Մաս
–
7
ԿԻՐԱՌԱԿԱՆ
ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Applied
Ethics
Ի՞նչ
է
կիրառական
բարոյագիտութիւնը։
Կիրառական
բարոյագիտութիւնը
(անգլ.
՝
Applied
Ethics,
գերմ.
՝
Angewandte
Ethik),
որպէս
ընդհանուր
ու
վերին
հասկացութիւն
կը
բովանդակէ
տարբեր
բնագաւառներու՝
գործնական
ու
կիրառելի
բարոյագիտութիւնը։
Կիրառական
բարոյագիտութեան
հիմքը
ընդհանուր
բարոյագիտութիւնն
է,
որմէ
կը
ստանայ
իր
բարոյագիտութեան
հիմնական
հասկացութիւնները,
հիմնաւորումն
ու
զանազան
տեսութիւնները։
Ասոնց
վրայ
կու
գան
աւելնալ,
տուեալ
բնագաւառի
յատուկ
մասնագիտական
գիտելիքները։
20-րդ
դարու
երկրորդ
կէսէն
սկսեալ,
տարբեր
բնագաւառներու
յատուկ
կիրառական
բարոյագիտութիւնը
աւելի
տարածուեցաւ,
որովհետեւ
արդիական
ընկերութիւնները
բարոյագիտութենէն,
զանազան
հարցերու
մասին՝
բարոյական
գործնական
ու
կիրառելի
դիրքորոշումներ
կը
պահանջէին։
Եթէ
սկզբնական
շրջանին,
բժշկական
ու
կենսաբանական
բնագաւառներու
բարոյագիտութիւնը
հետաքրքրութեան
կիզակեդրոն
կը
հանդիսանար,
շուտով
սակայն,
ասոնց
վրայ
կու
գային
աւելնալ
բազմաթիւ
այլ
բնագաւառներու
յատուկ
բարոյագիտութիւնը,
ինչպէս՝
տնտեսական,
բնապահպանական,
ծինաբանական,
ընտանեկան,
քաղաքական
ու
գիտական
զանազան
ճիւղերու
վերաբերեալ
կիրառական
բարոյագիտութիւնը։
Բնագաւառներու
արագօրէն
բազմացման
եւ
հարցերու
զանազանութեան
հետ,
ժամանակի
ընթացքին,
մեծապէս
փոփոխութեան
ենթարկուեցան
նաեւ
կիրառական
բարոյագիտութեան
կարեւորութիւնն
ու
դիմագիծը,
հետեւեալ
ձեւով.
-
Կարեւորութեան
փոփոխութիւնը
կը
կայանայ
բարոյագիտութեան
ոլորտի
ընդարձակութեան
մէջ։
Եթէ
օրինակ
վերցնենք
բնապահպանութեան
ոլորտը,
կը
տեսնենք
որ
այս
բնագաւառի
բարոյագիտութիւնը
կ՚ընդգրկէ,
ոչ
միայն
բնապահպանութիւնը՝
իր
նեղ
իմաստով,
այլ
նաեւ
բնապահպանութեան
հետ
առնչուած
բոլոր
ոլորտները
իրենց
տարբեր
հարցերով։
Դիմագծի
փոփոխութիւնը
կը
կայանայ
բարոյագիտութեան
ոլորտի
կիրառման
մեթոդաբանական
փոփոխութիւններուն
մէջ։
Բարոյագիտութիւնը
դուրս
կու
գայ
իր
ակադեմականհամալսարանական
շրջագիծէն
եւ
մուտք
կը
գործէ
աւելի
լայն
հասարակութեան
մէջ՝
զանազան
լրատուական
ու
հաղորդակցական
միջոցներով։
Այլ
խօսքով,
կիրառական
բարոյագիտութիւնը
զուտ
գիտական
մասնագիտութիւն
մը
չէ
այլեւս,
այլ՝
վերածուած
է
աշխոյժ
գործունէութեան
մը
ու
կը
գործէ
միանգամայն`
գիտութեան
ու
հասարակութեան
զոյգ
մակարդակներու
վրայ։
Եթէ
դարձեալ
օրինակ
վերցնենք
բնապահպանութեան
ոլորտը,
կը
տեսնենք
որ
այս
բնագաւառի
բարոյագիտութիւնը,
իր
զանազան
հարցերով,
համալսարանի
կողքին,
քննարկման
նիւթ
դարձած
է
նաեւ
լրաթերթերու
մէջ
ու
որպէս
վիճաբանական
ասուլիսներ
կը
սփռուին
հեռատեսիլէն
(Television)
ու
ձայնասփիւռէն
(Radio)։
Կիրառական
բարոյագիտութեան
պարագային,
պէտք
է
զանազանել
երկու
տարբեր
մակարդակներ.
-
առաջինը՝
հիմնական
գիտական
մակարդակն
է
իսկ
երկրորդը՝
կիրառական
մակարդակը։
Մինչ
առաջինի
պարագային
նկատի
կ՚առնուին՝
մետաբարոյագիտութեան
հարցերը
ու
անոնց
անդրադարձը՝
հասկացութիւններու,
սկզբունքներու
ու
կանոններու
վրայ,
երկրորդի
պարագային
նկատի
կ՚առնուի՝
այդ
հասկացութիւններու,
սկզբունքներու
ու
կանոններու
կիրառումը
տուեալ
բնագաւառի
մէջ։
Այս
իմաստով,
գիտական
մակարդակի
վրայ,
իւրաքանչիւր
յանձնարարութիւն,
վաւերական
դառնալու
համար,
պէտք
է
հիմնաւորուած
ըլլայ
բարոյագիտութեան
ընդունուած
տեսութեամբ
մը.
իսկ
կիրառական
մակարդակի
վրայ՝
անհրաժեշտութիւն
կը
նկատուի
անոր
գիտական
տարբեր
մասնաճիւղերէն
ընդունուած
ըլլալու
հանգամանքը։
Պատմութեան
ընթացքին,
կիրառական
բարոյագիտութեան
բնագաւառներու
դասաւորման
զանազան
ճիգեր
եղած
են։
Կիրառական
բարոյագիտութիւնը,
աւանդականօրէն,
թերեւս
կարելի
է
բաժնել՝
երկու
ընդհանուր
խումբերու.
-
անհատական
եւ
ընկերայինհասարակական
բարոյագիտութիւններ։
Սակայն
այս
բաժանումը
այնքան
ալ
օգտակար
չէ,
մանաւանդ
որ
անհատը
որոշ
ընկերային
հասարակական
շրջապատի
մը
անդամն
է
արդէն։
Այս
իմաստով
նախընտրելի
է
կիրառական
բարոյագիտութիւնը
առնչել
ընկերային
շրջապատի
մը
եւ
անոր
զանազան
հաստատութիւններուն
հետ։
Այսօր,
գիտական
զանազան
բնագաւառներու
իւրայատուկ
կիրառական
բարոյագիտութիւններ
կան,
ինչպէս
օրինակ՝
բժշկութեան,
կենսաբանութեան,
ծինաբանութեան,
բնապահպանութեան,
անվտանգութեան,
ոստիկանութեան,
իրաւաբանութեան,
տեղեկատուութեան,
քաղաքականութեան,
գիտութեան,
կրթութեան,
մշակութաբանութեան,
տնտեսութեան,
աշխատանքի,
ընտանիքի,
անասուն
կենդանիներու,
ապագայի,
եւայլն...
։
Յիշեալ
բնագաւառներու
բարոյագիտական
քննարկումը
պէտք
է
անպայման
տեղի
ունենայ
միջգիտաճիւղային
(Interdisciplinary)
եւ
քննախօսական
(Discoursive)
դրութեամբ,
յարգելով
քննախօսութեան
(
)
բոլոր
կանոններն
ու
սկզբունքները։
Իսկ
քննախօսութեան
մասնակիցները
պէտք
է
նաեւ
մասնագէտները
ըլլան
տուեալ
բնագաւառին,
օրինակ՝
տնտեսութեան
բարոյագիտութեան
պարագային,
հարկ
է
տնտեսագէտներու
մասնակցութիւնը։
Այստեղ,
որպէս
կիրառական
բարոյագիտութեան
օրինակներ,
կը
նշեմ
բժշկագիտական
բնագաւառի
յատուկ
բարոյագիտութիւնը
իր
երեք
գլխաւոր
գիտաճիւղերով,
ինչպէս
նաեւ
ընտանեկան
բարոյագիտութիւնը.
-
1.
Բժշկութեան
բարոյագիտութիւն
(Medical
Ethics),
որ
կ՚ընդգրկէ՝
ընդհանուր
բժշկութեան,
գերհոգատարական
բժշկութեան,
վիրահատութեան,
սաղմնաբանութեան
(Embryology),
մարդկային
սեռային
(Sexual)
հարցերու,
համաճարակաբանութեան
(Pandemia)
եւ
առողջապահութեան
(Hygiene)
ոլորտները.
2.
Կենսաբարոյագիտութիւն
(Bioethics),
որ
կ՚ընդգրկէ՝
ընդհանրապէս
կենսաբժշկութեան
(Biomedicine)
ոլորտը.
3.
Ծինաբարոյագիտութիւն
(Genethics),
որ
կ՚ընդգրկէ՝
ընդհանուր
ծինաբանութեան
(Genetics)
ոլորտը.
եւ
4.
Ը
նտանիքի
բարոյագիտութիւն
(Family
Ethics),
որ
կ՚ընդգրկէ՝
փոքր
կամ
մեծ
ընտանիքի
ոլորտը։
Ա.
Գլուխ
Բժշկական
Բարոյագիտութիւն
Medical
Ethics
Կիրառական
բարոյագիտութեան
(Applied
Ethics)
ոլորտէն
ներս,
ի՞նչ
է
բժշկական
բարոյագիտութիւնը
եւ
որո՞նք
են
անոր
գլխաւոր
հարցերը։
Բժշկական
բարոյագիտութիւնը
կարելի
է
բնորոշել,
որպէս
բժշկութեան
ու
առողջապահութեան
բարոյական
հարցերով
զբաղող
կիրառական
մասնագիտութիւն,
որ
անմիջական
կապ
ունի
կենսաբարոյագիտութեան
(Bioethics)
եւ
ծինաբարոյագիտութեան
(Genethics)
հետ։
Հնադարեան
ժամանակներէն
սկսեալ,
բժշկական
գիտութիւններու
առընթեր,
միշտ
առկայ
եղած
է
նաեւ
բժշկութեան
բարոյագիտութիւնը։
Հիպպոկրատէսի
(
)
(Hippocrates,
յուն.
՝
Hippokrátês
460
–
370
մ.
թ.
ա.
)
երդումէն
սկսեալ,
բժշկական
բարոյագիտութիւնը
առնչուած
էր
գլխաւորաբար
բժիշկներուն։
Ժամանակակից
20-րդ
դարէն
սկսեալ,
բժշկական
բարոյագիտութիւնը
դուրս
գալով
բժիշկներու
նեղ
շրջագիծէն,
մուտք
կը
գործէ
աւելի
լայն
ընկերային
հասարակութեան
մը
մէջ։
Յիշեալ
փոփոխութեան
գլխաւոր
պատճառներէն
կարելի
է
յիշել՝
բժշկութեան
զարգացումը,
առողջապահութեան
կարեւորութիւնը,
հիւանդներու
գիտակցութիւնը
եւ
ընդհանրապէս՝
այս
հարցի
հետ
իրաւաբանութեան
առնչութիւնը։
Հիպպոկրատէսի
անունով
ծանօթ՝
«հիպպոկրատեան
երդում»ով,
բժիշկը
կը
պարտաւորուէր
բարոյական
սկզբունքները
յարգել
թէ՛
հիւանդներուն
եւ
թէ՛
դարմանական
եղանակներուն
հանդէպ։
Ժամանակի
ընթացքին,
այդ
երդումը
փոփոխութիւններու
ենթարկուած
է,
պատշաճեցնելու
համար
օրուան
պայմաններուն
կամ
պահանջներուն։
1948
թուականին,
Համաշխարհային
Բժշկական
Ընկերակցութիւնը
(World
Medical
Association
=
WMA),
Ժընեւի
մէջ
հաստատեց
հիպպոկրատեան
երդումի
վրայ
հիմնուած
նոր
յայտարարութիւն
մը,
որ
ծանօթ
է
նաեւ
«Ժընեւի
բժիշկներու
երդում»
անունին
տակ։
Նոյն
ընկերակցութիւնը,
1964
թուականին,
հաստատեց
նաեւ
բժշկական
գիտահետազօտութիւններու
յատուկ
բարոյագիտական
հիմունքներ,
նաեւ
ծանօթ՝
«Հելսինքիի
յայտարարութիւն»
(Declaration
of
Helsinki)
անունով,
որ
հետագային
որոշ
բարեփոխումներու
ենթարկուեցաւ
(վերջին
տարբերակը՝
2008
թ.
)։
Այս
յայտարարութեան
բարոյագիտական
հիմունքները
կը
կիրառուին
բազմաթիւ
երկիրներու
մէջ։
ԲԺՇԿԱ-ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հետաքրքրական
է
հաստատել,
որ
բժշկութեան
կամ
կենսաբանութեան
ոլորտներու
մէջ,
այս
գրքի
մէջ
տեղ
գտած
բարոյագիտութեան
տեսութիւններէն
(
)
ո՛չ
մէկը,
իր
ամբողջութեամբ,
յաջողութիւն
գտած
է։
Բժշկութեան
բնագաւառի
մէջ,
սակայն,
որոշ
չափով
հանրածանօթ
դարձաւ,
1977
թուականին
երկու
ամերիկացի
բարոյագէտ
փիլիսոփաներու
(Tom
Beauchamp,
*1939
թ.
եւ
James
Childress,
*1940
թ.
)
կողմէ
հրատարակուած՝
Սկզբունքներու
բարոյագիտութիւն
(Principlism)
մը,
զոր
կը
յիշենք՝
ամփոփ
ձեւով.
-
1.
Մարդոց
ինքնորոշման
իրաւունքի
սկզբունքը
(Autonomy).
-
Բժիշկը
յարգելու
է
հիւանդին
ինքնորոշման
իրաւունքը։
Հիւանդը
կարող
է
իր
անձին
համար
որոշումներ
կայացնել,
ինչ
որ
ինք
լաւ
ու
բարի
նկատէ։
Այլ
խօսքով,
երբ
բժիշկը
ախտորոշումը
կը
կատարէ
եւ
դարմանական
եղանակ
մը
(օրինակ
վիրահատութիւն)
կը
թելադրէ,
պէտք
է
դարմանման
իրագործումը
տեղի
ունենայ
հիւանդին
համաձայնութեամբ։
Եթէ
հիւանդը
համաձայն
չէ
(օրինակ
վիրահատութեան),
այն
ատեն
բժիշկը
այլ
տարբերակ
մը
պէտք
է
առաջարկէ։
Այստեղ,
հիւանդին
ինքնորոշման
իրաւունքը
ընդհանրապէս
կը
գերադասէ
անոր
բարօրութեան
հարցը։
2.
Մարդոց
չվնասելու
սկզբունքը
(Nonmaleficence).
-
Բժիշկը,
նախ
եւ
առաջ
պէտք
չէ
վնաս
պատճառէ
հիւանդին
(լատ.
՝
„Primum
non
nocere“
=
«նախ
եւ
առաջ՝
մի՛
վնասեր»
նշանաբանով)։
Այստեղ,
նկատի
առնելու
է
ախտորոշման
եւ
դարմանական
եղանակներու
կողմնակի
անախորժ
ու
երբեմն
անսպասելի
ազդեցութիւնները,
որոնք
կը
հակասեն
հիւանդին
օգնելու
սկզբունքին։
3.
Մարդոց
օգնելու
սկզբունքը
(Beneficence).
-
Բժիշկը,
օգնելու
է
հիւանդի
բարօրութեան,
պարզապէս
նկատի
ունենալով
մարդու
արժանապատուութիւնը։
Այս
սկզբունքը
երբեմն
կը
հակասէ
վերոյիշեալ
առաջին
եւ
երկրորդ
սկզբունքներուն.
ուրեմն
պէտք
է
առաւելութիւններու
եւ
թերութիւններու
բարեխիղճ
կշռադատութեամբ՝
հիւանդին
համար
լաւագոյնը
որոշել,
միշտ
նկատի
ունենալով
հիւանդի
դիրքաւորումը,
ինքնորոշման
իրաւունքով։
4.
Արդարութեան
սկզբունքը
(Justice).
-
Բժիշկը,
իր
աշխատանքի
ընթացքին,
հիւանդներու
հանդէպ
արդար
ըլլալու
է։
Օրինակ,
նմանօրինակ
հիւանդութիւն
ունեցող
հիւանդներու
հանդէպ,
բժիշկը
արդարօրէն
պէտք
է
վարուի,
նկատի
ունենալով՝
հաւասարութեան
սկզբունքը։
ԲԺՇԿԱ-ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՀԱՐՑԵՐ
Բժշկութեան
բնագաւառէն
ներս,
յաճախ
կը
հանդիպինք
բազմաթիւ
հարցերու,
որոնցմէ
շատերը
նաեւ
ընկերային
ընդհանուր
հարցեր
են
եւ
որոնց
հանդէպ
բարոյագիտութիւնը
իր
կարեւոր
դիրքորոշումը
ունի։
Բժշկաբարոյագիտական
այդ
բազմաթիւ
հարցերէն
նշենք
կարեւորները
միայն,
ամփոփ
բացատրութիւններով
եւ
բազմաթիւ
հարցադրումներով.
-
Բժիշկհիւանդ
յարաբերութիւն
Բժիշկհիւանդ
յարաբերութեան
մէջ,
մանաւանդ
20-րդ
դարու
երկրորդ
կէսէն
սկսեալ,
մեծ
փոփոխութիւններ
տեղի
ունեցան.
անոնցմէ
կարեւորագոյնը՝
հիւանդի
ինքնորոշման
իրաւունքն
է։
Երկընտրանքի
պարագային,
առաջնահերթութիւն
կը
տրուի
հիւանդի
ինքնորոշման
իրաւունքին,
որ
նաեւ
կը
գերադասէ
անոր
բարօրութիւնը։
Օրինակ,
եթէ
բժիշկը
վիրահատութիւն
մը
թելադրէ,
որ
ըստ
մասնագէտին
դարմանական
եղանակներուն
մէջ
լաւագոյն
տարբերակն
է,
հիւանդը
կրնայ
մերժել
վիրահատական
որեւէ
միջամտութիւն
եւ
դարմանական
այլ,
նուազ
բարենպաստ
եղանակ
մը
ընտրել։
Այսօր,
բժիշկը
ստիպուած
է,
ախտորոշման
եւ
դարմանական
որեւէ
եղանակի
պարագային,
նախ
հիւանդին
մանրամասն
բացատրութիւններ
տալ
ապա
անոր
համաձայնութիւնը
ստանալ։
Այս
գործընթացը
ընդհանրապէս
պայմանագրութեան
ձեւ
ունի,
որ
կը
կրէ
թէ՛
բժիշկին
ու
թէ՛
հիւանդին
ստորագրութիւնները։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
բժիշկհիւանդ
յարաբերութեան
կը
յարմարի
Սկզբունքային
բարոյագիտութիւնը։
Հարց
մը,
սակայն,
որ
ունի
նաեւ
իր
իրաւական
հետեւանքները։
Բժիշկհիւանդ
յարաբերութեան
մէջ,
իր
իւրայատուկ
տեղը
ունի
նաեւ
մարդուն
վրայ
կատարուած՝
բժշկական
գիտահետազօտական
փորձերը,
նպատակ
ունենալով
դարմանական
նոր
եղանակներու
կիրարկումը՝
ի
խնդիր
բժշկագիտութեան
զարգացման։
Նման
պարագաներու,
բժիշկը
ստիպուած
է,
նախապէս,
հիւանդին
մանրամասն
բացատրութիւններ
տալ
ու
անոր
համաձայնութիւնը
ստանալու
պարագային
միայն
կիրարկել
դարմանական
իր
նոր
եղանակը։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
նախ
պէտք
է
նկատի
առնել,
որ
ասիկա
կրնայ
հակասել
վերոյիշեալ՝
մարդոց
չվնասելու
սկզբունքին
ապա
ընդհանրապէս
հարց
տալ,
թէ
կարելի՞
է
մարդը
գիտահետազօտական
փորձերու
ենթարկել։
(Այս
վերջին
հարցադրումը,
շատերու
կողմէ
կը
տարածուի
նաեւ
անասուն
կենդանիներուն
վրայ։)
Բժիշկհիւանդ
յարաբերութեան
մէջ,
իր
իւրայատուկ
տեղը
ունին
նաեւ
բժիշկներու
եւ
անչափահաս
երեխաներու
(որպէս
հիւանդ)
յարաբերութիւնը։
Այս
հարցի
մասին
անդրադարձութիւններ
կան,
հետագայ,
«Ընտանիքի
բարոյագիտութիւն»
բաժնին
մէջ
(տե՛ս
էջ
269)։
2.
Արուեստական
Բեղմնաւորում
(Artificial
Fertilisation)
Բազմաթիւ
ամուսնացած
զոյգեր,
որոնք
զաւակ
ունենալու
փափաք
ունին,
բայց
զանազան
դժուարութիւններու
բախած
են,
մասնագէտ
բժիշկի
թելադրութեամբ
կրնան
դիմել
նաեւ
արուեստական
բեղմնաւորման,
յատկապէս՝
արտամարմնային
«ապակիիմէջբեղմնաւորում»
(„In-vitro-Fertilisation“,
„IvF“)
եղանակին։
Բժշկական
բազմազան
բարդութիւններու
կողքին,
այստեղ
մեզի
համար
կարեւոր
են
բարոյագիտական
բազմաթիւ
հարցերը,
որոնք
առնչուած
են
արուեստական
բեղմնաւորութեան։
Բժշկագիտութեան
մեծաքայլ
զարգացումին
պատճառով,
մարդկային
սեռի
բազմացումը,
այս
ընթացքով,
դուրս
կու
գայ
իր
աւանդական
հունէն
եւ
մէկ
կողմէ՝
արուեստական
բեղմնաւորումի
ու
միւս
կողմէ՝
ծինաբանութեան
(Genetics)
նոր
կարելիութիւններով,
կը
մտնէ
բոլորովին
տարբեր,
զուտ
արուեստականտեխնիկական
ոլորտ
մը,
զայն
դարձնելով
յոյժ
կասկածելի
ու
երբեմն՝
վտանգաւոր։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
պէտք
է
նկատի
առնել
թէ՛
սաղմին
եւ
թէ
կնոջ
պարագաները։
Մանաւանդ
«ապակիիմէջբեղմնաւորում»ը
(„IvF“)
կրնայ
գործընթացի
զանազան
հանգրուաններուն,
սաղմին
(Embryo)
տարբեր
աստիճանի
վնասներ
պատճառել։
Իսկ
կնոջ
պարագային,
մէկ
կողմէ՝
ան
կը
դառնայ
գիտութեան
ծառայող
գործիք
մը,
իսկ
միւս
կողմէ,
յաջողութեան
պարագային,
ան
կրնայ
իր
փափաքները
իրականացնել
եւ
մայրանալ։
3.
Վիժում
(Abortion)
Բժշկութեան
մէջ,
յղիութիւնը
(անգլ.
՝
Pregnancy,
գերմ.
՝
Schwangerschaft)
կը
սկսի
կնոջ
մօտ
իգական
ձուաբջջի
արական
սերմնաբջջով
բեղմնաւորման
պահէն
ապա
կը
շարունակուի
մօտ
40
շաբաթ
եւ
վերջ
կը
գտնէ
երեխայի
ծննդաբերութեամբ։
Բժշկութեան
մէջ,
վիժումը՝
յղիութեան
ընդհատումն
է,
որ
կրնայ
պատահիլ
ինքնուրոյն
ձեւով
(Ինքնաբեր
վիժում
=
Spontaneous
Abortion
)
կամ
կը
կատարուի
կանխամտածուած
վիրահատութեամբ
մը
(Արհեստական
վիժում
=
Artificial
Abortion)։
Վիժումը,
ընդհանրապէս,
կրնայ
պատճառ
դառնալ
կարգ
մը
բժշկագիտական
բարդութիւններու։
Իսկ
արհեստական
վիժումի
պարագային,
բժշկագիտական
սպասելի
ու
անսպասելի
բարդութիւններու
(Complications)
կողքին,
կրնան
նաեւ
ընկերային
(սոցիալ),
իրաւական
ու
բարոյագիտական
հարցեր
յառաջանալ։
Մարդկային
սաղմի
հանդէպ
մեր
ունեցած
բարոյական
դիրքաւորումը
որոշ
առնչութիւն
ունի
նաեւ
Զգացումի
բարոյագիտութեան
(
)
(Moral
Sense
Theory)
եւ
կարեկցութեան
(Sympathy)
հետ։
Այս
հարցը
մասնաւոր
կարեւորութիւն
կը
ստանայ
եւ
մարդոց
ուշադրութեան
կ՚արժանանայ,
երբ
խնդրոյ
առարկայ
է
մարդկային
սաղմի
վիժումը
(Abortion)։
Ցարդ,
բարոյական
քննարկումներու
ատեն,
մենք
նկատի
ունէինք
միայն՝
մարդմարդ
յարաբերութիւնը,
ուր
կը
շեշտուէր
մարդկային
գործակցութեան
կարողութիւնը
եւ
այս
ուղիով
կարելի
էր
բարոյական
սկզբունք
մը
ընդհանրացնել
եւ
բարոյական
հասարակութիւն
մը
կազմել։
Այլ
խօսքով
մարդմարդ
յարաբերութեան
մէջ
գոյութիւն
ունին
փոխադարձ
բարոյական
պահանջք
եւ
պարտաւորութիւն։
Մարդկային
սաղմի
պարագային
սակայն,
դեռ
կը
պակսի
գործակցութեան
վերոյիշեալ
կարողութիւնը,
որովհետեւ
սաղմը
տակաւին
անձ
(
)
(Person)
մը
չէ,
բարոյական
ենթակայ
(Moral
Subject)
մը
չէ
կամ
ան՝
«մեզմէ
մէկը»
չէ
ու
տակաւին՝
անդամ
չէ
մարդկային
ընկերային
ու
բարոյական
հասարակութեան։
Նորածին
երեխաները,
սակայն,
իրենց
ծնունդով
արդէն
անդամ
կը
դառնան
մարդկային
բարոյական
հասարակութեան,
հակառակ
անոր
որ
մարդկային
գործակցութեան
կարողութիւնը
տակաւին
լման
չէ
զարգացած
անոնց
մօտ,
բայց
արդէն
այդ
ընթացքին
մէջ
է։
(Այս
երկդիմութիւնը
առկայ
է
նաեւ
երեխայի
մօր
պարագային,
որ
յղութեան
շրջանին
տակաւին
մայր
չէ
եւ
միայն
ծնելէն
յետոյ
կը
մայրանայ։)
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
վիժումին
առնչուած
տարակարծութիւններ
կան
երկու
տարբեր
դիրքորոշումներով՝
թեր
(„Pro-Choice“)
ու
դէմ
(„Pro-Life“),
որոնք
արհեստական
վիժումի
արտօնութեան
կամ
արգելքի
ջատագովներն
են։
Յիշեալ
երկու
պարագաներուն
ալ
պէտք
է
անպայման
զանազանել,
մէկ
կողմէն՝
դեռ
չծնած
սաղմին
իսկ
միւս
կողմէն՝
յղի
կնոջ
բարոյական
իրավիճակները։
Ինչպէս
զանազան
կրօններն
(Քրիստոնէութիւն,
եւայլն…)
ու
արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութիւնները
(Բուդդայականութիւն,
եւայլն…),
նոյնպէս
բազմաթիւ
պետութիւններ,
բացարձակապէս
կը
պաշտպանեն
սաղմը
ու
անոր
կեանքի
կամ
ապրելու
իրաւունքը
(„Pro-Life“)
եւ
արհեստական
վիժումը
արգիլուած
ու
դատապարտելի
կը
նկատեն։
Այս
գաղափարին
հակադրողները,
այսինքն՝
վիժումի
կողմնակիցները
(„Pro-Choice“),
նախ
կը
պնդեն
որ
սաղմը
տակաւին
անձ
(Person)
մը
չէ,
իր
զգացական,
բանական
եւ
գիտակցական
կարողութիւններով
ապա
մանրամասնութեամբ
կը
զանազանեն
սաղմի
զարգացման
տարբեր
հանգրուանները՝
բեղմնաւորութենէն
սկսեալ,
մինչեւ
մարմնի
մասերու
եւ
հիւսուածքներու
վերջնական
ձեւաւորումը։
Արհեստական
վիժումի
կողմնակիցները
նաեւ
կը
մատնանշեն
յղի
կնոջ
ազատօրէն
ինքնորոշման
իրաւունքները,
որոնք
մաս
կը
կազմեն
կիներու
ազատագրական
շարժումին
(
)
։
Զուտ
բժշկական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
եթէ
արհեստական
վիժում
մը
(աբորտ)
տեղի
պիտի
ունենայ,
ան
պէտք
է
կատարուի
շատ
կանուխ,
յղութեան
սկզբնական
շրջանին։
Յղի
կնոջ,
արհեստական
վիժումը
կրնայ
սակայն,
բժիշկին
կողմէ
որպէս
ցուցմունք
(ցուցում
=
Indication)
թելադրելի
ըլլալ,
եթէ
օրինակ
կինը
ծանր
հիւանդութենէ
մը
կը
տառապի
(օրինակ՝
քաղցկեղ
=
Cancer
կամ
սրտի
անբաւարարութիւն
=
Heart
Failure)
կամ
յղութեան
պատճառով,
յղի
կնոջ
մօտ
հիւանդութիւն
մը
յառաջացած
է
(օրինակ՝
էկլամպսիա
=
Eclampsia),
որ
կը
սպառնայ
թէ՛
յղի
կնոջ
եւ
թէ
իր
սաղմի
կեանքերուն
վրայ։
Արհեստական
վիժումի
որոշման
առաջնահերթութիւնը
անպայմանօրէն
կը
տրուի
յղի
կնոջ,
անշուշտ
բժշկական
մանրամասն
խորհրդատուական
զրոյցէ
ետք։
Այլ
խօսքով,
յղի
կինը
իր
սեփական
եւ
ազատ
կամքով
որոշում
պէտք
է
կայացնէ,
ի՛ր
յղութեան
առնչութեամբ։
Տարակարծութիւններու
նիւթ
է
սակայն
յղի
կնոջ
կարգավիճակը
եւ
որպէս
կին՝
անոր
ինքնավարութիւնը
ու
իրաւական
հարցերը,
որոնք
երկրէ
երկիր
ու
միջավայրէ
միջավայր
շատ
կը
տարբերին։
Այստեղ,
ընդհանրապէս,
նկատի
պէտք
է
առնուին՝
խնդրոյ
առարկայ
կնոջ
յղութեան
կամայ
թէ
ակամայ
պատճառները
(օրինակ՝
բռնաբարումի
քրէական
պարագաները)
ու
առանձին
ապրող
կնոջ
բարեկեցութիւնը։
Այս
իմաստով,
շատ
վիճելի
նիւթեր
են,
յղի
կնոջ՝
անձնական,
տնտեսական,
հոգեբանական,
ընկերահասարակական
ու
բարոյական
պատասխանատուութեան
զանազան
պատճառները։
4.
Փոխպատուաստում
(Transplantation)
Բժշկութեան
մէջ,
փոխպատուաստումը՝
դարմանումի
նպատակով,
մարմնի
որոշ
բջիջներու,
հիւսուածքներու
կամ
մասերու
(երիկամ,
լեարդ,
թոք,
սիրտ,
մատ,
ձեռք,
եւայլն…)
փոխադրումն
է,
այլ
անհատի
մը
մօտ,
որ
այդ
մասերուն
անհրաժեշտօրէն
պէտքը
ունի։
Կան
փոխպատուաստումի
երեք
ձեւեր,
համաձայն
տուող
(Donor)
եւ
ընդունող
(Recipient)
կողմերուն.
-
Ինքնափոխպատուաստում
(Autotransplantation),
երբ
տուողը
ու
ընդունողը
նոյն
անձն
է,
օրինակ
գեղագիտական
վիրաբուժութեան
մէջ
մաշկի
փոխպատուաստումը.
կամ
սրունքի
երակներու
փոխպատուաստումը՝
սրտամկանի
վրայ,
որպէս
սրտի
պսակաձեւ
անօթ
(Coronary)։
Այլափոխպատուաստում
(Allotransplantation),
երբ
տուող
ու
ընդունող
անձերը
տարբեր
են,
օրինակ
մարմնի
կարգ
մը
մասերու
(երիկամ,
լեարդ,
եւայլն…)
փոխպատուաստումը
առաջին
անձէն՝
երկրորդ
անձին։
Տարափոխպատուաստում
(Xenotransplantation),
երբ
տուողն
ու
ընդունողը
կենսաբանական
տարբեր
տեսակներու
կը
պատկանին,
օրինակ
կարգ
մը
անասուններէ
(խոզ,
եզ,
եւայլն…),
որոշ
մասերու
(օրինակ՝
սրտի
փական
=
Valve),
մարդու
մօտ
(օրինակ՝
սրտի
մէջ
փոխպատուաստումը։
Փոխպատուաստումներու
դարմանական
այս
եղանակը,
հակառակ
կարգ
մը
բժշկական,
վիրահատական,
ինչպէս
նաեւ
հոգեբանական
բարդութիւններուն
(Complications),
կրնայ
բազմաթիւ
հիւանդներու
կեանքը
փրկել
եւ
անոնց
ապրելակերպը
բարելաւել։
Բժշկագիտական
բարդութիւններու
գլխաւորը,
ընդունող
անձի
մօտ
յայտնուող
օտար
մարմնի
դէմ
հակազդեցութիւնն
է,
այլ
խօսքով
պատուաստուած
մասի
եւ
ընդունող
անձի
միջեւ
անհամատեղելիութիւն
մը,
որու
հետեւանքով
ընդունող
մարմինը
կրնայ
բոլորովին
մերժել
պատուաստուած
օտար
մասը։
Այս
լուրջ
բարդութեան
դէմ
կան
սակայն
որոշ
դեղեր,
որոնք
յիշեալ
անհամատեղելիութիւնը
կրնան
ընկճել
կամ
ախտազերծել։
Ընդհանրապէս
փոխպատուաստում
կը
կատարուի,
երբ
մարմնի
մասեր
տուող
(Donor)
անձին
մօտ
ուղեղային
մահ
արձանագրուած
կ՚ըլլայ.
սակայն
տուող
անձը,
կրնայ
նաեւ
ապրող
ու
գիտակից
էակ
մը
ըլլալ։
Դարմանական
այս
ոլորտէն
ներս
բժշկութիւնը
մեծ
դժուարութիւններու
կը
բախի,
որովհետեւ
մեծ
պահանջք
կայ
մարմնի
մասերու,
սակայն
տուող
(Donor)
անձերը
համեմատաբար
շատ
քիչ
են
։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
ուղեղային
մահը
(անգլ.
՝
Brain
Death,
գերմ.
՝
Hirntod)
վիճելի
երեւոյթ
մըն
է։
Արդեօք
կարելի՞
է
այդ,
որպէս
վերջնական
մահ
ընդունիլ,
երբ
տակաւին
կը
բաբախէ
խնդրոյ
առարկայ
անհատի
սիրտը
եւ
կենսունակ
են
մարմնի
կարգ
մը
գործարանները։
Այստեղ
նաեւ
հարց
է,
թէ
գիտակից
եղած
ատեն
արդեօք
այդ
անհատը
համաձայն
պիտի
ըլլա՞ր
մարմնի
մասեր
«տուող»
մը
ըլլալու
կամ
որեւէ
փաստաթուղթ
կա՞յ
այդ
առնչութեամբ։
Զանազան
երկիրներ,
պետական
մակարդակի
վրայ
փոխպատուաստումի
յատուկ
օրէնքներ
ունին,
որոնց
հիմամբ
եւ
իւրայատուկ
կեդրոններու
մէջ
կը
տնօրինուին
փոխպատուաստումի
հետ
առնչուած
բոլոր
հարցերը։
Oրինակ՝
ընդհանրապէս
արգիլուած
է
մարդոց
մարմնի
մասերու
առուտուրը,
ինչ
որ
դժբախտաբար
առկայ
եղելութիւն
մըն
է։
5.
Գերհոգատարական
բժշկութիւն
(Intensive
Medicine)
20-րդ
դարու
երկրորդ
կէսէն
ետք,
արագօրէն
զարգացաւ
գերհոգատարական
բժշկութիւնը,
որ
ամենածանր
հիւանդներու
դարմանումը
կը
ստանձնէ,
իրեն
յատուկ
գերհոգատարական
միաւորներու
(
)
(Intensive
Care
Unit)
մէջ։
Ժամանակի
ընթացքին
եւ
գերհոգատարական
բժշկութեան
զարգացումով,
այսօր
կան
տարբեր
մասնագիտութիւններու
համար
իւրայատուկ
գերհոգատարական
միաւորներ,
ինչպէս
օրինակ
սրտամկանային,
ջղաբանական
ու
ներքին
հիւանդութիւններու,
ինչպէս
նաեւ
տարբեր
վիրահատութիւններու
ու
երեխաներու
յատուկ
գերհոգատարական
միաւորներ։
Շնորհիւ
մասնագէտ
բժիշկներու
ու
բուժաշխատող
անձնակազմի,
ինչպէս
նաեւ
բժշկական
զանազան
սարքերու,
արուեստական
միջոցառումներու
(օրինակ՝
արուեստական
շնչառութիւն,
արուեստական
սննդառութիւն),
ազդու
դեղօրայքի
եւ
վերակենդանացման
(Reanimation)
միջոցառումներու,
կարելի
է
գերհոգատարական
բժշկութեամբ՝
ծանր
հիւանդներու
յարատեւ
վերահսկողութիւնը
ապահովել,
զանոնք
յաջողութեամբ
դարմանել
եւ
շատերու
կեանքը
փրկել։
Այսուհանդերձ,
գերհոգատարական
բժշկութիւնը
ունի
(եւ
պէտք
է
ունենայ)
իր
սահմանները,
ուր
բժշկականի
կողքին
իրաւաբանական,
տնտեսական
եւ
բարոյագիտական
ազդակներ
իրենց
որոշ
դերը
ունին։
Բժշկագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
բժշկութիւնը
լաւապէս
գիտէ
իր
սահմանները
ու
իր
կարելին
կրնայ
ընել,
բայց
ո՛չ
աւելին։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
գերհոգատարական
բժշկութեան
գլխաւոր
նպատակը,
ի
գին
կարելի
ամէն
զոհողութեան
հիւանդներու
կեանքը
երկարելը
պէտք
չէ
ըլլայ,
այլ
մարդկայնօրէն,
տառապող
հիւանդին
լաւագոյն
օգնութիւնը
սատարելն
է։
Այլ
խօսքով,
անբուժելի
հիւանդութիւններով
տառապող
ու
մահամերձ
հիւանդի
մը
պարագային,
անոր
կեանքը
երկարող
միջոցառումները
լաւագոյն
օգնութիւնը
չեն
նկատուիր
անպայմանօրէն,
որովհետեւ
այսպիսով,
անոր
տառապանքը
երկարած
պիտի
ըլլայ։
Այստեղ,
բժշկութեան
գլխաւոր
պարտականութիւնը
կը
հանդիսանայ
մահամերձ
հիւանդին
տառապանքը
մեղմելը,
անոր
ցաւերը
ամոքելը
եւ
անպայման
կեանքի
արժանապատիւ
աւարտին
օժանդակելը։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
մեծ
կարեւորութիւն
ունի
նաեւ
հիւանդին
ինքնորոշման
իրաւունքը
ու
անոր
(թերեւս
նաեւ
գրաւոր)
համաձայնութիւնը՝
ընդհանրապէս
գերհոգատարական
բժշկութեան
հանդէպ
եւ
մասնաւորաբար
վերակենդանացման
(Reanimation)
տարբեր
միջոցառումներուն
հանդէպ։
Օրինակ
շատեր,
կրնան
համաձայն
ըլլալ
գերհոգատարական
բժշկութեան
(Intensive
Medicine),
բայց
բոլորովին
մերժել
վերակենդանացման
(Reanimation)
որեւէ
միջոցառում։
6.
Հեշտամահութիւն
(Euthanasia)
Հեշտամահութիւնը
(Եւթանասիա),
անբուժելի
հիւանդութենէ
տառապող
ծանր
հիւանդի
կեանքին
վերջ
տալն
է,
բժշկական
գործօն
(Active)
ուղղակի
կամ
անուղղակի
միջոցներով
եւ
նոյնինքն
հիւանդին
փափաքով
ու
համաձայնութեամբ։
Այստեղ,
անշուշտ,
երբեք
խնդրոյ
առարկայ
չէ
հեշտամահութեան
ա՛յն
տարբերակը,
ուր
կը
բացակային
հիւանդի
փափաքն
ու
համաձայնութիւնը։
Եւրոպական
լեզուներու
մէջ,
որպէս
հեշտամահութեան
(կամ
քաղցրամահութեան)
հոմանիշ
օգտագործուող,
օրինակ
անգլ.
՝
Euthanasia
(գերմ.
՝
Eu-thanasie)
եզրը,
կը
սերի
յունարէնէն.
-
eu
=
լաւ
եւ
thánatos
=
մահ,
այլ
խօսքով՝
«լաւ
մահը»։
Հնադարեան
ժամանակներուն,
օրինակ
մ.
թ.
ա.
4-րդ
դարու
յունական
գրականութեան
մէջ,
հեշտամահութիւն
եզրը
օգտագործուած
է,
որպէս
«հեշտ
մահ,
առանց
երկարատեւ
հիւանդութեան»
կամ
«վաղահաս
մահ,
առանց
ծերութեան
դժուարութիւններուն»։
Այսօր,
կարելի
է
հեշտամահութեան
3
գլխաւոր
տեսակներ
զանազանել.
-
Ուղղակի
հեշտամահութիւն
(Direct
Euthanasia).
-
Այս
պարագային,
ծանր
հիւանդի
փափաքով
ու
համաձայնութեամբ,
անոր
կը
մատուցուի
կամ
կը
սրսկուի
մահաբեր
նիւթը,
ուղղակի
եւ
գործօն
ձեւով։
Հեշտամահութեան
այս
տեսակը
գրեթէ
բոլոր
երկիրներու
մէջ
արգիլուած
է։
Անուղղակի
հեշտամահութիւն
(Indirect
Euthanasia).
-
Այս
պարագային,
ծանր
հիւանդի
փափաքով
ու
համաձայնութեամբ,
անոր
կը
մատուցուի
կամ
կը
սրսկուի
իրեն
անհրաժեշտ
եղող
հանդարտեցուցիչ,
ցաւազրկող
ու
քնաբեր
բաւարար
քանակով
դեղանիւթեր
(եւ
ոչ
ուղղակի
մահաբեր
նիւթեր),
որոնց
ազդեցութեան
տակ
տկար
հիւանդը
կը
կորսնցնէ
իր
գիտակցութիւնը
եւ
աւելի
շուտ
կը
մահանայ։
Հեշտամահութեան
այս
անուղղակի
տեսակը,
գրեթէ
բոլոր
երկիրներու
մէջ
արտօնուած
է։
Կրաւորական
հեշտամահութիւն
(Passive
Euthanasia).
-
Այս
պարագային,
ծանր
հիւանդի
փափաքով
ու
համաձայնութեամբ,
կը
հրաժարուի
հիւանդին
օգնող
միջոցառումներէն
ու
անոր
կեանքը
երկարաձգող
դարմանական
եղանակներէն։
Այլ
խօսքով,
այստեղ,
ծանր
հիւանդի
դէպի
մահ
ընթացքը
կ՚ըլլայ
առանց
միջամտութեան։
Այսուհանդերձ
կարելի
չէ
նաեւ
ծանր
հիւանդին
զլանալ
ամոքիչ
բժշկութեան
(Palliative
Medicine)
ընձեռած
կարելիութիւնները,
այլեւ
ծանր
հիւանդի
վերջին
օրերը
պէտք
է
բարելաւել
ու
տանելի
դարձնել։
Կրաւորական
հեշտամահութիւնը,
գրեթէ
բոլոր
երկիրներու
մէջ
արտօնուած
է։
Հեշտամահութեան
յոյժ
վիճելի
հարցերը,
ունին
իրենց
կողմնակիցներն
ու
ընդդիմադիրները։
Քրիստոնէական
աստուածաբանութիւնը,
որուն
համաձայն,
կեանքը
սուրբ
ու
աստուածատուր
պարգեւ
է,
նկատի
առնելով
նաեւ
Հին
Կտակարանի
տասնաբանեան
(
)
վեցերորդ
պատուէրը
(«Մի՛
սպաններ»),
կը
մերժէ
որեւէ
սպանութիւն,
ինքնասպանութիւն
կամ
հեշտամահութիւն
եւ
զանոնք
«Աստուծոյ
օրէնքի
խախտում»
կը
նկատէ։
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
տեսանկիւնէն
դիտուած,
բոլորը
համաձայն
են,
որ
ինչպէս
կեանքի
ընթացքին
մարդու
արժանապատուութիւնը
առկայ
է,
այդ
պէտք
է
շարունակուի
նաեւ
մինչեւ
կեանքի
աւարտը,
մինչեւ
մահ։
Անկասկած,
պէտք
է
յարգել
նաեւ
հիւանդի
ինքնորոշման
իրաւունքը,
սակայն
հիւանդի
փափաքին
ընդառաջելը
եւ
գործօն
(Active)
միջոցներով
անոր
կեանքին
վերջ
տալը
յոյժ
վիճելի
հարց
մըն
է։
Շատեր
հարց
կու
տան,
արդեօք
տարբերութիւն
կա՞յ
ծանր
հիւանդի
կեանքին
վերջ
տալու
գործօն
(Active)
ու
կրաւորական
(Passive)
միջոցներուն
միջեւ
եւ
արդեօք
երկու
պարագաներուն
ալ
անպայման
կը
վիրաւորուի՞
մարդու
արժանապատուութիւնը…
դարձեալ
յոյժ
վիճելի
հարցեր։
Գերման
փիլիսոփայ
Կանտի
(Immanuel
Kant,
1724
–
1804
թ.
)
համաձայն,
մարդը,
որպէս
բանականկենդանի
էակ,
որոշ
պարտաւորութիւններ
ունի
իր
անձին
հանդէպ,
ինչպէս
օրինակ.
-
Ա)
իր
մարմնի
պահպանումը,
որ
բնականաբար
կ՚արգիլէ
ինքնիր
անձին
վնասել
եւ
Բ)
իր
կեանքի
պահպանումը,
որ
բնականաբար
կ՚արգիլէ
ինքնասպանութեան
դիմել։
Թէեւ
հեշտամահութիւնը
տեսակ
մը
ինքնակամ
ինքնասպանութիւն
մըն
է,
սակայն
ինքնասպանութեան
(անգլ.
՝
Suicide,
գերմ.
՝
Selbstmord)
այս
արարքը,
որպէս
հասկացութիւն
այս
բաժնին
մէջ
մանրամասնօրէն
պիտի
չքննարկուի։
Այստեղ,
նկատի
առնուած
է
միայն
ա՛յն
հեշտամահութիւնը,
որ
կ՚առնչուի
բժշկութեան
ու
չափազանց
ծանր
հիւանդներուն։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
դիտուած,
կարեւոր
են
նաեւ
բժիշկին
դերը
եւ
բժիշկհիւանդ
յարաբերութիւնը։
Հարց
կը
տրուի,
թէ
արդեօք
բժիշկին
հանդէպ
վստահութեան
կորուստ
կ՚արձանագրուի՞,
երբ
անոր
տրուի
նաեւ
հիւանդներու
կեանքին
վերջ
տալու
պարտականութիւնը։
Թերեւս
հակառակը
ճիշդ
է,
երբ
անբուժելի
ծանր
հիւանդը,
աւելի
վստահութեամբ,
կարելիութիւն
ունենայ
իր
բժիշկին
հետ
խօսելու՝
իր
կեանքի
մայրամուտին
մասին,
այսինքն՝
իր
կամեցողութեամբ
իր
կեանքին
վերջ
տալու
հարցով
ու
բժիշկը
պատրաստակամութեամբ
կարենայ
օգնել
այդ
հիւանդին։
Հեշտամահութեան
այս
նիւթի
առնչութեամբ,
յիշատակութեան
արժանի
է
նաեւ
անբուժելի
ծանր
հիւանդին
տրուած՝
ամբողջական,
արժանապատիւ
խնամքը
եւ
ուղեկցութիւնը՝
մինչեւ
անոր
մահը։
Ասիկա
կարելի
է
հիւանդին
յաճախակի
այցելութիւններով,
անոր
հետ
զրոյցներով,
ուշադիր
հոգատարութեամբ
եւ
կարելի
որոշ
աշխուժութիւններով։
Նմանօրինակ
օժանդակութիւններ
կ՚իրագործուին
նաեւ
ծանր
հիւանդներու
յատուկ
ամոքիչ
(Palliative)
բուժավայրերու
մէջ։
7.
Համասեռականութիւն
(Homosexuality)
Համասեռականութիւնը
(նոյնասեռականութիւն,
միասեռականութիւն)
նոյն
սեռը
(արական
կամ
իգական)
ունեցող
մարդոց
միջեւ
սիրային
ու
սեռային
յարաբերութիւնն
է։
Նմանօրինակ
հակում
ունեցող
անձը
կը
կոչուի՝
համասեռական
կամ
միասեռական։
Այր
մարդոց
պարագային,
կարելի
է
նաեւ՝
արուասէր
(անգլ.
՝
Gay,
գերմ.
՝
Schwul),
իսկ
կիներու
պարագային՝
իգասէր
(անգլ.
՝
Lesbian,
գերմ.
՝
Lesbe)
անուանել։
Եւրոպական
լեզուներու
մէջ,
որպէս
համասեռականութեան
հոմանիշ
օգտագործուող,
օրինակ
անգլ.
՝
Homosexuality
(կամ
գերմ.
՝
Homosexualität)
եզրը
կազմուած
է
յունարէն
homós
=
նոյնը
եւ
լատիներէն
sexus
=
սեռ
արմատներէն։
Իսկ
եթէ
մարդիկ
այլ
սեռին
հետ
սիրային
ու
սեռային
յարաբերութիւն
մշակեն
կը
կոչենք՝
այլասեռականութիւն,
որու
անգլ.
հոմանիշը՝
Hetero-sexuality
(կամ
գերմ.
՝
Heterosexualität)
եզրը
նոյնպէս
կազմուած
է
յունարէն
heterós
=
այլ
եւ
լատիներէն
sexus
=
սեռ
արմատներէն։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն,
20-րդ
դարու
երկրորդ
կիսուն
եւ
21-րդ
դարուն,
այս
հարցը
կը
դիտուի
տուեալ
միջավայրի
(երկրի)
ու
մշակոյթի
մէջ
համասեռականութեան
դատապարտուած,
արգիլուած
կամ
ընդունուած
ըլլալու
տեսանկիւնէն։
Բարոյագիտութիւնը
նկատի
կ՚առնէ
նաեւ
«մարդու
հիմնական
իրաւունքները»
(
),
որոնք
բնածին,
անձեռնմխելի
եւ
ընդհանուր
են,
անխտիր
բոլոր
մարդոց
համար։
Այլ
խօսքով,
ցեղային,
կրօնական,
գաղափարական
կամ
սեռային
պատճառներով,
խտրականութիւն
պէտք
չէ
ստեղծուի
կամ
մարդիկ
պէտք
չէ
յիշեալ
պատճառներով
հալածուին։
«Մարդու
հիմնական
իրաւունքներու»
զանազան
ոտնահարումները,
կը
վնասեն
նաեւ
մարդու
արժանապատուութեան
(
)
։
Եթէ
համասեռականութիւնը,
օրինակ
Հնադարեան
ժամանակներուն,
Յունաստանի
մէջ
ընդունուած
եւ
շատ
սովորական
երեւոյթ
էր,
քրիստոնեայ
Միջնադարուն,
սակայն,
Եւրոպայի
մէջ,
համասեռականութիւնը
կը
նկատուէր
«անբնական»,
այլասերուած,
արգիլուած,
դատապարտելի
եւ
նոյնիսկ
մահապատժի
արժանի
երեւոյթ
եւ
կը
դասուէր
մեղքերու
շարքին։
Միջնադարու
այս
դիրքաւորումը
կը
շարունակուէր
նաեւ
Անցման
ու
Նոր
Դարաշրջանին,
սակայն
մահապատժի
փոխարէն,
համասեռականներ
կը
բանտարկուէին
ու
կ՚ենթարկուէին
ծայրայեղ
խտրականութեան
եւ
զանազան
հարկադրական
պատժամիջոցներու։
Գերմանիոյ
մէջ,
օրինակ,
1872
թուականի
սկիզբը,
քրէական
օրինագրքին
(գերմ.
՝
StGB)
մէջ
կը
հաստատուէր
§
175
հատուածը,
ուր
բանտարկութեամբ
պէտք
է
պատժուէին
համասեռականները։
Միայն
1969
թուականէն
սկսեալ
Գերմանիոյ
մէջ
սկսաւ
մեղմանալ
այս
օրէնքին
իրագործումը
եւ
1994-ին,
այդ
հատուածը
վերջնականապէս
ջնջուեցաւ
օրինագրքէն։
Բժշկագիտականհոգեբանական
տեսանկիւնէն,
մինչեւ
20-րդ
դարու
առաջին
կիսուն,
համասեռականութիւնը
կը
նկատուէր
խիստ
այլասերուած,
«ոչբնական»
ու
հիւանդագին
երեւոյթ։
20-րդ
դարու
երկրորդ
կիսուն,
անցեալի
այդ
ծայրայեղ
դիրքաւորումը
կը
մեղմանար
եւ
համասեռականութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
սեռական
կարգ
մը
այլ
տարբերակները,
կը
նկատուէին
միայն`
սեռական
շեղումներ
(Sexual
Deviation)։
Այսօր,
21-րդ
դարու
սեմին,
համասեռականութիւնը,
գոնէ
բժշկագիտական
ու
հոգեբանական
տեսանկիւնէն՝
անբնական
երեւոյթ
մը
չի
նկատուիր,
այլ՝
սեռական
յարաբերութեան
տարբերակ։
Այսուհանդերձ
կարգ
մը
երկիրներու
մէջ
համասեռականները
տակաւին
կը
հալածուին
ու
զանազան
պատժամիջոցներու
կ՚ենթարկուին,
նոյնիսկ՝
մահուան
կը
դատապարտուին։
Կան
նաեւ
երկիրներ,
ուր
համասեռականութիւնը
բնական
երեւոյթ
մըն
է։
Օրինակ
Գերմանիոյ
մէջ,
2001
թուականէն
սկսեալ,
համասեռականներ,
այր
եւ
կնոջ
ամուսնական
միութեան
նման,
երկու
այրեր
կամ
երկու
կիներ
«կեանքի
ընկերակցութիւն»
(Partnership)
մը
կրնան
պաշտօնապէս
կնքել,
արձանագրել
տալ
եւ
օգտուիլ
ընկերակցութեան
ընձեռած
օրինական
առաւելութիւններէն,
որոնք
նման
են
այրկին
ամուսնական
միութեան
օրինական
առաւելութիւններու։
Ապա,
2017
թուականէն
սկսեալ
նաեւ
արտօնուեցան
համասեռական
ամուսնութիւնները
(անգլ.
՝
Same-sex
Marriage,
գերմ.
՝
Gleichgeschlechtliche
Ehe)։
Աշխարհի
վրայ
կան
29
երկիրներ,
ուր
համասեռական
ամուսնութիւններ
կը
կնքուին։
Սեռական
այլ
հարցեր
Սեռական
հարցերուն
մէջ,
ընդհանրապէս
պէտք
է
զանազանել
սեռ
(Sex)
եւ
գենդեր
(Gender)
հասկացութիւնները։
Նոյնպէս
զանազանելու
է՝
սեռական
ինքնութիւնը
(Sexual
Identity)
եւ
սեռական
կողմնորոշումը
(Sexual
Orien-tation).
-
«Սեռ»
հասկացութիւնը
առնչուած
է
մարդոց
կենսաբանական
(Biology)
եւ
բնախօսական
(Physiology)
յատկանիշներուն,
որոնք
առաջին
հերթին
կը
բնորոշեն
ու
կը
զանազանեն
արականն
ու
իգականը։
«Գենդեր»,
որ
բաղդատաբար
աւելի
նոր
հասկացութիւն
մըն
է,
առնչուած
է
մարդոց
մարմնական
երեւելի
յատկանիշներէն
անդին,
ենթակայական
(Subjective)
սեռական
ինքնութեան
(տե՛ս
վարը),
որով
մարդ
ինքզինք
կը
բնորոշէ.
-
արական,
իգական
կամ
այլ։
«Սեռական
ինքնութիւն»
հասկացութիւնը
կը
վերաբերի
նոյնինքն
անձին,
թէ
խնդրոյ
առարկայ
անձը,
սեռական
առումով,
իր
ինքնութիւնը
ինչպէ՞ս
կը
բացայայտէ,
կամ
ինքզինք
ինչպէ՞ս
կը
բնորոշէ.
-
արական,
իգական
կամ
այլ։
Իսկ
«սեռական
կողմնորոշում»
հասկացութիւնը
առնչուած
է
անձի
մը
ուրիշներու
հանդէպ
ունեցած
յարատեւ
սեռական
հետաքրքրութեան
ու
հակումին։
Համասեռականութիւն
(Homosexuality)
եւ
այլասեռականութիւն
(Hetero-sexuality)
հասկացութիւններէն
ետք,
այստեղ,
առանց
մանրամասնելու
պիտի
թուենք
կարգ
մը
«սեռական
շեղումներ»
կամ
«սեռական
տարբերակներ»
(
ըստ
հայեցողութեան,
ինչպէս
նաեւ
ըստ
երկրի
ու
ընկերահասարակական
շրջանակի).
-
Երկսեռականութիւն
(Bisexuality).
-
Այս
պարագային,
մարդիկ
կը
կոչուին
երկսեռականներ
եւ
բնածին
հակումով
անոնք,
երկու
սեռերուն
հետ
սիրային
ու
սեռային
յարաբերութիւն
կը
մշակեն։
Հնադարեան
յունահռոմէական
հասարակութեան
մէջ
«բնական»
երեւոյթ
կը
նկատուէր,
մանաւանդ
այրերուն
համար։
Նաեւ
աւստրիացի
բժիշկհոգեվերլուծաբան
Ս.
Ֆրոյդի
(Sigmund
Freud,
1856
–
1939
թ.
)
վիճելի
կարծիքով,
մարդոց
բնածին
հակումը՝
երկսեռականութիւնն
է։
Անդրսեռականութիւն
(Transsexuality).
-
Այս
պարագային,
արտաքնապէս
որոշ
սեռի
(արական
կամ
իգական)
պատկանող
անձը,
զգացական
առումով
չընդունիր
իր
այդ
սեռին
պատկանիլը
եւ
ինքնիրեն
համար
միւս
սեռին
պատկանելութիւնը
կ՚ընդունի։
Օրինակ
արտաքին
երեւոյթով
այր
մը,
ինքզինք
որպէս
կին
կը
զգայ
(«այրկիները»)
կամ
արտաքին
երեւոյթով
կին
մը,
ինքզինք
որպէս
այր
կը
զգայ
(«կինայրերը»)։
Նմանօրինակ
յատկանիշերով
մարդիկ,
նաեւ
պատրաստ
են
բժշկական
վիրահատութիւններու
եւ
տարբեր
դեղերու
միջոցով
որոշ
մարմնական
փոփոխութիւններու
կամ
սեռային
յարմարումի
մը
հասնիլ։
Անոնք
բնականաբար
կը
փափաքին,
որ
իրենց
զգացումներուն
վրայ
հիմնուած
ենթակայական
(Subjective)
սեռական
ինքնութիւնը
նաեւ
ընդունելի
ըլլայ
ընկերային
հասարակութեան
կողմէ։
Անդրսեռականութիւնը
ծանօթ
է
հնադարեան
ժամանակներէն,
իսկ
2019
թուականին,
Համաշխարհային
Առողջապահութեան
Կազմակերպութեան
(World
Health
Organization
=
WHO)
կողմէ
անդրսեռականութիւնը
կը
հեռացուի
հոգեկան
խանգարումներու
կամ
հիւանդութիւններու
ցանկէն,
այսուհանդերձ
տարբեր
երկիրներու
մէջ,
այս
հարցի
առնչուած
բոլորովին
տարբեր
մօտեցումներ
կան,
թէ՛
պետական
մակարդակի
վրայ
եւ
թէ
ընկերային
հասարակութեան
մէջ։
Միջսեռականութիւն
(Intersexuality).
-
Միջսեռականութիւնը
ծանօթ
երեւոյթ
մըն
է
հնադարեան
ժամանակներէն
ի
վեր։
Մինչեւ
20-րդ
դարու
երկրորդ
կիսուն,
ան
կը
նկատուէր,
որպէս
բնածին
հազուագիւտ
հիւանդութիւն
(կամ
սեռական
խանգարում)
մը,
որու
պարագային,
հենուելով
անձի
մը
ծինաբանական,
կազմախօսական
ու
հորմոնային
տուեալներուն
վրայ,
կարելի
չէ
յստակօրէն
զանազանել
անոր
արական
կամ
իգական
սեռին
պատկանիլը։
Վերջին
շրջանին,
բժշկութիւնը
եւ
գիտութիւնը
խտրականութիւն
չյարուցանելու
համար,
կը
խուսափին
«խանգարում»
կամ
«հիւանդութիւն»
եզրերէն
եւ
Միջսեռականութիւնը
կը
ներկայացնեն,
որպէս
սեռական
մէկ
տարբերակ։
Այս
պատճառով,
բազմաթիւ
երկիրներու
անձնագիրներուն
(Identity
Card)
մէջ,
որպէս
սեռ
(Sex)
կը
նշուի
երրորդ
տարբերակ
մը,
արականին
ու
իգականին
կողքին։
Սեռական
այս
երրորդ
կարելիութիւնը
կամ
տարբերակը
ունի
իր
յատուկ
խորհրդանշանը
(
)
(Symbol),
ինչպէս
նաեւ
գիտական
կամ
առասպէլական
այլ
անուանումները,
ինչպէս.
-
Որձեւէգութիւն
(Androgyny),
որ
կազմուած
է
հայերէն
որձ
(այր)
եւ
էգ
(կին)
արմատներէն։
Յունարէնի
մէջ,
նոյնպէս՝
ándrós
=
այր
եւ
gyné
=
կին
արմատներէն,
իսկ
անձը
կը
կոչուի
որձեւէգ
(Androgyn).
եւ
Հերմաֆրոդիտականութիւն
(Hermaphroditism),
որ
կազմուած
է
հին
յունական
դիցաբանութեան՝
Հերմէս
(
)
աստուծոյ
եւ
Աֆրոդիտէ
(
)
աստուածուհիի
անուններով,
իսկ
անձը
կը
կոչուի
հերմաֆրոդիտ
(Hermaphrodit)։
Միջսեռականութիւնը
(Intersexuality)
կը
տարբերի
անդրսեռականութենէն
(Transsexuality)։
Եթէ
առաջին
տարբերակի
պարագային
կան
ծինաբանա
-կան
(
),
կազմախօսական
(
)
ու
հորմոնային
(
)
որոշ
յատկանիշներ,
սակայն
երկրորդ
տարբերակի
պարագային
առկայ
է
միայն՝
հոգեկանզգացական
ազդակը,
ուր
սեռական
երրորդ
տարբերակի
մը
մասին,
ընդհանրապէս,
կարելի
չէ
յստակօրէն
խօսիլ։
Վերոյիշեալ
երկու
պարագաներուն
ալ,
խնդրոյ
առարկայ
անհատներ
կը
դիմեն
բժշկական
բարդ
վիրահատութիւններու
եւ
տարբեր
դեղերու,
որոնց
միջոցով
մարմնական
նպատակայարմար
փոփոխութիւններու
կամ
սեռային
յարմարումի
մը
հասնելու
համար։
Միջսեռական
կամ
որձեւէգ
նորածիններու
կամ
երեխաներու
մօտ,
սեռային
յարմարումի
հասնելու
որեւէ
միջամտութիւն
քննադատելի
է։
Նախ
երեխան,
անչափահաս
ըլլալով,
չի
կրնար
իր
համաձայնութիւնը
յայտնել,
նմանօրինակ
(վիրահատական
կամ
դեղերով)
միջամտութիւններու
պարագային։
Ասոր
կողքին,
վերոյիշեալ
միջամտութիւններէն
կրնան
յառաջանալ
անբարենպաստ
ու
անախորժ
կողմնակի
ազդեցութիւններ
(Side
Effects)
կամ
բարդութիւններ
(Complications)։
Բժշկագիտութեան
մէջ,
վերոյիշեալ
վաղ
միջամտութիւններու
կամ
ընդհանրապէս
որեւէ
եղանակի
միջամտութեան
հարցով
կան
երկու՝
թեր
եւ
դէմ
դիրքորոշումներ։
Հոգեբուժութիւնն
ալ
կը
զբաղի
նման
անհատներով,
որոնց
մօտ
շատ
յաճախ
հոգեկան
բարդոյթներ
կը
յառաջանան։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն,
ընդհանրապէս,
կարելի
եղած
չափով
հարկ
է
պահել
մարմնական
ամբողջականութիւնը
(Integrity)։
Ասոր
կողքին,
կարելի
չէ
խտրականութիւն
(Discrimination)
դնել
սեռական
բազմաթիւ
տարբերակներու
միջեւ։
Նկատի
ունենալով
մարդու
հիմնական
իրաւունքները
(Human
Rights)
եւ
մարդու
արժանապատուութիւնը
(Human
Dignity),
սեռական
տարբերակներու
պարագային,
անպայման
խուսափելու
է
«հիւանդութիւն»,
«խանգարում»,
ինչպէս
նաեւ
«բնական»,
«անբնական»
կամ
«ոչբնական»
անուանումներէն։
Որպէս
եզրակացութիւն
դարձեալ
շեշտելու
է,
որ
մարդոց
միջեւ
առկայ՝
ծինաբանական,
կազմախօսական
ու
հորմոնային
որոշ
տարբերութիւնները
երբեք
պատճառներ
չեն
եւ
չեն
կրնար
ըլլալ,
որ
ընկերային
հասարակութեան
մէջ
եւս
որոշ
տարբերութիւններ
յարուցանուին
կամ
մարդոց
միջեւ
խտրականութիւն
դրուի։
Համաճարակ
(Pandemia)
Հա
մաճարակը,
վարակիչ
հիւանդութիւններու
ընդհանուր
տարածումն
է,
իսկ
տեղական
բնոյթ
կրող,
աւելի
սահմանափակ
համաճարակները
կարելի
է
կոչել՝
տեղաճարակ
(Epidemia)
կամ
տեղավարակ։
Պատմութեան
ընթացքին
տեղի
ունեցած
են
բազմաթիւ
համաճարակներ,
որոնք
մեծ
աւերներ
գործած
են
եւ
որոնց
պատճառով
միլիոնաւոր
մարդիկ
մահացած
են։
Յիշենք
ծանր
համաճարակներու
քանի
մը
օրինակներ.
-
Միջնադարեան
ժանտախտի
(
)
ծանր
համաճարակը
(1346
–
1353
թ.
),
որ
կոչուած
է
«սեւ
մահ»
(„Black
death“)։
Այս
համաճարակը
խլեց
այդ
օրուան
աշխարհի
բնակչութեան
մէկչորրորդը
(մօտ.
125
միլիոն
մարդ)։
Նաեւ
Նոր
Դարու
ժանտախտի
համաճարակը
(1894
–
1912
թ.
),
որու
պատճառով
մահացան
մօտ.
12
միլիոն
մարդ։
Միջնադարեան
ծաղկախտի
(
)
համաճարակը
(1519
–
1520
թ.
),
որ
միայն
Մեքսիկոյի
մէջ
մօտ.
8
միլիոն
մահ
պատճառեց։
Ծաղկախտի
բազմաթիւ
համաճարակներ
տեղի
ունեցան
նաեւ
Նոր
Դարաշրջանին։
Նոր
Դարաշրջանին,
տեղի
ունեցան
բազմաթիւ
գրիպի
(
)
համաճարակներ,
որոնցմէ
յիշենք՝
«Սպանական
գրիպը»
(1918
–
1920
թ.
),
որ
մօտ.
50
միլիոն
մահ
պատճառեց,
«Ռուսական
գրիպը»
(1889
–
1890
թ.
եւ
1977
–
1978
թ.
),
որոնցմէ
իւրաքանչիւրը
մօտ.
1
միլիոն
մահ
պատճառեց։
Ժամանակակից,
այժմէական
համաճարակ
մըն
է
«Ձեռքբերովի
իմունային
անբաւարարութեան
համախտանիշը»
(
)
(ՁԻԱՀ
=
AIDS
=
acquired
immune
deficiency
syndrome),
որու
պատճառով,
1981
թուականէն
սկսեալ,
արձանագրուած
է
36
միլիոն
մարդկային
մահ
եւ
2019
թուականի
տուեալներով՝
կան
ընդամէնը
38
միլիոն
վարակուած
մարդիկ։
Հիւանդութիւնը
դեռ
ամբողջութեամբ
չէ
յաղթահարուած։
Թէեւ
դարմանական
նոր
միջոցներ
կան,
սակայն
առայժմ
ազդեղիկ
պատուաստ
մը
չէ
գտնուած։
Ժամանակակից,
այժմէական
համաճարակ
մըն
է
նաեւ,
2019
Նոյեմբերին
սկսած՝
«պսակավիրուս-19-ախտի»
(
)
(Covid-19)
համաճարակը,
որ
տակաւին
կը
շարունակէ
աշխարհի
բոլոր
երկիրներուն
մէջ
բազմակողմանի
աւերներ
գործել,
մարդոց
առողջական
վիճակը
վատթարացնել
ու
բազմաթիւ
մահեր
խլել։
Անխտիր
բոլոր
համաճարակները
մեծ
ազդեցութիւն
ունեցած
են
եւ
ունին
մարդոց
վրայ
եւ
որոնց
պատճառով՝
որոշ,
երբեմն
հիմնական
փոփոխութիւններ
տեղի
ունեցած
են
եւ
կ՚ունենան
ընկերային
հասարակութեան
մէջ։
Ժամանակակից
ու
այժմէական
համաճարակները
քննարկելու
համար,
հարկ
է
անդրադառնալ
երկու
տարբեր
դրութիւններու
(System)
համագործակցութեան,
անոնք
են՝
բժշկագիտական
դրութիւնը՝
իր
գիտահետազօտութեամբ
եւ
պետական
քաղաքականութիւնը՝
իր
կանխազգուշական
եւ
դարմանական
որոշումներով։
Երկրի
մը
պետական
քաղաքականութիւնը,
անհրաժեշտօրէն
կարիքը
ունի
համաճարակին
պատճառ
հանդիսացող,
օրինակ
վիրուսի
(ժահրի)
մասին,
գիտահետազօտական
արդիւնքներուն,
որոնց
համաձայն
միայն
ան
կրնայ
որոշումներ
կայացնել,
համաճարակը
աւելի
կառավարելի
դարձնելու
եւ
երկրի
բնակչութիւնը
որոշ
չափով
պաշտպանելու
համար
համաճարակին
դէմ,
միշտ
նկատի
ունենալով՝
մարդոց
ազատութիւնը
եւ
բարօրութիւնը։
Նաեւ
բժշկագիտութիւնը
ծանր
ճնշումի
տակ
է,
որովհետեւ
գիտահետազօտական
արդիւնքներէն
կախեալ
են
միլիոնաւոր
մարդիկ,
պետական
կանխազգուշական
ու
դարմանական
որոշումներու
միջոցով։
Իսկ
ժողովրդավար
(Democracy)
երկիրներու
մէջ,
հարկ
է
ամէն
ինչ
քննարկել,
քննախօսութեան
(Discourse)
ենթարկել,
հրապարակել,
նաեւ
բոլոր
հարցերուն
որոշ
տարակուսանքով
ու
կասկածանքով
մօտենալ,
անոնց
սխալականութեան
(Fallibilism)
պատճառով։
Համաճարակներու
ընթացքին,
ընկերային
հասարակութեան
ընդհանուր
մթնոլորտը
կը
խանգարուի,
տեղի
ունեցող
բազմատեսակ
փոփոխութիւններու
պատճառով։
Նկատի
ունենալով
ժամանակակից
«Պսակավիրուս-19-ախտի»
(Covid-19)
համաճարակը,
կարելի
է
հաստատել.
-
Արտակարգ
դրութիւն
մը,
երբ
պետութիւնը
երկրին
մէջ
պարէտային
ժամ
(անգլ.
՝
Curfew,
գերմ.
՝
Ausgangssperre)
կը
յայտարարէ,
կը
փակուին
բոլոր
համալսարաններն
ու
դպրոցները,
կ՚արգիլուին
կամ
նուազագոյն
կը
սահմանափակուին
բոլոր
տեսակի
համախմբումները
(համերգ,
թատրոն,
թանգարան,
մարզարան,
լողաւազան,
ճաշարան,
աղօթավայր,
եւայլն…)
ու
կը
փակուին
կարգ
մը
խանութներն
ու
գործարանները։
Այս
բոլորը
մեծ
ազդեցութիւն
կ՚ունենայ
երկրի
տնտեսութեան
վրայ,
ինչպէս
նաեւ
կրթական,
մշակութային,
մարզական,
կրօնական
եւ
այլ
ոլորտներու
վրայ։
Հոգեբանական
տագնապալի
իրավիճակ,
երբ
ժողովուրդին
մէջ
վախ
մը
կը
տիրէ,
որ
յաճախ
տագնապալի
ու
հիւանդագին
կը
դառնայ։
Վախի,
պատճառները
բազմատեսակ
են։
Վախ՝
վարակուելէն,
ախտաւոր
դառնալէն
ու
ստոյգ
մահէն,
վախ՝
գործազրկութենէն
ու
տնտեսական
անապահով
վիճակէն,
վախ
ու
մտահոգութիւն՝
թէ՛
ինքնիր
անձի
ու
թէ
ընտանիքի
միւս
անդամներուն
համար,
վախ
ու
մտահոգութիւն՝
ապագայի
մասին,
թէ
այս
համաճարակը
որքա՞ն
կը
տեւէ
ու
այս
ճգնաժամէն
ինչպէ՞ս
կարելի
է
դուրս
գալ։
Վերջապէս
այս
վախը
ինչպէ՞ս
պէտք
է
դիմագրաւել,
զայն
հասկնալ,
խուճապի
(Panic)
չմատնուիլ
ու
անոր
դէմ
պայքարիլ։
Հարցեր,
զորս
պէտք
է
նկատի
առնել։
Սահմանափակում
մարդու
հիմնական
իրաւունքներու,
մանաւանդ
սահմանափակում
որոշ
ազատութիւններու,
երբ
կ՚արգիլուի
տունէն
դուրս
գալը
(պարէտային
ժամ)
կամ
կ՚արգիլուին
ճամբորդութիւնները
ու
մարդիկ
ստիպուած,
իրարու
հանդէպ
որոշ
չափով
հեռաւորութիւն
(միջոց)
կը
պահեն
եւ
կ՚ենթարկուին
մեկուսացման
(Isolation)
կամ
ինքնամեկուսացման
(Self-Isolation)
։
Համաճարակներու
ընթացքին,
անհրաժեշտ
ու
կարեւոր
են
կանխազգուշական
միջոցները,
որպէսզի
մարդիկ
ընդհանրապէս
չվարակուին,
ինչպէս
նաեւ
փոխանցիկ
ու
սուր
հիւանդութիւնը՝
աւելի
լայն
տարածում
չունենայ։
Նկատի
ունենալով
սուր
հիւանդութեան
վարակման
տարբեր
միջոցները,
անյապաղ
հետեւելու
է
կանխազգուշական
բոլոր
կանոններուն։
Իսկ
փոխանցիկ
հիւանդութեան
առաջին
ախտանշաններու
յայտնութեան
պարագային,
անմիջապէս
դիմելու
է
բժշկութեան
օժանդակութեան։
…
Եւ
այս
բոլորը
հարկ
է
կատարել
ի
խնդիր
անձնական
եւ
հաւաքական
շահի,
գիտակից
պատասխանատուութեամբ
եւ
բծախնդրութեամբ։
Համաճարակներու
ընթացքին,
շատ
մեծ
պատասխանատուութիւն
ունին
եւ
ծանր
ճնշումի
տակ
են
բժիշկներն
ու
բուժաշխատողները,
որոնց
մօտ
նաեւ
վարակուելու
եւ
հիւանդանալու
կարելիութիւնը
բարձր
է։
Հիւանդանոցներն
ու
գերհոգատարական
բաժանմունքները
(Intensive
care
unit)
ծանրաբեռնուած
ու
ճնշումի
տակ
կ՚ըլլան։
Համաճարակները,
բացի
առողջապահական,
հոգեբանական
ու
ընկերային
զանազան
հարցերէն
ու
մարդկային
կորուստներէն,
տնտեսական
ծանր
վնասներու
պատճառ
կը
դառնան։
Կարելի
չէ
պատկերացնել,
որ
այժմէական
պսակավիրուս-19-համաճարակը,
ի՜նչ
տնտեսական
աւերներ
գործած
է
եւ
դեռ
կը
գործէ։
Համաճարակներու
ատեն,
ընդհանրապէս,
եւ
այժմէական
պսակավիրուս-19-համաճարակի
պարագային,
մարդոց
գլխաւոր
մտահոգութիւններէն
մէկն
է,
թէ
ե՞րբ
վերջ
պիտի
գտնեն
այս
համաճարակն
ու
ճգնաժամը,
արտակարգ
դրութիւնն
ու
զանազան
սահմանափակումները
եւ
ե՞րբ
տեղի
պիտի
ունենայ
նախկին
«բնական
վիճակին»
վերադարձը։
Պատմութեան
ընթացքին
գրեթէ
բոլոր
համաճարակները
վերջ
մը
ունեցած
են,
սակայն
այժմէական
այս
համաճարակը,
գոնէ
մօտիկ
ապագային,
վերջ
մը
պիտի
չունենայ։
Մենք
պիտի
կարենանք
նախազգուշական
պատուաստներով
ու
դարմանական
միջոցներով
աւելի
լաւ
պաշտպանուիլ,
սակայն
վտանգը
դեռ
երկա՜ր
պիտի
մնայ
աշխարհի
վրայ։
Նախկին
«բնական
վիճակը»,
ինչպէս
որ
էր,
անշուշտ
որ
չի
կրնար
վերադառնալ,
սակայն
պիտի
հաստատուի
բոլորովին
նոր
«բնական
վիճակ»
մը,
որ
նախկինէն
շա՜տ
տարբեր
պիտի
ըլլայ։
Հարց
է
նաեւ,
թէ
համաճարակները
ընդհանրապէս
ի՞նչ
հետքեր
կը
թողուն
մարդկութեան
հաւաքական
յիշողութեան
(անգլ.
՝
Collective
Memory,
գերմ.
՝
Kollektives
Gedächtnis)
մէջ։
Այլ
խօսքով,
ապագային,
մարդիկ
ընդհանրապէս
պիտի
յիշե՞ն
ներկայ
համաճարակին
մասին
կամ
յաջորդող
սերունդները
որքանո՞վ
պիտի
յիշեն
եւ
ժամանակը,
այս
պարագային,
ի՞նչ
դեր
կը
խաղայ։
Հաւաքական
յիշողութիւնը
հետազօտողները
կը
հաստատեն,
որ
միայն
25
տարի
տեւող
«աշխոյժ
յիշողութեան»
հանգրուանէ
մը
ետք,
կը
սկսի
«լուռ
յիշողութեան»
հանգրուանը,
որ
կրնայ
շատ
երկար
տեւել,
հակառակ
անոր
որ
համաճարակը
արդէն
մարդոց
գիտակցութենէն
ջնջուած
կամ
նուազագոյն՝
անոնց
անգիտակցութեան
(անգլ.
՝
Unconsciousness,
գերմ.
՝
Unbewusstheit)
մէջ
քօղարկուած
է։
Առողջապահական
հարցեր
Առողջապահութիւնը
գիտութիւն
է,
որ
կը
զբաղի
մարդոց
մարմնական
ու
հոգեկան
առողջութեամբ
ու
խնամքով։
Առողջապահութիւնը
կը
կազմէ
նաեւ
նախազգուշական
բժշկութեան
հիմքը։
Եւրոպական
լեզուներու
մէջ,
օրինակ
անգլերէն
եւ
գերմաներէն
Hygiene
բառը
կու
գայ
յունարէն
hygieiné
téchne
բառակապակցութենէն,
որ
կը
նշանակէ՝
«առողջութեան
ծառայող
արուեստ»։
Իսկ
հին
յունական
դիցաբանութեան
մէջ,
Հիգէիա
(
)
(յուն.
՝
Hygíeia),
եղած
է
առողջութեան
աստուածուհին։
Ան
կը
յիշուի
նաեւ
Հիպպոկրատէսի
երդումին
սկիզբը։
Վերջին
շրջանին,
բժշկագիտութեան
յառաջդիմութեան
ու
զարգացումին,
ինչպէս
նաեւ
առողջապահական
գիտելիքներու
լայն
տարածումին
շնորհիւ
կարելի
եղաւ
գիտակից
մարդոց
կեանքի
որակի
կամ
կենսամակարդակի
մեծ
բարելաւում
արձանագրել,
ասոր
կողքին,
մարդոց
մօտ,
կարելի
է
շօշափելի
երկարակեցութիւն
մը
հաստատել։
Մարդիկ
կրնան
առողջ
ու
երկար
ապրիլ,
եթէ
իրենց
համար
ապահովուած
են՝
ընդհանրապէս
բժշկութեան
ախտաճանաչման
ու
դարմանման
շատ
լաւ
սպասարկում,
բժշկական
կանխազգուշական
լաւ
միջոցներ,
ջուրի,
օդի
եւ
սննդամթերքի
շատ
լաւ
որակ,
բնակութեան
շատ
լաւ
պայմաններ,
հոգեպէս
հանգստաւէտ
կեանք
մը
եւ
առողջապահական
հիմնական
այլ
ազդակներ,
որոնք
կը
բարձրացնեն
մարդոց
կենսամակարդակը։
Երկարակեցութեան
վիճակագրական
տուեալներուն
համաձայն,
մինչեւ
19-րդ
դարու
սկիզբները
(1820
թ.
տուեալներով)
մարդոց
կեանքի
միջին
տեւողութիւնը
չէր
հասներ
40-ի։
Այսօր,
21-րդ
դարու
սկիզբը
(2015
թ.
տուեալներով)
մարդոց
կեանքի
միջին
տեւողութիւնը
ամբողջ
աշխարհի
վրայ
72
տարի
է։
Այստեղ,
պէտք
է
զանազանենք
հարուստ
եւ
աղքատ
երկիրներու
բնակչութեան
կեանքի
միջին
տեւողութեան
միջեւ։
Մինչ
կարգ
մը
հարուստ
երկիրներու
մէջ
մարդոց
կեանքի
միջին
տեւողութիւնը
կ՚անցնի
85
տարիքը,
կարգ
մը
աղքատ
երկիրներու
մէջ՝
հազիւ
50
է։
Բարոյագիտական
տեսանկիւնէն
բժշկաառողջապահական
այս
հարցը
կը
դիտուի
տարբեր
երկիրներու
մէջ,
մարդոց
կեանքի
միջին
տեւողութեան
տարբերութեան
ծիրէն
ներս։
Ի՞նչ
միջոցներու
պէտք
է
դիմել,
որպէսզի
այս
տարբերութիւնը
նուազագոյնի
հասնի
կամ
բոլորովին
վերանայ։
Ինչպէ՞ս
կարելի
է
առողջապահական
համակարգի
բարելաւումը
եւ
անով
մարդոց
կենսամակարդակի
բարձրացումը
ու
երկարակեցութիւնը։
Բազմաթիւ
հարցեր,
որոնք
լուրջ
սերտողութեան,
անյետաձգելի
որոշումներու
ու
նիւթական
միջոցներու
կարիքը
ունին։
Բ.
Գլուխ
Կենսաբարոյագիտութիւն
Bioethics
Կիրառական
բարոյագիտութեան
ոլորտէն
ներս,
ի՞նչ
է
կենսաբարոյագիտութիւնը
եւ
որո՞նք
են
անոր
գլխաւոր
հարցերը։
Կենսաբարոյագիտութիւնը
մարդու
ա՛յն
բարոյական
անդրադարձն
է,
որ
ուղղուած
է
իր
միջավայրին
հանդէպ,
մասնաւորաբար
այն
կենսական
առնչութեան,
որ
ունի
այլ
մարդոց,
անասուն
կենդանիներու
եւ
բնութեան
հետ։
Եւրոպական
լեզուներու
մէջ
կենսաբարոյագիտութիւն
(անգլ.
՝
Bioethics,
գերմ.
՝
Bioethik)
եզրը
կու
գայ
յունարէնէն.
-
bios
=
կեանք
եւ
ethos
=
բարոյագիտութիւն
արմատներէն։
Որպէս
բարոյագիտութեան
մէկ
կարեւոր
բաժին,
կենսաբարոյագիտութեան
գլխաւոր
նպատակն
է
ընկերային
հասարակութեան
մէջ
ծագող
կենսական
հարցերուն,
բարձր
ու
գիտակից
պատասխանատուութեամբ,
բարոյական
կանոններ
գտնելն
է։
Ան
սերտ
կապեր
ունի
բժշկութեան
բարոյագիտութեան
(Medical
Ethics)
եւ
ծինաբարոյագիտութեան
(Genethics)
հետ։
Կենսաբարոյագիտութիւնը
բաղդատաբար
երիտասարդ
գիտաճիւղ
մըն
է,
որու
սկզբնաւորութիւնը
պէտք
է
փնտռել
1960-ական
թուականներուն,
երբ
այժմէական
դարձան
բժշկութեան
գիտահետազօտութեան
կարգ
մը
վիճելի
միջոցառումները։
Հետագային,
1977
թուականին,
երկու
ամերիկացի
բարոյագէտ
փիլիսոփաներու
կողմէ
կը
հրատարակուի՝
Սկզբունքներու
բարոյագիտութիւն
(Principlism)
անուան
տակ
տեսութիւն
մը
(տե՛ս
էջ
238),
որ
հաւասարապէս
ի
զօրու
է
բոլոր
բժշկագիտական
ճիւղերուն
համար։
Յիշենք
անոր
չորս
սկզբունքները.
-
1.
Մարդոց
ինքնորոշման
իրաւունքի
սկզբունքը
(Autonomy),
2.
Մարդոց
չվնասելու
սկզբունքը
(Nonmaleficence),
3.
Մարդոց
օգնելու
սկզբունքը
(Beneficence)
եւ
4.
Արդարութեան
սկզբունքը
(Justice)։
Կենսաբարոյագիտութեան
հարցերը
լուծելու
համար,
յիշեալ
Սկզբունքներու
բարոյագիտութիւն
տեսութեան
կողքին,
նկատի
կրնան
առնուիլ
նաեւ
բարոյագիտական
այլ
տեսութիւններ,
ինչպէս
օրինակ.
-
Պարտագիտական
բարոյագիտութիւնը
–
Deontological
Ethics
(տե՛ս
էջ
156),
իր
«անպայմանական
հրամայականով»
եւ
Օգտապաշտութիւնը
–
Utilitarianism
(տե՛ս
էջ
178),
որ
հետեւանքային
ու
նպատակաբանական
տեսութիւն
մըն
է։
ԿԵՆՍԱԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՐՑԵՐԸ
Կենսաբարոյագիտութիւնը,
իր
զանազան
հարցերով
քաղաքական
քննախօսութիւն
(Discourse)
մըն
է,
որ
պէտք
է
տեղի
ունենայ
լայն
հրապարակային
ձեւով,
ընկերութեան
մը
հասարակական
վայրերուն
մէջ։
Բարոյագիտութիւնը
սակայն,
աւանդականօրէն,
գրեթէ
չէ
պատրաստուած
նմանօրինակ
իրավիճակի
մը
եւ
այս
նոր
իրավիճակը
կրնայ
հեշտութեամբ
քաղաքականացուիլ
եւ
քաղաքական
ուժի
մը
վերածուիլ։
Օրինակ,
այս
հարցերէն
ու
հիմնախնդիրներէն
որեւէ
մէկը,
կրնայ
քննախօսական
նպատակային
միջոցով
շահագործուիլ,
ծառայելու
համար
քաղաքական
որոշ
նպատակի։
Կանխելու
համար
կենսաբարոյագիտութեան
այս
վիճելի
տարակարծութիւնը,
պէտք
է
ուշադրութիւն
դարձնել
քննախօսութեան
հաւաստիութեան
եւ
յարգել
քննախօսութեան
բարոյագիտութեան
(
)
բոլոր
կանոնները։
Կենսաբարոյագիտութեան
հարցերը,
մեծ
մասով,
նոյնինքն
բժշկութեան
բարոյագիտութեան
հարցերն
են,
ինչպէս
յիշուեցան
նախորդ
բաժնին
մէջ
(էջ
238-էն
սկսեալ).
-
1.
Բժիշկհիւանդ
յարաբերութիւն,
2.
Արուեստական
բեղմնաւորում
(Artificial
Fertilisation),
3.
Վիժում
(Abortion),
4.
Մարմնի
մասերու
փոխպատուաստում
(Transplantation),
5.
Գերհոգատարական
բժշկութեան
(Intensive
Medicine)
եւ
վերակենդանացման
(Reanimation)
հարցեր,
6.
Անբուժելի
ու
ծանր
հիւանդներու
հեշտամահութիւն
(Euthanasia),
7.
Համասեռականութիւն
(Homosexuality)
եւ
Սեռական
այլ
հարցեր,
8.
Համաճարակ
(Pandemia),
եւ
9.
Առողջապահական
(Hygiene)
հարցերը։
Բժշկութեան
հետ
անմիջական
առնչութիւն
ունեցող,
վերոյիշեալ
հարցերը
նիւթ
են
նաեւ
կենսաբարոյագիտութեան
ոլորտին
մէջ։
Ասոնց
կողքին,
նկատի
ունենալով
Զգացումի
բարոյագիտութեան
(
)
(Moral
Sense
Theory)
մէջ
առկայ
կարեկցութեան
(Compassion)
զգացումը,
որ
կը
յայտնուի
ի
տես
«ուրիշ»ի
տառապանքին,
ցաւին
ու
վիշտին,
վերջին
ժամանակաշրջանին,
կարգ
մը
բարոյագէտներու
կողմէ
այս
երեւոյթի
սահմանները
կ՚ընդարձակուին,
ընդգրկելով
«ոչմարդկային»,
անասուն
կենդանիները,
բնութիւնը
եւ
շրջակայ
միջավայրը։
Այս
իմաստով,
կարելի
է
խօսիլ
բարոյագիտութեան
որոշ
չափով
նոր
ճիւղերու
մասին.
-
Անասուն
կենդանիներու
բարոյագիտութիւնը
(անգլ.
՝
Animal
Ethics,
գերմ.
՝
Tierethik),
եւ
Բնապահպանութեան
եւ
շրջակայ
միջավայրի
բարոյագիտութիւնը,
որ
անգլ.
՝
Environmental
Ethics,
գերմ.
՝
Umweltethik
կը
կոչուի։
Կենդանիներու
բարոյագիտութիւն
Անասուն
կենդանիներու
բարոյագիտութիւնը
մաս
կը
կազմէ
կենսաբարոյագիտութեան
(Bioethics)
ճիւղին,
ուր
կը
քննարկուին՝
«ոչմարդկային»
կամ
անասուն
կենդանիներու
հետ
կապ
ունեցող
մարդոց
բարոյական
հարցերը,
գլխաւորաբար
մարդոց
կողմէ
կենդանիներու
օգտագործման
օրինականութիւնը
կամ
ընդհանրապէս
անասուն
կենդանիներու
հանդէպ՝
մարդոց
բարոյական
պարտաւորութիւններու
առկայութիւնը։
Այլ
խօսքով,
ի՞նչ
կամ
ինչե՜ր
կարող
ենք
ընել
կենդանիներուն։
Այս
մարզին
մէջ
կան
ժամանակակից
բազմաթիւ
յիշարժան
անուններ,
որոնք
կենդանիներու
պաշտպաններ
դարձան
եւ
այդ
առնչութեամբ
բարոյագիտական
երկեր
գրեցին.
-
Թ.
Ռեգան
(Tom
Regan,
1938
–
2017
թ.
),
Ամերիկայի
Միացեալ
Նահանգներէն։
Կենդանիներու
պաշտպան
փիլիսոփայի
գլխաւոր
երկը
կը
հանդիսանայ՝
«Կենդանիներու
իրաւունքներու
պարագան»
(1983
թ.,
բնագիր՝
„
Case
for
Animal
Rights“)
։
Տիկին
Մ.
Ռ.
Հորստհաուս
(Mary
Rosalind
Hursthouse,
*1943
թ.
),
Նոր-Զելանդիացի
բարոյագէտփիլիսոփան,
որ
նաեւ
ջատագովն
է
արդի
առաքինութեան
տեսութեան։
Պ.
Սինգէր
(Peter
Singer,
*1946
թ.
),
աւստրալիացի
բարոյագէտփիլիսոփայ,
որու
«Կենդանիներու
ազատագրում»
(1975
թ.,
բնագիր՝
„Animal
Liberation“)
երկը
հանրածանօթ
դարձաւ։
Ան
ներկայացուցիչն
է
նաեւ
Նա
խընտրութեան
օգտապաշտութիւն
(Preference
Utilitarianism)
բարոյագիտական
ուղղութեան։
Տիկին
Ու.
Վոլֆ
(Ursula
Wolf,
*1951
թ.
),
գերման
կենդանիներու
պաշտպան
փիլիսոփան,
2012-ին
հրատարակած
է
«Մարդկենդանիյարաբերութեան
բարոյագիտութիւնը»
(բնագիր՝
„Mensch-Tier-Beziehungs-Ethik“)
երկը,
որ
այս
իմաստով
կարեւոր
երկ
մըն
է։
Ռ.
Դ.
Պրեխտ
(Richard
David
Precht,
*1964
թ.
),
գերման
բաւական
հանրածանօթ
բարոյագէտփիլիսոփան,
որու
բարոյագիտական
գլխաւոր
երկը
(«Կենդանիները
կը
մտածեն»,
2016
թ.
բնագիր՝
„
Tiere
denken“
)
կը
շօշափէ
«կենդանիներու
իրաւունքները
եւ
մարդոց
սահմանները»։
Կենդանիներու
բարոյագիտութեան
այս
ոլորտը
ու
անոր
հիմնաւորումը,
կը
բախին
որոշ
դժուարութիւններու։
Այստեղ
ընդհանրապէս
հարկաւոր
են՝
նոր
քննարկումներ
եւ
նոր
բացայայտումներ՝
մարդանասուն
յարաբերութեան
եւ
անասուններու
հանդէպ
մարդու
բարոյական
դիրքաւորման
մասին։
Արդեօք
ինչպէ՞ս
պէտք
է
մեկնաբանել
Աստուածաշունչի
ծանօթ
պատգամը,
ուր
Աստուած
իր
ստեղծած
մարդուն
կը
հրամայէ՝
կենդանի
բնութեան
վրայ
տիրել
եւ
իշխել
(
)
(Գիրք
Ծննդոց
Ա.
/28),
կամ
ինչպէ՞ս
հասկնալ
յոյն
փիլիսոփաներէն
սոփեստ
Պրոտագորասի
(յուն.
՝
Prôtagóras,
490
–
411
մ.
թ.
ա.
)
«Մարդը
բոլոր
իրերու
չափանիշն
է»
շատ
նշանաւոր
խօսքը,
որ
իրերամերժ
մեկնութիւններու
արժանացած
է։
Այս
իմաստով,
արդեօք
կրնա՞յ
գոյութիւն
ունենալ
նուիրապետական
կարգ
մը,
ուր
«ոչմարդկային»
անասուն
կենդանիները
ենթակայ
են
մարդուն
կամ
ընդհանրապէս
այդ
կենդանիները
իրաւունքներ
ունի՞ն։
Տակաւին
կարելի
է
հարց
տալ.
-
արդեօք
բոլոր
«ոչմարդկային»
անասուն
կենդանիներու
մօտ
ջղային
դրութեան
զարգացումը,
եւ
ըստայնմ
անոնց
ցաւի
զգացումը
նո՞յնն
են,
թէ
պէտք
է
զանազանել
օրինակ
միջատներն
ու
որդերը,
ողնաշարաւոր
ու
մանաւանդ
կաթնասուն
կենդանիներէն։
Կենդանիներու
բարոյագիտութիւնը
թէեւ
հնադարեան
ժամանակներէն
ի
վեր
քննարկման
նիւթ
եղած
է,
սակայն
Նոր
Դարաշրջանի
լուսաւորութեան
շարժումով
միայն
աւելի
կարեւորութիւն
ստացաւ։
Հետեւելով
«ոսկեայ
կանոնին»
(
)
[Ինչ
որ
չես
ուզեր
որ
քեզի
ընեն,
դուն
ալ
(այդ)
ուրիշներուն
մի՛
ըներ],
կարելի
է
այս
գաղափարը
ընդհանրացնել,
ընդգրկելով
«ոչմարդկային»
անասուն
կենդանիները։
Այստեղ
հարցը
այն
չէ,
որ
այդ
կենդանիները
արդեօք
բանականութիւն
ու
մտային
կարողութիւններ
ունի՞ն
կամ
կը
խօսի՞ն,
այլ՝
արդեօք
անոնք
կը
տառապի՞ն
կամ
իրաւունքներ
ընդհանրապէս
ունի՞ն։
Վերջապէս,
արդեօք
կարելի՞
է
Բարոյագիտութեան
տեսութիւնները
(
),
մանաւանդ
Կանտի
(Immanuel
Kant,
1724
–
1804
թ.
)
Պարտագիտական
բարոյագիտութիւնը
կամ
Շոպենհաուրի
(Arthur
Schopenhauer,
1788
–
1860
թ.
)
կարեկցութեան
առնչուած
Զգացումի
բարոյագիտութիւնը
ընդհանրացնել,
ընդգրկելով
«ոչմարդկային»
անասուն
կենդանիները։
Բնապահպանութեան
բարոյագիտութիւն
Կենսաբարոյագիտութեան
(Bioethics)
ոլորտին
մաս
կը
կազմեն
նաեւ
բնութիւնն
(անգլ.
՝
Nature,
գերմ.
՝
Natur)
ու
շրջակայ
միջավայրը
(անգլ.
՝
Environment,
գերմ.
՝
Umwelt),
ինչպէս
նաեւ
անոնց
պահպանումը
(պաշտպանութիւնը),
որպէս՝
բնապահպանութեան
բարոյագիտութիւն,
որ
անգլ.
՝
Environmental
Ethics
ու
գերմ.
՝
Umweltethik
կը
կոչուի։
Վերջին
տասնամեակներուն
հետզհետէ
աւելի
զարգացած
ու
մեծ
կարեւորութիւն
ստացած
այս
տեսութեան
բարոյական
գերագոյն
սկզբունքը՝
պատկառանքն
(անգլ.
՝
Reverence,
գերմ.
՝
Ehrfurcht)
է,
պատկառանք՝
հանդէպ
ընդհանրապէս
կեանքին
ու
բնութեան
(իր
շրջակայ
միջավայրով)
եւ
անշուշտ՝
անոնց
պահպանութիւնը։
«Բնապահպանութիւն»
հասկացութիւնը
(անգլ.
՝
Nature
Conservation,
գերմ.
՝
Naturschutz)
կը
բովանդակէ
մարդոց
կողմէ
կատարուած
բոլոր
այն
միջոցառումները,
որոնցմով
կարելի
է
պահել
ու
պահպանել
ընդհանրապէս
Երկիր
մոլորակի
բնութիւնը,
իր
բուսական
ու
կենդանական
աշխարհներով,
իր
հողով,
ջուրով
ու
օդով,
իր
անտառներով,
բնական
գեղեցկութիւններով
ու
հարստութիւններով։
Բնապահպանութեան
զանազան
միջոցառումները
ընկերային
հասարակութեան
պարտաւորութիւնները
կը
նկատուին,
որով
նաեւ
բարոյական
ճիշդ
վարմունքի
արտայայտութիւններ
են։
Վերջին
հաշուով,
մարդը
իր
բանականութեամբ
ու
կատարած
գործով
մեծ
ազդեցութիւն
ունի
բնութեան
վրայ։
Բարոյագիտական
փաստարկի
կողքին,
բնապահպանութիւնը
մարդոց
համար
ունի
նաեւ
այլ
կարեւորութիւններ։
Օրինակ՝
Մարդը
ապրելու
համար
պէտք
ունի
բնութեան
բարիքներուն.
բնութիւնը
նաեւ
կը
նկատուի
մարդու
տեսակ
մը
հայրենիքը,
որուն
կապուած
է
եւ
որմէ
կը
ստանայ
իր
ինքնութեան
գիտակցութիւնը։
Նաեւ
քրիստոնէական
բարոյագիտութեան
մէջ
մեծ
կարեւորութիւն
կը
տրուի
բնապահպանութեան,
որովհետեւ
բնութիւնը
(«երկինքն
ու
երկիրը»)
Աստուծոյ
ստեղծագործութիւնն
է
եւ
խնամքով
ու
հոգատարութեամբ
պէտք
է
վերաբերիլ
անոր
հետ։
Աստուածաշունչը
կը
սկսի
Գիրք
Ծննդոցի
հետեւեալ
նախադասութեամբ.
-
«Սկիզբէն
Աստուած
երկինքն
ու
երկիրը
ստեղծեց…»։
Ասոր
կողքին
եւ
արարչագործութեան
աւարտին,
Աստուած
ստեղծեց
մարդը.
-
«Եւ
ըսաւ
Աստուած,
Մարդ
ստեղծենք
Մեր
պատկերին
ու
նմանութեանը
պէս
եւ
ան
թող
իշխէ՝
ծովու
ձուկերուն,
երկնքի
թռչուններուն
եւ
ամբողջ
երկրի
անասուններուն
վրայ»։
(Ծննդոց
1
/
26)
Ուրեմն,
Աստուծոյ
կողմէ
մարդուն
տրուած
իշխանութիւնն
է,
որ
ան
տիրէ
ամբողջ
բնութեան,
իր
բուսական
ու
կենդանական
աշխարհներով
եւ
օգտուի
անոնց
բարիքներէն։
Այստեղ
իշխելու,
տիրելու
ու
օգտուելու
գաղափարներուն
հետ,
քրիստոնեայ
աստուածաբաններ
կը
հասկնան
նաեւ՝
մարդուն
բնութեան
հանդէպ
ունեցած
մեծ
պատասխանատուութիւնը,
որով
մարդը
մեծ
խնամքով
ու
հոգատարութեամբ
պէտք
է
վերաբերի
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
հանդէպ։
Յոյն
դասական
փիլիսոփայ
Արիստոտէլի
(Aristotle,
յուն.
՝
Aristotélês,
384
–
322
մ.
թ.
ա.
)
համար
ալ
հարցը
շատ
չէր
տարբերեր։
Արիստոտէլ
բնութիւնը
կը
հասկնար,
որպէս
նուիրապետական
հիմնակարգ,
ուր
մարդը,
որպէս
բանական
էակ
բարձրագոյն
տեղը
կը
գրաւէ
եւ
կը
տիրէ
իրմէ
ցած
գտնուող՝
բուսական
ու
կենդանական
աշխարհներուն։
Արիստոտէլի
համաձայն.
-
Բոյսերը
գոյութիւն
ունին
կենդանիներու
համար
եւ
կենդանիները՝
մարդոց
համար։
Մարդիկ
կենդանիներէն
օգուտ
ունին,
անոնցմով
կը
սնանին
եւ
կը
պատրաստեն
իրենց
կեանքի
համար
նպատակայարմար
իրեր
(օրինակ
հագուստեղէն
եւայլն…)։
Քանի
որ
բնութեան
մէջ
աննպատակ
եւ
անօգուտ
բան
չի
յառաջանար,
ուրեմն
ինչ
որ
յառաջացած
է,
մարդուն
համար
է։
(Արիստոտէլ,
„Politik”
I,
1256b)։
Միջնադարեան
նշանաւոր
աստուածաբանփիլիսոփայ
Թոմաս
Աքուինացի
(Thomas
Aquinas,
1224
–
1274
թ.
),
իր
գլխաւոր
երկին
«Համամատեան
աստուածաբանութեան»
մէջ
(„Summa
Theologica“,
I-2,
quaest.
64,
art.
1
եւ
quaest.
72,
art.
4),
գրեթէ
նոյնութեամբ
կը
կրկնէ
Արիստոտէլի
գաղափարը
եւ
կ՚աւելցնէ,
որ
ան
կը
համապատասխանէ
աստուածային
պատուիրաններուն։
Թոմաս
Աքուինացի
իր
մեղքերու
կանոնակարգին
մէջ
կը
յիշէ՝
Աստուծոյ
դէմ
գործուած
մարդուն
մեղքերը,
ինչպէս
նաեւ՝
ինքզինքին
եւ
այլոց
դէմ
մեղքերը,
սակայն
անասուն
կենդանիներու
եւ
բնութեան
դէմ
մեղքերու
ոչ
մէկ
յիշատակութիւն
կ՚ընէ։
Գիտական
մեծաքայլ
զարգացումի
կողքին,
եթէ
նկատի
առնենք
աշխարհի
բնակչութեան
յարատեւ
աճը
եւ
մարդոց
կեանքի
աւելի
բարձր
մակարդակի
ձգտումը
պիտի
հաստատենք,
որ
ամբողջ
բնութեան
ու
կենսոլորտին
վրայ
մարդածին
ազդեցութիւնը
երթալով
կ՚աւելնայ,
բան
մը
որ
բնութեան
ու
զայն
շրջապատող
միջավայրի
պահպանութիւնը
մեծապէս
կարեւոր
ու
անյետաձգելի
կը
դարձնէ։
Բազմաթիւ
պատճառներով,
սակայն,
կը
վնասուի
ընդհանուր
բնութիւնը
ու
կը
խաթարուի
կենսաբանական
համակարգերու
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
հաւասարակշռութիւնը։
Յիշեալ
պատճառներու
գլխաւորը,
ինչպէս
յիշեցինք,
նոյնինքն
մարդն
է,
որ
չարաշահելով
բնութիւնը,
սպառելով
բնական
հարստութեան
պաշարները,
ոչնչացնելով
անտառները,
կը
վնասէ
ամբողջական
բնութեան
ու
հողին,
կ՚ապականէ
օդն
ու
ջուրը,
կը
նուազեցնէ
բուսական
ու
կենդանական
աշխարհներու
բազմազանութիւնը։
Բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրին
հասած
վնասներու
պատճառները
բազմազան
են։
Անոնց
պահպանութիւնը
նպատակ
պէտք
է
ունենայ՝
նախ
կանխարգելումն
ու
նուազեցումը
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրին
հասցուած
զանազան
վնասներուն,
պէտք
է
հետապնդուին
այդ
վնասներու
պատճառ
հանդիսացողները,
անոնք
ըլլան
առանձին
անհատներ,
ընկերութիւններ
կամ
երկիրներ
եւ
պէտք
է
հաստատուի
անոնց
պատասխանատուութիւնը։
Այնուհետեւ,
փոխհատուցման
իմաստով,
պէտք
է
ապահովել
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
վերականգնումն
ու
բնական
հարստութիւններու
պահպանութիւնը,
օրինակի
համար
հատուած
եւ
օգտագործուած
ծառերու
տեղ
նոր
ծառերու
տնկումը
կամ
անտառապատումներն
ու
կանաչապատումները։
Այլ
խօսքով
պէտք
է
պահպանուին
բնութեան
գեղեցկութիւնն
ու
բազմազանութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
անոր
հաւասարակշռուած
արդիւնաւէտութիւնն
ու
նպատակայարմար
օգտագործումը։
Բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
պահպանութիւնը
կ՚իրագործուի
միջազգային,
պետական
եւ
հասարակական
զանազան
միջոցառումներով
ու
ծրագրերով։
Միջազգային
մակարդակի
վրայ,
աշխոյժ
գործունէութիւն
կը
ծաւալեն
Միացեալ
Ազգերու
Կազմակերպութեան
(ՄԱԿ
=
UNO,
United
Nations
Organization)
առնչուած
կարգ
մը
ձեռնարկներ
ու
կազմակերպութիւններ.
-
UNEP
(
),
ՄԱԿի
շրջակայ
միջավայրի
ծրագիրը,
որ
հիմնուած
է
1972
թուականին։
Կեդրոնական
գրասենեակը
կը
գտնուի
Նայրոբիի
(Քենիա)
մէջ,
իսկ
այլ
գրասենեակներ՝
տարբեր
երկիրներու
մէջ։
UNESCO
(
),
ՄԱԿի
կրթական,
գիտական
եւ
մշակութային
կազմակերպութիւնը,
որու
սկիզբը,
որպէս
յանձնաժողով,
կարելի
է
տեղադրել
1921
թուականին։
Կեդրոնական
գրասենեակը
կը
գտնուի
Փարիզի
(Ֆրանսիա)
մէջ։
Բազմաթիւ
երկիրներու
մէջ,
պետական
մակարդակի
վրայ,
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
հարցերով
կը
զբաղին
նախարարութիւններ
կամ
յատուկ
յանձնաժողովներ։
Իսկ
ոչպետական
մակարդակի
վրայ,
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
հարցերով
կը
գործեն
տարբեր
կազմակերպութիւններ,
ինչպէս
օրինակ.
-
Greenpeace
(«կանաչխաղաղութիւն»)
միջազգային
կազմակերպութիւնը,
որ
հիմնուած
է
1971
թուականին,
Վանկուվրի
(Կանադա)
մէջ։
Բազմաթիւ
երկիրներու
մէջ
գրասենեակ
ունեցող
այս
կազմակերպութիւնը
կը
զբաղի
բնութեան
ու
շրջակայ
միջավայրի
զանազան
հարցերով
եւ
յատկապէս
առանց
բռնութեան
բողոքի
ցոյցերով,
ընդդէմ
օրինակ՝
միջուկային
կամ
կորիզային
ուժի
(Nuclear
Power),
նաւթային
ընկերութիւններու,
Երկրի
ընդհանուր
տաքացման
(Global
Warming),
անտառահատման
(Deforestation),
եւայլն…։
Այսօր,
առաջնահերթութիւն
պէտք
է
տրուի
բնութեան
հանդէպ
բանական
մարդու
պատասխանատուութեան։
Այսօր
պէտք
է
մտածել,
որ
ա՛յն
բնութիւնը,
իր
բուսական
ու
կենդանական
բազմազանութեամբ,
որ
մենք
ունինք,
արդեօք
մեր
ապագայ
սերունդներուն
ի՞նչ
վիճակով
պիտի
հասնի։
Արդեօք
երկրի
վրայ
դեռ
գոյութիւն
ունի՞ն
անեղծ
ու
չաղաւաղուած
բնութեան
շրջաններ,
կոյս
ու
անկոխ
անտառներ։
Արդեօք,
կլիմայական
ջերմաստիճանի
բարձրացումով,
հիւսիսային
ու
հարաւային
բեւեռներու
ձիւնհալը
որքա՞ն
յառաջացած
է։
Արդեօք
բուսական
ու
կենդանական
աշխարհներու
մէջ
քանի՜
-
քանի՜
տեսակներ
անհետացած
են
ու
անոնցմէ
դեռ
քանինե՜րը
անհետացման
ստոյգ
վտանգի
ենթարկուած
են։
Փիլիսոփայական
մարդակեդրոն
բարոյագիտութեան
համաձայն,
մենք
մեզ
շրջապատող
միջավայրին,
այլ
խօսքով՝
բնութեան
առնչուած
արժէքներու
պահպանումով
միայն
պիտի
կարենանք
յաղթահարել
այդ
հարցերուն։
Նման
մօտեցում
մը
տնտեսական
աճի,
բնութեան
չարաշահումի,
բնական
հարստութեան
պաշարներու
սպառումի,
անտառներու
ոչնչացումի,
օդի
ու
ջուրի
ապականումի,
բուսական
ու
կենդանական
բազմազանութեան
նուազեցումի
փոխարէն,
կողմ
է՝
բնապահպանութեան։
Գ.
Գլուխ
Ծինաբարոյագիտութիւն
Genethics
Կիրառական
բարոյագիտութեան
ոլորտէն
ներս,
ի՞նչ
է
ծինաբարոյագիտութիւնը
եւ
որո՞նք
են
անոր
գլխաւոր
հարցերը։
Ծինաբարոյագիտութիւնը,
որ
սերտօրէն
առնչուած
է
բժշկութեան
բարոյագիտութեան
եւ
կենսաբարոյագիտութեան,
1970-ական
թուականներէն
սկսեալ,
ծինաբանութեան
(Genetics)
զարգացումով,
որպէս
առանձին
գիտաճիւղ
աւելի
ընդհանրացաւ։
Ծինաբանութիւնը
(Genetics)
կը
զբաղի
ծիներու
(Gen)
եւ
ասոր
հետ
առնչուած
հարցերու
ու
ժառանգութեան
գիտահետազօտութեամբ։
Ծիները
(թիւով՝
մօտաւորապէս
23
հազար),
մարդկային
բջիջներու
կորիզին
մէջ
գտնուող
ժառանգական
ազդակները
կամ
յատկանիշները
կրող
մարմիններն
են,
որոնք
տեղաւորուած
են
23
զոյգ
քրոմոսոմներու
(Chromosome)
վրայ։
Ասոնցմէ
առաջին
22
զոյգը
իրար
նման
են,
իսկ
վերջինը,
սեռական
քրոմոսոմի
զոյգը,
իրարմէ
տարբեր
են,
կիներու
պարագային՝
XX
եւ
այրերու
պարագային՝
XY։
Այս
իմաստով,
ծինաբանութիւնը
նաեւ
ժառանգականութեան
գիտութիւնն
է
եւ
ինքնուրոյն
բժշկակենսաբանական
մասնագիտութիւն
մը։
Ծինաբանութիւնը
(Genetics)
քննարկելու
համար
կարելի
է
զայն
բաժնել
ժամանակագրական
տեսակէտէն
երեք
հանգրուաններու.
-
գիտահետազօտութիւն,
ախտաճանաչում
եւ
դարմանում։
Գիտահետազօտութիւն.
-
Մարդկային
ծիներու
գիտահետազօտութիւնը,
առաջին
հանգրուանին,
կը
նպատակադրէ՝
նախ
գտնել
ծիները
ապա
ճանչնալ
անոնց
պաշտօնը,
թէ
անոնք
ժառանգական
ո՞ր
ազդակները
կամ
յատկանիշները
կը
կրեն։
1990
թուականին
սկսած,
միջազգային
մակարդակի
վրայ
գիտահետազօտական
հսկայ
ծրագիրը
կ՚աւարտի
2003
թուականին։
Արդարեւ
գտնուած
էին
մօտ
23
հազար
մարդկային
ծիները
եւ
ճշդուած
էին
անոնց
դիրքաւորումը,
պաշտօններն
ու
ժառանգական
ազդակները։
Ախտաճանաչում.
-
Ախտաճանաչման
հանգրուանը
սկսած
է
արդէն։
Ան
կը
նպատակադրէ
բազմաթիւ
ժառանգական
հիւանդութիւններու
ախտաճանաչումը
կատարել,
ծիներու
միջոցով
գտնել
հիւանդութիւններ
յարուցանող
ազդակները,
ինչպէս
օրինակ
խլիրդային
բջիջները։
Դարմանում.
-
Դարմանման
հանգրուանը
եւս
սկսած
է
արդէն։
Այստեղ,
դեղօրայքի
ընկերութիւններ
մարդկային
ծիներու
միջոցով
դեղանիւթեր
կը
պատրաստեն,
զանազան
հիւանդութիւններու
համար։
Դարմանական
եղանակ
մը
կը
նկատուի
նաեւ
հիւանդ
ծիներու
հեռացումը
եւ
անոնց
փոքարէն
առողջ
ծիներու
փոխպատուաստումը։
ԾԻՆԱԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՐՑԵՐԸ
Ծինաբարոյագիտութեան
զանազան
հարցերը
առնչուած
են
վերոյիշեալ
երեք
հանգրուաններուն։
1990-ական
թուականներու
սկիզբէն,
երբ
նոր
սկսած
էր
ծիներու
գիտահետազօտութիւնը,
բժշկութեան
շրջանակներէն
ներս
յեղափոխութեան
մը
նշանները
կը
նախատեսուէին,
ասոր
կողքին,
միաժամանակ,
«թափանցիկ»
մարդ
էակի
մը
գաղափարը
կը
սարսափեցնէր։
…
Այսօր
կարելի
է
հաստատել,
որ
նախ
այդ
բարձրադիր
յոյսերը
չեն
արդարացած,
բայց
նաեւ
չկան
այդ
սարսափազդու
հետեւանքները։
Այսուհանդերձ
ապագան
կրնայ
բոլորովին
տարբեր
ըլլալ։
Վերջին
շրջանին
բացայայտնուեցան
նաեւ,
որ
յաճախ,
ժառանգական
հիւանդութիւն
մը
ախտաճանաչելու
համար,
հարկ
է
քանի
մը
ծիներու
եւ
այլ
օժանդակ
ազդակներու
առկայութիւնը,
որով
աւելի
կը
բարդանար
որեւէ
ծինաբանական
ախտաճանաչում
եւ
որպէս
հետեւանք
նաեւ
անոր
դարմանումը։
Ծինաբանութեան
գիտահետազօտութիւնը,
եթէ
կարողացաւ
մարդկային
բոլոր
ծիները
ցանկագրել
ու
ժառանգական
որոշ
հիւանդութիւններու
ախտաճանաչումներ
կատարել,
այսօր,
սակայն,
ան
բացայայտօրէն
կը
կաղայ
դարմանական
կարելիութիւններու
հանգրուանին
մէջ։
Ասոր
գլխաւոր
պատճառը,
բարոյագիտական
ու
իրաւական
հարցերու
առկայութիւնն
է։
Այս
հարցերը
պարզաբանենք
հետեւեալ
օրինակով.
-
Ախտաճանաչման
պարագային,
ծինաբանութիւնը
այսօր
կարելիութիւնը
ունի
անհատներու
մօտ,
ժառանգական
ներկայ
հիւանդութիւն
մը
հաստատելու,
ինչպէս
նաեւ
անհատի
ժառանգական
հիւանդութեան
մը
նախատրամադրուածութիւնը
կամ
նախատրամադրութիւնը
(Predisposition)
բացայայտելու։
Այս
նախատրամադրուածութիւնը
կը
նշանակէ,
որ
տուեալ
հիւանդութիւնը,
ապագային,
կրնայ
այդ
անհատին
մօտ
յայտնուիլ
կամ
ընդհանրապէս
չյայտնուիլ։
Հոս,
անհատին
համար,
սակայն,
երբ
ան
իր
կարգ
մը
ժառանգական
հիւանդութիւններու
հանդէպ
նախատրամադրուածութիւնը
իմանայ,
կրնայ
իր
մօտ
կենցաղային
եւ
հոգեբանական
լուրջ
ազդեցութիւններու
հետեւանքով՝
զանազան
փոփոխութիւններ
յառաջանալ։
Նկատի
ունենալով
հիւանդութեան
ժառանգական
բնոյթը,
նո՛յն
հարցը
եւ
նո՛յն
մտահոգութիւնը
առկայ
են
նաեւ
այդ
անհատի
ընտանեկան
պարագաներուն
մօտ։
Յիշեալ
օրինակը,
բարոյագիտական
հարցերու
կողքին
կը
բախի
նաեւ
իրաւական
հարցերու։
Մէկ
կողմէն,
անհատը
իրաւունք
ունի
գիտնալ
իր
ծինաբանական
ախտաճանաչման
արդիւնքը,
միւս
կողմէ
սակայն,
ան
նաեւ
իրաւունք
ունի
մերժելու
իր
մասին
որեւէ
ծինաբանական
տեղեկութիւն։
Այլ
խօսքով,
անհատը
թէ՛
իրաւունք
ունի
իմանալու
եւ
թէ
իրաւունք
ունի
նաեւ
չիմանալու,
իր
ծինաբանական
գիտահետազօտութեան
արդիւնքները։
Նոյն
իրաւական
հարցը
առկայ
է
նաեւ
անհատի
ընտանեկան
պարագաներուն
համար։
Ախտաճանաչման
ծինաբանական
գիտահետազօտութիւններ
կարելի
է
նաեւ
կատարել,
սաղմի
կամ
պտղի
վրայ,
նախածննդական
շրջանին։
Այստեղ
եւս
կը
յառաջանան
բարոյագիտական
հարցեր,
մանաւանդ
եթէ
ծինաբանական
ախտաճանաչման
արդիւնքները
դրական
են։
Այլ
խօսքով,
եթէ
ծնողքը
իմանայ,
որ
ժառանգական
ծանր
հիւանդութեամբ
երեխայ
մը
պիտի
ունենան,
սաղմի
արհեստական
վիժումը
շատ
հաւանական
պիտի
դառնայ։
Սաղմի
կամ
պտղի
վրայ
կատարուած
ծինաբանական
գիտահետազօտութիւնները
կրնան
հեշտօրէն
չարաշահութեան
ենթարկուիլ
եւ
տարբեր
բարդութիւններ
յառաջացնել։
Դարմանման
ծինաբանական
գիտահետազօտութիւնները
տակաւին
կը
գտնուին
սկզբնական
վիճակի
մէջ
եւ
ինչպէս
յիշուեցաւ
այս
ուղղութեամբ
աշխատանքը
շատ
դանդաղ
կ՚ընթանայ։
Բարոյագիտական
ու
իրաւական
հարցերու
կողքին,
մարդկային
ծիներու
միջոցով
յառաջացած
դեղանիւթերը,
յաճախ
կողմնակի
անախորժ
ազդեցութիւններ
կը
յայտնաբերեն։
Իսկ
ուղղակի
ժառանգական
հիւանդութիւն
կրող
ծիներու
վրայ
աշխատանքը,
անոնց
հեռացումը
եւ
փոխարէն
առողջ
ծիներու
փոխպատուաստումը
առայժմ
ձախողած
կը
նկատուին։
Արդէն
յիշուած
Սկզբունքներու
բարոյագիտութիւն
ը
(
)
(Principlism),
իր
չորս
սկզբունքներով
նաեւ
նկատի
կ՚առնուի
ծինաբանութեան
բնագաւառէն
ներս։
Ծինաբանական
գիտահետազօտութիւններ
կը
կատարուին
նաեւ
անասուն
կենդանիներու
եւ
բուսաբանութեան
բնագաւառներէն
ներս,
որոնք
այստեղ
պիտի
չքննարկուին։
Դ.
Գլուխ
Ընտանիքի
բարոյագիտութիւն
Family
ethics
Կիրառական
բարոյագիտութեան
ոլորտէն
ներս,
ինչպէ՞ս
կը
բացատրուի
ընտանիքի
բարոյագիտութիւնը
եւ
որո՞նք
են
անոր
գլխաւոր
հարցերը։
Նախքան
տուեալ
հարցերուն
պատասխանելը,
հարկ
է
բացատրել,
թէ
ի՞նչ
կը
նշանակէ
ընտանիք
հասկացութիւնը,
ինչպէ՞ս
կազմուած
է
եւ
պատմութեան
ընթացքին
ի՞նչ
փոփոխութիւններ
կրած։
Հայերէնի
մէջ
ընտանիք
հասկացութիւնը
կազմուած
է
«ընդ»
նախածանցի
եւ
«տուն»
արմատի
միացումով,
որմէ՝
ընտանի,
ընտանեկան,
ընտանեզուրկ,
եւայլն…։
Ընտանիք
եզրը
բազմիմաստ
է
եւ
կը
նշանակէ.
-
Մէկ
տան
մէջ
ապրող
ծնողներ
եւ
զաւակներ
…
Տոհմ
կամ
գերդաստան
(արենակցական
կապով)
…
Գիտական
խմբաւորում՝
լեզուներու,
ինչպէս՝
սեմական
լեզուներու
…
Գիտական
խմբաւորում՝
կենդանիներու,
ինչպէս՝
կաթնասուններու
…
Գիտական
խմբաւորում՝
բոյսերու,
ինչպէս՝
շուշանածաղիկներու
…
Նոյն
գործունէութեան
տէր
մարդոց
խմբաւորում,
ինչպէս՝
արուեստագէտներ,
գրողներ,
եւայլն…։
Յունարէնի
մէջ,
ընտանիք
եզրի
հոմանիշն
է
„Oikogéneia“
եզրը,
ուր
եւս
„Oíkos“
արմատը
կը
նշանակէ
«տուն»
կամ
«տնային
ընկերակցութիւն»։
Եւրոպական
կարգ
մը
լեզուներու
մէջ,
ընտանիք
(
)
եզրի
հոմանիշը
կը
սերի
լատիներէն
„familia“
եզրէն,
որ
հնադարեան
շրջանին
կը
նշանակէր
տնային
տնտեսութեան
շրջանակի
մէջ,
տիրակալի
հովանիին
տակ
ապրող
«ծառաներու
ամբողջութիւնը»,
Famulus
=
ծառայ
եզրէն։
„Familia“
եզրը
իր
այս
իմաստը
պահեց
նաեւ
մինչեւ
Միջնադարու
վերջերը
եւ
17-րդ
դարուն
միայն
ստացաւ
այսօրուան
(«մէկ
տան
մէջ
ապրող
ծնողներ
եւ
զաւակներ»)
իմաստը,
որ
նաեւ
այս
յօդուածի
քննարկման
առարկան
է։
Փիլիսոփայութեան
եւ
բարոյագիտութեան
կողքին,
«
ընտանիք»
հասկացութիւնը
քննարկութեան
նիւթ
է
աստուածաբանութեան,
ընկերաբանութեան
(Sociology),
քաղաքականութեան,
իրաւաբանութեան,
հոգեբանութեան
եւ
կարգ
մը
այլ
գիտաճիւղերու
մէջ։
Պատմութեան
ընթացքին,
առաջին
ընտանիքներու
խմբակները
ենթակայ
եղած
են
մօր
իշխանութեան
(Matriarchism)։
Հոս,
կինը
(մայրը)
կը
նկատուէր
ընտանիքի
մեծաւորը,
այրը
(ամուսինը)
կը
փոխադրուէր
կնոջ
մօտ
եւ
զաւակները
կը
պատկանէին
իրենց
մօր
տոհմին։
Հետագային
ընտանիքը
կը
ստանայ
հայրիշխանութեան
(Patriarchism)
բնոյթ,
ուր
այրը
(հայրը)
կը
նկատուի
ընտանիքի
մեծաւորը,
կինը
կը
փոխադրուի
ամուսնոյն
մօտ
եւ
զաւակները
կը
պատկանին
իրենց
հօր
տոհմին։
Ընտանիքի
մեծաւորը
այն
անձն
է,
որ
ընդհանրապէս,
ընտանիքին
վերաբերող
հարցերուն
մէջ,
վերջնական
որոշումներ
կայացնելու
իրաւունքը
ունի։
Ընտանիքի
նախատիպի
կամ
տեսակի
համաձայն,
«մեծաւոր»
կրնայ
ըլլալ
ընտանիքին
մայրը
կամ
հայրը։
Կան
տակաւին
ընտանիքի
բազմաթիւ
այլ
նախատիպեր
կամ
տեսակներ,
որոնցմէ
շատերը
յառաջացած
են
20-րդ
դարու
երկրորդ
կիսուն.
-
Կորիզային
ընտանիք
(
),
որ
փոքր
ընտանիքն
է,
բաղկացած
ամուսնացած
կամ
չամուսնացած
ծնողներէ
եւ
իրենց
զաւակներէն։
Միայնակծնողի
ընտանիք
(
),
որ
բաղկացած
է
չամուսնացած
մօրմէն
ու
զաւակներէն
կամ
չամուսնացած
հօրմէն
ու
զաւակներէն։
Մեծ
ընտանիք
(
)
կամ
«ընդլայնուած»
ընտանիք,
որ
կը
բաղկանայ
կորիզային
ընտանիքէն
(ծնողներ
եւ
զաւակներ)
առաւել
արենակցական
կապ
ունեցող
փոքրաթիւ
կամ
մեծաթիւ
անհատներէն,
ինչպէս՝
մեծ
ծնողներ,
հօրաքոյրմօրաքոյր,
հօրեղբայրմօրեղբայր,
եւայլն
…
Խառն
ընտանիք
(
),
որ
կը
բաղկանայ
նախապէս
ամուսնացած
ու
ամուսնալուծուած
(կամ
միացած
ու
բաժնուած)
մօրմէն
եւ
հօրմէն
եւ
իրենց
նախկին
ամուսնութենէն
(կամ
կապէն)
ունեցած
զաւակներէն,
ինչպէս
նաեւ
իրենցմէ
սերած
կամ
որդեգրուած
զաւակներէն։
Խառն
ընտանիքի
այս
երեւոյթը
կը
կոչուի
նաեւ
խորթ
ընտանիք
(
)
։
Տարբեր
ընկերային
հասարակութիւններու
մէջ,
որպէս
խառն
ընտանիքի
տեսակ,
տակաւին
պէտք
է
նկատի
ունենալ
համասեռական
(Homosexual,
երկու
այր
կամ
երկու
կին)
զոյգերու
կազմած
ընտանիքներու
երեւոյթը,
որոնք
կրնան
նաեւ
զաւակներ
ունենալ
ու
որդեգրել։
Խառն
ընտանիքի
այս
երեւոյթը,
որ
յատուկ
է
արեւմտեան
աշխարհին,
անգլերէն
կը
կոչուի
LGBT
(
)
parenting
իսկ
գերմաներէն՝
Regenbogenfamilie
(=
ծիածանընտանիք)։
Ընտանիքի
մէջ,
միակնութեան
(Monogamy)
կողքին,
պէտք
է
որպէս
խառն
ընտանիք,
նկատի
առնել
նաեւ
բազմակնութեան
(Polygamy)
երեւոյթը,
որ
յատուկ
է
կարգ
մը
ընկերութիւններու
(ինչպէս՝
իսլամական
աշխարհին։
Ընտանիք
հասկացութեան
մէջ
կարեւոր
դեր
ունի
զաւակներու
գոյութիւնը։
Ընտանիքը
ծնողներու
եւ
զաւակի
մը
կամ
զաւակներու
միատեղ
կեցութիւնն
է։
Այլ
խօսքով,
զաւակ
չունեցող
զոյգը
կամ
ամոլը
ընտանիք
չի
կազմեր։
Ընտանիքին
մէջ
ծնողները,
ինչպէս
տեսանք,
կրնան
ըլլալ
ամուսնացած
ու
չամուսնացած
այր
ու
կին
կամ
միայնակ
մայր
կամ
միայնակ
հայր,
ինչպէս
նաեւ
կարգ
մը
երկիրներու
մէջ՝
համասեռական
(Homosexual)
զոյգեր։
Ընկերային
հասարակութեան
մէջ,
մեծամասնութիւն
կը
կազմէ,
աւանդական
ընտանիքը,
ազատակամ
ու
սիրով
ամուսնացած
այրով
ու
կինով։
Նաեւ
կրօնական
հաստատութիւններ
կը
քաջալերեն
ծնողներու
ամուսնութիւնը
(
)
։
Ընտանիքի
բարոյագիտութիւն
Ընտանիքի
բարոյագիտութիւնը
քննարկելէ
առաջ,
նախ
պատմական
հակիրճ
ակնարկ
մը
նետենք
ընտանիքի
բարոյագիտութեան
վրայ,
ապա
տեսնենք,
թէ
ընտանիքը
ի՞նչ
պարտականութիւններ
ունեցած
է
անցեալին
եւ
ունի
այժմ։
Պատմական
ակնարկ
Փիլիսոփայութեան
պատմութեան
մէջ
ընտանիք
հասկացութիւնը
մաս
կազմած
եւ
քննարկութեան
նիւթ
դարձած
է
թէ՛
քաղաքական
եւ
թէ
ընկերահասարակական
փիլիսոփայութեան
(
)
ոլորտներէն
ներս։
Պլատոն
(յուն.
՝
Plátôn,
427
–
347
մ.
թ.
ա.
),
Սոկրատէսի
աշակերտած
հնադարեան
փիլիսոփան,
ընդհանրապէս
բացասական
տրամադրութիւն
ունէր
ընտանիքի
հանդէպ։
Իր
«Պետութիւն»
(„Politea“)
երկի
5-րդ
գիրքին
մէջ,
Պլատոն,
կը
քննադատէր
ընտանիքի
սեփականութիւն
ունենալու
իրաւունքը
եւ
օրինապահութիւնը
(Loyalty),
զոր
անդամները
կը
ցուցաբերէին
իրենց
ընտանիքին
հանդէպ։
Պլատոնի
համաձայն
սեփականութիւնը
միայն
պետութեան
կը
պատկանի
իսկ
օրինապահութիւնը
լոկ
պետութեան
հանդէպ
կը
տածուի։
Հետագային,
Պլատոն
իր
«Օրէնքներ»
(„Nomoi“)
երկի
մէջ
կը
մեղմէր
ընտանիքի
հանդէպ
ունեցած
իր
ծայրայեղ
դիրքորոշումը։
Արիստոտէլ
(յուն.
՝
Aristotélês,
384
–
322
մ.
թ.
ա.
)
չէր
բաժներ
իր
ուսուցչի,
Պլատոնի
տեսակէտը
եւ
աւելի
դրական
դիրքորոշում
մը
ունէր
ընտանիքին
հանդէպ։
«Քաղաքականութիւն»
(„Politica“)
երկին
մէջ
Արիստոտէլ
կը
խօսի
տնային
տնտեսութեան
եւ
ընտանիքի
մասին
եւ
մեծ
կարեւորութեամբ
կը
շեշտէ
երեխաներու
դաստիարակութեան
հարցը,
մանաւանդ
ընտանիքի
մը
ծիրէն
ներս։
Ապա,
«Նիկոմախոսի
բարոյագիտութիւն»
(յուն.
՝
„êthika
niko-macheia“)
երկի
8-րդ
գիրքի
մէջ
ծնողքզաւակ
յարաբերութիւնը
կը
նմանեցնէ
ընկերութեան
մը՝
«իրարուոչնմաններու»
(
)
միջեւ։
Թոմաս
Աքուինացի
(Thomas
Aquinas,
1224
–
1274
թ.
)
քրիստոնեայ
Միջնադարու
աստուածաբանփիլիսոփան
եւս
արտայայտուած
է
ընտանիքի
մասին։
Քրիստոնեայ
ընտանիքի
մէջ
այր
ու
կնոջ
ամուսնութիւնը,
կաթոլիկ
եւ
ուղղափառ
եկեղեցիներու
համար
սրբազան
խորհուրդ
(Sacrament)
մըն
է,
իսկ
զաւակները
պէտք
է
դաստիարակուին
քրիստոնէական
առաքինի
արժէքներով։
Ջոն
Լոկ
(John
Locke,
1632
–
1704
թ.
),
Նոր
Դարաշրջանի
անգլիացի
փորձապաշտ
փիլիսոփան,
իր
«Կառավարութեան
երկու
բանագրութիւն»
(„Two
Treatises
of
Government“)
երկին
մէջ
կը
խօսի
ծնողներու
հեղինակութեան
սահմանափակումներուն
մասին,
որոնք
ճամբայ
հարթեցին
ընտանիքի
ժամանակակից
հասկացողութեան։
Ժան-Ժագ
Ռուսօ
(Jean-Jacques
Rousseau,
1712
–
1778
թ.
),
Լուսաւորութեան
Դարաշրջանի
ֆրանսացի
փիլիսոփան,
իր
«Էմիլ
կամ
դաստիարակութեան
մասին»
(ֆրնս.
բնագիր՝
„Émile,
ou
de
l՚
éducation“)
երկին
մէջ
կը
պաշտպանէ
մանկութիւնը
եւ
զայն
որպէս
լիարժէք
կարգավիճակ
ճանչնալու
իւրայատկութիւնը։
Ընտանեկան
դաստիարակութեան
մէջ
պէտք
է
յարգուի
երեխայի
բնոյթը
եւ
պէտք
չէ
ծանրաբեռնել
զինք
ընկերահասարակական
տարբեր
սպասումներով,
որպէսզի
երեխան,
առանց
խոչընդոտներու
ինքնավար
անձ
մը
դառնայ։
Իմանուէլ
Կանտ
(Immanuel
Kant,
1724
–
1804
թ.
)
եւս,
ինքնավարութիւնը
կը
նկատէ
երեխաներու
դաստիարակութեան
նպատակը։
Կանտի
համաձայն,
մանկութիւնը
դէպի
չափահասութիւն
տանող
անցման
շրջան
մըն
է
միայն,
զոր
կարելի
է
յաղթահարել
մանկավարժական
հնարաւոր
լաւագոյն
միջոցներով։
Այստեղ,
Կանտ
դպրոցներու
մէջ
հանրային
դաստիարակութիւնն
ու
կրթութիւնը
աւելի
բարձր
կը
դասէ,
քան,
մասնաւոր
ընտանեկան
դաստիարակութիւնը,
ուր
կողմնակալութիւնը
իր
բացասական
ազդեցութիւնը
կրնայ
ունենալ
(
)
։
20-րդ
դարու
երկրորդ
կէսէն
սկսեալ
ընտանիք
հասկացութիւնը
դարձեալ
հետաքրքրութիւններու
կեդրոնական
առարկայ
դարձաւ,
գլխաւորաբար
բժշկագիտական
նոր
կարելիութիւններուն
պատճառով։
Յղութիւնը
խափանող
հակաբեղմնաւորիչ
դեղահատերը
(Contraceptive
Pill)
եւ
յղութեան
նպաստող
արուեստական
բեղմնաւորման
(Artificial
Fertilisation)
զանազան
միջոցները
մէկ
կողմէն,
եւ
ընկերային
հասարակութեան
մտածելակերպի
փոփոխութիւնները
միւս
կողմէն,
պատճառ
դարձան,
որ
ընտանիք
հասկացութեան
հորիզոնները
աւելի
ընդլայնին։
Ընտանիքի
պարտականութիւնները
Ընտանիքը
կը
համատեղէ
բազմաթիւ
թէ՛
կենսաբանական
(Biological)
եւ
թէ
ընկերային
–
հասարակական
(Social)
պարտականութիւններ.
-
Կենսաբանական
հիմքի
վրայ,
որոշ
կարեւորութիւն
ունի
ընտանիքի
մը
երեխայ
ունենալու
եւ
անոր
հոգատարութեամբ
զբաղելու
կարողութիւնը։
Իսկ
սեփական
երեխայ
չունենալու
պարագային,
կայ
զաւակներ
որդեգրելու
ու
ընտանիք
կազմելու
կարելիութիւնը։
Ընկերային
–
հասարակական
հիմքի
վրայ,
ընտանիքի
գլխաւոր
պարտականութիւններն
են.
-
Ընտանիքի
նիւթական
–
տնտեսական
ապահովումն
ու
հոգատարութիւնը։
Այստեղ
պէտք
է
յիշել
նաեւ
ընտանիքի
անդամներու
առողջական
վիճակը,
առողջապահութեամբ
զբաղիլը,
իսկ
հիւանդութեան
պարագային՝
խնամքն
ու
դարմանումը
եւ
ընդհանրապէս՝
ընտանիքի
գոյատեւման
զանազան
հարցերը։
Ընտանիքին
մէջ,
զաւկի
/
զաւակներու
հանդէպ՝
գուրգուրանքն
ու
հոգատարութիւնը,
անոնց
դաստիարակութիւնը,
կրթութիւնն
ու
համայնացումը
(Socialisation)
կամ
ընկերային
կազմաւորումը։
Այստեղ
պէտք
է
յիշել
նաեւ
զաւակներու
բարոյական
ընկալեալ
արժէքներ
փոխանցելը
եւ
ի
պահանջել
հարկին՝
կրօնական
դաստիարակութիւն
ջամբելը։
Ընտանիքի
պարտականութիւններու
շարքին,
կարելի
է
նշել
նաեւ
անոր
անդամներուն
ինքնութեան
(Identity)
հարցը
եւ
մեծ
ընտանիքի
մէջ,
անոր
անդամներու
արենակցական
կապով
վստահելի
ու
պատասխանատու
փոխյարաբերութիւնները,
ինչպէս
զաւակներու
եւ
իրենց
ծնողներու
կամ
թոռներու
եւ
իրենց
մեծ
ծնողներու
միջեւ,
եւայլն…։
Այսօր,
շատե՜ր
կը
բողոքեն,
որ
ընտանիքը
կորսնցուցած
է
իր
նախկին
իմաստն
ու
կարեւորութիւնը։
Ճիշդ
է,
որ
բազմաթիւ
երկիրներու
մէջ
ընտանիքի
եւ
անոր
անդամներու
գոյատեւման
հարցը
կը
կարգաւորուի
առաւելաբար
պետական
միջոցներով
(ինչպէս
թոշակի,
առողջութեան
ապահովագրութեան
եւ
այլ
միջոցներով…),
այդուհանդերձ
շատերու
համար
ընտանիքը
շատ
կարեւոր
կը
նկատուի
եւ
կարելի
չէ
անոր
դերը
անտեսել։
Ծնողներու
կապը
Կորիզային
ընտանիքի
հիմքը
կը
կազմեն
ծնողները,
աւանդականօրէն՝
հայրն
ու
մայրը,
որոնց
դրական
փոխյարաբերութիւնը
կամ
ամուր
ու
կայուն
կապը
կարեւոր
կը
նկատուի
ընտանիքի
մը
կառոյցին
ու
անոր
անդամներու
բարօրութեան
ու
երջանկութեան
համար։
Ինչպէս
ընտանիքը,
նոյնպէս
ամուսնութիւնն
ու
ամուսնալուծումը
կը
գտնուին
պետական
իշխանութիւններու
պաշտպանութեան
տակ։
Ամուսնութիւնը
տեղի
կ՚ունենայ
չափահաս
տարիքի
ամուսիններու
փոխադարձ
ու
ազատակամ
համաձայնութեամբ
եւ
կ՚արձանագրուի
պետութեան
քաղաքացիական
կացութեան
յատուկ
գրասենեակին
մօտ
եւ
կը
կոչուի
քաղաքացիական
ամուսնութիւն
(Civil
Marriage)։
Ասոր
կողքին,
կայ
կրօնական
բնոյթ
կրող,
օրինակ
եկեղեցական
ամուսնութիւնը։
Ծնողներու
կապը,
շատ
յաճախ,
յուզական
(Emotional)
խարիսխ
ունի։
Մարդիկ
զիրար
կը
գտնեն
առաւելաբար
զգացումներու
միջոցով,
որոնք
սիրոյ,
յարգանքի
ու
ներդաշնակութեան
հաճելի
մթնոլորտ
մը
կը
ստեղծեն,
պատճառ
դառնալով,
որ
այդ
զոյգը
յարատեւ
ու
համատեղ
ամուսնական
կեանքի
մը
ձգտի։
Յուզական
այս
միասնութիւնը,
հնարաւորութիւն
կու
տայ,
որ
միշտ
սիրոյ
առաջարկներու
նոր
ձեւեր
գտնուին։
Ասիկա
«սիրելու
ունակութիւնն»
է,
որ
հիմք
կը
ծառայէ
յիշեալ
յուզական
միասնութեան
շարունակականութեան։
Իսկ
ամուսնական
կեանքին
մէջ,
«սիրելու
ունակութիւնը»,
ա՛յն
հոգեմտաւոր
կարողութիւնն
է,
որով
ամուսինները
կը
յարգեն
իրենց
կողակցի
կարիքները,
մտահոգութիւններն
ու
զգացումները,
որպէս
իրենց
սեփականը
եւ
հանդուրժողութիւն
կը
ցուցաբերեն
անոնց
նկատմամբ։
Ամուսնական
համատեղ
կեանքի
ընթացքին,
ծնողներ
ունին
իրաւունքներ
եւ
փոխադարձ
պատասխանատուութիւններ
ու
պարտաւորութիւններ։
Այս
ոլորտէն
ներս
նկատելի
են
ամուսիններու,
իրարու
հանդէպ
ունեցած
յարգանքը,
աջակցութիւնը,
ուշադրութիւնը,
հոգատարութիւնը
ու
արժանապատւութեան
պահպանումը։
Ասոնց
կողքին,
ամուսիններ
պէտք
է
ունենան
հաղորդակցութեան
ու
երկխօսութեան
(Dialogue)
պատրաստակամութիւնը,
իսկ
տարակարծութեան
պարագային,
միասնաբար
լուծումներ
որոնելու
կարելիութիւնը,
որպէսզի
խորհրդակցաբար
յանգին
իրենց
համար
կարեւոր
որոշումներու։
Ծնողներու
/
ամուսիններու
բաժանումը
կամ
ամուսնալուծումը
(
)
(Divorce)
եւ
անոնց
պատճառները
քննարկութեան
յոյժ
կարեւոր
նիւթեր
են,
նկատի
ունենալով
անոնց
ազդեցութիւնը
ընդհանրապէս
մեծ
ընտանիքին
եւ
յատկապէս
զաւակներուն
վրայ։
Ամուսնալուծումի
բազմաթիւ
ու
բազմազան
պատճառներէն
կարելի
է
յիշել.
-
ամուսիններու
կապի
անկայունութիւնն
ու
անհամաձայնութիւնները,
ոչիրապաշտական
սպասումներն
ու
տարբեր
վերագրումները
(
շնութիւն
(
),
պոռնկութիւն
(
),
անհաւատարմութիւն
(
),
եւայլն…),
անհատական
գործերու
յաղթահարման
պակասը,
յարատեւ
ջղային
ու
լարուած
(Stress)
վիճակներն
ու
հոգեկան
ծանր
հիւանդութիւնները։
Ամուսնալուծումը
եւս
պետական
հսկողութեան
տակ
է
եւ
անոր
օրէնքները
կը
տարբերին
երկրէ
երկիր։
Նաեւ
բազմաթիւ
կրօններ
ունին
իրենց
յստակ
դիրքորոշումը՝
ամուսնալուծման
առնչութեամբ,
որոնց
մանրամասնութիւնները
դուրս
կը
մնան
այս
աշխատասիրութեան
սահմաններէն։
Ծնողք
–
զաւակ
կապը
եւ
ծնողական
պարտաւորութիւնները
Երեխաներու
առնչութեամբ
ծնողական
պարտականութիւնները
որոշելու
համար,
հարկ
է
նախ
սահմանել
ու
արժեւորել
մանկութիւնը։
Քանի
որ
երեխաները
յաճախ
զրկուած
են
իրենց
հետաքրքրութիւնները
բացայայտելու
եւ
արտայայտուելու
կարողութենէն,
անոնք,
փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
ծիրէն
ներս,
յաճախ
նկատուած
են
որպէս
ծնողական
խնամքի
կարօտ
էակներ
եւ
ոչ
որպէս
բարոյական
ինքնուրոյն
ենթականեր։
Ծնողական
յիշեալ
խնամքը,
պէտք
է
հիմնուած
ըլլայ
երեխայի
գերագոյն
շահերուն
վրայ։
Իսկ
երեխայի
գերագոյն
շահերը
կարելի
է
մեկնաբանել,
երեխայի
ներկային
(որպէս
անչափահաս)
առնչուած
շահերու
պաշտպանութիւն,
եւ
երեխայի
ապագային
(որպէս
չափահաս)
առնչուած
շահերու
յարգանք։
Կեանքի
տարբեր
ծրագրերու
նկատմամբ,
որոշ
չափով
ազատական
այս
վերաբերմունքը,
սակայն,
առնչուած
է
այն
գաղափարին
հետ,
որ
աւանդոյթը
եւ
համայնքը
յոյժ
կարեւոր
նշանակութիւն
ունին
մարդու
բարեկեցութեան
համար։
Հետեւաբար,
երեխաներուն
պէտք
է
փոխանցել
ա՛յն
արժէքները,
որոնք
հնարաւորութիւն
կու
տան
անոնց,
իրենք
զիրենք
նոյնացնելու
ա՛յն
ընտանիքին
ու
համայնքին
հետ,
ուր
հասակ
պիտի
առնեն
եւ
չափահաս
դառնան։
Ծնողական
խնամքի
ու
պարտաւորութիւններու
բնորոշումները,
յաճախ
կ՚արտացոլան
նաեւ
տեսակէտներ՝
յաջողակ
կեանքի
մը
ու
ինքնավարութեան
դերի
մասին,
որոնք
իրենց
տեղը
ունին
ընկերային
հասարակութեան
արժէքաբանութեան
(Axiology)
մէջ։
Բազմաթիւ
հոգեբանական
ուսումնասիրութիւններ
կը
հաստատեն,
որ
երեխայի
բարօրութեան
համար
անվիճելի
ու
անփոխարինելի
պայմաններ
են՝
երեխան
խնամող
վստահելի
անձերու
գոյութիւնը
եւ
ծնողական
սիրոյ
առկայութիւնը։
Այս
պատճառով
ալ
հասկնալի
կը
դառնան
մէկ
կողմէն
երեխաներու
սիրուած
ըլլալու
իրաւունքը,
եւ
միւս
կողմէն
ծնողներու
պարտաւորութիւնը
սիրելու
իրենց
զաւակները։
Այս
եզրակացութիւնը,
սակայն,
որոշ
դժուարութիւններու
կը
բախի,
որովհետեւ
սիրոյ
զգացումը
կարելի
չէ
«պատուիրել»
կամ
պարտաւորութիւն
դարձնել։
Երեխայի
բարօրութեան
համար,
նոյնպէս
անվիճելի
ու
անփոխարինելի
պայման
է,
որ
ան
մեծնայ
յարաբերութիւններու
կայուն
ու
հաստատուն
ընտանեկան
միջավայրի
մը
մէջ։
Այստեղ
շատ
աւելի
կը
շեշտուի
ծնողներու
դերը՝
որպէս
կրթող
ու
դաստիարակող,
քան
թէ
անոնց
յաջող
կամ
անյաջող
զոյգ
կամ
ամուսիններ
ըլլալու
հանգամանքը։
Այլ
խօսքով,
ծնողներու
պարտաւորութիւնն
է
խնամել
զաւակը
եւ
անոր
համար
հասանելի
ու
վստահելի
դառնալ։
Վստահաբար
անարդար
պիտի
ըլլար,
եթէ
ծնողքզաւակ
յարաբերութիւնը
քննարկէինք
միայն
զաւակներու
բարօրութեան
նպաստող
ծնողքի
խնամքի
ու
պարտաւորութիւններու
տեսանկիւնէն,
անչափահաս
երեխաները
դիտէինք
միայն
որպէս
պաշտպանութեան
կարիք
ունեցող
զաւակներ
եւ
անտեսէինք
անոնց
բարոյական
եւ
իրաւաբանական
կարգ
մը
իրաւունքները,
որոնք
յատուկ
են
չափահաս
անձերու։
Ասիկա
կը
նշանակէ,
որ
ինչպէս
առկայ
են
ծնողքի
պարտաւորութիւններն
ու
իրաւունքները,
նոյնպէս
կան
անչափահաս
զաւակներու
իրաւունքներն
ու
պարտաւորութիւնները,
ուր
սակայն,
վիճելի
նիւթերու
կը
հանդիպինք։
Բժշկական
դարմանումներու
պարագային,
ինչպէս
տեսանք
(
),
կարեւոր
կը
նկատուի
հիւանդի
ինքնորոշման
իրաւունքը
։
Արդեօք
նոյն
իրաւունքը
կը
տրուի՞
անչափահաս
զաւակներուն։
Այլ
օրինակ
մըն
է
զաւակներու
դպրոցական
հարցերը,
թէ
զաւակը
ո՞ր
դպրոցը
պէտք
է
յաճախէ,
օտար
լեզուներու
ընտրութեան
պարագային,
ո՞ր
լեզուները
պէտք
է
ընտրէ,
դասանիւթերու
ընտրութեան
պարագային,
արդեօք
բարոյագիտութի՞ւն
թէ
կրօն
ընտրէ
կամ
ընդհանրապէս
բարոյական
ի՞նչ
արժէքներ
պէտք
է
սորվի,
կամ
արդեօք
կրօնական
դաստիարակութիւն
պէ՞տք
է
ստանայ։
Ծնողք
–
զաւակ
կապը
տակաւին
կը
շարունակուի
եւ
պէտք
է
որ
շարունակուի,
նոյնիսկ
երբ
անչափահաս
զաւակները
չափահաս
ու
ինքնավար
դառնան։
Ծնողներու
իրաւունքներու
ու
պարտաւորութիւններու
քննարկման
ընթացքին,
կարելի
չէ
մոռնալ,
որ
իրականութեան
մէջ
բազմաթիւ
անչափահաս
զաւակներ
կը
տառապին
իրենց
ծնողներու
անփոյթ
ու
բիրտ
վերաբերմունքին,
յաճախակի
անտեսումներուն
եւ
բռնութեան
արարքներուն
պատճառներով։
Ծանր
դէպքերու
պարագային,
բնականաբար
պետութիւնը,
իր
զանազան
հաստատութիւններով,
միջամտելու
եւ
որոշ
պատիժամիջոցներ
սահմանելու
իրաւունքը
ունի,
բայց
արդեօք
բաւարա՞ր
է
ասիկա
եւ
ի՞նչ
անդրադարձ
կրնայ
ունենալ
ծնողքի
մը
պատիժի
ենթարկուիլը
ընտանիքի
անդամներուն
վրայ։
Ծանր
դէպքերու
պարագային,
տակաւին
կարելիութիւն
կայ
խնդրոյ
առարկայ
երեխան
ծնողներէն
հեռացնելը
եւ
մանկատուն
փոխադրելը,
բայց
արդեօք
ասիկա
լուծումի
աւելի՞
լաւ
տարբերակ
մըն
է։
Ծնողք
–
զաւակ
կապը
եւ
որդիական
պարտաւորութիւնները
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը
նաեւ
կը
քննարկէ
չափահաս
ու
ինքնաբաւ
զաւակներու
պարտաւորութիւնները
իրենց
տարեց
ծնողներու
հանդէպ։
Այստեղ
հարցը
գլխաւորաբար
կը
վերաբերի
ա՛յն
պարտաւորութիւններուն,
որոնք
օժանդակութեան
կամ
օգնութեան
բնոյթ
կը
կրեն,
մանաւանդ
տարեց
ու
օգնութեան
կարիքը
ունեցող
ծնողքի
պարագային։
Այս
իմաստով,
պիտի
քննարկենք
3
որդիական
օժանդակութեան
պարտաւորութիւններ.
-
Փոխադարձական
(Reciprocal)
պարտաւորութիւններ,
երբ
չափահաս
եւ
ինքնաբաւ
զաւակը
իր
ծնողներուն
կողմէ
կատարած
բազմաթիւ
կրթական,
դաստիարակչական,
հոգատարական
ու
այլազան
ջանքերը
ու
ծախսերը
կը
փորձէ
վերադարձնել։
Այս
օրինակը,
սակայն,
քննադատելի
է,
որովհետեւ
այն
տպաւորութիւնը
կը
թողու,
որ
զաւակը
պայմանագրական
ձեւով
պարտք
առած
է
իր
ծնողքէն
եւ
զայն
պիտի
վերադարձնէ
պարտատէր
չմնալու
համար,
մինչդեռ
ծնողք
–
զաւակ
կապը
պայմանագրի
վրայ
չէ
հիմնուած,
որ
բաւարար
հատուցում
կատարելէ
ետք
վերջ
մը
ունենայ.
այդ
կապը
շարունակական
է։
Երախտագիտական
(Gratitudal)
պարտաւորութիւններ,
երբ
չափահաս
եւ
ինքնաբաւ
զաւակը
իր
ծնողքին
հանդէպ
եւ
անոնց
կատարած
բազմաթիւ
ջանքերուն
համար
երախտագիտական
ջերմ
զգացում
կը
ցուցաբերէ,
ինչպէս
նաեւ
կ՚օժանդակէ
օգնութեան
կարիք
ունեցող
իր
ծնողքին։
Այս
օրինակը
եւս
կարելի
է
քննադատել։
Եթէ
ծնողները
իրենց
զաւկին
հանդէպ
բազմաթիւ
ջանքերը
կատարած
են
որպէս
զուտ
ծնողական
պարտաւորութիւն,
ուրեմն
զաւակը
ինչո՞ւ
երախտապարտ
պիտի
ըլլայ
ծնողքին
հանդէպ։
Այս
գաղափարը
մանրամասնուած
է
Կանտի
«Պարտագիտական
բարոյագիտութիւն»
(
)
տեսութեան
մէջ։
Բարեկամական
(Amicable)
պարտաւորութիւններ,
երբ
չափահաս
եւ
ինքնաբաւ
զաւակը
իր
ծնողքին
հանդէպ
եւ
անոնց
կատարած
բազմաթիւ
ջանքերուն
համար
բարեկամական
կամ
ընկերական
վերաբերմունքով
եւ
այդ
հիման
վրայ
իր
օժանդակութիւնը
կը
մատուցանէ
օգնութեան
կարիք
ունեցող
իր
ծնողքին։
Այստեղ,
անցեալին
կատարուած
ծնողական
պարտաւորութիւններէն
եւ
ջանքերէն
աւելի
կը
շեշտուի
ներկայի
ծնողք
–
զաւակ
բարեկամական
կամ
ընկերական
յարաբերութիւնը։
Բարեկամական
այս
օրինակը
զանց
կը
մնայ
փոխադարձութեան
օրինակի
հարցերէն,
նկատի
ունենալով
որ
ան
չի
նախատեսեր
որեւէ
սահմանափակում՝
պարտաւորութիւններու
կատարման
մէջ։
Այսուհանդերձ,
այս
օրինակը
եւս
կը
քննադատուի,
որովհետեւ
ծնողք
–
զաւակ
յարաբերութիւնը
բոլորովին
տարբեր
է
բարեկամական
–
ընկերական
յարաբերութենէն։
Առաջին
պարագային
ընտանեկան
յարաբերութիւնները
փաստօրէն
«ակամայ»
են,
իսկ
երկրորդ
պարագային՝
անոնք
կը
դառնան
«ընտրութեամբ»,
այլ
խօսքով՝
բարեկամդ
ու
ընկերդ
դուն
անձամբ
կ՚ընտրես,
սակայն
ծնողներդ
ընտրելու
կարելիութիւնը
չունիս։
Ծնողք
–
զաւակ
կապը
եւ
ընտանեկան
պարտաւորութիւնները
Փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
տեսանկիւնէն
դիտուած
նկատելի
է,
որ
ընտանեկան
յարաբերութիւնները
կը
տարբերին
անձնական
բնոյթ
կրող
յարաբերութիւններէն։
Ընտանեկան
յարաբերութիւնները
աւելի
մտերիմ
ու
սերտ
ըլլալով,
ընտանիքի
անդամները,
ակնյայտօրէն,
իրարու
հանդէպ
շատ
աւելի
պարտաւորուած
կը
զգան,
քան
ընտանիքի
շրջագծէն
դուրս
գտնուողներու
հանդէպ։
Այս
ակնյայտ
տարբերութիւնը,
կրնայ
արդարութեան
տեսակէտէն
յոյժ
վիճելի
հարց
մը
ըլլալ։
Արդեօք
ընդունելի՞
կամ
համատեղելի՞
է,
որ
բարոյական
համայնքի
մը
մէջ,
բարոյական
հաւասարութեան
խախտում
յառաջանայ
եւ
կարգ
մը
անդամներ
գերադասուին
ուրիշներէն
կամ
կարգ
մը
անդամներու
շահերը՝
ուրիշներու
շահերէն։
Արդեօք
ի՞նչ
պատճառներ
տուն
կու
տան
նմանօրինակ
նախապատուութեան
կամ
կողմնակալութեան,
եւ
ինչպէ՞ս
կարելի
է
հիմնաւորել
այդ
պատճառները։
Ծնողքի
կամ
ընտանեկան
կողմնակալութեան
դասական
հիմնաւորումը
կարելի
է
տալ
օգտապաշտութեան
(
)
տեսութեամբ։
Ընդհանրապէս,
ծնողքի
կողմնակալութիւնը
կ՚առաջնորդէ
օգուտի
առաւելագոյն
մակարդակի
մը
եւ
ցոյց
կու
տայ,
որ
ծնողները
ըստ
երեւոյթի,
չեն
կրնար
պատշաճօրէն
ընկալել
ծնողք
–
զաւակ
յարաբերութեան
օրինաչափական
իմաստը։
Կարգ
մը
ուսումնասիրութիւններ,
որոնք
կողմնակալութեան
գլխաւոր
պատճառը
ծնողք
–
զաւակ
յարաբերութեան
մէջ
կը
փնտռեն,
աւելի
համոզիչ
կը
գտնեն
ա՛յն
ծնողք
–
զաւակ
յարաբերութիւնները,
որոնք
ուղղակի
օրինաչափական
հիմք
կամ
երաշխիք
կը
տրամադրեն։
Ծնողք
–
զաւակ
սերտ
յարաբերութիւնը
արժէքաւոր
կը
նկատուի
եւ
այս
արժէքն
է,
որ
կ՚երաշխաւորէ
անոր
իրականացումը։
Յարաբերութիւններու
վրայ
հիմնուած
նման
մօտեցումները,
սակայն,
կարելի
է
քննադատել,
որ
յարաբերութեան
այդ
արժէքը
կը
շեշտաւորուի
կամ
կը
գերագնահատուի,
նոյնինքն
այդ
արժէքի
հաշւոյն։
Ծնողքի
կողմնակալութեան
(
)
(Partiality)
պատճառներու
գլխաւոր
աղբիւրը,
փոխանակ
«ծնողք
–
զաւակ
յարաբերութեան»
մէջ
փնտռելու,
ինչպէս
նշուեցաւ,
կարելի
է
այլ
տարբերակով
մը
տեղադրել,
օրինակ,
զաւկի
արժէքին
մէջ։
Այլ
խօսքով,
զաւակներուն
տրուած
արժէքը
հիմք
ու
պատճառ
կը
հանդիսանայ,
որպէսզի
ծնողներ,
իրենց
շահերը
նախընտրեն։
Այս
տեսանկիւնէն
դիտուած,
«ծնողք
–
զաւակ
յարաբերութեան»
կողմնակալութեան
պատճառը
հաւանաբար
ստանայ
օրինաչափական
որոշ
կարեւորութիւն։
Արդեօք,
ընտանեկան
կողմնակալութեան
պատճառներու
վերոյիշեալ
լուրջ
քննարկումը
բաւարա՞ր
է
հարցը
լուծուած
համարելու
համար։
Կասկածելի
է։
Ընտանեկան
յարաբերութիւններու
մէջ
կողմնակալութեան
եւ
խծբութեան
(
)
(Nepotism)
հարցերը
տակաւին
կը
մնան
առկայ
ու
անլուծելի։
Հեռանկար
Վերջին
տարիներուն,
նոր
թափով
բազմաթիւ
լուրջ
ուսումնասիրութիւններ
կը
կատարուին
ընտանիքի
բարոյագիտութեան
ոլորտէն
ներս,
բացայայտելու
համար
ծնողք
–
զաւակ
բարդ
յարաբերութեան
ցարդ
չսերտուած
մանրամասնութիւնները,
ծնողական
ու
որդիական
իրաւունքներն
ու
պարտաւորութիւնները,
ընտանիքին
առնչուած՝
բժշկագիտական,
ժառանգական
ու
իրաւաբարոյական
զանազան
հարցերը,
ինչպէս
նաեւ
ընտանիքին
այժմէական
իրավիճակն
ու
ապագայի
հեռանկարները։
(
)
Հիպպոկրատէսի
երդումին
սկիզբը,
կը
յիշուին՝
Ապոլլոն
աստուածը
(յուն.
՝
Apóllôn),
ասոր
որդի
Ասկլեպիոս
բժշկութեան
աստուածը
(յուն.
՝
Asklêpiós)
ու
այս
վերջինի
երկու
դուստրերը
Հիգէիա
(յուն.
՝
Hygíeia)
առողջապահութեան
եւ
Պանակէիա
(յուն.
՝
Panákeia)
բուժամիջոցներու
աստուածուհիները.
-
(
)
Տասնաբանեան
(Decalogue)
պատուիրանները
նշուած
են
առաքինութիւն
հասկացութեան
տակ,
տե՛ս
Մաս
–
9,
էջ
386։