Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[գ]

 

Լոյսերը կը ծփծփան, ալքոլէն բռնկած, ու խժացող ծխալի վայրին մէջ Ինճէ-Սազը յափշտակութեամբ կը տրոփէ իր դափին կշռոյթը, բզզուն ու խորին: Օղիի գաւաթիս մէջ լոյսի կայծեր կան. ադամանդի պէս կը վառին. մինչդեռ շէկ ու գաղջ իտէոլորտի մը մէջ կը սուզիմ պղտոր, շլացած յառումով: Միտքս կը շնչէ ալքոլին կիզանուտ լուսէութիւնը ուր տառապանքի խաւարներ կան հրահալած: Լոյսի շիթերը որ կը շողան հոն՝ մտքիս մէջ կ’իյնան պատկերներու վրայ որ տարտամօրէն կը ցաւին. գաղափարներու որ կը թուին այրիլ: Կիզիչ լոյսը զոր կը կլլեմ, ներսս կը ծաւալի, կ’եզերագայի հեշտութեամբ, ու մտապատկերներ կը նշուլոտէ ինչպէս ալիք մը որ ծովեզրին կոպիճներուն ու ջրիմուռներուն վրայ կը սփռուի ու լեղի շողիւններով կը գունագեղէ զանոնք: Վայրենի ափունքի մը պէս խոհուն՝ կը ծծեմ դառն ալիքն ուր աղօտալոյս կոյտերով մտապատկերները կը զայրագրգռին, եւ կը տեսնուի թէ ո՛րքան տենչանքներ են անոնք: Ձգտումներ, երբ հանդարտ ու անշուք էին, տենչեր, պէտքեր են երբ կեանքով լեցուին, երբ զեղո՛ւն աւիւնովը զոր կը խմեմ: Որքա՛ն իրաւունք ունին տրտմելու անոնք որ լեցուն են մտապատկերներով որք իրագործուիլ կ’ուզեն. անոնք որոց ներսը յարատեւ ստեղծողութիւն մը կը յղանայ, կը լուսակերտէ զանոնք, ժպիտներու պէս որք թախիծներ են ընդհուպ. կայծերու պէս որք աճիւններ են իսկոյն: Կեանքը, տենչացողութիւնը կ’աճի էութեանս մէջ. լուսաղօտ, անշրջագիծ, անհասկնալի տենչանք մ’է ամբողջ իմացականութիւնս: Ի՞նչ պիտի ընեմ ես բոլոր այս ձգտումները որ կը ծագին, կը յառին, գեղեցիկ ու յուսահատական, տրտում անջրպետի մը մէջ: Կարծես համադրապէս բանի մը կը հաւտամ. ի՞նչ բանի, ո՛վ գիտէ: Միթէ կարելի է գիտնալ ինչ բանի որ կը տենչայ ամբողջ միտքը միանգամայն: Տարտամօրէն ընդնշմարուող, բայց հոգեւին սիրելի, անպատում բան մ’է ան որու կը ձգտիմ: Միթէ Իռե՜նան չէ՛. որուն գոյութեանը գաղափարը զիս կը խռովէ, կ’ամբառնա՛յ իբրեւ թէ երկնային մահիկը ըլլար ան, իմ մշտածուփ էութեանս կոհակին վերեւ դալկաժպիտ ու հզօր: Միթէ ե՛ս իսկ չե՞մ անիկա: Ե՛ս, զոր միայն ըլլալ <կը> տենչամ, վասնզի միտքս իր իրագործումն, իր անհնարին իրականացումը կ’ուզէ, կեանքը, անպայման, անկաշկանդ: Եւ կամ միթէ Անհունը չէ՞ այն անպատում ու նշուլող համադրոյթը որուն կը տարուիմ էովին: Ա՜հ. ասոնք միանգամայն չէ՞ անիկա. եւ միեւնոյն բանը չե՞ն միթէ. միեւնոյն երազը զոր յուզումներն ու աւիւնները ծաւալեն հեռարձակեն տեսողութեանս: Շնչառութեանս մէջ այրող վայրկեանները որ կ’անցնին՝ գիտեն զիս, ու կը խուսափին: Ու լուռ մենութիւնս կը կքեմ շողուն գաւաթին վրայ ուր իր շուրթին հրավառ հմայքը կը բաժակէ արեւելքի ճերմակ հուրին արեւմուտքի խաժ պային քոյրը, եւ իր ակնարկին լոյս սլաքը կ’աչէ, իր մռայլ գաղափարը՝ շլացքով, իր թոյնն՝ իր լոյսին կենսաւէտութեամբ ընծայելով տրտում անդրատենչութեանս: Ի՜նչ ըսել կ’ուզէ իր էութեան ժահրապոյր հանդարտութիւնը նշուլելով աչքերուս: Զիս խանդով, կեանքով տոգորելով՝ ո՜չ ապաքէն իմ մահս կ’երազէ ան քանի որ համբարուն է, ու Յաւերժութենէն զգայութիւններ կը մանեկէ, կը դրասանգէ մտքիս, եւ քանի որ կը հրաւիրէ զիս էութեանս սահմաններն անցնելու:

Եւ Ինճէ-Սազը խռոված կ’երազկոծի. զմայլելի՜ երգ, շողշողուն ու դողդոջ՝ հնչիւններու գոհարներովն արեւելեան նուագին որ երազներու, հառաչներու հնութենէ մը կուգայ ոլորուելու հայեցողութեանս մէջ, արաբոլորուելու տենդի՛ն հետ որ կոհակ կոհակ երբեմն կ’անցնի սիրտէս.

Վա՜լլահի, կիւզէլ տիր կէօզլէրին…,

պիլլա՜հի կիւզէլ տիր…:

Ասանկ կ’ըսէ տարօրինակ, տարօրինակ երգը. անհուն միամտութեամբ մը, սրբութեամբ մը կը հառաչէ. կ’երդնու. ա՛հ, բացարձակ ճշմարտութի՛ւնը: Եւ սիրտս չեմ գիտեր ի՛նչ կ’ըլլայ անողորմաբար՝ տողին բանաստեղծութեանը մեծութենէն: Եւ մինչդեռ երաժշտութիւնն, անվերջ, կ’ելեւէջէ, կ’իջոստոստէ, կը ծփայ, արցունքներու բիւրեղ հոյլեր կը հրախաղէ, կը հրահոսէ՝, լուսաշիթելով առնաձայն շարգըին մելամաղձութիւնը որ իր հառաչանքին աղուահեղ ժայթքումը կ’աղաղակէ՝, տենդը կուգայ կանցնի կուրծքէս, ու երազանքս արտասուագին ժպիտով մը կ’առկախուի սքանչացած. սքանչացմամբ մը որ կը տառապի՝ կը ցաւի, կը յառիմ թափանցկութեանը պայծառ կիզիչ հեղուկին զոր նորէն շրթունքիս կը տանիմ տենդը տակաւի՛ն յուզելու. հաշիշի արբշռութեան՝ ուղեղէն անցնող առաջին սոսկալի սարսուռին պէ՛ս սիրտէս անցնող այս խռովքը, որ հո՛ն կը հոծէ կեանքս, կարծել տալով թէ իմ սիրտս եմ միայն. վասնզի այս յոյզը Իռենան է: Ա՛հ, սոսկալի՝ քանի որ բացարձակ համոզումը: Արիւնը որ յանկարծ կը վիժէ սրտիս մէջ՝ էութեանս բոլոր կեդրոններուն՝ անոր պաշտամունքին մէջ վայրագօրէն համախոհ համոզումն է, անեղծանելի: Այս յոյզն այն աղջկան գոյութիւնն է: Անոր գոյութիւնն ու իմ սէրս կապուած են Յաջորդութեան Օրէնքով մը, ակնածելի՝ ինչպէս ամեն բնական օրէնք, որու խորին, բնաստուածային անվրէպութիւնն իր մշտնջենականութիւնը կը պատմէ. եւ ապահովութենէն անդրեսական, գերմարդկային այն տնօրինութեան որով անիկա՛ մշտաբաղձուող պէտքն է իմ կենդանութեանս՝ հիացած կը տխրիմ, հիացման տխրութեամբը, ինչպէս ամեն կարելի բացարձակութենէ:

Երգը կ’ելեւէջէ, կը թաւալի, կը թաւալի. ու նորէն նոյն տողն է, նոյն յուսահատ խօսքը որ կը գալարի մրմնջելով, հեւալով, աղօթելով, եւ նոյն դողը, գաղջ, հոծ, միակ, որ կը խուժէ ներսս, որ անոր անբացատրելի անձին դէմյանդիմանական ըմբռնումն է որ սիրտէս կ’անցնի առոյգ, առաջին., զգայարանքներուն քայքայական (dռcadent) իմացականութեան մէջ չզառածած. զգայարանքներուն ճիշդ միացումն, անոնց տրիփին հոծումը բարոյականին մէջ: Բաժակին նշոյլին մէջէն կը ժպտիմ Վերթէռին… բայց մանաւանդ ա՛յն իրական արաբ ցեղին՝ որու զաւակները կրնա՛ն եղեր մեռնիլ սիրելէ. եւ որու պատկանող կրօնաւոր մը կ’ըսէ թէ (Սթէնտալ) կը մեռնին անոնք «Որովհետեւ իրենց կիները գեղեցիկ են, եւ երիտասարդները պարկեշտ»: Կը ժպտիմ, կը հաւատա՛մ անոնց: Սրտագին կը յառիմ, երազածուփ, արտասուալից ու ժպտուն՝ այն հրաշավիպական անդրատենչութեան. բաժակիս շողշողուն կայծին մէջէն կը սուզուիմ ցնորագեղ ոգեպաշտութեան մը մէջ. արաբական հրատապ դաշտերու միսդիք բացարձակին մէջ ուր ամեն ինչ Աստուծոյ մէջ կը զգայ ինքզինքը. եւ մինչդեռ արեան ալիքը սիրտս կը հոսի նորէն՝ իր տաք, իժասող ծուփը կը թուի ինծի թէ անապատին մէջ աստուածախառնուած ա՛յն երեւակայոտ ու կամեցող արաբ ցեղի՛ն պարկեշտութիւնն է իմ տժգոյն բարեխառնութեանս մէջ որ սակայն երբեք ճիշդ հորիզոնը չէ սիրային յաւերժական՝ մահացու պարկեշտութեան. իժի մը պէս թունաւոր ու անհուն…:

Ի զուր, ահաւասիկ, կը գրկեմ Իռենային մտապատկերը, ստուերային ներէակին աննիւթականութիւնը կը շնչեմ, կը հոտոտեմ ցնորելով. զմայլումներու անդուլ խնկացմամբ մ’ի զուր կը պարուրեմ անոր եթերէ ներկայութիւնը: Ծածուկ ու տխուր դրականութիւնը որ սրտիս մէջ կը պտըտի՝ կը շօշափէ, կը հաստատէ խռովիչ ստուերին մարմինն, ու բոլոր զգայարանականութիւնը, բոլոր նիւթականութիւնը վերացական սէրերուն՝ որ պիտի քայքային մարմնոյն մէջ: Գաղափարը պիտի յանգի գործին, եւ ամեն գործ որքան ալ վսեմ ըլլայ՝ անկումն է գործին գաղափարին: Ի՛նչ տխուր բան, գիտնալ թէ մարմին մ’ունի ցնորքդ:

Ինճէ-Սազը թալկագին կ’երազածփի եւ քանոնին վճիտ կայլակներուն մէջ՝ արտասուալից, ջութակին պղտոր ջղայնութեան մէջ՝ հառաչալիր, դափին մութ կշռոյթին մէջ հեծեծելով՝ տառապողներու ցնորքին՝ իրականութեան մէջ խամրումը կուլայ:

Բայց… քովս մարդ մը կայ, կոպիտ, վայրագ, ծեր, որ կը խօսի հետս, անդադար մշտելով զիս, թէեւ կը նայիմ իրեն: Իր դղրդալի հագագը վայրենօրէն կը բաղխի երազանքիս, բղխելով իր ալեւոր ու ժեռուտ գլուխէն: Դէմքը մղձաւանջի պէս ապուշ է. հայհոյութեան մը պէս խելացի. եւ սակայն բարեմտութեամբ կը խօսի մարդը. ահագին, խոշոր բարեմտութեամբ մը: Երբեմն չեմ գիտեր ի՛նչ կը խօսի. գինով՝ գլուխը կը կախուի մերթ մարած սիկարին ծայրը նայելու, ուր մոլար աչքը չի կրնար յառիլ: Ու թեւս, ծունկս մշտելով կը վերսկսի խօսիլ, երախին ու ակնարկին խոռոչը մեծաբաց, խաւարչուտ:

Ի՛նչպէս համոզիչ է այս վայրենին: Արտայայտութեանը բրտութեամբն իր հուժկու բառերուն իմաստին դէմքը կ’առնէ. իր բառն ականջիս մէջ կը խռնտայ. մատներուն բութ հպումը ծունկս կը ցաւցնէ. իր ահարկու միմքը նայուածքս կը կռփէ: Իր խօսքը տառապելով, մարդը կը բռնաբարէ ուշս, եւ անկեղծօրէն, լիովին համոզուած եմ միշտ իր ըսածին, թէեւ յաճախ չեմ գիտեր, չեմ լսեր ըսածը: Գինետունը աղմկալի է. գինետունը մարդուն կը խառնուի: Կը ջանամ, կը տենչամ սուզիլ գաւաթիս լոյսին մէջ որ կը քաշէ, կը ծծէ նայուածքս իր շողիւնին նրբին շառաւիղներովը:

Մարդը հօրս վրայ կը խօսի… մեռած հօրս վրայ:

Եղերական բան մը կը բխի մարդէն: Իր ահաւոր ծերութենէն աղէտի պէս բան մը կ’ելլէ: Ձայնը կռանային ոյժ մ’ունի, ամեհօրէն մարդկային տրտմութեամբ մը լեցուն, կարծես պաղատագին: Հայրս մեռաւ, մեռած է, մեռաւ իմ հայրս: Գինովութեամբ կը լսեմ, կ’իւրացնեմ մարդուն մութ ձայնը որ մեռած հայրս կը պատմէ կոշտ, տառապեցնող ճշդութեամբ մը, եւ ամեն յոյզի հակամէտ երազանքս կը լեցնէ, տրտմագին, անոր ընդհատներն ու համառօտութիւնները, որոց իմաստն : Մարդը կ’ըսէ ինծի թէ…– յանկարծ կ’ըսէ.

Լուսերուն մէջը պառկի:

Երեսը կը նայիմ ապշած. գրեթէ սոսկալով: Ի՞նչ…:

Թշուա՛ռ, մահկանացու՝ իր խօսքին ենթադրած երազին մէջ սարսռալի մելամաղձութեամբ մը կը տոգորուի: Կը հաւտա՛յ կարելիութեանն այն երանութեան զոր կը մաղթէ եւ բացատրել չկրնալուն համար թերեւս կը կարծէ թէ տխուր մեղաւոր մ’է ինքը. երկինքին անծանօթ. իր ժեռուտ ու խաւարին կերպարանէն երազ կը հոսի. օրհնութի՜ւն՝ իր հայհոյող դիմագծութենէն: Իր բոլոր զօրեղ վայրենութիւնը կը պատկառի, կը խանդաղատի՛ լոյսէն որ գայ մահը եթերացնելու. Իմ իմացականութիւնս անարժա՛ն է անճառ բաներու երազին. իմ տգէտ, իմ անբարոյական դրապաշտութիւնս: Իսկ անիկա՝ անիկա՜՝ սրտագին համոզմամբ աղեկտուր հաւատքով մը կը կրկնէ իր խօսքը.

Լուսերուն մէջը պառկի:

Թշուա՜ռական, հերի՜ք է. լոյսերո՞ւն, լոյսերո՜ւն մէջը…: Չե՞ս գիտեր թէ ես… ես…

Թէ ես կը նախանձի՜մ: Այս մարդը կրնա՞յ մտածել թէ ես կը տառապիմ Յաւերժութենէն, թէ իմ անդրատենչութիւնս կրնայ մոլեգին խռովիլ մահուան գաղտնիքէն դէպի լոյսին խորհուրդը երազուած առընչութեան մ’անծանօթէ՛ն., թէ ես՝ տենչերու կոյտովն իմ մտքիս՝ չե՛մ հանդուրժեր կրօնքի քապալեզուին ո՛ եւ է այլաբանութեամբը քօղարկուած տենչալի՜ իրականութեան մը յայտնութեան որ իմ նախանձայոյզ զգայնութեանս թելադրուի այսպէս., թէ չեմ հանդուրժեր որ ծածկայուն (latent) մէկ երազս ուրիշէ մը անտարբերօրէն, անգթօրէն բանաձեւուած վայելուի՛ հաւատքով մը զոր ես չունիմ զայն բանաձեւելու, արտաքնելու համար, զայն սեւեռախոհելու համար., թէ ես կը տառապի՛մ իմաստուն կամ ապուշ այն դիւրութենէն որով այս մարդիկը կը հաւտան անշրջագիծ՝ աղօտ, անհաստատելի շքեղութիւններու, զոր չհասկնալու վհատութիւնս անոնց գեղեցկութիւնը կը տենդոտէ՛., թէ չըմբռնելով, չբացատրելո՛վ մահուան ու լոյսին առընչութեան հնդկային վսեմութիւնը՝ չեմ կրնար հանդարտօրէն նայիլ անոր գաղափարին՝ որ իր խոյսը, շլացքը, իր վերճեմքը կը փախչտի, անմատչելի: Այս մարդը, առանց կարենալու երեւակայել իմ երեւոյթիս մէջ թաքուն գալարուն դրապաշտութիւնն, առանց կարենալու կասկածիլ երբեք որ ես իրականութիւնը ժխտել ուզող տեսակէտներու տաժա՛նքն յաճախ կը զգամ՝ ու գիտեմ, անվախճան տրտմութեամբ, ոգեպաշտութեան թշուառութի՜ւնն՝, այս մարդը գերեզմանին դանդիռը կը մոռնա՛յ լուսեղէն ցնորքներու մէջ, ու տատասկներուն ու հողերուն տակը ցուրտ խաւարին մէջ երկնցած հօրս մենաւոր դիակին խեղճութիւնը կը ժխտէ՜՝ մաղթուած, երազուած լոյսի ծուփերու մէջ, ուր ցնդին թախծալի իրականութիւններն յամր անհետացմանը մարդկային խղճի այն բոլոր անաշխարհային խռովքներուն որ կը լեցնէին հայրս, եւ ծանր յայտնութեա՛նն այն ամեն բաներուն որ հօրս մէջ հողինն էին, լռին ու խաւարին նիւթինն էին: Անդրագոյն երանութիւնը կրնա՜յ լո՛յսը ըլլալ ուրեմն. այսինքն ի՞նչ: Տխմա՜ր, նեխման եղերանշոյլ փոսփորը չըլլա՞յ. գերեզմանէն լուսածնած, վաղանցիկ սոսկալի երանութի՛ւնն յաւերժական խաւարներուն: Ո՞չ: Ի՞նչ է այդ մոգական բառը որ կը ցնցէ մէջս երկբայամոլ սկեպտիկը եւ անոր կարծր յաւակնութիւնը կրնայ կակղել իբրեւ գաղջ արցունքի մը մէջ: Հայրս, իմ եսիս անցեալը, իմ կարելիութիւնս լոյսերո՜ւն մէջ…: Հայրս չմեռա՞ւ, ուրեմն, աւա՛նակ:

Եւ խորհրդածութիւնը տխուր, ու հեգնոտ, կ’երթայ ճերմակ մահուան, ու նուագին հեծիւններուն հետ կը խարխափէ լոյսերուն մէջ:

Մոլի ումպով մը կը խմեմ գաւաթիս նշուլումը որ հոծումն է, կենսալի, ծիծաղկոտ՝ պայծառութիւններով պղտոր խռովքին տրտմութեան զոր կը հոսէ մտքիս մէջ, որ պարպուած բիւրեղին մէջ կը մնայ սակայն, իբրեւ թէ մշտավառ ու անհատնում իսկութիւն մ’ըլլար, անյագենալի: Լոյսն է, ալքոլին մէջ կիզուած, սլաքուած, ինչպէս իմացականութիւնը՝ յոռետեսութեան մէջ. բարոյականը՝ թշուառութեան մէջ:   ե՛ղճ մարդիկ: Ահաւասիկ լուսածուփ, բզզուն գոլորշիին մէջ իրենց քամակը կը ծռեն շողուն բաժակներու վրայ. անոնց անողորմ ճռուողիւնին խառնելով իրենց մարդու պղտոր ձայնը, անոնց հմայական կայծին իրենց տառապած աչքը յառելով: Կը ծիծաղի՛ն, խոշոր խարխլուն ծիծաղներով եւ սակայն միսդիքներ են, վասնզի կ’արբենան: Ալքոլուտ ծուխերն առկախ՝ ցաւագին կիսադէմքերու վերեւ՝ նոյն մշուշին մէջ կ’երանաւէտեն անոնց եւ իմ մարդկութիւնս, իբրեւ նոյն մառախլային լուսապսակին մէջ: Եթէ ես կ’արբենամ խորհրդածութիւնը զուարթացնելու, առնացնելու համար, շլանալու համար շեշտ լուսախուրձէ մը որ ներասքօղ խոռոչներ ցայտեցնէ Պէնառի ցոլքերու հեշտալի օտարութեամբն, ու ժպիտի, ներմա՜ն ճշմարտութեամբ մը վերյօրինէ անոնց իրականութիւնը., ներաշխարհին խորերէն վիշտերու ու հրճուանքներու խռուագալար աճման ու ծաղկման մը հմայքը դիտելու համար., նշուլումներու, լուսաւոր կենսաւէտ շփոթութիւններու խտղտանքը ներզգալու, թրթռագին աւիւնով մ’արցունքներու զուարթագին ու թախծալի շողիւններ կրելու համար., կը խմե՛ն անոնք ալ՝ նոյն կենսաւէտման, ալքոլի վիճակին նոյն զեղականութեանը, սիրայնութեանը համար, արտաշխարհէն պարտասած, սպառած: Եթէ բաժակիս կայծկլտուքին թոյնը ծաղկաւէտ աւիւն մ’է իմ երեւակայութեանս մէջ, յաճախ, եւ կենսաւէտութեամբ ազնուացում մը՝, այս մութ մարդոց էութեան մէջ նոյն բանն է. պայծառութեան բոցեղէն բարիք մ’անոնց հոգւոյն մէջ, խոնջութեամբ վատթար. առոյգ արենորոգում մը. կարծես ազատ հայեցակէտի մը բերկրանքը՝ կենցաղէն պարտադրուող դրականութեան վերեւ. չարութեամբ ռամկացած իմացականութեան մէկ վաղանցիկ վերացումը՝ ներանհետ քաղցրութիւններու վերածնունդով: Ալքոլին շողիւնը որ հոգւոյն մէջ կը ծաւալի՝ բացակայող ինքնաբեր բարոյականը, զուարթութի՜ւնը, բնական ու դժուարացած ծանրացած վերացո՛ւմը կը փոխարինէ կենսաշահութեամբ չարացած, չարչարուած հոգւոյն մէջ:   մեցէք, խմեցէք: Ա՜հ, յարատեւ թշուառութեանց մէջ տխրօրէն տատամսոտ տարակոյսով մ’աղօտացած հաւատք մ’է այն: Անոր լոյսէն վառուող ոգեւորութիւնը խմելու եկած խոնջ ու վհատ մարդը միթէ անգիտակցաբար չի՞ խորհիր թէ իր բաժակը՝ ոգեւորութեան, կեանքի զուարթութեամբը պիտի ներողամիտ ընէ իր խիղճը՝ ամեն մարդու, ամեն յանցաւորի մէջ խորհող ու մոռցուած արդարութիւնն, իրաւունքն արթնցնելով. բաժակը քաւութիւն չի՞ հոսեր՝ զուարթութեան զօրութիւնը հոսելով: Ըմպելիին այս երկիւղալի թափանցկութեան համայնութիւնը մարդուն հանրէական Եսը չէ՞. այս նշոյլը տիեզերական, օրինական ինքնութեան մ’ազատութիւնը չէ՞. այս կա՛յծն՝ աստղափայլ հոծում մը մոռցուած ուրախութեանց, բնական ու զուտ կեանքի մը հրճուանքներուն: Թող խմե՜ն: Քաղցրութիւնը որ կը լնու զիրենք՝ անզգալաբար աղօթք, անդրատենչութիւն պիտի դառնայ. զուտ կեանքը հիացում է ամբողջ: Ալքոլը շեշտում մ’է մարդուն մէջ. եւ եթէ կրնայ մարդուն մէջ անասունը քստմնել, կրնայ մանաւանդ կոչել, խնկամբառնալ հոն հրեշտակը: Յուզում մ’է, տառապանք ու երանութիւն միանգամայն, եւ անհունութիւնը, եւ Աստուած խորն է ամեն յուզման: Ալքոլն անոր կը մղէ խեղճ մարդիկը, եթէ պիտի տանի զանոնք նաեւ մահուան: Կա՞յ զմարդ Աստուծոյ տանող բան մը որ զայն մահուան ալ չտանի: Վերացումներու մէջ տժգունող միանձնէին սպառման չափ ողջակիզական է անով ինչպէս հաշիշով տոգորուող մարդուն քայքայումը: Թող ներուին անոնք որ կը խմեն: Եւ մանաւանդ անոնք որ ստեղծողութեան զուարթութեանը կարօտ են յաւէտ: Կենցաղէն վեր սաւառնաթեւ հոգին չի կրնար տեսնել թէ ալքոլով վառուած յայտնատեսութիւնը գուցէ Էտկառ Բօէի դանդաչանքին մէջ պիտի մարի վաղը: Պէտք է որ ստեղծող յուզմամբը խռովի անիկա. իր յղացումներուն տեսլեանն հայեցողութեամբը խաղաղելու համար: Եւ յոյզին իբր հառաչալիր սփոփ մ’արտադրութիւնը մտածումն է, որ երբեք այնքան կենսալի չէ քան երբոր ծնի յոյզէն. ի՛նչ որ ալ այդ յոյզն ըլլայ, իբրեւ յեղաշրջումներու, տարտամութեանց կորովի արտադրողութենէն., եւ որ իմացականութեան մէջ կը ճառագայթէ երբ խռովքին թրթռագին ներշնչողութիւնը կ’անցնի անկէ, քանի որ մտածումը Լոյսին յետին քայքայականութիւնն է, որու վերլուծական, բազմասնական ծայրայեղութիւնը կը ձգտի վերջին ու առաջին իտէանիւթական համադրոյթին, Լոյսին, բաժակիս անյատակ կայծկլտուքին մէջէն անջրպետներուն ու ժամանակներուն մէջ ընկրկած., Լոյսին, ինչպէս զգայարանական իմացողութիւնը քայքայականութիւնն է (dռcadence) դէմյանդիմանութեան. զննողութիւնը՝ տեսանողութեան, ինչպէս գիտութի՜ւնը՝ հաւատքին. ինչպէս ճանաչումը՝ սիրոյ: Վասնզի իմացականութեան կատարելութիւնը՝ իմացականութեան ծագումն ու վախճանը՝ դէմյանդիմանութիւնն է. տեսանողութիւնը, Հաւատք հանճարը, Սէր հանճարն է. եւ այս բառերը միեւնոյն նիւթին ու միեւնոյն զօրութեան այլազան ըմբռնումներն են միայն, եւ ուրիշ բան չեն նշանակեր, բայց միայն Եթերը, բայց մի միայն Լոյսն առ որ արարչագործութիւնը կը ձգտի եւ որով կը թրթռայ, կ’ապրի, է յաւիտեան:

Եւ միշտ կը յառիմ, երազակոծ, յուսահատ՝ ալքոլին լուսաշաւիղներուն որ բաժակին բիւրեղին մէջ կ’ընկրկին, կ’ընկրկին:

Եւ այս անվերջ յուսահատութիւնը չէ՞, մշտանորոգ ու անյագ տենչի այս յուսահատութիւնը որ պատրող բայց սփոփիչ երանութեամբ մը եւ ինչո՞ւ պատրող կը յառէ տեսլականի, զրկեալի, խենթի աչքս ուր որ նշոյլ մը կը փայլի: Թռանցնող կամ կառչող ցոլք մը, անշարժ, հիացական., պղինձ անօթի մը շուրթին, մետաղէ բանի մը կորանքին, եզրին, անկիւնին լուսագծութիւնը., թիակին տակ. նաւառաջքին դէմ, աղբիւրին մէջ բեկբեկող նշուլումը., անտառին մէջ մզուող շառաւիղը., կոհակի մը ծոցը դողդոջող փաղփիւնը., եկեղեցւոյն մէջ իջնող ճառագայթը., կրակին շառայլը., բիւրեղի մը մէջ ինկած ճաճանչ մը., ադամանդին պաղպաջը., այգաթեւ կամ իրիկնածուփ ամպի մ’ոսկեփայլիւնը., մենարանին պատուհանին լուսաղօտութիւնը., ծիածանի երանգի մը շողիւնը պրիսմակին մէջ., կաթիլի մը լուսաշիթը., հեռաւոր լապտերի մը փշփշանքը գիշերին մէջ., Ալտեպարանին բոցը…, Ռիգելին պսպղումը., մե՜ծ Սիռիուսին փողփողիւնը…, Լուսաբերին անշարժ արծաթափայլ ջահումն արշալոյսին…, ամեն ինչ որ կը փայլփլի, կը բոցավառի, կը շողասլաքէ, կը կայծկլտայ, կը բռնկի՝ ամեն պայծառութիւն որ չի շլացներ աչքն ու կը թուի զմայլիլ, կը թուի սիրե՛լ՝, կը մագնիսէ, կ’ըմբռնէ, կ’ողողէ զիս. ա՛հ, ինչպէ՛ս կը յառիմ լոյսին: Աչքս կրնայ խտղտիլ. բայց լուսէութիւնս, հոգիս՝ արծիւի մը պէս կը նայի դեռ: Իտէնշոյլներ են անոնք, որոց յառելով կը վերլուծեմ անոնց կիտային անջրպետն ուր կը սուզիմ. որոց կայլակին մէջ կ’ընկղմիմ իբրեւ ներշնչման լճի մը մէջ. իբրեւ դէմյանդիմանական շաւիղներու մէջ. Եբրայեցի քահանայապետին պէս որ խորանին ստուերին մէջ կը ներշնչուէր նուիրական լանջազարդին տասներկու գոհարներուն փայլատակումէն: Հոգիս կը ծծէ լոյսը. կը կորսուիմ լոյսին մէջ. ստուերի հեւք, ստուերի երազ: Ամենուն երկնայնութիւնն է ան եւ ամեն ինչ անոր կը ձգտի. Լոյսին:

Լոյսին, ուր կը սքօղի խորհուրդը, իբր անհուն սփինքսի մը մշտնջենաւոր ժպիտին մէջ. եւ որ ճառագայթումը, զուարթութիւնը, մատուցումն է երջանիկ խորհուրդին, ու մշտաբաղձուած խաղաղութեան բնական ու իմաստասիրական տեսակէտն, ու տեսի՛լը: Վասնզի մի՜թէ անիմանալի յաւերժանիւթը, որու երկնային ընծայումն է Լոյսը՝ առաջին ու վերջին անծանօթ ձեւը չէ՜ բոլոր իրերուն որ միջին ձեւեր են միայն. Ա՜րփն, ուրկէ քայքայանջատ ու անկատար՝ բղխի տիեզերքն, այլ դէպ ուր յափշտակուի անընդհատ. երանաւէտ նպատակ ամեն վիճակներու, որ խաղաղութիւն կ’երազեն միայն, ամեն կնճիռներուն որ պարզութիւնը միայն կը բաղձան, ամեն խորշոմներու որ ժպիտը միայն ըլլալ կ’ուզեն: Դէմյանդիմանակա՜ն Քէ ճառագայթները իսկութիւնն իսկ են արեւուն, արփային ա՜յն իսկութիւնը որ միակ Տարրն է ու միակ Զօրութիւնը, որ Գոյութիւնը կ’ըլլայ, ու զայն կը թափանցէ անընդհատ. Զրադաշտի յաւերժասուրբ Լոյսը՝ որ կը լեցնէ Անբաւութիւնն ու Ամեն ինչ, եւ ամեն բանի հիւլէկոյտը կ’անջատակցէ, ինչպէս անտարակոյս Տիեզերքի՜ն հիւլէկոյտն ուր հիւլէներն աստղերն են, ամենակալ նիւթ՝ ամենակարող սնունդ ամենուն, ամենուն ծագումն ու գոյութիւնն, ու նպատակը, յաւերժափա՜ռ անդրանկարուած՝ Կէօթէի ոգեվարին մէջ: Անդորրը գերագոյն իմաստութեան ուր տարակոյսը չկայ, եւ որ վայելքն է ամեն բանի., ու անդորրը գերագոյն համասեռութեան ուր մարմնոյն այլասեռ բազմասնութեան պայքարը չկայ, ուր մարմինները կը միանան զուտ ու իսկական եղբայրութեան մը, հայրութեան մը Եսին մէջ:

Լոյսին. որով աստուածները կերպարանեցան ժամանակներուն մէջ. որու աղօթեցին թերեւս «լաւագոյն» (Գօնտօռսէ) դարերն՝ իբր վիճակներու երկնահուսկ կատարելութեան. քաղդէական գիշերներու պերճ երկնակամարին որ Տիգրիսի խաղացքին մէջ կը հոսի, ու Միջագետքի անհուն անդրհայեցութիւնը կ’ըլլայ. խունկի բլուրներու այրմա՜ն հետ վերթեւող անդրհայեցութիւնը. լիբիական աւազներու Ա՛մմոնին՝ որ Նեղոսի ջուրերուն խաղաղաւէտ բարութեան մէջ կը ցոլայ, ու Հօռոսին՝ որ Բուրգե՜րն յղացող քաղաքակրթութեան մէջ կը ցայտէ. Զայէնտայի ծփանքներուն մէջ բեկբեկող ու Տէմավէնտի ձիւներուն մէջ պաղպաջուն որմզդական լոյս իմացականութեա՛ն որ իրանեան առաքինութիւններուն մէջ կը վերլուծուի. Տէվաներուն Ա՜դմային՝ որ Գանգէսի սրբութեան մէջ կը խորհրդափայլի ու Հիմալայաներուն ձիւնափառ գերաշխարհը կ’օծէ. Ապողոնին՝ որ Պինդոսի կատարէն իտէական ուղխը կը ճաճանչէ Ելլադան ու աշխարհը լուսաւորելու, թրթռացնելու. Սինայի ամպրոպներուն փայլակի՛ն՝ որ կը վերածուի կը հմայափոխուի Մովսէսի ճակտին միսդիք կարկառներուն զոյգ ճառագայթին. պայծառութեանը որ Հերմոնի վեհավայրներուն վրայ, Պաղեստինի խորհրդածուփ լճափներուն վրայ կը սաւառնի, Յորդանանի ջուրերուն օծութեան մէջ կ’երազէ, ու կը դիմակերպի, կը խորհրդանշանուի Աշխարհի Լոյսին մէջ, որ տեսիլի մը պէս կ’անցնի մարդկութենէն զոր կը լուսնոտէ, կ’ամբառնայ. եւ կը հոծուի, կ’էանայ Հոգւոյն մէջ որով կ’արբենան անոնք որոց անձնուիրութիւնն արժանի է անոր սրբութեան. Լոյսին, որ Արեւները կը ծնի, զոր, ա՜լ անմարդաձայն ամայութեանց մէջ, քաղաքակրթութիւններէն հեռու՝ Պաալպէքի, Ովնի, Թեբայիտի աւերակներուն մէջ՝ տաճարներու ու գաղափարներու փլատակներու մէջտեղ դեռ կանգուն մռայլ սիւներու յայտնատեսական կոթողումները կը սեւեռախոհեն: Եւ զո՜ր ներանձնական Եսս կը տենչայ էութեանս խորերէն, անդրեսական հանրէութեանս դարերէ՜ն ի վեր: Այն է սնունդը, գոյութիւնը, ոյժը: Ահա՜ ինչ որ է բանաստեղծին սնունդը. այսինքն սնունդը բոլոր կենսաւէտութեանց ու բոլոր կենսաբաղձութիւններուն, որոց ամփոփումն է Բանաստեղծը: Լոյսը շնչել, թափանցուիլ անով. եւ զայն ցոլալ, արտաշնչել. ասիկա մեծագոյն իրողութիւնն է. կենդանութիւնը: Զմայլիլն ու արտադրելը հզօրապէս թրթռալ է անով: Բոլոր զօրութիւնները միեւնոյն ոյժն են. համատարած, ամենաթափանց Եթերին թրթռումը: Ամեն ինչ կը վերածուի թրթռումին ու շարժման, այսինքն սա բառին. Ձգտում (tendance): Հանճարը, ելեկդրոսանքը, հաւատքը, կամքը, սէրը, ծանրութիւնը (gravitation), բարոյականը, աղօթքը, միեւնոյն ձգտումին առումները, պարագայացումներն են: Երանի՜ անոր որ սաստկապէս թրթռագին է, անդուլ թրթռուն է արփով. ահա անիկա է տեսանողը, հանճարը, դիւցազնը, սուրբը, մարտիրոսը: Մարմինները հիւլէկոյտեր են որք ուրիշ բան չեն այլ Եթերի հոծոյթներ, Եթերի եղափոխական, ձեւափոխական վիճակներ: Նիւթ ըսուածը խտացած, սահմանաւորուած Արփն է. Հոգին է. եւ հոգին՝ սահմանազերծ, անպարագիծ Նիւթը. Նիւթին նախնաձեւութիւնն ու վերջնաձեւութիւնն է: Այս երկու անհուն ձեւերն արարածներուն մէջ ժամանակակից են անհունազան չափերով. բոլոր էակներն այս երկու ձեւերը միանգամայն կը կրեն: Երանի՜ անոնց որ կարող են զեղման, անեսականութեան, եւ կրնան թոյլ տալ Արփին՝ յորդակոհակ թափանցելու զիրենք. որոց մէջ հիւլէկոյտերն անօսր են, որոց հիւլէդրութիւնները լայնածիր են եւ ամբողջին թրթռացումը մեծ է. վասնզի հիւլէներուն դարձդարձումը՝ թրթռացումն է մարմնոյ մը բովանդակին, ինչպէս լուսաւորներուն թաւալումը Տիեզերքին ամեհի թրթռացումն է: Հոգիացո՛ւմ, հոգիացո՛ւմ. վերադա՛րձ առաջին եւ վերջին ձեւին: Զոյգ անհուն ձեւերուն մէջտեղ մէկը կայ, անպատում էակ, որ փոխանցումն է Նիւթէն Հոգւոյն, Նիւթին տրտմութեամբը դեռ լի. Հոգւոյն երանութեամբն արդէն զեղուն. եւ յամրօրէն կը բարձրանայ, դէպի նիւթազերծումը, դէպի աստիճանական, դէպի արդէն իրագործուող հոգիացումը, դէպի հոգւոյն փառքը. հետզհետէ աւելի քաղցրութիւն կ’ըլլայ, հետզհետէ աւելի ներում, աւելի սէր կ’ըլլայ, կ’աննիւթանայ, կը վերանայ. Եօշուան է, Եօշուան է, Եօշուան է…: