Բ.
ԵՐԱԶԸ
Իրիկուն
էր
եւ
ձմեռնային
մթնշաղը
այս
մռայլ
եղանակին
մէջ
գրեթէ
անմիջապէս
տիրոց
սենեակին։
Երանիկ
հանըմ
տէզկեահէն
ելաւ,
կազը
վառեց,
վարագոյրները
գոցեց.
կրակը
հրահրեց
ու
նստեցաւ
բազմոցին
եզերքը։
Եւփիմէ
դեռ
կը
շարունակէր
բանիլ
հակառակ
մօրը
հրաւէրներուն,
որովհետեւ
զբաղումը
կը
պարտրկեր
աստիճան
մը
իր
խռովուած
զգացումները.
դէմը,
բազմոցին
անկիւնը,
մօրեղբայրը
եւ
Խաչիկ
դէմ
առ
դէմ
նստած
օղի
կը
խմէին.
իրենց
միջեւ
դրուած
էր
պզտիկ
ափսէ
մը՝
որուն
մէջ
փոքրիկ
պնակներով
զետեղուած
էին
խաշուած
լուբիա,
ձիթապտուղ
եւ
բողկ։
Երբեմն
մօրեղբայր
գաւաթ
մը
օղի
կը
հրամցնէր
քրոջը,
հակառակ
այս
վերջինին
յամառ
մերժումներուն
եւ
երբ
անոնց
վիճաբանութիւնը
կ՚աւարտէր,
դարձեալ
լռութիւն
կը
տիրէր
սրահին
մէջ։
Եւփիմէ
լամբարին
դեղնորակ
լոյսին
տակ
տենդագին
արագութեամբ
կ՚աշխատէր
իր
քով
դիզուած
եազմաները
կ՚առնէր
մէկիկ
մէկիկ,
որոնց
վրայ
կանանչը
եւ
կապոյտը
բանուած
ըլլալուն,
ներկին
պարունակած
խէժէն
կարծրացած
էին,
կը
տարածէր
զանոնք
տէզկեահին
վրայ,
ճկոյթովը
կը
շտկէր
իր
ներկելիք
մասերը
ու
թեւը
սռքտած,
բազուկը
բարձր,
վրձինը
շնորհալի
շարժումով
կը
խաղցունելով
կ՚ամբողջացնէր
գոյները։
Խոշոր
կարմիր
վարդեր,
կամ
դեղին
անօրինակ
ծաղիկներուն
ողկոյզներ
կը
կենդանանային
իր
վրձինին
հարուածներով.
թէեւ
գործը
մեքենական
աշխատութիւն
մըն
էր,
այլ
սակայն
իւրաքանչիւր
գործաւորուհի
կրնար
մասնաւոր
շնորհ
մը
դնել
իր
գործին
մէջ։
Եւփիմէի
ձեռքէն
ելած
եազմաները
վառ
գոյներ
կ՚ունենային
ու
վարպետը
իր
լաւ
տրամադրուած
օրերուն
քանիցս
ըսախ
էր
իրեն։
—
Քեզի
պէս
պայծառ
կը
բանիս,
Եւփիմէ՛…
Քանի
օղիին
գաւառները
կը
պարպուէին,
այնքան
Մարտիկ
տայի
շատախօս
կը
դառնար,
մինչ
Խաչիկ
լուռ
ու
մունջ
կը
խմէր,
բայց
իր
աչքերը
կը
վառէին
ու
նայուածքը
հետզհետէ
աւելի
համարձակութեամբ
կը
դառնար
Եւփիմէին
կողմը
եւ
երկարօրէն
կը
նայէր.
հակառակ
ցուրտին,
անոր
այտերը
այնքան
կարմրած
էին
որ
կարծես
կ՚այրէին,
շրթները
կը
չորնային
եւ
երբեմն
լեզուին
ձայրովը
կը
թրջէր
զանոնք.
իր
ճերմակ
եւ
գիրուկ
վիզին
վրայ
սաթի
հատիկները
շուք
կը
ձգէին՝
աւելի
շեշտելով
անոր
սպիտակութիւնը։
Ու
Խաչիկ
կը
նայէր,
այնքան
սիրտը
թունդ
կ՚ելլէր,
տենդագին
ջերմութիւն
մը
մինչեւ
ճակատը
կը
բարձրանար
ու
իր
յուզմունքը
ծածկելու
համար՝
ծխախոտին
տուփը
կը
բանար
եւ
դանդաղօրէն
սիկառէթ
մը
կ՚ոլորէր։
Տաժանելի
օր
մը
անցուցեր
էր,
ժամեր
ու
ժամեր
մինչեւ
ծունկերը
ջուրին
մէջ՝
աշխատէր
էր
ծովին
եզերքը
ու
վերադարձին
թաց
եազմաներու
բեռը
կռնակին
վրայ՝
բարձրացեր
էր
զառիվերէն.
աշխատութիւնը
այնքան
ծանր
էր
որ
հակառակ
խայթող
ցուրտին՝
քրտինք
թափած
էր
ու
երբ
անգիտակից
քայլերով
դէպի
գինետուն
կ՚երթար
կազդուրուելու
համար,
յիշեր
էր
Եւփիմէի
տուած
խոստումը։
—
Մարդուս
խօսքը
բերնէն
կ՚ելլայ։
Մարտիկ
տայի
Խաչիկը
տեսնելուն՝
առաջարկեր
էր
տունը
երկու
հետ
խմել.
ինքն
ալ
անկարող
էր
գինետուն
երթալու,
քանի
օրերէ
ի
վեր
յօդացաւը
զինքը
կը
տանջէր.
ինքն
իր
վրայ
կզկտուած՝
դժուարաւ
մինչեւ
անկիւնի
նպարավաճառը
կ՚երթար
բան
մը
գնելու
համար։
Հիւսիսային
հովը
փարատեր
ու
ցրուեր
էր
ամպերը
եւ
այլեւս
չէր
ձիւներ.
երկնքին
վրայ
գորշորակ
ու
սեւ
ծուէններ,
հալածական
եւ
պատառատուն,
արագ
ընթացքով
կ՚անցնէին
ու
կ՚անհետանային։
Բայց
օրն
ի
բուն
ու
մանաւանդ
գիշերը
մինչեւ
լոյս
հովը
արձակուած
գազանի
պէս
կը
սուրար
մռնչելով.
երբեմն
հազար
բերնով
կը
գոռար,
երբեմն
ալ
միայնակ
եւ
քինախնդիր
ոգիի
մը
պէս
գետնին
վրայ
սողալով
յանկարծ
կը
խոյանար
գալարուելով
եւ
կը
սուլէր
կամ
պատուհաններուն
ետեւէն
լալագին
մրմունջով
մը
կը
հետեծէր։
Ու
տուները
կը
ցնցուէին,
դիզուած
ձիւները
մէկ
տանիքէն
միւսը
կը
քշուէին,
իսկ
պարտէզներուն
մէջ
չոր
ծառերը
այսահարներու
պէս
կը
թոթուէին,
մինչ
ճիւղերն
ի
վար
կախուած
սառոյցները
բիւրեղանալով՝
առանց
հալելու
կը
փոշիանային
եւ
կը
ցրուէին
յարատեւօրէն
փչող
քամիին
ուղղութեամբ։
—
Ասեղին
ծակէն
ցուրտ
կը
մտնայ
կոր
ըսաւ
Երանիկ
հանըմ
սարսռալով։
Խաչիկ
նայեցաւ
անոր՝
անսահման
գորովանքով,
ամէն
ինչ
եւ
ամէն
բան
որ
կապ
ունէր
Եւփիմէին
հետ՝
իրեն
պաշտելի
դարձեր
էր։
—
Կրակին
քովը
չգա՞ս,
ըսաւ
դողացող
ձայնով
մը։
Երանիկ
հանըմ
թէեւ
դեռ
ցրտութեան
երեւոյթ
մը
կը
պահէր
Խաչիկին
նկատմամբ,
բայց
ներքնապէս
սիրտը
կակուղցեր
էր.
գէշ
չէր
Եւփիմէին
ուզածն
էր
դեռ
ի՞նչ
ըլլար.
ասանկ
ժամանակներու
մէջ
ո՞վ
տէր
պիտի
ըլլար
անօժիտ
աղջկան
մը։
Ամբողջ
օրը
տէզկեահին
առաջք
երկու
կիները
դէմ
դէմի
նստած՝
եռանդով
կ՚աշխատէին
ու
կը
խօսէին,
մայրը
կ՚ուզէր
իր
բուն
զգացումները
յայտնել,
բայց
շուտով
տեղի
տուած
չըլլալու
մտահոգութեամբ
կողմնակի
կ՚ընէր
միայն։
—
Կ՚ուզեմ
քի
ատ
փարաին
մէջէն
բան
մը
առնես,
Եւփիմէ՛,
ըսեր
էր
աղջկանը՝
Խաչիկին
փոխ
տուած
դրամին
ակնարկելով՞
Եւփիմէ
կը
զգար
մօրը
լաւ
տրամադրութիւնը
եւ
գոհ
էր
ինքն
ալ
իր
կարգին
խօսքը
Խաչիկին
վրայ
կը
բերէր.
վերջապէս
մայրը
ըսեր
էր.
—
Գինովութիւնը
չըլլայ
նէ,
ի՞նչ
ունի
ես
ալ
բան
մը
ըսած
չունիմ.
էրիկմարդուն
աղուորը
ի՞նչ
ընեմ,
կտրիճութիւնը
պէտք
է…
Եւփիմէ
յիշելով
մօրը
խօսքերը,
ներկին
ամանը
եազմաին
վրայ
տեղաւորցուցած
պահուն՝
կը
նայէր
Խաչիկին
ու
կը
մտածէր
ոգեւորութեամբ։
—
Կտրի՞ճ…
ո՞վ
կը
տարակուսէր
ատոր
վրայ
անոր
պէս
երիտասարդ
մըն
ալ
կար
թաղին
մէջ.
լերան
պէս
մարդ
էր…
է՛հ,
իրաւ
է,
վրայ
գլուխ
չիկար,
վախտին
երիտասարդը
չէր,
գիր,
ուսում
չունէր,
բայց
կոգին՝
ժամը
վառուած
ճրագի
պէս
պայծառ
էր.
—
հիմակուան
ճահիլներուն
պէս
արեւէն
անճրկած
չէր.
նեղ
օրի,
գէշ
բրի,
տէր
տիրական
կը
կանգնէր
ընտանիքին.
աս
չըլլար՝
ան
կ՚ընէր,
կինը,
զաւակները
հալխուն
կարօտ
չէր
դարձներ…
մինակ
ուժը
լուսը
հերիք
էր,
պէտք
ըլլար,
կը
գրկէր
տունը
տանը
վրայ
կը
դնէր…
Գաղջ
եւ
գորովագին
զգացում
մը
համակեց
Եւփիմէի
հոգին.
աչքերը
խտղտացին,
թուլութիւն
մը
զգար,
վրձինը
ձգեց
ներկի
ամանին
մէջ
եւ
պահ
մը
անգործ
ու
անշարժ՝
զգաց,
որ
հոգին
կը
վերանար
սիրաբաղձ
երազի
մը
մէջ։
Մայրն
ու
Խաչիկ
իրարու
հետ
կը
խօսակցէին
գործի
վրայ
ու
Մարտիկ
տայի
ալ
բոլորովին
գինովցած՝
թէեւ
դժուրաւ
կը
հետեւէր
անոնց,
բայց
զանոնք
կ՚ընդհատէր
ամէն
րոպէ
աննշան
հարցումներով.
երբեմն
ալ
իր
միտքը
կ՚անջատուէր
ու
ինքնիրեն
կը
հետեւէր
իր
մտմտուքներուն.
երբեմն
կը
փղձկէր
իր
վիճակին
վրայ,
կը
սրտմտէր
ու
գլուխը
կը
շարժէր
այնպիսի
ուժգնութեամբ
որ
ֆէսին
ծոպը
ետեւէն
դէպի
առաջ
կ՚ոստնուր
եւ
կը
տարածուէր
ճակատին
վերեւ։
—
Օ՜ֆ…
օ՜ֆ…
Խաչի՛կ,
օղլո՛ւմ,
ես
ալ
ասանկ
ըլլալու
մա՜րդ
էի.
տունէն
դուրս
ելած
չունինք,
կնիկ
ապլա
եղանք։
Զինքը
մխիթարելու
համար՝
Երանիկ
հանըմ
ամէն
իրիկուն
օղիին
ափսէն
կը
շիտկէր,
ճար
ճարակ
կ՚ընէր,
չիկայէն
կը
ստեղծէր,
բան
մը
պակաս
չէր
ըներ,
բայց
տայիին
գերագոյն
երազն
էր
գինետունի
սրահը.
օրը
քանի
մը
անգամ
աչքին
առաջքը
կուգային
ծխախոտով
եւ
զանազան
արտաշնչումներով
անթափանց
մթնոլորտին
մէջ
պզտիկ
եւ
ցած
սեղանները՝
որոնց
մակերեսը
ողորկ
դարձացծ
էր
իւղոտ
կեղտէն։
Իրիկուան
դէմ
այդ
տեսիլքները
արտակարգ
ուժգնութիւն
մը
կը
ստանային.
ինքզինքը
կը
տեսնար
հոն
կարկամած
սրունքներով
դանդաղօրէն
յառաջանալը
դէպի
նստարանը,
կը
տեսնէր
հետզհետէ.
դիմացը
դրուած
օղիի
շիշը՝
որուն
դեղնորակ
հեղուկը
կը
պսպղար
մէջտեղէն
կախուած
լամպային
լոյսէն,
մինչ
ռնգունքը
հեշտալիօրէն
կը
գրգռուէին
կրպակին
խորը
տապակուող
ո
եւ
է
ձկնեղէնի
հոտերէն.
ինքը
կը
գոհանար
յաճախ
խաշուած
լուբիայի
եւ
ձիթապտուղի
մէզէով,
բայց
անոնք
ալ
անանկ
համ
մը
ունէին
որ
տունը
չէր
գտներ
երբեք։
Երբեմն
այնքան
կը
զայրացնէր
Երանիկ
հանըմ
իր
դժգոհութիւններով,
որ
անիկա
ինքզինքէն
ելած՝
կը
պօռար
երեսն
ի
վէր։
—
Էրիկ
մարդ
չէ՞ք
մի՛,
կրողը
տեսնայ
երեսնիդ…
ամենէն
աղէկը
տեղը
մնայ,
տասը
մատդ
մոմ
ընես,
օգուտ
չընէր։
—
Երանի՛կ,
գոչեց
վերջապէս
Մարտիկ
տայի,
քրոջը
եւ
Խաչիկին
խօսակցութիւնը
կտրելով,
մեզի
մէյմէկ
խահուէ
չեփե՞ս։
—
Թող
Եւփիմէն
ելլայ
եփէ,
ըսաւ
Խաչիկ
երկչոտութեամբ,
ու
անոր
կողմը
դարձուց
իր
քաղցր
եւ
թափանցող
նայուածքը։
Խաչիկին
իրեն
ուղղած
խօսքերը
լսելով,
Եւփիմէն
ձգեց
գործը,
ոտքի
ելաւ,
պահ
մը
կեցաւ
թէ՛
թմրած
ոտքերուն
համար
եւ
թէ՛
որովհետեւ
սրտին
զարկը
կը
լսէր
ու
չէր
համարձակեր
վեր
բարձրացնել
աչքերը։
—
Պօ՜յդ
սիրեմ,
հոգի՛ս
ըսաւ
մտքէն
Խաչիկ
եւ
խոր
հառաչանք
մը
թռաւ
կուրծքէն։
Հիմակ
որ
իրենց
սրտին
գաղտնիքը
մէջտեղ
ելած
էր,
այլեւս
չէին
համարձակեր
իրարու
հետ
առանձին
խօսիլ.
բայց
աւելի
սրտագին
զգացումով
մը
կապուած
էին
իրարու.
իրենց
կուրծքին
ներքեւ
սիրտերը
մէկ
չափով
կը
թնդային
եւ
իրենց
գաղտագողի
եւ
արագ
նայուածքները
լեցուն
էին
սիրով
եւ
տարփանքով։
Հուժկու
եւ
կենսաւէր
խոյանք
մը
կը
միացնէր
զիրենք
ու
տեսակ
մը
արբեցութիւն
մշուշի
պէս
կը
ծածանէր
իրենց
եւ
իրականութեան
միջեւ.
կը
մոռնային
բոլոր
կարելի
դժբաղդութիւնները,
կը
մոռնային
հրէշային
չքաւորութիւնը
չէին
մտաբերեր
իսկ
թէ
օր
մը
իրենք
ալ
ուրիշներու
պէս
պիտի
ըլլային,
այլ
ջերմեռանդօրէն
կը
հաւառատային
թէ
արեւը
աւելի
տաք
եւ
աւելի
պայծառ
պիտի
ըլլար
իրեն
համար,
թէ
լոյսի
պէս
պիտի
ծագէին,
ծաղիկներու
պէս
պիտի
ծաղկէին,
ու
իրենց
խոնարհ
հոգիները
թեւեր
առած
կը
սաւառնէին
երջանկութեան
նոյն
երազին
մէջ։