Հեքիաթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԷՅԷԹԸ ԻԹԹԻՀԱՄԻԷ ԿԱՄ ԱՄԲԱՍՏԱՆԻՉ ԱՏԵԱՆ

Ամբաստանիչ Ատեանը կը կազմուի Նախնական դատարանի երկու անդամներէն եւ ընդհանուր դատախազէն։

Այս Ատեանին պաշտօնն է քննութեան ենթարկել՝ թէ ոստիկանութեան եւ թէ Միւսթանթիգին առջեւ տուած բոլոր հարցաքննութիւններդ, քու մասին ձեռք բերուած բոլոր ապացուցութիւնները եւ զանոնք ընդհանուր քօնթրօլէ մը անցնելով՝ վճռել թէ իբրեւ յանցաւոր կարելի՞ է քեզ ամբաստանել ու դատաստանի խրկել։ Ինչպէս կը տեսնուի, Ամբաստանիչ Ատեանին պաշտօնն է հսկել նախնական քննութիւններուն օրինաւորութեան եւ արդարութեան վրայ, որպէսզի անմեղ մը զուր տեղը անիրաւութեանց եւ վնասներու չի հանդիպի Արդարութեան կողմէ։ Բայց ինչպէս ամէն օրէնք Թուրքիոյ մէջ՝ նմանապէս Արդարութեան ամէն ատեան ու հաստատութիւն՝ անուանական հանգամանք կը կրէ միայն եւ խրտուիլակէ մը աւելի ուժ ու նշանակութիւն չունի։

Ամբաստանիչ Ատեանը՝ երբ նշմարէ թէ զերծումներ գործուած են Արդարութեան պաշտօնեաներուն Մուսթանթիգին կամ ոստիկանութեան կողմէ, երբ տեսնէ թէ փաստերը անբաւական ու անզօր են քու վրայ մեղադրանք մը ծանրացնելու, պարտաւորութիւն է անմիջապէս քեզ անպարտ արձակել՝ առանց դատաստանական քննութեանց պէտք տեսնելու։

Քիչ անգամ տեսնուած է որ Ամբաստանիչ Ատեան մը՝ լոկ արդարութեան եւ օրէնքին յարգանքին համար անպարտ արձակած ըլլայ մէկը՝ Մուսթանթիգին կողմէ իբրեւ յանցաւոր խրկուած է իրեն։ Պատահական պարագաներու մէջ՝ միշտ պէտք է համոզուած ըլլալ թէ կաշառքը գործ տեսած է։

Ընդհակառակը, Ամբաստանիչ Ատեանը երբ գտաւ այն օրինական պատճառները, որոնց հիմին վրայ քեզ յանցաւոր կը ճանչնայ, այն ատեն կը պատրաստէ յատուկ տեղեկագիր մը՝ որ կը կոչի Իթթիհամնամէ կամ Ամբաստանագիր ։

Ամբաստանագրին մէջ պէտք է նշանակուած ըլլան այն գլխաւոր ամբաստանութիւնները եւ անոնց պատճառաբանութիւնները, որոնցմով Ամբաստանիչ Ատեանը քեզ կ’ամբաստանէ իբրեւ յանցաւոր եւ քու դատաստանդ կը պահանջէ։

Ամբաստանագիրն է որ դատաստանական ձեռնահաս Ատեաններուն հիմ եւ պատճառ պիտի ծառայէ՝ դատավարութեան ձեռնարկելու։ Առանց Ամբաստանագրի ՝ դատարանը չի կրնար գործի սկսիլ։

Ամբաստանագրին մէկ օրինակը անմիջապէս բանտը բերուելով՝ կը ներկայացուի քեզի, որպէսզի կարդալով քեզի համար նշանակուած ամբաստանութիւնները՝ գիտակցիս բանտարկութեանդ պատճառին եւ պատրաստուիս դատարանի։

Ամբաստանագրին քեզի ներկայացնելու թուականէն մէկ շաբաթ ետքը, այսինքն ութերորդ օրը, առաջին անգամն ըլլալով կը կանչուիս դատարան։ Այս ութ օրուան պայմանաժամը տրուած է քեզի՝ որպէսզի, եթէ գանգատի փաստեր ունիս, բողոքես Ամբաստանիչ Ատեանին տուած որոշման դէմ։ Բայց քաղաքական ո՛չ մէկ հայ յանցաւոր փորձած չէ այս միջոցը՝ որքան անիրաւութեանց ալ որ ենթարկուած եղեր է Ամբաստանիչ Ատեանին կամ Մուսթանթիգին կողմէ։ Որովհետեւ, այդ բողոքը պէտք է ուղղել Պօլիս՝ Վճռաբեկ Ատեանին (թէմիզ). եւ Հայաստանէն քաղաքական յանցաւորի մը Պօլիս ուղղած մէկ գանգատին լոկ պատասխանը տարիներով ետ կուգայ միայն, որ ատեն խեղճ բողոքարկուն բանտին մէջ գալարուելով պէտք է սպասէ. թող որ առանց այլեւայլի այդ եկած պատասխանն ալ յայտնապէս աննպաստ պիտի ըլլայ գանգատողին։