Ուրացում
Ձերբակալութեանդ
առաջին
օրն
է
եւ
դուն
հիմա
կը
գտնուիս
Գօմիսէրին
տրամադրութեան
տակ։
Ոստիկանութիւնն
է
որ
պիտի
ընէ
քու
առաջին
հարցաքննութիւնդ
եւ
ա՛ն
է
որ
պիտի
աշխատի
խլել
գաղտնիքներդ։
Ուստի,
պատրաստ
եղիր
եւ
հաւաքելով
բոլոր
ուժերդ,
յիշէ
փրկութեան
առաջին
ու
վերջնական
պատուէրը՝
ուրացո՜ւմ,
ուրացո՜ւմ,
դարձեալ
ուրացում
։
Բայց,
նախ
քեզի
համար
առանձին
ծրագիր
մը
պատրաստա՞ծ
ես,
յանկարծակիի
չի
գալու
համար։
Որովհետեւ
խոհական
եւ
հեռատես
գործիչ
մը
պարտաւոր
է
միշտ
կանխապէս
մտածած
ըլլալ
այն
բոլոր
հանգամանքները,
որոնց
կրնայ
օր
մը
դիմագրաւել
ինքը.
ուստի,
անոնց
համաձայն
պէտք
է
ծրագիր
մը
ունենայ
իր
մտքին
մէջ,
կշռուած՝
պատահականութիւններու
վրայ
ու
յարմարցուած
անոնց՝
զգուշաւոր
կերպով։
Այսպէս,
իր
բռնելիք
ընթացքը
որոշ
ու
իր
ինքնապաշտպանութիւնը
հեշտ
է
այլեւս։
Ունի՞ս
այս
տեսակ
ծրագիր
մը։
Ենթադրենք,
ընկե՛ր,
որ
մեծագոյն
սխալը
գործած
ես՝
չունենալու
այդ
ծրագիրը.
ա՛րդ,
ի՞նչ
պէտք
է
պատասխանես
եւ
ի՞նչ
ընթացքի
պէտք
է
հետեւիս՝
թակարդի
մէջ
չիյնալու
համար։
Ինչպէս
ըսինք,
կը
կրկնենք.
Թուրքիոյ
դատաստանական
հարցաքննութիւններէն
անմեղ
դուրս
գալու
միակ
միջոցն
է՝
ՈՒՐԱՆԱԼ
ամէն
յանցանք,
ամէն
ամբաստանութիւն,
ամէն
մեղադրանք,
ուրանալ
անխնայ՝
մինչեւ
անգամ
այն
բոլոր
եղելութիւնները՝
որ
հրապարակով
յայտնագործուած
են,
որոնց
վկաներ
կան,
որոնց
հանդիսատես
եղած
են
բազմաթիւ
մարդիկ.
ուրանա՜լ՝
այն
բոլոր
ապացոյցները՝
որ
հեռուէն
կամ
մօտէն
յանցանքը
կը
շօշափեն։
Ուրացումն
է
որ
պիտի
կազմէ
փրկութեանդ
առաջին
խարիսխը,
առաջին
հիմնաքարը։
Որովհետեւ,
եթէ
խոստվանեցար
յանցանքդ,
եթէ
տուիր
գաղտնիքդ՝
այլեւս
օրէնքին
առջեւ
մութ
բան
չի
մնար,
այլեւս
փրկութեան
բոլոր
դռները
երկաթէ
նիգերով
գոցուած
են
քու
առջեւդ,
քանի
որ
քաղաքական
ո՛չ
մէկ
յանցանք
կարդարանայ
բռնապետական
երկիրներու
մէջ,
քանի
որ
դատաւորները
կը
նմանին
բժիշկի
մը,
որը
գիտնալով
հիւանդութեան
տեսակը,
ճանչնալով
ախտը,
պիտի
նայի
բժշկական
դեղագրին
ու
պիտի
ընդօրինակէ
միայն։
Դատաւորները՝
համոզուելով
յանցաւորութեանդ,
մէկ
բան
ունին
ընելիք
միայն.
դիմե՜լ
Պատժական
Օրինագրքին
այսինչ
ու
այնինչ
տրամադրութեան
եւ
որոշել
պատիժիդ
չափը։
Երբ
խոստվանութիւններ,
յայտնութիւններ
ըրած
ես,
ինչո՞վ
պիտի
պաշտպանես
քեզ,
ինչպէ՞ս
կուզես
որ
փաստաբանդ
կամ
դատաւորները
քեզ
արդարացնելու
փաստ
գտնեն։
Բռնութեան
ամէն
զէնք
պէտք
է
գործածել
ի՛ր
դէմ։
Թրքական
Օրինագիրքն
ալ՝
ուրիշ
ազգերու
օրինագրքերուն
նման
ունի
հետեւեալ
պատուէրը.
«Աւելի
լաւ
է
որ
շատ
մը
յանցաւորներ
անպատիժ
մնան,
քան
մէկ
անմեղ
դատապարտութիւն
կրէ»։
Այս
կէտն
է՝
որ
հիմը
կը
կազմէ
դատարաններու
բարդ
կազմութեան
եւ
անոնց
ձեռք
առած
օրինական
զգուշութիւններուն։
Դատարանը
կամայ
ակամայ
ստիպուած
է
իր
առջեւ
Ամբաստանեալ
ներկայացողին
կողմը
բռնել,
աւելի՜
անոր
պաշտպանութեանը
միջոցներ
ու
դիւրութիւններ
տալ՝
մինչեւ
որ
զօրաւոր
ու
անտարակուսելի
փաստեր
գան
հաստատելու
անոր
յանցաւորութիւնը։
Ահա՛,
բուն
իսկ
այն
հիմնակէտէն
մեկնելո՛վ
է
որ
պէտք
է
խուսափիս
ամէն
խոստվանութենէն
ու
քու
շրթունքներովդ
չի
յայտնես
ո՛չ
մէկ
բան
քեզի
համար
եղած
ամբաստանութեանց
նկատմամբ։
Պէտք
է
դատարանը
թողուս
վարանումի,
խարխափումի
եւ
տարակոյսի
մէջ։
Պէտք
է
անձիդ
պաշտպանութեանը
համար
զէնք
թողուս
փաստաբանիդ։
Եւ
փաստաբանիդ
զէնքը՝
դատարանին
այդ
խարխափումը,
մթութիւնն
է,
քու
պահելիք
հաստատակամ
լռութիւնդ
է,
ընկե՛ր։
Ձերբակալութեանդ
առաջին
օրն
է,
կըսէինք,
եւ
դուն
կը
գտնուիս
ոստիկանութեան
հսկողութեանը
տակ։
Պէտք
է
անցնիս
փորձութեանց
շարքէ
մը
հիմա։