[դ]
Ամեն
բան
լոյս
պատկեր
մ’է,
եւ
պատկերներու
այլազանութենէն,
թիւէն,
ուստի
մասնաւորութենէն
կը
տառապի
հոգին
որ
բնականօրէն
կը
ձգտի
լուսանիւթ
երանական
համադրոյթի
մը,
ուրկէ
անոնք
կը
բղխին
կը
պիտակածնին,
եւ
որու
անխառն
միութեան
մէջ
հոգին
զանոնք
ձուլել
կը
տենչայ:
Պատկերները,
այլազան
ու
անթիւ՝,
ցաւեր
են
հոգւոյն
մէջ
որովհետեւ
իրենց
մասնաւորութեամբը
թերի
են,
ու
կը
դիմադրեն
հոգիին
որ
ընդհանուր
է
իսկապէս,
ու
իւրացնել,
համայնիլ
կը
տենչայ:
աբէական
բաղձանքներ
են
անոնք,
եւ
պուտտայական
հրաժարումը
բաղձանքներէն՝
խոյս
մ’է
պատկերներէն՝–
արտաշխարհէն
–
ու
երկրաժեշտ
մը՝
մենաւոր
հայեցողութեամբ
դէպ
ի
Նիրվա՛նան,
կամ
Պո՛տհին
–
մե՜ծ
յղացումն
ընդհանուր
հոգւոյն,
որ
պատկերներուն՝
անոնց
հրապոյրէն
ծածկուող
մասնաւորութեանն,
անոնց
անամբողջ,
անզուտ,
պզտիկ,
մահկանացու
իրականութեանը
բաղխիլ
կը
զգայ
երբ
անոնց
երեւոյթէն
կը
հրապուրուի,
երբ
անոնց
երեւոյթին
լոյս
պատկերին
կը
ձգտի.
–
արգիլուիլ,
սահմանուիլ
կը
զգայ
անոնց
ծածկած
նիւթական
կերպաւորութենէն,
–
անհուն
քայքայականութեան
մը
յայտակերպում,
–
եւ
մարդ՝
համադրելու,
համադրուելո՛ւ
երազով
լեցուն,
կը
բաղձայ
ա՛յն
գերընդհանուր
ու
յաւերժական
էութեան
որ
արտաշխարհի
այլակերպութեանց
մէջ
անփոփոխ՝
անոնց
նոյնութիւնն
է,
օրէնքն
է,
–
եւ
այս
բաղձանքն
յագեցնել
կը
ջանայ
կամ
այս
բնազգացումը
գիտացնել՝
վերջնապէս
ընդհանուր
յղացումներու
մէջ,
ինչպէս
համաստուածութեան,
ինչպէս
միաստուածութեան,
–
ամեն
ատեններու
աստուածգիտութեանց
մէջ…:
Աստուածութիւն
մը՝
ի՛նչ
ալ
կոչուի՝
Օսիրիս,
Պրահմա,
Բահաղ,
Եհովա,
Զեւս,
Աստուած՝
ամեն
բանի
ընդհանրութիւնն
է:
Այս
յղացումները
կը
նշանակեն
ո՛չ
միայն
նախապատճառներն՝
այլ
նաեւ
յաւերժապէս
անփոփոխ
էութիւնները
տիեզերքի
երեւոյթներուն.
անոնց
ներասքօղ
յաւիտենութիւնը.
ա՛յն
ընդհանրութիւնը
որով
ամեն
բան
կը
մատուցուի
առ
հոգին
որ
իւրացնել
միայն
կը
տենչայ,
որովհետեւ
խորապէս
ընդհանրական
է,
նմա՛ն
Ամենուն,
–
եւ
իմացականօրէն
ըմբռնումն
առաջին
ու
վերջին
ձեւն
է
նիւթականօրէն
իւրացման:
Մարդուն
մեծագոյն
գիտութիւնը
եղբայրութիւնն
է…:
Եւ
եթէ
Աստուած
Բարին
է՝
անոր
համա՛ր
է
որ
Ամենագիտութիւնն
է:
Ամբողջ
արտաշխարհը
ձգտումներու,
երազներու
քաոս
մ’է
հէք
իմացականութեան
մէջ
որ
անկարող
է
զգայարանապէս
անոնց
թիւն
ու
նիւթը
իւրացնելու
եւ
յուսահատօրէն
կը
նայի
անոնց,
քանի
որ
եթէ
ընդհանուր
է
իբր
էութիւն՝
մասնաւոր
է
սակայն
իբր
անհատականութիւն,
մասնաւորութեան
թշուառութեամբը
տրտում:
Ամեն
բան
հեռո՛ւ
է.
ամեն
բան
տխրեցնող.
որովհետեւ
ամեն
բանի
մէջ
իմ
սահմանս
կը
տեսնեմ:
Ի՞նչ
է
անեզրութեան
բնազգայական
նշոյլը
ցաւագին
ու
կորստական
մասնաւորութեանս
մէջ,
իմ
մշտնջենաւոր
կուրութեա՛նս՝
որով
չպիտի
ճանչնամ,
չպիտի
ունենամ
արտաշխարհը,
քանի
որ
չպիտի
տեսնեմ
արտաշխարհի
իրերուն
յետին
ու
ճիշդ
ընդհանրութիւնը,
եւ
անոր
խաղաղութեան
մէջ
չպիտի
հանգչիմ:
–
Ըմբռնումի,
իւրացման
այս
ձգտումին
յագո՛ւրդն
է
որով
միտքը
կարենայ
երբեք
անդորրիլ
ամեն
բանի
մասնաւորութեան՝
թիւին
մէջ
որ
ա՛լ
Ամենայնին
ծաւալն
եղած
ըլլայ
միայն.,
յագուրդ՝
ուր
տենչերը
կը
դադրին,
քանի
որ
երեւոյթները
կը
բացատրուին
ու
կը
ջնջուին
ա՛լ
բաղձանքներ
ըլլալու
անկարող.,
եւ
որու
համասեռ,
միապաղաղ
ընդհանրութեան
երկի՛նքը
կրնայ
հեշտիւ
իւրացուիլ
հոգիէն.,
–
եւ
որ
թերեւս
ոգեպաշտներու
պատմած
մահն
է:
Վասնզի
եթէ
ոչինչ
կ’իւրացուի
ցորչափ
ընդհանուր
գաղափարով
մը
չի
մատուցուիր,
ցորչափ
տեսակէտն
ընդհանուր
չէ՝
նոյնպէս
ոչինչ
տեւական
է՝
ցորչափ
ընդհանուր
գաղափարի
մը
մէջ
չանհետիր:
Ամեն
ինչ
իր
մասնաւորութեամբը
միայն
կը
մեռնի,
եւ
անմահ
ըլլալու
համար
պէտք
է
ընդհանուր
ըլլայ:
Ա՜հ,
կրօնքներուն
նպատակն
է,
քրիստոնէութեան
նպատակն
է
ընդհանրացնել
զմարդ:
Մասնաւոր,
զգայարանական
մարդուն
յղացումները՝
սահմանափակ
հանրացումներ՝
չեն
բաւեր
մարդուն
ներքին
հանրականութեան
զոր
քիչ
մը
կը
սփոփեն
թերեւս:
Աչքը
կ’ընդնշմարէ,
կը
տեսլահարի
միայն:
Ցորչափ
զգայարանական
է
մարդ՝
եւ
իրերուն
մասնաւորութեան
կարօտ՝
այսինքն
ցորչափ
ֆիզիքական
պէտքեր
ունի,
չի
կրնար
տիրանալ
գերագոյն
ընդհանրացման,
զոր
զգայարանքները՝
բուն
իմացողութենէն
այլացած
(diffռrenciռ),
ու
անկախացած՝
կը
մերժեն
արդէն:
Ո՞ւր
է,
ո՞րն
է
հուսկ
ճշմարիտ
ընդհանուրը
որու
պայծառութիւնը
չպղտորի՛
մարմինով
մ’արգիլուած
մարդուն
դրական
տարակոյսէն,
որու
փառքին
դէմ
չօձապտուտքի՛
թշուառութեամբ
լիրբ
Ինչուն
իր
տեսանողութեան
աղքատութենէ՛ն
գիտականացած
մարդկութեան:
Իրաւո՜ւնք
ունին
անոնք
որ
կ’երազեն
անդրաշխարհի
կեանք
մը՝
լի՝
երանութեամբը
բացարձակ
վայելքին
որ
Ամենայնին
անպատրուակ
տեսողութիւնն
է,
ճշմարիտ
իմացողութիւնը.
-
իւրացումն
է,
համայնացման
ենթադրած
ու
արտադրած
Ճանաչումը:
Կրօնքը,
բանաստեղծութիւնը,
գեղարուեստը,
կ’երթան
մինչեւ
իրենց
հանրացման
վերացականութիւնը
թանձրացնելու
մասնաւոր
պատկերներու
մէջ,
–
եթէ
թանձրացած
մասնաւորութիւննե՛ր
գիտութիւնը
կը
հանրացնէ
գլխաւորաբար:
Հանրացումներուն՝
իրաձեւ
դիմառութիւններով
վերստին
նո՛ր
թանձրացման
մէջ
կայ
կորնչական,
մասնաւոր
մարդը,
որ
կ’ուզէ
իրակերպել,
մարմնաւորել
անմարմին
վերացականութիւնն
ընդհանուր
գաղափարներու:
Զգայարանքներու
մարդը
պէտք
է
պատկերացնէ՝
զգայարանական
ընէ
ինչ
որ
իմանալի
է,
եւ
անշրջագիծ.
զայն
մատչելի
դարձնէ
իր
արտաքնութեան
(մարմնաւորութեան)
եւ
ինչպէս
Կրօնքը՝
Գեղարուեստներն
ու
Բանաստեղծութիւնն
ալ
խորհրդանշանական
են
այսպէս,
ամեն
ժամանակներու,
ամեն
դպրոցներու
իսկ
մէջ,
եւ
իրենց
իմաստասիրական
արժէքը
համեմատութիւնն
է
որով
իրենց
ստեղծումներն
ըլլան
այնքա՛ն
մասնաւոր
իրենց
երեւոյթով՝
որքան
իրենց
իմաստով
յարաբերաբար
ընդհանուր.
զգայարանականութեամբ
այնքա՛ն
մարդկային՝
որքան
ոգեկանութեամբ
յարաբերաբար
տիեզերական,
աստուածային:
Հանրացնող
մտքին
անդրհայեցութիւնն,
այսպէս,
որ
կը
թափանցէ
արտաշխարհի
կերպարաններն
ու
կ’անրջաստեղծէ
զանոնք
իրենց
ենթակայական
իմաստին,
ընդհանրութեան
մէջ՝,
անմատչելի,
անիւրանալի
իրականութեանց
հանդէպ
հոգւոյն
իւրացնելու
խորին
իղձն
է,
որու
հզօր
յայտակերպութիւնը,
որու
խանդավառութիւնն
է
ամեն
ժամանակներու
գաղափարի
թէ
կիրքի
միսդիքականութիւնը:
Օ՛հ,
ո՛չ,
անասնական
չըլլալուն
համար
կարելի
չէ՛
ըսել
անոր
մասին
ինչ
որ
Նիցչէ
հանդիպած
եմ
թէ
կ’ըսէ
Քրիստոնէութեան
նկատմամբ
որ
այդ
միսդիքականութեան
մէկ
բանաձեւումն
ու
թերեւս
կատարելութիւնն
է.
–
«Հիւանդագին»
վիճակ
մը
չէ
այն,
երբոր
ապաքինում
մը,
առողջացում
մ’է
Եսէն:
Եւ
յետոյ
ամենվիճակ
կրնայ
բնականոն
ըլլալ:
Զգայարանքներու
դրապաշտ
գործունէութիւնը
չի
բաւեր
գիտակցութեան.
փորձին
սահմանափակումը
չի
գոհացներ
մտքին
դէմյանդիմանութիւնը,
եւ
մարդ
խորհրդածել
սովրելէ
առաջ
կը
զգայ:
Եթէ
անդրհայեցութիւնն
իրականութիւնները
կը
տեսնէ
անիրական,
ու
խիստ
յաճախ
շա՛տ
ենթակայապէս
ընդհանուր
յղացքներու
մէջ,
խորհրդանշականութիւնը
որ
անոր
գործնականացումն
է,
կարելի
է
ըսել
ծէսը՝
զանոնք
կը
մարմնաւորէ
մասնաձեւ,
իրաձեւ
ստեղծումներու
մէջ
կամ
նոյն
իսկ
ա՛յն
իրերուն՝
որոնց
պատրուակին
կը
կարծէր
թափանցած
ըլլալ:
Եթէ
առաջինը
երեւակայական
կամ
բնազանցական
վերլուծում
մ’է
իրապատկերին՝
խորհրդանշականութիւնը
անոր
գաղափարին
մէկ
համադրութիւնն
է՝
պայմանադրական
պատկերի
մը,
կամ
նոյն
իսկ
իրապատկերին
մէջ:
Բանաստեղծին
անդրհայեցութիւնն
իրապատկերը
վերլուծելով
կ’արտադրէ
հոյլ
մը
ենթակայօրէն
ընդհանուր
մտածումներու,
(եթէ
ո՛չ
տիեզերապէս
կամ
առարկայապէս
ընդհանուր,
վասնզի
այն
ատեն
բանաստեղծը
կը
շփոթուէր
տեսանողին
հետ,
թէպէտ
աւելի
կամ
նուազ՝
բանաստեղծը
նախահոմերեան
վադէ
մ’է
ներքնապէս,
)
որոց
ձեւային
ամփոփումն
ու
մասնաւորումն
էր
այն
իրապատկերը,
թէեւ
դրապէս
թերեւս
անոնց
առիթն
էր
միայն,
որուն՝
արտաշխարհային
վայրկեանն
ու
մանաւանդ
բանաստեղծին
հոգեկան
րոպէն
միջավայր
ու
պայման
եղած
ըլլար:
Կրօնքներն
ու
Գեղարուեստները
խորհրդանշականութիւններ
են.
աւելի
կամ
նուազ
կատարելագործեալ
աւելորդապաշտութիւններ:
Եգեան
Ծովին
մանիշակագոյն
տեսիլներուն
մէջ,
հնդկական
անտառներու,
սկանտինաւեան
թանձրամայրիներուն
մէջ
հետակորոյս
են
աստուածները.
եւ
բանաստեղծին
տեսողութիւնը՝
փոխանակ
անոնց
ուժգին
ուրուապատկերին
(silhouette)
տիեզերական
ձգտումներու
թրթիռ
մը
կը
փնտռէ
տիեզերքի
տեսիլներուն
մէջ:
Ամեն
բան
աստուած
մ’էր.
ամեն
բան
աստուածային
է
միշտ:
Բանաստեղծութիւնը՝
բնազանցութենէ
անխառն
իսկ
նկատելով՝
միշտ
հոգեդաւանութիւն
մը,
մարդակերպութիւն
մ’է,
ինչպէս
հիներուն
մարդակերպութիւնն
անոնց
մէկ
մեծ
բանաստեղծութիւնն
էր:
Մարդը
փոխանցում
մ’է
ձեւէն
դէպի
իմաստը,
տեսիլէն
դէպի
խորհուրդը,
թիւէն
դէպի
Անհունը,
Իրականութենէն
դէպի
Գաղափարը:
Իմաստասէրին
բառով՝
ցո՛լք
արտաշխարհին՝
միտքը
կը
ձգտի
անկախամէտ
ու
հզօր՝
անկէ
հմայափոխուելու
գաղափարական,
իմաստային
տիեզերքի
մը.
ներաշխարհին
կատարելութիւնը
որ
հնար
ըլլայ
երբեք,
եւ
որ
սակայն
ուրիշ
բան
չի
կրնար
ըլլալ
վերջապէս՝
քան
համայնէն
իւրացուելու
յուսահատօրէն
համեստ,
պուտտային
իղձ
մը,
եւ
որ
կրնայ
վերջ
ի
վերջոյ
ըսել
տալ
Անհունին
առջեւ
կեցող
մարդուն.
Եթէ
դուն
չեկար
ինծի՝
ե՛ս
ահա
քեզի
կուգամ,
–
Էտնային
վիհը
նետուող
փիլիսոփային
պէս,
–
եթէ
ո՛չ,
գուցէ,
յիմարութիւնը…:
Եւ
եթէ
խորհրդապատկերները
ցաւագին
եղանակներ
են
արտաքին
մասնաւորութեանց
ետեւ
թաքուն
ընդհանրութիւններ
իւրացնելու,
տրտմութեան
աղբիւրներ
են
զգայարանքներուն
առջեւ
որ
կը
մերժեն
զանոնք.
վերացող
հոգւոյն
մէջ
սքօղուած
դրականութեան
որ
խորհրդապատկերներու
յօրինուածին
կապերը
կը
լուծէ,
որ
իրերը
կը
տեսնէ
ինչպէս
են
ընդհանրապէս:
Մտքին
ամեն
գործերուն
մէջ
նիւթական
մարդը
կայ:
Եթէ
սողը
սաղմնաբար
թռիչ
կը
պարունակէ՝
նախկին
սողը
թռիչին
մէջ
անհետ
չէ՜,
եւ
կեանքը
դրական
է
յաւէտ:
Այն
ատեն…
այն
ատեն
պէտք
չէ՞
խենթ
ըլլալ
միայն,
խենթութեան
տխուր
ազատութեան
հասած
ըլլալ,
հաւատալու
համար
ներաստեղծուած
տեսիլին
շրջապատող,
ներկայ
իրականութեան:
Եւ
արդէն,
եթէ
բանաստեղծին,
արուեստագէտին
խորհրդապատկերը,
կրօնաւորին
խորհրդանշանը,
ռամկին
բժժանքը,
ինչպէս
նաեւ
գիտունին
տիպարը,
կամ
տեսակը,
գաղափարներու
մատչելի
հոծոյթներ
են՝,
խենթին
մտապատկերը
նոյն
բանն
է:
Վասնզի
խորհրդանշականութիւնը
որ
մտքին
պայմանն
է,
քանի
որ
լեզու
մը
անհրաժեշտ
է
մտքին՝,
–
պայմանն
է
նաեւ
խենթութեան…:
Ամենէն
աւելի
ազատ
ու
անձնական
խորհրդապաշտն
է
ենթը:
Ամենէն
աւելի,
որովհետեւ
սանձարձակօրէն
կ’իւրակերտէ
արտաշխարհն
ու
կ’ընդխառնուի
անոր:
Իր
տեսած
կամ
մտածած
պատկերներուն
մէջ
երեւակայութիւնն
անհուն
բաժին
մ’ունի.
իր
տեսածը
կ’երեւակայէ
ան.
եւ
իր
երեւակայածը
կը
տեսնէ:
Եւ
գուցէ,
եթէ
բնօրէն
(normal)
իմացականութեանց
մէջ
խորհրդանշականութիւնը
մտքին
մէկ
պէտքն
է
մանաւանդ՝
խենթին
մէջ
իմացականութեան
բնութիւնն
է
այն:
Իր
քայքայուն
ու
գերազանցօրէն
անկապ,
կամ
խօլօրէն
յօդակազմուած
միտքը
չի
ղեկուիր
ա՛լ
յիշողութենէն
որ
խանգարուած
է
յօդերու
քակտումով,
որովհետեւ
մանաւանդ
ա՛յն
ըմբռնողութենէն
որ
առողջ
մտքին
բոլոր
տարասեռութիւնները
կը
կեդրոնաձգէ,
այն
ներքին
միութենէն
որ
ամբողջ
բնօրէն
իմացականութիւնը
ներդաշնակութիւն
մը
կ’ընէ,
եւ
որ
Գիտակցութիւնն
է.,
իր
միտքը
հանգիտութեանց,
նմանութիւններու,
յանկարծական
պատկերներու
դիպուածայնութեամբը
կը
վարուի՝
ու
ազատ
է
այն
չափերէն
որոցմով
մարդ
արտաշխարհէն
անջատ
կը
մնայ,
եւ
որոցմով
իրականութեան
ու
տեսիլներուն
համեմատութիւնը
գիտէ:
ենթը՝
արտաշխարհն
ու
իր
իսկ
մտապատկերները
կը
տեսնէ
սովրուած
տեսակէտներէ
գուցէ
երանաւէտ
անկախութեամբ
մը:
Ո՞ւր
կը
վերջանայ
արտաշխարհը,
եւ
ո՞ւր
իր
միտքը
կը
սկսի.
միթէ
գիտէ՞
ատիկա.
միթէ
ատիկա
հո՞գն
է
իրեն:
Իր
տեսիլներն
իրականութիւններ
կը
թուին.
տեսիլներու
պէս
կ’իւրաստեղծէ
իրականութիւնները,
որովհետեւ
անոնց
անձնական
ու
տարօրէն
իմաստներ
կ’ընծայէ:
Իր
ընդհանուր
տրամադրութիւնը,
իր
հիւանդութեան
պատճառը,
իր
վայրկեանները
կը
վարեն
այդ
իմաստները,
որ
կը
զայրացնեն
զինքը
կամ
կը
ծիծաղեցնեն:
Ա՛հ.
ի՛նչպէս
կը
խնդայ
եւ
ինչպէս
ազատ
կ’երեւայ:
Կարծես
ժպտիլը,
խնդալը
յատուկ
ըլլար
խենթին:
Աստուած,
որ
արդարութիւնն
է,
եւ
արդարութիւնը
տրամաբանութիւնն
է
միայն՝
խաղաղութիւնը
իմաստունին
կուտայ
եւ
ժպիտը՝
խենթին:
Բայց
ես
չեմ
գիտեր
ինչու
կը
սիրեմ
խենթը:
Կ’արգահատի՞մ
անոր
թշուառութեանը
–
վասնզի
թշուառութիւն
մ’է
այնքա՛ն
ծփանուտ,
այնքան
բազմակեդրոն,
այնքան
զուրկ
ըլլալն
այն
հաստատ
եւ
անորակելի
առանցքէն
որ
նեցուկն
է
բնօրէն
մտքին,
ու
անոր
կանոնաւորութեան
հանդարտութիւնը,
քաղցրութիւնը
կ’արտադրէ:
Եւ
կամ
կը
հետաքրքրուի՞մ
անով
իբրեւ
տարօրէն
էակով
մը
որ
առանձնաշնորհն
ունենայ
այլապէս
տեսնելու
ծանօթ
արտաշխարհը.
որ
տարբեր,
անհնարին
նշանակութիւններ
զգայ
անոր
երեւոյթներուն
մէջ,
եւ
իր
ըմբռնումներուն
համաձայն
ապրի
առանց
ամօթի,
պարտադրուած
կանոններէ,
վարմունքներէ
զերծ:
Իր
մտապատկերներուն
անկախութիւնն
իր
կենցաղին
ազատութիւնը
կ’արտադրէ,
թէեւ
ինքը
չզգա՛յ
ո՛չ
անգիտակցութեան
երանաւէտութիւնը,
ո՛չ
ազատութեան
երջանկութիւնը:
Իր
տեսողութեան
տարականոն
կերպով,
իր
մտածումներուն
դէմյանդիմանական
հանգամանքով
մերթ
ճշմարտութեան
կը
հանդիպի
որու
կը
հաւտայ
առանց
զայն
գնահատել
կարենալու,
–
եթէ
սո՛ւտը
մանաւանդ
կը
բնակաւորէ
իր
իմացականութիւնն
ու
կը
շփոթի
հոն
ճշմարտին
հետ:
Ընտանի
աշխարհէն
իր
զերծման
մէջ՝
ահա
ներշնչուած
խօսքեր
կ’արտասանէ
որ
կը
խորհրդաւորեն
իր
արտառոցութիւնն,
ու
իր
խենթութիւնն
ակնածելի,
նուիրական
կ’ընեն.
որ
զԱստուած
կը
զգացունեն
իր
կերպարանքին
մէջ
մեհենադրոշմուած:
Կը
թուի
ըլլալ
այն
տեսանողներէն
որք
Անեզրութեան
հետ
ներդաշնակ
ըլլալով
անոր
մէջ
ազատ
են.
որոց
տարամարդկային
ընթացքը
կը
հաւտացուի
Անեզրութեան
հետ
ընտանութեան
մը
հետեւանքն,
յայտակերպումը:
Անհունին
հետ
կը
թուի
հաղորդակցի՜լ.
ուստի
նուիրական
է
մոգի
մը
պէս.
առանց
դադրելու
կարեկցելի
ըլլալէ,
ինչպէս
մարտիրոս
մը:
Ո՛հ.
կարծես
արեւելցիին
յարգանքն
ունիմ
ես
անոր
նկատմամբ…:
Բանի
մը,
պարապին
կը
նայի
ու
կը
մտմտայ
խենթը
յաճախ:
Ես
ալ
իրեն
կը
նայիմ
մի
եւ
նոյն
կերպով.
ա՜հ.
թերեւս
մի
եւ
նոյն
կերպո՛վ:
Եթէ
իմ
տեսածս
խենթ
մ’է՝
անոր
տեսածն
է
խենթէ
մը
տեսնուած
բան
մը.
խենթի
բացատրութիւն
մը:
Եթէ
իմս
իր
խորհուրդն
է
միայն
որ
զիս
կը
հմայէ,
կը
յուզէ,
կը
հիացնէ,
անոր
տեսածն
իր
վերլուծումն
է:
Իր
այլատես
ուշադրութեան
նախանձելի
յառումով
ի՞նչ
այլանդակ
ու
թերեւս
նորօրինապէս
խորին
հանգամանք
կը
յղանայ
արտաշխարհին
մէջ.
իր
մտապատկերներուն
խօլանկարմանց
միջեւ
ի՛նչ
հանճարեղ
աղերսներ
կը
դիտէ.
իր
ազատ
երեւակայութիւնն
ի՞նչ
հաշշային
խառնուրդներ
կը
ցնորակերտէ
իր
աչքին:
Ի
զուր
կը
նայիմ
իր
նայուածքին.
իմ
հասարակ
աչքերս
անոր
իրազանցական
տեսիլները
չեն
տեսներ.
անոնց
անհեթեթ
վիպականութիւնն,
անոնց
ճշմարիտ
քայքայականութիւնը
չեն
կրնար
վայելել:
Ի
զուր
կը
հարցաքննեմ
զինքը.
ոչ
իսկ
կը
լսէ
զիս.
եւ
մերթ,
եթէ
սկսի
իր
պատասխանը՝
չի
կրնար
զայն
վերջացնել:
Եթէ
յանկարծ
ուշադրութիւն
եւ
յիշողութիւն
տրուէին
իրեն՝
հանճարի
կը
փոխուէր
խենթը:
Եւ
ես
կը
յամառիմ,
սեւեռած
իրեն,
սպասելու
իր
մոլար,
իր
ցնորական
իմացականութեան
մէջ
երբեմն
ցայտող
նշուլումներուն,
պշրանքներուն
հմայքին.
իր՝
կամեցողութեան,
ուշադրութեան,
ամփոփման
անկարող
մտքին
մէջ
նմանութեամբ
կամ
համասեռութեամբ
զիրար
ձգող
գաղափարներու
յանկարծական
հանճարեղութեան
հրապոյրին.
իր
խորհրդածութիւններուն
ներշնչական
վիճակի
անգիտակից,
անեսական
կատարելութեանց,
յարատեւ
կեդրոնազրկութեան
մը
եղկելի
շաղփաղփումներուն
մէջ
ծագած,
վաղանցիկ:
Կը
թուի
ինծի
թէ
խենթութիւնը,
կեանքի
տեսակէտէ
մը
նայելով,
–
տեսակէտ՝
ուր
բոլոր
գեղագիտական
տեսակէտները
կը
ձուլուին,
կը
կորսուին,
–
կենսական
ուժի
ապակեդրոնացում
մ’է:
Յիշողութիւնը,
գիտակցութիւնը,
կամեցողութիւնը,
Եսը,
բաներ՝
որ
թոյլ
ու
քայքայուն
են
խենթին
մէջ,
պարզապէս
յայտակերպումներն
են
կեդրոնաձիգ
զօրութեան
մը
որ
կենսական
ուժն
է,
անշուշտ
ուղեղին
անորոշ
ու
խորհրդաւոր
ներքին
մէջ
հոծուած,
եւ
որ
մայր
կեդրոն
մ’ու
առանցք
մ’է
գաղափարներու
մօտաւորապէս
մոլորակային
դրութեանց
թաւալակոծ
բովանդակի
մը,
որ
հոգեկան
ու
մտային
տրամադրութեանց
պարբերականութիւնը
կը
ծնի:
Հիացմամբ
կը
զգամ
թէ
միգամած
մը,
տիեզերք
մ’է
միտքը,
ինչպէս
Տիեզերքն
եթէ
թերեւս
կեդրոն
մը
չունի՝
ոչ
թէ
անհուն
հանճար
մը,
այլ
գուցէ
անհուն
խենթութիւն
մ’է:
Մտքին
մէջ
երկրորդական
դրութիւններու
գերակշռութիւն
մը,
ինչ
ինչ
մտապատկերներու
գերաճմամբ
ու
կենսաւէտմամբ,
պիտի
տրամադրէր
կեդրոնական
ուժին
նուազումը,
քայքայումն
ի
նպաստ
այդ
մասնաւոր
կեդրոններուն,
որք,
ա՛լ
տարակշիռ
(dռsռquilibre)՝,
յարաբերական
անկախութեամբ
մը
պիտի
իւրագրաւէին
կենսականութիւնը,
Եսը,
եւ
սեւեռախոհանքներ,
ու
անիմաստ
որովհետեւ
բնօրէն
Եսի
գաղափարին,
ինքնապահութեան
գաղափարին
հետ
անհաշտ
գործեր
պիտի
թելադրէին
խենթին,
–
եւ
որք,
արտուղօրէն
եւ
տարակշռօրէն
բորբոքած
այդ
մտապատկերները,
թէեւ
ատեն
մը
պիտի
շարունակէին
նախաստաց
զօրութեամբ
մը
վառել
ու
կենդանացնել
իրենց
ոլորտները՝
բայց
պիտի
սպառէին
աստիճանաբար,
քանի
որ
կեդրոնական
կենսական
աղբիւրը
փճացած
պիտի
ըլլար.
–
ինչպէս
նաեւ
պիտի
ջնջուէին,
կամ
տկարանային,
եթէ
Եսը
բովանդակին
անհամեմատ
կերպով
զարգանար
եւ
ըլլար
մեծաբաղձութեանց
Եսը:
ենթը
որ
այս
քայքայանկախ
վիճակը
կը
ներկայացնէ
ուրիշ
բան
չէ
այլ
հանճարին
ինկած
ձեւը.
հանճարին
կեղծը:
Այս
երկու
մտային
դրութիւններն,
ինչպէս
ըսուած
է
կարծեմ,
մեծապէս
նման
են
իրարու,
ըստ
արտաքին
երեւոյթին,
կեդրոնական
իրողութիւնն
ի
բաց
առնելով:
Այն
ստուգութիւնը
թէ
հանճարին
եւ
խենթութեան
սահմանները
շփոթ
են,
իրողութիւն
մ’է
մտքի
ուրիշ
աստիճաններու
ալ
համար.
քանի
որ
տրամաբանական
շէմա
մը
կարելի
է
գծել
շրջանակով
մը
որ
սկսի
օրինակի
համար
մտային
խոնարհագոյն
աստիճանէն,
ապշութենէն,
եւ
դառնայ
աւարտի
ապշութեան
մէջ՝
անցնելով
բնօրէն
մտքէն,
յետոյ
հանճարէն,
յետոյ
խենթութենէն,
ներկայացնելով
իմացականութեան
աստիճաններու
այն
բնական
կարգը՝
ուրկէ
կարծեմ
թէ
կ’անցնին
արդէն
մրդիկ,
մանկութենէն
մինչեւ
զառամութիւն՝,
այդ
հանգրուաններուն
մէջ
խիստ
զանազան
չափերով
կանգ
առնելով:
Այնպէս
որ
իւրաքանչիւր
վիճակ
իր
երկու
մօտաւորագոյն
դրացիներուն
միջինն
է,
անոնց
խառնուրդն
ըլլալով:
Հանճարն,
այսպէս,
կը
խառնուի
խենթութեան
այնքան
որքան
բնօրէն
մտքին,
որ
իր
կարգին
այնքան
դրացի
է
հանճարին
սեպհավայրին՝
որքան
ապշութեան
բաժնին
հետ:
Այս
կերպով
հանճարին
բաղդատութիւնը
նոյնքան
կարեւոր
կամ
բնական
է
հասարակ
մտքերու
հետ
որոնցմէ
կը
հեռանայ՝
որչափ
խենթութեան
հետ՝
որուն
կը
ձգտի:
Չեմ
գիտեր
ինչ
որ
մարդաբանները
կ’ըսեն
նկատմամբ
հանճարին
եւ
խենթութեան
մէջ
տիրող
տարբերութեան,
բայց
կարծեմ
թէ
ահեղ
տարբերութիւն
մ’է
այն:
Վասնզի
խենթին
կը
պակսի
կեդրոնաձիգ
ու
կենդանարար
ա՛յն
ոյժը
որ
իմացական
տարրերու
ահագին
այլազանութիւն
մը
ներդաշնակութիւն
կ’ընէ՝
անոր
խորին
միութիւնն
ըլլալով,
եւ
որ,
կարելի
է
ըսել
թէ
Ես
կոչուելէ
դադրելով
կրնայ
Անեզրութիւնը
կոչուիլ:
Եւ
սակայն
ոչ
ոք,
կարծեմ,
հանճարի
աստիճաններու
այս
գերագոյն
միջնակէտը
ներկայացուց
քան
Անիկա.
Ան…–
Նորէ՜ն…:
Բոլոր
անոնք
որ
անցան
այդ
կէտը
դէպի
անկում՝
անո՜նք,
աւաղ,
մատչելի
են
մարդկութեան.
այն
բարձրութիւնը
պտոյտ
կուտայ
մարդուն.
սոսկալի
բա՜ն.
որպէս
զի
միտք
մ’իբր
հանճար
տեւէ՝
պէտք
է
որ
հասած
չըլլայ
դեռ
հոյապանծ
բարձրակէտին,
կամ
արդէն
հակի՛
տխուր
զառիվայրին
վրայ.
վասնզի
լէգէոններ,
լէգէոննե՜ր
կարողութիւն
չունին
երկարօրէն
յամելու
հոն.
եւ
ահա
Լուկրետիոսն
են,
Սուիֆթը,
Բասքալն
են,
Տը
Նէռվալը,
Մօբասանը,
Պօտլէռը,
Նիցչէն
կամ
Ռուսօն:
Ա՛հ.
երկարօրէն
կը
նայիմ
խենթերուն.
կը
խոնարհիմ
այն
թիւր,
տարականոն
բանին
առջեւ
որ
անոնց
դիմագծութիւնը
կ’որոշէ,
որ
գուցէ
նախապաշարում
մ’է,
իմ
նախանձաւորութեանս
մէկ
տեսլահար
երեւակայութիւնը,
եւ
որ
սակայն
իրենց
աղէտին
սեւադրոշմն
է,
իրենց
ազատութեան
նիշը,
իրենց
անդրաշխարհի
ցոլքն
է,
իրենց
ընտրեալի
սպին,
իրենց
ներքայքայման
արտաքին
նուրբ
ու
ահաւոր
ծերպը.
իրենց
խորհուրդին
կնիքը՝
որու
առջեւ
կը
խոնարհիմ,
արաբի՜
ողջոյնով:
Մտքիս
մէջ
խենթի
կերպարաններ
կան,
որ
կը
նային,
կը
ժպտին,
կը
զայրանան,
ու
կը
նային,
կը
նայի՜ն:
Ընդերկար
սուզուած
եմ
իրենց
լռութեանն,
իրենց
թշուառութեանը
հայեցողութեան
մէջ.
ձգտելով,
իրենց
աւերին
մէջէն՝
այն
գէթ
խուսափուկ
հանճարեղութեան,
մեծ
վշտի
մը
ցունցին
տակ
հաւանաբար
ծայրագոյն
ու
հուսկ
կենսաւէտութեամբ
մ’արտադրուած,
եւ
ընդհուպ
դէպի
խենթութիւն
զառածած
ու
քայքայած
–
որքան
իրենց
խօլ
ու
միայնակ
երեւակայութեան
տխուր
հանճարին–,
թերե՛ւս
վասնզի
կրցած
չեն
տանիլ
այն
վայրկեանին
ահագնութեան.
ինչպէս
այն
մեծանուն
հոյլը
յիմարացած
հանճարներուն,
որ
աստիճանական
կամ
յանկարծական
անհաւասարակշռութեամբ
մը
տատանած
իմացականութեան
մը
բեռին
կրցած
չեն
տանիլ,
տմոյն
ատլասնե՛ր.
եւ
անոնց
հոյակապ
փլատակին
տակ
անէացած
են
–
դիւցազնական
հոգիներ,
խուլ
հսկայամարտի
մը
մէջ
իրենց
աստուածայնութենէն
տապալած:
Մին
այն
հասարակ
խենթերէն
որ
յիշողութեանս
մէջ
կը
նկարուին
յաճախ,
տարտամօրէն
ու
թախծօրէն
լուսապսակուած՝,
լռասէր
մարդ
մ’էր,
որ
վերջապէս
կապուեցաւ
ինծի,
հէ՜ք
մարդ,
ստրկային
բարեկամութեամբ
մը,
–
նաեւ
այն
պանդուխտ
բարեսիրտ
երիտասարդին
որ
իր
շահած
քիչ
մը
դրամէն
բաժին
կը
հանէր,
տարօրինակ,
անհեռատես
վեհանձնութեամբ,
աղքատ
խենթը
կերակրելու:
Ասդին
անդին,
մենաւոր,
այրելով
կէսօրուան
արեւէն,
խենթը
կը
դեգերէր
ժամերով,
աչքը
գետնին:
Յանկարծ
կը
ծռէր,
եւ
երբ
նորէն
կանգնէր՝
ձեռքին
մէջ
բան
մը
կար:
Ոչինչ
բան
մը,
որ
փայլուն
էր,
կամ
գունագեղ,
կամ
ձեւաւոր,
որ
կարեւոր
երեւոյթ
մ’ունէր,
եւ
պահ
մը
կը
կարծէիր
թէ
կրնար
բանի
մը
ծառայել,
բայց
անողոքելի
կերպով
անօգուտ
ոչնչութիւն
մ’էր.
աղտոտ,
երբեմն
փայլուն
կոճակ
մը,
համրիչի
հատ
մը,
խեցիի
մը
փշուրը,
խիճ
մը,
–
որու
կը
նայէր
սակայն
խենթը,
մտածելով:
Յետոյ
բաճկոնին
վերի
գրպանին
մէջը
կը
պահէր
զայն,
անանուն
իրը,
որ
բան
մ’էր
հոն,
թախծալի
գրպանին
մէջ,
եւ
կը
շարունակէր
դեգերիլ,
գետինը
նայելով,
աւազին,
աւլուքի
կոյտերու
զոր
կը
գտնէր,
որոց
շուրջը
կը
կենար,
աղբիւսի
այն
խամրած,
չքացած
առարկաներուն
որ
կը
ժողխէին,
հոն,
անկիւնները.
որ
լքուն
շողիւնով
կը
բեկանշուլէին,
կը
խեցեփայլէին,
կը
վառէին,
ու
կը
դիզուէին,
ու
կը
չորնային
արեւին
մէջ.
–
գետինը
նետուած
անօգուտ
ու
պզտիկ
բաներու,
այն
մանր
մունր,
գօս,
ժանգոտ
ոչնչութիւններուն
որոցմով
խառնուած
է
գետնին
մակերեսը:
Գիտէի
իր
հնասէրի
անցեալ
ճաշակը,
որուն
հիւանդութիւնը,
զառածումն
էր
այժմ
այդ
հետաքրքրութիւնը.,
որքան
փշուրներու,
բեկորներու,
քայքայուն
բաներու
այդ
խուզարկութիւնը
գործացումն
էր
իր
քայքայուն
մտքին,
իր
ա՛լ
մանրամասնութիւններ,
անկախ
մասնաւորութիւններ
միայն
տեսնող
անկապ
իմացականութեան:
Ի՞նչ
խոռոչաւոր
կարեւորութիւն,
ի՞նչ
գլխիվայր,
ծուռումուռ
նշանակութիւն
կը
նշմարէր,
շիլ
դէմյանդիմանութեամբ
մը,
իր
մատներուն
մէջ
առկայծող
աղբիւսի
տխուր
առարկային
մէջ.
ո՛վ
գիտէ:
Կը
թափառէ՜ր,
ինչպէս
կը
նայէր,
երբ
նստած
ըլլար
քովս,
տեղ
մը:
Եւ
արեւին
տակ
իր
յամր
յածումը
կը
տեսնուէր
տակաւին:
Պարոն
Գէորգ
էր
անունը.
պարո՜ն.
նիւթապէս
անժառանգներուն
յատկացուած
տիտղո՜սը,
հաւասարապէս
մտքի
անժառանգներուն
ալ
յարմար
դատուած,
իբրեւ
թէ
այդ
բառը
ներյատուկ
պատշաճութիւն
մ’ունենար
թշուառներուն:
–
Ախպար
բառին
պար
վանկը
չէ՞
որ
անոր
մէջ
անգութ
արգահատանք
մը
կը
դնէ
արդեօք:
Կը
յիշեմ
իր
հէք
յառումներն
երբ
երազուն
կը
մնար.
իր
երկբայաղօտ,
հանճարեղ,
խենթի
ժպիտը,
իր
անչափելի
ձանձրավիշտի՜ն
մէջ
երեւցած,
որ
յանկարծ
կը
պղտորէր,
կը
պայթէր
արբշիռ
ծիծաղներով,
սանձարձակ
թախծալի
քրքիջներով՝
զոր
իսկոյն
ամօթահար
կը
ջանար
զսպել,
առանց
կարենալու
խնդալէ
դադրիլ,
եւ
որոց
խաբեբայութիւնը
կ’ուզէր
ջնջել,
խղդել
իր
տրտմութեան
մեծ
իրականութեանը
մէջ.,
յետոյ
իր
բացարձակ
դատարկապորտութեան
դանդաղ
քայլը
որով
կը
քալէր
կ’երթար
աննպատակ.,
իր
անօգտակարութիւնը,
որ
իր
տնանկ,
անտէրունչ
մարդու
սպասումներուն
մէջ
կ’երեւար
անողոք.,
Եգիպտոսի
արեւէն
այրած
ու
ցաւագին
կերպարանովն
արտայայտուող
տառապանքը,
երբ
իր
ընդհատ,
հաշշակերի
գիտակցութեան
աղօտ
լոյսին
մէջ
թանձրօրէն
սեւանկարուած
թշուառութիւնը
կը
զգար.,
յետոյ,
իր
ահաւոր
զայրոյթները,
առաւօտէն
ի
վեր
պատրաստուող
յանկարծական
կատաղութիւնները
հրատապ
օդերուն.
անլուր
ու
տառապեցնող
կատաղութիւններ,
զոր
մենաւոր
տեղեր
կ’երթար
ոռնալու,
զոր
կ’ելլէր
կ’երթար
պօռալու,
փրփրալու,
մոլեգնօրէն
հաչելու,
ցաւատանջ
հայհուչներու
հեղեղումներով.
կեդրոնացման,
–
լոյսէն,
արեւէն
գերագրգռուած
կենսականութեամբ
մը՝
Եսի,
գիտակցութեան,
արժանապատուութեան
կեդրոնացման
ծայրայեղութիւններ,
փոխարէն
ու
համեմատակա՛ն՝
նախորդ
եսացրման
մը,
եւ
յառաջիկայ
պրկատում
մը,
ինքնակորուստ
մը
տրամադրող.,
մեծաբաղձային
մոլեգնութիւններ
ա՛յնքան
յիմարական
որքան
էին
նախորդ
ստրկային
համեստութիւնները,
լռին,
ամօթահար,
-
կծկման
ու
ծաւալման
կենսական
հանդարտ
շարժումին
հեռաւոր
մէկ
խօլանկար
չափազանցութիւնը,
որով
իր
հոգին
անկարող
էր
միջին
ու
բնօրէն
կենդանութիւն
մը
տրոփելու:
Յետոյ,
իմ
բարեկամութի՛ւնս.
որ
խորին
յարակցութեանց
արտաքնումն
ու
նշանն
էր.,
–
եւ
հարցումները
զոր
յաճախ
կ’ընէի
իրեն,
իր
քաոսին
մէկ
զգայութիւնը
որոշակի
ունենալու,
իր
հոգւոյն
թափանցել
փորձելու
համար.,
ուշադրութիւնս
իր
ընդհատ
պարբերութիւններուն,
իր
մերթ
այնքա՜ն
հիակազմ
ֆռազներուն,
իր
բառին՝,
որ
կը
զգայի
թէ
խիտ
էր
ու
խորունկ
երբեմն,
թէ
ահագին
բաներ
կը
ծածկէր
ինչպէս
գիտունի
մը,
փիլիսոփայի
մը
բառը,
–
տրամաբանական
ու
գիտակից
համադրոյթ
գաղափարներու,
–
եւ
ինչպէս
հաշիշով
արբշիռ
մարդու
մը
բա՜ռն,
անլուր
հոծութիւն
դէմյանդիմանական
գաղափար-տեսիլներու,
–
եւ
լռասէր
խենթը
ասոր
համա՛ր
քանի
մը
բառ
ունէր
միայն:
Եւ
տարտամօրէն
կը
վերզգամ
մեր
յարակցութիւններէն
արտադրուող
այն
խռովքները
որք
կը
սրսփային
լուռ
ուշադրութեանս
մէջ
որ
պիրկ
ու
թրթռական
երեւակայութիւն
մ’էր.,
մանաւանդ
խորհրդամոլ,
դիւաստուածապաշտ
երեւակայութիւնն
այն
ուշադրութեանս
զոր
խենթը
հարկադրեց
ինծի,
անտեղեա՜կ
իմ
սարսուռներէս,
փոթորկալի
ու
գաղջ
գիշեր
մը…:
Հովը
դիւահար
արմաւենիներուն
մէջ
կը
սօսափէր,
անհատնում.
տարօրէն
լուսնագիշերին
բարձունքէն
փեռեկտեալ
ամպեր
կը
սուրային.
արմաւենիները
կը
տատանէին,
հերարձակ:
Եկեղեցւոյն
մեծ,
ամայի
պարտէզին
մէջ
կեցած
էինք,
ան,
եւ
ես.
ու
անհատնում
սօսաւիւններուն
տակ,
խենթը
կը
խօսէր
ինծի,
անսովոր
կերպով
կանգնած,
ուղղաբերձ,
լուսնին
դալուկին
մէջ
կերպարանքը
տարտամօրէն
խօլաժպիտ,
մութ
ու
խորին,
երեւակայութիւնն
անցեալի
անկապ
յիշատակներու
խորը
մոլորած,
ու
բազուկը
մերթ
հանդարտօրէն
կարկառելով
մրրկալի
գիշերին
մէջ:
Ա՛հ,
այլեւս
կը
խօսէր
հետս,
կրցածին
չափ
երկարօրէն,
եւ
ես
հաճոյքը
կ’ունենայի
տեսնելու
իր
ինքներկբայող,
հիւանդ
արժանապատուութեան
ուղղաքամակ
ու
հանդարտ
վերերեւումն,
երբ
կը
զգար
որ
մէկը
կը
սիրէր,
կը
յարգէր,
չէր
քամահրէր
զինքը.,
երբոր
կը
սկսէր,
վաղանցիկ
հաւատքով
մը
դեռ
արժանի
նկատել
ինքզինքը
մարդկութեան:
Ի՛նչպէս
հաճոյք
կը
զգայի՜,
երբ
նշմարէի
յարգանքիս,
բարեկամութեանս
բժշկողութիւնը,
որ
սակայն
կրնար
յարատեւութեամբ
աճիլ,
նշանակելի
դառնալ,
–
իմ
սիրոյս
յարատեւութեամբը
որով
շարունակէի
դրդել
անուղղակի
իր
արժանապատուութիւնը՝
կեդրոնանալ,
կեդրոնանալ,
զօրանալ,
վերստին
իւրագրաւել
իր
ցրուած
ոյժը,
եւ
ձգտիլ
հին
միութիւնը,
հին
նեցուկը
դառնալու
իր
քայքայուն,
թափառակոծ
մտքին՝
եթէ՜
զինքն
ընդերկար
եւ
կանոնաւորապէս
սիրելու
չափ
վեհանձն
եղած
ըլլայի.,
եթէ
իմ
յարգանքիս
կանոնին
(rռgime)
ենթարկէի
իր
թշուառութիւնը.
–
թէեւ
արդէն
մեկնեցաւ
ան
օր
մը
հոնկէ,
ուրիշ
քաղաք
մը
երթալու,
ուր
երկար
ատեն
փափաքեր
էր
որ
ղրկուի,
չեմ
գիտեր
ինչ
տեսակ
յոյսերով՝
որք
այն
քաղաքին
անունը
կրկնել
կուտային
իրեն,
իր
հոն
երթալու
անկարողութեան
հայրենախտային
տրտմութեամբը.
–
մեկնեցաւ,
կարելի
եղա՜ւ
իրեն
մեկնիլ,
այն
առտուն,
երբ
շտապելով
գնաց,
թշուառը,
զինքը
շոգենաւը
տանողներուն
ետեւէն
հասնելու,
լօդիկին
քղանցքը
ծփուն,
իր
երկար
ատեն
չգործածած
ֆէսը,
ճմրթկուած՝
գլխուն
գագաթը,
–
գրեթէ
սարսափահա՜ր,
անորակելի
ճամբորդը…:
Գիշերները
երբեմն
գացած
եմ
մեր
թաղին
մէկ
գռեհին
ծայրը
գտնուող
տնակի
մը
փակ
դուռին
առջեւ
հակելու,
մտիկ
ընելու
համար
այն
միակ
ձայնը,
բրդոտ,
անհունչ,
ու
գահավէժ,
որ
անոր
ետեւէն
կը
լսուի,
ուշ
ատեն,
ամայի
գիշերին
մէջ:
Խրճիթը,
առանց
ո
եւ
է
պատուհանի,
գրեթէ
միշտ
գոց
միակ
դուռով
մը
մէջտեղը՝,
առաջին
ու
վերջին
քովընտի
նայուածքով
մը
հոն
նայող
անցորդէն
տախտակորմ
մը
կը
կարծուի.
թէեւ
թաղեցիները
գիտեն
թէ
ինչ
է
այն:
Ցած
տանիքը,
որու
ետեւէն
բարձրացած
քանի
մը
ծառեր
կը
տեսնուին՝
կը
գուշակուի
փտած
քիւին
կղմնտրաշարքէն:
Տնակը
ետ
կքած
է.
եւ
այս
ընկրկումով,
ու
լուսամուտի
չգոյութեամբ
ու
գոց
դուռով
զոր
ցորեկին,
առկախ
կոպղէզի
(cadenas)
մը
պատկառելի
ու
ծաղրական
բացարձակութիւնը
կը
նուիրագործէ՝–
տնակը
կը
խուսափի
ուշադրութենէ,
փողոցէն,
թաղէն
կը
խուսափի,
վայրենօրէն
ծածկամիտ
ու
համր:
Իր
միակ
վաղեմի
բնակիչն
է
խենթ
մը:
Նեպուկի,
խլուրդի,
խոնաւ
խաւարին
անկիւնի
անանուն
ճեւեղիկի
մը
պէս
կը
բնակի
հոն:
Ցորեկը
դուրսերն
է.
–
դրանը
կոպղէզը
կ’ըսէ
արդէն
թէ
տանտէրը
հոն
չէ.
թէեւ
չի
կրնար
ըսել
թէ
ուր
է:
Ով
գիտէ
ուր
է,
խենթը:
Երբեմն
կը
տեսնուի,
ասդին
անդին,
խանութներու
առջեւ,
ժամուն
մօտերը,
ժամուն
աղբիւրին,
թաղին
մեծ
աղբիւրին
առջեւ.
կամ
իր
գռեհին
ծայրն
աւլելու
զբաղած,
անցորդ
ծանօթներու
հետ
խօսկցելով,
այնպիսի
բնականութեամբ,
ինքնիշխանութեամբ,
անանկ
լեզուանիութեամբ
մը,
որ
հազիւ
փախուկ
մը
պիտի
կրնար
կարծուիլ,
եթէ
ծանօթ
չըլլար
ամենուն
իր
խելացի
երեւալու,
օրինաւոր
թաղեցի
մը
համարուելու
հոգը
որ
զինքը
լեզուագար
կ’ընէ:
Ալ
միտք
չունենալուն
համար
եսականութեան
տեղ
սնափառութիւն
ունի:
Կը
պչրի
բոլոր
այն
յատկութիւններով
որոցմէ
զուրկ
է:
Իր
զազիր
կերպարանքով
բարեձեւութիւն
կը
ձեւացնէ.
ինքզինքին
տէր
ձեւանալու
եւ
ըլլալու
համար
գլուխը
շիտակ
կը
բռնէ,
աջ
ու
ձախ
կը
հակէ
զայն
անհուն
լրջութիւններով:
Ծռմրկած
կլոր
ֆէսը
սեւ
լաթի
մը
պիրկ
պատատով
զսպուած
է
պզտի
ճօճուն
ու
խռուամազ
գանկին
վրայ,
զայն
զսպելու
պէս.
դէմքը,
ճմրթկուած՝
կարծես
դիւային
ափի
մը
ճմլումով՝,
յեղյեղուկ
ու
կակուղ
միմքով
մը
ոգեւոր
է
ու
ցաւագին.
ծալուտ,
մազոտ
–
թէեւ
կ’ածիլուի,
–
աղբագոյն
ու
անորոշ
կերպարանք
մ’է
այն.
խօսակցելու
ատենն
իր
այնչափ
հանրածանօթ
յիմարութիւնը
ծածկելու
համար
կերպարանքն
ասդին
անդին
կ’ուղղէ,
եւ
ուշադրութիւն
թոյլ
չի
տար.
հպարտութեամբ՝
կ’ամչնայ.
եւ
հպարտութեամբ
զգալի
չընէր
իր
ամօթը.
կը
վախնայ
դէմքն
ուղղակի
երեսիդ
դարձնելէ,
եւ
այդ
դիրքին
մէջ
րոպէ
մը
զայն
պահելէ.
այդ
սուղ
միջոցին
մէջ
իր
նողկալի,
իր
յուսահատեցնող
դէմքը
սոսկալի
թշուառութեամբ
մը
կը
տանջագծուի
դէմդ:
Իսկոյն
անդին
կը
դառնայ,
առանց
խօսելէ
դադրելու:
Կը
սիրէ
խօսիլ,
հաւատալով
թէ
իր
լեզուանութիւնը
կը
հերքէ
իր
երեւոյթին
պատմած
աւերը:
Եւ
կ’երթայ:
Անկախ,
կարող,
կարեւոր
կարծուելու
համար
այնպիսի
քալուածք
մը
կը
հարկադրէ
ինքզինքին՝
որ
տաբատը,
լայն
ու
կարճ,
ու
բզքտուած,
տարօրինապէս
կը
ծփայ,
շարունակ,
վտիտ
սրունքներուն
շուրջը
որոց
կիսամերկութիւնը
կը
սուզի
կը
թաղուի
ահագին
քայքայուն
կօշիկներու
վատաբաղդութեան
մէջ.
մինչդեռ
պատառատուն,
ծուատ
վրանոցին
ծայրերը
կը
կախուին,
կ’երերան:
Կ’երթայ,
իր
թշուառութեանը
ճօճուն
բանայիրին
մէջ:
Յափրացուած
զուարճալիքի
արհամարհելութեամբը
կ’անցնի
կ’երթայ
փողոցներէն,
եւ
կը
թուի
իրեն
թէ
ատիկա
տիրացուած
պատուաւորութիւն
մ’է:
Բայց
յաճախ
զուարճութիւնն
է
թաղեցի
կնիկներու
որ
ծրարներ,
իրեր
կրել
կուտան
իրեն.
փողոցի,
պարտէզի
գործեր
կը
յանձնեն.,
անցորդներու
որ
յատկապէս
կը
բարեւեն
զինքն,
իրմէ
բան
մը
լսելու
համար,
եւ
աւելի
յաճախ՝
զբօսանքը
դպրոցի
տղաքներու
որք
իրիկուան
դէմ
աղբիւրէն
ջուր
կրած
ատենը
կը
հանդիպին,
եւ
չեմ
գիտեր
ինչ
կ’ընեն
իրեն
որ
կը
տեսնուի
թէ
բարկացեր
է
նորէն.
ու
կը
պօռայ,
կը
խօսի,
կը
գանգատի,
ճամբան
գացած
ատեն
ետին
դառնալով.
թէ
պօռալէն
կը
տրտնջայ
իր
խոնաւ
ձայնով
ուր
իր
փտուն,
բորբոսոտ
բառերը
կ’ընդխառնուին,
զիրար
կը
հրմշտկեն,
կը
դիզուին,
կը
յորդեն,
անհասկնալի.,
թէ
սաստիկ
բարկացեր
է,
ու
վար
կը
դնէ
ջուրով
լի
զոյգ
թիթեղ
դոյլերն,
ու
կը
կենայ,
կը
քֆրէ,
կը
խօսի,
կը
պօռայ,
կը
գանգատի,
ու
կը
քֆրէ,
–
կը
դառնայ
դոյլերը
կը
վերցնէ,
ու
կ’երթայ,
մռլտալով,
խօսելով,
գանգատելով,
թէ
նորէն
ձախ
ուսին
վրայէն
ետին
կը
դարձնէ
գլուխը,
կը
պօռայ,
վշտագին
կերպով
ապշած,
ու
կը
գանգատի,
կը
խօսի
անընդհատ,
նեխած
վիրաւոր
աղաղակով,
թէ
նորէն
գլուխը
կ’առնէ
կ’երթայ,
տաբատը
ծփուն,
գլուխը
տատանելով,
թէ
միեւնոյն
բանը
կը
խօսի
դեռ,
կը
մռլտայ,
դարձեալ
ետին
կը
դառնայ,
աջ
կողմէն,
յետոյ
նորէն՝,
ձախէն,
կը
կենայ,
վա՛ր
կը
դնէ
դոյլերէն
մէկն
ու
թեւը
երկարած,
ափը
բաց
կը
գանգատի,
ապշած՝
դպրոցականներուն
լրբութենէն,
թէ
գլխովը
յիշոցը
կուլ
տալու
ձեւ
մը
կ’ընէ
պարկեշտօրէն,
ու
դոյլը
կը
վերցնէ,
ու
ճամբան
ձեռք
կ’առնէ
կրկին,
կը
խօսի,
կը
խօսի,
հեռացած՝
ստամբակներէն
որք
գուցէ
մոռցած
են
զինքը,
գուցէ
տուն
հասած
արդէն,
թէ
սակայն
դեռ
կը
խօսի,
կը
կշտամբէ,
կտրուկ
յիշոցով
մը
կ’աւարտէ
գանգատներուն
շարքը
զոր
կը
վերսկսի,
գլուխը
կը
հակէ
աջ
ու
ձախ,
զարմանալով,
հայհոյութիւններ
կլլելով,
ապշելով
սրիկաներուն
ստամբակութեան
վրայ,
ու
կը
գանգատի,
կը
մռլտայ,
կը
խօսի,
կը
խօսի,
յանկարծ
դոյլերը
վար
կը
դնէ,
ետին
կը
դառնայ,
բազուկը
առաջ՝
կը
պօռայ,
ու
կը
կշտամբէ,
կը
քֆրէ,
կը
կշտամբէ,
կը
կշտամբէ,
կը
քֆրէ,
կը
դառնայ
ուժգին
կը
վերցնէ
դոյլերը
որ
ցնցուելով
ջուրի
ապտակներ
կը
փսխեն
իր
ծունկերուն,
ու
կը
քալէ
կ’երթայ,
թեւերը
պիրկ,
խարխլելով,
տաբատը
մոլեգին,
գլուխը
ձախ
աջ
հակելով,
ապշելով
ստամբակներուն
սրիկայութենէն,
որ
իր
երեւակայութիւնը
պիտի
հալածէ
դեռ
նոյն
իսկ
երբ
հասնի
իր
տնակն,
ու
դոյլերը
վար
դնէ
իր
կոպղիզուած
դրան
խաղաղութեանն
առջեւ,
մռլտալով,
խօսելով
միշտ,
գանգատելով
դեռ,
տակաւին
ապշած՝
մինչեւ
որ
սկսի
լուալ
իր
որջին
ներսն
ու
դուրսը,
ներսի
խորհրդաւոր,
անծանօթ
խաւարը
լուալ,
ինչպէս
տնակին
տախտակորմը,
դուռը,
տունը
ամբողջ,
ինչ
որ
կ’ընէ
արդէն
յաճախ,
մաքրամոլ
ու
գձուձ
խենթը:
Իսկ
գիշերները
կուգայ
վերջնապէս
ներս
կը
մտնէ,
ցած
երդիքին
տակը.
անոր
մութ
ինքնամփոփմանը
մէջ
հանգչելու,
միակ
գահավէժ
բաբախիւն
խրճիթին
վաղեմի
անշարժութեանը
մէջ:
Այն
ատեն,
երբ
ձայները
լռած
են
դուրսը,
խեղճ
թաղին
ամայի
գիշերին
մէջ,
ու
իր
տախտակորմին
քանի
մը
նուրբ
ծերպերուն
մէջ
ճրագի
մը
շէկ
ճառագայթն,
անորոշ,
կը
լուսագծուի՝
իր
ստուերային
ձայնը
կ’ելլէ
տախտակորմին
ետեւէն:
Միայնակ
կը
խօսի
հոն,
ազատ
ու
կծկուած՝
ընկրկող
խրճիթին
մէջ
որ
աշխարհէն
կը
մեկուսանայ
կարծես՝
աւելի
աղէկ
պատսպարելու
իր
ճշմարտապէս
անաշխարհային
բնակչին
ցնորածուփ
հոգին:
Անցեալ
գիշեր
նորէն
գացեր
էի
զինքը
մտիկ
ընելու:
Ձայնը,
մգլոտ,
խղդուկ,
կ’ելլէր
տախտակորմին
ետեւէն.
մութ,
խուլ
ձայն
մը
որ
աւելի
կը
թաղուէր
քան
կ’ելլէր,
եւ
գուշակել
կուտար
ցած
ու
սեւ
առաստաղը
որ,
կախուած,
զայն
կը
ծծէր,
ու
խաւարին
անկիւնները
որ
կ’ուտէին
զայն,
–
կցկտուր
ձայն
մ’ուր
բառի
ծայրեր
կ’առկախուէին
լռութեան
մէջ,
յետոյ
մերթ
տակաւ
արագ,
միայար,
գահավէժ,
ուր
վանկերը
կ’ընդբաղխէին,
կը
խզուէին,
կը
ճզմուէին,
ոգեւորուած՝
ընտանի
շեշտով
մը
որ
չես
գիտեր
որու
կ’ուղղուէր
եւ
երկբայիլ
կուտար
խենթին
առանձնութեան
վրայ
որ
ինչպէս
միշտ՝
բացարձակ
էր
սակայն,
–
մերթ
բրդած
ու
ոլորուած՝
միամիտ
հարցականութեամբ
մը
որ
կարծես
պատասխանի
մը
կը
սպասէր,
եւ
նորէն
կարծել
կուտար
թէ
իրօք
մինակ
չէր
խենթը,
թէ
խղիկին
մէջ,
իր
քովն,
իր
երեսը
նայող
կերպարաններ
կային…
մինչ
իրապէս
միայնակ
էր
խենթը,
տարաբաղդ
ամայութեան
մը
մէջ
ուր
իր
երանաւէտ
տանտէրութիւնը
կը
վայելէր,
կը
մենըմբոշխնէր,
–
յանկարծ
կասելով,
զարմանալի
լռութեամբ
մը,
քիչ
մը
երկիւղալի…
որ
զառանցանքի
երանգ
մ’էր,
խենթութեամբ
լեցուն,
ամեն
դիւային,
ցնորական
կարելիութիւններով
բեղուն,
որ
գոց
դրանը
յանկարծակի
բացուելուն
սպասել
կուտար,
եւ
իր
ուրուային
երեւման,
ձեռքը
փայտ
մը…
եւ
որու
վրդովիչ
տարտամութիւնն
ինծի
փախուստի
սրտատրոփ
քայլ
մը
փորձել
տալէ
վերջը
կը
ճշդուէր,
կ’արդարանար՝
տեղափոխուող
իրի
մը
խուլ,
ապուշ
աղմուկով,
ու
կը
մտածէի
թէ
խենթը
նեղուելու
չէր
լռիկ
անվնաս
ունկնդրի
մը
ներկայութենէն,
թէ
ախորժելու
էր
նոյն
իսկ
աւելի
թուով
ունկնդիրներու
անձայն,
գրեթէ
երկիւղած
ուշադրութենէն,
–
ու
շարունակուելով
միշտ,
յաճախ
դադրիլ
թուելէ
ետքը
վերսկսած,
երկարաձգուած,
նոյն
շեշտով
որ
կը
բացատրէր,
կը
խրատէր,
բարեմտօրէն
ստորակիտուած
հայրականութեամբ
մը,
ստէպ
ինքզինքն
ընդմիջելով
թեթեւակի
յանդիմանական
ու
պարզամիտ
հարցումով
մը.
«Հասկցա՞ք…»
որ
անպատճառ
ու
աւելի
որոշ
ծրագրել
տուաւ
ինծի
այն
միւս
անիրական
կերպարանները
որ
խենթին
կը
նայէին
ճրագին
լոյսով,
եւ
զոր
յիմարին
աչքը
կը
տեսնէր,
–
մինչ
յանկարծ
խեւ
քահքահ
մը,
թաւալգլոր՝
անփոյթ
փակագիծ
մը
կը
խօլարձակէր
ողորմելի
ձայնին
ա՛լ
կէտադրազուրկ
լրջութեան
մէջ,
որու
անյապաղ
վերերեւումէն
կը
խղդուէր
շուտով,
ցաւագին
կերպով
կտրուկ,
վաղանցուկ,
նորէն
ցայտելու
համար,
յետոյ
իսկոյն
նորէն,
շնչասպառ
մենախօսութեանը,
քարոզին
տենդին
մէջ
որ
գիշերին
մէջ
կը
թաւալէր
խորունկէն,
եւ
զոր
գռեհին
մէջը
մինակ,
կը
լսէի
փակ
դուռին
հակած,
իր
արտաքնուող
տեսիլներուն
մէջ
ապրող,
ազատութեամբ
առանձին
խենթին
երանութեանը
գաղափարին
տակ
կարծես
կքուն:
–
Գիշեր
էր,
եւ
իր
տնակին
մէջն
էր
այն.
հանգչելով
ապրուստի
տաժանքներէ
ու
օրուան
ստորնացումներէն.
իր
ճրագին
ստուերալի
լոյսը
կը
լուսաւորէր
անոր
քայքայուն
ու
միսդիք
Եսը,
չափերէ,
սահմանումներէ
ազատ:
Իր
սնափառութիւնը՝,
ցորեկուան
մարդոց
«գերազանցութեան»
տեսարանէն
անկաշկանդ,
նաեւ
խղիկին
–
որ
իրենն
էր,
ու
թաղն
ու
աշխարհը
կը
ծածկէր
իրմէն,
–
խղիկին
սեղմողութենէն,
կեդրոնացուցչութենէն
ամփոփուած,
բռնի
ու
երանաւէտ
արժանապատուութիւն
մը
կ’ըլլար,
ու
կը
յագենար
մտացածին
ունկնդիրներու
հլութեան
մէջ.
յանդիմանելու,
խրատելու,
բարոյախօսելու,
բարեմաղթելու
աւիւնով
մ’ուր
կը
տրոփէր
իր
խորհրդանշականի,
խենթի
միսդիքականութիւնը,
–
կրօնական
լուսանշոյլ
գաղափարներու
անդրաշխարհին
մէջ
իր
յափշտակումն,
արտայայտուած՝
եկեղեցական
բառերու
երջանիկ
աղաւաղմամբ
որու
շեշտը
բուն
բառերուն
աղօտ
ու
լուրջ
իմաստին
ոլորակն
ունէր
ու
զգայութիւնը
կուտար,
եւ
կը
բաւէր
խենթին,
ու
իր
ունկնդիրներուն,
-
եւ
գրաբար
ձայներու,
գրաբար
վանկերու
խունկ
փշրանքին
մէջ
վիժուած,
խեցբեկուած
շարունակ:
Իր
արտայայտութեանը
խորշոմները
կը
սուզէր
իր
անաշխարհային
տեսիլներուն
հաճոյքին
մէջ,
որոց՝
լռանդորր
գիշերը
թոյլ
կուտար
ծնիլ
իր
թշուառութենէն,
հիւղին
մէջ
արտանկարուելու
ճրագին
լոյսով.,
որոց
լուսեղէն
հմայքին
մէջ
կը
նստէր,
կը
զուարճանար,
կ’աղօթէր,
այնքան
միօրինապէս
ու
երկարօրէն
որքան
խօլական
ու
քրքջեցնող
տեսիլներու
փախչկոտ
կամ
դեռկայուն
երեւումները
կը
թոյլատրէին:
Մտիկ
կ’ընէի
անոնց
անցքէն
ետքը
վերստին
երկարաձգուող
իր
մեծ
բառերը,
որոց
անհունութիւնը
կրնար
րոպէ
մ’ընդգրկուիլ
իր
մենաւոր
տեսլականութենէն,
իր
ջղագար
լուսաջիղին
արբշռութեամբ,
իրենց
անկապ
մտապատկերի
անյարաբերականութեան
ուժով.
եւ
կը
նշմարէի՜
իր
ակնայեռ
ունկնդիրներուն
աչքին
կայծն,
երբ
իր
բառերու
ողորմուկ
խառնաղանճին,
աւլուքին
մէջ
լուսաւոր
իմաստներ
կը
ցայտէին
ու
կ’անցնէին:
Իր
անյօդ,
իր
անվերջանալի,
անընդհատ
վերջաբանող,
ուրեմնաբանող,
եւ
անզգալաբար
ետ
դարձող
ու
վերսկսող
քարոզը
որքան
յատակերպումն
էր
իր
անկախացմամբ
մարդանալուն՝
նոյնքան
պատրուակ
մ’էր
իր
խեղճ
գոյութենէն
լուսածնող
ըղձանկարուող
տեսիլներու,
զոր
կը
յայտնէր,
կը
ներբողէր,
զանոնք
ըմբռնած
ըլլալու
դիւրութեամբ,
անոնց
երկնայնութեան
արժանի
եղած
ըլլալու,
անոնց
վերաբերելու
անկասկած
վստահութեան
ընտանութեամբը,
հեշտագին
ու
անյագ,
իր
փտտած
ու
մութ
ձայնով,
դէմքին
խորշոմուտ
դիւայնութիւնն
ուսերուն
մէջ
անշուշտ
կծկած,
արբշիռ.
–
Աստուածամար…
Սուրբ
Աստուածածին…
կ’ըսէր
աղբիւսոտ
ձայնը,
տախտակորմին
ետեւէն:
Եւ
պահ
մը
լռելէ
ետքը,
լուսաղօտ
գաղափարը
կարծես
լաւ
եւս
ճաշակելու
համար,
մեղմաձայն
կրկնեց.
–
Սուրբ
Կոյս…
Եւ,
այն
կարճ,
հիացական
լռութեան
մէջ
որ
առանձնացուց
այդ
բառը
որ
լռած՝
դեռ
կը
լսուէր,
յիմարը
կը
թուէր
ըմբռնել
Կուսութիւնը…
լուսեղէն
միութիւնը,
լիութի՛ւնը,
եւ
իր
ճեւեղիկի
յառումով,
իր
կիսախուփ
թարթիչներուն
մազմզուքներով,
իր
խորշոմներուն
ծծողութեամբը,
իր
անդրատենչ
խոհալքին
գաղջ
խոռոչներով
կը
թուէր
ներհոսել,
ներմզել,
ըմպել
ինչ
վճիտ
երանութիւն
որ
կը
թրթռար
կուսութեան
շուշանաստղային
գաղափարին
մէջ,
Կոյսին
գեղեցիկ
սրբութեանը
մէջ,
Կոյսին
անձին
մէջ,
զոր
խենթին
աչքը
տեսաւ
թերեւս
աղօտ
ու
լուսաշող
փայլակի
մը
յամր
քթթումով:
Եւ
մինչդեռ
ես,
անոր
ցնորածուփ
միսդիքականութենէն
տարուած,
անորոշ
սարսուռով
մը
կը
նայէի
գիշերին
բարձունքը,
կապոյտ
անեզրութեանց
մէջ
շողացող
աստղերուն,
զգայարանքներս
բաժնած՝
տիեզերքին
ու
խնթին
միջեւ՝,
անոր
խորհրդանշական
անբացատրելի
բառը՝
Կո՛յս՝…
տարտամ
յափշտակութեանս
վերեւ
կը
ծփար,
–
ինչպէս
կը
ծփար,
կը
ծխառկախուէր,
նուաղուն՝,
լռութեան
թափանցկութեանը
մէջ,
տարօրինակ,
ու
ապշեցնող՝
անհուն
անշշունջ
գիշերին
մէջ
միայնակ
արձակուելով
երդիքին
խուլ
զառանցանքէն,
գիշերին
անշշունջ
անհունութիւնը
լեցնելով
իր
միակ
քաղցրոլոր
վանկին
մէջ
հոծուած
իմաստին
եթերայնութեամբ
որով
կը
ծաւալէր,
կը
վերանար,
գիշերին
վեհութիւնն
օծելով
սրբութեան
շունչով
մը
հալուէի
աներեւոյթ,
այերային
պարոյր՝
անյայտ
ու
խօլական
բուրվառէ
մը
հառաչուած,
անձայն
խաղաղութեանց
մեծութեան
մէջ
ամօթլեած
դշխոյութեամբ
մը
մոլորուն…:
Սակայն
այս
խենթը
նաեւ
մեռելի
կ’երթայ:
Թաղին
եկեղեցւոյն
ամեն
մեռելներուն
կ’երթայ,
եւ
այդ
ամեն
«ննջեցեալ»ներուն
երկիւղած
յուղարկաւորն
է:
Չի
ճանչնար
զանոնք,
յաճախ:
Կը
բաւէ
գիտնալը
թէ
երէկ
ապրող
մարդեր՝
ա՛լ
մեռած
են
այսօր:
Իր
մենակեաց
քրիստոնէի
ու
յիմարի
անդրատենչ
զգայնութիւնը
կը
հետաքրքրուի
մահուան
խորհուրդով
որ
մեռելներուն
մշտանոյն
դալուկին
մէջ
կը
լռէ
իր
անհունութիւնը,
եւ
որու
հետ
ժամու
մարդոց
թախծալի,
սոսկալի
ընտանութիւնն
ունի.
եւ
աշխարհէն
իսկապէս
անջատ
խենթը
իր
տնակէն
կ’ելլէ
կ’երթայ
նայելու
աշխարհէն
մեկնող
մարդը:
Թերեւս
ոչ
ոք
անոնցմէ
որ
մեռելին
պիտի
գացած
ըլլան՝
այնքան
խորապէս
պիտի
զգան
Մահը
որքան
ինքը,
որովհետեւ
մեռնողն
անծանօթ
է
իրեն.
ընդհանուր
մեռել
մ’է.
մեռելն
է:
Յուղարկաւորները
կը
տխրին.
իրենց
զգալու
եղանակը
կը
տրամադրուի
աշխարհէն
որու
կապուած
են
դեռ,
եւ
որու
համեմատ
կը
դատեն
անկէ
անջատումն
ալ:
Միսդիք
ու
խորհրդանշական
խենթը
կը
յառի
մահուան՝
իբրեւ
նոյնութեան,
ամբողջութեան,
խաղաղութեան
անդրաշխարհի
մը,
անքայքայելի
միութեան
մ’ազատութեանը
ձգտող
սրբացման
մը,
քաւութեան
մը,
կարծես
կուսացման
մը:
Աստուծոյ
կատարելութեանը
գացող
մեռելին
չուն
պատշաճագոյն
անդրուվար
մը
կ’ըլլայ
իր
անդրհայեցութեան,
եւ
կ’երթայ,
անփոփոխ
կերպով,
ուղեկցելու
տմոյն
ճամբորդին,
երբ
իր
երդիքին
ետեւէն
մօտակայ
ժամուն
մեռելական
զանգակն
իր
առաջին
ղօղանջը
նետէ:
Կը
սիրէ
թերեւս
դիտել
զանգակատան
բարձր
պատուհանները
որոնց
մէջէն
կապոյտ
երկինքը
կ’երեւայ,
երկինքի
պատառ
մը,
սղանկարուած
անդրաշաւիղ
ուր
կը
ծածանի
ու
կը
թռչի՜
զանգակը.
եւ
թերեւս
կը
մտածէ
թէ
որքա՛ն
խորին
է
հոն
երկինքը,
զանգակատան
պատուհաններուն
մէջէն.
թէ
որչա՛փ
ա՛ն
ըլլալու
է
բուն
երկինքը,
ուր
թեւող
զանգակը՝
դէպի
հոն,
դէպի
երկնային
անդրաշխարհը
մեծ
ձգտումի
մը
խաչակնքող
թեւատրոփումը
կ’երգէ,
–
վասնզի
ամեն
առիթներուն
մէջ
ուր
զանգակը
կը
հնչէ՝
նոյն
ձգտումը
կը
բաբախէ
միայն,
եւ
տօներուն
լուսաշող
բերկրանքը,
աղօթքներու
ամենօրեայ
վերառաքումն,
աղէտին
սոսկումը,
մահուան
խորհուրդը
զոր
կը
պատմէ
զանգակը՝
անդրաշխարհին
ձգտելով
անոր
երանութեանը
մէջ
կը
միանան,
ինչպէս
կը
միանան
զանգակին
հնչիւնին
իսկ
մէջ,
որ
անոնց
առերեւոյթ
զանազանութիւնը
կը
ջնջէ
իր
մարդկայնօրէն
օտարական
աղաղակին
մշտանոյն
ղօղանջով.,
որ
աղէտին՝
ինչպէս
տօնին
երկրաժեշտը
պատմելով
մա՛հը
միայն
կ’աղաղակէ
իր
զարկին
մետաղ
ու
ահաւոր
լաւատեսութեամբը.,
մեծ
վերադարձին
փառքը
կը
վիպէ
իր
զարկին
թրթռագին
ու
խորին
այերհալմամբ,
ու
եթերին
մէջ
արձակուած
իր
երկնաչու
կշռոյթին
խելայեղ
երանութեամբը
վերադարձի
գաղափարին
յաղթանակը
կը
ճօճէ.,
որ
երեւութապէս
ազդարարութիւն,
հրաւէր,
հառաչանք՝
յաւէտ
կը
խուսափի
կեանքէն.,
որ
յաւէտ՝
յաւերժական
նոյնութիւնը
կը
փառաբանէ
միայն.,
որու
անձնիւր
հունչը
շքեղ,
անսահման
թեւաբախում
մ’է
Նոյնութեան
մէջ.,
եկեղեցւոյն
անփոփոխ,
ու
խուսանուագային
(fuguռ)
աւա՛չը,
խորհրդագէտ,
ու
գերմարդկային,
որ
ցաւատանջ
հարցումներու
կրկնապարոյրներուն՝
իր
ձայնին
մէջ
դալկահար
պարզումով
ցնորափառ՝,
ու
ալեւոր
անմեռ
համոզման
հզօր
սարսուռով
դողդոջուն,
եւ
անդրատենչութեամբ
մոլեգին
պղինձ
արցո՛ւնք՝
կ’իյնայ,
կ’իյնայ
մտքիս
մէջ,
ու
խենթի՜ն
ալ
հոգւոյն:
Երբոր
յուղարկաւորներէն
մէկն
ալ
ես
եմ՝,
եկեղեցին,
բազմութեան
մէջ
կը
փնտռեմ
խենթին
գլուխը.
ինչպէս
կը
սպասե՛մ
Դատեա՛,
Տէրին:
Եթէ
չերեւար՝
ըսել
է
պիտի
գայ
դեռ
կամ
ըսել
չէ
թէ
եկած
չէ:
Յանկարծ
կը
տեսնեմ
զինքը,
մեծ
պատուհաններէն
մէկուն
առջեւ,
պաղ
ճերմակ
լոյսին
մէջ
խօլանկարած
իր
կիսադէմքին
մութ
դիւայնութիւնը:
Ֆէսը
հանած
է.
բայց
իր
թաւ
գլուխը
կը
ցցուի՝
ֆէսին
կաղապարումէն
ծոծրակին
վրայ
սողուն
ու
գագաթին
վրայ
խռուադէզ
մազերով
որոց
տակ
կը
կծկուի
իր
կիսադէմքին
տտիպ
ու
կծու
կնճիռը,
գլուխներու
բազմութեան
մէջէն
դէպի
մթին
խորանը
կամ
խնկալի
արարողութիւնը
սեւեռեալ:
Երբեմն
ետին
կը
նայի,
գլուխը
ծուռ՝
բազմութեան
լրջութեանը
մէջ
երեւցնելով
արտայայտութեանը
քստմնած
ցնորքին
զաւեշտական
ու
ողբագին
անակնկալը.
ու
կը
դառնայ
նորէն,
առջի
դիրքին
հայեցողութեանը
մէջ
սուզուելու,
կրցածին
չափ
հետեւելու
սաղմոսերգութիւններուն
ծանր
ոլորակին
որ
բուրվառուած
խունկին
վերճեմող
ծփումներուն
բաղհիւսեալ՝
կը
պատէ,
կ’ամպհովանաւորէ
ու
կը
վերացնէ
մեռելին
խաւարը,
մխացող
կերոններուն
վսեմ
այրման
տակ
պառկած,
իր
մթութեան
տօնէն,
իր
ոչնչացումէն
արբշիռ:
Մեծ
պատուհանին
լոյսին
մէջ
կը
տեսնուի
խենթին
խաչակնքող
բազուկին
ելեւէջը,
քանի
մը
անգամ:
Իր
հոգին
կը
մոլորի,
կը
պարէ,
գորշ,
խնկաբոյր,
սոսկալի,
երանաւէտ
բաներու
մէջ:
Տարտամօրէն
կը
սոսկայ
Աստուծմէ.
եւ
կը
վստահի,
կը
հաւատայ
անոր:
Քահանայ
մը
գիրք
մը
կը
կարդայ.
կարդացածը
վճիռ
մը,
դատապարտութիւն
մը
կը
թուի.
օրհնութիւն,
սրբագործում,
յայտնի
չէ
թէ
ի՛նչ
անողոք
ու
գորովալի
բան
է
այն:
Մեռելին
վախճանին
մէջէն
կատարումը
կը
զգայ:
Կ’ուզէ
քահանայ
ըլլալ.
մեռել
ըլլալ.
առողջ
ու
անմեղ
ապրիլ:
Այնպիսի
բաներ
կ’երեւակայէ
որ
յանկարծ
շուրջը,
ետին
կը
նայի.
կարծելով
թէ
տեսան
զինքը,
ըրածը:
Աղօթքներուն
վանկերուն
մէջ
ձայնական
ու
տարօրինակ
իմաստներ
կը
զգայ.
վերջաւորութիւնները,
շեշտերը,
կ’երկննան
մտքին
մէջ,
կը
լեցնեն
զայն.
եւ
ամեն
ինչ
անհետ
կ’ըլլայ
բռնաւոր
վանկի
մը.
խազի
մը
անորակելի
ապշութեանը
մէջ.
կը
թուի
իրեն
թէ
անգամ
մը
պօռաց
այդ
վանկը:
Յանկարծ
կը
մարդոտի.
կը
շտկուի.
Աստուծոյ
գոյութիւնը
կը
զգայ
ամեն
բանի
մէջ.
կը
պատկառի
մեռելէն
որ
անշուշտ
գիտէ
զԱստուած,
եւ
որ
իր
փառքը
կը
վայելէ,
գոհ
է
եղանակներէն,
աղօթքներէն,
սեւ
յորդ
թաւիշէն
որուն
տակն
է.
կերոններէն
որ
բոցեղէն
աչքերով
եկած
կեցած
են
իր
շուրջը,
աղջիկներու
պէս,
հրեշտակներու
պէս,
ու
ճօճանշոյլ
բուրվառէն
ամպ
ամպ
ժայթքող
խունկէն:
Եւ
երբ
ապրող
մարդերուն
վերջին
աղօթքը
ծանր
ու
գերագոյն
աղաղակով
մը
կ’անդրանկարէ
եթերային,
օրհներգէ
ճամբան,
երկարաձգուած՝
երջանկութեան
անջրպետներուն՝
Ճանապա՜րհ
ընդ
քեզ
ելից…
ուր
պիտի
մխրճի,
ուր
կը
սկսի
մխրճիլ
մեռելը,
խենթին
հէք
անդրատենչութիւնը
կը
ձգտի
վերացող
մեռելին
փառաւոր
անդորրութեան,
ու
խաչակնքելով
կը
թուի
թէ
կ’ուզէ
կառչիլ
մեռելին
պատանքին,
իբրեւ
անոր
ճերմակ
թեւերուն:
Դուրսը,
դանդաղ
թափօրին
ծայրն
է.
յամրաքայլ,
մարդու
պէս
կը
հետեւի
մեռելին՝
որու
արհամարհանքը,
շքեղ,
յաղթական,
զուարթ,
կը
ծածանի
լոյսին
մէջ,
գլուխներէն
ու
աշխարհայնութիւններէն
վեր,
ըմբռնելով,
ըմբռնելով
զանգակին
անհուն
ղօղանջը
եւ
արդէն
ողողուած՝
պայծառութեամբը
պարզութեան,
նոյնութեան
գաղափարին,
Ամենայնի
գաղափարին,
որ
իւրացնելու
անկարող
կեանքին
տառապանքն
է
եւ
անդրաշխարհին,
եւ
մեռելին
երանութիւնը:
Եւ
երբ,
յամրօրէն
ելլելով
գերեզմաննոցին
ճամբէն
վեր,
որու
բարձունքին
պարապին
վրայ
սեւանկարուած
կ’ուղեւորի
յուղարկաւորներուն
կոյտը,
եւ
ուր,
երկինքին
մէջ,
խաչը
կը
ցցուի,
կը
հեռանայ,
ու
մերթ,
ճառագայթէ
մը
կը
փայլատակէ՝,
երբ
թափօրը
վերջապէս
կը
հասնի
գերեզմաննոցը
եւ
կը
խոտորի,
կը
քայքայի,
կ’երկննայ
կողմնակի
կածանի
մը
մէջ
որու
ծայրէն
թռչող,
երկարաձգուող
օրօրին
ու
յաւերժական
անուրջին
մէջ
մեռելը
կը
թալանայ,
Դա՜րձ,
անձն
իմ,
զի
Տէր
կոչեաց
զքեզ…
–
երբ
մարդերը,
հեռացած
դագաղին
ետեւէն
դէպի
աներեւոյթ
փոսը
կը
դիմեն,
դիակին
թաղուիլը
տեսնելու,
այն
ատեն
թերեւս
խենթին
սրտի
զարկերը
քայլափոխներ
կը
թուին
իրեն
դէպի
յաւիտենութիւն
ուր
աւելի
քան
ոչ
ոք
մօտեցած
է
արդէն,
իր
լուծանջատ
մտքին
միակ
անհնարին
ձգտումովը
դէպի
բացարձակ
միութիւնը: