ՎԷՊԸ
Պատշգամին
վրայ
որուն
վանդակապատները
բոլորովին
ծածկուած
էին
պատերէն
վեր
մագլցող
որթատունկի
մը
լայն
եւ
խիտ
տերեւներէն.
Հրանտ
կեցած՝
իր
շուրջը
կը
նայէր.
բայց
կանանչ
ազոխի
ողկոյզներ,
հիւթով
առլի
կը
կախուէին
վար
իրենց
հատիկները
կարկառելով
արեւին
որ
այդ
միջոցին
ճառագայթներու
խուրձ
մը
կը
սփռէր
պարտէզին
մէջէն
խոյացող
հոծ
եւ
հարուստ
բուսականութեան
վրայ։
Արեւին
դարձած
տերեւներ՝
ոսկեզօծ
եւ
անշարժ,
ասդին
անդին
կը
փալփլէին.
մեղուներ
եւ
անհամար
ճճիներ
տաքութենէն
գինով
կը
դառնային
խօլաբար
միջոցին
մէջ
իրենց
նրբին
եւ
թափանցիկ
թեւերը
բեռնաւորած
զանազան
ծաղիկներու
բուրմունքով
եւ
իրենց
բզզիւնն
իսկ
պահ
մը
կը
դադրէր
միջօրէի
արեւին
համրացնող
տաքութեան
մէջ։
Պարտէզին
ճիշտ
քովէն
դեղնելու
մօտ
եղող
մարգագետնի
մը
մէջէն
նեղ
արահետ
մը
կ՚երկննար
օձապտոյտ
եւ
ճերմակ
փոշիով
մը
ծածկուած
որուն
վրայ
ոչ
մէկ
շուք
չէր
երեւար
այս
միջոցին։
Հրանտ
գրեթէ
շլացած
այս
չափազանց
տաքէն
եւ
լոյսէն՝
ներքին
անպատում
հրճուանքով
մը
կը
դիտէր
շուրջը,
պարտէզէն
անդին
տուներու
կարմիր
տանիքներէն
եւ
երկնցող
ծխաններէն
ալ
անդին
կը
նայէր
Հայտար-Բաշայի
նոճիներու
սեւ
գիծին
որ
ամբողջ
հորիզոնին
վրայ
կ՚երկարաձգուէր
եւ
իր
միացած
գագաթներուն
մէջտեղէն
հազիւ
թէ
նշմարել
կուտար
Մարմարան,
երկայն
լուսեղէն
կապոյտ
մը՝
այս
միջոցին՝
ջինջ
մթնոլորտին
հետ
խառնուած.
մինչեւ
որ
հետզհետէ
իր
արեւէն
կուրցած
աչքերուն
առաջք
ոսկեղէն
ճառագայթներուն
ներքեւ
ծառերէն
մինչեւ
հեռաւոր
հորիզոնը,
շողշողուն
միօրինակութիւն
մը
սկսան
առնել.
որոնց
մէջէն
երբեմն
կայծկլտող
ցոլք
մը
կը
բարձրանար
դէպ
ի
վեր։
—
Հրա՛նտ,
արեւը
պիտի
զարնէ
քեզի։
—
Ա՛հ
իրաւ
է,
եւ
ճակատը
բռնած
ձեռքին
մէջ
Հրանտ
գրեթէ
գլտորեցաւ
դէպ
ի
ներս.
դեդեւելով
եւ
խնդալով
քրոջը
ձեռքէն
բռնած
որ
կը
ջանար
զայն
թիկնաթոռի
մը
վրայ
տեղաւորցնել։
—
Ա՜խ
ինչպէս
պէտք
ունէի
արեւի
լոգանքի
մը,
Արուսեա՛կ.
չես
գիտեր…
իրաւ
որ
մարդ
քանի
մը
տարի
մառախուղներու
մէջ
ապրելու
է
արժէքը
հասկնալու
համար
այս
փողփողուն
պերճութեան։
—
Բայց,
գիտես
Հրանտ
որ,
վտանգաւոր
բան
է
կէս
օրին
այսքան
ուժող
արեւին
տակ
մնալ…
Հրանտ
աչքերը
քրոջը
բարձրացուց։
Անոնց
անորոշ
եւ
վարանող
նայուածքը
որ
խարխափելու
երեւոյթը
ունէր.
յետոյ
անհաւասարակշիռ
շարժումները
վախցուցին
քոյրը։
—
Ի՞նչ
ունիս
Հրանտ…
—
Ոչի՛նչ,
միայն
թէ
ամէն
բան
գունաւոր
կը
տեսնեմ
եւ
մանաւանդ
որոշ
կանանչ
գիծ
մը
կայ
շուրջս…
Նոյն
միջոցին
իսկ
սանդուղներուն
վրայէն
դէպի
վեր
շտապող
քայլեր
լսուեցան
եւ
գռուզ
մազերով
պատանի
մը
խոյացաւ
ներս
որուն
ետեւէն
սպասուհին
հանդարտիկ
կը
յառաջանար
իմացնելու
համար
Հրանտին
որ
վարը
մէկը
եկած
էր
զինքը
տեսնելու։
Հրանտ
այն
առաւօտուն
իսկ
հասած
էր
Բարիզէն
եւ
բնականաբար
հին
ծանօթ
մը
տեսնելու
անհամբերութենէն
վայրկեանի
մը
մէջ
ինքզինքը
գտաւ
եւ
վազեց
սանդուղներէն
վար։
Անիկա
երկայնահասակ,
նիհար,
բարեձեւ
եւ
ճկուն
շարժուածքներով
ամբողջ
իր
էութեան
վրայ
կը
կրէր
երջանիկ
եւ
յանձնապաստան
յանդգնութիւն
մը.
բակին
ճիշտ
մէջտեղը
անշարժ
կեցած
էր
իր
սիրելի
ընկերը՝
Սարգիս,
եւ
զիրար
այնքան
փոխուած
տեսնելու
առաջին
զարմացումէն
ետքը
իրարու
գիրկ
նետուեցան
չափազանց
յուզուած
երկուքն
ալ։
Քիչ
մը
ետքը
ընդարձակ
բակին
մէջ
ոզորեայ
թիկնաթոռներուն
վրայ
ընկողմանած
Հրանտ
եւ
Սարգիս
կը
խօսակցէին…
երկար
բաժանումով
մը
ընդհատուած
իրենց
բարեկամութիւնը
վերստին
կը
կապուէր
աւելի
սերտ
կերպով
մը
եւ
փոխադարձ
զիրար
կը
դիտէին,
կը
քննէին
իրեն
ֆիզիգական
եւ
մտաւորական
զարգացումի
աստիճանը
միանգամ
ընդ
միշտ
ըմբռնելու
համար։
Հրանտի
շագանակագոյն
եւ
պայծառ
աչքերուն
մէջ
անսահման
ուրախութեան
մը
եւ
գոհունակութեան
մը
արտայայտութիւնը
կը
ժպտէր,
իր
շարժումները
համարձակ
էին
ու
բարձր
ձայնով
կը
խօսէր
իր
նախասիրութիւնները
յայտնելով.
իր
ընկերը
Սարգիս,
մասամբ
հակապատկեր
կը
կազմէր
կարճ
հասակովը
եւ
արդէն
դիւրաւ
խորշոմող
դէմքովը,
անոր
խարտեաշ
մօրուքը
կարծես
ծնօտէն
վար
կը
կախուէր
դէմքին
մկանունքները
քաշելով
եւ
այսպէս
դէմքին
վերի
մասը
ձգտուած
կը
թուէր.
անոր
ժամանակէն
առաջ
խորշոմած
դէմքին
վրայ,
բերանը
թարմ
կը
մնար
միայն,
վարդագոյն
եւ
միամիտ
գրեթէ
տղու
բերան
մը.
լեցուն
եւ
թաւշային,
ծաղիկի
մը
պէս
պեխերուն
եւ
մօրուքին
յորդ
մազերուն
մէջտեղ.
կարճ
եւ
ուժեղ
ձեռքովը
ջղաձգօրէն
բռնած
թիկնաթոռի
քովի
մասը
կուրծքը
դէպի
առաջք՝
կը
խօսէր
անիկա
Պոլսոյ
օրուան
գրականութեան
վրայ
եւ
իր
աչքերուն
մէջէն,
ժպտուն
իր
բարեկամին
դիմաց
կ՚անցնէր
երբեմն
տխրութեան
ստուերը
եւ
երբեմն
ալ
կարծես
ընկճուած
ու
համակերպող
կ՚իյնար
թիկնաթոռին
վրայ
իր
բոլոր
պրկուած
անդամներուն
անմիջական
խոնջէնքին
մէջ։
Իւսկիւտարի
մէջ
ծնած՝
երկուքն
ալ
միեւնոյն
դպրոցը
յաճախած
էին
երկար
ատեն
եւ
հակառակ
իրենց
նիւթական
վիճակին
զանազանութեան
առջի
օրէն
բարեկամներ
եղած
էին
եւ
դպրոցի
գրասեղաններուն
վրայէն
մէկտեղ
զգացած
ամէն
բան.
իրենց
պզտիկ
տղու
մաքուր
եւ
անշօշափելի
բաղձանքները,
իրենց
նորածիլ
եւ
անորոշ
զգայնութիւնները
փոխադարձաբար
բաբախել
տուած
էին
իրենց
սրտերը։
Ո՛չ
տգէտ
եւ
հասարակ
ուսուցիչներու
եւ
ոչ
ալ
միջակ
խառնուածքով
տղաքներու
առօրեայ
շփումը
իրենց
հարուստ
եսականութենէն
բան
մը
կորսնցնել
տուած
էին.
բոլոր
գռեհիկ
հաշիւները
իրենց
մեծերուն
համակրութիւնը
գրաւելու
որ
տնտեսներէն,
աշակերտներէն
մինչեւ
ուսուցիչները
իրենց
կարգին
անպատկառ
եւ
ստորնացնող
խոնարհութեան
մը
մէջ
կը
պահէին,
անծանօթ
մնացած
էին
իրենց
հոգիներուն։
Յետոյ
օր
մըն
ալ,
իրենց
տարբեր
բաղդերուն
հետեւած
էին։
Հրանտ
Բարիզ
գացած
էր
հօրը
հետ,
եւ
հոն
մնացած
էր
գրական
ուսումնասիրութիւններ
ընելու,
մինչ
Սարգիս
նախ
ուսուցիչ
Իւսկիւտարի
վարժարաններու,
հետզհետէ
կրցած
էր
կարեւոր
տեղ
մը
գրաւել
տեղական
հայ
լրագրութեան
մէջ։
Հիմա
Սարգիս
կը
պատմէր
իր
կրած
դառնութիւնները
եւ
յուսախաբութիւնները,
օրագրողներու
ապիկարութիւնը
եւ
միւս
կողմէ
ընթերցող
հասարակութեան
գռեհիկ
ճաշակը
եւ
անգիտակցութիւնը…
—
Եղբա՛յր
անկարելի
է
երեւակայել
թէ
ո
եւ
է
գրական
գործ
մը
ի՜նչ
գէշ
կերպով
կը
գնահատուի,
ջանա
որքան
որ
կ՚ուզես
խտացնել
քու
գրականութեանդ
մէջ
քու
հոգիիդ
ամենէն
ազնիւ
բնազդները,
ջանա
քու
մէջդ
ամփոփուած՝
որսալ
քու
զգայնութիւններուդ
ամենէն
թանկագինը,
ու
պիտի
տեսնես
թէ
ի՜նչպէս
քու
ընթերցողներուդ
կողմէ
պիտի
քաշքշուի
ցեխերու
մէջ
այն՝
ինչ
որ
իբր
լաւագոյն
բանը
քու
կարողութեանդ
պիտի
ուզէիր
աւանդել
անոնց։
Չափազանց
յուզուած,
ձայնը
կ՚երկարաձգուէր
հետզհետէ
եւ
վերջին
բառերուն
փղձկումէն
կոպերը
ծանրացած
կ՚երեւային։
Հրանտ
ալ
յուզուած
էր
բայց
բարեացակամ
կը
ժպտէր
իր
ընկերոջը,
ձեռքը
անոր
ուսին
դրած
եւ
ջանալով
իր
լաւատեսութիւնը
փոխանցել
անոր։
—
Այրած
սրտի
խօսքեր
են
սիրելիս,
կը
հասկնամ
բոլոր
դժուարութիւնները
քու
կացութեանդ.
բնական
է
որ
քեզի
պէս
դիւրազգած
մէկը
շուտով
պիտի
վիրաւորուէր
եսասէր
մարդիկներու
հետ
շփումի
մէջ
ըլլալով։—
Պահ
մը
կեցաւ։
Ու
անմիջապէս
առիթէն
օգուտ
քաղելով
բացատրեց
իր
գրական
մտադրութիւններն
ալ.
երկարօրէն
խօսեցաւ
հոգեբանական
վէպի
մը
վրայ
որ
շատոնց
ծրագրած
էր,
նօթերը
պատրաստ
էին
եւ
շուտով
գործի
պիտի
սկսէր
ճամբորդութեան
յոգնութիւնը
առնելէ
ետք։
Հետզհետէ
սաստիկ
տաքէն
կէս
մը
թմրած
կը
շարունակէին
իրարու
խօսիլ
ցած
ձայնով
եւ
բառերը
կ՚ընդհատուէին
երբեմն։
Տաքութիւնը
աւելի
կը
շատնար
մինչ
որթատունկի
տերեւներ
իրենց
զմրուխտէ
կանանչութիւնը
կուտային
պատուհաններէն
ներս
խոյացող
արեւի
շեշտ
ճառագայթներուն.
Հետզհետէ
ապակիները
բոլորովին
ծծելով
արեւին
ճառագայթները,
ոսկեգոյն
էին
դարձեր։
Հրանտ
մեքենաբար
ելաւ
սթօրները
քաշելու
եւ
անոնց
անթափանց
մարմնին
մէջէն
մաղուած
ճերմակ
լոյսը
պահ
մը
ամոքեց
զիրենք։
Սարգիս
հապճեպով
ճակտին
վրայէն
քրտինքը
կը
սրբէր,
մինչ
վերէն
արտեւանունքները
կէս
մը
կ՚իյնային
աչքերուն
վրայ
իրեն
մրափող
երեւոյթ
մը
տալով։
Սպասուհին
օշարակներ
բերաւ
եւ
բոլորովին
ինքզինքին
տուած
ֆիզիքական
հաճոյքին,
րոպէ
մը
մոռցան
իրենց
խօսակցութիւնը.
միակ
Սարգիսին
առատ
մօրուքին
տակէն
կ՚երեւէր
այտին
խորշոմիը
մինչ
ճակտին
մորթը
աւելի
կը
պրկուէր
գրեթէ
կաղապարելով
գանկին
այդ
մասը.
սպասուհին—
գաւառացի
աղջիկ
մը—
ձեռքերը
կուրծքին
կեցած
էր
իրենց
մօտ
եւ
Հրանտին
կը
նայէր
սեւեռուն
նայուածքով
մը
մինչեւ
որ
անոր
աչքերը
հանդիպէին
իրենին։
—
Շուշան,
ինչո՞ւ
Արուսեակը
չեկաւ։
—
Չգիտեմ
իրաւ
որ,
կարծեմ
կարով
զբաղած
է։
—
Գնա
կանչէ՛
զինքը։
Սպասուհին
մեկնեցաւ
եւ
իրենք
եկան
սեղանին
քով.
բոլորովին
կազդուրուած
օշարակէն՝
աչք
աչքի
կը
ժպտէին
տղայական
հրճուանքով
մը՝
զիրար
գտած
ըլլալնուն
համար։
Պարապ
գաւաթներուն
մէջէն
հոտաւէտ
օշարակին
հետքերը
կը
շոգիանային
արագօրէն
եւ
իրենց
շնչած
օդը
ծանրաբեռնուած
էր
անոր
մասնիկներէն։
Փողոցին
մէջ
բնաւ
ձայն
չկար՝
միայն
երբեմն
արագ
գնացքը
շունի
մը,
բարձրացած
փոշիին
մէջէն
խուսափուկ
շօշափումի
մը
զգայնութիւնը
կուտար։
—
Վերջապէս
աղէկ
որ
եկար
Հրանտ,
միասին
ի՜նչ
օրեր
պիտի
անցնենք։
—
Անշուշտ
սիրելիս.
եւ
ես
հաւատք
ունիմ
որ
մեր
օրերը
բեղմնաւոր
պիտի
ըլլան.
որքան
կարելի
է
շատ
պիտի
աշխատինք
եւ
շատ
պիտի
արտադրենք։
Անմիջապէս
Սարգիսի
ժպտուն
դէմքին
վրայ
մտահոգութիւնը
կրկին
երեւցաւ,
բայց
Հրանտ
թող
չտալով
անոր
յոռետես
խօսքերուն,
ձայնը
խաբանելով
ընկերոջը.
—
Պիտի
տեսնես
Սարգիս,
անգամ
մը
որ
վէպս
հրատարակուի.
ընթերցող
հասարակութիւնը
անտարակոյս
պիտի
գնահատէ
իմ
ջանքերը.
լաւագոյն
բան
մը
իրենց
ներկայացնելու
փորձերս։
—
Քիչ
մը
կեցաւ։
—
Կրնայ
ըլլալ
որ
գրականապէս
տկար
ըլլայ
վէպս
բայց
վերջապէս
անիկա
արդիւնքը
պիտի
ըլլայ
շատ
մը
դիտուած
իրական
դէպքերու,
ուսումնասիրութիւններու.
ահագին
նօթ
հաւաքած
եմ
արդէն…
հոգեբանական
բաւական
կնճռոտ
պարագայ
մըն
է
վէպս…
որով
արդէն
զբաղած
են
շատ
խորունկ
մտքեր…
բնականաբար
եզրակացութեան
մը
չպիտի
հանգիմ.
ատիկա
անկարելի
է…
նախ
որ
աններելի
յաւականութիւն
մը
կ՚ըլլար,
յետոյ
վերջապէս
գրելիքս
վէպ
մըն
է
եւ
պիտի
պատմեմ
հոն,
պարզապէս
մօտէն
դիտուած
իրողութիւններ…։
Ալ
գրեթէ
ինքնիրենը
կը
խօսէր,
երբեմն
ընդհատելով
խօսքը
եւ
կենալով
Սարգիսին
դէմ
որ
անմրմնունջ
եւ
գրեթէ
զարմացած
կը
դիտէր
իր
ընկերոջը
խանադավառութիւնը…
բայց
վերջապէս
պատասխանեց…
—
Ինչպէ՜ս
յայտնի
է
որ
միջավայրը
չես
ճանչնար
Հրանտ,
կ՚երեւի
թէ
դուն
Պոլսոյ
մէջ
հրատարակուած
թերթն
ալ
չէիր
կարդար,
այսքան
մեծ
հաւատք
ունենալու
համար
քու
ընթերցողներուդ
վրայ։
—
Բայց
ընդհակառակը
կը
կարդայի,
եւ
ատոր
համար
է
որ
եկայ
հոս
իմ
ջանքերս
աւելցնելու
—
որքան
ալ
չնչին
ըլլան
—
մեր
մտաւորական
գործունէութեան
մէջ։
—
Բայց
քու
վէպէդ
պիտի
ձանձրանան
Հրանտ…
—
Ինչո՞ւ։
—
Որովհետեւ
զուտ
գեղեցկագիտական
մտահոգութիւններ
պիտի
ունենաս,
որովհետեւ
պիտի
ստիպես
ընթերցողդ
մտածելու.
պիտի
մղես
զանոնք
խորհրդածութիւններ
ընելու
հոգեբանական
նրբութիւններու
վրայ
որ
քու
միտքդ
կ՚զբաղեցնեն
եւ
ձեւով
մը
պիտի
ստիպես
զիրենք
առօրեայ
թեթեւութիւններէն,
գռեհիկ
նորավէպներէն
եւ
սիրտ
առնող
բանաստեղծութիւններէն
վեր
ելելլու,
քիչ
մըն
ալ
վրդովուելու
զուտ
մտաւորական
հոգերով,
մտաւորական
յուզումներով…
Սարգիս
ոտքի
կեցած
էր
եւ
զգալի
կերպով
յուզուած՝
կը
շարունակէր
խօսիլ
առատօրէն
մինչեւ
եզրակացուց։
—
Թերեւս
կարծես
որ
դիտմամբ
քեզի
կը
թուեմ
կոր
մեր
մտաւորական
վիճակին
խեղճութիւնները,
քեզ
յուսահատեցնելու
համար.
բայց
աղքատութիւնը
դեռ
ոչինչ
է
երբ
ի
նկատի
առնենք
բոլոր
գձձութիւնները,
ստորին
խորամանկութիւնները
որոնց
անպատճառ
պիտի
հանդիպիս։
Հրանտ
մէկէն
պոռթկած.
—
Բայց
իմ
ի՛նչ
փոյթս
բոլոր
ատոնք,
միթէ
գրողը
պէ՞տք
է
զբաղի
իր
ընթերցողներով,
ինծի
ի՛նչ
եթէ
անոնց
մտաւոր
մակարդակը
ցած
է,
չպիտի
հասկնան
իմ
վէպս։
—
Ատիկա
պէտք
է
փոյթդ
ըլլայ
քանի
որ
ընթերցողներուդ
համար
պիտի
գրես
վէպդ.
—
Եզրակացութիւնը,
բարեկամս
քու
խօսքերուդ
պիտի
ըլլայ.
«պէտք
է
մինչեւ
հիմա
արտադրուած
գործերուն
արժէքով
բան
մը
գրես
որպէս
զի
կարդացուի։»
—
Չէ՛,
ախ,
չէ՛
Հրանտ…
ու
քիչ
մը
տատամսելէ
ետքը
Սարգիս
ընկերոջը
դարձաւ
եւ
աւելի
հանդարտ
ձեւով
մը
ըսաւ։
—
Մեր
ըրածը
տրամաբանական
չէ.
մենք
կ՚ուզենք
գեղեցիկ
բան
մը
տալ
մեր
ընթերցողին
երբ
անիկա
չուզեր,
կը
մերժէ
այդ
գեղեցկութիւնը.
մենք
կը
յամառինք
զայն
մատուցանել
սակայն
եւ
այդպէսով
մենք
կը
շարունակենք
ընծայել
բան
մը
որ
երբէք
չպիտի
գնահատուի
եւ
մէկ
կողմ
պիտի
դրուի
աւելորդ
իրի
մը
պէս։
—
Այլ
սակայն
պէտք
է
յամառինք
գեղեցկագոյնը
տալու,
պէտք
է
որ
բոլոր
անոնք
որ
գիտակցութիւնը
ունին
ընթերցողներու
մտաւոր
խեղճութեանը,
քաջութինը
ունենան
անոնց
ստորին
բնազդները
չխնկարկելու,
անոնց
ուզածը
չտալու,
այսպէսով
միայն
կրնանք
մենք
մեր
մէջ
ամփոփուած
գրական
կադողութիւններու
լաւագոյնը
արտադրելու…։
Ու
երկու
ձեռքերը
Սարգիսի
ուսին
դրած՝
կը
նայէր
անոր
աչքերուն
մէջ,
ջանալով
անոր
փոխանցել
իր
անսպառ
խանդավառութիւնը։
Բայց
Սարգիս
միշտ
լուռ
կը
մնար
եւ
հետզհետէ
կնճռոտած.
իր
ընկերոջ
յանձնապաստան
խօսքերը
չէ՞
մի
որ
ինքն
ալ
ըսած
էր
մտովի,
երբ
առաջին
անգամ
սկսած
էր
հրապարակագրութեան,
եւ
հիմակ
գիտէր
թէ
որքան
անօգուտ
էին
անոնք…
Ա՜հ
թերեւս
ուրիշ
կարգի
ուժ
մը
երեւան
ելլէր
ընկերոջը
մէջ.
այն
ատեն
անմիջապէս
կ՚ապաստանէր
անոր
քով
բայց
ինքը
ժամանակէն
առաջ
դառնութիւնը
ունեցած
էր
հասկնալու
բոլոր
այդ
ջանքերուն
ո՛րքան
անօգուտ
ըլլալը…
Հրանտ
միշտ
աւելի
ծանրանալով
իր
ուսերուն
կը
խօսէր
նոյն
շեշտով
եւ
իրեն
խօսքերն
վեհանձն
զգացումներէ
թելադրուած
կը
վազէին
իր
շրթունքներէն
ջինջ
եւ
հոսուն
ջուրի
մը
պէս
եւ
իրաւ
ալ
այնքան
թարմ
եւ
ուղիղ
էր
անոր
հոգին
որ
այդ
պահուն
Սարգիս
կը
հասկնար
բոլոր
տառապանքը
եւ
յուսախաբութիւնները
որոնց
պիտի
հանդիպէր
Հրանտ,
իր
մտադրած
գրական
նպատակին
համար
եւ
թերեւս
ալ
խորտակուէր
ապարդիւն
եւ
վսեմ
ջանքի
մը
մէջ։
Այլ
սակայն
Հրանտ
իր
խրոխտ
հասակը
բարձրացուց
եւ
իբր
վերջին
առարկութիւն՝
իրարու
վրայ
կրկնեց
Սարգիսի
ֆրանսերէն
բառերով…
—
Quand—
même.
qaund—
même…
Վերջին
բառին
ձայնը
դողդողած
եւ
թեթեւ
մը
տժգունեցաւ,
տարակոյսի
թեթեւ
մշուշ
մը
ստուերեց
աչքերը
եւ
չկրցաւ
նայիլ
Սարգիսին
քիչ
մը
առաջուան
ջինջ
եւ
գրեթէ
բռնաբարող
նայուածքով,
Սարգիս
զգաց
ընկերոջը
տկարութիւնը.
անբացատրելի
անհանգստութիւն
մը
երկուքն
ալ
կը
թուլցնէր՝
իրենց
շարժումները
վարանոտ
դարձնելով…
Նոյն
միջոցին
փողոցին
մէջ
մարդեր
սկսան
անցնիլ,
Հրանտ
դուռը
բացաւ
եւ
տեսաւ
որ
անոնք
կ՚ուղղուէին
դէպի
Ս.
Խաչ
Եկեղեցին.
պատուհաններէն
հետաքրքիր
դէմքեր
երեւցան։
—
Յուղարկաւորութիւն
ըլլալու
է,
մրմնջեց
Սարգիս։
—
Ա՜հ,
հոսկէց
կարծեմ
թէ
շատ
լաւ
կը
տեսնուի
եւ
ի՛նչ
գոհ
պիտի
ըլլամ
թափորը
տեսնելով…
ասիկա
անակնկալ
մըն
էր
բոլորովին։
Եկեղեցիին
զանգակին
դօղանջիւնները
լսուեցան
անոնք
կ՚երկարաձգուէին
ողբագին՝
օդը
թրթռացնելով
եւ
մինչեւ
հեռուներէն
վերադառնալով
տարտամ
արձագանգով
մը։
Սարգիս
մէկէն
ինքն
իր
վրայ
ամփոփուած
անշարժ
եւ
անխօս
կը
մնար,
աչքերուն
մէջ
ունենալով
անսահմանելի
վրդովմունք
մը,
ոտքերը
վեր
քաշած
էր
եւ
ծալլապատիկ՝
գրեթէ
կծկուած
նստած
էր
թիկնաթոռին
մէջ,
կարծես
որսալով
հեռաւոր
տառապանքի
մը
մասնիկները։
Ընդհակառակը
Հրանտ
շահագրգռուած
եւ
հետաքրքիր
մտիկ
կ՚ընէր
կոչնակին
հեծկլտացող
զանգերը…
—
Շատ
գոհ
եմ,
ա՛հ
իրաւ
է
որ
շատ
գոհ
եմ,
մտիկ
ընելով
մեր
եկեղեցիին
զանգակը
որուն
ղօղանջիւններուն
յիշատակը
պահած
էի
օտարութեանս
մէջ.
ամենէն
աւելի
կարօտցած
բաներէս
մէկն
էր
ան։
Սարգիս
չէր
խօսեր
եւ
միշտ
կծկուած
կը
նայէր
դիմացը
Հրանտ
յիշեց
անմիջապէս։
—
Ա՜հ,
խեղճ
բարեկամս,
իրաւ
յուղարկաւորութիւննէրը
քու
վրադ
շատ
տխուր
ազդեցութիւն
կ՚ընէին
ժամանակաւ,
մինչեւ
հիմա
չես
կազդուրուած
ատոր
դէմ։
—
Ընդհակառակը,
մրմնջեց
Սարգիս
դժուարութեամբ։
Յետոյ
ծանր
լռութիւն
մը
տիրեց
որուն
միջոցին
ղօղանջիւնները
իրենց
վերջին
կոչերը
կ՚արձակէին.
այլեւս
շտապով,
ծանր
հարուածներու
պէս,
թրթռացումէն
վրդովուած
օդին
մէջ։
Անտարակոյս
մեր
կեանքին
ամէնէն
աղւոր
բաներէն
մէկն
է,
կ՚ըսէր
քիչ
մը
ետքը
Հրանտ,
մեր
եկեղեցիին
արարողութիւնները
որոնք
կրցած
են
դարերու
ընթացքին
մէջէն
կարելի
եղածին
չափ
պահել
կրօնական
վսեմ
ներշնչումներէ
թելադրուած
ծէսերը…։
Այդ
բանին
յաճախ
խորհած
եմ
Բարիզի
Լուվրի
միւզէին
մէջ,
միսթիքներու
պատկերներուն
առաջ
երբ
կը
դիտէի
հիացումով
եկեղեցւոյ
առաջին
դարերու
հայրապետներու
կեցուածքը
եւ
իրենց
հագուածքին
խորհրդանշանական
գեղեցկութիւնը…։
Անտարակոյս
եթէ
Լուվրի
պատկերները
կարօտնամ,
առաջին
մտածումս
պիտի
ըլլայ
եկեղեցի
մտնել
եւ
կրօնական
արարողութիւն
մը
տեսնել…
Դեռ
երկար
ատեն
խօսեցաւ
մեր
եկեղեցիին
զուտ
գեղարուեստական
յատկութիւններուն
վրայ,
զանոնք
վերյիշելով
իր
մանկական
առաջին
հիացումներու
մէջէն.
յետոյ
դառնալով
իր
վէպին
կը
բացատրէր
Սարգիսին
թէ
ինչպէս
անհրաժեշտ
բան
մըն
էր
տեղական
գեղեցկութիւնները
ի
յայտ
բերել
որպէս
զի
կուրցած
ժողովուրդը
անդրադառնայ
իր
քթին
տակ
գոյութիւն
ունեցած
գեղեցիկ
բաներուն
եւ
ապշութիւնը
չունենայ
անոնք
անտեսելով՝
աչքերը
դարձնելու
հեռուները՝
դէպի
արեւմուտք
ուրկէ
եկած
կատարելութիւններն
իսկ
զինքը
բոլորովին
ապասերելու
հանգամանքը
ունի
միայն։
—
Այսպէս
առաջին
գլուխս
պիտի
սկսիմ
յուղարկաւորութեան
մը
նկարագրութիւնը
ընելով.
իբրեւ
շրջանակ
ի՛նչ
բան
կարելի
է
երեւակայել
աւելի
վրդովիչ,
աւելի
գեղեցիկ
քան
մեր
յուղարկաւորութիւնները
բաց
օդին,
բիւզանդական,
կրօնական
զգեստներու
խստակրօն
փարթամութեամբը
եւ
իբր
հորիզոն
ունենալով
գեղեցիկ
հեռանկար
մը,
սեւ
նոճիներու
սիլուէթը,
լոյսով
շողշողուն
երկնքին
վրայ։
Եւ
առանց
ուշադրութիւն
ընելու
ընկերոջը
որ
կարծես
նախզգալով
երկրորդ
ղօղանջիւնները,
ալ
աւելի
կը
կծկուէր
իր
վրայ՝
զայն
հրաւիրեց
վեր
ելլենու
եւ
անոր
վայելել
տալու
ինչ
որ
զինքը
լոյսով
եւ
տաքութիւնով
շլացուցած
էր
արդէն։
—
Եկուր
պատշգամին
վրայ
սիրելիս.
բուսականութեան
ինչ
անբաղդատելի
գեղեցկութիւն…
ինչ
պայծառութիւն.
ամբողջ
լուսեղէն
արբեցութիւն
մը,
լուսեղէն
լոգանք
մըն
է
ուրկէց
հոգին
մաքրուած
կը
թեթեւնայ
կարծես…։
Եւ
որովհետեւ
Սարգիս
անտարբեր
կը
մնար
իր
այս
խանդավառութեան,
գրեթէ,
բռնի
զայն
ոտքի
հանեց
եւ
ստիպեց
որ
հետեւի
իրեն։
Յայտնի
էր
թէ
ինքն
ալ
ջղագրգռուած
էր
մասամբ
եւ
իր
շարժումները
աւելի
արագ
էին,
ինքզինքը
յայտնելու
պէտքէն
մղուած
սանդուղներուն
վրայէն
սկսաւ
նորէն
խօսիլ
իր
վէպին
վրայ։
Առաջին
մասը
շատ
որոշ
բան
մըն
էր,
ինչ
որ
ամէն
օր
կը
պատահի…
Եւ
անոր
բոլոր
ինքնուրոյն
արժէքը
պիտի
ըլլար
միջավայրը…
Պոլսոյ
գեղեցիկ
արուարձաններէն
մէկը
ուր
այնքա՛ն
հեշտ
է
եւ
դիւրին
սիրով
տառապիլ։
Իր
գլխաւոր
հերոսուհին
պիտի
ըլլար
սիրտբուխ
պարզ
աղջիկ
մը
քիչ
մը
պչրասէր
եւ
որ
բոլորովին
անգիտակցաբար
պիտի
խաղար
իր
դրացիներէն
մէկուն,
երիտասարդի
մը
սրտին
հետ։
—
Ասոր
համար
խեղճ
աղջիկը
հրէշ
մը
ներկայացնելու
պէտք
չկայ
հէ՞։
—
Ատիկա
կախում
ունի…
—
Հարկաւ,
բայց
այս
պարագային
ենթադրէ
որ
պարզ
աղջիկ
մը
որ
բնազդով
հաճելի
ըլլալուն,
սիրուելու
ձգտումը
ունի
կը
թողու
որ
դարպասուի
երիտասարդէ
մը
որ
իր
կարգին
բորոլովին
լրջօրէն
կ՚առնէ
խնդիրը…
այնպէս
որ
առանց
գիտակցութիւնը
ունենալու
աղջիկը
վտանգաւոր
խաղ
մըն
է
որ
կը
խաղայ։
Սարգիս
գրեթէ
առանց
հասկնալու
մտիկ
կ՚ընէր
ընկերոջը
խօսքերը.
իր
արտաքին
երեւոյթը
պատճառ
կ՚ըլլար
կիներէն
հեռու
մնալու
եւ
անոնցմէ
շփացած
չըլլալու.
տեսակ
մը
նախապաշարեալ
երկչոտութիւն
մը
կը
համակէր
զինքը
ո
եւ
է
կնոջ
մը
ներկայութեան.
եւ
ինքզինքը
պարտական
կը
զգար
կասկածով
վերաբերուելու
անոնց
նկատմամբ.
«Կին
մը
ամէն
բան
կարող
է
ընել.
մանաւանդ
գէշ
բան»,
տիրող
մտածումը
եղած
էր
իրեն,
ասկէ
զատ
ինչչափ
կը
զգար
որ
իր
տկարակազմ
եւ
վատառողջ
էութիւնը
պէտք
ունէր
գորովագին
խնամքներու
եւ
իր
մանուկ
մնացած
հոգին
տաք
սրտի
մը։
Այս
վերջին
պարագան
տեսակ
մը
մտերիմ
եւ
գաղտնի
զգայնութիւն
էր
որ
չէր
ուզեր
յայտնել
եւ
նոյն
իսկ
ինքզինքին
խոստովանիլ
եւ
այդ
հոգեկան
տեսակ
մը
հաճելի
տկարացումին
դէմ
մաքառելու
համար
էր
կարծես
որ
ամենէն
յոռետես
բանէրը
կ՚ըսէր
կիներուն
դէմ,
անտեղի
զայրոյթներով
գրգռուած
եւ
ինքզինքէն
ելած։
Հրանտ
կ՚երեւի,
կիներուն
նկատմամբ
աւելի
ներողամիտ
ըլլալու
պատճառներ
ունէր.
քանի
որ
առանց
նեղանալու
հանդարտութեամբ
կը
վիճաբանէր
ընկերոջը
հետ
եւ
կ՚ուզէր
համոզել
թէ
իր
վէպին
տիպարը
գոյութիւն
ունեցող
տիպար
մըն
է
որուն
ամէն
օր
կը
հանդիպինք,
եւ
ներողամիտ
կ՚ըլլանք
անոր
կանացի
տկարութիւններուն։
—
Պարագան
հոս
բոլորովին
տարբեր
է,
երիտասարդը
արդէն
անկախօրէն
իր
սիրային
արկածներէն՝
հիւանդ
է
եւ
նոյն
իսկ
վտանգի
մէջ,
աղջկան
մը
կը
հանդիպի,
դրացուհի
մը
որ
իր
վերջին
դառն
օրերը
կ՚ոսկեզօծէ,
թոյլ
կուտայ
որ
անիկա
յուսայ
իր
վրայ
եւ
դողդոջուն
հոգին
կրթնի
գեղեցիկ
գաղափարի
մը։
—
Քիչ
մըն
ալ
եւ
պիտի
ըսես
որ
Հրա՛նտ,
աղջկան
ըրածը
հերոսութիւն
մըն
է…
—
Բայց
բնաւ,
բուն
իսկ
իմ
նպատակս
է
զայն
ներկայացնել
ո
եւ
է
աղջիկ
մը՝
անպատասխանատու
իր
ըրածին՝
ճիշդ
բնութեան
պէս,
որուն
բարերար
կամ
չարագործ
ազդեցութիւնը
կը
կրենք
անտրտունջ։
Իբր
պատասխան
քթին
տակէն
մրմռալով
Սարգիս
տարտամ
խօսքեր
ուղղեց
բոլոր
կիներուն
հասցէին,
որոնք
շողոքորթիչ
ըլլալէ
հեռու
էին,
երբ
նոյն
պահուն
իսկ
եկեղեցիին
կոչնակները
վերսկսան
ղօղանջել
աւելի
ընդհատ,
աւելի
երկարաձգուած,
իրենց
լացող
երգովը
բաբախելով
արեւոտ
քաղաքին
վրայ։
Թափորը
անցած
էր
արդէն
փողոցին
ծայրէն
առաջնորդելով
ճերմակ
պզտիկ
դագաղ
մը
ճերմակ
փունջերու
տակ
կորսուած.
խաչերու
եւ
եպիսկոպոսին
գաւազանին
գագաթները
միայն
դեռ
կ՚երեւէին
պարտէզի
մը
ծառերուն
մէջտեղէն.
ծեր
քահանաներու
թաւ՝
գրեթէ
խռպոտ
ձայնը
եւ
մանուկներու
ձայնին
մեղեդիական
հնչիւնը
իրենց
զանազանութեամբ
դաշնակաւոր՝
կը
հասնէին
դեռ
իրենց
հետզհետէ
տկարանալով։
Փողոցին
ծայրը
ուրկէ
թափորը
անցած
էր
արդէն,
դեռ
խունկի
ծուէն
մը
կը
ծածանէր
աստիճանաբար
անսօրանալով
եւ
յամարօրէն
բարձրանալով
դէպ
ի
վեր։
Հրանտ
եւ
Սարգիս
պաշտգամին
բազրիքին
կրթնած
կը
մնային
առանց
խօսելու.
Արուսեակ
ալ
հասած
էր
եւ
իրենց
ետեւէն
կը
նայէր
մտքովը
կշռելով
մեռնողին
նիւթական
վիճակը՝
եղած
յուղարկաւորութեան
ճոխութեամբ
համեմատ։
Դրացի
տուներէն
երեւցող
կիներ
իրարու
քանի
մը
խօսք
փոխանակելէ
ետքը
քաշուած
էին.
մինակ
իրենց
շատ
մօտիկ
պառաւ
կին
մը
ծայրայեղօրէն
խորշոմած
մորթով
գլուխը
դեռ
կը
շարժէր
եւ
բառեր
կը
մռլտար։
—
Աստուած
համբերութիւն
տայ
մօրը,
հազիւ
թէ
լսելի
եղաւ
եւ
պառաւին
գլուխդ
իր
կարգին
աներեւութացաւ
ճերմակ
վարագոյրներուն
ետեւ։
—
Հրանտ,
գիտես,
Մաննիկ
հանըմն
է
որ
երեք
տղաքն
ալ
իրարու
ետեւ
մէկ
տարուան
մէջ
կորսնցուց։
—
Ա՜հ…այս
ճերմակ
դագաղը
զինքը
չարաչար
յուզած
ըլլալու
է
այս
միջոցին։
—
Խեղճ
կին,
ինչպէ՛ս
հասկնալու
է
հիմակ,
հեռուն
ո
եւ
է
մեզի
անծանօթ
անկիւն
մը
տառապող
մօր
մը
սիրտը։
Հրանտ
մտազբաղ
աւելցուց.
—
Անշուշտ
Սարգիս,
ի՛նչ
էջ
մը
կարելի
է
գրել
այդ
իրական
յուսահատութեան,
այդ
սպաննիչ,
յօշոտող
ցաւով,
բայց
կ՚ենթադրե՞ս
երբեք
թէ
հասկնալով
նոյն
իսկ
այդ
գերագոյ
յուզմունքը
կարենանք
երբեք
զայն
թուղթին
վրայ
արտայայտել,
անբաւական
եւ
անկատար
բառերու
միջոցաւ։
Պահ
մը
կեցաւ
դիտելով
Սարգիսին
բոլորովին
շուարած
դէմքը
որ
կարծես
իրեն
ըսել
կ՚ուզէր.
—
Ինչ
բաներու
ալ
կը
մտածես
բայց
առանց
ազդուելու
Սարգիսին
երեւոյթէն
հետեւեցաւ
իր
մտածումին։
—
Եթէ
կարենայինք
անգամ
մը
միայն,
րոպէ
մը
միայն
մեր
բովանդակ
զգացուկներուն
եւ
յուզումներուն
հաւատարիմ
եւ
անաչառ
արտայայտութիւնը
աւանդել
թուղթին.
բաբախու
բոլոր
մեր
էութեան
տարտամ
եւ
անսահմանելի
զգայնութիւններովը
կ՚երեւակայես
գործը
որ
մէջտեղ
կուգայ
ամենազօր
եւ
մատչելի
ամենէն
համեստ
հոգիներէն
մինիչեւ
ամէնէն
ազնուական
նկարագիրներուն։
Գրեթէ
ապուշղած՝
Սարգիս
երկչոտութեամբ
մրմնջեց.
—
Իրաւ
որ
Հրանտ
ըսածէդ
շատ
բան
չեմ
կրնար
կոր
հասկնալ։
—
Խեղճ
տղաս,
շատ
պարզ
բան
է
սակայն
ըսածս,
երբեք
չե՞ս
մտածած
դուն
այս
բանին։
Եւ
որովհետեւ
Սարգիս
լուռ
կդ
մնար
պահ
մը
մտածելէ
եետքը
աւելցուց։
—
Կարդացած
ե՞ս
Մէթէրլինքի
«խոնարհներու
գանձը»
Սարգիս
բացասական
նշան
մը
ըրաւ։
—
Արդէն
տարտամօրէն
խորհած
էի
այդ
բանին
երբ
առիթը
ունեցայ
կարդալու
այդ
հոյակապ
հատորը,
ուր
սքանչելիօրէն
կը
բացատրուի
թէ
ինչպէս
ամենէն
համեստ,
մտաւորրականութեամբ
մարդն
ալ
ներքնապէս
ինքզինքը
հաւասար
կ՚զգայ
ամենէն
հանճարեղ
մարդուն
եւ
կարող
անոր
ըրածը
ընելու։
Ատիկա
ճապացուցանե՞ր
բաւական
ամենակրողութիւնը
հոգւոյն
ամէն
մարդկային
արարածներուն
մէջ։
Սա
քովի
պառաւը
իր
հոգեկան
անդարմանելի
մորմոքին
մէջ
ինչո՞վ
վար
է
ուրիշ
ո
եւ
է
տառապող
հոգիէ
մը,
ինչ
որ
իրեն
կը
պակսի
եւ
զինքը
կը
զանազանէ
արուեստագէտէն,
գրողէն
իր
ներքին
յուզմունքը
արտայայտելու
անկարողութիւնն
է,
որով
եւ
ընդունուած
ձեւի
մը
մէջ
զայն
ուրիշի
մը
չկարենալ
ներկայացնելը…։
Յետոյ
վերջապէս
տարբերութիւնը
շատ
մեծ
ալ
չէ
այդ
պառաւ
կնոջ
եւ
մեր
մէջ,
մենք
որ
յաւակնութիւնը
ունինք
մեր
զգացումներուն
արտասովոր
նրբութեամբը
ընթերցողները
զբաղեցնելու.
ի՛նչ
խեղճութիւն,
գրուած
էջ
մը,
ի՛նչ
ջլատում
արդէն
երբ
մտքիդ
մէջ
յղացուած
եւ
հոգւոյդ
մէջ
սաւառնող
գործ
մը
կը
տեսնես,
կ՚զգաս
որ
կը
վիժի
աստիճանաբար
երբ
զայն
արտագրելու
գործողութիւնը
կ՚սկսիս։
Հետզհետէ
ջղոտցած
Հրանտ
արագօրէն
սկսաւ
պտտիլ
պատշգամին
վրայ.
Սարգիս
իր
կարգին
շահագրգռուած
մտիկ
կ՚ընէր
իր
ընկերոջ.
մինակ,
Արուսեակ
անտարբեր
երեւոյթով
աթոռի
մը
վրայ
նստած
իրենց
քովիկը
հանդարտօրէն
կ՚աշխատէր
ձեռական
դժուարին
աշխատութեան
մը։
Հրանտ
մտածումներու
մէջ
բաւական
դեգերելէ
ետքը
իր
վէպին
եկաւ
եւ
սկսաւ
աւելի
հանդարտօրէն
խօսիլ.
—
Այնպէս
չէ՞
Սարգիս,
յուղարկաւորութիւն
մը
գեղեցիկ
մուտք
մը
կ՚ըլլայ
վէպիս.
եւ
անմիջապէս
արդէն
ընթերցողը
կ՚ըմբռնէ
եղելութիւնը։
Քիչ
մը
կեցաւ.
հիւանդ
երիտասարդն
է
որ
մեռած
է
եւ
թափորը
կ՚անցնի
փողոցէն,
աղջկանը
պատուհանին
տակէն
գրեթէ.
ճերմակ
դագաղ
մը
ճիշտ
այսօրուանին
պէս
եւ
աղջիկը
մինչեւ
այն
ատեն
մասամբ
անտարբեր՝
երիտասարդին
հրայրքին
հիմա
սակայն
բուռն
յուզմունքի
մը
մէջ
կը
մտածէ
իր
կորսնցուցած
բարեկամին
վրայ.
մտքի
խելացնոր
սեւեռումով
մը
կը
խորհի
հէք
դիակին
որ
սկսած
է
տարրալուծուիլ
արդէն
ճերմակ
դագաղին
մէջ,
որ
այդ
միջոցին
կ՚անցնի
գրեթէ
իր
ոտքերուն
ներքեւէն։
—
Իրաւունք
ունիս
Հրանտ,
ատիկա
գեղեցիկ
էջ
մը
կ՚ըլլայ
արդարեւ
եւ
կը
հասկնամ
որ
աղջիկը
այդ
վայրկեանէն
իսկ
սկսի
սիրել
այն
որ
ա՛լ
բոլորովին
կորսուած
է
իրեն
համար։
—
Այնպէս
չէ՞.
մահը
կը
սրբագործէ
շատ
բան,
նուիրական
եւ
անշօշափելի
դարձնելով
մեր
ամենէն
սովորական
զգացումները
եւ
ադդէն
մեր
հոգւոյն
խորը
անոնք
զոյգ
զգացումներ
են
գրեթէ
համարժէք
եւ
նոյ
չափղ
գրաւող
մեր
զգայարանքներուն,
մահուան
եւ
սիրոյ
բնազդը
այսինքն
ջնջումի
եւ
ստեղծելու
բնազդը
մարդուն
մէջ
միեւնոյն
ատեն
եւ
գրեթէ
իրարմէ
սերելով
կը
բողբոջի.
չէ՞
որ
սիրոյ
մէջ
գերագոյն
յուզմունքի
պահուն
մեռնելու
տենջանքը,
անէանալու
հեշտանքը
հաւասարապէս
բաբախել
կուտայ
մեր
ամբողջ
էութիւնը։
Քով
քովի
Սարգիսի
հետ
զբաղեցան
այս
նիւթով
որուն
վրայ
հիմնուած
պիտի
ըլլար
Հրանտի
վէպին
առաջին
մասը
կամաց
կամաց
անդրադառնալով
բուն
իսկ
խնդրոյն
բնախօսական
կնճռոտուըիւններուն
Հրանտ
յուսահատութեան
վայրկեաններ
կ՚ունենար։
ամէն
անգամ
շրթունքներուն
վրայ
կուգար
բառը.
—
Դժուար
է,
դժուար
է
բայց
միւս
կողմէ
յետազօտելու.
ուսումնասիրելու
կորովը
եւ
կամքը
չէր
ո՛ր
կը
պակսէր
իրեն,
հոգեբաններէ
եւ
գիտուններէ
ետքը
որոնցմէ
երկար
յիշատակութիւններ
կ՚ընէր,
Հրանտ
մեղմիւ
հասաւ
բանաստեղծներուն,
չէ՞
մի
որ
անոնք
երբեմ
իրենց
անսխալ
բնազդին
շնորհիւ
կը
գուշակեն
շատ
մը
հոգեբանական
իրողութիւններ,
իր
խնդրանքին
վրայ
Սարգիս
արտասանեց
Լէօբարտի
«Մահը»
եւ
«Սէրը»
ոտանաւորը.
իր
կարգին
Հրանտ
երկարօրէն
խօսեցաւ
Միռպօի
«չարչարաքներում
պարտէզին»
վրայ
որուն
յառաջաբանին
մէջ
հեղինակը
իր
գեղեցիկ
եւ
անթերի
ոճովը
կ՚ուսումնասիրէր
այս
հոգեբանական
խնդիրը։
—
Այսպէս
այն
ատեններէն
որ
մարդիկ
սկսած
էին
զգալ.
զգայնութիւնը
ունեցած
են
իրենց
էութեանը
խորը
այդ
զոյգ
բնազդներուն,
անգիտակից,
թող
ըլլայ,
—
բայց
տիրական
ձեւով
մը
անիկա
ուղղած
է
զիրենք
եւ
ճակատագրական
ազդեցութիւն
մը
ունեցած
է
մարդուն
երկրի
վրայ
առաջին
քայլերէն
մինչեւ
քաղաքակրթեալ
ժամանակամիջոցները։
Ո՞վ
կրնար
ըսել
թէ
առաջին
համբոյրին
հետ
մահուանտարտամութիւնը
չէ
զգացած
իր
մէջէն,
թէ
իր
հոգին
դղդդուած
չէ
միեւնոյն
ատեն
ստեղշելու
անդրդուելի
սեւեռութեան
մէջ
որ
իր
կարգին
իր
գոյութեան
պահպանումին
ձգտումնէ
վերացական
ձեուվ—
մահուան
համով,
եւ
անոր ...
բայց
հեշտագին
թոյնէն
իչէ
արբեցած։
Անհանդարտ
եւ
վարանոտ
Հրանտ
կը
թղթատէր
իր
նօթերը
ամէն
անգամ
մեծ
փութկոտութիւնով
կը
կարդար
տող
մը,
էջ
մը
գիտական
կամ
գրական
աշխարհի
մը
մէջ.
կարեւոր
հեղինակի
մը
գործէն
որ
հեռուէն
կամ
մօտէն
կ՚ակնարկէր
իրենց
մէջ
բերած
թէզին
ու
երկուքն
ալ
բոլորովին
մոռցած
էին
իրենց
մտաւորական
հոգերուն
մէջ
թէ
որո՞ւ
համար
թէ
ի՛նչ
կարգի
ընթերցողներու
համար
կը
պատրաստէին
կը
պատրաստէին
կը
վիճաբանէին
կը
կազմաւորէին
«գործը»։
Մինչեւ
որ
Հրանտ
վերջին
ծայր
խանդավառուած,
սրտագին
գոչեց.
—
Սարգի՛ս,
վաղը
իսկ
պիտի
սկսիմ
գործի,
առաջին
գլուխը
գրեմ
թերեւս,
իրիկունը
եկուր
եւ
քեզի
կարդամ։
Արուսեակ
արդէն
քանի
մը
վայրկեանէ
ի
վեր
ուշադրութեամբ
կը
նայէր
եղբօրը,
ձեռագործը
ձգած
ծունկերուն
վրայ.
իր
անթափանց
աչքերուն
մէջ
նախ
զարմացում
յետոյ
հեգնութիւն
կար
գրեթէ
ու
Հրանտին
վերջին
բառերուն
հանդարտօրէն
մէջ
բերաւ.
—
Բայց
Հրանտ,
վաղը
Գատըգիւղ
պիտի
երթանք
Գրիգորեաններուն։
—
Օ՜հ
ի՛նչ
փոյթս,
դուք
գացէք։
—
Հրա՜նտ,
չըլլար,
գտիես
արդէն
որ
գործի
մը
համար
խօսուած
էր
Յակոբ
աղային։
Զարմացած,
իր
մտաւոր
խոնջէնքին
մէջ
ջլատուած,
Հրանտ
նայեցաւ
իր
քրոջը .
իրա՞ւ
այդքան
հեռու
էին
իրարմէ,
իր
առաջին
յուսախաբութեան
մէջ՝
դառնութիւնը
այնքան
ուժգին
եղաւ
որ
մէկէն
մթագնեց
ստուերի
մը
պէս
իր
աչքերը։
Արուսեակ
անգիտակից
կը
նայէր
իր
եղբօրը
եւ
անգամ
մըն
ալ
պնդեց
վաղուան
ընելիք
այցելութեանը
կարեւորութեանը
վրայ.
իր
սեւ
եւ
անփայլ
աչքերը
անդրդուելի
մնացին,
յետոյ
կամաց
կամաց
ձեռագործը
ժողվեց
եւ
զգուաշաւոր
ձեւով
մը
հեռացաւ
պատշգամէն։
—
Իրաւունք
չունի՞մ
կիները
պակասաւոր
արարծներ
նկատելու
եւ
բացարձակ
անկարող
ո
եւ
է
ազնիւ
յուզմունքի
մը։
Չափազանց
գրգռուած
գիշեր
մը
անցնելէ
ետքը
Հրանտ
շատ
կանուխէն
արթնցաւ
եւ
պէտք
եղած
պատրաստութիւնները
տեսաւ
աշխատութեան
սկսելու.
հակառակ
իր
ծրագրաման
գործին
որ
զինքը
բոլորովին
գրաւած
էր,
տեսակ
վը
պարապութիւն
կը
զգար
ներսը,
արդէն
յուսախաբութիւն
գրեթէ.
գրասեղանին
վրայ
մէկ
կողմ
դրաւ
նօթերը
եւ
ճերմակ
թերթեր
իրարու
վրայ
դիզեց
մեքենական
աշխատութեամբ
մը
զբաղելու
ներքին
ձգտումով.
յետոյ
զանոնք
ձգելով,
ձեռքը
տաբատին
գրպաններուն
մէջ,
մեղմիւ
մօտիկցաւ
բաց
պատուհանին.
առաւօտեան
գով
եւ
պայծառ
օդը
լուսաւոր
ճերմակութիւն
մը
կուտար
ամէն
բանի.
դեռ
արեւը
չէր
բարձրացած
հորիզոնին
վրայ
բայց
ասդին
անդին
ճառագայթներ
կ՚իյնային
տանիքներուն
կղմինտրներուն
վրայ.
թեթեւ
հով
մը
կը
սարսռացնէր
տերեւները
եւ
դեռ
նորբացւող
ծաղիկները
այնքան
փափուկ,
աննիւթական
եւ
թափանցիկ
էին
որ
կարծես
պիտի
հատնէին
իրենց
բուրմունքին
մէջ…բոլոր
կուրծքովը
Հրանտ
կը
ներշնչէր
մաքուր
օդը.
սրտնեղութիւնով
մտածելով
իր
քրոջը
հետ
ունեցած
վիճաբանութեան
վրայ։
Արդարեւ
որքան
փոխուած
էր
անիկա,
որքան
տարբեր
իրմէն,
գրեթէ
օտար։
Իրենց
հազուադէպ
նամակագրութեանց
մէջ
առիթ
չէին
ունեցած
զիրար
ճանչնալու
եւ
հիմակ
կը
զգար
թէ
հեռուէն,
քրոջը
համ
քրոջ
մը
վերացական
գաղափարը
որքան
աւելի
սիրելիեւ
նուիրական
էր
իրեն
համար
քան
այդ
բան
չի
հասկցող
աղջիկը։
—
Կարելի՞
բան
է
որ
մէկ
մօրմէ
ծնած
ըլլանք
կ՚ըսէր
իւրովի։
Հակառակ
իր
բոլոր
ջանքերուն
անիկա
կը
ներկայանար
իր
մտքին
նախորդ
գիշերուան
անախորժ
դերին
մէջ.
չափազանց
փցուն,
միտքը
անարժան
հաշիւներով
պարարտացած,
անգթօրէն
հեգնող
իր
իտէալիսդ
երիտասարդի
խանդավառութիւնները,
գրեթէ
չար,
սնամիտ
եւ
տգէտ։
Ա՜հ…
Ու
աչքերուն
մէջ
կ՚զգար
գրեթէ
անոր
կարծր
նայուածքը.
ու
իր
բոլոր
հոգիին
վրայ
յոգնութիւնը,
հողկանքը
անոր
շահասէր
հաշիւներուն,
ականջներուն
մէջ
կը
բզզար՞
—
Յակոբ
աղան
ուսելա
մարդ
չէ
բայց
դրամ
վաստկիլ
գիտէ.
քիչ
մը
կռնակը
ծեծելով,
քիչ
մը
շողոքորթելով
կրնաս
յաջողիլ
քովը
մտնալու…
Ի՛նչ
կ՚ըլլայ,
ըսէ
որ
վաճառականութենէ
կը
հասկնաս,
հաշիւ
բռնել
գիտես,
ի՛նչ
գիտնամ,
անգամ
մը
քովը
մտնաս,
ետքը
դիւրին
է
բան
մը
ընելը
Պահ
մը
կեցաւ
աչքերը
խոշոր
բացած
դիմացի
հորիզոնին
վրայ.
«Պէտք
է
աշխատիլ»
գաղափարը
ուժգնակի
զինքը
իր
գրական
մտահոգութիւններուն
դաձուց.
հանդարտօրէն
գրասեղանին
եկաւ
եւ
սկսաւ
աշխատիլ։
Ժամեր
անցան.
տանը
միւս
անդամները
արդէն
մեկնած
էին
տունէն.
կառքը
զիրենք
տարած
էր
դէպի
Գատըգիւղ
իրենց
սիրական
այցելութիւններուն.
Հրանտ
իր
զբաղած
վիճակին
մէջ
լսած
էր
անոնց
հեռանալը
բայց
գլուխը
իս
չէր
բարձրացուցած։
Երկունքի
տաժանելի
եւ
հեշտաւէտ
ջանքերուն
մէջ
բաւական
ատեն
թարթափելէ
ետքը
հիմակ
իր
առաջին
տողերուն
դժուարութենէն
անցած
դիւրաւ
կ՚արտադրէր
հետզհետէ
կարգի
բերելով
իր
մտքին
մէջ
դիզած
տպաւորութիւնները,
զգայնութիւնները,
մտածումները,
երբեմն
երկչոտութեամբ
իր
վերջին
տողերը
կը
կարդար,
տարակուսելով
անոնց
վրայ
երբեմն
ալ
սրտի
ցաւագին
անձկութեամբ
մը
կը
կենար,
կը
նայէր
գրածին
եւ
կը
մրմնջէր
վարանքով։
—
Ծիծաղելի
է,
ծիծաղելի
է…
Ահ
ծիծաղելի
է…հրէշը,
որ
կը
խոյանար
մտքին
մէջ
մէկէն
իր
բոլոր
անողոք
անպատկառութեամբը.
ամենէն
առաջ
պէտք
էր
անկէ
զգուաշանալ,
անոր
դէմ
զօրանալ.
անիկա
թշնամին
է,
միայն
ծիծաղելին
է
որ
աններելի
կը
դարձնէ
ո
եւ
է
գրական
գործի
մը
գոյութիւնը.
անիկայ
խնդացնել
կուտայ
ամենէն
սրտագին
աղաղակին
վրայ,
անիկա
յուզմունքի
կը
հակազդէ,
ցաւը
կը
տգեղցնէ
եւ
ամենէն
վսեմ
գացումը
տղայակն
ոչնչութեան
մը
կը
վերածէ։
Հրանտի
միտքը
գրաւող
շարունակական
հոգն
էր
ասիկա
ամէն
անգամ
որ
բան
մը
արտադրէր.
առանց
կարենալ
բացատրելու
թէ
ինչու
այս
անգամ
բոլորովին
պաշարուած
կ՚զգար
այդ
մտահոգութիւններով.
եւ
հետզհետէ
սեւեռուն
գաղափար
մը
դառնալով
զգալի
յոգնութիւն
կը
պատճառէր
իր
ուղեղին։
Քիչ
մը
հանգչելէ
ետքը
որոնց
միջոցին
մէկիկ
մէկիկ
գրուած
թուղթերը
աչքէ
անցուց,
նորէն
սկսաւ
աշխատութեան
եւ
ալ
մէկ
շունչով
առաջին
գլուխին
առաջին
ձեռքը
վերջացուց։
Յոյսը
դնրլով
անոնց
կրկին
սրբագրութիւններուն
վրայ
առանց
վերստին
կարդալու
աճապարեց
պարտէզ
այս
անգամ
զուարթ
եւ
երգելով
քթին
տակէն։
Կէս
օրի
մօտ
էր
արդէն,
սպասուհին
մեծ
աղմուկով
ճաշը
պատրաստելու
վրայ
էր,
երբեմն
արտօրալով
կը
հասնէր
մինչեւ
պարտէզ
ձեռքը
կը
դնէր
ճակտին
եւ
կը
նայէր
դիմացը՝
արեւին
ձգած
ճառագայթներուն
երկարութենէն
գուշակելով
ժամը։
Ոսկեգոյն
աքաղաղ
մը
հաւնոցին
վրայ
բարձրացած
կ՚երգէր
իր
կոկորդին
բոլոր
թրթռուն
եւ
ջինջ
երգը,
յետոյ
թեւերը
թօթուելով
որոնք
կը
պսպղային
արեւին
ցոյքերը
փոխ
առած,
իջաւ
գետին
աղբանոցին
մէջէն
հատիկներ
որսալու։
Հրանտ
պարտէզին
մէջ
կը
պտուտքէր
աչքը
առածին
չափ
դիտելով
շուրջը.
կարծես
մեծ
հոգէ
մը
ազատած
էր
եւ
ինքզինքը
տուաւ
բոլորովին
իր
սրտին
ուրախութեան.
հիմայ
ալ
եւս
բաց
օդին
խոշոր
ծառերու
իրարու
միացած
չիւղերուն
ներքեւ
խորհելով
իր
արտադրած
էջերուն՝
աւելի
ներողամիտ
էր
եւ
անհամբերութեամբ
կը
սպասէր
երեկոյեան
որպէս
զի
Սարգիս
իր
մօտ
վերադառնայ
եւ
անոր
կարդայ
իր
գործը։
Այլ
սակայն
երեկոյին
Սարգիս
բոլորովին
գէշ
տրամադրուած
վերադարձաւ,
հակառակ
Հրանտի
ստիպումներուն
անիկա
չուզեց
խոստովանիլ
իր
նեղութիւնը .
թեթեւ
մը
շիկնելով
ամէն
անգամ
որ
Հրանտ
խօսքը
կը
դարձնէր
այդ
կէտին։
—
Վերջապէս
ո՞վ
քեզի
ըսաւ
որ
հոգ
ունիմ
բարեկամ,
աւելի
աղէկ
չէ՞
որ
քու
վէպովդ
զբաղինք։
Հրանտ
իր
եսասէր
գոհացումին
մէջ
վայրկեան
մը
մոռցաւ
ամէն
բան
եւ
դէպի
սենեակը
ուղղուեցաւ
Սարգիսին
հետ։
Հոն
անմիջապէս
սկսաւ
ընթերցումին.
Սարգիս
պարտասած
թաղուած
էր
օրօրոց
աթոռի
մը
մէջ
եւ
մտիկ
կընէր
ընկերը
թեթեւ
մը
օրուելով.
երբեմն
կը
կենար
եւ
աւելի
ուշադրութեամբ
կը
լսէր
Հրանտի
հաճելի,
գրաւիչ
ձայնը,
եւ
երբ
անոր
աչքերը
իրեն
կը
դառնային
հարցաքննելով,
Սարգիս
անկեղծօրէն
կը
մրմնջէր։
—
Շատ
լաւ,
շատ
լաւ
սիրելիս…
Վայրկեան
մը
դէմքը
ժպտուն
վայելք
մը
ունեցողի
անփոյթ
եւ
սեւեռուն
արտայայտութիւնը
կ՚առնէր
բայց
իւր
աչքերը
մէկէն
կը
մթագնէին,
արտեւանունքը
մեղմիւ
կ՚իջնային
վար
եւ
աթոռին
խորը
ապաստանելով
կ՚սկսէր
օրօրուիլ։
Հրանտ
հակառակ
կարդալու
զբաղած
ըլլալուն
ուշադրութեամբ
կը
հետեւէր
իր
ընկերոջը
դէմքին
եւ
բոլորովին
սխալ
մեկնելով
անոր
անհաւասար
տրամադրութիւնները
ձայնը
կ՚իջեցնէր
գրեթէ
կը
դողդղար
մինչեւ
որ
Սարգիսի
ժպտուն
դէմքը
քաջալերեր
զինքը։
ՊԷտք
է
ըսել
թէ
ամէն
ատեն
Հրանտ
նախ
շատ
յանձնապաստան
որքան
ատեն
գործը
ծրագրի
վիճակի
մէջ
է,
գործադրելու
առաջին
վայրկեանէն
բոլորովին
երկչոտ
կը
դառնար,
շուտով
ազդուող,
վարանոտ
իր
ըրածին,
եւ
իր
գրած
մէկ
էջը
երբէք
վստահօրէն
չէր
կրնար
դատել.
երբեմն
անիկա
իր
լաւագոյն
արտադրութիւնը
կը
կարծէր
անմիջապէս
խոստովանելու
համար
որ
տկար
էր,
առանց
կորովի,
բոլոին
տարբեր
իր
մտադրածէն։
Չափազանց
լուրջ,
եը
խստապահանջ
ինքզինքին
համար,
գործ
մի
սկսելէն
մինչեւ
վերջացնելու
պահուն
ջղագրգիռ
եւ
անորոշ
վիճակի
մը
մատնուած
կ՚ըլլար,
միտքը
միշտ
յոգնութեան
մէջ,
ամէն
վայրկեան
խորհելով
իր
գրելիքին,
ֆռազները,
բառերն
իսկ
վիճաբանելով
մտովի։
Ասոր
համար
է
որ
հակառակ
իր
գրածը
ուրիշին
կարդալու
տենջանքին—
ասով
անոր
ընելիք
ազդեցութիւնը
դատելու
համար—
բացարձակ
չարչարանք
մը
կը
դառնար
անիկա,
հոգեկան
յոգնութիւն
մը,
որ
ջլատում
կը
պատճառէր
իրեն։
Երբոր
գրածը
վերջացաւ,
կամաց
մը
թուղթերը
դրաւ
գրասեղքանին
վրայ,
զգուշանալով
իր
ընկերոջը
նայելու.
անիկա
միշտ
խրտչեցնող
երեւոյթ
մը
ունէր
եւ
Հրանտին
կը
նայէր
խորունկ
բայց
անթափանց
նայուածքով
մը։
—
Է՛
ինչպէս
գտար
Սարգիս,
հարցուց
վերջապէս
Հրանտ։
Անիկա
վայրկեան
մը
վարանեցաւ
յետոյ
գրեթէ
մոլեգին
ըսաւ
բարեկամին։
—
Կուզե՞ս
որ
շիտակը
ըսեմ,
քու
վէպդ
չպիտի
կարդացուի։
Սրտմտած,
յուսաբեկ
քանի
մը
վայրկեան
Հրանտ
բառ
մը
չկրցաւ
ըսել.
Սարգիսի
դէմքը
հետզհետէ
ձգտուած՝
պայթելու
մօտ
զայրոյթի
մը
արտայայտութիւնը
ունէր։
Րոպէ
մը
գլուխը
աթռռին
յենակին
դնելով
ուժգնակի
թողուց
որ
անիկա
զինքը
օրրէ
արագութեամբ.
յետոյ
իր
տխուր
աչքերը
ընկերոջը
դարձնելով
գրեթէ
մեղմ
ձայնով
որ
բոլորովին
կը
հակասէր
իր
երեւոյթին,
ըսաւ
ծանր
ծանր.
—
Հարկաւ
թէ
չպիտի
կարդացուի
բարեկամս,
գիտե՞ս
թէ
որո՞ւ
համար
կը
գրես
կոր
ատիկա,
օր
մը
միայն
կը
բաւէ
որ
շփման
մէջ
ըլլաս
քու
ընթերցողներուդ
հետ,
կշռես
անոնց
մտաւորականութիւնը,
հասկնալու
ընդունակութիւնը
որպէսզի
համոզուիս
թէ
ինչ
չափ
ճշմարտութիւն
կայ
ըսածիս
մէջ
եւ
թէ
մանաւանդ
ինչ
ունայն
ջանք
մըն
է,
կորսուած
կորով
մը,
քու
ըրածդ։
Հրանտ
հետզհետէ
ինքզինքին
եկած
եւ
ա՛լ
հասկնալով
Սարգիսի
ըսածները
գրեթէ
կը
ժպտէր.
բայց
ան
աւելցուց.
—
Ճշմարիտ
կ՚ըսեմ
քեզի,
պէտք
չէ
որ
քու
փղոսկրէ
աշտարակիդ
մէջ
փակուիս.
բոլորովին
անգիտակ
վաղը
քու
ետեւէդ
ոռնացող
համայնքին
իսկական
արժանիքին,
որովհետեւ
բնաւ
մի
տարակուսիր
թէ
այդպէս
գործ
մը
մէջտեղ
հանելով
աւելի
քու
ետեւէդ
ոռնացողներու
պիտի
հանդիպիս
քան
թէ
երեսիդ
անկեղծօրէն
ճշմարտութիւնը
ըսող
բարեկամներու։
Ու
երկար
ատեն
խօսեցան
հակելով
մէկ
կամ
միւս
կողմին։
Վերջապէս
Սարգիս
հրապուրուած
Հրանտին
անսահման
վստահութենէն
որ
անոր
ամբողջ
էութենէն
կը
բղխէր
եւ
ձայնին,
խօսքերուն
կուտար
համոզիչ
շեշտ
մը
անդիմադրելի
ձգողութիւն
մը,
միւս
կողմէ
հպատակելով
ներքին
փառքի
մը,
գոնէ
անգամ
մը
հրճուելու
լաւագոյն
ընկերութեան
մը
հեռանկարովը,
ուր
իրենց
կրթական
եւ
գրական
ջանքերը
պիտի
գնահատուէին,
Սարգիս
ինքզինքը
թողուց
հոսանքին.
մանաւանդ
որ
Հրանտ
կ՚ըսէր
այդ
միջոցին։
—
Ես
իրաւ
որ
չեմ
հասկնար
ձեր
վարմունքը,
դուք
ալ
կ՚աշխատիք
ինծի
չափ
եւ
ինձմէ
աւելի,
առաւօտուն
կանուխ
խմբագրատուն
կը
վազէք,
սիրտ
կը
հատցնէք
անընդհատ
պէտքերը
մատնանիշ
ընելու
կրթական
հաստատութիւններու
անբաւական
գործունէութիւնը
մէջտեղ
դնելու,
ցոյց
կուտաք
վնասները.
որ
մեզի
կը
սպասեն
եւ
ատոր
փոխարէն
վստահ
էք
թէ
ձեր
ընթերցողները
ձեզի
մտիկ
չպիտի
ընեն,
թէ
ձեր
գրածը
ոչ
մէկ
ազդէցութիւն
յառաջ
պիտի
բերէ,
թէ
նոյն
իսկ
այդ
ընթերցողը
արժանի
չէ
ձեր
խորհուրդներուն
ձեր
առաջնորդող
յօդուածներուն.
քանի
որ
ատոր
համոզուած
էք
բոլորովին
ալ
ինչո՞ւ
կը
գրէք
գոնէ
բոլրովին
համոզուած
եմ
հակառակին.
գիտեմ
թէ
ինչպէս
ամէն
համայնքի
մէջ,
մեր
ընթերցողներուն
մէջ
ալ
մաս
մը
կայ
անգիտակ
վիճակի
մէջ
որուն
ճաշակը
այնքան
ալ
խանգարուած
չէ,
թէ
կարող
է
գրական
լաւ
գործ
մը
գանհատելու,
բայց
խնդիրը
այդ
լաւ
բնազդները
արթնցնելն
է,
ահաւասիկ…։
Անխօս՝
Սարգիս
մտիկ
կ՚ընէր։
—
Այնէպս
չէ՞,
բարեկամս,
քանի
որ
ես
կը
հաւատամ
անոր՝
իմ
վարմունքս
աւելի
տրամաբանական
է
քան
թէ
ձերը
քանի
որ
ինձմէ
աւելի
կ՚աշխատիք,
կը
տքնիք
ի
հարկին,
համոզումը
ունենալով
ի
զուր
յոգնած
ըլլալու։
Յետոյ
խօսեցան
վէպին
բուն
գրական
արժէքին
վրայ.
պէտք
էր
սկիզբի
քանի
մը
տողերը
փոխել
անոնք
բռնազբօսիկ
եւ
դժուարաւ
արտադրուած
ըլլալու
զգայնութիւնը
կուտային.
առաջին
դեդեւող
քայլերը
գործին,
բայց
ընթերցողը
պէտք
չէր
գուշակեր
հեղինակին
տկարութիւնը,
ինչքան
անխուսափելի
ըլլար
ատիկա.
Սարգիս
ձեռագիրները
ձեռքը
առաւ
եւ
սկսաւ
թղթատել
հատուածներ
կրկին
կարդալով.
Հրանտ
քովը
եկած
կը
հետեւէր.
աչքերը
կեցան
աղջկանը
նկարագրութեանը
վրայ։
«Անոր
աչքերուն
մէջ
կարծես
թէ
ծածկուած
մշտնջենական
հրայրք
մը
կար,
այնքան
ուժգին
որ
գրեթէ
կ՚այրէր
այտերուն
վերին
մասը,
քիչ
մը
ցցուած
արդէն
հակառակ
իր
հանդարտ
եւ
բնական
երեւոյթին
իր
ամբողջ
էութեամբն
խոռվք
մը
կ՚արտաշնչուէր,
իր
հասած
աղջկան
համեղ
մորթին
վրայէն
սարսուռի
պէս
կ՚անցնէին
կարծես
ուրիշ
մնացած
փայփայանքներու
կարօտը։
—
Դեռ
ի՛նչ
մրմնեց
կատակով
Սարգիս,
իրաւ
կը
կարծես
Հրանտ,
որ
այս
աղջիկներ
կը
վխտան
մեր
շուրջը։
—
Բայց
ինչո՞ւ
չէ,
սիրելիս,
մինակ
խնդիրը
զիրենք
տեսնելուն
վրայ
է,
կամ
մանաւանդ
անոնց
հոգիէն
անցած
գրեթէ
անմատչելի
վրդովմունքներուն,
յոյզերուն,
տենջանքներուն
անդրադառնալը,
զանոնք
զգալը…։
Քիչ
մը
մտածկոտ
մնաց…Հակառակը
ապահովաբար
անկարելի
պիտի
ըլլար
այսքան
գեղեցիկ
այսքան
նրբօրէն
գեղեցիկ
միջավայրի
մը
մէջ,
բայց
մէյ
մը
շուրջդ
նայէ՜
բարեկամ.
ինչո՞ւ
կ՚ուզես
որ
աղջիկ
մը,
ան
ալ
արեւելքի
աղջիկ
մը
անզգայ
ըլլայ,
անկարող՝
բոլոր
այն
յուզումներուն
զգայնութիւններուն
որոնց
նկարագրութիւնը
եւրոպական
վէպերու
մէջ
մեր
ուշադրութիւնը
կը
գրաւէ
եւ
մեզի
երազել
կուտայ
անոնց
վրայ։
Եթէ
մէկ
կողմէն
ընկերական
կեանքը
կը
պակսի
աղջիկներուն,
միւս
կողմէն
ինչ
բնութեան
հարուստ
գեղեցկութիւն,
գիտես
որ
միշտ
այս
քաղաքը
ամենէն
հին
ատեններէն
ի
վեր
ամենէն
խռովիչ
գեղեցկութիւնները
եւ
ամենէն
առեղծուածային
կանացի
հոգիները
տուած
է,
նոյն
կլիմային
տակ,
նոյն
«տէքօռ»էն
շրջապատուած.
ինչո՞ւ
կարծել
թէ
միայն
մեր
աղջիկները
անընդունակ
պիտի
ըլլային
զգայնութիւններու,
տեսակ
մը
գերագրգռիւթեան
ամէն
կարգի
զգացումներու
գրեթէ
միստիքական
չափազանցութեան
որ
մէկ
խօսքով
կը
յատկանշէ
Բիւզանդիոնը։
Աչքերը
հեռուն
թափառելով
մնացին…։
Սարգիս,
չէ,
չէր
ուզեր
համոզուիլ
բնաւ
թէ
հին
օրերու
«մատօն»
ներու
մօտէլներուն
եւ
մեր
այս
օրուան
լայնածաւալ
Պոլսեցի
կիներուն
մէջ
ո
եւ
է
հեռաւոր
առնչութիւն
կրնար
գոյութիւն
ունենալ.
խոհեմութիւն
չսեպեց
իր
տաք
գլուխ
բարեկամին
հետ
վիճաբանութեան
բռնուիլ
այս
խնդրին
վրայ
բայց
կէս
մը
կատակող
կէս
մը
լրջօրէն
պատասխանեց։
—
Է՜հ,
ինչպէս
յայտնի
է
երէկ
չէ
առջի
օրը
հասած
ես
Պոլիս
եւ
դեռ
անմիջական
յարաբերութեան
մէջ
չես
մեր
շատ
շնորհալի
օրիորդներուն
հետ.
ապահովաբար
քիչ
մը
տկարացած
պիտի
ըլլար
քու
այդ
տեսութեանդ
վրայ
ունեցած
հաւատքդ։
—
Կը
կարծե՞ս
Սարգիս…ինչ
որ
ընդհակառակը
քեզի
կը
կուրցնէ
քու
շատ
մօտ
ըլլալդ
է
եւ
բնաւ
ետ
գացած
չըլլալդ
հեռուէն
տեսնելու
համար.
այն
ատեն
միայն
պիտի
անդրադառնայիր
որ
շատ
մը
անոտի
մանրամասնութիւններ
պիտի
անհետանային
եւ
ընհանուր
գիծերը,
գլխաւոր
նկարագիրը
միայն
պիտի
ցայտէր
եւ
պիտի
տիրապետէր.
ո՞վ
կրնայ
պնդել
թէ
հնութենէն
մեզ
աւանդուած
տիպարները
իրենց
ժամանակին
սովորական
տիպարներն
էին.
թերեւս
այս
նոյն
փողոցներուն
մէջ
նոյն
ձեւով
լայնածաւալ
կիներ
կը
պտուտքէին,
նոյն
ձեւով
կ՚ապրէին
մինչ
իր
աշխատանոցին
մէջ
առանձնացած՝
արուեստագէտը
կը
ջանար
անոնց
ամբողջութենէն
ցայտող
նկարագիրը,
անոնց
հոգեկան
վիճակին
կախարդիչ
եւ
նրբին
պէսպիսութիւնը
գիծերու
կամ
մօզաիքներու
միջոցաւ
համադրական
ձեւով
մը
անմահացնել։
Կ՚Երեւի
Սարգիս
համոզուեցաւ
Հրանտի
վերջին
խօսքերուն,
կամ
միտքը
բոլորովին
տարբեր
տեղ
գնաց,
որովհետեւ
առանց
պատասխանելու
անոր՝
մնաց
երկար
ատեն,
մինչ
միւս
կողմէ
իր
դէմքը
հետզհետէ
կը
ցոլացնէր
իր
հոգեկան
տագնապը
որուն
վրայ
նախ
չէր
ուզած
խօսիլ։
Հրանտ
ա՛յն
ատեն
միայն
իմացաւ
Սարգիսի
նիւթական
նեղութիւնները,
անհնադուրժելի
տագնապները
առօրեայ
ծախքերու
դէմ
դնելու,
իր
մօրը
հացը
հայթայթելու
համար։
Ամբողջ
քայքայում
մըն
էր
ֆիզիքական
եւ
բարոական
այդ
խեղճ
տղուն
վիճակը
որ
յիմարութիւնը
ունեցած
էր
փոխանակ
ուրիշ
գործի
մը
դիմելու
իր
անձնական
հակումներուն
անսալով
խմբագրական
եւ
գրական
գործին
մէջ
մտնալը։
Հոն
ալ
ամենէն
նենգաւորները
եւ
ամենէն
խաբեբաները
կը
յաջողէին,
ինչպէս
առեւտրական
շատ
մը
ասպարէզներու
մէջ
որոնց
թուումը
առջի
օրէն
զզուանք
ազդած
էր
երկու
ընկերներուն.
իենց
ընդգրկած
ասպարէզին
առերեւոյթ
անձնուէր
եւ
ազնիւ
կեղեւին
տակ
ի՜նչ
սինլքոր
կեղծաւորութիւն,
ի՛նչքան
աղտոտ
արմուկի
անխնայ
պայքար
մը,
աստիճան
մը
բարձրանալու
համար։
Սարգիսի
յառաջ
բերած
բոլոր
բարոյական
արգելքներէն
աւելի
ճշմարիտ
արժանիքի
մը
անկարողութեան
մատնուելու
այս
շօշափելի
ապացոյցը
զինքը
շատ
աւելի
դղրդեղ.
—
Ա՛հ
իրա՞ւ
էր
արդեօք,
ինքը
պէտքը
չունէր
նիւթական
օժանդակութեան,
ինքը
բարեբախտաբար,
հացը
անկէ
չէր
սպասեր.
բայց
ասիկա
բաւական
չեղաւ
իր
հոգին
ամոքելու
եւ
դառնութիւնը
մնաց
հոն
լճացած
վիճակի
մէջ
ուրկէ
ամբողջ
խռովուած
կը
զգար
ինքզինքը։
Տենդոտ
մատներուն
տակ
իր
ձեռագիրները
կը
ճմռթկէր
ու
ինքզինքը
սեղմուած
կ՚զգար,
բացուելու,
դուրս
ելնելու,
ազատ
օդ
շնչելու
պէտք
մը.
առաջին
անգամ
հարցում
մը
ծանր
բայց
ապահով՝
ինկաւ
մտքին
մէջ…
—
Պիտի
կրնա՞մ
այս
ասպարէզին
մէջ
ապրիլ.
Ի՞նչ,
արդէն
դասալքութիւնը…արդէն
յուսահատութիւնը,
որ
կարծես
իրեն
կորսնցնել
կուտար
կատարելիք
գործին
համար
իր
ունեցած
համարումը։
—
Ի՞նչ
ընել…
Բարձր
ձայնով
ուղղեց
այս
հարցումը
Սարգիսի
որ
չափազանց
տժգոյն՝
ոտքի
կեցած
էր
եւ
հաւանաբար
դժգոհ
իր
սիրտը
բացած
ըլլալուն՝
կարծես
բացատրութիւն
տալու
կը
պատրաստուէր.
Հրանտ
հասկցաւ
ասիկա
ու
անսահման
գթութիւն
մը
ունեցաւ
իր
տարաբախտ
ընկերոջը
համար.
որքա՜ն
պիտի
ուզէր
զայն
ապահովցնել.,
անոր
բացատրել
թէ
ինքը
կը
հասկնար
անպատում
եւ
ազնիւ
անձնուիրութիւնը
որ
հակառակ
անհանդուրժելի
անձկութիւններու,
զինքը
ոտքի
վրայ
կը
պահէր
մտադրուած
ճամբան
շարունակելու
համար.
մանաւանդ
որ
այս
պարագային
իր
նիւթական
նեղութիւնը
ոչ
թէ
պարտուելիք
ամօթ
մըն
էր,
այլ
ցուցադրուելիք
հերոսութիւն
մը։
Իրաւ
է
թէ
Հրանտ
միշտ
բարեկեցիկ,
միշտ
ուզածը
ձեռքին
տակ
ունենալու
վարժուած
ըլլալով
աղքատութեան
դէմ
կը
ճակատէր
իբր
dilettant
մը,
անոր
վիպային
հանգամանքէն
աւելի
հրապուրուած,
անգէտ
այն
կացութեան
որ
ճշմարիտ
աղքատ
մը
կրնայ
հասկնալ.
այն
միայն
որուն
բերնին
հացը
պակսած
է
եւ
շարունակական
զրկանքներէ
քայքայուած՝
մշտնջենական
գլխի
պտոյտի
մը
մէջ՝
ոտքերուն
տակէն
հողին
փախչիլը
կը
զգայ.
Անտարակոյս
Հրանտ
չէր
գիտէր
թէ
չշմարտապէս
ինչ
կայ
ամօթալի,
ստորնացուցիչ,
ապականարար
աղքատութեան
մէջ.
անիկա
գերազանց
տկարութիւնն
է,
անկարողութիւնը
եւ
շարունակական
գիտակցութիւնը
թէ
առաջին
հանդիպողը
կրնայ
իր
վրայէն
կոխելով
անցնիլ։
Սարգիս
գիտէր
ասիկա,
բաւական
անգամներ
ճանչցած
էր
դառն
տենդը
գրպանը
ստակ
մը
չունենալուն,
մէկու
մը
նման
որ
կարծես
ամէն
րոպէ
վտանգի
մը
կ՚սպասէ
եւ
անոր
դէմ
անպաշտպան
է,
որուն
քայլերը
հաստատ
չեն
կոխեր,
որ
ամէն
բանէ
կը
վախնայ
հալածուած
անասունի
մը
պէս,
որսորդներու
առջեւէն։
Քանի
անգամներ
Սարգիս՝
գլուխը
հարուստ
գրական
ծրագիրներով՝
սիրտը
լեցուն
ազնուական
վեհանձնութիւնով
մը՝
հոգւոյն
խորերէն
առիթը
ունեցած
էր
զգալու
այն
անսահմանելի
արհամարհանքը
որ
կը
պարուրէ
աղքաֆ
մարդը.
գրպանին
պարապութիւնը
գիտէր
որ
երբեք
ծածուկ
չմնար,
անիկա
դուրս
կ՚ելլայ,
կը
ծանուցուի.
եւ
ամբաստանող
շրջանակ
մը
կը
շինէ
դատապարտուածին.
հակառակ
իր
կորովի
կամքին,
չէ՞
մի
որ
յաճախ
կ՚զգար
թէ
շարժումները
կը
ծանրանային,
ձայնը
երկչոտ
կը
դառնար
ու
կը
թոթովէր
եւ
իր
ամբողջ
էութեան
մէջէն
կը
կորսնցնէր
այն
հաստատութիւնը,
որոշ
գիտակցութիւնը
իր
աժէքին,
որով
մարդս
իրենց
տեղ
կը
բանայ
ուրիշներուն
քով
եւ
իր
ապրելու
իրաւունքը
կը
պահանջէ.
Հրանտ
չէր
գիտեր
բոլոր
ասոնք
եւ
նոյն
իսկ
Սարգիսի
ցաւագին
ստուերը
որ
այս
միջոցին
ոտքի
վրայ
կը
պտուտքէր
շուարած
եւ
երկչոտ՝
գրեթէ
իր
ոսկրաթեք
սրունքներուն
վրայ,
շատ
զգացումներ
ներշնչեց
իրեն,
բայց
չտարակուսեցաւ
այն
յօշոտիչ
եւ
քայքայող
ցաւին
վրայ
որ
այս
միջոցին
գրաւած
էր
ընկերոջը
հոգին։
Յետոյ
անմիջապէս
դարմանի
խորհեցաւ
եւ
շատ
զգուշութիւնով
փոխատուութիւն
մը
ըրաւ
Սարգիսին։
Այն
օրէն
ետքը
Հրանտ
շարունակեց
իր
գոծրը
նուազ
ոգեւորութեամբ.
բան
մը
կոտրած
էր
իր
մէջ
եւ
նախազգացումը
ունէր
կարծես
իրենց
սպասող
անիրաւութեան։
Իրիկունները
իր
առօրեայ
գրական
խոնջէնքէն
ետքը
նոյն
ներողամիտ
եւ
գրեթէ
գորովագին
զգացումով
էր
որ
կը
թղթատէր
օրուան
թերթերը,
ջանալով
ասդին
անդին
արտայայտուած
իրական
տաղանդի
մը
կամ
բարձր
իմացականութիւն
մը
գուշակել
տուող
մտածումի
մը
յենլով
իր
հաւատքը
արծարծել
վաղուան
գրականութեան
վրայ։
Օր
օրի
աւելի
խստապահանջ
եւ
խորապէս
վիրաւորուած
առօրեայ
պոռոտախօսութիւններէն
եւ
տարտամօրէն
գուշակելով
դիւրասահ
ֆրանզներու
ներքեւ
օրուան
գրականութիւնը
վարողներուն
կասկածելի
բարոյականը.
կը
սկսէր
իր
կարգին
հեգնող
եւ
անաչառ,
աններող
եւ
խիստ
դառնալ։
Իր
զուարթ
եւ
անփոյթ
երիտասարդի
թարմ
դէմքին
վրայ
արդէն
սկսած
էր
ուրուագծուիլ
թեթեւօրէն
դառնութեան
խորշոմը։
Օր
մը
հայելիի
մէջ
տեսնելով
այդ
նմանութիւնը
Սարգիսին
հետ
նախ
խնդացնել
տուաւ
զինքը.
բայց
անիկա
յամառեցաւ
մնաց
գլխուն
մէջ
եւ
իրիկուան
դէմ
բաց
պատուահնին
առաջք,
ճակատը
զով
օդին,
քիչ
մը
տենդոտ
ձայնով,
կրկնեց
իրարու
վրայ.
—
Չէ՛,
ես
չեմ
ուզեր
իրենց
souffre
douleur
ըլլալ։
Այլ
սակայն
արագութեամբ
իր
գործը
կը
յառաջանար
այլ
եւս
քիչ
անգամ
կը
կարդար
իր
ձեռագիրները
Սարգիսին,
անոր
փոխարէն
յաճախ
կը
խօսէր
իր
վէպին
վրայ,
զարմանալի
ձեւով
մը
տակաւ
առ
տակաւ
իրենց
դերերը
սկսած
էին
փոխուիլ
այն
օրէն
որ
Սարգիս
անդրադարձած
էր
թէ
իր
ընկերոջը
հոգիին
մէջ
ալ
սպրդած
էր
յաջողելու
տարակոյսը,
որուն
մասամբ
նպաստած
էր
իր
յոռետեսութեամբը՝
ներքնապէս
վախնալով
որ
Հրանտի
գրական
գործին
վիժելուն
պատճառ
կ՚ըլլայ
անուղղակի
ձեւով
մը՝
ամէն
բան
կ՚ընէր
անոր
վստահութիւն
ներշնչելու։
Հրանտ
լռելեայն
մտիկ
կ՚ընէր,
կամ
աւելի
ճիշտը՝
կը
դիտէր
Սարգիսի
հոգեկան
յեղյեղուկ
վիճակը,
անոր
Ֆիզիքական
տկարութիւնը,
անոր
դէմքին
միշտ
ցաւ
մը
ունեցողի
ծամածռութիւնը
իրեն
ծայրայեղ
բաներ
խորհիլ
կուտային,
անգամ
մը
ջղագրգիռ
եւ
չափզանց
տժգոյն
Սարգիս
իրեն
հետ
խօսած
ատեն
գրեթէ
տագնապ
մը
ունեցած
էր.
րոպէ
մը
ձայնը
բռնուելով
կոկորդին
մէջ
եւ
խեղդուողի
պէս
գալարելով
իր
բազուկները
մինչեւ
որ
ինքզինքին
գալով
թիկնաթոռին
մէջ
կծկտած՝
առանց
խօսելու,
անթարթ
աչքերով
մնացած
էր
երկայն
ատեն։
Հրանտի
սրտին
մէջ
տարտամ
եւ
անախորժ
զգայնութիւն
մը
մնացած
էր
անկէց
ի
վեր,
հազիւ
թէ
գթութեան
զգացումը
կը
մեղմացնէր
այդ
անհաճոյ
յիշատակը
ու
երբ
կը
տեսնէր
իրիկունները,
իր
քովէն
մեկնելէն
ետքը,
սարգիսի
յամր
եւ
տաժանելի
գնացքը
դիմացի
գառիվերէն
մագլցելով
իր
անոյժ,
ջլատուած
անդամներուն
վերջին
ճիգովը,
ուժգնակի
գլուխը
անդին
կը
դարձնէր
եւ
կը
մրմնջէր.
—
Խե՜ղճ
տղա՛յ։
Այդ
իդիկուն
ընթրիքէն
ետքը
անմիջապէս
առանձնանալով
Հրանտ
վայրկեան
մը
թափառեցաւ
սենեակին
մէջ,
յօնքերը
խիստ
եւ
մտազբաղ,
իր
Բարիզէ
վերադարձին
առջի
օրերէն
իսկ
տեղի
ունեցած
էր
այն
անխուսափելի
բաղխումը
իր
եւ
իր
ծնողքին
մէջ
որուն
վրայ
չէր
տարակուսեր
բնաւ.
իր
ծնողքը
յուսախաբ
ըլլալու
երեւոյթ
ունէին,
տարտամօրէն
իրեն
զգացնել
տալով
թէ
այդ
չէր
իրմէ
սպասուածը,
միւս
կողմէ
ինքը
ամէն
վայրկեան
կ՚ընդվզէր
անոնց
բան
մը
դատելու
եղանակին,
անոնց
մտածումներուն
դէմ.
անոնց
շարժումները,
անոնց
խօսքերը
տգեղ
կ՚երեւային
իրեն,
գէշ
կը
հնչէին
իր
ականջներուն
եւ
մանաւանդ
իր
քրոջը
եսասէր
եւ
խայթող
նկարագիրը,
յաճախ
անգիտակցօրէն
թունաւոր,
զինքը
կը
դառնացնէր
բոլորովին,
եւ
ասոր
համար
էր
որ
կը
զգուաշանար
իր
ընտանիքին
մէջ
երկար
ատեն
մնալու.
եւ
հասած
էր
այլեւ
սվիճակի
մը
ուր
ստիպողական
բառերէն
զատ
խօսք
չէին
փոխանակեր
իրարու
հետ.
երբեմն
Հրանտ
Սարգիսը
կը
հրաւիէր
մեկտեղ
անցնելու
երեկոյթը
եւ
անմիջապէս
սանդուխներէն
վեր
մագլցելով
կ՚երթային
տանը
ամենէն
վերի
յարկը
պզտիկ
սենեակի
մը
մէջ
փակուելու
որուն
վրայէն՝
բացուէր
պատշգամը։
Մինակ
Հրանտի
պզտիկ
եղբայրը
մտացի
եւ
արթուն՝
կը
մնար
անկիւն
մը
անմռունջ
հիացումով
մտիկ
ընելով
իր
եղբայրը
եւ
անոր
զայրոյթներուն
կամ
բողոքներուն
հետեւելով
դէմքի
շատ
խօսուն
ծամածռութիւններով։
Այդ
գիշերը
սակայն
ջղոտցած
եւ
դիւրագրգիռ
այլ
եւս
գրեթէ
կորսնցուցած
էր
վստահ
եւ
կորովի
երեւոյթը.
քանի
մը
անգամ
պտուտքելէ
ետքը
սրահին
մէջ
անցաւ
գրասեղանին
առաջքը
մատին
ծայրովը
ցրուելով
իր
ձեռագիրներուն
տրցակը։
Վաղը
անոնք
հրատարակութեան
պիտի
տրուէին.
եւ
անգամ
մըն
ալ
կուզէր
աչքէ
անցնել
եւ
քննել
ամբողջութիւնը
յանկարծակի
երկչոտութենէ
բռնուած.
խմբագրատունէ
խմբագրատուն՝
Սարգիսին
հետ
պտտած
էին
եւ
Հրանտ
շատ
բան
էր
տեսած,
ինքը
իր
գործին
համար
փոխարինութիւն
չէր
պահանջեր
եւ
հոն
ներկայացած
էր
իբր
մէկը
որ
լրջօրէն
հետեուած
է
իր
արուեստին
դժուարութիւններուն
որ
առանց
հաւականութեան
գործ
մը
կը
ներկայացնէ
ընթերցողին
միւս
կողմէ
գուհունակութիւնը
ունենալով
իրեն
համար
կարելի
գաւագոյնը
ըրած
ըլլալու,
աշխատած,
փնտած
ըլլալու.
եւ
ինքը
տխրութիւնով
դիտած
էր
որ
այդ
մարդիկը
որ
ամէն
օր
իր
արժէքով
աշխատակիցներու
հանդիպելու
դիւրութիւնը
ունենաու
չէին,
սրտնեղութիւնով
կ՚ընդունէին
զինքը,
առանց
հիւրընկալող
եւ
քաջալերող
բառի
մը
որ
վստահութիւն
պիտի
ներշնչէր
իրեն։
Այլ
սակայն
այս
միջոցին
զինքը
անհանգստող
բանը
բոլորովին
անոնց
անհիւրնկալ
վարմունքը
չէր.
վերջապէս
յաջողած
էր
անոնցմէ
մէկուն
հետ
համաձայնելու.
թէեւ
ներքնապէս
նուաստացած
կը
զգար
ինքզինքը
եւ
յանձնառու
անանկ
պայմաններու
մէջ
գրական
գործ
մը
տալու,
որոնց
գաղափարը
միայն
քնաի
մը
ամիս
առաջ
պիտի
ըմբոստացնէր
զինքը։
Մէկէն
ինքն
իր
վրայ
դարձաւ.
—
Ի՛նչ
տխմարներ,
խորհրդածեղ
բարձր
ձայնով
եւ
գործի
սկսաւ։
Աչքերովը
կը
հետեւէր
ձեռագիրներուն
եւ
իր
վէպի
հերոսուհիին
նկարագիրը
աւելի
ցայտուն
եւ
աւելի
որոշ
կը
տեսնէր
տարտղնուած
էջերուն
մէջէն։
Շուտով
տպաւորութիւն
կրող՝
եը
հետեըաբար
փոփոխամիտ,
անիկա
քանի
մը
օր
մտածելէ
ետքը
անհետացող
երիտասարդին
վրայ
սկսած
էր
ամոքուիլ.
անոր
համար
ունեցած
աննիւթական
սէրը
չէր
կրցած
երկար
ատեն
մաքառիլ
իր
օրէ
օր
հասունցող
երիտասարդութեան
տենջանքներուն
դէմ.
եւ
անդին
գերեզմանատան
մէջ
հողակոյտը
դեռ
չէր
կորսուած
պարարտացած
երկրէն
խուժող
բուսականութեան
մէջ
երբ
արդէն
անիկա
կամուսնանար
ուրիշի
մըհետ։
Իր
ամուսնութեան
առաջին
օրերը
կ՚անցնէին
սովորականին
պէս.
եւ
բոլորովին
գրաւուած
յարափոփոխ
զգայնութիւններով,
երազկոտ
եւ
երջանիկ,
հազիւ
թէ
երբեմն
ժամանակ
ունեցած
էր
խորհելու
միւսին։
Քիչ
ատենէն
մեռնողին
ընտանիքն
ալ
կը
հեռանար
իրենց
դրացնութենէն
եւ
ալ
բան
մը
չէր
մնար
իր
անցեալ
յիշատակներէն։
Այսպէսով
տարի
մը
անցած
էր
արդէն
երբ
բնական
մէկ
պարագայ
մը
ուժգնակի
կը
դղրդէ
իր
ջղային
դրութիւնը.
անիկա
մայր
պիտի
ըլլայ
եւ
իր
յղութեան
շրջանին
ունեցած
հիւնդագին
ըղձանքներուն
մէջէն
անդին
գերեզմաննոցին
մէջ
քնացող
երիտասարդին
պատկեըր
կը
բարձրանայ
իր
հոգւոյն
մէջ.
անիկա
հետզհետէ
յամառող
յաճախում
մը
կ՚ըլլայ,
մշտնջենական
տագնապ
մը.
կամաց
կամաց
կ՚անդրադառնայ
թէ
ամուսինը
իրեն
մոռցնել
չէր
տուած
միւսը.
թէ
անիկա
միշտ
արծարծած
էր
իր
հրայրքը
եւ
թէ…բուն
միւսը
եղած
էր
իր
ամուսինը…
որովհետե
կը
յիշէր
որ
ֆիզիքական
յափրացումներէն
գինով
գերագոյն
վայրկեանին
միշտ
անոր
դողդոջուն
սիլուէթը
ուրուագծուած
էր
իր
մտքին
եւ
անոր
աիչքերուն
շողիւնը
տեսած
էր
իր
ամուսնոյն
աչքերուն
մէջ,
անոր
շունչին
մասնաւոր
տաքութիւնը
զգացած
էր
իր
մազերուն
մէջ,
անոր
միշտ
տենդոտ
եւ
սուլող
շունչը
հիւանդ
կուրծքէն
արտաշնչուած։
Ամիսներ
կը
գորին
միշտ
նոյն
շարունակական
տագնապին
մէջ
եւ
տղան
կը
ծնի.
տխեղծ,
վատառոջ
տղեկ
մը
որ
առջի
վայրկեանէն
մեծ
դժուարութեամբ
կ՚ազատեն
մահուընէ
եւ
որուն
համար
բժիշկը
կը
յանձնարէր
անվերջանալի
խնամքներ
եւ
խիստ
հսկողութիւն։
Թեթեւ
մը
յոգնած
Հրանտ
ոտքի
ելաւ,
սրբագրութիւններով
կը
յապաւէր
իր
ընթերցումը
եւ
երբեմն
ալ
խորապէս
մտասուզուած
կը
մնար
էջի
մը
վրայ.
գլխուն
մէջ
նոր
հորիզոններ
կը
բացուէին .
նոր
ծրագիրներ
լաւագոյն
գրական
գործերու.
եւ
աչքերը
գրի
մը
սեւեռած
կը
մնար
երազկոտ.
հիմակ
արդէն
կարդացուած
էջերը
բաժնեց
եւ
սկսաւ
պտուտքիլ.
իր
քայլերուն
տակ
տախտակամածը
կը
ճռնչէր,
տանը
մէջ
տիրող
խորունկ
լռութենէն
հասկցաւ
որ
ժամանակը
բաւական
յառաջացած
ըլլալու
էր.
գլխուն
մէջ
տաքութիւն
կ՚զգար
եւ
չափազանց
յոգնած
էր։
—
Վաղը,
խորհեցաւ
տկարացած,
վաղը
առաւօտ
կանուխ
կը
նայիմ
մնացածը.
բայց
առանց
հնազանդելու
այս
ներքին
փափաքին
նորէն
եկաւ
գրասեղանին
առաջք
եւ
պահ
մը
անգործ
մնալէ
ետքը
շարունակեղ
իր
ընթերցումը։
Հիմակ
կէս
մը
թմրած
մտքով
կը
հետեւէր
իր
հերոսուհիին
կեանքին.
անոր
գործած
անուղղակի
չարիքին
անդրադարձումն
էր
այլ
եւս.
իր
մայրութեան
առջի
ամիսներուն
չափազանց
գրաւող
զբաղումներէն
հազիւ
սթափած
սարսափով
դիտած
էր
թէ
տղեկը
զարմանալիօրէն
կը
նմանէր
մեռած
երիտասարդին։
Հրանտ
երկարօրէն
ծանրացած
էր
այս
նմանութեան
օր
օրի
երեւան
գալուն
վրայ.
նախ
դէմքի
շարժում
մը
եղած
էր
ան,
յետոյ
ճակատը
եւ
մանաւանդ
ժպիտը.
տղու
անկայուն,
տարտամ
ժպիտը
որ
ճշդիւ
նկարագիրը
ունէր
անոր
հոգեվարքի
ժամերուն
մէջ
ուրուագծուող
ցաւագին
ժպիտին
երբ
իր
սիրելին
մօտը
կ՚զգար,
եւ
այլեւս
մօրը
համար
տանջանք
մը
եղաւ
տղուն
նայիլը
անոր
դեռ
չտեսնող
աչքերուն
անորոշ
նայուածքին
հանդիպիլը։
Քանի
տղան
կը
մեծնար,
նմանութիւնը
այնքան
որոշ,
անվիճելի
կը
դառնար
մօրը
համար,
իր
շորջը
գտնուողները
չէին
կրնար
գուշակել
այն
ներքին
ծածկուած
ցաւը
որ
ճակատագրակին
ուշգնութեամբ
մը
կը
ծանրանար,
կը
ջախջախէր
զինքը։
Երկար
ժամեր
քնացած
տղեկին
անկողնին
քով
մտիկ
կ՚ընէր
անոր
ընդհատ
շնչառութիւնը
մինչեւ
որ
խելայեղ
փախչէր
անկէ
ականջները
գոցած
կարծես
հալածուած
«միւս»էն։
Տարիներ
կ՚անցնին
եւ
տղեկը
կը
մեծնայ
դժուարութեամբ.
տժգոյն
եւ
մելամաղձոտ,
բերանը
անվարժ
ո
եւ
է
ժպիտի
եւ
ահաւասիկ
որ
յանկարծ
պզտիկ
սովորական
պատահար
մը,
ցրտառութիւն
մը
պատճառ
կ՚ըլլայ
որ
տղան
հիւանդանայ։
Ու
ալ
մօրը
համար
կ՚ըսկսի
Գողգոթան .
ամէն
օր
տղան
արագութեամբ
կ՚անցնի
այն
փուլերէն
որուն
մէջ
ժամանակաիւ
խեղճ
երիտասարդը
տառապած
էր,
եւ
նմանութիւնը
այնքան
աւելի
կը
շեշտուի
այնքան
բացարձակ
կը
դառնայ
որ
խեղճ
մայրը
երբեմն
չի
կրնալով
ինքզինքը
զսպել
զայն
կը
պօռայ
ամէնուն։
ու
օր
մընալ
վերջապէս
զանգակները
կը
ղօղանջեն
նորէն
եւ
պզտիկ
ճերմակ
դագաղը
կ՚անցնի
փողոցէն,
քիչ
մը
աւելի
պզտիկ
այս
անգամ,
երթալ
նոր
հողակոյտ
մը
կազմելու
համեստ
գերեզմաննոցին
մէջ։
Հրանտ
մասնաւոր
ուշադրութեամբ
կը
քննէր
այն
մասերը
ուր
մանրակրկիտ
ձեւով
մը
կը
բացատրուէր
մտապատկերի
մը—
նոյն
իսկ
հեռաւոր,
նոյն
իսկ
այլ
եւս
անգոյ—
ուժգին
եւ
անմիջական
ազդեցութիւնը
չծնած
էակի
մը
ֆիզիքական
եւ
բնախօսական
կազմութեան
վրայ։
Իր
այս
թէզը
հաստատող
գիտական
եւ
հոգեբանական
որոնումները
եւ
նօթերը
անգամ
մըն
ալ
աչքէ
անցուց
եւ
վայրկեան
մըն
ալ
անոնցմէ
ոմանց
հակասութիւններէն
վրդովուած
մտքի
խառնակութիւն
մը
ունեցաւ,
բայց
շուտով
ինքզինքը
գտաւ
եւ
սկսաւ
էջերը
կարգի
դնել
տարտամօրէն
մտածելով
թէ
ինչպէս
բարոյախօսները
յանցանքի
մը
պատիժը
պիտի
գտնէին
հոն
ուր
միայն
բնախօսական
գործողութիւն
մըն
էր
կատարուած։
ՅԵտոյ
յաջորդ
օրուան
տեսնալիք
օրագրողներու
եւ
խմբագիրներու
գաղափարը
շուտով
վանեց
գլխէն
այս
կարգի
զուտ
մտաւորական
մտահոգութիւն
մը
եւ
թեթեւ
մը
օրօրուելով
սկսաւ
խորհիլ
վաղուան
վրայ։
Քանի
շաբաթներէ
ի
վեր
վէպը
հրատարակուած
էր
արդէն
եւ
Հրանտ
իրեն
ուղղուած
թունալիր
ակնարկութիւններէն
զատ.
ոչ
մէկ
գնահատող
ոչ
մէկ
խրախուսով
բառ
չէ
լսած.
տեղական
թերթերը
բոլորովին
լուռ
մնացած
էին
իբր
թէ
բան
մը
եղած
չըլլար
եւ
հետզհետէ
իրեն
ունեցած
ծանօթներուն
մէջէն
գրականութեամբ
զբաղողներ
չէին
ծածկած
իրենց
անչափելի
ձանձարոյթը
յօրանջելու
երեսին.
նոյն
իսկ
այն
թերթը
ուր
Հրանտ
համաձայնած
էր
վէպը
հրատարակելու,
ապերախտ
գտնուած
էր
իր
աշխատութեան
յարգը
բնաւ
չգնահատելով.
մէկ
երկու
թիւէն
ետքը
խմբագրապետը
զգացուցած
էր
իր
յուսախաբութիւնը
եւ
քօղարկուած
բառերով
իր
անհամբերութիւնը
յայտնած
էր
վէպին
երկարութեան
վրայ։
—
Դեռ
շատ
պիտի
տեւէ՞
արդեօք։
Ճիշդ
իր
վէպին
ետեւը
զարհուրելի
պատահարներու
մէջ
կը
պատմուէր
«սիրոյ
արշաւ»
ը
անուն
թերթօն
մը
եւ
խմբագրապետը
նախ
զգուշաւոր,
յետոյ
անպատկառ
հասկցուցած
էր
իրեն
թէ
ինչպէ՜ս
կ՚ըլլայ
բուն
վէպը։
Սիրտը
նողկանքով
լեզուն
եւ
յուսաբեկ՝
Հրանտ
կը
վերադառնար
տուն
ամէն
օր
խորհելով
թէ
ա՛լ
ձեռագիր
չպիտի
տար
հետեւեալ
օրուան,
թէ
ալ
չպիտի
շարունակէր
իր
վէպին
հրատարակութիւնը,
բայց
Սարգիս
ամէն
իրիկուն
կուգար
իր
բարեկամը
հանդարտեցնելու
եւ
քաջութիւն
տալու։
Հիմա
Հրանտ
տղու
մը
պէս
հնազանդ
մտիկ
կ՚ընէր
Սարգիսին.
թեթեւ
մը
տժգունած
էր
արդէն
եւ
աչքերուն
մէջ
տենդ
կար.
ա՛լ
իր
յախուռն
վստահութիւնը
բոլորովին
կորսուած
էր
կարծես
եւ
նոյն
իսկ
յուսախաբութեան
սաստկութեան
մէջ
բառ
չէր
գտնար
գանգատելու։
երբ
թիկնաթոռին
մէջ
ընկողմանած
մտիկ
կ՚ընէր
իր
ընկերոջը
որ
հակառակ
իր
վատառողջ
եւ
դիւրաբեկ
երեւոյթին
տոկացած
էր
այսչափ
ատեն՝
այլ
եւս
իրեն
յայտնուած
զրական
աշխարհին
գռեհկութիւններուն.
յաւակնոտ
տգիտութեան,
չարամիտ
եւ
խայթող
լեզուներուն՝
տեսակ
մը
հիացում
կը
զգար
անոր
համար
եւ
խորապէս
կ՚ըմբռնէր
թէ
ինքը
անոր
յամառութիւնը
կամ
տեսկա
մը
ճկունութիւնը
չպիտի
ունենար
դիմադրելու։
Սարգիս
միշտ
թեթեւ
մը
կաղալով
իր
ոսկրաթեք
սրունգներուն
վրայ.
միշտ
չափազանց
տժգոյն
եւ
անարիւնութենէ
սպառած,
իր
դիմաց
կը
խօսէր
վստահութեամբ
եւ
գրեթէ
յանդիմանելով
ընկերոջը
տկարութիւնը։
Այն
ատեն
Հրանտ
աչքը
պտտցնելով
իր
առոյգ
մարնոյն
վրայ
իր
ջլատած
բայց
յաղթանդամ
կազմուածքին
վրայ
գրեթէ
ամօթ
կը
զգար
իր
առողջութենէն։
Եւ
երբ
յետոյ
Սարգիս
իր
տունը
վերադառնալու
համար
կը
բարձրանար
զառիվերէն,
միշտ
դեդեւուն,
միշտ
անհաստատ
իր
տկար
սրունքներուն
վրայ
այլ
եւս
գթութիւն
չէր
ներշնչեր
իրեն,
այլ
տեսակ
մը
գորովագին
վստահութիւն.
գիտէր
որ
անիկա
հակառակ
ամէն
բանի
պիտի
շատրունակէր
իր
ճամբան։
Իրաւ
է
թէ
Հրանտ
երկար
ատեն
իր
իսկ
յանդգնութենէն
գինովցած
էր
եւ
տեսակ
մը
իրմէն
իսկ
արտաշնչուող
մտաւոր
ճառագայթումի
մը
մէջ
չէր
կրցած
կամ
չէր
ուզած
տեսնել
իրերը
իրենց
բուն
վիճակին
մէջ.
եւ
հիմակ
ինքզինքը
բոլորովին
ճամբէն
դուրս
կը
զգար՝
անկարող՝
ուղղութեան
մը
հետելու.
որքան
ատեն
որ
տեւած
էր
վէպին
հրատարակութիւնը,
դեռմ
ներքին
յոյս
մը
զինքը
կը
կազդուրէր
եւ
մասամբ
ինքզինքը
ուժով
կը
զգար
իր
արուեստակիցներու
խայթողներուն
դէմ
բայց
երբ
վերջին
ձեռագիրները
յանձնելով
տեսած
էր
խմբագրապետին
տաղտուկէ
մը
ազատողի
գոհունակութիւնը,
ըմբռնած
էր
անմիջապէս
թէ
իր
երկարատեւ
խոնջէնքը
ոչ
մէկ
ձեւով
արժէք
չէր
ունեցած,
թէ
բոլորովին
ունայն
էր,
բոլորովին
ունայյն
պայքարիլ
գրական
այդ
միջավայրին
մէջ,
ապուշցած
եւ
սնոտի
ընթերցողները
ունենալով
իր
ետեւէն։
—
Ա՜հ
վերջին
թուղթերը,
լա՛ւ,
լա՛ւ։
Հրանտի
ականջին
գեռ
կը
հնչէին
այս
խօսքերը
որոնց
բոլոր
անողոք
չարակամութիւնը
ինքը
միայն
կրնար
հասկնալ։
Անտարակոյս
ինքը
բնաւ
յաւակոտութիւնը
չունէր
տարօիրնակ
եւ
գերազանց
գործ
մը
արտադրած
ըլլալու.
ինչպէս
արդէն
ուրիշ
առթիւ
ըսինք,
վարանոտ
եւ
կասկածող՝
մինակ
իր
վստահութիւնը
դրած
էր
լրջօրէն
պատրաստուած
եւ
երկարատեւ
մտաւոր
յոգնութիւններով
հասունցած
գործի
մը
յատկութիւններուն
վրայ։
Միւս
կողմէ՝
իր
կիրթ
ճաշակը
եւ
օտար
գրականութեան
համար
ունեցած
ընդարձակ
ծանօթութիւնը
թոյլ
կուտային
իրեն
հասկնալու
ընդհանրապէս
գովուած,
շփացած,
փայփայուած
անձերու
գործերը.
թէեւ
սկիզբները
ներողամիտ՝
հետզհետէ
անդրադարձած
էր
անոնց
միջակութեան
եւ
քանի
մը
հազուագիւտ
պարագաներէ
զատ
գիտէր
թէ
անոնք
թեթեւօրէն
յղացուած,
իբրեւ
գրական
գործ
ո
եւ
է
գոյութեան
իրաւունք
չունէին։
Արդէն
իր
հասկացողութեամբը
լաւագոյն
դատուած
հազուագիւտ
գործերը
չէ
որ
ամէնէն
աւելի
կը
սիրուէին
կը
գնահատուէին.
հեռուէն
հեռու
երբեմն
այսպէս
առանց
մօտէն
ծանօթութիւն
ունենալու՝
միեւնոյն
բաղդին
ենթարկուած
ըլլալու
եղբայրութիւնը
կը
զգար
անոնց
հետ
եւ
ատիկա
ձեւով
մը
կ՚ամոքէր՝
նոյն
իսկ
կը
յուսադրէր
զինքը.
բայց
երբ
իր
վէպին
աւարտելէն
ետքը
ոչ
մէկ
խօսք
ոչ
մէկ
յիշատակութիւն
չի
խլրտեց
օրագրութեան
անփոյթ
հանդարտութիւնը,
ձեւով
մը
ինքզինքը
բոլորովին
մինակ
զգաց,
ալ
բոլորովին
անկարող
բան
մը
ընելու։
Սարգիս
առօրեայ
աշխատութիւններէն
պարտասած
գրեթէ
ամէն
իրիկուն
կուգար
իր
ընկերը
տեսնելու։
Անգամ
մը
լաւ
լուր
մը
բերողի
զուարթ
երեւոյթովը,
վազեց
Հրանտի
մօտ
եւ
դեռ
չբարեւած
շնչասպառ
ըսաւ
անոր.
—
Հրա՛նտ,
գիտես,
Տիրանը
որ
գեղեցիկ
բանաստեղծութիւններ
կը
գրէ,
դուն
ալ
հաւնած
ես
անոր
գրածներուն
եւ
նոյն
իսկ
անգամ
մը
ըսիր
թէ
շատ
բան
կը
յուսաս
իրմէն…
Հրանտ
անմիջապէս
յիշեց։
—
Այսօր
զինքը
տեսայ
եւ
մեծ
հիացումով
խօսեցաւ
քու
վէպիդ
վրայ,
ինծի
յանձնարարեց
մասնաւորապէս
քեզի
յայտննել
իր
համակրանքը
եւ
նոյն
իսկ
փափաք
ունեցաւ
անձամբ
քեզ
ճանչնալու։
—
Ա՞հ,
իրա՛ւ.
բայց
անմիջապէս
ժպիտը
դառնացաւ,
չէ՞
մի
որ
անոր
երիտասարդ
եւ
քնարերգական
հոգիին
խոյանքները
որ
անմոռանալի
տողերու
մէջ
կը
տեւեռէին,
չէ
մի
որ
անոր
հազուագիւտ
զգայնութիւններու
թեթռումները
որ
իր
բանաստեղծութիւններուն
մէջ
կը
յայտնուէին,
միշտ
անմատչելի
մնացած
էին,
ունայն,
անոն
ք
ալ
ունայն,
ամուլ
ծաղիկներու
պէս
որ
թերթ
առ
թերթ
ցրուած
հողին,
րոպէ
մը
միցոցին
մէջ
պիտի
պտուտքին
ու
պիտի
անհետանան
առանց
պտուղ
ձգելու
իրենց
վաղանցիկ
գոյութենէն։
Սարգիս
այն
իրիկուն՝
նախ
զարմացած՝
վերջապէս
նեղացաւ
ընկերոջը։
—
Ա՛լ
վերջապէս
չէիր
կրնար
սպասել
որ
ամբողջ
համայնքը
իր
համարկութիւնը
դնէր
ոտքերուդ
առաջ,
վերջապէս…
—
Հրանտ
անմիջապէս
զայն
ընդհատեց։
—
Չէ,
բարեկա՛մ,
մի՛
կարծեր
թէ՝
յաջողութեան
ծարաւի՝
մինակ
գնահատութիւն
կը
սպասէի,
թէ
կը
յուսայի
որ
ամէնքը
զգլխուած
հրապուրուած
պիտի
ծափահարէին
ինծի…
չէ՛,
բայց
կը
սպասէի
որ
մեր
համեստ
գրական
աշխարհին
մէջ
իմ
ըրած
ջանքս,
որքան
ալ
պզտիկ
ըլլայ,
որքան
ալ
անյաջող,
ի
նկատի
առնուի,
թէ
արժէք
մը
տրուի
անոր,
եւ
թէ
վերջապէս,
ի՛նչ
գիտնամ,
հակառակը
ենթադրելով,
պիտի
պարսաւուի,
պիտի
քննադատուի…
բայց
այս
լռութիւնն,
անյեղլի
եւ
կայուն
այս
բացարձակ
մեռելութիւնը…
օ՜հ,
չէ՚
պէտք
է
խոստովանիլ
թէ
այլ
եւս
ընելիք
չունիմ
մեզի
համար…
Ինքզինքէն
եգած
եւ
չափազանց
գրգռուած
կը
խօսէր
իր
ընկերոջը
ձայնը
խափանելով
եւ
անոր
բոլոր
առարկութիւններուն
կը
պատասխանէր։
—
Ես
մերժուած
մըն
եմ,
բոլորովին
մերժուած
մը։
—
—
—
—
Օրեր
անցան
Հրան
անգործութենէ
եւ
գրեթէ
առանձնութենէ
հիւան
կը
պտուտքէր
սենեակին
մէջ.
ինքզինքէն
եւ
ուրիշներէն
դժգոհ,
տարտամօրէն
զգալով
թէ
իր
առաջին
անյաջողութեան
դէմ
ընկրկումը
նկարագրի
տկարութիւն
մը
կը
յայտնէր
արդէն.
երբեմն
մինակը
կ՚երթար
Սկիւտարի
բարձունքները
եւ
ինքզինքը
կը
մոռնար
իր
շուրջի
շքեղ
հորիզոնը
դիտելով.
երբեմն
բնութեան
գեղեցկութիւններէն
հրապուրուած՝
հաճոյքով
կը
քալէր
երկար
ատեն
մշակուած
արտերու
մէջտեղէն,
կրունկովը
տափակցնելով
կակուղ
հողը.
տաք
հովը
իրեն
կը
բերէր
հասունցած
հասկերուն
անորոշ
բուրմունքը
եւ
կռնակը
արեւին
տուած
կարծես
տաքութիւնով
եւ
լոյսով
պարուրուած՝
կը
յառաջանար
շլանալով
իր
շուրջի
անպատում
եւ
անհաւասարելի
բեղմնաւորութենէն։
Եւ
ակամայ
կը
խորհէր
թէ
ինչպէս
այս
սքանչելի
մթնոլորտին
մէջ
այսքանգեղեցկութիւններով
շրջապատուած,
ուր
օդին
մրմունջը
անգամ
բուրումնաւէտ
ու
կենսականութեամբ
առ
լի
քերթուած
մըն
է
ինքնին,
ուր
ամէն
բան
գեղեցկութեան
կը
հրաւիրէ,
գեղեցկութեան
կը
ստիպէ,
ուր
ընդհանուր
ներդաշնակութեան
մէջ
տգեղ
շարժում
մը,
տգեղ
խօսք
մը,
իբր
օտար
ես
խանգարող
տարր
մը
ինքնին
գոյութիւն
պիտի
չունենար,
Ի՞նչպէս
այս
վեհափառ
գեղեցկութեան
մէջ
իր
պատկանած
համայնքը
ամէնէն
աւելի
գոց
կը
մնար
իր
վիջավայրին
հրապոյրին
եւ
գրեթէ
միակ
սատարողը
տգեղութեան,
անշնորհութեան…
ու
երբ
Սարգիս
կուգար
զինքը
կը
գտնէր,
քով
քովի
քալելով՝
Հրանտ
կը
մրմնջէր
անոր
իր
մտածումները
ու
անորոշ
հոգով
մը
դղդրուած
կը
վերադառնային
զառիվարէն
իջնելով,
ճակատնին
վարդագունած
վերջալոյսի
փողփողուն
ճառագայթումէն,
աչքերնին
քթթելով
լուսահեռ
քաղաքին
մէջէն
որուն
ամէն
պատուհանները
ոսկեզօծ
ճաճանչներու
տրձակ
մը
կը
ցոյացնէին…
եւ
իրենց
հոգին
կը
լենար
անսահման
տխրութեան
մէջ։
Իրիկուն
մը
շատ
վարանումներէ
ետքը
Հրանտ
յայտնեց
անակնկալ
մտադրութիւն
մը.
երկու
օրէ
ի
վեր
նամակ
մը
ստացած
էր
հօրեղբօրմէն
որ
հիմակ
Բարիզ
հաստատուած
էր
առեւտրական
գործով
մը.
իր
եղբօրորդին
կը
կանչէր
իր
քովը,
յայտնելով
թէ
մէկու
մը
պէտք
ունի
իր
գործին
համար
եւ
թէ
շատ
ցանկալի
պիտի
ըլլար
եթէ
Հրանտ
ինքն
իսկ
ընդունէր
այդ
պաշտօնը.
Հրանտ
կ՚ըսէր
թէ
պիտի
մեկնէր։
Երկար
ատեն
երկու
ընկեր
լռին
քալեցին.
քանի՛
անգամներ
Սարգիս
խորհեցաւ
յայտնել
իր
բարեկամին
թէ
ինքը
ո՛րքան
միակ
եւ
ջլատուած
պիտի
զգար
ինքնիրենը
մնացած
խմբագրական
եւ
գրական
միջավայրին
մէջ,
եւ
թէ
արդէն
ի՛նչքան
բան
կը
յուսար
իրմէն.
բայց
միեւնոյն
ատեն
սրտի
սեղմում
մը
կ՚արգիլէր
զինքը
խօսելէ.
երբ
տանը
մօտիկցան
այն
ատեն
միայն
Հրանտ
յայտնեց
թէ
իր
մեկնումով
զբաղած՝
ալ
չպիտի
կրնար
զինքը
տեսնել
եւ
իր
վերջին
ժամադրութիւնը
տուաւ
իր
մեկնման
օրը։
Հրանտ
առանց
ցաւի
մեկնեցաւ
իր
ծնողքէն.
անոնք
առաջինները
եղած
էին
որ
զինքը
չէին
ճանչցած,
եւ
չուզեց
որ
նոյնիսկ
քոյրը
ընկերանայ
իրեն։
Քարափին
վրայ՝
հակառակ
շատ
բաներ
ունենալնուն
իրարու
ըսելիք,
Սարգիս
եւ
Հրանտ
քիչ
կը
խօսէին,
զգուաշանալով
իրարու
նայելու.
երկուքն
ալ
չափազանց
տխուր
էին.
Սարգիս
իր
հետ
բերած
էր
Տիրանը,
որ
շտապած
էր
գալ
անձամբ
իր
հիացումը
յայտնելու
Հրանտին.
թերեւս
այս
երրորդին
ներկայութիւնն
էր
որ
զիրենք
անհանգիստ
կ՚ընէր.
իրենց
վերջին
հրաժեշտին
մէջ
բռնազբօսիկ
եւ
տենդագին
բան
մը
կար
եւ
երկուքն
ալ
հաւասարապէս
ցաւագին
բան
մը
կը
զգային
իրենց
հոգւոյն
խորը,
սխալ,
ծուռ
բան
մը
ընելու
տարտամ
զգայնութիւնը։
Հրանտ
ժամ
մը
առաջ
առանձնանալու
պէտքը
զգալով
կանուխէն
շոգենաւ
մտաւ
եւ
Սարգիս
ու
Տիրան
մեկնեցան։
Քարափին
իրարանցումին
մէջէն
դժուարաւ
ճամբայ
բանալով
կը
յառաջային.
երբ
Թօփհանէ
հասան,
Տիրան
ըսաւ
թէ
Պէշիքթաշ
պիտի
երթար
եւ
Սարգիս
ընկերացաւ
իրեն։
Ծաուղիին
մէջէն
կ՚երթային
խօսակցելէն,
երբեմն
լալու
փափաքէն
Սարգիսի
ձայնը
կը
մարէր
եւ
խոնաւութիւնը
կը
զգացուէր
թարթիչներուն
ծայրը։
Քանի
կը
յառաջանային
յոգնութենէն
սրունքները
կը
ծռէին
եւ
սկսաւ
կաղալ.
Տիրան
խանդավառուած
կը
խօսէր
Հրանտի
վրայ
եւ
Սարգիս
հաճոյքով
մտիկ
կ՚ընէր
զինքը։
—
Այդ
խմորէն
մարդիկ
շատ
քիչ
ունինք
դժբախտաբար։
Բայց
հետզհետէ
իր
աչքերուն
մէջէն
խանդավառութիւնը
կը
մարէր
եւ
երբեմն
անսահմանելի
մելամաղձոտութիւն
մը
կ՚անցնէր
իր
դէմքին
վրայէն։
Իրիկնամուտ
էր.
երբ
ետեւ
դարձան
ամբողջ
հորիզոնը
հրդեհուած
էր
եւ
ոսկեզօծ
գմբէթի
մը
ետեւէն
երեւցող
կայմեր
կը
ցցոուէին
դէպ
ի
վեր՝
շառագունած
վերջալոյսէն
եւ
ճառագայթներու
պէս
մխուելոմ
երկնքին
մէջ.
Պէշիքթաշի
մօտ
էին,
Սարգիս
շնչասպառ
կեցաւ։
—
Կ՚ուզե՞ս
վայրկեան
մը
հանգչիլ.
հարցուց
ծիրան…
—
Ժամանակը
անցած
է
—
Ի՞նիչ
փոյթ,
օդը
այքան
աղւոր
է,
նաւակով
կրնաս
վերադառնալ
Սկիւտար։
Ծովեզերեայ
սրճարան
մը
գացին
եւ
պարտասած՝
ինկան
աթոռներու
վրայ։
Հետզետէ
հորիզոնը
կը
տժգունէր
եւ
Վոսփորը
կ՚երկննար
արծաթի
պէս
ճերմակ,
որուն
վրայ
ասդին
անդին
վարդագոյն
շողեր
կը
տատանէին.
երթեւեկող
նաւակներւո
եւ
մակոյկներու
մէջտեղէն
սեւ
զանգուած
մը
կը
յառաջանար
դէպ
ի
վեր։
Տիրան
ոտքի
ելաւ։
—
Գիտե՞ս,
Սարգիս,
Հրանտին
շոգենաւն
է։
Ուշադրութեամբ
նայեցան
եւ
հաստատեցին.
այն
ատեն
երկուքն
ալ
վանդակորմին
կռթնած
սկսան
դիտել.
շոգենաւը
հանդարտօրէն
կը
յառաջանար,
Գապաթաշը
բաւական
անցած
էր
երբ
իր
վրայ
դառնալով
սկսաւ
վերադառնալ։
Կամաց
կամաց
կը
հեռանար
դէպ
ի
Սարայ
Պուրնու.
մանիշակագոյն
եւ
ծանր
ամպերուն
ներքեւ
վարդագոյն
գօտի
մը
միայն
հորիզոնին
վրայէն
կը
գծուէր
հետզհետէ
տժգունելով.
դիմացէն
մզկիթներու
ամբողջութենէն
մինարէներ
շքեղօրէն
կը
սլանային
դէպ
ի
վեր
իրենց
նրբին
պերճութեանը
մէջ
դեռ
ասդին
անդին
գմբէթներ
կը
ցոլացնէին
իրենց
մէջ
պահուած
ցոլքերը,
բայց
բուսականութիւնը
հոծ
եւ
խիտ,
հեռաւոշութեան
մէջ
ալ
բոլորովին
մթնցած
կ՚Երեւէր՝
վայրկեան
մը
երկուքն
ալ
զբաղած
այս
կախարդիչ
հեռապատկերէն
շոգենաւը
կորսնցուցած
էին
աչքէ.
հեռուն
Մարմարային
գիծը
կ՚ուրուագծուէր
լուսեղէն
ճերմակութեամբ
մը
եւ
այդ
ճերմակութեան
վրայ
սեւ
բիծ
մը
դողդոջէր
եւ
կ՚նհետանար։
—
Շոգենաւը
կորսնցուցինք,
մրմնջեց
Տիրան։
Եւ
երկուքին
աչքերը
յառեցան
երկայն
եւ
ճերմակ
գծին
զոր
ծոգենաւը
ակօսած
էր
գորշագոյն
ջուրերուն
վրայ
եւ
որ
դեռ
կը
փալփլար
անհամար
արծաթեայ
պսպղումներով։