Մաս
–
1
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Introduction
«Բարոյագիտութիւն
-
փիլիսոփայական
ակնարկ
-»
աշխատասիրութեան,
առաջին
այս
մասը,
«Ներածութիւն»ը,
կ՚ընդգրկէ
հետեւեալ
երեք
բաժինները.
-
Փիլիսոփայութիւնն
ու
փիլիսոփան,
իր
ամփոփ
ու
ընդհանուր
գիծերուն
մէջ,
Բարոյականութիւնը,
որպէս
հասկացութիւն
եւ
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը,
որ
այս
աշխատասիրութեան
հիմնական
ն
պատակն
է։
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Նախ
հարց
տանք,
թէ
ի՞նչ
է
փիլիսոփայութիւնը
։
Փիլիսոփայութիւն
բառը
կու
գայ
յունարէնէն
եւ
կը
նշանակէ
սէր՝
իմաստութեան
իսկ
փիլիսոփան
կը
նշանակէ
ընկեր՝
իմաստութեան
(յուն.
՝
philós
=
ընկեր
կամ
ընկերական
սէր
եւ
sophía
=
իմաստութիւն)։
Ասիական,
մանաւանդ
հնդկական,
չինական,
ճապոնական
եւ
իրանապարսկական
հնադարեան
մշակոյթներու
մէջ,
Արեւելեան
փիլիսոփայութիւնը
(Eastern
Philosophy),
թէեւ
շատ
աւելի
կանուխ
սկսած
էր,
սակայն
ան,
որոշ
չափով
պիտի
մնար
կրօնական
ոլորտէն
ներս,
տեսակ
մը
կրօնափիլիսոփայութիւն,
ինչպէս
է
պարագան՝
Հինդուականութեան
(Hinduism),
Բուդդայականութեան
(Buddhism),
Դաոյականութեան
(Daoism),
Շինտոյականութեան
(Shintoism),
Կոնֆուցիականութեան
(Confucianism),
Զրադաշտականութեան
(Zoroastrianism),
եւայլն…,
մինչ
ժամանակագրականօրէն
աւելի
ուշ
սկսած,
զարգացած
ու
լայնօրէն
տարածուած
Արեւմտեան
փիլիսոփայութիւնը
(Western
Philosophy)
կը
ներկայանայ
որպէս
գիտութիւն։
Այս
աշխատասիրութեան
կամ
ուսումնասիրութեան
հիմնական
բաժնին
հիմք
պիտի
ծառայէ
այս
վերջինը՝
Արեւմտեան
փիլիսոփայութիւնը,
որ
սկսաւ
Հին
Յունաստանի
մէջ
եւ
տարածուեցաւ
նախ
Եւրոպայի
ապա
ամբողջ
աշխարհի
վրայ։
Արեւմտեան
փիլիսոփայութիւնը
կը
սկսի
մ.
թ.
ա.
6-րդ
դարու
առաջին
կիսուն,
ինչպէս
յիշուեցաւ,
Հին
Յունաստանի
մէջ
եւ
որպէս
առաջին
ներկայացուցիչ,
ընդունուած
է
իմաստասէր
Թալէս
Միլետոսցին
(Thales
of
Miletus,
625
–
546
մ.
թ.
ա.
),
որ
Հնադարեան
յունական
աւանդութեան
մէջ
եօթը
իմաստուններէն
մէկն
էր։
Սակայն
փիլիսոփայութիւնը
(յուն.
՝
philosophía)
որպէս
եզր,
կը
գտնենք
աւելի
ուշ,
Պիւթագորաս
Սամոսցիի
(Pythagoras
of
Samos,
570
–
500
մ.
թ.
ա.
)
ժամանակ։
Նոյնպէս
Պիւթակորասն
է,
որ
ինքզինք
առաջին
անգամ
փիլիսոփայ
կոչած
է։
Իսկ
փիլիսոփայութիւնը,
որպէս
գիտական
ճիւղ
հաստատուած
է,
յոյն
դասական
փիլիսոփայ
Պլատոնի
(Plato,
յուն.
՝
Plátôn,
427
–
347
մ.
թ.
ա.
)
կողմէ։
Բազմաթիւ
լեզուներու
մէջ
(նոյնիսկ
ոչ
հնդեւրոպական
ընտանիքին
պատկանող)
կ՚օգտագործուի
յունական
եզրը՝
փիլիսոփայութիւնը,
իր
զանազան
տառադարձութիւններով
(Philosophía,
Philosophy,
Philosophie,
Pilosopia,
Filosofi,
Filozofia,
Felsefe,
Falsafa ...
)։
Հայերէնի
մէջ
սակայն,
փիլիսոփայութեան
կողքին,
մենք
ունինք
նաեւ
շքեղ
իմաստասիրութիւն
բառը,
որ
(ինչպէս
նշեցինք)
յունարէնի
արմատական
թարգմանութիւնն
է։
Ապա
հարց
տանք,
թէ
ի՞նչ
է
այն
պատճառը,
որ
մարդը
մղած
է՝
դէպի
փիլիսոփայութիւն։
Այս
հիմնահարցի
պատասխանը
կը
գտնենք
յոյն
դասական
փիլիսոփաներ,
Պլատոնի
եւ
իր
աշակերտ՝
Արիստոտէլի
(Aristotle,
յուն.
՝
Aristotélês,
384
–
324
մ.
թ.
ա.
)
մօտ,
որոնց
համաձայն,
փիլիսոփայութիւնը
ընդհանրապէս
ծագում
առած
է
մարդոց
զարմանքին
եւ
տարակուսանքին
պատճառներով։
Մարդ,
միայն
իր
շրջապատի
երեւոյթները
նկատելով՝
չէ
բաւարարուած,
այլեւ
հետամուտ
եղած
է
գիտնալու
թէ
այդ
երեւոյթները
ի՞նչ
պատճառով
կան
կամ
գոյութիւն
ունին,
եւ
այդ
երեւոյթներու
ետին
ի՞նչ
ազդու
գործօններ
կան…
կամ
մարդ
ինչո՞ւ
կ՚ապրի,
ի՞նչ
է
կեանքին
իմաստը,
մանաւանդ
ապրիլ
կեանք
մը,
ուր
մահուան
գիտակցութիւնը
կայ։
Իսկ
եթէ
հարց
տանք,
թէ
ինչպէ՞ս
կարելի
է
բնորոշել
փիլիսոփայութիւնը,
դժուարութեան
պիտի
մատնուինք։
Հնադարեան
ժամանակներէն
ի
վեր,
փիլիսոփայութիւնը
կրած
է
իմաստի
եւ
համակարգի
զանազան
փոփոխութիւններ։
Շատեր
փորձած
են
փիլիսոփայութիւնը
բնորոշել
կամ
նկարագրել։
Օրինակ,
Պլատոն,
փիլիսոփայութիւնը
կը
հիմնէ
ճշմարիտին,
բարիին
ու
գեղեցիկին
վրայ,
որոնք
գոյացութեան
հիմնական
յատկութիւններն
են։
Գերման
փիլիսոփայ
Իմմանուէլ
Կանտ
(Immanuel
Kant,
1724
–
1804
թ.
)
փիլիսոփայութիւնը
կը
բնորոշէ
գլխաւոր
չորս
հարցադրումներով,
որոնք
կը
կազմեն
փիլիսոփայական
չորս
տարբեր
ոլորտներ
ը.
-
1.
Ի՞նչ
կրնամ
գիտնալ
(
բնազանցական
ոլորտ
–
Metaphysics),
2.
Ի՞նչ
պէտք
է
ընեմ
(
բարոյագիտական
ոլորտ
–
Ethics),
3.
Ի՞նչ
կրնամ
յուսալ
(
կրօնական
ոլորտ
–
Religion)
եւ
4.
Ի՞նչ
է
մարդը
(
մարդաբանական
ոլորտ
–
Anthropology)։
Իրականութեան
մէջ,
վերջաւորութեան
յիշուած
մարդաբանական
ոլորտը,
ինքնին,
կը
պարփակէ
միւս
երեք
ոլորտներն
ալ,
որովհետեւ
վերջին
հաշուով,
խնդրոյ
առարկան,
նոյնինքն
մարդ
էակն
է,
իր
զանազան
հետաքրքրութիւններով,
զարմանքով
ու
տարակուսանքով։
Փիլիսոփայութիւնը,
որպէս
գիտութիւն,
ունի
իր
իւրայատուկ
տեսական
ու
գործնական
ճիւղերը,
որոնք
են.
-
Մարդաբանութիւն
(Anthropology),
որ
կը
քննարկէ
մարդու
բնութիւնն
ու
էութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
անոր
դիրքը՝
աշխարհի
վրայ
եւ
ապրելակերպը`
պատուարժան
ընկերութեան
մը
մէջ։
Բարոյագիտութիւն
(Ethics),
որ
կը
քննարկէ
մարդու
վարմունքը
եւ
մարդու
դիրքը`
Բարիին
հանդէպ,
նպատակ
ունենալով
կարգաւորել
մարդու
կեանքը
՝
ընկերութեան
մէջ։
Գեղագիտութիւն
(Aesthetics),
որ
կը
քննարկէ
Գեղեցիկին
միջենթակայական
չափանիշերը,
ինչպէս
նաեւ
անոր
պայմանները
եւ
երեւոյթները՝
բնութեան
եւ
արուեստի
մէջ
եւ
անոր
ազդեցութիւնը՝
մարդոց
վրայ։
Տրամաբանութիւն
(Logics),
որ
ճիշդ
սկզբունքներու,
վճռական
մտածումի
ու
փաստարկումի
ուսմունքն
է,
մանաւանդ
Ձ
եւական
տրամաբանութիւնը
(Formal
Logics)
իր
տարրական
եւ
Մեթոդական
մասերով:
Բնազանցութիւն
(Metaphysics),
որ
կը
քննարկէ
«
է
»ն
կամ
«
գոյ
»ը։
Իր
մասերն
են.
-
էաբանութիւնը
(Ontology),
բանական
աստուածաբանութիւնը
(Rational
Theology),
բանական
հոգեբանութիւնը
(Rational
Psychology)
եւ
բանական
Տիեզերաբանութիւնը
(Rational
Cosmology)։
Իմացաբանութիւն
(Epistemology),
որ
գիտական
միջոցներով
կը
քննարկէ
մարդու
ճանաչողութեան
(բան
մը
գիտնալու
ու
ճանչնալու)
պայմաններն
ու
կարելիութիւնները,
ինչպէս
նաեւ՝
ճանաչողութեան
ընթացքն
ու
ընթացքի
արդիւնքը,
որպէս
գիտութիւն։
Գիտութեան
Փիլիսոփայութիւն
(Philosophy
of
Science),
որ
կը
քննարկէ
գիտական
առանձին
ճիւղերու
պայմանները
եւ
կարելիութիւնները
եւ
կը
կոչուի
նոյն
այդ
ճիւղին
անունով,
ինչպէս.
-
կենսաբանութեան
փիլիսոփայութիւն
(Philosophy
of
Biology),
բնագիտութեան
փիլիսոփայութիւն
(Philosophy
of
Physics),
ուսողութեան
կամ
մաթեմատիկայի
փիլիսոփայութիւն
(Philosophy
of
Mathmatics),
եւայլն
…։
Լեզուի
Փիլիսոփայութիւն
(Philosophy
of
Language),
որ
գիտականվերլուծական
միջոցներով
կը
քննարկէ
լեզուի
իմաստը,
ծագումն
ու
զարգացումը.
նաեւ՝
վերլուծական
փիլիսոփայութիւնը
(Analytic
Philosophy),
իր
զանազան
դպրոցներով
եւ
անուանումներով։
Տակաւին
կան
փիլիսոփայական
բազմաթիւ
այլ
ճիւղեր,
որոնցմէ
կարելի
է
յիշել՝
բնութեան,
արուեստի,
կրօնի,
պատմութեան,
իրաւական,
քաղաքական
ութեան,
ընկերա
յին
հասարակութեան
(սոցիալ)
եւ
տնտեսագիտութեան
(էկոնոմիայի)
փիլիսոփայութիւնները
։
Այժմ
հարց
տանք
թէ
ի՞նչ
է
կամ
ո՞վ
է
փիլիսոփան
։
Փիլիսոփան,
այն
մտածող
մարդն
է,
որ
կը
ձգտի
հիմնական
նշանակութիւն
ունեցող
հարցերու
պատասխանները
գտնել։
Ասոր
կողքին,
փիլիսոփայ
կը
կոչուին
նաեւ
անոնք,
որոնք
կ՚աշխատին
փիլիսոփայութեան
գիտահետազօտական
ոլորտէն
ներս
ու
գործնական
կեանքի
իմաստութեամբ
կը
յատկանշուին։
Հին
յունարէնի
մէջ
„philósophos“
եզրը,
ինչպէս
տեսանք,
կը
նշանակէ՝
«ընկեր
իմաստութեան»։
Յունական
հիմքի
վրայ
յառաջացած
են
եւրոպական
այլ
լեզուներու
եզրերը
(օրինակ.
-
լատ.
՝
philosophus,
անգլ.
՝
philosopher,
գերմ.
՝
Philosoph),
իսկ
հայերէնի
մէջ
հիմնական
«փիլիսոփայ»
եզրի
կողքին,
ունինք
նաեւ
«իմաստասէր»
եզրը։
Առաջին
իմաստասէրը,
որ
փիլիսոփայութիւնը
որպէս
եզրոյթ
օգտագործած
ու
ինքզինք
փիլիսոփայ
կոչած
է
(ինչպէս
նշեցինք),
յոյն
Պիւթագորասն
էր։
Անկէ
ետք
ու
ժամանակի
ընթացքին,
փիլիսոփայ
եզրի
բնորոշումը
քննարկութեան
հարց
եղաւ։
Օրինակ
դասական
շրջանի
յոյն
փիլիսոփաներու՝
Սոկրատէսի,
Պլատոնի
եւ
Արիստոտէլի
համաձայն
փիլիսոփան
ճշմարտութեան
ձգտողն
է,
անոնք
կը
դատապարտէին
սոփեստները
(յուն.
՝
sophistês),
որոնք
ճշմարտութեամբ
չէին
հետաքրքրուած։
(Սոփեստներու
մասին
տե՛ս
նաեւ
էջ
47)։
Իսկ
ներկայ
ժամանակներուն,
բացայայտ
է,
որ
համալսարաններու
մէջ,
փիլիսոփայութիւն
առարկան
դասախօսողներուն
մէջ
շատ
քիչերը
կարելի
է՝
փիլիսոփայ
կոչել։
Պլատոնի
համաձայն,
«փիլիսոփայ»
կոչումը
կը
տրուի
ոչ
թէ
շատ
բան
գիտցողին
եւ
ոչ
ալ
շատ
բաներու
մասին
խօսողին,
այլ
կը
տրուի
անոր,
որ
կը
ձգտի՝
Ճշմարտութեան,
Գեղեցկութեան
եւ
Բարիին
ու
կը
վարէ՝
անարատ
ու
անբիծ
կեանք
մը։
Այլ
խօսքով,
Պլատոն
փիլիսոփայութիւնը
կենսաձեւ
կամ
ապրելակերպ
նկատելով,
կ՚արժեւորէ
գործնական
փիլիսոփայութիւնը,
որ
նոյնինքն
բարոյագիտութիւնն
է։
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ապա
հարց
տանք,
թէ
ի՞նչ
է
բարոյականութիւնը
։
Բարոյականութիւնը
(լատ.
՝
mores,
moralitas,
անգլ.
՝
Morals,
Morality,
գերմ.
՝
Moral,
Moralität)
բարոյագիտութեան
ուսումնասիրութեան
առարկան
է.
ան
դրութիւնն
է
բարոյական
արժէքներու
եւ
կանոններու
(նորմերու)
եւ
անոնց
իրականացումը՝
առօրեայ
կեանքին
մէջ.
ան
սերտօրէն
առնչուած
է
վարմունքին
ու
վարուելակերպին
հետ
եւ
կ՚եզրակացուի
բարոյական
վարմունք
կամ
բարոյական
վարուելակերպ
բացատրութեամբ։
Վարմունքը
կամ
վարուելակերպը
կարելի
է
դատել
առարկայական
տեսանկիւնէն
եւ
գնահատել՝
որպէս
ճիշդ
կամ
սխալ։
Վարմունքը
կամ
վարուելակերպը
կարելի
է
դատել
նաեւ
բարոյական
տեսանկիւնէն
եւ
գնահատել՝
որպէս
լաւ
ու
բարի
կամ
վատ
ու
չար։
Առարկայական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
վարմունք
մը
պէտք
է
համապատասխանէ
իր
նպատակին,
որուն
համար
կը
կատարուի։
Օրինակ
եթէ
տուն
մը
պիտի
կառուցեմ,
պէտք
է
որոշ
կանոններու
համաձայն
կառուցեմ։
Իսկ
բարոյական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
վարմունք
մը
պէտք
է
համապատասխանէ
ոչ
միայն
վարուող
անհատի
հետաքրքրութեան
եւ
ծառայէ
իր
նպատակին,
այլ
նաեւ
պէտք
է
նկատի
առնուին
վարմունքին
հետ
առնչութիւն
ունեցող
այլ
անհատները։
Օրինակ
անհատի
մը
վարմունքը
ի՞նչ
բացասական
ազդեցութիւն
կրնայ
ունենալ
այլ
անհատներու
վրայ։
Վարմունքի
մը
պարագային,
դատողութեան
մեր
առարկայական
մօտեցումը
ենթադրական
կամ
պայմանական
է.
իսկ
բարոյական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
ան
անպայմանական
է։
Հնադարեան
(Անտիկ)
յունական
ժամանակաշրջանին,
յոյն
փիլիսոփաները
կ՚ակնարկէին
բարիին
ու
արդարին,
երբ
կը
խօսուէր
էթոսի
(ethos)
մասին,
որ
սակայն
ունէր
երկու
իմաստներ։
Է՜թոս
(յուն.
՝
êthos,
երկար
էով
=
η
-
Eta)
կը
նշանակէ
«անձնական
նկարագրի
յատկանիշ»,
իսկ
է՛թոս
(յուն.
՝
éthos,
կարճ
էով
=
ε
-
Epsilon)
կը
նշանակէ
«անհատի
սովորութիւն»,
որ
առնչուած
է
շրջապատին
ու
ընկերութեան։
Էթոս
բառէն
յառաջացաւ
յունարէն
է՜թիկէ
(յուն.
՝
êthikê,
ηθικη),
որ
Արիստոտէլի
հիմնադրած
փիլիսոփայական
մէկ
ճիւղն
է՝
բարոյագիտութիւնը
(էթիկա,
անգլ.
՝
Ethics,
գերմ.
՝
Ethik)։
Իսկ
լատիներէն
մորէսը
(mores),
որ
համազօր
էր
յունարէն
էթոսին
(éthos,
կարճ
էով),
ժամանակի
ընթացքին,
բարոյական
արժէքներու
ճանաչման
ու
իրագործման
ոլորտներու
մէջ,
աւելի
գործնական
իմաստ
ստացաւ
եւ
դարձաւ՝
բարոյականութիւն
(մորալ,
անգլ.
՝
Morals,
գերմ.
՝
Moral)։
Բարոյականութիւնը
մարդկային
բնութեան
մէջ
գոյութիւն
ունեցող
յատկութիւն
մըն
է։
Այլ
խօսքով,
ան
կը
պատկանի
մարդաբանութեան
(Anthro-pology),
որ
որպէս
փիլիսոփայական
ճիւղ
զարգացաւ
20-րդ
դարու
առաջին
կիսուն,
նախ
Գերմանիոյ
մէջ
ապա
այլուր
(տե՛ս
էջ
109)։
Բարոյականութեան
վրայ
հիմնուած
մարդաբանութիւնը
կը
հաստատէ,
որ
մարդը
(յուն.
՝
ánthrôpos),
կենսաբանական
որոշ
յատկանիշներու
բերումով,
բարոյական
բանական
էակ
մըն
է,
բան
մը
որ
ընդհանրական
է՝
համայն
մարդկութեան
համար։
Ասոր
կողքին,
սակայն,
մարդը
նաեւ
ընկերային
իրաւական
էակ
մըն
է,
որով
կը
զանազանուին
ընկերութիւններն
ու
մշակոյթները։
Մարդու
մասին
վերոյիշեալ
երկու
տեսակէտները,
որոնք
ծանօթ
են
հնադարեան
ժամանակներէն
(տե՛ս
Արիստոտէլի
«Պետութիւն»,
„Politeía“
երկը),
ցոյց
կու
տան,
որ
մարդ
ի
ծնէ
(բնածին)
բարոյականութեան
կարողութիւնն
ու
հակումը
ունի,
սակայն,
այդ
ուղղութեամբ
ան
դեռ
պէտք
է
զարգանայ՝
ընկերութեան
մը
կամ
մշակոյթի
մը
մէջ։
Այս
իմաստով
կարելի
է
խօսիլ՝
ընկերահասարակական
բարոյականութեան
մը
(Social
Morals)
մասին։
Բարոյականութեան
զարգացման
ընթացքին,
անհրաժեշտ
են
մարդու
ներքին
ձգտումը
կամ
ներմղումը՝
դէպի
բարոյականութիւն
եւ
լուրջ
ճիգը՝
անոր
հասնելու
համար։
Այստեղ
բարոյականութիւնը
կը
յայտնուի
իր
«պէտք
է»ի
հարկադրանքով
կամ
հրամայականով,
որուն
հետեւելով
միայն
կարելի
է
իրագործել՝
որպէս
բարոյական
բանական
էակ
զարգանալու
կարելիութիւնը։
Բարոյականութեան
զարգացման
ընթացքը,
նախ
եւ
առաջ
տեղի
կ՚ունենայ
ընկերային
շրջապատի
մը
մէջ,
ուր
մարդ
կը
ձգտի,
կը
մտահոգուի
ու
նոյնիսկ
կը
պայքարի
իր
անձի
ճանաչման
ու
գնահատման
համար։
Այս
ընկերային
շրջապատին
մէջ
է,
որ
մարդ
կը
ծանօթանայ
բարոյական
չափանիշերուն
ու
արժէքներուն,
արտօնեալ
ու
արգիլեալ
վարմունքին
կամ
վարուելակերպին,
ինչպէս
նաեւ
ընկերային
շրջապատի
անդամակցութեան
կամ
օտարացման։
Բարոյականութիւն
հասկացութիւնը,
պատմութեան
ընթացքին,
ընդհանրապէս,
ենթակայ
եղած
է
փոփոխութիւններու։
Ան
կը
կազմուի
անհատական
կամ
ընկերայինհասարակական
ոլորտներու
մէջ,
որոնք
միշտ
չէ
որ
կը
համընկնին։
Այլ
խօսքով,
անհատական
բարոյական
սկզբունքները
կրնան
չհամապատասխանել
ընկերայինհասարակական
բարոյական
սկզբունքներուն։
Այսուհանդերձ,
յաճախ,
ընկերային
հասարակութեան
մէջ
ընդունուած
կ՚ըլլան
բարոյական
որոշ
կանոններ,
պահանջներ
ու
պարտաւորութիւններ
եւ
ասոնց
կողքին
նաեւ
բարձր
արժէք
ունեցող
Գերագոյն
Բարին,
որոնք
(ինչպէս
յիշուեցաւ)
կրնան
զանազան
ընկերային
հասարակութիւններու
եւ
զանազան
ժամանակաշրջաններու
մէջ
փոփոխութեան
ենթարկուիլ։
Բարիի
ու
չարի
միջեւ,
լաւի
ու
վատի
միջեւ,
ինչպէս
նաեւ
ճիշդի
ու
սխալի
միջեւ
զանազանութեան
կարողութիւնը
հետեւանքն
է
ընդհանրապէս՝
անհատի
դաստիարակութեան
եւ
տուեալ
ընկերութեան
մէջ
կրած
իր
համայնացման
(Սոցիալացում,
Socialization)։
Բարոյականութիւնը
մարդոց
վարքն
ու
վարմունքը
կարգաւորող
հիմնական
շրջանակն
է,
մանաւանդ
այլ
մարդոց
նկատմամբ։
Բարոյականութիւնը
կը
բովանդակէ՝
բարոյական
արժէքներու
չափանիշներ,
վարմունքի
ու
վարուելակերպի
կանոններ
եւ
կեանքի
իմաստի
պատկերացումներ։
Բարոյականութիւնը
պարզ
համաձայնութենէ
մը
աւելի
պէտք
է
վաւերական
ուժի
մէջ
ըլլայ՝
բոլորին
համար.
ան
պէտք
է
պարփակէ
թէ՛
անհատները
եւ
թէ՛
հաստատութիւնները,
իրենց
ընկերային,
քաղաքական,
տնտեսական
եւ
մշակութային
ոլորտներուն
մէջ։
Բարոյականութիւնը
գլխաւորաբար
հիմնուած
է.
-
մարդկային
արժանապատուութեան
յարգանքի,
բռնութեան
մերժումի
եւ
տառապանքի
մեղմացման
վրայ։
Ինչպէս
քննադատութիւնը,
իր
«քննել
ու
դատել»
իմաստով,
մեծ
դեր
ունի
ընդհանրապէս
փիլիսոփայութեան
պարագային,
նոյնպէս
բարոյականութեան
քննադատութիւնը,
իր
զանազան
եղանակներով,
մեծ
դեր
ունի
բարոյագիտութեան
ոլորտէն
ներս։
Բարոյագիտութեան
քննադատական
գլխաւոր
եղանակներն
են.
-
բարոյագիտական
յարաբերապաշտութիւնը,
բարոյականութեան
նպատակի
դիմակազերծումը
եւ
արժէքափոխում՝
բոլոր
բարոյական
արժէքներու։
Այս
վերջին
քննադատական
եղանակի
հեղինակն
է՝
գերման
փիլիսոփայ
Ֆրիտրիշ
Նիցշէ
(Friedrich
Nietzsche,
1844
–
1900
թ.
),
որ
բարոյականութեան
քննադատութեան
մարզէն
ներս
թէ՛
հանրածանօթ
եւ
թէ
վիճելի
անուն
մըն
է
(տե՛ս
Մաս
–
6,
էջ
235)։
Այլ
անհատներու
կամ
խմբակցութիւններու
բարոյական
արժէքներուն
հանդէպ
հանդուրժողութիւն
ցոյց
տալով,
պէտք
չէ
հրաժարիլ
սեփական
բարոյական
հիմնական
արժէքներէն։
Բարոյականութիւնը,
արդար
ըլլալու
համար,
պէտք
է
հակամէտ
ըլլայ
որոշ
փոփոխութիւններու
եւ
քննադատութիւններու,
նկատի
ունենալով
որ
մարդիկ
եւ
ընկերութիւններ
ժամանակի
ընթացքին
եւս
փոփոխութեան
ենթակայ
են
ու
կը
փոխուին։
Բարոյականութիւնը
իր
իւրայատուկ
տեղը
ունի
նաեւ՝
ընկերաբանութեան,
հոգեբանութեան
եւ
աստուածաբանութեան
մարզերէն
ներս։
Աւանդականօրէն,
բարոյական
կարեւոր
հեղինակութիւն
կը
վայելէ
նաեւ
կրօնը.
հոն
եւս
կ՚ուսուցանուի՝
աստուածաբանական
բարոյագիտութիւնը։
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ
ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Այժմ
հարց
տանք,
թէ
ի՞նչ
է
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը։
Բարոյագիտութիւնը
(էթիկա,
յուն.
՝
êthikê,
լատ.
՝
ethica,
անգլ.
՝
Ethics,
գերմ.
՝
Ethik)
փիլիսոփայութեան
այն
ճիւղն
է,
որ
կը
զբաղի
մարդոց
վարմունքով,
մանաւանդ
այդ
վարմունքի
բարի
նպատակադրումով
եւ
անոր
արդարացումով
ու
հիմնաւորումով,
ինչպէս
նաեւ
անոր
հիմքերու
եւ
հետեւանքներու
գնահատումով։
Փիլիսոփայութիւնը
բաժնուած
է
երկու
գլխաւոր
մասերու՝
տեսական
եւ
գործնական։
Բարոյագիտութիւնը
գործնական
փիլիսոփայութեան
կարեւոր
մէկ
ճիւղն
է.
իսկ
տեսական
փիլիսոփայութեան,
գլխաւորաբար
մաս
կը
կազմեն՝
տրամաբանութիւնը
(Logics),
իմացաբանութիւնը
(Epistemology)
եւ
բնազանցութիւնը
(Metaphysics)։
Բարոյագիտութեան
հիմնական
հարցերը
կը
զբաղին
կանոններով,
որոնք
կը
հարթեն
մարդկային
վարմունքի
ուղին։
Այս
իմաստով
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը
պահանջք
մը
կը
բարձրացնէ.
անոր
հետեւիլը
կը
նշանակէ՝
բարոյական
ճիշդ
վարմունք,
որ
ողջունելի
է.
իսկ
անոր
չհետեւիլը
կը
նշանակէ՝
անբարոյական
վարմունք,
որ
դատապարտելի
է։
Այս
իմաստով
բարոյագիտութիւնը
անհրաժեշտօրէն
հարցադրումը
կը
կատարէ
«ճիշդ
ու
բարի
կեանքին»,
թէ՛
անհատի
եւ
թէ՛
ընկերութեան
պարագաներուն.
ան
հարցադրումը
կը
կատարէ
իւրաքանչիւր
վարմունքի
նպատակին,
ջատագովելով
բարին,
որպէս
կեանքի
հիմնական
սկզբունք։
Ինչպէս
վերը
յիշուեցաւ,
գերման
փիլիսոփայ
Կանտ
փիլիսոփայութիւնը
կը
բնորոշէ
գլխաւոր
չորս
հարցադրումներով։
Բարոյագիտութիւնը
կը
պատասխանէ
երկրորդ
հարցումին,
«ի՞նչ
պէտք
է
ընեմ»ին։
Բարոյագիտութիւնը,
որպէս
փիլիսոփայական
ճիւղ,
կը
փնտռէ
պատասխանները
այն
հարցումին,
թէ
որոշ
կացութեան
մը
մէջ
ի՞նչ
վարմունք
պէտք
է
ունենալ.
ահա
այդ
հարցումն
է,
որ
Կանտ
ամփոփած
է
պարզապէս
«ի՞նչ
պէտք
է
ընեմ»
արտայայտութեան
մէջ։
Վերոյիշեալ
պատասխանները
բարոյական
կիրառելի
կանոններ
(սկզբունքներ,
օրինակներ,
նորմեր)
են,
որոնք
կը
թելադրեն
որոշ
վարմունքի
(կամ
վարուելակերպի)
պատուէրներ,
արտօնութիւններ
կամ
արգելքներ։
Իսկ
այդ
բարոյական
կիրառելի
կանոններու
«բոլորին
կողմէ
ընդունուած»
ըլալու
հանգամանքը
եւ
անկէ
յառաջացած
հարցերը,
մէկ
խօսքով
բարոյագիտութեան
հիմնաւորման
քննարկումն
ու
անկէ
յառաջացած
բանավէճերը
ու
լեզուական
հարցերը
կը
կազմեն
փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
կարեւոր
մէկ
բաժինը,
որ
նաեւ
կը
կոչուի՝
մետաբարոյագիտութիւն
(Meta-Ethics)։
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
հիմնական
5
հարցադրումներն
են.
-
1.
Ի՞նչ
պէտք
է
ընեմ
կամ
ինչպէ՞ս
պէտք
է
վարուիմ.
2.
Ի՞նչ
է
բարոյական
ճիշդ
վարմունքը
կամ
ինչպէ՞ս
պէտք
է
ճիշդ
վարուիմ.
3.
Ինչպէ՞ս
կարելի
է
հիմնաւորել
բարոյական
վարմունքը.
4.
Ի՞նչ
է
բարոյական
վարմունքին
նպատակը
եւ
5.
Ի՞նչ
է
բարոյական
վարմունքին
հետեւանքը։
Ինչպէս
փիլիսոփայութեան
մէջ,
ընդհանրապէս,
նաեւ
բարոյագիտութեան
պարագային
կ՚օգտագործուին
որոշ
հասկացութիւններ,
զորս
պէտք
է
յստակօրէն
բնորոշել,
կանխելու
համար
որեւէ
թիւրիմացութիւն.
այս
պատճառով,
աշխատասիրութեանս
վերջաւորութեան,
առանձին
մաս
մը
(տե՛ս
Մաս
9,
էջ
367
–
527)
յատկացուած
է
«Բարոյագիտութեան
Հիմնական
Հասկացութիւններ»ուն։
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը,
մակարդակային
տեսակէտէն,
կարելի
է
բաժնել
երեքի
(տե՛ս
Մաս
3,
էջ
126)։
Այստեղ,
առանց
մանրամասնութեան,
պիտի
թուեմ
զանոնք.
-
Կանոնական
բարոյագիտութիւն
(Normative
Ethics),
Նկարագրական
բարոյագիտութիւն
(Descriptive
Ethics)
եւ
Մետաբարոյագիտութիւն
(Meta-Ethics):
Բարոյագիտութիւնը,
իր
նպատակադրումի
տեսակէտէն
գործնական
գիտութիւն
մըն
է,
ոչ
միայն
որպէս
ինքնանպատակ
գիտական
տեսութիւն,
այլեւ
պատասխանատու
գործնական
վարժութիւն։
Բարոյագիտութիւնը
պէտք
է
մարդուն
օժանդակէ
իր
առօրեայ
որոշումները
կայացնելու,
այս
երթալով
աւելի
բարդացող
աշխարհին
մէջ։
Բարոյագիտութիւնը
սակայն
կրնայ
միայն
բարի
վարմունքի
ընդհանուր
սկզբունքներ
եւ
բարոյական
արժէքներ
հիմնաւորել,
որոնց
գործադրումը
առանձին
դէպքերու
պարագային
բաւարար
չէ,
այլեւ
կը
կարօտի
գործնական
դատողականութեան
եւ
ազատ
խղճի։
Արիստոտէլ
ասիկա
կը
նմանցնէ
բժիշկին,
որ
իր
տեսական
ընդհանուր
գիտութիւնը
կը
կիրառէ
առանձին
հիւանդներու
վրայ։
Այսպիսով,
գործնական
դատողականութիւնը
եւս
պէտք
է
ընդհանուր
սկզբունքները
կիրառէ
առանձին
դէպքերու
վրայ։
Բարոյագիտութիւնը,
որպէս
հասկացութեան
եզր
ապա
փիլիսոփայական
գիտական
ճիւղ
առաջին
անգամ
ներածուած
է
յոյն
փիլիսոփայ
Արիստոտէլի
կողմէ
եւ
իր
ժամանակին
յատկանշուած
էր
սովորութիւններու
կամ
սովորոյթներու
մասին
գիտական
զբաղումով։
Սակայն
բարոյագիտութիւնը
փիլիսոփայական
մտածողութեան
մէջ
տեղ
գտած
էր
աւելի
կանուխ,
յոյն
փիլիսոփայ
Սոկրատէսի
եւ
նոյնիսկ
նախասոկրատեան
ժամանակներուն։
Վերոյիշեալ
առաջին
մտածողութեան
հիմք
կը
ծառայէր
այն
գաղափարը,
որ
մարդու
համար,
որպէս
բանականութիւն
ունեցող
էակ,
անպատշաճ
վարմունք
է
միայն
աւանդական
սովորութիւններով
առաջնորդուիլը։
Արդարեւ,
բարոյագիտութիւնը,
որպէս
փիլիսոփայական
գիտական
ճիւղ,
կառուցուած
է
բանականութեան
սկզբունքին
վրայ.
սկզբունք
մը,
որ
ըմբռնելի
է
բանաւոր
էակներէն
եւ
կը
բխի
Գերագոյն
Բարի
ի
(յուն.
՝
to
agáthon,
լատ.
՝
summum
bonum,
անգլ.
՝
The
Highest
Good,
գերմ.
՝
das
höchste
Gut)
վսեմ
գաղափարէն։
Այս
իմաստով
ան
կը
զանազանուի
դասական
աստուածաբանական
բարոյագիտութենէն
եւ
այլ
բարոյականութիւններէ,
որոնց
համար
հիմք
կը
ծառայեն
զանազան
կրօնական
սկզբունքներ
եւ
այլ
հեղինակութիւններէ
կամ
աւանդութիւններէ
բխող
կողմնորոշումներ։
Նաեւ
բանական
որոշումի
տեսութիւն
ը
(անգլ.
՝
Decision
Theory,
գերմ.
՝
Entscheidungstheorie)
կը
պատասխանէ
«ի՞նչ
վարմունք
պէտք
է
ունենալ»
հարցումին.
սակայն
ան
կը
զատորոշուի
բարոյագիտութենէն,
որովհետեւ
բանական
որոշումի
տեսութիւնը
անպայման
«բարոյական
բարի»ին
տեսութիւնը
չէ.
յետոյ
անիկա
անպայման
բոլորին
կողմէ
ընդունուած
չէ,
այլ
կրնայ
անձնական
բնոյթ
կրել
կամ
որոշ
խմբաւորումի
մը
յատուկ
ըլլալ։
Մարդկային
վարմունքը
կը
յառաջանայ
ո՛չ
միայն
կենսական
(բնազդի
միջոցով),
պատմական
(պատմական
կանոններով),
ընկերային
(ընկերային
յարաբերութիւններով)
ու
մշակութակրօնական
(բնազանցական
կարգով)
ազդակներէն,
այլեւ
ու
մանաւանդ
ան
կը
յառաջանայ
մարդու
ազատութեան
ազդակէն։
Այլ
խօսքով,
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը,
առանց
այլ
միջոցներու
եւ
կարգերու
դիմելու,
կը
հիմնուի
մարդկային
բանականութեան
սկզբունքին
վրայ.
այս
պատճառով
ալ
ան
ճանաչողական
բնոյթ
կը
կրէ,
այսինքն՝
անդրադարձային
նկարագիր
ունի
եւ
ճիշդ
այս
պատճառով
ալ
կարելի
է
հարցաքննութեան
ու
մանրակրկիտ
զննումի
ենթարկել։
Այս
իմաստով,
ինչպէս
վերը
յիշուեցաւ,
ան
կը
զանազանուի
դասական
աստուածաբանական
բարոյագիտութենէն,
որ
կը
հիմնուի
կրօնի
ու
եկեղեցւոյ
կողմէ
ընդունուած
հաւատքին
վրայ,
ուր
փոխան
ապացոյցներու
առանձնաշնորհում
կը
ստանայ՝
աստուածայայտնութեան
վարդապետութիւնը։
Այս
իմաստով,
եթէ
բաղդատենք
փիլիսոփայական
եւ
աստուածաբանական
բարոյագիտութիւնները,
պիտի
տեսնենք,
որ
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը՝
կը
հիմնաւորուի
գիտութեամբ՝
փոխան
հաւատքի,
պարզաբանութեամբ՝
փոխան
յայտնութեան
եւ
քննարկումով՝
փոխան
հնազանդութեան։
Ուրեմն,
բարոյական
որոշումները,
ըստ
փիլիսոփայութեան,
կարելի
չէ
ներհմտութեամբ
կամ
ներհայեցողութեամբ
(Intuition)
կատարել,
այլեւ
հարկաւոր
է
որոշ
գիտական
հիմք,
որ
հարցադրման
հորիզոնը
կը
յստակացնէ։
Այս
գաղափարը
աւելի
շօշափելի
դարձնելու
համար,
կը
մէջբերուի
հետեւեալ
օրինակը.
-
բժշկական
մարզէն
ներս
կարելի
է
հարցադրել,
թէ
սաղմերու
վիժումը
եւ
անոնց
գիտահետազօտական
նպատակներով
օգտագործումը
կամ
շահագործումը
արդեօք
արտօնելի՞
է.
այս
հարցադրման
քննարկումը
սակայն
կը
պահանջէ
մասնագիտական
հիմք։
Իսկ
վերջնական
որոշման
յանգելէ
առաջ,
նախ
պէտք
է
պարզաբանել,
թէ
ի՞նչ
է
կեանքը
ու
ե՞րբ
կը
սկսի
ան
կամ
ինչո՞ւ
նման
հարցադրում
մը
կը
քննարկուի,
երբ
խնդրոյ
առարկան
մարդկային
սեռն
է,
եւայլն…։
Այստեղ
փակագիծ
մը
բանալով
դարձեալ
հաստատենք,
որ
թէեւ
ներկայ
աշխատասիրութեան
հիմք
պիտի
ծառայէ՝
Արեւմտեան
փիլիսոփայութիւնը
(տե՛ս
Մաս
–
1,
էջ
21),
սակայն,
հետագայ
առանձին
բաժնի
մը
մէջ
(
Մաս
–
8,
էջ
284-էն
մինչեւ
էջ
366)
պիտի
նշուին
ասիական
կամ
արեւելեան
կրօնափիլիոսփայութիւնները
եւ
իրենց
առնչուած
բարոյագիտութիւնը։
Եթէ
նկատի
ունենանք
փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
դիրքը
կարգ
մը
այլ
փիլիսոփայական
ուղղութիւններու
նկատմամբ,
պիտի
տեսնենք,
որ
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը
որոշ
դժուարութեան
կը
բախի
որեւէ
միապաշտական
(Monism)
կամ
միակողմանի
դիրքորոշումերուն
հանդէպ
եւ
ասոնց
հակադրութիւններուն
հանդէպ,
ինչպէս՝
յարաբերապաշտութիւնը
(Relativism)։
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը
նաեւ
որոշ
դժուարութեան
կը
բախի
այլ
փիլիսոփայական
ուղղութիւններու
հանդէպ,
ինչպէս՝
ոչնչապաշտութիւնը
(նիհիլիզմ,
Nihilism),
կասկածապաշտութիւնը
(սկեպտիկութիւն,
Skepticism),
յուզապաշտութիւնը
(Emotivism),
դրապաշտութիւնը
(Positivism)
եւ
վճռապաշտութիւնը
(Decisionism):
Վերոյիշեալ
փիլիսոփայական
եզրոյթները,
հարկ
է
բնորոշել՝
բարոյագիտութեան
տեսանկիւնէն
դիտուած.
-
1.
Միապաշտութիւն
Միապաշտութիւնը
(Monism)
փիլիսոփայական
կամ
բնազանցական
դիրքաւորում
մըն
է,
որուն
համաձայն
աշխարհի
բոլոր
դէպքերն
ու
երեւոյթները
հիմնական
մէկ
սկզբունք
ունին։
Բարոյագիտութիւնը
կը
մերժէ
որեւէ
միակողմանի
դիրքաւորում։
2.
Յարաբերապաշտութիւն
Յարաբերապաշտութիւնը
(Relativism)
փիլիսոփայական
տեսութիւն
մըն
է,
որուն
համաձայն
ընդհանուր
եւ
բացարձակ
իմացութիւն
չկայ
եւ
ամէն
ինչ
յարաբերական
է։
Այս
տեսութեան
համաձայն
չկան
նաեւ
ընդհանուր
եւ
բացարձակ
բարոյական
արժէքներ։
3.
Ոչնչապաշտութիւն
Ոչնչապաշտութիւնը
(Nihilism)
փիլիսոփայական
տեսութիւն
մըն
է,
որ
ընդհանուր
առմամբ
կը
ժխտէ
գոյութիւնը,
իմացութիւնը
եւ
բարոյական
ու
դրական
արժէքները։
Խօսակցական
լեզուի
մէջ
եւս,
այս
հասկացութիւնը
յաճախ
կ՚օգտագործուի
որպէս
հակաճառութիւն
ընդդէմ
դրական
բոլոր
արժէքներուն։
4.
Կասկածապաշտութիւն
Կասկածապաշտութիւնը
(Սկեպտիկութիւն,
Skepticism)
փիլիսոփայական
ուղղութիւն
մըն
է,
որ
կասկածելի
ու
տարակուսելի
կը
գտնէ
իմացութեան
բոլոր
կարելիութիւնները
եւ
որուն
համաձայն
իրականութեան
եւ
ճշմարտութեան
ճանաչողութիւնը
հարցական
է,
յարաբերական
է
կամ
ընդհանրապէս
անկարելի
է։
Բարոյագիտութիւնը
որոշ
դժուարութիւն
ունի
կասկածապաշտ
(սկեպտիկ)
ուղղութեան
հանդէպ,
որովհետեւ,
ինչպէս
յիշեցինք,
ան
կասկածամտութեամբ
կը
մօտենայ
օրինակ,
բոլորին
կողմէ
ընդունուած՝
Գերագոյն
Բարիի
մը
գոյութեան։
5.
Յուզապաշտութիւն
Յուզապաշտութիւնը
(Emotivism)
փիլիսոփայական
տեսութիւն
մըն
է,
որ
կը
պատկանի
մետաբարոյագիտութեան։
Այստեղ
բարոյական
արժէքները
նկարագրական
բնոյթ
չունին,
այլ
կը
ծառայեն
լոկ
նպատակին,
որպէսզի
յառաջ
եկած
զանազան
զգացումներով
կարելի
ըլլայ
ուրիշներու
վրայ
ազդել
կամ
զանոնք
համոզել։
Այս
դրոյթի
համաձայն՝
բարոյական
արտայայտութիւնները
ենթակայական
են
եւ
ճանաչողական
չըլլալով
չեն
կրնար
ճիշդ
կամ
սխալ
ըլլալ։
Այլ
խօսքով
բարոյագիտութեան
ճանաչողական
կարողութիւնը
կը
հերքուի,
որովհետեւ
բարոյական
համոզումները
չեն
ենթարկուիր
տրամաբանականմաթեմատիկական
քննարկման։
6.
Դրապաշտութիւն
Դրապաշտութիւնը
(Positivism)
փիլիսոփայական
ուղղութիւն
մըն
է,
որուն
համաձայն
իմացութիւնը
կարելի
է
միայն
փորձառական
ուսումնասիրութիւններով,
առանց
նկատի
ունենալու
իմացութեան
այլ
կարելիութիւնները։
Բարոյագիտութեան
մէջ
կարելի
չէ
ընդունիլ
դրապաշտ
վարմունք
մը
կամ
դրապաշտութիւնը՝
անոր
միակողմանիութեան
պատճառով։
7.
Վճռապաշտութիւն
Վճռապաշտութիւնը
(Decisionism)
քաղաքական
եւ
իրաւաբանական
տեսութիւն
մըն
է,
ուր
որոշումը
եւ
մանաւանդ
որոշող
անհատը
ինքնին
կը
շեշտաւորուին,
առանց
նկատի
առնելու
այդ
որոշման
բովանդակութիւնն
ու
հիմնաւորումը։
Այս
պատճառով
ալ
կարելի
չէ
բարոյագիտութեան
մէջ
ընդունիլ
վճռապաշտ
վարմունք
մը,
որովհետեւ
ան
չէ
հիմնաւորուած՝
տրամաբանական
վերլուծմամբ
կամ
բարոյական
յստակ
չափանիշերով։
Բարոյագիտութիւնը,
եթէ
մէկ
կողմէն
բարդ
մասնագիտութիւն
մըն
է,
որմէ
բարոյական
խրթին
հարցերու
պարզաբանումն
ու
լուծումը
կը
սպասուի,
միւս
կողմէն
սակայն,
ան
ներկայ
է
մեր
ամէնօրեայ
զանազան
որոշումներուն
մէջ։
Այս
իմաստով,
կարելի
է
խօսիլ
կիրառական
բարոյագիտութեան
(Applied
Ethics)
մասին
(տե՛ս
Մաս
7,
էջ
239-էն
սկսեալ)։
Կիրառական
բարոյագիտութեան
նիւթերը
աւանդականօրէն
կարելի
է
թերեւս
բաժնել՝
անհատական
եւ
ընկերահասարակական
բարոյագիտութեան
ընդհանուր
խումբերու,
սակայն
այս
բաժանումը
այնքան
ալ
օգտակար
չէ,
մանաւանդ
որ
անհատը
որոշ
ընկերայինհասարակական
շրջապատի
մը
անդամն
է
արդէն։
Այս
իմաստով
աւելի
նախընտրելի
է
կիրառական
բարոյագիտութիւնը
առնչել
ընկերահասարակական
շրջապատի
մը
եւ
անոր
հաստատութիւններուն,
ինչպէս
քաղաքական,
իրաւական,
տնտեսական,
գիտական,
բնապահպանական,
լրատուական,
բժշկական,
կենսաբանական
եւայլն…։
Գործնական
տեսակէտէն,
կարելի
է
վերոյիշեալ
բնագաւառներէն
իւրաքանչիւրը,
որպէս
բարոյագիտական
ինքնուրոյն
հաստատութիւն
նկատել։
Այլ
խօսքով,
օրինակի
համար,
բժշկակենսաբանական
բարոյական
հարցերով
զբաղող
առանձին
բարոյագիտական
հաստատութիւններ
կան,
որոնք
կը
քննարկեն
իրենց
բնագաւառի
խնդրայարոյց
զանազան
հարցերը,
ինչպէս
օրինակ.
-
սաղմի
վիժումը
(Abortion),
հեշտամահութիւնը
(Euthanasia),
մարմնի
մասերու
փոխպատուաստումը
(Transplantation),
ծինաբանութեան
(Genetics)
եւ
սեռային
հարցերը։
Կիրառական
բարոյագիտութեան
նիւթերը,
իրենց
կարեւորութեան
չափանիշով
եւ
բնագաւառի
հետ
առնչուած
զանազան
հարցերով
հետաքրքրութեան
կիզակեդրոն
կը
հանդիսանան
ընկերութեան
մը
մէջ,
ուր
տեղի
կ՚ունենան՝
մասնագիտական
քննախօսութիւններ
(Discourse)
եւ
հանրային
վիճաբանական
ասուլիսներ։
Այս
ձեւով
ընկերութիւնը
լուսաբանութիւններ
կը
ստանայ
տուեալ
նիւթին
շուրջ
եւ,
ի
հարկին,
կրնայ
բարոյական
կողմնորոշումներ
կատարել։
Իւրայատուկ
ընկերային
հասարակութենէն
ու
մշակոյթէն
դուրս
գալով,
բարոյագիտական
քննախօսութեամբ,
կարելի
է
ընդհանրապէս՝
բաղդատականներ
կատարել
զանազան
մշակոյթներու
միջեւ
եւ
բացայայտել
մարդկային
բանականութեան
վրայ
հիմնուած
հասարակաց
տարրերն
ու
բարոյական
կանոնները։
Այս
իմաստով,
միջմշակութային
բարոյագիտական
քննախօսութիւնը
պէտք
է
հետեւի
քննախօսութեան
բոլոր
կանոններուն
եւ
սկզբունքներուն,
որոնց
մասին
հարկ
է
որոշ
մանրամասնութեամբ
եւ
առանձնաբար
անդրադառնալ
(տե՛ս
Մաս
–
5,
էջ
220)։
Առօրեայ
կեանքին
մէջ,
այլ
մարդոց
հետ
շփման
ընթացքին,
տեղի
կ՚ունենան
պատահարներ
եւ
մենք
կ՚անդրադառնանք
անոնց։
Երբեմն
կը
վրդովինք,
մեր
հետ
առնչութիւն
ունեցող
կամ
մեզի
հանդէպ
կիրարկուած,
մեր
տեսակէտով՝
բոլորովին
անարդար
կամ
անպատշաճ
արարքներուն
պատճառով.
երբեմն
ալ
կը
գովենք
բարի
արարք
մը,
որ
մեզի
հետ
անմիջական
կապ
ունի
կամ
չունի։
Երբեմն
կը
քննարկենք
մեր
կատարած
արարքները
կամ
մեր
ունեցած
վարմունքը
եւ
հարց
կու
տանք,
թէ
արդեօք
ատիկա
ճի՞շդ
էր
կամ
սխալ։
Երբեմն
ալ,
արարք
մը
գործելէ
առաջ,
կը
մտածենք,
թէ
արդեօք
ճի՞շդ
է
նմանօրինակ
քայլ
մը
առնելը,
ինչպէ՞ս
կարելի
է
այդ
արարքը
հիմնաւորել
ապա
որոշել։
Մենք
ուրիշներէն
կը
պահանջենք,
օրինակ,
որ
մեզի
հետ
արդարութեամբ
վարուին
եւ
յարգեն
ընկալեալ
քաղաքավարութեան
բոլոր
կանոնները
կամ
այլ
բարոյական
կանոնները։
Եթէ
ասիկա
չպատահի՝
կրնանք
վրդովիլ,
կրնանք
քննադատել
եւ
նոյնիսկ
բողոքել։
Նոյնն
է
պարագան,
երբ
ուրիշներ
մեր
որեւէ
մէկ
արարքը
կամ
վարմունքը
քննադատեն։
Այս
պարագային,
յաճախ
կը
փորձենք՝
մենքզմեզ
արդարացնել
կամ
նուազագոյն՝
ներողութիւն
խնդրել։
Այս
իմաստով,
բարոյական
բոլոր
արժեւորումները
(գովասանք
կամ
մեղադրանք)
նկատի
ունենալով,
որ
մենք
միաժամանակ
անոնց
թէ՛
հաղորդողներն
ու
թէ
ընդունողներն
ենք։
Բարոյական
դատողութեան
ու
արժեւորումներու,
ինչպէս
նաեւ
բարոյական
վարմունքի
պարագաներուն,
պէտք
է
բոլորովին
յստակ
ըլլան
հետեւեալ
3
հարցադրումները
ու
անոնք
պէտք
է
ունենան
իրենց
սպառիչ
ու
համոզիչ
պատասխանները.
-
ա)
Որո՞նք
են
բարոյագիտութեան
հիմնական
հասկացութիւնները
եւ
ինչպէ՞ս
կարելի
է
ըմբռնել
զանոնք.
բ)
Որո՞նք
են
բարոյագիտութեան
գլխաւոր
տեսութիւնները
եւ
արդեօք
կարելի՞
է
այդ
տեսութիւններով
լուսաւորուած
իւրայատուկ
ուղիներէն
մէկը
կամ
միւսը
ընտրել.
եւ
գ)
Համոզիչ
դառնալու
համար,
ինչպէ՞ս
կարելի
է
բարոյագիտութիւնը
հիմնաւորել,
քննադատութեան
լուսարձակին
տակ։
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
առնչուած,
վերոյիշեալ
բազմաթիւ
դրական
հաստատումներու
կողքին,
հարկ
է
որոշ
յստակութեամբ
շեշտել,
որ
բարոյագիտութիւնը
արգելքներու
աղիւսակ
մը
կամ
ցուցակ
մը
չէ
երբեք,
որմէ
հասկնալի
ըլլայ,
թէ
ի՞նչ
կարելի
է
ընել
եւ
ի՞նչ
չընել։
Ան
նաեւ
կանոններու
հաւաքածոյ
կամ
դրութիւն
մը
չէ։
Բարոյագիտական
որեւէ
պարզ
կամ
խրթին
հարց
հարկ
է
հանգամանօրէն
եւ
որոշ
մանրամասնութեամբ
քննարկել
ու
քննախօսել։
Բարոյագիտութեան
այս
աշխատասիրութիւնը
պիտի
փորձէ
վերոյիշեալ
եւ
այլ
բազմաթիւ
հարցերու
պատասխանները
գտնել։
Անշուշտ
որ
բարոյագիտութեան
մասին
այս
փիլիսոփայական
ակնարկը
չի
կրնար
ամբողջական
ըլլալ.
թերեւս
այս
աշխատասիրութեամբ
յառաջանան
յաւելեալ
եւ
բոլորովին
նոր
հարցեր,
ինչ
որ
յոյժ
փափաքելի
է։
Այսուհանդերձ
յուսալի
է,
որ
այս
աշխատասիրութիւնը
օժանդակէ,
աւելի
մօտէն
ծանօթանալու՝
բարոյագիտական
զանազան
հարցերուն,
բազմաթիւ
հասկացութիւններուն,
համոզիչ
հիմնաւորումներուն
ու
տարբեր
տեսութիւններուն
եւ
այս
միջոցով
կազմելու՝
զուտ
անձնական
բարոյագիտական
մտածողութիւնը
կամ
մտածելակերպը։
Ուսումնասիրելու
համար
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը,
աշխատասիրութեանս
որպէս
հիմք
պիտի
ծառայէ
հետեւեալ
կառոյցը.
-
Մաս
–
1
Ներածութիւն
–
Introduction
(էջ
21)
ուր
արագ
ակնարկով
կը
ներկայացուին՝
փիլիսոփայութիւնն
ու
փիլիսոփան,
բարոյականութիւնը
ու
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը,
իրենց
ընդհանուր
գիծերուն
մէջ։
Մաս
–
2
Բարոյագիտութեան
պատմութիւն
–
History
of
Ethics
(էջ
37)
ուր
ժամանակագրական
կարգով
եւ
փիլիսոփայութեան
պատմութեան
լոյսին
տակ,
կը
ներկայացուին
բարոյագիտութեան
ընթացքն
ու
զարգացումը,
հնադարեան
ժամանակներէն
մինչեւ
մեր
օրերը,
ինչպէս
նաեւ
կը
ներկայացուին՝
նշանաւոր
բարոյագէտ
փիլիսոփաները
եւ
անոնց
փիլիսոփայական
ուղղութիւնները։
Մաս
–
3
Մետաբարոյագիտութիւն
–
Meta-Ethics
(էջ
126),
ուր
կը
ներկայացուին
բարոյագիտութեան
մակարդակային
բաժանումները
եւ
կը
մանրամասնուին
լեզուավերլուծական
կամ
մեթոդական
բնոյթի
արտայայտութիւնները։
Մաս
–
4
Բարոյագիտութեան
հիմնաւորում
–
Grounding
of
Ethics
(էջ
139)
ուր
կը
ներկայացուին
բարոյագիտական
տարբեր
տեսութիւններու
քննարկման
ու
հիմնաւորման
մեթոդները,
զանոնք
աւելի՛
համոզիչ
եւ
ընդունելի
դարձնելու
համար։
Մաս
–
5
Բարոյագիտութեան
տեսութիւններ
–
Theories
of
Ethics
(էջ
156)
Ուր
առանձնապէս
կը
ներկայացուին
բարոյագիտութեան
գլխաւոր
5
տեսութիւնները
(պարտագիտական,
նպատակաբանական,
առաքինութեան,
զգացումի
եւ
քննախօսութեան
բարոյագիտութիւնները),
որոշ
մանրամասնութեամբ։
Մաս
–
6
Բարոյականութեան
քննադատութիւն
–
Critique
of
Ethics
(էջ
231)
ուր
կը
ներկայացուին
բարոյականութեան
քննադատութեան
զանազան
եղանակները.
-
«
բարոյագիտական
յարաբերապաշտութիւն»,
«բարոյականութեան
նպատակի
դիմակազերծում»,
«Նիցշէի
բարոյաքննադատութիւն»
եւ
«Ծայրայեղ
բարոյաքննադատութիւն»։
Մաս
–
7
Կիրառական
բարոյագիտութիւն
–
Applied
Ethics
(էջ
239)
ուր
կը
ներկայացուին
գործնական
կամ
կիրառական
բարոյագիտութեան
հիմնական
սկզբունքները
եւ
որպէս
յատուկ
օրինակներ
կը
յիշուին
բժշկական
բարոյագիտութիւնը
(Medical
Ethics),
կենսաբարոյագիտութիւնը
(Bioethics),
ծինաբարոյագիտութիւնը
(Genethics)
եւ
ընտանիքի
բարոյագիտութիւնը
(Family
Ethics)։
Մաս
–
8
Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
բարոյագիտութիւնը
–
Ethics
in
the
eastern
religious
philosophy
(էջ
284)
ուր
կը
ներկայացուին
արեւելեան
կամ
ասիական
կարեւորագոյն
կրօնափիլիսոփայութիւնները
եւ
իրենց
իւրայատուկ
բարոյագիտութիւնը։
Այստեղ
յիշուած
են
հնդկական,
չինական,
ճապոնական
ու
իրանապարսկական
կրօնափիլիսոփայութիւնները։
Մաս
–
9
Բարոյագիտութեան
հիմնական
հասկացութիւններ
–
Fundamental
concepts
of
ethics
(էջ
367)
ուր
կը
ներկայացուին
զանազան
եզրեր,
բառակապակցութիւններ
եւ
հասկացութիւններ
(թիւով`
33),
որոնք
բարոյագիտութեան
ուսումնասիրութեան
համար
հիմնական
կարեւորութիւն
ունին։
Մաս
–
10
Յաւելուած
–
Appendix
(էջ
528)
ուր
տեղ
կը
գտնեն.
-
1.
Հայերէնի
եզրաբանութիւն
–
Armenian
Terminology
(էջ
529)
խորհրդածութիւններ,
Հայերէնի
եզրաբանութեան
եւ
բառակերտումի
մասին,
ինչպէս
նաեւ
կարգ
մը
ակնարկներ՝
տառադարձութեան
եւ
գրադարձութեան
մասին։
2.
Կրճատումներու
ցանկ
–
List
of
Abbreviations
(էջ
533)
ուր
նշուած
են՝
աշխատասիրութեանս
մէջ
տեղ
գտած
կրճատումները
կամ
համառօտագրութիւնները։
3.
Մատենագիտական
ցանկ
–
Bibliography
(էջ
535)
ուր
նշուած
են՝
աշխատասիրութեանս
համար
օգտագործուած`
հայ
եւ
գլխաւորաբար
օտար
(գերմաներէն
եւ
անգլերէն)
աղբիւրները։
4.
Անուանացանկ
–
List
of
Names
(էջ
542)
այստեղ
համատեղուած
են
աշխատասիրութեանս
մէջ
յիշուած
բոլոր
անձնական
անունները
(թիւով՝
238),
անոնց
անգլերէն
կամ
այլ
լեզուներով
գրելաձեւերը
եւ
յաւելեալ
հակիրճ
տեղեկութիւններ։
5.
Բառացանկ
–
List
of
Words
(էջ
577)
այստեղ
համատեղուած
են
աշխատասիրութեանս
մէջ
տեղ
գտած
յատուկ
կարեւորութիւն
ունեցող
եզրերը
(թիւով՝
1348)
եւ
անոնց
հոմանիշ
անգլերէն
(E)
եզրերը,
ինչպէս
նաեւ
կարգ
մը
բառերու
պարագային,
անոնց
հինյունարէն
(H),
լատիներէն
(L)
եւ
գերմաներէն
(G)
եզրերը։
Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
եզրեր,
աստուածներ
ու
անուններ
–
(էջ
617)
Terms,
Gods
and
Names
in
Eastern
Religious
Philosophy
Աշխատասիրութեանս
Մաս
8-ի
յատուկ,
ընդհանրապէս՝
սանսկրիտ
(սնսկ.
),
չինարէն
(չին.
),
ճապոներէն
(ճապ.
),
պարսկերէն
(պրսկ.
),
արաբերէն
(արաբ.
) ...
կրօնափիլիսոփայական
եզրերը
(թիւով՝
133),
աստուածները
(թիւով՝
20)
ու
կրօնափիլիսոփաներու
անունները
(թիւով՝
40)։
Վերջաբան
–
Epilogue
(էջ
637)
