Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[է]

 

Սակայն Եգիպտոսն էր հոն, գետաբերաններն ի վար յաւերժական Նեղոսին, որ Ափրիկէի կենսաւէտութեամբ բեռնաւոր՝ կուգայ զայն հեղուլ իր անյագ աւազափունքներուն., Բուրգերուն հեռաւոր անէապաշտութենէն կենսաւէտօրէն, երկրօրէն անտեղեակ՝ կենսհայեցական Արեւելք մը: Տաք, հովանեզուրկ երկրի բոլոր պայծառութիւնն էր, բոլոր եղկ ու մոյգ ուժը լուսեղէն երկինքին մէջ աճող կեանքին, որու սնուցիչ, կազդուրիչ երփներանգութենէն կը շնչէի, կը վերստանայի ինչ բերկրալի տարրեր որ գորշ քաղաքներուն սոսկումը խլեր էր ինձմէ., որու լոյսին պայծառութենէն ու ստուերներուն մանիշակ հեշտութենէն եկեր էի խնդրել զմայլած ապաքինում մը թշուառութենէն, պարուրուելով արեւելքի տեսիլներուն յատուկ այն անճիգ յորդութեամբ զոր տեսնելու վայելքը, զոր դիտելու կեանքն այնպէս տենչացեր էի ինչպէս գոյութեան իւրայատուկ ու կորսուած ձեւ մը., իբրեւ թէ՝ ինչպէս արեւելքի գաղափարին հետ վաղեմի ներդաշնակութիւնս կը թուի դեռ զիս համոզել՝ իբրեւ թէ երբեմն, անյիշատակ անցեալներու մէջ ես Արեւելքը բնակած ըլլայի, կապոյտ ու պայծառ Արեւելքը., վասնզի որքա՛ն ալ ծննդավայրս Ստամպոլն էր միայն՝ նոճիներու եւ մինարէներու վսեմ Քաղաքը չէր կրնար ընծայել ջերմ ու շողշողուն զգայութիւնն հարաւոտ Արեւելքին՝ ոչ ի՜սկ հեռուն իր շրջագիծերն ամպաւէտող գմբէթներուն ամբարձմամբ, իր արուարձանները խորհրդազգածող նոճեաց լաժուարդ խաւարով, եւ մանաւա՛նդ անոնց խոկուն մեծութեան համար: Քանզի հիւսիսի երանգ մը Ստամպոլին արեւելականութիւնը կը մշշասքօղէ, կը պղտորէ, թէեւ զայն անորակելի կերպով կ’առանձնացնէ աշխարհի մէջ, եւ Հարաւը պայմանն է Արեւելքին: Հո՛ն սակայն՝ երկինքը վճիտ էր, եւ երկնակամարին շքեղութենէն կեանքի հեշտութիւն մը կը հոսէր. հեշտութիւնը երկրային զուտ ու հարազատ, ինքնին երջանիկ՝ եւ մտատանջող աշխարհին անփոյթ կեանքի մը որ այն լոյսին մէջ կը յղացուէր ու կ’իրագործուէր, իբրեւ հանգիստ մը միայն, մտածութեամբ, զմայլմամբ, վայելքով լեցուն, այնպէ՛ս՝ ինչպէս լուսնկայ գիշերին մէջ, ծովուն վրայ, առաջին անգամ՝ դեռ անտեսանելի այն ցամաքէն դէպի նաւը թռչող, տաք երկրի, արաբ քաղաքներու ա՜յն եղկ շունչը՝ տարաշխարհային Արեւելքէն եկող անծանօթ ու հոգեւին ճանչցուող, կարծես վերստացուող հեշտանքովը լեցուն, կապոյտ, քնային, անրջային բաներով պսպղուն ու սարսռագին ա՛յն առաջին սիւքը կը պատմէր, կը հեւա՜ր, վերջապէս ցանկալի եզերքներուն մօտենալով խռոված ու գոհ, գոհ սրտին:

Չէ՞ մի որ եթէ տարաշխարհը կուսավայրի նորութեանց երազ մը, բիւրազգայութեան կիրք մը, զգայամոլութիւն մ’է, ընտանի իրերու հին տժգունութեան, հին ու տաղտկալի հետեւակութեան միջեւ ձանձրացող եւ իրապէս ոսնացող հոգիներու մէջ՝, Արեւելքը շրջագծում մը, ճշդում մ’է երազային տարաշխարհին՝, անկաշկանդ աճման մը, լայնազատ կենսականութեան մը ձեւուերանգներով, զոր զգայութեանց ծարաւի հոգիներն իբրեւ յորդ ու վերկենցաղեցնող սնունդ մը կը յղանան., զոր երեւութապէս գեղագիտաբար՝ բայց իրօք մարմնապէս կ’ըղձան անոնք որոց եւ արտաշխարհին միջեւ շռայլ փոխանակութիւն մը կը տիրէ., որոց միակ պէտքն են սաստիկ կրաւորականութենէ մը յետոյ համազօր արտադրողութիւն մը, բուռն իւրացումներէ ետքը կորովի իւրաստեղծումները, այսինքն կենսալի յարանորոգ գոյութիւն մը, կեա՛նքը՝ հաշիւներէ ու չափերէ անկաշկանդ: Պայծառ երկինքներու շնորհած հեշտակեցութիւնը չէ՞ որ կը նշանակէ Արեւելք մոգաբառը, անոնց համար որ արեւմուտքի երկչոտ ու կատաղի կեանքը կը քամահրեն, արեւմուտքի մեծ ու դառն քաղաքներու կեանքէն տառապած են իբրեւ անհասկնալի պղտորումէ մը, սահմանաւորումէ մը., կեանքը բռնազբօսող ու անիմաստող ճիգերու հարկէն ձանձրացած են ու հիւանդ., եւ որք՝ իրենց մէջ՝ ապրելու հին քաղցր աւիւնին, ապրելու իրապէս տարաշխարհիկ աւիւնին վերափթթումը կը զգան Արեւելքի լուսեղէն կլիմային մէջ, Արեւելքի տեսիլներուն յատուկ այն յորդութենէն թելադրուած՝ որ բնութենէն, բուսականութենէն մինչեւ արուեստներն ու տարազներն ու բարքերը՝ ատոնց երանաւէտ նկարագիրն ու շնորհն է, անոնց գոյութեան ձեւն իսկ է՝, քանի որ արդիւնքը, յայտակերպումն է ջերմութեան ու լոյսին յորդութեան, - ընդհանուր գաղափարի՛ն որու վերընծայուին արեւելեան տարաշխարհին բոլոր տարրերն՝ ինչպէս նաեւ արեւելասիրութեան գեղագիտութիւնն, Արեւելքի տարերկրապաշտութիւնը (exotisme) կեանքի թէ արուեստի մէջ, վասնզի բոլոր այդ հակումը կեանքին մշտնջենապէս արեւապաշտ իրաւունքն է միայն:

Այսպէս հոն, ամեն ինչ որ կը վերաբերէր երկրին՝ ուղղապէս ու լիովին հոգիին կ’երթար. եւ այսպէս խորին էր հաճոյքը որ կը թրթռացնէր, կ’ապրեցնէր զիս երբոր խառնածին ոստանին մէջ կը տեսնէի Արեւելքը, լուսապայծառ Ծովուն առջեւ կորացող հեռանուազող Քաղա՛քը, քանի մը արաբաձեւ, ծիթրաւարտ (terminռ en bulbe) մինարէներով գեղարդուած, որ իրիկունները, վերջալոյսին ոսկեդեղին յստակութեան վրայ կը պատնեշէր իր տանիքներուն զանգուածին հարթբեկագիծ շքանկարը, ծովը մթագնելով, եւ առաւօտեան ծովուն թափանցկութեան մէջ կը ցոլածփէր իր արեւակէզ քարակոյտին ծիրաներփնումն արեւածագէն., գաղջ ու լուսանշոյլ աւազափունքն, ուր խաժ ծփանքները կուգային փռուելու, եւ զոր, աւազափանց ազատութեան մէջ պղնձադէմ տղաքներու վազվռտուքը կը կոխկռտէր, կամ վարշամակաւոր աղջիկներու բոպիկ ու հեշտին երթեւեկն ու խաղե՛րն՝ արեւին մէջ պզտիկ խմբակով կոկոզիկ ըրած, կամ մեծ ընկողմանած նաւակի մը շուքին տակ լեցուած թուխ ու լուսածիծաղ աղջիկներուն., հեռաւոր փողոցներու տաք կեանքը, շողշողուն ցերեկին մէջ., ամբոխին աղմկալի, խայտաբղէտ յարածփումը, քրտնշուլող անցուդարձը կպրային, ոսկեմոյգ (mordorռ) կերպարաններու., պարեգօտներու, ամղաններու լուսածուփ յեղյեղումը., սեւ, յորդառատ վերարկուածքներու մեծվայելչութիւնն., ամբողջ մովր եզերտքի տարազներու բոլոր վեհագիծ փաղփումները, ճերմակ հագած ֆէլլահներու բոպիկ զուարթագին խառնաղանճովը շաղապատուած., սեւապարփակ կիներու թանձրոյքը, հոս հոն, ցուցառաջքներու դէմ յամող, շուկաներու կամարացուրտ ստուերին գաղտանշոյլ ընչաւէտութեանց մէջ սուզուող, յուլացող., շուկաբերաններէն դուրս՝ շլացուցիչ ուղփին մէջ յանկարծ երանաւէտ լուսաւորումը խայտակեդրոն փաթթոցներու, ուսերու, որոց վրայէն կամարին ստուերը կը սահէր կ’իջնար., ծաղարաններու ոսկեզօծ լորձունքը, վաճառքներու, արեւելեան իրերու գեղեցիկ երփնախառնուրդը, տարաշխարհի միրգերու, երեկորնական պտուղներու կոյտերը՝ ծածքերուն շուքէն դուրս յորդած, հրավառ., այնուհետեւ մութ, մաղձային արաբերէնին հեշտալուր աղաղակն անընդհատ, կորովի շուրթերէ, հագագներէ առոգանուած, թաւալուած, իր ձեւային իւրյատուկ մտածողութիւնը բարաւորներու մարմարներուն վրայ դրոշմած, կրպակներու ներսը՝ շրջանակներու մէջ իր անհուն խոյանքներով հառաչալիր վերտառուած., յետոյ, յանկարծ՝ լուրթ, անվրդով հանգիստը կողմնակի գռեհներու, լուռ տուներու ներքեւ կամարուած կարճ լուսայանգ անցքերու հովանին, փակ միականի փեղկերու, խաւարին դուռներու խաղաղութիւնն, ուր շաքարեղէգներու ոսկի՝ ծիրանի ցօղուններով բեռնաւոր կնոջ մ’արաբ վանկը կը հնչէր, մենաւոր., եւ նորէն, միշտ՝ փոշոտ, լուսողող զեռումը պողոտաներուն վրայ, եւ անոնցմէ վեր, երբեմն, ստուերալի փողոցի մը ծայրին դէմ՝ բազմանկիւն, դրուագեղ մինարէի մը մովրաձեւ աշտանակումը կապոյտին մէջ., ու տարօրինակ, տարօրինա՛կ դէպքը՝ յանկարծ շնչուող, հոտոտուող այն խնկաբուրման, արաբիական բալսամենւոյ մը խէժին այրման յուզիչ հոտը որ ժխորին մէջ կը ծաւալէր կը բարձրանար, չեմ գիտեր ինչու, փողո՛ցը խնկելու համար, ու յանկարծ փողոցին վաճառանոցի, շահաստանի գործունէութեան մէջ յարուցանելով մոռցուած անորակելի հեշտանքներու մորմոքում մը, սրտատրոփող, ճմլող զգայութի՛ւնն անրջային ներքերու մէջ նայերգաձայն թալացմա՛նց Արեւելքին., Քաղաքին տարաշխարհայնութիւնը չքնաղ յատկութեամբ մը դրախտաւէտելով., ա՛հ, բարի գո՛րծը հէք արաբ խնկածուին, որ ծխանոցին մութ գոգ սկաւառակը ձեռքէն շղթառկախ՝ այնքան հեռացած կ’ըլլար միշտ ամբոխին մէջ, այնքա՛ն չկար՝ որ ի զուր կ’ուզէի գտնել զինքը, իր երկնային խեղճութեան երախտագէտ ըլլաու., յետոյ, խայտաճամուկ ու ոգեւոր կեդրոններէն դուրս, փողոցներէն, թաղերէն դուրս, հեռուն, արեւոտ աւազուտ պարապութիւնները., տապագին ճամբաներու վրայ նոպալիներու յուղփ ու լերկ թաթուլներուն դիզանքն արտերու առջեւ, ուր ֆէլլահին կքուն երկրախառն կեանքը կ’այրէր արեւին մէջ., հեշտին սլափթթումը, գորշ, արծաթանշոյլ արմաւիներուն որ կը ցայտէին կը շատրուանային երկինքին մէջ, գաղջ տամալիներու քովն ի վեր., պանանիներուն լայնշիտերեւ սաւառնումը լուսաւոր բեհեզային թեւերով, որոց դրախտային կանաչութիւնն արմաւիներու բուներուն մոխրագոյն լրթաղօտութեան մէջ կը ժայթքէր., թաւահոծ ռոպենիներն ու կակիաները, եղկաթոյր մոշիները՝ գետափին վրայ բարձրացած., եւ ա՛հ, հոն, պարտէզներուն մէջ մթին սաղարթներէ վար ծանրառկախ կանթեղումներն եգիպտական տադուրաներուն, ալբաստրէ Datura arboreaներուն ծալանշոյլ, լայնավէժ շափրակները, որոց անճառ շունչը կը հոսէր, կը ծորէր իրենց սատափէ խոռոչներէն, հեշտազեղ հեւընծայումը մոլեգին թոյնին զոր հրաշագեղ մորմազգին կը պահէ, անծանօթ եդեմէ մը հեղուող քաղցրութիւն զոր կը ծծէր հոգին, տարօրէն առասպելային այն ծաղկանց շրթունքին անձնատուր, այն տեղերուն մեծ անդորրութեան մէջ, որ կը թուէր շքեղ պայմանն ըլլալ տադուրաներուն նուիրական ու անագորոյն բոյրին., վճիտ ու խոր անդորրութեան մէջ որ կարծես գոլորշացումը, ծաւալումն էր խաղաղիկ գետակին՝ մթին պարտէզներու առաջքէն, որոկներու առջեւէն, ծառուտ ափնուղիներու, բերձերու (berge) հին պատերուն տակէն մեղմ ոլորներով երկարաձգուած գետակին., մեծ մոլաթզիներու հովանիով տոգորուն, անծուփ, անշշուկ., հեռաւոր մօրուին՝ Նեղոսի մեծ լռութեամբը լի, աներեւոյթ աւազադաշտերուն պակուցմամբը, անապատի մէջ մենաւոր ջուրի սրբութեամբը խորին., փոփոխակի երկնաւէտ՝ ու խաժաստուեր, լոյստուերոտ, սքօղուարձակ պտոյտի մը յամր երփնայեղմամբ հեռասուզուած., հոս հոն, ջրամոլիկ շամբերու վարսաւոր, ստեղնուրբ հոյլերով բնակուած, որոց մօտիկ երբեմն կը տեսնուէր յածիլը, կենալը եգիպտացի ծերուկի մը կուրին., եւ որք բերձերուն ցած, խառատ որմերուն երկայնքը կը հոծուէին դէպի հեռաւոր հովանիները, արմաւենիներով գարգմանակուած քառակուսի տուներու, թաւուտ ու ցանցառ հիւղերու խորանկար մը, իրերով ու կանաչութիւններով շփոթ ու քաղցր հեռուները գետին., ջաղխը, մեղմ, նորէն, լռութեան մէջ, վարմին ընկէցքին՝ կուրէն դուրս, ձրձուող զարհուրող ջուրին բոլորշի նշուլումներուն մէջ սուզած վաղնջական վարմին, որու ծայրէն բռնած՝ անխռով ծերուկը ջուրին կը նայէր., հեզիկ վա՛յրը, բարեբաստիկ լքման մը մէջ ընկղմած, կեանքի հնէական ու զմայլած գոհունակութեամբ մը եղկօրէն ու կատարելապէս կենսալի., ուր իրողութիւնները՝ խաղաղ, հինօրեայ՝ աղմուկ չունէին, այլ անզգալի, սահուն, յամր եղում մը., ուր կեանքն՝ ապրող ու շարժուն հայեցողութիւն մ’էր, ա՛յնքան տիեզերական՝ որ անշշուկ, ու երանաւէտ., եւ, ահա ծեր ածորդին (passeur) թանձր մակոյկը, որ կը մօտենար վերստին, մարդեր, կիներ բերելով դիմացի եզրէն, դաշտի ֆէլլահներ, ով գիտէ ի՛նչպէս, ո՛ւրկէ ժողվուած կանխաւ հոն, դիմացի եզրին վրայ, ա՛յնքան բոպիկ եւ հողագոյն էին անոնք, եւ այնքան ցանցառ, հիմա անօսր խմբակով կանգնած՝ մեծղի տափանաւուն վրայ որ յուլօրէն կը սահէր, նաւավարին փայտէ ձողին յաջորդական մխրճումներովը գետին սիկին մէջ, միակերպ, յաւիտենապէս նոյնաչափ յամրութեամբ որ անայլակարօտ վայելք մ’էր ժամանակին, գոյութեան, առ Աստուած մտածման մը ծանրութեամբը, խաղաղութեամբը հանգստաւէտ, եւ կը հասնէր, կը հպէր եզերքին, ու մարդիկն ու կիները կ’իջնէին մակոյկէն, ցրուելու, իրենց անաղմուկ բոկութեամբ այն տեղուանքը անհետանալու., մինչ տափանաւուն թափուր լանջը կրկին լեցուած կ’ըլլար տամուկ հպետղին վրայ սպասած նմանօրինակ մարդերով, եւ անզգալաբար իր սահքը վերսկսած, արեւակէզ ծերունւոյն կակուղ, անշտապ ձողարկներովը մղուած ծանր երթն իր ձիւթուած յղփոյքին., իր ուղեւորներուն գեղջուկ հնոտի գոյներով, անոնց արեւոտ խաղաղաւէտ նպատակով բեռնաւոր., արեգակին տակ, ջուրին բիլ պսպղումին վրայ, դէպի անձայն ստուերը դիմացի որոկին., պահէ մը դարձեալ տեսնուելու համար՝ նորէն ասդին ուղղուած, կարծես նոյն անցորդներով, թերեւս այս անգամ գորշ իշուկով մ’ալ, իր նաւամուտքին խոտորնակութեան մէջ բեւեռուած տարուող., եւ այսպէս միշտ, անընդհատ, անայլայլ նոյնութեամբն իր երթերուն կամ դարձերուն ծանրադանդաղ վայրկենին, մինչեւ իրիկուն., մինչեւ իրիկո՜ւնը որ հեռասոյզ գետակին խորքերուն մէջ կը վառէր, մինչդեռ զով հուրեր ծառերու խուրձերն, արմաւիները, հեռուի ճերմակ արեգնակները կը բորբէին, ու ջուրին միապաղաղ սփիւռներէն ոսկի շունչ մը կ’անցնէր., մինչդեռ հունին հեռուներէն շեղաբերձ առագաստի մը թեւը կ’երեւար, բոցավառ հորիզոնին իրերուն աղու խառնաղանճին վրայ ցայտած, ու վերջալոյսէն թափանշոյլ., որ անզգալապէս կուգար դիմացի ափունքն ի վեր, դէպ ի ուր նաւառաջքէն ձգուող լուսաւոր պարաններ ստուերոտ որոկին վրայ երեւան կը հանէին քուրջոտ կքուն խառնուրդը լարորդներուն որոց թուխ սրունքները կշռակի կուգային, քաշելով մթին նաւը հանդարտ ջուրին վրայ ուր կը ցոլանար, իրիկունին խաժ ու մեղոյշ թափանցկութեան մէջ սահուն, անծուփ հիացական թռչանին սեւեռմամբը վճիտ օդին մէջ, իր սաւառնաթեւ յամրութեամբ, թեւաւոր անձայնութեամբ մը մտախոհ, ուրուաբերձ, կարծես երեկոյեան ու անապատական հայեցողութեամբ մը լեցուն, ու խաղաղասահ., անցնելով, դեռ անցնելով անվերջօրէն, կարծես անշարժ, ու սուզուելով շողուն հեշտոլոր կորանքներուն մէջ ստուերամած գետակին, լռիկ լրթափանցիկ վայրերուն մէջ երանութեամբ հեռանալով., կարծես մուէզզինի մը վերջալուսափառ աղօթքն ըլլար մթնշաղ լուսաշաւիղի մը մէջ ի լիւղ., անուրջի ա՜յն ժամը, միւսլիման սրբութեամբ կարծես օծուն, դրախտայնութենէ նուաղուն այն ժամն, ուր ֆէլլահ աղջիկներ սափորներով գետեզերքը կուգային ջուր առնելու., ա՛հ, թուխ, իրիկնաթեւ նելանոյշները., կուգային անոնք, գետեզրին վրայ կ’երեւային, գագաթնուն վրայ թակոյկներ, մոյգ, մութ վարշամակներով՝ իրենց գլուխէն թիկունքն ի վար ծածանող, մինչեւ գուճերն (jarret) ու սրունքները իջած ծփուն ծայրերով, լայն սփիւռով մը վայրարձակ, իրենց աղուոր հասակն սքօղելով խաւարին շնորհի մը վէժքով որ կը թողուր ցայտել իրենց դէմքին՝ սիկէ, ակնմոմէ (propolis) դէմքերնուն մեղրանուշութեան, ու անոնց բոլոր ծփոտ առաջքին՝ կակուղ պարեգօտին մէջ, բալ, ծիրանի, կապոյտ ու միշտ մղտագոյն պարեգօտին՝ կուրծքերնուն կուռ ու ժուայթուն դոնդողէն սարսռող, առոյգ ազդրերնուն քայլէն դողդոջուն ու հեւքոտ ծալքերով, զոր թուխ ու թոյլ ձեռքով մը ցայլքերնուն վրայ կը ժողվէին կողմնակի, մինչդեռ քղանցքները կը ծփծփային անոնց փոշոտ ու տարտամ բոկութիւնը փայփայելով, եւ անուրներու ա՜յն արծաթ շողիւնը՝ կոյսերուն պճեղները բոլորած՝ զմայլած ու լքուն ոլորքով անոնց ուլնին վրայ կ’իյնար, ու փոշիին մէջ շոյտ ու անձայն քայլափոխնին կը նշուլոտէր., իբրեւ թէ արծաթափայլ ապարանջանն անոնց ոտքին շուրջ յիշացած մէկ օղակումն ըլլար ջուրին ուր անոնց սրունքներն այնքան իջեր ու յամեր էին., դէպի ուր ահա կ’երթային նորէն, առանց հապճեպի, բայց թեթեւաթռիչ, ու ճռուողելով, թաւշային ու խորունկ վուվիւններով (roucoulement)՝ որոկի մը առջեւ, կամ բերձի մը քանի մը նեղ աստիճաններէն վար՝ ջուրին վճիտ աւազանին եզրը իջնելու, մզկիթի աղաւնիներու գորշ հոյլի մը պէս որ գաւիթին սրբութիւնը թրթռագին հրճիւով մը կ’ողողէ, թառելու գետակին առջեւ, ջուրին մէջ, հիմա հանգրիճուած, վարշամակին վտաւատներուն մէջ պարուրուած, տարփալի ծալքերու մէջ սփածուելով., ու թակոյկները մի առ մի կը մխրճէին հոսանքին մէջ, ու ճղուփներով, հեշտալի խոխոջներով խռոված ջուրն անոնց ողորկ բումբերը կը պագնէր, լուսանշոյլ համբոյրներ կ’օղակէր, կը մեհեւանդէր անոնց, վանակնէ դողդոջուն լուսապսակներով կը շրջապատէր զանոնք, անոնց պատկերը կ’ողջագուրէր արբշիռ վայրենութիւններով., կարծես ջուրին հոգին զանոնք իւրախառնել երազէր, մութ աղջիկները., անոնց ստուերի անբծութենէն անդորրութեան պսպղումներ, պայծառ խաւարներ յօրինել ուզէր., զաղփաղփումներ, փուղձ հեւքեր, հոսանուտութիւններ՝ անոնց ծփալի շնորհէն., անոնց հեշտալի աղջիկնութենէն իր բերիւղները (bռryl), զմրուխտները շինել, իր թափանցկութիւնն անոնց կուսութեամբ խորհրդազգածել տենչար., մինչդեռ անոնք հետզհետէ կը կանգնէին, թակոյկները լեցուցած, ու կ’ելլէին գետեզրը, աստիճաններուն վրայ, թաց ու փայլուն սրունքներով զոր անուրը կը մահեկէր, կարծես ջուրին տարփանքը՝ լոյսէ համբոյրով մը փարած ու սառչած՝ կոյսերուն ոտքին, եւ բերձին վրայ կ’ելլէին դեռ յուլօրէն կախելով զեղուն, շողուն թակոյկը զուգապիրկ բազուկներով, ոմանք սափորը գլուխնուն վրայ կրելով արդէն, ուղղաբերձ, պղինձ արձանոյշներու պէս, ու հինաւուրց, յաւերժական դասականութեամբ իրենց նաժշտային քաղցրութեան սեմական, աստուածաշնչական սիլուէդին՝ գետեզերքին իրիկունին մէջ., եւ ահա, մեղմաքայլ, հետզհետէ ճամբայ կ’ելլէին, գետակէն հեռանալով փոշոտ ճանապարհին վրայ, ջուրը հեռաւոր տնակնին տանելու, Քաղաքը., եւ շուտով անոնց հեռացող ստուերներուն անոտնաձայն հոյլը կը սրբուէր, կ’անհետանար՝ թողլով մենասէր, եւ անդրհայեաց խաղաղութեան՝ թախծագին ամայացած գետեզերքն ստուերարկել, յամրօրէն…:

Իսկ Քաղքին մէջ լոյսերը կը վառուէին: Անամպ ազատ գիշերին մէջ ներքին փողոցներուն շուայտ խժլտուքը կ’արծարծէր. Քաղաքին սիրտը արբեցուցիչ հաճոյքներուն մէջ կը խաղար, կը պարէր իր գիշերային ազատութիւնը: Կինանան՝ լուսավառութեանց ու նուագներու մէջ դողդոջուն՝ իր մշտնջենաւոր հարսնիքը կը տօնէր: Սակայն, լուսաւոր դուռներու մէջ երգող ու ծափող պճնալից կնիկներու սեւ ու գարշհեշտալի ծոցը չէր երբեք որ կը խռովէր զիս, ոչ ալ գահվէներու նուագածութեանց մէջ պարերգուհիներու լուսհանդերձ ու փաղփուն պորտխաղը., ոչ արաբ երաժշտութեան ցաւագին նուաղումները, հատկլեալ հեծեծմունքով., սիրերգու սազերուն արտասուաժպիտ ցնծկոծումներն որք մերթ երեւան կ’ելլէին, կը ցայտէին, խորունկէն, Կինանային աղմկալի բաւիղին մէջ յածողին ականջին՝ լուսազարդ գռեհներուն անճոռնի ժխորը քաղցրախառնելով լեղորակ աւաչներով. հապա մանաւանդ այն հազուագիւտ ապակեդուռը, գոյնզգոյն ապակիներով վառ, զոր բանալ համարձակողը կը հանդիպէր երկրորդ դրան մը, վանդակերպ յօշատուած, կարծես բանուած, ու երփներանգ ապակիներով խայտաբղէտ՝ մինչդեռ անսովոր ու ծանր հոտ մը կ’ելլէր, տարտամօրէն նողկային՝ ծխամած ու լուսածուփ ներքի մը խորհուրդէն: Հաշիշն էր: Ի՛նչ փոյթ թէ դուռներուն այդ զարդարանքն ու պճինքը միամիտ մեծարանք մ’էին առ անբաղդատելի նիւթը., միամի՜տ, տղայական, բաղդատմամբ երկրպագելի Հնդկանեփին հոյզին անծանօթ մեծութեան: Ի՛նչ փոյթ. եթէ այն դուռը գոթական եկեղեցւոյ մը դրան, արեւելեան աղօթատեղւոյ մը մուտքին հոյութիւնը չունէր, եւ անտարբերին համար հեշտալի, վտանգաւոր, ու տարօրինակ գահվէի մը զուարճալի դուռն էր միայն՝ ներսը ծաւալած ծուխին գիտակներուն (adepte) համար նշանակութիւն չունէր այդ աղքատութիւնը. միթէ աղօթատեղւոյն բարաւորն էական արժէք մ’ունի՛ հաւատացեալին համար: Հաշիշի սրճարանին դուռը կրնար շատ աւելի անշուք ըլլալ, ինչպէս Սէզամ մը: Կը բաւէ՛ր որ հոն աշխարհը կը դադրէր., աշխարհի բոլոր խեղճութիւնները, տառապողութեան բոլոր յիմարութիւնը հոն կը դադրէին. բոլոր սահմանները կ’ոչնչանային հոն. աշխարհի բոլոր նիւթը հոն կը սահմանագծուէր, հրաշալի գոյացութեան առջեւ որ ներսը կը ծխր: Կը բաւէր որ զուարճալի, հտպիտ դռնակը մարմնօրէն կաշկանդուած ու տխրալի կեանքէն՝ լուսաւոր, համաստղալի աննիւթականութեան մը ներաշխարհային տիեզերքին վրայ կը բացուէր., թէեւ գահվէն ուր այդ դուռնէն կը մտնէիր՝ ոչինչ պարունակէր նորանշան, կախարդական, հիասոսկալի ոչինչ՝ եւ ընդհակառակն ըլլար ամենէն համեստ, խեղճուկ սրճարաններէն մին որ կարելի ըլլար երբեք, առա՛նց յաճախորդին պարզ հանգիստ մ’ընծայելու իսկ յաւակնութեան: Ձեղունէն առկախ լամբարի մը լոյսով, որ միակ տեսանելի պերճութիւնն էր հողյատակ սրճարանին, եւ որ արդէն ցերեկը մարած պիտի ըլլար, շուրջանակի բադրոններու վրայ քանի մը արաբներ կը տեսնէիր, լայնազգեստ, իրենց սովորական տարազով որ հանգիստ ու վայելք կը ծփայ, արաբներ, նստած, պատին կռթնած, խաղաղաւէտ դիրքերով, եւ ֆէլլահ մը, գահվէին ծառան: Ծուխ մը, թեթեւ, կը լեցնէր անջրպետը. ու մարդերուն լքանդորր անշարժութիւնը մշշօրէն կը լուսասքօղէր:   ռովիչ ու խորհրդաւոր ոչինչ կար, բայց եթէ հաշիշին զգլխիչ հոտը:

Այն ատեն կը տեսնէիր որ ֆէլլահը, կապոյտ պարեգօտով, բոպիկ, ու ժպտուն, հնդկընկոյզէ զաւեշտային նարկիլէ մը կը պտտցնէր, անոր երկայն ուղիղ փողը կարկառելու նստողներուն, որոց իւրաքանչիւրը, կարգաւ, կը քաշէր դիւթական ծուխը, կիսանուաղ աչքով, ու քանի մը հեղ. լիաթոք. հեշտագին. եւ վերստին կը սուզուէր իր անորոշապէս հիացիկ անդորրին մէջ., ըստ երեւոյթին մեղմ մրափի մը, թմբիրի մը, բնափիոնային հեշտազգայութեան մը մէջ, բայց իրօք անպատում անդրհայեցութեան մը արթնութեան՝, անօրինակ զգայութեանց յորձանքներ ապրելու համար., մինչեւ որ վհուկ ֆէլլահը, պզտիկ գահվէին բադրոններու շրջանն աւարտելէ, ու քանի մը վայրկենի սպասումէ ետքը նորոգելով նարկիլէին կրակն ու հաշիշի կտորը որ կը մխար հոն՝ վերսկսէր իր շրջանն, իր տարօրէն, գերմարդկային գործը., ներաշխարհային հիերեւոյթներ ներկայացնողի, ներաստեղծ անլուր համատեսիլներու ցուցիչի պաշտօնը., թէեւ ինքը, ժպտուն, անտեղեա՜կ ըլլար անոնցմէ., եւ նարկիլէին խողովակը երկարէր երազողներուն, որպէսզի իւրաքանչիւրը հաշիշի ծուխի նոր շունչով մը, ներշնչման նոր լուսազգածմամբ մը դեռ վառ պահէր երփներփն հեւիհեւ հուրն իր արբշռութեան., արծարծէր գորովագին, խանդագին զայրագրգռէր զայն, մտապատկերներու բիւրազան, տիեզերային աստղացնցղումներ, տեսիլներու երփնահրաշ ծագումներ զգար՝ լուսավառուած ու պտուտքող երկնաթաւալող ներաշխարհին արփին մէջ., ու հոգւոյն երանազեղումը դեռ եւս երկարաձգէր, հոգւոյն ներքնակի՜ց երանականութեան ահագին գիտակցութիւնը վայելէր տակաւին: Եւ սակայն, թերեւս, նո՛յն իսկ հաշշարբուներուն ոչ մին գիտէր թէ հաշիշը հեշտալի ցնորքներ ծնող գոյացութիւն մ’ըլլալէ դեռ անհամեմատ աւելի խորին բան մ’է, զոր Մարդը՝ զոր ոսկեհանք, զոր գոհարաքարեր փնտռող, զոր երկայնակեցութեան օշարակներ փնտռող Մարդը Բնութեան մէջ գտած ըլլայ երբեք., թերեւս ոչ մին անոնցմէ ինծի՜ պէս գիտէր թէ ինչ է անիկա…:

Ափսո՛ս. մարդ երկար ատեն չի կրնար սիրել զայն, թէեւ անոր արբեցութեան մէջ նոյն իսկ ուխտէ՛ անկէ չուծանալ., խոստովանի՜ թէ Անհունին ճշմարիտ ու անճառ զգայութիւններով զոր կուտայ մարդուն՝ ալքիմիագէտին ցնորական ելիքսիրէն վեր է անոր իրականութիւնը: Ցորչափ երկրային պայմաններու ստրուկ է մարդ յաւէտ՝ հաշիշն անհունօրէն անպատշաճ է ողորմելի կեանքին: Եւ յետոյ գուցէ պատկերներու ներքին իրականութիւնը՝ որքա՛ն ալ արտաքին իրականութեանց սաստկութեան հասնի, չի բաւեր մարդուն որ կը մերժէ զգայութիւններու ամեն եղանակ որ իր աշխարհային զգայութեանց կերպերէն դուրս է: Ապա թէ ոչ՝ ով որ գիտէ թէ ինչ է հաշիշը, գիտէ թէ ի՛նչ յայտնութիւն է անիկա եւ կ’ուզէ անձնատուր ըլլալ անոր այնպէս ինչպէս արժանի է իբր գերազանց գոյացութիւն՝, պէտք է անոր էութեան, եւ զայն հեշտասիրելու անզգայարանական պայմանին զոհէ ամեն աշխարհային իրեր եւ աշխարհին դեռ կապուի այնքան միայն որքան պէտք է կարենալու համար երթալ հաշիշ գտնել այն խորին, այն դիւցազնային արաբներուն պէս, որոց հանդիպած եմ, մթնշաղին, քաղքին խորերը կորսուած եւ ըստ երեւոյթին շաքարածախի, մանրավաճառի, փերեզակի այն խանութներուն մէկուն մէջ ուր հմայական խիւսը կը ծախեն., եւ որոց տմոյն ու խոնջ կերպարանին միսդիք հալքը կը հեռազգացնէր գերմարդկային ոլորտներն ուր պիտի երթային ընկլուզուիլ: Անոր հպատակելու համար պէտք է մոռնալ ամեն բան. ինչպէս ճշմարտապէս հետեւելու համար Պուտտային, ինչպէս ստուգիւ Յիսուսին հետեւելու համար պէտք է ամեն ինչ թողուլ: Անո՛ր համար որ աշխարհը լքելու չափ անմիտ, կամ իմաստուն չէ՝ աւա՛ղ, հաճո՛յք մ’է, հանգիստ շո՛ւնչ մ’առնել է հաշիշէն սթափիլը., անոր արբեցութենէն յետոյ բնօրէն ռամկութիւնն ապրիլը., անոր անճառելի տիեզերքին էջքը՝ հասարակ կենցաղին վերածնելու., վտիտ, անգոյն, բայց այնքան հանդուրժելի ու գործարանաւորութեանդ յատուկ կեանքին:   որունկ քունէն յետոյ որ կը յաջորդէ այն արբեցութեան, իբր իր հայրենիքը վերադարձով մը կը մտնէ մարդ իրականութեան մէջ. խեղճուկ նախկին հանգիստն է ան: Եւ հաշիշի ողորմելի սրճարանին խեղկատակ դուռն իրօք կ’արգահատի, կը հեգնէ, քան կը հրաւիրէ: Վասնզի ամեն մարդ արժանի չէ անոր, անոր ֆիզիքապէս եւ իմացապէս տոկալու չափ հզօր եւ արի չըլլալով: Եւ հաշշային Պին Սապպահի մը մոլեգին աղանդը զոր հաշիշը քաջալերեց կամ ծնաւ երբեմն՝ ամեն վեհ կրօնի շուրջ մոլաբուսնող մոլեռանդութեանց միայն համարժէք է: Ազնուական հոգիներուն, ընտրեալներուն մէջ անիկա նուիրական կրակ մըն է. համակրօնային, տիեզերական յափշտակութիւն մ’է գռեհիկ մարմնաւորութիւններէ անաղարտ, անապակա՛ն, մինչդեռ այնքա՛ն սահմանափակ, այնքա՛ն ժողովրդային, մսեղէն ըմբռնումով մը՝ Հաշիշի Գահվէն՝ ելեւսեան, եգիպտական խորհրդագիտարա՛ն՝, բոզանոցներու ու երգեցիկ սրճարաններու կը համասեռուէր՝ Կինանային լկտի գռեհներուն մէջ կորսուած: Այնքա՛ն պիտի վայլէր որ այն շրջավայրէն դուրս՝, Քաղքին անդիի ծայրը, ծովափին վրայ տեղ մը ըլլար ան. վասնզի այն միջոցին որ կենսալի խուժանը լապտերազարդ փողոցներուն մէջ կ’երգէր, կը գինովնար, կը զուարճանար, ու կ’անասնանար՝ շողշողուն պարերգուհւոյն պորտին ու ստինքներուն դէմ կը խայտար ծնծղացող դափերուն հետ, ու կիսալոյս ներքերու խորը մութ կիներուն հեշտանքին մէջ կը շաղղամոլէր՝, անդին, Քաղքին եզրը, մենաւոր աւազափունքին վրայ կուգար իյնալու մեծ Ծովը, ծանր ու մեծվայելուչ շկահիւնով որ աստղալի անջրպետին անբաւ լաժուարդ աղջին մէջ կը բարձրանար:

Առաջին լուսնագիշե՛րը., երբոր մեծ նաւը կը հասնէր, կը մօտենար դեռ աներեւոյթ երկրին., դէպի եղկ ու խռովիչ շունչը որ ըղձացեալ ցամաքէն կը թռչէր գիշերին մէջ: Բոլոր վիշտերը անէացած, չքացած…: Միթէ այն ժամը, ա՛յն կապուտակ անջրպետը երկրագունդի՛ն կը վերաբերէր: Միթէ երկրագունդին վրա՛յ էր անծանօթ տարաշխարհը, որու նախագիտուած, հեռազգացուած հմայքին կը մերձենայի, իբրեւ հէքեաթի կեանքի մը ցանկալի անկարելութեամբ: Ո՜ւրկէ էր այն այերային անուշահոտութիւնը. մեծանուն երկրին աստուածարեալ, խնկաբոյր անցեալին յաւերժութենէ՛ն, թէ անոր մշտագարուն, յաւերժագեղ կենսաւէտութենէն կուգար ան. մի՛թէ մանաւանդ իրագործուող տենչերուն անպատում հիացումը չէ՛ր անիկա, ներդաշնակուած էութեան երանութի՜ւնը որ ինձմէ կը ծաւալէր:

Ա՛հ. երթա՛լ, երթա՛լ, թափառական: Այս խուցը զիս կը ճնշէ. եւ չի կրնար պարունակել զիս: Թափառի՛լ եւ երազել. եւ հիացում խորհիլ, հիացո՛ւմ բարձրախոհել. ամպի մը պէս անցնիլ տարածութիւններէն, հետզհետէ երկնախառնուող յուշերու մելանուշութեամբը լեցուն, որք երազներու կը փոխուին, հիր երազներու, ինչպէս իրականացող երազները կը հմայափոխուին կապոյտ յուշերու: Վայելե՛լ երեւումներն եւ անհետացումները: Հրաժեշտներն ու ժամանումները սրտատրոփել., թափառական անցնի՛լ լեռներէն, ծովերէն., մեծ նաւուն թնդացող տրոփիւնին վրայ տարուի՛լ, գիշերներուն մէջէն, տուընջեան մէջէն եւ լեղակ ափունքները հեռուն լեռնացած՝ իրենց յաւիտենական ակճիռն ամպանալով անցնին: Մեծ տարագնաց նաւուն աղաղակին պէս յուզուիլ., ներքնապէս այն աղաղակը երգել: Օ՜հ, որքա՛ն չնչին, ինքնին որքա՛ն հասարակ բան մ’է բոլոր այն անաշխարհային երազը որ մտքիս մէջ կը հեռարձակի. եւ որքա՛ն սակայն անկարելի է, որքա՛ն զլացուած, իբրեւ թէ ազնուացումն ըլլար. բաբէ, ի՞նչ է հապա: Կա՞յ արդեօք կեանքի տիեզերապէս մարդկային, բնամարդկային ձեւ մ’այնքան կատարեալ՝ որքան թափառական երթալը հորիզոնէ հորիզոն, տեսիլէ տեսիլ. գոնէ՛ բանաստեղծին թռչուն հոգւոյն համար միթէ աւելի կատարեալ եղանակ մը կա՛յ ապրելու:

Հանճարի անընկերական ներշնչում մ’ունենալո՛ւ պէս հայրենիքէն դուրս ելլել. իբրեւ տիեզերականութեան աճմամբ մը՝ հանրէական հայրենիքը, Երկիրը վայելել. տիեզերքը տեսնել ամեն լայնութիւններէն, ամեն տեսավայրերէն. եւ ինչպէս մարդ հանճարեղ արբշռութենէն յոգնած կը դառնայ կ’իյնայ հասարակ իմացականութեան հանգիստին մէջ՝ այնպէ՛ս վերադառնալ ծննդավայրին ընտանութեան: Ի՛նչ ընդարձա՜կ մենութիւն քան թափառումը: Հոգւոյն մեծ ծաւալմանց ու մեծ ամփոփումներուն անսա՛լ., ազատօրէն ներկայացնել կեանքին մէջ՝ ինչ որ հոգին մարմնոյն անօթներուն մէջ կ’ընէ. ծաւալիլ ու ամփոփուիլ., եւ այս խորին խաղացքին մէջ չկաշկանդուիլ ո եւ է ընկերային պայմանէ: Զգայութիւնք անհրաժեշտ են բանաստեղծին կեանքին, իբրեւ սնունդ անոր իսկութեան. անոնց տիրացման համար ընել ինչ որ ամեն ոք կ’ընէ սնունդին համար. դուրս ելլել բնակարանէն, եւ քաջութեան, անյագութեան համեմատ, տարողութեան եւ մանաւանդ պէտքին համեմատ հեռուն երթալ., ու վերադառնալ բոյնը՝ աւարն իւրացնելու, ներպատրաստելու (ռlaborer): Եւ ստեղծագործութիւնը որքան տիեզերական ուզէ ըլլալ՝ կեանքը պէտք է այնքան ընդարձակ ըլլայ: Եւ ոչ ոք կը տառապի կեանքին համար այնչափ որքան բանաստեղծն ու ոչ ոք երջանիկ է աւելի երբ կ’ապրի, մեծ կենսամոլէ՜ն աւելի. վասնզի ոչ ոք կը սիրէ ապրիլ՝ այնպէս ինչպէս ինքը. պէտք է որ ապրի ստեղծողը: Գիտեմ որ Անհունին մէջ թեւածել թոյլատրող լուսամուտ մը կայ ամենուրեք, եւ միտքն է, խիղճն է այն. նոյն իսկ երբ վանդակի, գառագեղի մէջ զգայ մարդ ինքզինքը. ասիկա չի բաւեր անոր որ կ’ուզէ գործացնել, ապրիլ իր ներաշխարհը., իր երազներն, իր բոլոր վերացականութիւնն զգայարանել, թանձրացնել, հեշտասիրել կ’ուզէ., անոր որ իրերուն ընդհանուր օրէնքին ձգտելու չափ իրերուն պարագայական խորհուրդին կը միտի. կամ մանաւանդ Օրէնքը կը տեսնէ խորհուրդին քօղերուն ընդմէջէն., որ Ճշմարիտը կը սիրէ Գեղեցկին մէջէն, եւ թերեւս Գեղեցկին պայմանաւ: Երեւակայութիւնը պէտք է յանգի թափառականութեան: Որքա՛ն բնական է որ բանաստեղծին դասականացած տիպարը տրտմագին ըլլայ յաւէտ, ինչպէս է կարծես սովորութեամբ. իր մտապատկերներուն բիւրութիւնն ու ընդարձակութիւնը կը պահանջեն որ ազատ ըլլայ ան շատերէ աւելի. եւ ահա՝ ստէպ, կենսապայքարէն վեր՝ կեանքին մեծ զրկեալը կը մնայ: Վայրապար չէ՞ որ կ’երազեմ թափառիկ կեանքն, ու մախաղիս հոտը կը զգամ., վայրապար չէ՞ որ կը տենչամ անոր վայրի բոյրին մէջ՝ տարագնացութեան գաղափարին մէջ՝ հաշտութի՛ւնը բնութեան սիրոյն ու քաղաքակրթութեան պէտքին, յոյզերու եւ անդորրութեան իղձերուն, քաղաքակեցութեան ու միանձնացման, զգայասիրելու եւ խորհրդասիրելու կիրքերուն: Եւ սակայն չեմ դադրիր մտմտալէ երբ առաւօտները գոլանշոյլ ու մարգարտափայլ ծագին լեռներուն ետեւէն՝ եւ վերջալոյսները ծիրանեփայլին նոճիներուն, հեռացայտ մինարէներուն ետեւէն, եւ համաստղալի երկնակամարը շողշողայ գիշերին լռութեան մէջ, բոլոր այն ժամերուն որ Անեզրութիւնը կը յիշեցնեն՝, մտմտալէ չեմ դադրիր հեռանհետ տարագնացութիւններն, օրերով., ցանցառապէս ընդհատուած՝ գորովագին ու կարճատեւ կայքերով՝ անծանօթ, խռովիչ ափունքներու վրայ կամ սիրուած, ապրուած ափունքներու., երբեմնի սիրելի մը փնտռելու., օդին մէջ հոտոտելո՜ւ՝ վերստին երազացած տարփանքի մը ժամանակները… Ելե՛քդրա.., Ատելի՛նա, Վա՛սֆա..:

Իռենա…: Ա՜հ, սակայն. անո՜ր գոյութեան համար զգացած սարսուռիս մէջ բոլոր լեղակ հեռատենչութիւնները կը ցնդին… ո՜վ իմ միակ միսդիքականութիւնս: