Երբ այլեւս չեն սիրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
ԽԸՍՄԷԹ

Ծննդեան առաւօտն էր, եւ դեռ այգը չծագած եկեղեցիին զանգակները կը ղօղաչէին տօնական օրերու յատուկ ծեքծեքումներով. հայ, մանաւանդ ժողովրդական թաղերու մէջ սկսած էր ոգեւորութիւնը եւ ամէն հասակէ մարդիկ, նոյն իսկ ոմանք հարբուխոտ, ցրտին եւ խոնաւ մթնոլորտին մէջ ձգելով իրենց խռպոտ հազերուն երկարատեւ արձագանգը. կը դիմէին եկեղեցի։ Երանիկ հանըմ եւ աղջիկը աւելի, կանուխ, գացեր տեղաւորուեր էին վերնատան առաջին շարքին վրայ եւ հակառակ ցուրտէն տանջուելնուն համբերութեամբ կը սպասէին։

Փոխն ի փոխ մրափելով եւ սթափելով հետեւեցան ժամերգութեանց. «Առաւօտ լուսոյ»ի ժամանակ՝ շարականին պարզ եւ լայն եղանակներէն ու ծնծղաներու զուարթ թափերէն ոգեւորուած ճշմարտապէս զգացին թէ աւետիս մը կը ծածանէր միջոցին մէջ ու իրեն հոգին խառնուեցաւ ընդհանուր փառաբանութեան, բայց հետզհետէ կրկին մտան երկարաձգուող եւ ողբական եղանակներու ազդեցութեան ներքեւ մինչեւ պատարագը։

Եկեղեցին այդ պահուն լեցուած էր արդէն. վերնատան մէջ իրենց ետեւ, նստարաններ գրաւուեր էին մինչեւ յետին շարքերը. պաղ եւ տմոյն լոյս մը, մշուշանման ճերմակութեան պէս կը մաղուէր պատուհաններէն եւ պլպլացող մոմերուն ճանանչերը կը տժգունէին հետզհետէ։ Եւփիմէ վերջնականապէս սթափած, ոտքի ելաւ, խաչակնքեց եւ աչքերը յառեց խորանի մեծ ջերմեռանդութեամբ։

Պատարագին ամբողջ տեւողութեանը անոր հոգին խռոված մնաց սրբազան երժշտութենէն եւ այդ հոգեկան դիւրազգածութեամբը խորհեցաւ իր վիճակին եւ նշանածին վրայ երբեմն պատրաստակամ էր ներելու Խաչիկին եւ վերջնականապէ սկրթնելու անոր զօրեղ բազուկին. երիտասարդ էր, կանանճ-կտրին, աւելի աղեկ չէ՞ր աչք գոցել պզտիկ պակասներու. ծլէին, ծաղկէին, զաւակներու տէր ըլլային… խեղճը ի՞նչ ըրած էր վերջապէս. ամէն օր ծովին եզերքը արիւն քրտինք կը թափէր. ամօթ չէ՞ր կաղանդին նուէր մը բերած չըլլալուն համար երես դարձնել, քէն ընել։ Քանի օր է որ Խաչիկ հասկնալով որ սեւ կատու անցած է մէջերնուն, աչքը երեսնին մնացեր էր. ինչ ընելը չէր գիտեր. սիրտը մեծ, հոգին հպարտ էր, անոր համար բերանը չէր բանար, խօսք չէր ըներ, հետեւաբար չէր գիտեր թէ ինչո՞ւ սրդողած էին իրեն, բայց Եւփիմէ հասկցեր էր որ անոր սրտէն արիւն կերթար կոր։

Իր ժողովրդական խաւերու յատուկ ողջմտութեամբ եւ բարութեամբ յանկարծ մտադրեց նշանածին սիրտը առնել. երեսին խնդալ. յիշեց Խաչիկին առատաձեռնութիւնները, յիշեց նաեւ իրենց քաշած չքաւորութիւնը. պզտիկուց հայրը կորսնցուցեր էր, տային խեր մը չունէր իրենց, վաստակած քանի մը փարան հազիւ օղիին կը բաւէր, էրիկ մարդու հաց կերած չէին գիշեր, ցորեկ տատելով, խալէմին ծայրովը կը հոգային ամէն բան. իրենց կը վայլէ՞ր որ քիպարի կնիկներու պէս գոհարեղէնի համար խըռ ընէին, իրարու սիրտ կոտրէին.

Մատնին ի՞նչ պիտի ընեմ խորհեցաւ հպարտութեամբ ձեռքերուն նայելով որոնք հակառակ շարունակ աշխատած ըլլալուն նուրբ եւ փափուկ էին։

Պատարագւորին երկարաձիգ ձայնը պահ մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց բոլորովին. «Առէք, կերէք»ի խորհրդովը վերացած քանի մը անգամ խաչակնքեց եւ մինչ տիրացուներու ռնգային ձայները կը փառաբանէին, աչքին ծայրովը տեսաւ մօրը սեւ եւ չոր սիլուէթը որ հակած դեպի ուրիշ կին կը խօսակցեր եռանդով. յանկարծ մտաբերեց անոր զայրոյթները եւ նոր յոյսերը, աչքին ներկայացաւ վարպետին նիհար ու տժգոյն դէմքը եւ անոր աչքերուն անասնական արտայայտութիւնը, իրեն թուեցաւ որ հակառակ իր ամբողջ կորովին իր սիրտը կը գողնային, հեշտագին ու միանգամայն ցաւագին սարսուռ մը անցաւ հոգիին մէջէն՝ մանաւանդ երբ լսեց թէ վարպետին կնոջը մասին կը խօսակցէին։

Շատ ծանր, այսօրուան վաղուան է եղեր, կ՚ըսէր մայրը մասնաւոր եռանդով մը։

Զաւակ ալ չունեցան, մրմնջեց անարիւն կին մը գլուխը ցնցելով։

Աստուած լերան նայեր ձիւնը անոր կէօրէ տուեր է, ըսաւ սգաւոր պառաւ մը, միջամտելով եւ շարք մը անէծքներ թափեց Յակոբճան աղային գլխուն. աղջիկս փորը բերնին յղի էր, ափ մը ջուր ճայիլ՝ որբեւայրի մնաց, փեսան իր քով կ՚աշխատէր, ծովերուն եզերքը փտտեցաւ, կէնճ ու կանանչ հողեր առաւ պառկեցաւ. գացի ոտքը ձեռքը ինկայ… սա օրերը անցնին, մէյ մի փուշը ոտքէն ելնայ, աղջիկս նորէն կ՚աշխատի, կը վճարէ ըսի. մուտառը. քարի պէս խուլ մնաց… օխ ասրտելու համար չէ, ամա Աստուած ալ իրեն չձգեց.

Է՜յ, ողորմած Աստուած, կը մրմնջէր ուրիշ կին մը բազկատարած, արձականգ ըլլալով սգաւոր պառաւին խօսքերուն։ Ամէնքն ալ պահ մը լուռ մնացին։ Սէգ եւ տժգոյն, Երանիկ հանըմ գլուխը ցցած կը կենար կարծես իր դառն եւ խոժոռ երևոյթով դէմ դնելով գերագոյն զօրութիւններու։

Պատարագը լրանալէն առաջ աղջկանը նշան ըրաւ եւ մեկնեցաւ. սանդուխներուն վրայ երկու կիները անսահման ցանկութիւններով կը նայէին հարուստ կիներու արդուզարդներուն եւ գոհարեղէններուն. ամէն անգամ որ փետրազարդ գլխարկի մը շուքին ներքեւէն բաղդաւոր կնոջ արհամարհական նայուածքները կը խաչաձեւէին Եւփիմէի սուր նայուածքները, բան մը անոր լաւ տրամադրութիւններէն կը փլէր ու կ՚անհետանար։ Խաչիկին կոշտ եւ աղքատիկ երեւոյթը կը ցցուէր իր դէմ, կարծես իր երջանկութեան ճամբան խափանելով եւ ահա կը խորհէր մօրը յոյսերուն վրայ. եթէ վարպետին կինը մեռնի՜…

Ան ինտո՜ր նայեցաւ քեզի, աչքերովը պիտի ուտէր կարծես, Եւփիմէ՛, խենդ մի ըլլար, խօսքդ ետ առ, մէջերնիս կոտրած, թափած բան մը չկայ տահա, եազմաճի կտորին խելք դնելուդ, աչքերդ վեր բարձրացու… տունի հանըմ կ՚ըլլաս, Խաչիկի պէս մարդիկը խզմէթկեար կ՚ունենաս… մինակ առջի կնկան ըռզակները թեզի տայ նէ կ՚օգտէ, ոսկիէ պէպէկ կ՚ընէ թեզի… իմ վրաս նայէ օրինակ առ, նազլը մեծցած էի ամա, էրիկս տէզկէհին առաջքը դրաւ ինծի, ինքն ալ պուճախը անցաւ նստեցաւ, մազս աւել ըրի, քեզի մեծցուցի, օր մը օրանց սըռըս մարդ չիմացաւ, ամա քաշածս ես ու միայն տէրը գիտէ… սօն փուշմանլըք փարա էթմէզ…

Փողոցը ցուրտ էր, բայց արեւը կը ծագէր ահա՝ սառուցիկ եղեամին բիւրեղային փոշին փայլեցնելով ամէն կողմ, խումբ խումբ, մեծ մասով կիներ դէպի իրենց տուները կը շտապէին կիրակնօրեայ հագուստներով զարդարուած։ Երանիկ հանըմ, աղջիկը առաջքը ձգած, գլուխը բարձր, աչքերը խոժոռ կը քալէր անշշուկ. խնամքով հագուած էին երկուքն ալ եւ թէեւ մօրը սեգ կեցուածքը ակնածանք կը ներշնչէր, դարձեա՛լ մարդոց աչքերը հաճոյքով կը դանդաղէին Եւփիմէի գեղեցկութեան վրայ. շուկայէն անցած ատեննին մօրը նայուածքը աւելի խոժոռեցաւ. կրպակներու առաջ աթոռակներու վրայ նստած մարդիկ, մեծ մասով եազմաճի, ցած ձայնով կը խօսակցէին. երբեմն վանառողի մը անակնկալ ձայնը կը բարձրանար երկդիմի գովասանքներով ծախած ապրանքին վրայ ու թէեւ ամէնքն ալ կը հասկնային որ այդ գովքերէն մաս մը բաժին կ՚իյնար անցնող գեղեցիկ աղջկան, բայց ոչ ոք կը համարձակէր խնդալ կամ կատարել, որովհետեւ թաղեցի էին անոնք։

Հանդիպեցան Մարտիկ տայիին եւ երկու դրացիներու, բայց իրարու երես անգամ չնայեցան, որովհետեւ անպատշաճ էր այդ վայրին մէջ զիրար բարեւել, նոյն իսկ ճանչնալ ձեւացնել։ Անցան գինետուններուն փողոցէն ուր Եւփիմէ չկրցաւ ինքզինքը զսպել ու քովընտի նայուածներ ուղղեց կրպակներու խորը եւ վերջապէս մտան իրենց դրացի փողոցները։

Մինչեւ որ տուն հասան՝ Եւփիմէի դէմքին վրայէն մարեր անցեր էր քաղցրութեան եւ բարութեան հետքերն իսկ. վայելքի անզուպ ծարաւ մը կը տոչորէր զինքը. տեսած հարուստ կիներուն մուշտակները եւ փետուրները կը պարէին իր աչքերուն առաջքը, բայց մանաւանդ խարագանուած կը զգար ինքզինքը անոնց նայուածներէն, որոնց անտարբերութիւնը նախատելի կը թուէր իրեն, հագուիլ՝ սըքուիլ ու երեւալ անոնց՝ իր գեղեցկութեան բոլոր փառքին մէջ, անխախտ նպատակ մը թուեցաւ իրեն։ Այս մտածումենրով հագուստը փոխելու զբաղած էր երբ դուռը զարնուեցան. կրկին չիփակին կոնակները կոճկեց եւ փութաց դուռը բանալու եւ վարպետը կանգնած գտաւ իր դէմը։

Յակոբճան աղան նոր ածիլուած, փեսութեան սեւ հագուստները հագած, դանդաղ շարժումներով վեր ելաւ. զգալի կերպով շուարած էր ու նոյն իսկ բարեւելու կը վարանէր. բայց երբ Երանիկ հանըմ իր փոթոտուած եւ ուռած դէմքը ժպիտով մը ծամածռած յառաջացաւ դէպի անոր, ոտքի ելաւ եւ մեքենական ձայնով մը մրմնջեց։

Շնորհաւոր ծնունդ եւ աստուածայայտութիւն…

Երկու կողմէն գաղտնի դիտաւորութիւններ ունելով կեղծ ու բռնազբօսիկ ձեւ մը ունէին. մէկէն ի մէկ անհետացեր էր վարպետին արհամարհական ընտանութիւնը որ ունէր իր բոլոր բանւորուհիներուն հանդէպ. աննշան խօսքեր կը փոխանակէին իրարու հետ ընդհատուած լռութիւններով եւ գաղտնագողի զիրար դիտելով՝ երբ Եւփիմէ սրահ մտաւ անուշի ափսէն ձեռքը։ Թեւերը բացած, մատները անցուցած ափսէին բռնօղակներուն, մինչ մէկ եզերք կուրծքին վրայ կը սեղմուէր, անիկա յառաջացաւ եւ այնքա՛ն հոգին փոթորկուած էր հակասական զգացումներով որ կը դողար եւ գաւաթներն ու անուշի ամանը կը ցնցուէին թեթեւօրէն։

Անուշ հրամեցիք, ըսաւ Երանիկ հանըմ խոնարհութիւն մը ընելով։

Շնորհակալ եմ, պատասխանեց Յակոբճան աղա նուրբ կտաւէ թաշկինակով բերանը սրբելով։

Ակնթարթի մը մէջ Եւփիմէ դիտեց անոր ձիւնափայլ եւ օսլայած շապիկը, փայլուն կոճակները եը մետաքսաւէտ փողկապը. մէկ կողմը սանտրած անփայլ մազերէն անուշահոտութիւն մը կ՚արտաշընչուէր ու կը ծփծփար. Եւփիմէ պահ մը մոռցաւ անոր տգեղութիւնը, ճղճիմութիւնը. իրեն թուեցաւ որ ճշմարիտ սէրը, օսլայած եւ սպիտակ շապիկի կը ներքեւ կը դնէ միայն իր բոյնը, իրեն թուեցան որ այսօրուընէ արդէն իր չքաւոր աղջկան մռայլ ու տրտում ճակատագիրը կը մտնէր նոր փուլի մը մէջ։ Երբ անուշին ափսէն մառանը տեղաւորելէ ետքը եկաւ նստեցաւ մօրը քով, Յակոբճան աղա իր նայուածքը յառեց իրեն. բայց ահա ոտքի ելաւ, մնաք բարովը ըսաւ եւ մեկնեցաւ. մայր ու աղջիկ պահ մը մնացին բակը։

Աղայի պէս շնորհքով մարդ է, ըսաւ Երանիկ հանըմ։

Եւփիմէ խոր հառաչանք մը արձակեց ու վեր ելաւ, բնազդաբար պատուհանին մօտեցաւ եւ տեսաւ որ դրացի տուներէն կանացի գլուխներ դեռ զարմացումով կը նայէին վարպետին ետեւէն։

Յանկարծ հոգիի խորէն հզօր ըմբոստութիւն մը ժայթքեցաւ իր կացութեան, դրացիներուն չարամտութեան, Խաչիկին իրեն ընծայած չքաւոր կեանքին դէմ։

Աչքն դիմացը մինչեւ հեռուները պզտիկ եւ խարխուլ փայտաշէն տուներ կը շարուէին քով քովի, կռնակ կռնակի. ձկնորսի, ձկնավաճառի կամ եազմաճիի տնակներ էին ամէնքն ալ, ձմեռնային այս ցուրտ եւ արեւոտ օրուան մէջ անոնք կարծես կը յայտնէին իրենց բոլոր քստմնելի թշուառութիւնը. տուներ չէին ատոնք, այլ մէկ մէկ դժոխքներ, էրիկ մարդիկ, ծովին եզերքը աշխատող մարդիկ, տաժանելիօրէն պարտասած ամէն իրիկուն գինետուն կը վազէին կազդուրուելու յոյսով. կնիկներնին դժգոհ եւ պատրաստ տրտռալու. զաւակներնին լալկան, գունատ, պահանջող. ո՞վ ծայրը ծայրին կրնար բերել. էրիկ մարդիկ ալ յանցանք չունէին. անոնք ճակատագիր մը կը ծանրանար ամէնուն վրայ. երբ տանը պէտք եղած բաները մտքերնին բերէին կը շարուէին. ո՞րը առնէին, ո՞րը վաղուան ձգէին. ամէնէն կարճը բնաւ չմտածելն էր ու մոռնալու, երբեք չսթափելու համար՝ մինչ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կ՚աշխատէին չարաչար, իրիկունները կ՚երթային թաղուիլ գինետունին մթնոլորտին մէջ. տուներնուն մէջ կնիկները կ՚աշխատէին ինչքան որ կրնային, տղաքը, կը մեծցնէին գէշ աղէկ, օր մը կուշտ, օր մը անօթի, վրանին կոկուկ, տակը հինուկ, կը բաւէր որ ձայներնին մարդ չիմանար, սըռերնին դուրս չելլար։

Կիները ընդհանրապէս չքաւորութիւնը ամօթ կը համարէին ու կը ջանային զայն պարտկել, միւս կողմէ կը թշնամանային իրենց էրիկ մարդոց դէմ. որոնք գրեթէ չէին օժանդակեր իրենց. շաբթէ շաբաթ, գինով պիտի ըլլային որ ձեռքերնուն քանի մը փարա փրցուէր, մնացածը կ՚երթար գինետուն եւ կեանքը կը քաշքշուէր քէներով, սրտմտութիւններով դառնացած, մէկ կողմէ արժանապատուութեան հոգերով բարդացած, իսկ միւս կողմէ ակամայ կոպտութիւններով բրտացած։ Ու ամէնքն ալ կ՚ապրէին կարծես մութի մէջ խարխափելով, ամէն մէկը անձկագին ցանկալով քիչ մը հանգիստ, քիչ մը մարդավայել կեանք, ամենադոյզն սփոփանք ու քաղցրութիւն։

Եւփիմէ կարծես որ պայծառատեսութեան մը րոպէին կը տեսնար այն կեանքը որ պիտի ապրէր Խաչիկին հետ. աչքերը գոցեց այդ մղձաւանջը չտեսնելու համար եւ իրեն թուեցաւ որ Յակոբճան աղա մեղմօրէն զինքը կը հեռացնէ այդ դժոխային ոլորտէն. ետեւ դարձաւ, զգալով մօրը ներկայութիւնը եւ երբ մայր ու աղջիկ իրարու նայեցան

Աղայի պէս մարդ է, կրկնեց Երանիկ հանըմ խոհուն դէմքով։

Խըսմէթս որն է նէ ան կ՚ըլլայ, պատասխանեց Եւփիմէ, խռոված՝ բայց գրեթէ համակերպած։