւ
կատարեալ
ըլլալու
յաւակնութիւնը
չի
կրնար
ունենալ։
Վերստուգուած
ու
մասամբ
նոր
խմբագրուած
են.
-
Մաս
–
1,
«Ներածութիւնը»,
Մաս
–
2,
«Բարոյագիտութեան
պատմութիւնը»,
Մաս
–
3,
«Մետաբարոյագիտութիւնը»,
Մաս
–
4,
«Բարոյագիտութեան
հիմնաւորումը»,
Մաս
–
5,
«Բարոյագիտութեան
տեսութիւնները»
եւ
Մաս
–
6,
«Բարոյագիտութեան
քննադատութիւնը»։
Իսկ
Մաս
–
7,
«Կիրառական
բարոյագիտութիւնը»
(Applied
Ethics)
բաւական
ընդարձակուած
ու
վերստուգուած
է։
«Բժշկական
բարոյագիտութիւն»
բաժնին
մէջ,
որոշ
մանրամասնութեամբ
քննարկուած
են
հետեւեալ
նոր
ու
այժմէական
նիւթերը.
-
Համասեռականութիւն
(Homosexuality)
եւ
սեռային
այլ
հարցեր,
համաճարակ
(Pandemia)
եւ
առողջապահական
հարցեր։
«Կենսաբարոյագիտութիւն»
բաժինը
եւս
ընդարձակուած
է,
հոն
աւելցած
են
երկու
այժմէական
նիւթեր.
-
Անասուններու
բարոյագիտութիւն
(Animal
Ethics)
եւ
բնապահպանութեան
բարոյագիտութիւն
(Environmental
Ethics)
։
Այնուհետեւ,
որպէս
նոր
նիւթ,
այս
մասին
մէջ
կը
քննարկուի
ընտանիքի
բարոյագիտութիւնը
(Family
Ethics)։
Մաս
–
8,
բոլորովին
նոր
մաս
մըն
է,
որ
կը
կրէ
«Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
բարոյագիտութիւն»
(Ethics
in
eastern
religious
philosophy)
ընդհանուր
վերնագիրը։
Այստեղ
քննարկուած
են
Հնդկաստանի,
Չինաստանի,
Ճապոնիայի
եւ
Իրան/Պարսկաստանի
մէջ
ծնունդ
առած
եւ
լայնօրէն
տարածուած
գլխաւոր
կրօնափիլիսոփայութիւնները
եւ
իրենց
իւրայատուկ
բարոյագիտութիւնը։
Մաս
–
9,
«Բարոյագիտութեան
հիմնական
հասկացութիւններ»ու
մէջ,
վերանայուած
եւ
մասամբ
նոր
խմբագրուած
են
հասկացութիւնները,
ինչպէս
նաեւ
անոնց
վրայ
աւելցած
են
նոր
հասկացութիւններ,
ընդհանուր
թիւը
հասցնելով
33-ի։
Պահպանուած
է
այբբենական
կարգը։
Մաս
–
10,
«Յաւելուած»ի
մէջ,
մասնաւորաբար
ճոխացած
են
անուններու
եւ
բառերու
զոյգ
ցանկերը։
Նոյնպէս
պահպանուած
է
այբբենական
կարգը։
Վերջաւորութեան,
առանձին
բաժնով
կը
ներկայանայ
յատուկ
«Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
եզրերը,
աստուածներն
ու
անունները»։
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
(Ա.
հրատարակութեան
-
2018)
ԱՆՍԱՀՄԱՆ
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ
ԶԳԱՑՈՒՄՈՎ
Բարոյագիտութեան
վերաբերեալ
որեւէ
աշխատութեան,
ուսումնական
ձեռնարկի
հանդիպելիս,
երկու
բոլորովին
իրարամերժ՝
յոռետեսական
ու
լաւատեսական,
զգացում
եմ
ապրում:
Նախ,
զարմանում
եմ,
թէ
ինչո՞ւ
են
այդ
գրքերը
գրւում,
ո՞ւմ
են
հասցէագրւում,
հեղինակները
ի՞նչ
նպատակ
են
հետապնդում,
ինչի՞
վրայ
են
իրենց
յոյսը
դնում:
Զարմանում
եմ,
որովհետեւ
փիլիսոփաների
ու
իմաստունների
(Սոկրատէս,
Արիստոտէլ,
Սպինոզա,
Կանտ
եւայլն),
կրօնական
ուսմունքների
հիմնադիրների
(Բուդդա,
Կոնֆուցիոս,
Մովսէս,
Քրիստոս,
Մուհամէդ
եւայլն),
բազմազան
էթիկական
–
բարոյագիտական
տեսութիւնների
հեղինակների
ջանքերը
մարդկանց
«խելքի
բերելու»
ուղղութեամբ,
մեղմ
ասած,
առ
այսօր
կարծես
թէ
ապարդիւն
կամ
անարդիւնք
են
անցել:
Եթէ
մարդկութեան
յառաջընթացը
նկատելի
է
տեխնիկայի,
տեխնոլոգիաների
ոլորտներում,
ապա
նոյնը
չենք
կարող
ասել
բարոյական
յառաջընթացի
վերաբերեալ:
Աւելին,
համաշխարհայնացման
(Globalisation)
գործընթացներում
խճճուած
ժամանակակից
աշխարհը
յայտնուել
է
համընդհանուր
ու
համապարփակ
ճգնաժամի
մէջ,
որն
առաւել
ցայտուն
է
դրսեւորւում
բարոյագիտութեան
–
էթիկայի
–
ոլորտում:
Ի՞նչ
ենք
տեսնում
այսօր.
մի
կողմից՝
աւանդական
բարոյական
արժէքների
հեղինակազրկում
կամ
բարոյական
աւանդոյթի
արդիականացման
ու
ազատականացման
կասկածելի
քայլեր,
իսկ
միւս
կողմից՝
բարոյական
օրէնքների,
կանոնների
ու
նորմերի
արհամարհում,
յատկապէս
միջազգային
յարաբերությունների
ոլորտում:
Այսօր
շարունակւում
են
զանգուածային
սպանութիւնները,
էթնիկ
փոքրամասնութիւնների
կոտորածները,
արիւնալի
բախումները,
ահաբեկչութիւնները,
շրջափակումները,
տնտեսական
պատժամիջոցները
եւ
բռնութեան
այլ
ձևեր:
Բնականաբար,
տեսնում
ենք
նաեւ
նոր
մարտահրաւէրների
դիմակալման,
համաշխարհային
խնդիրների
լուծման
փորձեր,
որոնք
յաճախ
լինում
են
անարդիւնաւէտ,
քանի
որ
դրանց
լուծման
մեթոդները
այլեւս
չեն
համապատասխանում
համամարդկային
էթիկայի
չափանիշներին,
այսինքն՝
դրանք
դուրս
չեն
գալիս
եսապաշտական
(քաղաքակրթական,
մշակութային,
պետական),
հատուածական,
„ազգային
շահի“
շրջանակներից:
Գուցէ
ոմանք
իբրեւ
արդարացում
բերեն
էթիկական
յարաբերապաշտների
այն
փաստարկը,
թէ
ունիվերսալ
բարոյականութիւն
չկայ
եւ
չի
կարող
լինել,
որովհետեւ
իւրաքանչիւր
քաղաքակրթութիւն,
մշակոյթ,
պետութիւն
ու
հասարակութիւն
ունի
բարու
եւ
չարի,
արդարի
ու
անարդարի
ի՛ր
պատկերացումը:
Հետեւաբար
չկան
եւ
չեն
կարող
լինել
մարդկանց
արարքների
գնահատման
միասնական
բարոյական
չափանիշներ:
Անշուշտ,
դա
արդարացում
չի
կարող
լինել.
համաշխարհայնացումը
պարտադիր
ենթադրում
է
գլոբալ
բարոյագիտական
չափանիշների
ու
համամարդկային
սկզբունքների
մշակում
և
կիրառում:
Եթէ
դա
դեռ
չի
արուել,
նշանակում
է
մնացել
ենք
հին
կարծրատիպերի
գերութեան
մէջ:
Միւս
զգացումը,
որ
ապրում
եմ,
լաւատեսական
բնոյթ
ունի:
«Ամէն
ինչ
դեռ
կորած
չէ»,
մարդկութիւնը
իր
մեղքերը
քաւելու,
սխալները
շտկելու,
իր
արարքների,
մարդու,
բնութեան,
տիեզերքի
ներդաշնակութեան
ու
ամբողջութեան
համար
պատասխանատուութիւն
ստանձնելու
ժամանակ
դեռ
ունի,
հետեւաբար,
բարոյականութեան
մասին
գիտելիքը,
մատուցման
տարբեր
ձեւերով,
հրատապ
ու
արդիական
է:
Այնպէս
որ,
սոկրատէսեան
«գիտելիքը
առաքինություն
է»
վաղուց
քննադատուած
դրոյթը
պահպանել
է
իր
դրական
նշանակութիւնը:
Ամենայն
դէպս,
առաքինութիւնը,
բարոյական
ճիշտ
վարքը,
բարոյական
օրէնքին
համապատասխանող
արարքը
առանց
գիտելիքի
հնարաւոր
չէ
պատկերացնել:
Իմաստունները
եւ
իմաստասէրները,
կրօնքի
հիմնադիրները
իրենց
ուսմունքներով
ձգտում
են
օգնել
մարդկանց,
փորձում
նրանց
սրտերում
ցանել
պատասխանատուութեան
սերմեր՝
միասնաբար
լուծելու
մարդկութեան
գոյութեանը
սպառնացող
գլոբալ
խնդիրները:
Բարոյական
լինել,
նշանակում
է
պատասխանատու
լինել:
20-րդ
դարի
նշանաւոր
հումանիստ,
բժիշկ,
մշակութաբան
ու
բարոյագէտ
Ա.
Շվեյցէրը
(Albert
Schweitzer,
1875
–
1965
թ.
)
բարոյագիտութիւնը
սահմանում
է
որպէս
անսահման
պատասխանատուութիւն,
ոչ
միայն
մարդկային,
այլ՝
առհասարակ
կեանքի
բոլոր
ձեւերի
հանդէպ:
Նրա
«ակնածանք
կեանքի
հանդէպ»
մօտեցումը
կոչուած
է
փոխելու
մարդկանց
վերաբերմունքը
կենդանի
էակների
նկատմամբ,
աւելի
բարոյականացնելու
մարդկանց
գործելակերպը:
Այս
տեսանկիւնից
մի
քանի
առումներով
գնահատելի
է
բժիշկ
Սարգիս
Քէհեաեանի
խիզախ
(նկատենք,
որ
հայերէն
լեզուով
բարոյագիտական
ձեռնարկներ
մատների
վրայ
կարելի
է
հաշուել)
փորձը՝
փիլիսոփայական
ակնարկներով
համառօտ
ներկայացնել
բարոյագիտական
մտքի
համապատկերը:
Այստեղ
պէտք
է
շեշտել,
որ
հեղինակը,
իր
առաջին
մասնագիտութեամբ
իմաստասէրբարոյագէտ
մը
չէ,
այլ՝
մասնագէտ
բժիշկ
մը,
Գերմանիայում։
Փիլիսոփայութիւնը
իր
ընտրած
երկրորդ
մասնագիտութիւնն
է
եւ
այս
առնչութեամբ
կարելի
է
հետեւեալ
երեք
կէտերը
աւելացնել։
Առաջին.
-
բժշկական
մասնագիտական
փորձը
նրան
բերել
է
այն
համոզման,
որ
մարմնական
շեղումների
ու
հիւանդությունների
հետեւում
«կանգնած»
են
հոգեկան՝
հոգեբանական,
բարոյական,
գաղափարական
մտահոգութիւններն
ու
տագնապները,
ուստի
մարդիկ
նախ
եւ
առաջ
պէտք
է
մտածեն
իրենց
ներաշխարհի,
սրտի
ու
մտքի
առողջութեան,
խղճի
մաքրութեան,
միմեանց
հանդէպ
մարդավայել
յարաբերութիւնների
հաստատման
մասին:
Այլ
խօսքով,
պարտքն
է
նրան
մղել
բարոյագիտութեան
ասպարէզ
եւ
ստիպել
գրիչ
վերցնել՝
բարոյական
օրէնքի
կիրառման,
ելքերի
որոնման
եւ
բարոյականութեան
մասին
մարդկանց
գիտելիքներով
հարստացնելու
յոյսով:
Երկրորդ.
-
բժշկի
փորձառությունը
նպաստել
է,
որ
գրքում
բարոյագիտութեան
մասին
ներկայացուեն
ոչ
միայն
ամենաանհրաժեշտ,
ամենակարեւոր
տեղեկութիւնները,
այլեւ
դրանք
մատուցուեն
համառօտ,
մատչելի,
դիւրըմբռնելի
եւ,
ամենագնահատելին,
հայեցի
լեզուով
(հեղինակը
ոչ
միայն
հայերէն
է
ներկայացնում
օտարածին
յայտնի
եզրոյթները,
այլեւ
հետեւողականօրէն
գտնում
եւ
թարգմանում
է
անյայտ,
նոր
կամ
քիչ
գործածուող
օտարալեզու
հասկացութիւնները):
Առհասարակ,
նման
պարագաններում
ոչմասնագէտի
առաւելութիւնն
այն
է,
որ
նա
զարմանում
ու
ոգեւորւում
է
յայտնագործողի
նման,
առաջնորդւում
է
իր
նախասիրություններով,
հեռանում
է
մասնագիտական
գրականության
մէջ
արմատաւորուած
կարծրատիպերից,
ուշադրութիւն
դարձնում
այնպիսի
երեւոյթների
ու
փաստերի
վրայ,
որոնք
յաճախ
անհարկի
անտեսւում
են
մասնագէտների
կողմից:
Երրորդ.
-
բժշկի
փորձառությունը
նպաստել
է,
որ
ան
կարենայ
կիրառական
բարոյագիտութեան
մասում
ներառնել
իր
մասնագիտութեան
յատուկ
բարոյագիտական
հարցերը,
ինչպէս
բժշկութեան
բարոյագիտութիւնը
եւ
ասոր
առնչուած՝
կենսաբարոյագիտութիւնն
ու
ծինաբարոյագիտութիւնը։
Գրախօսուող
գիրքը
հանրագիտարանային
բնոյթ
ունի,
այսինքն՝
ընթերցողը
կարող
է
ընդհանուր
պատկերացում
կազմել
բարոյագիտական
մտքի
զարգացման
հիմնական
փուլերի,
նշանաւոր
բարոյագէտների
ուսմունքների,
բարոյագիտութեան
անտիկ
ու
արդի
տեսութիւնների,
բարոյագիտության
ոլորտների
ու
հիմնաւորումների
եւ
բարոյագիտական
հիմնական
հասկացութիւնների
մասին:
Գրքի
վերջաւորութեան
տեղադրուած
«Յաւելուած»
մասը,
ճոխացել
է
աշխատասիրութեան
մէջ
տեղ
գտած
անունների
ցանկով
եւ
մանաւանդ
փիլիսոփայական
մի
բառացանկով,
ուր
յիշատակութեան
արժանի
են
հայերէնի
նոր
եզրոյթների
ու
բառակապակցութիւնների
առկայութիւնը
եւ
մտորոնումներ՝
հայերէնի
եզրաբանութեան
մասին։
Այստեղ,
տեղին
չեմ
համարում
աւելի
մանրամասն
քննարկել
ու
գնահատել
Սարգիս
Քէհեաեանի
աշխատասիրութեան
առաւելութիւններն
ու
թերութիւնները.
կարեւորը,
ըստ
իս,
նախ,
այն
է,
որ
հրապարակի
վրայ
է
հանրագիտարանային
բնոյթի
բարոյագիտական
աշխատութիւն,
որն
նախատեսուած
է
նախ
եւ
առաջ
ուսանողութեան
համար,
երկրորդ,
որ
հեղինակը
նպատակամղուած
է
կատարելագործելու
գիրքը՝
լրացումների,
խմբագրումների,
նոր
թեմաների
ներառման
ճանապարհով:
Այլ
խօսքով,
սա
Սարգիս
Քէհեաեանի
աշխատութեան
առաջին
հրատարակութիւնն
է,
իսկ
մենք
արդէն
սպասում
ենք
լրացուած,
նոր
թեմաներով
հարստացուած
(օրինակ,
արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեանց
բարոյագիտական
ուսմունքներով),
ընթերցողների
շինիչ
քննադատական
դիտողութիւնները
նկատի
առնուած
ու
թերեւս
հայ
բարոյագիտական
մտքի
մասին
ակնարկներով
ուռճացած,
հեղինակի
դիրքորոշումները
ու
գնահատականները
յստակօրէն
արտայայտուած
երկրորդ
հրատարակութեանը:
Սէյրան
Ա.
Զաքարեան
Երեւանի
պետական
համալսարանի
փիլիսոփայութեան
պատմութեան
ամբիոնի
վարիչ,
փիլիսոփայական
գիտութիւններու
դոկտոր,
պրոֆեսոր
