Երբ այլեւս չեն սիրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ
ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆԸ

Շաբաթներ անցեր էին եւ կեանքը կը սահէր աղքատիկ թաղերու մէջ իր տափակ միօրինակութեամբ, գործերը քիչ մը բացուեր էին մեղմ օդերուն շնորհիւ եւ չարչրկուած դէմքերու վրայ քիչ մը յոյս եւ ոգեւորութիւն կ՚երեւար։ Միւս կողմէ սակայն հիւանդութիւնները պակաս չէին ու մանաւանդ երկար ատենէ ի վեր պառկողները, կարծես չդիմանալով այս հիւանդագին եւ խաբուսիկ օդերուն փոփոխականութեան, մէկիկ մէկիկ կը մեռնէին։

Հասունները կ՚իյնան կոր, կ՚ըսէին կիները պատուհանէ պատուհան, երբ արեւէն հրապուրուած պահ մը ձեռքերնուն գործը կը ձգէին եւ կուգային երկայն շունչ մը առնելու։

Թաղին եկեղեցիին զանգակը, ամէն օր եւ երբեմն օրը մէկ-երկու անգամ, կը դօղանջէր յուղարկաւորութիւններու յատուկ տխրագին եւ դանդաղ հնչիւններով։

Զօրաւոր հարբուխի մը հետեւանքով Եւփիմէ ալ հիւանդացեր էր եւ մայրը զինքը հանգիստ թողեր էր այդ օրերը, բնաւ չխօսելով ամուսնութեան ծրագիրներու վրայ, ու ինքը ժամանակ ունեցեր էր անդրադառնալու իր հոգեկան վիճակին՝ ինչպէս որ եռանդով եւ սրտագին սիրեր էր Խաչիկը, այնպէս ալ հիմակ ինքզինքը անտարբեր կը զգար անոր նկատմամբ եւ իր հոգեկան այս երկու հակասական վիճակներուն մէջ անկեղծութիւնը ա՛յնքան բացարձակ էր որ չէր հասկնար թէ ինչո՞ւ յանցաւոր պիտի նկատուէր Խաչիկին հանդէպ. իր հոգիին խորերէն անհետացեր էին յուզումի եւ խռովքի այն սարսուռները որ երբեմնի սիրահարին ներկայութիւնը, անունին արտասանուիլն իսկ առաջ կը բերէին։ Երբ կը պատմէին Խաչիկին կատարած խաղքութիւնները, Եւփիմէին արիւնը հադարտ կը մնար, մինչ զարմանալով կը յիշէր թէ ի՞նչպէս, երբ անոր վրայ աննպաստ բան մը կը լսէր ժամանակաւ, ականջներովը կը կարմրէր ու պատրաստ կը զգար ոգի ի բռին զայն պաշտպանելու. հիմակ ոչ միայն չէր ամչնար անոր ըրածներէն, այլ նաեւ իր այսօրուան անտարբերութեանը արդարացումը կը գտնար անոր այդ խայտառակ վիճակին մէջ։ Միակ փափաք մը ունէր, զայն չտեսնալ, անոր չհանդիպիլ։ Ներքնապէս գիտէր որ Խաչիկ կը տառապէր իրեն համար. երբեմն կայծակը արագութեամբ կ՚անդրադառնար այդ մտածումին, բայց առանց ժամանակ ձգելու որ սիրտը խանդաղատէր, կը խորհէր ուրիշ բանի վրայ։ Ու եթէ Խաչիկին իրեն համար կրած տառապանքը զինքը անտարբեր կը թողուր, միւս կողմէ անիկա զերծ էր արուեստակեալ աղջկան մը հոգեկան սնապարծութիւններէն. միայն նիւթական եւ առօրեայ հանգիստի առաւելութեանց տենչանքները եւ յոյսեր կը տիրապետէին իրեն եւ ո՛րքան կ՚անդրադառնար թէ իր մանկութեէն ի վեր զրկուած էր անոնցմէ, ա՛յնքան բուռն կերպով կը ցանկար անոնց իր առողջ եւ անարուեստ աղջկան բոլոր ախորժակները տրուած էին եւ ի՞նչ արագ ու ճապուկ քայլերով պիտի կոխոտէր Խաչիկին սիրտը ու անցնէր, անմիջապէս որ հնարաւոր ըլլար։ Որովհետեւ կը զգար թէ իրենց ծրագիրներուն յաջողութեան միակ արգելքը Խաչիկը կրնար ըլլալ եւ այա զայրոյթը կ՚անցնէր իր հոգիին մէջէն չորցնելով ոեւէ բարեացակամ զգացումի սկզբնաւորութիւն։

Ու հիմակ որ այլ եւս չէր սիրեր զայն, ի՞նչպէս կը չափազանցէր անոր տգեղութիւնները, ծիծաղելիութիւնները, ձայնին ու շարժումներուն միամտութիւնը, կոպտութիւնը, աւելի եւս ամրապնդուելու համար իր ցրտութեան մէջ։ Բոլոր այն աննշան մանրամասնութիւնները, որոնք իր սիրող սրտին բաբախումները արագացուցեր էին, որոնք խանդաղատանքով եւ տեսակ մը գինովութեամբ պարուրեր էին զինքը, ձեռքը ձեռքին հպել, շունչը զգալ ծոծրակին վրայ, գաղտագողի մէկ նայուածքը որսալ եւ կայծակի մը տեւողութեամբ հաղորդակցութեան մտնալ սիրականին տարփաւէտ էութեան հետ, զգալ խօսքերու քօղարկուած իմաստը, փառաւորուիլ ու երջանկանալ անոնցմով, պճնուիլ, շողոքորթի ակնարկութենէ մը եւ սիրականին մէկ գովասանքը ամենաթանկագին զարդարանքէ վեր արժեցնել. բոլոր ասոնք, բոլոր ճշմարիտ սիրոյ խուսափուկ, անկայուն, դիւրաբեկ հրապոյրները, պատրանքները, զգայնութիւնները իրենց բեհեզներէն մերկացած, իրենց լոյսէն զրկուած ոչ միայն չէին օգներ Եւփիմէի մեռած սէրը արթնցնելու, այլ նաեւ իբր ծիծաղելի խրտուիլակներ կը ներկայանային անոր. ուրեմն, բոլոր այն անմբռնելի պատճառներով իսկ, որոնցմով Խաչիկը սիրած էր, այսօր այլեւս զայն չէր սիրեր ու իր կնոջական հոգին փոխանակ գիտակցելու իր փոփոխականութեան, իր բնածին եւ ճակատագրական թերութեան, կ՚ապաստանէր իր զայրոյթներուն եւ ապագայի մտահոգութիւններուն մէջ.

Առաւօտ մը կանուխ, եբր Եւփիմէ քունէն նոր արթնցած, տարտամօրէն կը խորհէր այս բաներուն վրայ, մայրը հագուած, եւ մեկնելու պատրաստ եկաւ քովը.

Եւփիմէ՛, ըսաւ գործերնիս սխլէթ է ամա, ես այս առտու ժամ պիտի երթամ, ետքէն ալ տեղ մը պիտի հանդիպիմ… ելլաս նէ առաջ ճերմակ զէմինները ձեռք առ։

Եւփիմէ հասկցաւ մայրը վարպետին կնոջ հիւանդտես կ՚երթար, կամ աւելի ճիշտը կ՚երթար հասկնալու թէ «ո՛ւր տեղուանքն է»։ Այդ հրէշային անհամբերութիւնը որ ամբողջովին գրաւած էր երկու կիները՝ ոեւէ խղճի խայթ չէր պատճառեր անոնց պահ մը իսկ չէին անդրադառնար թէ ի՞նչ քստմնելի սպասում էր իրենցը. ընդհակառակը, կարծես մահամերձն էր որ յանցաւոր էր, յուսահատօրէն կը կառչէր կեանքին, պահ մը առաջ չէր մեկներ այս աշխարհէս իր տեղը ուրիշին տալու համար։ Ու առաւօտէն մինչեւ իրիկուն, երկու կիները կը սպասէին գոյժին որ աւետիս մը պիտի ըլլար իրենց համար ու իրենց անհամբերութիւնը խաբելու նպատակաւ, անդադար կը խօսէին հիւանդին վրայ, երբեմ կեղծ կարեկցութեամբ, երբեմն նոյնիսկ զայրոյթով.

Աստուած իր ըրածը գիտէ ամա, ատանկ ապրիլը ապրի՜լ է… մեռնի նէ լոյս կ՚ըլլայ, իրեն ալ մեղք է քովիններուն ալ։

Նեմզուր հանըմը գացեր տեսեր է, կ՚ըսէր Եւփիմէ մօրը պատասխանելով՝ մէկ քովէն միւսը չկրնար կոր դառնալ եղեր։

Թէզկեահին առաջ դէմ դէմի նստած, անոնց վրձինները մէկ կողմէն արագօրէն կը ներկէին, երեւան բերելով գունագեղ եւ ֆանթասթիկ ծաղիկներ գծուած եազմաներուն վրայ։

Մէյ մը երթամ, աչքովս տեսնեմ, ըսեր էր Երանիկ հանըմ նախորդ օրը եւ ահա ինչո՞ւ Եւփիմէ գիտէր թէ մայրը ուր պիտի հանդպէր։

Ժամէն ելլալուն ուր թերեւս աղօթած էր իր ծրագիրներուն յաջողութեան համար Երանիկ հանըմ ուղղուեցաւ վարպետին տունը։ Նոր խալֆան դուռը բացաւ եւ հարցուց թէ ի՛նչ կ՚ուզէ. բայց անիկա առանց պատասխանելու սանդուխներէն բարձրացաւ եւ շիտակ մտաւ հիւանդին սենեակը։

Բազմոցին անկիւնը, իրարու վրայ զետեղուած անկողիններու վրայ բարձրացած, հիւանդ, կմախքի պէս վտիտ, պառկեր էր. անոր սեւ, սուր եւ տենդոտ աչքերը ուղղուեցան դէպի դուռը երբ անիկա ճռնչեց. հիւանդը ճանչցաւ իրենց վաղեմի բանուորուհին, ուզեց ժպտիլ, բայց ահա ցնցուեցաւ երկարատեւ ու տաժանելի հազի տագնապով մը։ Երանիկ հանըմ ինքնիրեն աթոռ մը առաւ, նստեցաւ, գլխովը բարեւ մը տալով հիւանդին մօրը որ բազմոցին միւս անկիւնը կզկտած էր. անիկա ուրիշ զաւկի մը մահով արդէն սգաւոր, սեւ պօյամայի տակէն երեւան կը բերէր մասունքի պէս ճերմակած, նիհար ու գրեթէ թափանցիկ դէմքը. երկու ձեռքերը ծոցը, վիզը ծուռ, արցունքոտ աչքերով կը հետեւէր աղջկանը արչարանքին։ Սրահին մէջ, ամէն կարգի դեղերու, ապականուած օդի, հիւանդի հօտերու անհանդուրժելի նողկալի խառնուրդ մը ոչ թէ կը ծփար, այլ կարծես թէ կը թանձրանար։ Երանիկ հանըմ այս սոսկալի սենեակին մէջ բոլոր հոգւովը սարսափած, շուարած մնաց պահ մը։ Երբ հազի տագնապը անցաւ, գլուխը դարձուց դէպի հիւանդը եւ հարցուց մեղմ ձայնով մը։

Զարուկ հանմս, ինտո՞ր ես…

Ա՜խ… ախ… Երանիկ հանըմ, հառաչեց դժբաղդ կինը ու երկու այտոսկրներուն սուր մասերը կարծէս ներքին կրակէ մը կարմրեցան, անոր գլուխը զոր կարելի էր այլեւս գանկը կոչել, գրեթէ կորսնցուցած էր մազերը, այնքա՜ն երկար օրեր եւ այնքա՜ն տաժանելիօրէն շփուեր էին բարձերուն։

Ա՜խ… ա՜խ… կրկնեց սրտագին հառաչանքով, աս ի՞նչ ցաւ էր որ դարմանը չգտանք, անցնող թռչունէն ճար սպասեցի, անցնող ամպերէն դարման յուսացի՜… Ա՜խ… ա՜խ ինծի կը սիրէք նէ, աղօթք ըրէք որ ալ չքաշեմ… ալ օր մը առաջ տեղս տեղաւորուի՜մ…

Բազմոցին միւս անկիւնը աւելի տժգոյն, աւելի կզկտուած, պառաւին դէմքը կարծես պիտի հալէր ու անհետանար սեւերուն մէջ, ա՛յնքան անիկա ողողուած էր արցունքներով, թէեւ ոչ իսկ պզտիկ հեծեծանք մը կը թռէր անոր խորը ինկած շրթներէն, որովհետեւ խեղճ կինը շատոնց է որ վարժուեր էր անշշուկ արտասուելու, աղջկանը ուշադրութիւնը չգրաւելու համար։

Երանիկ հանըմ խռովեցաւ այս հոգեկան եւ ֆիզիքական սոսկալի տառապանքներուն ի տես. շփոթ կերպով մը զգաց թէ չքաւորութեան բռնաւոր լուծէն դուրս կան նաեւ ուրիշ ցաւեր, անդարմանելի վիշտեր. ու կարծես անոր մտածումներուն պատասխանելու համար հիւանդը կ՚ըսէր մահամերձի ծանր, պղտոր եւ խռովիչ ձայնով.

Ճիտէս տոպրակ կախէի, դուռնէ դուռ մուրայի, աս տէրտին տիւշկիւն չըլլայի՜, ա՜խ… ա՜խ…

Կրկին անգամ հազի տագնապը խափանեց ձայնը ու անիկա այնքան ուժգնօրէն կը ցնցուէր որ կմախացած անդամները կը ցաւէին եւ շնչասպառ եղած, ձայնը հազէն խռպոտած, ճիչէր կ՚արձակէր «ա՜յ… ա՜յ…», մինչ մայրը կը նայէր գլուխը ձգտած, կարծելով թէ աղջկան վերջին գալարումն էր, ու անկարող ոեւէ օգնութիւն ընելու անոր, շատոնց ի վեր սպառած ըլլալով բոլոր ամոքիչ միջոցները։

Աստուած առողջութիւն տայ, Զարուկ հանըմս՚ կ՚աղէկնաս, մէկ օրուան մէջ քաշածներդ կը մոռնաս… մնաք բարով։ Աստուած քեզի ալ ուժ ու զօրութիւն տայ, տո՛ւտու…

Հիւանդը հազի տագնապէն ետքը, տեսակ մը ապուշ թմրութեան մէջ ինկած, ընդլայնած աչքերով կը նայէր հիւրին առանց բան մը հասկնալու. ականջները կը բզզային եւ խոռոչացած կոպերուն վրայ կանգ առած երկու արցունքի կաթիլներ, որոնք ժայթքեր էին իր հազալու համար ըրած ճիգէն, արեւներու պէս կը փայլէին իր զառանցող աչքերուն, երբ կ՚ուզէր նայուածքը անդին դարձնել, միջոցին մէջէն արագօրէն կ՚անցնէին լուսեղէն պղպջակներ, ու այլեւս չէր գիտէր թէ ականջներու բզզի՜ւնն էր, թէ աչքերուն առաջքը պարող լուսեղէն պղպջակներն էին որ կը զգար. մտի՞կ կ՚ընէր. թէ կը նայէր. որովհետեւ իր տեսողութեան եւ լսողութեան մէջ տարօրինակ շփոթութիւն մը առաջ եկած էր եւ ասիկա անանկ դաժան էրեւոյթ մը կուտար հիւանդին որ Երանիկ հանըմ խորհեցաւ.

Հոգէառները կը տեսնայ կո՜ր… վա՜յ գլխուն։

Ճշմարտապէս փղձկած էր, բայց աճապարեց մէկնելու ինքն ալ տժգուներ էր եւ գլխու պտոյտ մը զգար եւ զղջաց եկած ու այդ ահռելի պատկերը տեսած ըլլալուն, բայց քանի՛ քալեց ձմեռնային գաղջ արեւին ներքեւ, ա՛յնքան հետզհետէ իր գործնական կնոջ բնազդները յաղթահարեցին եւ կազդուրուեցաւ, որոշեց որ Եւփիմէին չհաղորդէ մանրամասնութիւններ, որպէս զի անոր հոգին ալ չպղտորի եւ հետզհետէ նոյն իսկ ուրախացաւ մտածելով թէ վարպետին կնիկը իրաւամբ շատ երկար չէր կրնար քաշել։

Երբ տուն մտաւ, դեռ չհանուած, նոյն իսկ գլխուն քօղը չհանած, նստեցաւ բազմոցին վրայ ու աղջկանը հարցական նայուածքին պատասխանեց.

Լմնցած բան է, ալ հող կը հոտի կոր, այս գիշեր կ՚անցնէ չանցնէր բան մը։

Շրթները չորցած էին եւ ձեռքերը թեթեւ մը կը դողային, բայց հետզհետէ սիրտը լեցուեցաւ յոյսերով եւ ուրախութեամբ. աղջիկն ալ գոհ էր եւ անոր ամէն մէկ շարժումներուն մէջ կը զգացուէր տեսակ մը տենդագին ոգեւորութիւն։

Պահ մը ետքը երբ դէմ դիմաց կը բանէին, ալ եւս իրենց մտքին մէջ առատութեան եւ հանգստաւէր կեանքի հեռանկար մը ունենալով, գործը ծանր կուգար իրենց, կ՚անիծէին ու կը հայոյէին.

Կրողը տեսնայ երեսնիդ, աս ի՛նչ րէսիմներ են։

Չարի պէս, ամէն ատեն ճերմակ զէմին կը ղրկեն։

Ճերմակն ալ թերմաշ մնայ, կարմիրն ալ։

Բայց անոնց ձեռքեըր արագ արագ կը շարժէին, կարծես թէ ո՛րքան աճապարէին, ա՛յնքան շուտով պիտի ելլէին չքաւորութեան դժոխքէն եւ այն թշուառութիւնը, որուն մէջ ապրած էին ցարդ, այնքան մռայլ, այնքա՛ն ցրտին եղած էր որ անկէ ազատելու իրենց անհամբերութեան մէջ չէին անդրադառնար թէ գերեզմանաքար մըն էր այն պատուանդանը որուն վրայ կոխելով պիտի բարձրանային, կեանքի արեւը եւ լոյսը վայելելու։