Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ

 

Յուզուած, գրեթէ քաղաքական [1] դէպքերով յղի Զատիկը եկաւ։ Տօնական շաբաթը ալեկոծ էր կրկին Հայրապենց Նազիկին մեղքովը։ Առաջին անգամ պաշտօնապէս գեղին աղջիկները երգեցին, [2] Զատկին առջի օրը պարի ատեն, տրտում ու ժամանակին մէջ թոռմելէն քաղցրացած երգը Հայրապենց անդրանիկ հարսին, ոսկի Նազիկին։ Հաճիին մահը անպաշտպան կը թողուր իր կնոջը յիշատակը։ Առատ ու համով արեւ կար կալերուն վրայ, հոն պարող հարսներուն ու նշանուած աղջիկներուն ալ վրայ:

 

  Վարը, գեղին մէջ Զատիկը մխիթարած էր պառաւները։ Այդ տաղաւարը հոգեհան անձուկով մը կը դիմաւորուի ծերերէն ու պառաւներէն ու քիչ մըն ալ բարակով հիւանդներէն։ Կարմիր հաւկիթը ողջունող աչքերը նուազագոյն վեց ամսուան կեանք մը կրնան յուսալ անբա՛ւ ժամանակէն։ Այս ցնծագին տրամադրութիւնը կը գունաւորուի ուրիշ հոսումներով։ Այն տուները, ուր սուգը թարմ է տակաւին, աղմուկը, լացը ու թաղման օրերու բեկորները [3] կը վերադառնան։ Կը կրկնուին հոգեւարքի տեսարանները, ու պատուհաններէն կը յորդի շիւանը երկար, միօրինակ, մարդկային ու ջերմ։ Մեռելները դեռ չեն կորսնցուցած իրենց բաժինը հասարակաց սեղանէն ու կ՚ուզեն կեանքին մեծ ու պզտիկ վայելքները։ Բոլոր մայրերը անոնց համար չեն մոռնար հաւկիթ ներկել։ Ու անոնք, մեռելները, [4] կը թարմանան, կը նորոգուին, կ՛աղուորնան։ Անոնց արցունքով թրջուած ու սնտուկէն խոնաւցած զգեստները, մանաւանդ երբ երիտասարդ են, կը բերուին տունին մեծերուն ծունկին ու «կը գովուին»։ Զանգակները, երկար ու կրկնուող արարողութիւնները պաշտամունքին, տապկուած ոսկեձուկին բուրումը ու ամէն պատուհանէ յորդառատ արձակուած խունկը այդ օրերուն յատուկ, տեսակ մը ժամով ու գարունով խառնուած դրոշմ մը կը ստեղծեն, որ կը դիմանայ մարդոց այնքան շուտ աւրուող յիշողութեան մէջ:

 

Կարմիր հաւկիթ՝ հաւկիթի պէս կլորակ տղոց ափերուն։ Կարմիր, կանանչ ու վարդագոյն՝ աղջիկներուն կռնակն ի վար։ Մեծ պահքի կիսօրեայ ժամերուն բարակ-բարակ սկսող ու Զատիկին ծաղկող նոր ու առատ նշաններ, որոնք գեղը իրարու կը շաղախեն կամ ընտանիք մը կը տապալեն: Ու պարտէզին գեղեցիկ ու գոյնզգոյն բանաստեղծութիւնը։ Ու Մեռելոց։ Զատիկը այդ երկուշաբթին է որ կը լրանայ։ Գեղին գերեզմանը այդ օրը կը հիւրասիրէ իրեն հարկատու բոլոր տարրերը, ու ասիկա՝ առանց սարսափի։ Բացի անդամալոյծներէն, հոգի կրող ամէն արարած, նոյնիսկ կոյր[եր]ը [5], պարտաւոր է այցի գալ իրեններուն ու ամփոփուիլ։ Ու պարտք է դարձեալ քիչիկ մը աչքը վարժեցնել հեռաւոր, բայց անխուսափելի պատկերին, սեփական գերեզմանի պատկերին։ Ի՛նչ խորունկ է երգը, որ թագաւորները կը հրաւիրէ «օր մը գոնէ իրկուն ընել» հողակոյտի մը կուշտին:

 

Բազմութիւնը, շարժումը, կեանքին հեղեղը այդ երկուշաբթին կը մեղմեն մահուան դաշտին մելամաղձոտութիւնը։ Ու զուարթ է ան տղոց, վաճառողներու աւաչներովը։ Ու հազիւ կը տխրի ան մայրերուն լացովը։ Նոյն ատեն պաշտօնական գովքը, տաղաւարէ տաղաւար, հողք իջնողներուն վրայ, քահանային օրհնութեամբը պսակաւոր: Ու մենաւոր, ինքնիրեն բաւող լացը այրիներուն, որոնք օղակ մը որբով շրջանակուած իրենց ամուսինները կ՚ողբան, սրտառուչ ու միամիտ

տարփանքով, իրապաշտութեամբ։ Ու ասոնցմէ շատ վաւերական կարաւանը անմխիթար սգաւորներուն, անոնց՝ որոնց մարած է ա՛լ օճախը, կամ «կոտրած՝ սրտին սիւնը», ինչպէս կը սիրեն ըսել իրենք քաղցր պատկերով մը։ Նազի՞կը։

 

Եկաւ անիկա մեռելոցի լացին, հասուն ու ծանր, ինչպէս նոր հարս մը, որ ծիծի տղան քնացուցեր ու վազեր է գերեզման: Անիկա, իրենց «թաղը» մտնելէ առաջ, տկարացաւ ու դեղնեցաւ, երբ անցաւ Թումաuիկին գերեզմանէն: Առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէր պզտիկ ու նիհար տապանը, որ տարօրինակ արագութեամբ մը հինցած ու հեռաւոր կը թուէր, առանց ծաղիկի ու առանց մարմարի։ Որուն շուրջը կու լային իրենց վարձու լացը մօտ կամ հեռու դրացիներ, ազգականներ, պահ մը մոլորած հոն, ուրիշներու փութացող նայուածքով մը։ Զինքը տեսան Օվակենց Տայճոնը, Հեղնա հարսը, անակնկալ ու խռովիչ։ Թումասին մայրը շարժում մը ուրուագրեց ծունկովը, կարծես տեղ բանալու համար Նազիկին։ Ու լացը կղպուեցաւ անոնց կոկորդի խոռոչին։ Այս դադարը անցաւ միւսներուն ալ, որոնք կը նայէին գեղեցիկ աղջկան ու չէին հասկնար, թէ ինչո՛ւ: Խօսքի բռնուած անոր մեծ մայրը կը վազէր արդէն դարմանելու սխալը, աղջիկը մինակ թողլուն։ Ու չէր կրնար քալել երիտասարդ աղջիկը։ Ու կապուած էին անոր յօդերը։ Պարպուեցաւ երեսին ամբողջ արիւնը ու հազիւ կը կենար ոտքի։ Այն ատեն անիկա գեղեցիկ էր մահուան գեղեցկութեամբ մը։ Մեծ մայրը հասաւ իրեն, մխտեց կոշտ ու քալեցուց։ Բայց անոր սիրտը ետ կը նայէր վերսկսող լացին, Թումասին հողքէն։ Ու անոր մտքին մէջ մարմին կը հագնէր ազազուն երազը։ Ու անոր ծիծերէն մինչեւ եղունգները թրթռաց դժբախտ զգացումը, որ ցաւի մօտ բան մըն էր, ու կը շփոթուէր մահուան, չըլլալուն սա մեծ, անհերքելի քաղցրութեան հետ։ Մեռելներուն մէջ մարդ կը սիրէ մահը։

 

Մինչեւ իր հօրը գերեզմանը, անոր քայլերն ի վար թմրող թուլութիւն մը անոր գնացքին կու տար տեսակ մը պչրանք։ Սեփ-սեւ մետաքսին մէջէն անոր միսերը, մանաւանդ վիզին փորուածքէն, կը ճառագայթէին «նշխարքի խմորին պէս», ինչպէս պիտի ըսէր Նազիկին մահէն ետք [6] գեղին անանուն բանաստեղծներէն մէկը։

Ու թանձր, մարդու կպչող խռովք մը կը ցոլացուէր անոր շարժումներէն: Ու անոր մարմինը ունէր այն ծորումներէն, որոնք կը դպին մեծին ու պզտիկին:

 

Ու այդ գնացքը գինովութիւն, ոճիր, խենթութիւն կը դառնայ, երբ հարսնուկին օրերուն մէջէն կարմիր գիծեր անցած ըլլան։ Ու մի զարմանաք, երբ գեղին ամէնէն համբաւաւոր ասպատակը անփորձ ու ծիծաղելի տղու մը պէս պահուըտի մորենիներուն խեղճ հասակին մէջ, պառկի չորցած վտակներուն յատակը, վերեւի կամուրջէն լսելու համար զարկը սիրուած ոտքերուն:

 

*   *   *

Անցաւ հօրը գլխուն կողմը։ Տեղ տուին իրեն գերդաստանին կիները, արտաքին աղապատանքին մէջ հազիւ պարտկելով նեղ արգահատանքը։ Բարեացակամ, վերապահ էր անոնց նայուածքը, որ երբեք ամբողջովին չ՛ազատիր սեռին անզգամ հեգնութենէն։ Ատոր համար է, որ ներերը չքաշեցին զիրար։ Ու կեսուրները եղան անողորմ։

 

Նստաւ։ Ճերմակ թաշկինակը բերնի անկիւնին, նայելու ամչնալով ու յուզուելու վախնալով, անիկա սկսաւ իր արցունքը, որ անոր աչքերուն հեռուներէն կը հաւաքէր իր թրթռուն պղպջակները ու կ՝ոլորէր զանոնք կայլակներու վրայ։ Ու արցունքը կը վայլէր անոր բիբերուն, կը վարանէր թարթիչներուն ոսկի վարմին մէջ, յետոյ կը թափանցէր անոնց շղարշը ու կը կենար քիչ մը, իյնալէ առաջ, ամբողջ լոյս, ամբողջ արիւն ու գեղեցկութիւն։ Դիտողին ներսը պատկերը կ՛արթնցնէր անվերադարձ ու տրտմօրէն քաղցր բաներ: Այդպէս ամբողջ երես ու անհուպ անուշութիւն՝ ան կը նմանէր, [7] օրինակի համար, օրրանէն նոր հանուած մանուկի մը, զոր չես կրնար չհամբուրել։ Ի՜նչ շքեղութեամբ անիկա կը զատուէր իր շրջապատէն, որ իր կարեկցուն արհամարհանքին մէջ քիչ-քիչ կը վիրաւորուէր [8] ու կը նուաճուէր անշամանդաղ այս գեղեցկութեան տեսիլքէն։ Ու այս տպաւորութիւնը կը լայննար, կ՛աւելնար խումբէն, համակելու համար ուրիշները, աւելի բաց քարերու շուրջը ծալապատիկ ու լացող։

 

[9] Ու գովքը։ Հանդարտ, հանգչած, փոթորիկէն ու հզօր աղէտէն ետք լրջացած, ինքզինքը տեղաւորած բանաստեղծութիւնը, զոր կիները կը յղանան իրենց ամայի անկողիններուն մէջ, կը ձեւաւորեն իրենց վշտոտ ու մենաւոր զբաղումներու պահերուն։ Որ հասունցած, օծուած վիշտի մը պէս, հանդիսաւոր ժամերուն, պաշտօնական լացի նիստերուն, տունը կամ հիմակուան պէս գերեզմերը [10], ինքզինքը կը քակէր ատ աղուոր բերաններէն, կը բարձրանար ու նորէն կ՚իյնար վար, նստողներուն վրայ թառելու վարանող աղաւնիներու նման, ու կը կենար, պարզ, սրտառուչ, ամբողջ իրականութիւն: Ըսես աներեւոյթ կեանքը ըլլար, ատանկ բռնուած ամէնուն տեսողութեանը դէմ. ատանկ միամիտ ու խեղճ, ինչպէս է ան արդէն տուներուն դամբանումին մէջ։ Տեսակ մը թեւ ելած ապրում, ուր կրնայիր կարդալ մարդերուն, բոլորին ալ գրուած մեծ ու աննուաճ կարօտները, անմռունչ ու անպաշտպանելի այրումները սիրողներուն։ Գեղը իր գովքերուն մէջ կ՛ապրի իր կիրքերուն ամէնէն ազնուական ստեղները։ Ու գեղը վար կը կանչէր իր մեռելները նոյնիսկ ցաւաբեկ, նոյնիսկ «ցամաք» սովահար սեղաններու, հերիք է որ «բերան մը բան ծամէին» անոնք միասին, կամ «ջուխտակ մը խօսք առնէին ու տային»։ Այս գովքերուն տարօրինակ իրապաշտութիւնը։ Գեղր միշտ ձեւը կը գտնէ մեռելները իրեն ուզելու: Ու մտքէն չ՛անցըներ անոնց երթալուն անվրէպ պատգամը։ Ու կ՚երգէ այս աշխարհը, անգիտելով միւսը հիմնովին։

 

Նազիկը միայն ձայն չունէր։ Իր արկածը, իրեն այնպէս կու գար, որ կը հոսէր, պէտք եղածէն աւելի մատնող, իր մազերէն ու իր միսերուն սա խնամուած լքումէն։ Իրեն այնպէս կու գար, որ բոլոր կնիկները զինքը կը մերկացնէին, անանուն հետաքրքրութեամբ մը, իր վրայ փնտռելու համար եղերական կնիքը ծակ–պտուկներուն։ Ու անիկա շատ արագ ու շատ վճռական տեսաւ ու դատեց ու ատե՜ց [11] անոնց նայուածքին մէջ այն սուտ, եսասէր կարեկցութիւնը, զոր դժբախտութիւնը կը ստեղծէ մեր շուրջը։ Որ կը թափառի մեր քայլերուն գիծերովը, բայց կը սառի մեր սեմերուն առջին, երբեմն՝ բաւական պարզ ու դիւրաթափանց, երբեմն` բարդուելով մեր սուգին ու վիրաւորելով մեզ, այլապէս նուաստացնող։ Կեղծ մեղքցուելուն բզկտող ու դժնդակ կսկի՜ծը։ Այսպէս է, որ մեզի կը ցաւին ամէնէն առաջ մեր թշնամիները, յայտնի ու բարձրաղաղակ։ Ու գիտցողին՝ ատոր ճնշումը աւելի է, քան ատելութեանը։

 

Ու անոր կոկորդը կը պատռտուէր ներքին ու դաժան պրկումէն, անկէ՝ որ ցաւը չէ, բայց որ պուտ-պուտ կը բարձրանայ անայց խորշերէ, ու կը զետեղուի մեր վիզին ներսը։ Անբացատրելի այն յուզումը, որ իբր ձայն, երգ կը փրթի մեր սրտին գաւառներէն, ու բռնադատուած՝ իբր անկարող լռութիւն կը ծաւալի մեր երեսին: Զոր ստիպուած ես կեցնել, զսպել: Նազի՛կը, առանց երգի։ Որուն ձայնը աւելի սիրտ կ՛առնէր, քան առջի մեղրը ամրան փեթակին ու վեր էր բոլոր շէրպէթ ներէն, ինչպէս կ՚երգէին պատանիները։ Զոր հեռու թաղերէն, նոյնիսկ օտար գեղերէն կու գային մտիկ ընելու, իրենց բառով՝ «խմելու» քիչ-շատ [12] կրակոտ արիւնով տղաքը: Ու աւելի՛ն. իր հօրը հողքին առջեւ, անիկա չէր նմաներ միւսներուն, վաւերական ու կուղպ աղջիկներուն, որոնք խելօք են ու «նստուկ», ինչպէս բուրումի կնքուած սրուակները ու չեն կրնար տպաւորել իրենց շրջապատը։ Նազիկէն կը քակուէր համ մը, մասնաւոր հոտ մը, կնիկի այն աղօտութիւնը, խաւը առնուած գունատութիւնը, որ առաջին իսկ ակնարկին այտերուն վրայ կը յայտնաբերէ շրթունքներուն խոնաւ ցաքանումը ու կը զատուի կուսութիւններուն աղուամազոտ, անհուպ կարծրութիւններէն: Տեսակ մը խմորումի արտաբուրում, [13] ձեռնուած, պագնուածի այն հովը, զոր կը հոսեն հերկուած մասերը եւ զոր կ՚որսան այնքան նրբութեամբ կարգ մը մարդոց անանուն զգայարանքները։ Ի՛նչ որ կինը կը տարբերէ կոյսէն։ Ու՝ ի՛նչ որ ափափուած աղջիկ մը կը զատէ անշամանդաղ ու անայց կենդանիէն [14] ։ Ու այս ամէնը ամէն տեղ, նոյնիսկ գերեզմաններու կողքին։ Ու այս ամէնը՝ դուրսին, ինչպէս ներսին համար։ Ու Նազիկին խելօք պատեանին տակ եփ ելած խռովքներ կային: Վասնզի կան սրբազան պահեր, որոնք հիւսիսայգի պէս կը բացուին կիներուն շուրջը։ Ու սիրով բռնկած աղջիկը, ու սիրով յագեցած էգը չեն կրնար դուրս ելլել սեռային հոսանուտին այս ոլորտէն։ Թող ժպտին կամ լան անոնք, թող նային ու չտեսնեն անոնք, բոցը լուսաւոր ստուերի մը պէս պիտի ճառագայթէ ու աշտանակներու պիտի վերածէ զգացումին այս զոհերը

 

Ու կար այս պատրանքը Նազիկին վրայ։ Կը տեսնէին ատիկա պտտողները, նշանուած աղջիկներն ու հանգչած ծերերը։ Ու մոռնալով իրենց մեռելները կամ սովորական մտմտուքները, վայրկեանի մը համար կը տարուէին գեղեցկութեան այս տեսիլքէն։ Վասնզի Նազիկը աղուոր էր գեղին բոլոր աղջիկներէն։ Ու անոր «փթթինազարդ» կուսութենէն մինչեւ սա անպարագրելի կործանումը՝ անոր մարմինը, [15] անցնելով հսկայ աղէտէն, թէեւ բզկտուած, կը դիմանար իր փառքին վրայ նման վարագոյրի մը, որուն կտորներն իսկ կը բաւեն իրենց անունին [16] ։ Ու իր շփոթ դէմքովը, իր ա՛լ անստոյգ ու վտանգահար գեղեցկութեամբը անիկա վեր կը մնար՝ իր տարիքին՝ բոլոր կիներէն։ Իրմէ կը հոսէր այն դղրդող բանը, որ էգը կ՚ընէ այնքան առատ, այնքան կպչուն։ Ու ատով կ՛ըլլար անիկա աղջիկն ու կինը միանգամայն։ Ու տակաւին զայն անդիմադրելի կ՛ընէին գերդաստանէն իր մէջ մթերուած ուրիշ թաքուն բաներ։ Ու կը զգային այդ կուտակումը աւելի շատ՝ աղուոր կնիկները, որոնք հպարտ ըրին իրենց անունը, բայց դժբախտ իրենց սիրտը, որոնք իրենց անկողինէն ուրիշը չգիտցան ու պառաւ չեղած մեծ-կնիկի հով տուին իրենց։ Ու իրենց մեռելներուն մօտ, թոյլ–թոյլ, գաղտնօրէն պչրուն, լալէ, կարմրելէ, յօրանջելէ ետք, Նազիկին քովէն անցած ատեննին, կը քաշէին քիչ մը վեր իրենց պլուզներուն օձիքները իբր թէ պարտկելու համար մուտքը իրենց լանջքերուն, իրականին մէջ պրկելու համար իրենց ծիծերուն գողտր վանդակումը։ Անոնք կը տնտնային, նայելու համար կուշտ ու խոշոր, զգլխիչ այդ աղջկան, զուարթօրէն կարեկցուն ու վշտահար։ Բայց կը տառապէին իրենց ներսէն, պրկուելով անասելի զգայութեանց ասեղներէն, ու ի վերջոյ նեղուած, մռայլ՝ կը ձգէին զայն, անոր դժբախտութիւնը զովարար բարիքի մը պէս տաղաւարելով իրենց նախանձակոծ հոգիներուն վրայ։ Ու կը խօսէին նախ իրարու, յետոյ իրենք իրենց։ Ու անոնց համար սփոփանք կար, մեղաւոր ու կոյր, սա անորակելի ձեւին մէջ, որ այդ աննման մարմինը կը շինէր այդպէս երազային, այդպէս «խելք առնող»:

 

Ամէն կնիկ իր կեանքին մէջ ունի կարճ շրջան մը, որ կը տեւէ գուցէ անոր կեանքէն աւելի ամբոխին յիշողութեանը վրայ։ Ընդհանրապէս հարսնութեան քողաւոր տեսիլն է ատիկա անոնց մեծ մասին համար։ Ու կ՚ապրի քանի մը տարի, սլացիկ, ազատ պարագայի կապերէ, բայց առանց մասնաւոր կնիքի։ Յետոյ կը սպառի։ Հինգ տարին արդէն իրենց ծաղրանկարին կը վերածէ մեր գեղեցկագոյն հարսները։ Քսանէն ետք, գեղեցիկ կինը ախտաւոր է կամ ամուլ։ Նազիկէն պիտի դիմանար, մինչեւ իր վաղաժամ մահը ու մինչեւ այս տողերուն գրուիլը՝ մեռելոցի այս լացուոր պատկերը։ Անիկա տուն դարձաւ թեթեւցած ու աւելի աղուոր քան որեւէ օրը իր կեանքին։

 

Տաղաւարին կը յաջորդէ անակնկալ տրտմութիւնը։ Տօնը գացած է, երբ չես տեսած անիկա։ Ու այս պզտիկ յուսախաբութիւնը աւելի խոր կը հնչէ զրկուածներուն։ Այսպէս է, որ դառնութեան գիշերներէ ետք, կեանքը դարձաւ քիչ-քիչ սովորականին՝ գիւղական աշխատանքները, որոնք կը մտնեն իրենց գերագոյն ուժգնութեան մէջ։ Զաքարը բռնելու համար կառավարութեան նոր ու հսկայ մէկ ձեռնարկը, որ վրիպեցաւ առաջինին նման, բայց չունեցաւ նոյն աղմուկը, քանի որ կատարուած էր գեղէն դուրս։ Շերամները բուծանելու կնճռոտ ու բազմապահանջ հոգերը գրաւեցին Նազիկին շաբաթները: Ազատա՞ծ էր մղձաւանջէն։ Կ'ապրէ՞ր։ Չէր հարցներ, չգիտնալուն։ Բայց թոյլ ու ամէն համէ [17] ընդվզող իր մարմինը, հիմա բոլորովին ամայի տունին մէջ, կը ճարէր տեսակ մը հաշտ կեցուածք։ Պատասխան կու տար մամային ու իր ձայնը մաքրուած էր մահուան հոտէն։ Կրնար խօսիլ Օվակենց Հեղնային հետ, առանց Թումասին ուրուականէն նեղուելու։ Ու գործեր, գործեր։ Յինանց ընթացքին գեղը կը փոխուի զգալի չափով։ Միօրինակ ու համրուած այդ օրերը աւելի ծանր կը կշռեն, քան Մեծ Պահքի փոթորկոտ շաբաթները։ Անհամ է երգեցողութիւնը ժամէն ներս։ Ու ամայի են փողոցները, այրերէ ու ծերերէ։ Բայց այդ օրերը կը ճնշեն ուրիշ երեսով ալ։

 

Եկեղեցին պսակ չ՛արտօներ։ Ու այս արգելքը չես գիտեր ինչ հոգեկան հակադրութեամբ մը կ՛ազդէ զարմանալի կերպով գեղին վրայ, որ չի խմեր գինովնալու չափ ու չի խենթանար։ Ու այս ծանրութեան տակ, խուլ ու անմխիթար, կը տառապի իր ընդերքէն։ Բայց, նոյն այդ տրտմութեան օրերուն, Նազիկին մեծ մայրը յղացաւ ու գլուխ հանեց, իր կարծիքովը, իր կեանքին դժուարագոյն ու գեղեցիկ գործը։ Անիկա, հոյակապ ռազմավարութեամբ մը, խորտակեց Նազիկը պաշարող գեղին արհամարհանքը ու Վարդավառի պահքէն առաջ իր թոռը կարգեց Կարմիրենց Սահակին, որուն կինը մեռած էր աշնան՝ եղերական ու անանուն։

 

Այս պսակը կրկին յուզեց գեղը ու, շատ աւելի՝ որքան չէր ըրած առաջինին վերջաբանը, իր այնքան խորունկ հետեւանքներովը։ Գայթակղութիւնը կ՚ախորժի հանդէսէն։ Աղջկան հանգչած մեղքը ոտքի ելաւ կրկին ու պտտեցաւ, ժամանակին հետ ինքզինքը ընելով մեծ ու երկարուն։ Ու անակնկալը, որով կը պաշտպանուէր այդ որբեւայրի պսակը, պատճառ կ՚ըլլար լեզուներու արձակումին։ Ամէն մարդ իր ձեւովը կը բացատրէր եղելութիւնը։ Ու մամեր անիծելով կ՚անիծէին [18] ժամանակները.

 

-- Ի՛նչ օրերու հասանք, Տէ՛ր, Դուն ողորմիս...

 

Անոնց խելքովը աշխարհին վերջը հեռու ըլլալու չէր։ Տասը տարի ետքը խեղճ այդ կնիկները մանարաններուն կոյանոցները պիտի հանդուրժէին, ու իրենց թոռներուն համար երեսի ջուրով ծոցի գիշեր մը բաւ պիտի ընդունէին՝ հաճոյքով մեռնելու...

 

Դայեկ Մէլէքն էր, որ Հայրապենց Հաճի Խաթունին հաշւոյն մօտեցաւ Կարմիրենց Տիկինին։ Անիկա գիտէր վռնտուիլը։ Բայց կը ճանչնար նոյն ատեն Կարմիրենց տան վիրաւոր կողմը։ Այդ ընտանիքը կասկածով կը դիտուէր ունեւոր դասակարգէն։ Էրիկները՝ երիտասարդ՝ գերեզման կ՚երթային։ Ու աղքատ տուներէ ընտրուած անոնց կնիկները «մուրատնին» չառած կը ծերանային։ Ու դայեկը խորհիլ [19] գիտէր։

 

Սահակին մայրը, աստուածավախ ու անաղարտ, զարհուրեցաւ առաջարկին լրբութենէն։ Հայրապենց Նազի՛կը։ Բայց մարմնացած դժոխքն էր այդ կնիկը։ Անոր մօրը վրայով կազմուած պատկերը կատարեալ էր ամէն երեսներով։ Ո՞վ [20] չէր գիտեր Հաճի Ստեփանին ամպարագիծ [21] մեղքը։ Ու լսած էր անստոյգ շշուկով երկունքի ոճիրը ու քիչ մըն ալ՝ փսփսուքը, որ Երեմիային ջաղացէն կը բարձրանար։ Սարսափելով կը սարսափէր սադայէլներու ծնունդ այս գերդաստանէն, որուն մանչերը արիւն կը թափէին իրենց հաճոյքին համար ու աղջիկները կը խօսուէին, մինչեւ իսկ իրենց հայրերուն հետ:

 

Հաճի Խաթունը չառնուեցաւ այս մերժումէն։ Պատրաստուած իսկ էր ատոր, բայց այդ քայլէն առաջ, անիկա գործեր էր տաղանդաւոր ու արդիւնաշատ յանդգնութեամբ։ Ամէն տուն մտած ու ելած, ամէն դասակարգի հետ լայնօրէն շփուած, ու մարդերը քանի մը խորքերու վրայ մօտէն ճանչցած՝ անիկա գոց գիտէր Սահակին բնութքն ու խառնուածքը։ Լուռ, ինքն իր մէջ քաշուած, շաքարի պէս սրտառուչ հայեացքով այդ երիտասարդը կու գար անոնց գիծէն, որոնք գեղերուն մէջ կու տան սիրոյ մեծ հերոսները։ Հազուադէպ բայց իրական են այդ տղաքը։ Կը սիրեն ու կը մեռնին, առանց ցոյցի եւ առանց հասկցուելու։ Բայց անոնք աղջիկներու ափին մէջ ձիւթի պէս կակուղ կը դառնան։ Ու կը պատահի, որ սպաննեն իրենց սիրածը ու նոյն դանակով մորթեն զիրենք։

 

Ու աշխատեցաւ Հայրապենց Խաթունը։ Անիկա շահագործեց իր թոռան հմայքը, բազմակողմանի ճարտարութեամբ մը։ Ան կը մեկնէր կիներուն շատ յստակ հոգեկան թափանցումէ մը։ Անոնք կը ճանչնան այրը, մինակ, էգին դէմ՝ առանձին ձգուած արուն, որ ամէնէն առաջ կը տեսնէ ու կը զատէ իր ուզածը։ Բարքերը աւելի ուշ շինուած են: Բայց անիկա յիմար չեղաւ շատերու նման, փեսացուն տուն տանելու եւ հաւ մորթելու, ինչպէս փսփսային պիտի աւելի ետքը չար բերաններ -- [22] գործելու կերպ մը, որուն արդիւնքը թէեւ վճռական, բայց պատճառած ամօթը դառն էր մանաւանդ անուանի գերդաստաններուն։ Անիկա ազդեց տղուն վրայ կրկնակ ճամբաներով -- գեղեցկութեամբ ու պարկեշտութեամբ: Անիկա խաղցուց, անոր աչքերուն դէմ, ահաւոր գեղեցկութիւնը Նազիկին՝ սեւաւոր ու խնամուած, ճաշակով հագցուած ու մատներու հպումներով վարդացած անոր մարմի՜նը, գերեզմանի մը կուշտէն, այսինքն՝ մարդկային միսին գերագոյն ցուցարանէն։ Վասնզի ուրիշ ոչ մէկ տեղ կինը այնքան իրաւ է, որքան հոդ։ Ու անոր հոգիին մէջ հոսեցուց, դանդաղ բայց անվրէպ ոռոգումով մը, [23] անդիմադրելի կախարդանքը անոր իգութեան [24], ատանկ մեղաւոր [25], ատանկ ճառագայթուն, մեռելներուն ու մեռնելուն փայլակումին մէջէն ատանկ մարդկային՝ «ուտուելիք ու խմուելիք»։ Աղտը, աղբը, մեղքը կարելի է նմանցնել դիրտերուն, որոնք երեւան կ՛ելլեն երբ փոթորիկը, շարժումը կենան։ Լացող ու երգող աղջիկէն մենք միշտ ոսկի ու բիւրեղ միայն տեսնենք պիտի։ Ու պառաւը տղուն ականջներէն վար կործեց Նազիկին ձայնը, զգլխող ու թմրեցնող հեղանուտի մը նման, միշտ գերեզմանի մը շրթունքէն, որ այնքան սրտառուչ կ՚ընծայէ տարփանքին գոլը։ Ու անոր նախասիրած պահը եղաւ իրիկուան մուտքը։ Գերեզման տարաւ թոռնիկը վերջալոյսէն քիչ առաջ, երբ լերան ու Ծմակի բանուորները գեղ կը դառնան, ու գերեզմանին քովէն անցնելու ատեն կը մղուին մահուան արտը ու մէկ–երկու բերան աղօթք կը փսփսան մեռելներուն։

 

Ու կու գար անիկա, Կարմիրենց Սահակը, վատուժ ու բարի, իրիկուան դուռներուն, բահը ուսին։ Ան կը զարնէր երկժանին կնոջը հողքին մօտ, բնական ու վարժ շարժումով, որ նոյն էր միշտ։ Յետոյ կը կոկոզէր։ Իր ձեռքերը՝ ցերեկէն յոգնած, թոյլ ու կանացի, կը շտկէին հողին գուղձերը, կը դանդաղէին նորատունկ վարդենիի մը մերկ զարդարանքին վրայ։ Իրիկունը կը շատնար ու կը խորանար գեղին ոտքերէն։ Այն ատեն կ՛իջնէր ծունկի, աղօթելով, լուռ, մինչեւ որ մութը բոլորովին առնէր ու մարսէր վարի տուները ու վերի քարերը։ Ամրան մուտքերուն, օդին մէջ քաղցր ու անանուն բաներ կը պտտին ու անոնք մեր սիրտերուն կը մօտենան մութին ճամբաներովը։ Թող երիտասարդ տղան դանդաղի Խաթունին մօտ, որ խօսի անոր, անփոյթ ու կարեկցուն, քիչ մը ամէն բանի վրայ, գովէ կէնճուկ մեռած հարսը [26], աչքերէն ու մազերէն, պոյէն ու պոսէն։ Ու այդ բառերուն վրայէն զարգանայ անոր մէջ ինչ որ մազերն ու հասակը, աչքն ու բերանը կը շինեն, ու անոր մէջ կրակուին անթեղուած ու չյայտնուելիք բաները։ Ամէն պառաւ անցած է ատ ճամբաներէն ու կը խօսի երիտասարդին աւելի զօրաւոր, քան թարմատի կինը։ Այս հեռացումով տարփանքի առարկան կը շահի իր խորհուրդին մէջ։ Յետոյ, Խաթունը անոր վիշտը յանձնեց Աստծոյ մխիթարութեան։ Ու անոր բառերը Կարմիրենց հարսին լուսով կը թրթռային։ Թոյլ ու քաղցր հոգիներուն համար քիչ բան այնքան ազդեցիկ է, որքան սա գողտր ու մեծ–մայր կարեկցութիւնը, որ ինքզինքը չի պարտադրեր, բայց կը շաղապատէ ու կը տեղաւորուի մեր ներսը, առանց մեր գիտնալուն։ Ատկէ զատ, այս կարեկցութիւնը կը համակէ մանաւանդ տկարները իր անակնկալովը։ Անփորձ ու լքուած աղջիկը, ծակ–պտուկ կամ ոչ՝ հեշտութեամբ կը դիմաւորէ առաջին պաշտպանութիւնը [27] մօրուօք կիներուն:

 

Ու Սահակը փնտռեց պառաւին գորովանքը, նախ սփոփանքի մը պէս, յետոյ վարժութեամբ: Չէր զգար, որ մինակ չէր անիկա։ Կը տեսնէր անոր բառերուն ցանցէն, իր կնոջը գովեստին ընդմէջէն Հայրապենց Նազիկին պատկերը։ Ճիշդ է, որ անոր արկածը լուսեղէն մշուշի մը պէս կը թրթռար անոր տարօրինակ գեղեցկութեան շուրջը ու կը հիւսուէր անոր խենթացնող աչքերուն ու յօնքերուն հեքիաթին։ Բայց մարդոց սիրտերը զարտուղի ճամբաներ ունին։ Բայց մարդոց սիրտերը աւելի խեղճ են, քան բոլոր անպաշտպան կարծուած արարածներունը։ Ու թող ո՛չ մէկը պարծենայ իր գիտութեամբը։

 

Ու պառաւը հոն տարաւ իր թոռնիկը։ Ան չփախցուց ոչ մէկ էտինք։ Աշխատանքը լերան կողմէն կրնար փոխադրուիլ դաշտ։ Ու Սահակին համար ամօթ պիտի ըլլար գեղը ճեղքել, վարէն գերեզման ելլելու համար։ Ու երկուքը մէկ կու լային Հաճի Ստեփանին վրայ: Երբ լացը մեղմանար, Նազիկը կ՛արձակէր իր ձայնին կախարդութիւնը։ Քիչ բան կար այնքան խռովիչ, որքան ձայնը, որ չ՛երեւնար բայց կ՛այրէ։ Ու կը մեծնայ, երբ կնոջ մը ներսի տիեզերքը կը ջանայ դուրս բերել։ Երբ՝ բլուրները կը սեւնան իրենց ոտքերէն ու երկինքը կը սկսի շինուիլ, պարապին ծոցէն, մեծ պարապի մը պէս, մունջ ու ապառաժ։ Երբ՝ ա՛լ չեղող ճամբաներէն, որոնք միջոցին վրայ կ՚ընդարձակին, տուն դարձող բոժոժներն ալ կու լան, երերուն սրտին մեծ արձագանգը իբրեւ՝ նետուած դէպի տարածութեան կղպուած շրթները: Ու Նազիկին երգը կ՚աւելնար այդ ամէնէն։ Ու տարօրինակը հոն է, որ երբ սուրը, շարժումը, վազքը, կրակը արու են ու իբր այդ կը տպաւորեն մեզ, անուշ ձայն մը էգ է մշտապէս։ Ու Նազիկին ձայնը անոր միսերուն անտես ալիքը կը փոխադրէր հողքէ հողք ու սիրտէ սիրտ, վասնզի աւելի ետքը գեղին ուրիշ տղաքը պիտի պահուըտէին գերեզմանի պարիսպէն դուրս ու մնային անոր ձայնին տակ՝ վհուկէ մը կապուած սիրահարներու նման:

 

Ու անոնցմէ առաջ, այդ ձայնին ոլորքներուն դէմ, առնուած ու խեղճ, կը կենար Կարմիրենց Սահակը պարիսպէն դուրս, ներս կոխել վարանելով, ու գրեթէ վախնալով։ Բայց չէր գիտեր, թէ ինչու: Սուզուելով քիչ-քիչ ինքն իր մէջ, ան կը հետեւէր լարերու փոքր թրթիռներուն, որոնք իր մարմինին կարգ մը մասերը կը խռովէին ու միւս մասերը կը թաղէին [28] ։ Կը սկսէր անոր յուզումը սրտէն, տիեզերքին մէջ նետուած խեղճ կտոր մը մի՜սը, որ կը զարնէր ինքն իր գլխուն ու կը զարնէր։ Ու մէկէն կը նկարուէր [29] միւս, ա՛լ անկարելի պատկերը, երբ անոր զարկերուն դէմ ուրի՜շ մը, պատասխանի մը պէս, կը կոտտար ու կը խորանար: Ու այս վերյիշումը կ՚ըլլար իրական ու անողոք ցաւ մը՝ երիտասարդ իր մարմինին, հզօր ու մենաւոր ցաւը [30] ՝ մենաւոր անկողինին։ Ու ասոր հետ կը յառնէր պատկերը կնոջը այնքան խօսուն ու անյագ մարմինին։ Կ՛ամչնար այս թանձրացումէն ու կ՛աշխատէր աւրել [31] ոստայնը երազին:

 

Բայց երազը կը դիմանար ու զինքը կը նետէր տուն, իր սենեակը, որ մտքի երեւոյթներուն ներուած արագութեամբ մը ակնթարթի մէջ անոր կը ներկայացնէր իր երկու տարուան անկողինի կեանքը, առագաստի գիշերը ու ուրիշներ, լուսնով աղօտ ու գարունով զգլխուած, [32] ու հոգեւարքի [33] իրկունը։ Բայց այդ ամէնուն կեդրոնը կը կազմէր միշտ անկողինը: Անոր կապուած դրուագները կը թաղուէին [34] մռայլ տեսիլքին խորէն, ան՝ որ կեանքը եղած էր, հիմա դիզուած ետին, դադրած իր իմաստէն ու արիւնէն, ինկած տերեւներու խարխուլ կոյտի մը նման։ Ու այս քայքայումին մէջէն կը զատուէին բացառիկ պատկերներ, իբրեւ թէ ժամու մը պատէն հրաշքով արձակուող նկարներ, ու դողալ կը սկսէին իր աչքերուն տակ, կտոր–կտոր, զատ–զատ, ամէն մէկը ըլլալով տարփանքի հսկայ ու հզօր գիշերներ [35], եղանակով մը, մասնաւոր դրուագով մը պիտակաւոր։ Այն ատեն կը վախնար ամօթէն ու իր շուրջը կը նայէր, մարդ փնտռելու սրտաբեկ տրամադրութեան մը մէջ։

 

Ու լուռ էր շրջապատը իրմէ վար, ամէն բան մտած՝ [36] մեծ չըլլալու մը, սեւնալու մը անողոք ցանցին մէջ. իրմէ վեր անքոյթ [37] բլուրը, մութէն առնելով իր անհասանելի աղէտը [38] ։ Այն ատեն անոր կողիկին սղմուած գերեզմաննոցը կը մեծնար ու կը զարգանար իր մասերուն վրայ։ Ու կեա՜նքը մեռելներուն։ Ան՝ որ անոնցը ըլլայ պիտի, ինչպէս հաւտացուցեր էին գեղին տէրտէրները ու հոգեւարքները։ -

 

Բայց ահա աղջկանը ձա՛յնը, որ կը փրթէր կիսաստուերին ըսես սրտէն: Բերանի՜ մը պէս, որ համբոյր բաշխէր։ Որ կը դպէր անոր ու կը թօթուէր ջիղերը։ Մազերը կը փշանային։ Տաք հոսումներ անձրեւի կաթիլներու նման կը ծեծէին անոր հոգիին բոլոր երեսները։ Ու ձայնը կ՚ըլլար վաւերական շրթունք մը, որ քալէր ու պչրէր, մօտենար ու չտար։ Յետոյ այս զգայութիւնները կը պղտորէին [39] ։ Երկու շրթունքները   -- ձայնին ու իր կնկանը շրթունքները--  կը նոյնա[նա]յին, կ՛իրանային։ Ու անոր ամբողջ նողկանքին դէմ, կ՛արթննար մարմինը։

 

Ցաւալին հո'ն է, որ տարփանքը երբեք յիշատակ չի կրնար ըլլալ։ Անիկա զգայութիւն մըն է միշտ ու ատով՝ ներկայ, պահանջկոտ, բռնաւոր։ Գուցէ այս գիծն է, որ անոր դէմ ոգորում մը այնքան դժուար ու ճակատագրական կ՚ընէ յաճախ: Ու ամչնալով, չուզելով, բայց դիմադրելու անկարող, դժնդակ պայքարումէ մը ետքը, ան կը կոկոզէր պարիսպի պատին, կռնակը կու տար հաստ քարերուն ու կը բանար մարմինին բոլոր դռները մութէն ծորող սա խարտեաշ իգութեան։ Ու Նազիկին ձայնը՝ առաջ մեղմ, յետոյ հրամայող՝ ճիշդ պչրուն շրթունքի մը պէս, որ մեղմով կը քակէր կղպուած դուռները, կ՛իջնէր վար, դէպի սիրտը։ Ու անոր ձայնը նման էր հասակաւոր աղջկան մը, որ կը քալէր հոգիին բոլոր շաւիղներէն նոյն ատեն, խոնաւ ու շաչող իր շրշիւնովը, դառնալով եղկ, շօշափելի թանձրութիւն, միս, ու ողորկ ու ջերմ՝ գգուանք, Հծծագին ու սպառող փաթթըւուք, այնքան պարզ, այնքան իրական, որ նուաղում կու գար սիրտին ու ձեռքերուն մէջ կը թուլնային իր երազին միսերը։ Ու, կը մտնէր այն վիճակներուն մէջ, որոնց փորձը մարդերուն մահը կամ խենթանալը արժեց երբեմն։ Ու հեշտանքը կը պարուրէր զինքը, ամբողջական ու հզօր, իր դժբախտ մարմինէն ոչ իսկ մասնիկ մը խնայելով։ Ու ցա՜ւ, անդարմանելի ցա՜ւ էր անիկա անոր քայքայուած մարմինին համար, որ կը քրտնէր, հակառակ իրիկուան զովին:

 

Զինքը իր երազանքէն ու պշուցումէն ետ կ՚առնէին մօտի ճամբէն ուրուացող ձայները գրաստներուն։ Ու կը զարմանար ինքզինքը պարիսպէն դուրս գտնելուն։ Կ՛ելլէր ոտքի, ծունկերուն կապը բզկտուած ու դանդաչելով [40] ։ Կը մտնէր ներս։ Կը վախնար ուղղակի շատ Հայրապենց կողմը քալելու։ Հողքերը, մաս մը աւրուած ստուերէն, կորսնցուցած իրենց իրական դէմքերը, կը տպաւորէին զայն մեծ խաղաղութեամբը իրենց անկապտելի հանգիստին։ Հոն էին՝ հողով կափուցուած շրթունքները բոլոր երիտասարդներուն, որոնք իրարու միսին վրայ այնքան անկարելի յուզումներ հալածեցին ու աղին դառնութիւնը միայն հաստատել կրցան։ Ու հոն էին մեր բոլոր անյագութիւնները, իրարու դէմ մեզ լարող, իրարու վրայ հանող մեր մեծ

ու պզտիկ կիրքերը, որոնք հողէն դուրս ելլելու համար պարտաւոր եղան թե՜լ մը խոտ կամ կոկոն մը վա՛րդ դառնալու։ Ու սփոփանքով՝ կը մտածէր չըլլալուն։ Յետոյ, իր քայլերը արդէն տարած կ՛ըլլային զինքը։ Չէր տեսներ Նազիկը։ Մութը ճերմակ ու աղօտ շղարշի մը պէս աղջկան դէմքին խռովքը կը մեղմէր, ու կը խնայէր երիտասարդին այդքան մօտիկէն՝ այրուցքը, կրակի պէս հեղումը անոր նայուածքին։ Բայց կը խօսէր Խաթունին հետ, կոտրած, քակուած, դողը դեռ չթողած իր ձայնէն նեղուելով։ Ու թրթռալով աղջկան գլուխէն, որ կը կենար սեւ մարմինին վրայ, ատանկ անիմաստ, բայց այդքան իրա՛ւ, անիկա կը սպասէր, որ բացուէին անոր շրթները ու թափէր վրան անոր ձայնը. ոսկեջուր ու անտես պատմուճանի մը պէս անիկա կը հագնէր աղջկան բառերը, որոնք շատ շուտ [41] կը զգեստաւորէին իր հոգին։ Ինչո՞ւ տրուած չէ մարդերուն ըլլալ դուրսէն այն՝ որ իրենց ներսն է երբեմն։ Ինչո՞ւ չըսել սա աղջկան ինչ որ տուն կու տայ սիրտը։ Ու կը քաշուէր անոնց քովէն իր գերեզմանները։

 

Երկու շաբաթ ետք, այս այցելութիւնը իր կնոջը հողքին՝ անոր համար կը դառնար անվրէպ պաշտամունք: Չէր խորհեր սուտին, պատրուակին, ուրիշներու կարծիքին ու գեղին մեծ հսկողութեան։ Գայթակղութիւնը կը վախնայ փոթորիկէն ու անոր անցքէն ետք անիմաստ փոշին է յաճախ։ Զգացողները զայն տեսան, երբ ա՛լ դադրած էին զգալէ։ Ան իր օրը երկար կը գտնէր վերը, իր արտին մէջ։ Ու կ՚երազէր գերեզմանը։ Ու կը վազէր հոն, դեռ արեւը լաւ մը չհանգչած։ Որոշ էր իր տեղը: Տրեխները շտկրտելու պատրուակին տակ՝ պիտի կծկտէր պարիսպին կոյտին։ Պիտի ծեծուէր ձայնէն ու անցնէր անհուն բզկտումէն: Մինչեւ որ ա՛լ իր մարմինը կարող չըլլար դիմանալու: Ու դանդաչելէն կը մտնէր ներս: Ամէն օր կրկնուող զգայութիւններ պատրաստած էին անոր հոգեկան յատակ մը, որուն այնքան պէտք ունին սա առնուած տղաքը։ Այսպէ՜ս, գիտէր, թէ «գովք»ին ո'ր տունին հետ անիկա պիտի ըլլար Հաճիին գլխուն: Գիտէր մինչեւ այդ հասնիլը քանի՛ անգամ անիկա պիտի զարհուրէր իր կնոջը անհամբեր ստուերէն, որ նախանձէն կապուտցած ոսկորներովը կը դիմաւորէր զինքը ու կը քաշէր վեր, արագ, «պոռնիկին» հասողութենէն անդին։ Ինչպէս, միշտ ինք, առաջին սարսուռէն ետքը, պիտի վռնտէր անոր յիշատակը, անշուշտ ցաւած, անշուշտ քիչ մը կնիկ բառերով ու պիտի զօրանար Նազիկին նպաստովը, որ ձայնի ճամբով կու գար իրեն։ Ու այս ոգորումը երկու կնիկներուն մէջտեղը՝ անոր հոգին կը պատռտէր։

 

Ու կը կենար անիկա լացողներուն մօտ, վախնալով խօսելէ, չընդմիջելու համար անոր մարմինին սա թեւաւոր ու տաք ճառագայթումը, ձայնին ծորումը իրմէ ներս։ Հողքերը կը դադրէին իրենց դէմքերէն ու քիչ մըն ալ հասակներէն։ Մեռելները կը մեռնէին։ Ու անիկա անդիմադրելի մղումի մը տակ, աչքովը կ՛ուտէր սա չերեւցող բերանը, որ կ՛ըլլար ամէն մէկ բառի հետ, վրայ, այնքան զգլխանք ու անուշութիւն։ Ու անոր ձեռքերը, առանց բացուելու իր գօտիին խելօք փաթէն, կը գրկէին անոր սեւաւոր իրանը։ Կամաց, դողալէն, միսի ամէն շերտի վրայ փակուելով ու ճմլելով։ Ու անիկա կը մերկացնէր լացող աղջիկը ու կ՚իյնար անոր ծոցը, միշտ ձայնին թրթռուն անէութեանը խորէն. ու կը հեծկլտար, երակները ծամելով, ծամելով նոյն ատեն Կարմիրենց հարսին ազազուն ոսկորները: Ո՜վ դժբախտութիւնը մարդերու սիրտին։ Ու զարհուրած իր սրբապղծութենէն, անիկա գրեթէ կը վազէր վեր, դէպի հողքը իր կնիկին։ Ու հոն կու լար։ Լայն, դառն, յուսահատ լա՜ցը, որուն առարկան դուրսին համար թերեւս ծանօթ՝ շփոթ էր իրեն համար։ Ու երկու շաբաթ ետքը անիկա կու լար իր սիրտը, մոռցած մեռելը։ Յետոյ ձայները կը դադրէին։ Երեք-չորս չղջիկ վարերէն կը սկսէին իրենց շրջանումները, սեւ ու սանդխաւոր միսի անիւներու նման, փորելով մութին ընդերքը։ Արեւմուտքէն երկինքը կը յոգնէր բոլորովին ու կը մարէր: Մահուան տունին մէջէն պզտիկ հով մը խոտերուն ու ծաղիկներուն աչքերովը կը դողար։ Սահակը հազիւ ուժ ունէր բակը ուսը նետելու։ Ու կը դառնար ետ։ Նազիկին ու անոր մեծ մօրը սեւ ձեւերը, փոշոտ ճամբուն վրայ, որ գերեզմանը կը ճեղքէ վերէն վար, հատնելու համար մեծ դուռին, գոյգ ու մութէն եղծուած, կ՚անցնէին հազար կերպարանքէ։ Ան կ՚աշխատէր իր ոտքերը դնել անոնց ոտնափոսերուն վրայ։ Այնքան յիմար ենք երբեմն։

 

Նազիկը ոչինչ գիտէր այս ամէնէն։ Ու չէր գիտեր անիկա խաղը, որուն առարկան էր հիմա։ Իրեն համար քաղցր էր ամէն իրկուն, սա մութին դիզուած պահերուն, ըլլալ դուրս իր տունէն, որուն մէջէն անորակելի անցեալ մը, ամէն սեւաւորման, կը պրկէր իր սիրտը։ Գեղին մէջ նոր էին կարգ մը հիւանդութիւններ։ Նոր հարսնե՛ր, որոնք աքաղաղի պէս կը պոռային ու երեuնուն նուռ կը կաթէր։ Ուրիշներ, որոնք օրերով կը թմրէին, շարժելու անկարող, բայց այդ քունին մէջէն իրենց մատները լզելու համար, տասներկու ժամ, անընդհատ կու լային։ Ու կային, որոնց որովայնին տակէն ցաւի ճամբաներ կ՛ուռէին։ Ու այս ախտերը անուն չունէին։ Ու անոնք գեղին ամէնէն հարուստ, ամէնէն գեղանի կիները կը գտնէին։ Ու պառաւը կը դողար իր թոռանը խարխուլ արգանդին համար։

 

Նազիկը լացին վրայով, ամէն իրկուն կը պարզէր իր հոգիին ժանգը։ Անոր մինակ անկողինը չէր այցելուեր յղութեան շրջանի մղձաւանջէն։ Ու անոր լացը իր հօրը հողքին վրայ չէր ազդուեր նիհար ու քիչ սա տղուն ներկայութենէն։ Կարմիրենց Սահա՛կը, Օվակենց Թումասի՜կը, ու այդ հանգիտութեամբ մարմիննին քիչ տղաքը ան ճանչցեր էր դառնագոյն ու շատ ստոյգ փորձառութեամբ մը։ Բայց անոր քիչ մը կորացած հասակին հետ, անպայման, իր մէջ կը ստեղծուէր մեռնող հարսը, որուն հետ ունեցեր էր քանի մը գաղտնի փսփսուք, որոնք երբեք պիտի չրսուին աշխարհին: Ու կը յիշէր այդ բռնկած աչքերով հարսը, որ մէկ տարուան մէջ մոխիր պիտի դառնար, ներսէն այրելով։ Բայց երբ գերեզմանը թողուր ու առանձնանար իր անկողինը, ան կը վռնտէր Կարմիրենց հարսը ու տագնապով, գրեթէ հիւանդ, ջլախտաւոր հեծկլտուքով մը վերմակը կը քաշէր գլխուն ու կը կծկտէր։ Ու ահա կու գա'ր, կու գար միւսը, չարագուշակ երիտասարդը, իր ճերմակ շապիկովն ու ճերմակ վարտիքովը, առագաստի ցուրտ սենեակին մէջ, կը դպէր իր միսին, որուն պրկուած կծիկը կը թուլնար ու կը պարզուէր։ Կը բռնանար մտապատկերին վրայ, կը սառեցնէր զայն, կէս մը հակելով անոր ընդարձակ կուրծքը իր կրակուած ու փոքր լանջքին վրայ եւ որուն շրթունքները իրենց առաջին հպումին մէջ եղած էին սուր ու կսկծեցնող, կայծքարի [42] մը նման։

 

Անհասկնալի այդ ուրուակա՞նը, որ անցեր էր իր մէջէն, իր վրայէն ու ափ մը մետաքսի պէս առեր էր զինքը իր գոգին վրայ ու փռած զինքը հոն, կամաց, յետոյ պիրկ, յետոյ ցաւցնելով, գրեթէ կոտրտելով իր մէջքին սիւնը։ Շունչր նեղ կու գար իրեն, վերմակին ներքեւ։ Կը բանար գլուխը։ Մութ, բացարձակ մութ էր, [43] անհուն խորութեան մը հասած ու ոչ մէկ սահմանով մարդկային։ Ու աշխարհը, մարդերուն կեանքը ան կը վերածէր սա կոյտ մը սեւին, անհունութենէն փրցուած անկողինի մը ծաւալին։ Ու դագաղ։ Ու դժոխք։ Ու սո՛ւր, գրեթէ անգիտակից հարուածը միւս զգացումին։ Ան կը խորհէր պատիժին։ Ու կը խորհէր ատոր՝ ջաղացքին ճամբո՛վը։ Ու կը փակուէր կրկին իր հոգիին մասերուն, կը լուծուէր իր ցաւերէն, ատելութիւններէն, բայց կը շինուէր կրկին ու կ՚ըլլար Հայրապենց Նազի՛կը, աղջիկը իր մօրը, որ ապրեր էր իր սրտին համար ու մեռեր:

 

Ու այս ամէնը, նոյնութեամբ, գրեթէ ամէն գիշեր։ Ան չէր կրնար ազատել ինքզինքը այս պատկերէն, որ մղձաւանջը չէր, քանի որ անոր կեդրոնական սիւնը մատով չէր բռնուած։ Ու անիկա ա՛լ [44] իր ներսը քանդակուած, ջնջուիլը անկարելի իրականութիւն մըն էր ու իր օրերը լեցնող ամէնէն նեղիչ անհամբերութիւնը։ Ամբողջ ամիսներ կը բաժնէին զինքը Ս. Սարգիսի շաբաթէն։ Բայց պատկերը փոխանակ աղօտելու, զարգացեր էր իր մէջ ու վերածուած հոգեկան անփոխարինելի գոյացութեան մը։ Աւելի՛ն. ան կը վերաշինէր համը, հոտը, կերպը արուին, որ կը բանայ ու կը ծռէ [45] ։ Անոր գիրկին, բազուկներուն բոլոր ապահովութիւնը դեռ կը տիրէր իր մէջը, հիմա որ գեղին քաջերը իրարու ետեւէ գետին կ՚իյնային։ Ու վախ չունէր անոր կեանքին վրայ։ Ու անոր հետն էր ան, օրուան բոլոր առանձին պահերուն, երբեմն լացին ու գործին իսկ մէջը։ Ու կը սիրէր զայն, բառին հագցնելով մեր գիտցածէն տարբեր տարողութիւն։ Անիկա երբեմն կը դանկըտէր անոր ստուերը, անհուն ատելութեան մը լորձունքովը։ Բայց կատուի մը պէս կը պլորուէր անոր թեւերուն մէջ։

 

[46] Սահա՞կը։ Բոլորովին նոր ու գրեթէ սուտ անունի մը պէս հնչեց բառը իր ականջին, երբ մեծ մայրը, ամէն բան կարգադրելէն ետք, իրեն յայտնեց շատ մօտիկ պսակը։ Զարմացաւ միայն։ Ու շինեց անոր դէմքը, որուն ուղղակի չէր նայած, իր լացին մէջէն։ Սահա՞կը։ Ու դողդղացին իր միսերը։ Յետոյ անոր շինած այդ պատկերին քովիկը, կարծես թէ տախտակամածին ճեղքերէն բուսաւ միւսը, Թումասի՛կը։ Ո՛րքան նման էին իրարու։ Ու երկուքին վրայ, իր մտքին մէջ, արձանացաւ երրորդին պարթեւ մարմինը:

 

Չընդդիմացաւ սակայն։ Ինչպէս չէր ըրած ատիկա, աշնան առաւօտէն ասդին, իր վրայէն անցնող բոլոր փոթորիկներուն։ Նորէն ուշադրութեանը չինկաւ այս կրաւորութիւնը, որ անբացատրելի էր ամբողջ կիրք ու կատաղութիւն եղող այս աղջկանը վրայ։ Պիտի անդրադառնար ատոր, աւելի ուշ, կանոնաւոր կին ըլլալէն ետքը։ Երբ առանց ճնշումի անիկա «ճանչցաւ աշխարհը», այն ատեն միայն գտաւ իր գերդաստանին վայրագ ու աննուաճ բնազդները։ Սեռային կեանքի մուտքին աղջիկները կը դադրին յաճախ ուրիշ բան ըլլալէ։ Ինչ որ դուրս է այդ արահետէն՝ գոյութիւն չունի անոնց համար: Ու խելօք են անոնք դուրսին համար, անլեզու գառնուկի մը նման։ Մեծ պոռնիկները ամէնէն գողտր ու հնազանդ էակները ըլլալով սկսած են իրենց հերոսական գայթակղութիւնները։ Ու խելօք էր ան՝ իր էրիկը խաբած կնկան մը նման ու անդիմամարտ։

 

*      *      *

Մեծ ռազմավարութեամբ առաջ տարուած այս գործողութիւնը ունէր սակայն իր վտանգաւոր ու անխուսափելի հակառակորդը -- [47]  Զաքարենց Զաքարը:

 

Զաքարը Զատիկէն ասդին «ասպատակ» մըն էր, կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս դատապարտուած, ոստիկաններու վրայ զէնք քաշելու ոճիրով։ Այդ օրերուն, երբ յեղափոխութիւնը դեռ անուն ու «ֆիրմա» չունէր, ասպատակը ընթացիկ ու գռեհիկ ոճրագործ մըն էր յաճախ, վատ ու «առանց արարքի», որ օղիի սեղանին առջեւ, սրճարանին անկիւնը, գրեթէ երգելով ու անգիտակ, կը սպաննէ աղբօր պէս սիրած իր բաժակի ընկերը։ Անիկա պարտաւոր է խուսափիլ ամէնէն առաջ սպաննուածին պարագաներէն, որոնք յարմար առիթի մը, գաղտնի կամ հրապարակաւ դանկըտեն պիտի զինքը անպատճառ։ Անիկա պարտաւոր է խուսափիլ կառավարութենէն, որ այդ ոճիրները կը գնահատէ շատ դաշն ոգիով, կը շահագործէ արդար տնտեսումով մը իբր ապրուստի աղբիւր իր պաշտօնեաներուն։ Ոճրագործին ուրիշ բան չի մնար, եթէ ոչ «լեռը ելլել»։ Այն օրէն, անիկա անձնաւորութիւն մըն է, յանկարծապէս կանչուած պատկառանքի ու խորհուրդի։ Իր կինը, եթէ ամուսնացած է ան, թաղին մէջ կը ստանայ մասնակի [48] արժէք ու նախանձուած կարեւորութիւն։ Իր տղաքը, եթէ ունի, զօրացած այդ աներեւոյթ պաշտպանութեամբ, շատ դեռահասակ, դանակ կը կոխեն իրենց մէկէն ի մէկ աճած գօտիէն ներս։ Ու անոնց ձայնը կ՚ըլլայ խիստ ու բարձր մեծին դիմաց ու հրամայող՝ իր[ենց] [49] տարեկիցներուն վրայ։ -

 

Բայց ասպատակը զարհուրելի էակ մըն է, երբ Զաքարենց Զաքարին նման շքեղ անցեալ մը ու հարիւրաւոր դրուագներ ունի իր անունին շուրջը։ Այն ատեն անիկա կատարեալ իշխան մըն է, որ կը հրամայէ իր թաքստոցին մէջէն։ Ու անոր պատգամները չեն երկրորդուիր։ Ան կը գտնէ առատութեամբ դրամ, հագուստ, զէնք, ուտելիք, որոնք կը հայթայթէ գեղացին խորունկ հաճոյքով։ Երբեք անիկա վախ չունի մատնութենէն, վասնզի անողոք է լեռը ելլող մարդը։ Պզտիկ կասկած մը պիտի բաւէր, որպէսզի ամբողջ ընտանիք մը մորթուէր, բնաջինջ ըլլար, առանց ոչ մէկէն մեղքցուելու ու ամէնէն շատը՝ ասպատակէն:

 

Ասպատակը գեղին պաշտպանն է նոյն ատեն։ Անոր անունը լեռներուն վրայ մշտագոյ հսկողութիւն մըն է։ Ան կ՚երեւայ զարմանալի արագութեամբ ընդարձակ ու ժամերով իրարմէ տարակայ անտառներուն մէջ, գրեթէ նոյն ժամուն ու կը թուլցնէ օտար աւազակներուն վայրագութիւնները։ Թուրքերը պարտաւոր են բանակցիլ անոր հետ, ի հեճուկս կառավարութեան ու վճարել անոր ուզածները։ Ան գեղէն դուրս իր ազդեցութեան ենթակայ ընդարձակ սահմաններ ունի։ Ու թուրք պոռնիկները հոգի կու տան այդ լեռնականներուն ու ամէն վտանգ արհամարհելով կը գտնեն զանոնք գեղերէն շատ հեռու, վայրի աղբիւրներու, կամ անայց թաւուտներուն ծոցը։ Չէ լսուած, որ անոնք մատնեն երիտասարդը։ Ու պատահած է, որ օրերով պահեն զանիկա իրենց տուներուն մէջ, երբ հետապնդող ոստիկանները հոտ առնեն։

 

Ասպատակը կը զգուշանայ հայ գեղերուն մէջ երեւնալէ։ Ցերեկները գրեթէ չեն տեսներ զինքը։ Գիշերները գեղեզերքի տուները կը մտնէ երբեմն, լաթերը կը փոխէ ու կրկին կը սուզուի անտառը։ Գողութիւնը արհամարհելի զբաղում պիտի նկատուէր իր կողմէ, եթէ թուրքերու եւ չէրքէզներու փոքր արարքները փոխարինելու եւ անոնց բարբարոսութիւնները սանձելու համար չստիպուէր երբեմն ամէնէն բանուկ, ոստիկաններու երթեւեկովը պաշտպանուած խճուղիները կտրելու: Որքան ատեն որ ճակատ ճակատի չէ չափուած կառավարութեան հետ, անիկա շատ չի նեղուիր զօրքերէն։ Բայց անգամ մը որ կրակէ անոր ուժերուն վրայ, անիկա կը հրաւիրէ վայրագ հալածանք մը, որուն սահմանները սակայն չեն անցնիր բնակուած վայրերէն ու բանուկ խճուղիներէն։ Ոստիկանները շատ զգուշութեամբ կը թափառին անոր հետքերուն վրայ։ Չեն յառաջանար անոր ետեւէն, երբ կը կորսնցնեն մինարէներուն կամ զանգակատուններուն ծայրերը, վասնզի շատ դառն ու նուաստացուցիչ փորձերով համոզուած են անոր կարողութեանը վրայ ու գիտեն, թէ քարէ քար նետող [50] ու երբեք սուտ չըսող անոնց հրազէնները իրենց ձեռքին վրայէն սանձը կը կտրեն իրենց գնդակներով։

 

Ու ասպատակ, մահուան որոշ վճիռով դատապարտուած ասպատակ է Զաքարենց Զաքարը։ Կառավարութիւնը գին է որոշած անոր գլուխին։ Ու այդ իսկ պատճառով երիտասարդը չի մօտենար իր բախտակիցներուն: Անոնցմէ կասկածելու տկարութեան վրայ կ՚աւելնայ սակայն ուրիշ շատ զօրաւոր ու քիչերէ միայն գուշակուած ազդակ մը։ Անիկա հազիւ երկու–երեք շաբաթ պահուեցաւ մեծ լերան ներսը։ Յետո՞յ։ Անիկա սկսաւ նեղուիլ մինչեւ այդ տարիքը իրեն համար անծանօթ զգացումէ մը։ Անիկա կ՛երթար թիւրքմէններուն վրանները, կ՛ուտէր անոնց սեղանէն ու կը խմէր անոնց լեռնագեղ աղջիկներուն ձեռքէն։ Բայց երբ կը սուզուէր անթափանց թաւուտները լերան բարձրագոյն սարերուն, այն ատեն ծունկերը քիչ մը կը բռնուէին։ Ատիկա յոգնութիւնը չէր, ոչ ալ ձանձրոյթը մենութեան։ Անոր շունչը քիչ մը աւելի տաք դուրս կու գար բերանէն, ու պզտիկ կայծեր կը յառնէին աչքերուն գունդէն։ Յետոյ, կը կենար մտիկ ընելու ձեւով։ Ի՞նչ կար իր մէջը։ Այս հարցումին հետ փայլակի մը վրայէն կը ցաթէր իր մէջ քիչ մը առաջուան երիտասարդ աղջիկը։ Բայց կը սրբուէր։ Ու զզուանքով, ամօթով կը հաստատէր անոր ետեւէն միւսին, վարի գեղի միւս աղջկան պատկե՛րը։ Յետոյ, երեւոյթը դարձաւ պահանջկոտ։ Կու գար անակնկալ պահերու, բռնաւոր ու չար: Կը կենար աչքերուն դէմ, անկողինին պառկուածքովը, ճերմակ լաթերէն աւելի ճերմակ իր մարմինը փռած անոր ռունգերուն ու բազուկներուն: Ծակ–պտուկը։ Ի՜նչ [51] խեղճ է մարդոց խելքը։ Ո՜վ դրաւ այդ պիտակները։ Անտառներուն մէջ, ինչպէս գերեզմանի մը քովը աղջիկ մը ուրիշ, ուրի՛շ բան է միշտ։

 

Ան ձգեց իր ապահով թաքստոցը, ուր անմատչելի էր բանակ մը զինուորի։ Ու աւելի մօտ ըլլալու համար գեղին --ի՞նչ կը յուսար անկէ, որոշ չէր իրեն համար-- անիկա ծակ մը յարդարեց իրեն, գեղը շրջապատող գաճաճ անտառներու հանգոյցի մը մէջ, որ փորուածքով մը դէպի մեծ լեռը ելք կը ճարէր իրեն։ Հեղեղատը արիւնոտ անուն ունէր ու ոստիկանները երբեք սիրտ չընէին պիտի մտնելու այդ դժուարաթափանց փոսէն ներս։ Այսպէս կարճեցուցած անջրպետը, անիկա հակառակ բոլոր խոհեմութիւններուն, հակառակ Հայրապենց հաստատապէս աղաղակուած վրէժին ու սպառնալիքին, [52] երբեք չմտածելով մահուան, կեանքին, Նազիկէն զատ ուրիշ բանի, գեղ իջաւ ամէն գիշեր։ Ու ամէն գիշեր անիկա թափառեցաւ Հայրապենց տուներուն շուրջը։ Ու ոչ ոք գիտէր [53], թէ այդ ամեհի տղան, փոքրացած, կծկտած, մաուզէր ը սիկառի մը պէս ճկուն ըրած իր մէկ ձեռքին մէջ, միւսովը կը հոտուըտար [54] Հայրապենց դրան շեմն ու աղխե՜րը։

 

Անոր համար անլուր, անէացնող [55] յուզումի իրկուն մը եղաւ, երբ քիչ մը կանուխ ուզելով իջնել գեղ, գերեզմանին դուրսէն լսեց անոր ձայնը։ Գեղին փեսացուները իրենց նշանածէն կը ճանչնան միայն անոր ձայնը։ Տաղաւարի պարերուն անոնց արտօնուած է մտիկ ընել երգը։ Ու կալերէն վեր, թուփերու ետեւէն, անոնք, առանց ծաղրելի ըլլալու կրնան հետեւիլ պարին ու երգին։ Անոնք պիտի զգուշանան տեսանելի ըլլալէ, չխանգարելու համար պարողին սլացքն ու ձայնին զեղումները։ Ու ամէն երիտասարդի պէս Զաքար կը պահէր [56] իր ներսը այդ ձայնէ հիւսուած մարմինը, ատանկ արձակուած միջոցին վրայ, մաքուր ու անհուպ, ինչպէս պարտին ըլլալ մարմինները բոլոր աղջիկներուն։ Ան գամուած մնացեր էր իր սրունքներուն վրայ։

 

Ու ա՛լ [57] ամէն իրկուն, գերեզմանին վերի պատնէշին ետին, հոն՝ ուր ձորակը կը խստանայ ու անմատոյց ժայռերու թնճուկ մը կը դառնայ, թաւուտի մը կուշտը, հրացանը ծունկին, ան կը խմէ անոր ձայնը, ինչպէս մէկը, որ քաղցրութեան լիճի մը մէջ կը սուզուի ու չի կշտանա՜ր։ Բայց գերեզմանը ամէնէն բազմամբոխ տեղերէն մէկն է գեղին։ Ու լուս աչքով տեղաւորուելու համար իր թաւուտին մէջ, անիկա ստիպուած է սողոսկել, ապառաժին աղիքներուն ընդմէջէն, դժնդակ ու արիւնոտող ճամբորդութի՛ւն, զոր ընելու համար ջուրն անգամ կը խենթանայ պոռալէն ու ծեծուելէն։

 

Եթէ գիտնա՜ր Հայրապենց Նազիկը, թէ ինչպէս զինքը հետապնդող ջոկատներուն դէմ կռուելու տեղ, Զաքարենց Զաքարը իր անունին անարժան տկարութեամբ մը, իր համբաւը, գուցէ իր կեանքը կը վտանգէր վար, դէպի գեղին անապահով շրջանակները հակելով, ուր աշխատանքն ու երթեւեկը անայց անկիւն չեն ձգեր գրեթէ։ Եթէ գիտնա՜ր, թէ հզօրագոյն ու սարսափախառն բախումներէ ետքը ինչպէս անիկա շղթաները պատռելով զինուորներուն, միամիտ ու անկարելի խաղարկութեամբ մը գեղին կողմը կը դառնար, կարծես բռնի իր կրունկներէն քաշուելով դէպի հոն ու կը մխրճուէր արիւնոտ ձորին մէջ, հասնելու համար գերեզմանի իր թաքստոցին, ճիշդ տղու պէս ուրախ ու անխելք։

 

Շատ բան մեր մէջ պատահելէ ետքն է, որ մատչելի կ՛ըլլայ մեր դատումին։ Ընդհանրապէս նախընծայ աշխատանքը կը սուզուի մութին մէջ ու չ՛ելլար լոյսին։ Այս վրիպանքը ուզած են հակասութիւն անուանել մտքին մեծ օրէնսգէտները։ Զաքարին համար, այս վերադարձը ունէր աւելի պարզ զսպանակներ։ Նախ՝ հանդիպումը Նազիկի ձայնին, որուն դէմ անպաշտպան էր իր յուզումի կարօտ սիրտը։ Լեռներու տղայ՝ անիկա ծարաւով կը խորհէր տուներուն, անոնց զաղփաղփուն աղջիկներուն, ա՛լ չդարձող բաներուն ետեւէն մեր անմեկնելի ըղձաւորումով։ Ու կը խորհէր անոնց, որոնք հանդարտ սիրտով մը կը բանան իրենց վերմակները ու կ՚երթան անխռով քունին։ Ան կը նեղուէր մանաւանդ գիշերները, երբ իր զգայարանքները իրենց թերթերը ամփոփող ծաղիկներուն պէս կը գոցէին դուրսին, բայց կը բացուէին իր ներսին։ Վտանգը, պաշարուելու սարսափը ու ասպատակի կրունկէն անպակաս բոլոր անհաշուելի փորձանքները սակայն բաղդատելի չէին իր անձուկին, երբ, ընկողմանած իր որջին խորը, աչքերուն առջեւ կը բերէր` իր առագաստին այնքա՛ն կարճ պահը։ Ամօթը կը պարուրէր զինքը։ Ու կ՚ելլէր աւելի վեր, նշանած աղջկան անոր այն տեսիլներուն, որոնք դրուագուած էին իր մէջ։ Բայց, անդիմադրելի մղումով մը այդ պատկերները տեղի կու տային դժնդակ կծկումին, որ կը գալարէր անոր արդէն ձգտուած ջիղերը: Ու կը բուսնէր միւս, աղիտաւոր կրակը, որ կը վառի բայց չի հատնիր։ Անիկա իջաւ թուրք գեղերը, լիճէն անդին ու լերան միւս զառիթափին, ուր կնիկները փնտռած էին զինքը ատենին։ Անիկա պառկեցաւ անոնց հետ, ու գարշանքով փախաւ անոնց հոտաւէտ ու կատղած անկողիններէն։ Երեք օր տեւող այս լոգանքը՝ մեղմելու տեղ գրգռած էր անոր ծարաւը։ Ու վազեց իր թուփին՝ բացակայութեան աճեցուցած [58] կոյր կարօտովը։

 

Ու զգացումը կը զօրանար իր մէջ, անանկ արագ ու բռնաւոր, որ անիկա գրեթէ կը մոռնար ասպատակի իր բացառիկ պայմանները։ Երբ լեռը ամբողջ սուզուէր երկինքին մէջ, մանաւանդ փոթորիկի մը վայնասունին դիմաց, որ ճիւղերուն, տերեւներուն ու տարրերուն համատրոփ սիրտէն կը փրթէր կարծես, անիկա կը բանար բերանը ու թող կու տար մելամաղձոտ բայց զգացումով յորդ գեղջուկ երգերը, ուր տղաքը «ափ մը շաղի» պէս կը նայէին [59] աղջիկներուն աչքերէն։ Եւ ուրիշնե՜ր, որոնց մէջ գեղը կը պատմէր անպատմելին մարդերուն բոլոր կրակներէն։ Ու եղանակէ եղանակ, ու աղջիկէ աղջիկ, անիկա կ՚իյնար չարագուշակ յանկերգին՝

«Սիրեմ, Նազի՛կ, ընքուընիդ,

Օսկի գըրիչէն քաշած... »։

 

Յետոյ, անզգալաբար կը փնտռէր իր ձայնէն՝ միսին ոլորքը, ստեղծելու համար ահարկու պատրանքը անոր ներկայութեան։ Ու կը հեծկլտար լերան հետ, ու կը փակէր, կը կղպէր իր շրթները։ Ու այս լռութեան մէջ կ՚ընկճուէր վայնասունը տարրերուն: Բայց կը յառնէր, անդունդէն բարձրացող ոգիի մը պէս, զգացումը ու կը պարուրէր անոր մարմինը, մազերէն մինչեւ եղունգները, ինչպէս կը սիրեն նկարել երգերը։ Ու կը հաւաքուէր մարմինին զանազան կէտերուն, ծանր ու շօշափելի։ Կար անիկա մատներու ծայրին, ուր կլոր կրակի մը պէս կը թրթռար ու անոր միտքը կը տանէր եղերական գիշերին։ Ու հզօր զգայախաբութեամբ մը անիկա ներկայ կ՛ընէր ծոցին սենեակը ու հոն պարզուած փխրուն պատկերը, երբ նոյն այդ մատներուն ծայրէն անցեր էր Նազիկին աղջիկնութիւնը, անըմբըռնելի, կախարդական հոսումի մը պէս ու այրեր էր զանոնք։ Կար անիկա դարձեալ, նման հոծութեամբ մը, անոր շրթներուն վրայ, որոնք երկիւղալի հրաշքով մը բանտարկուած կը պահէին աղջկան ա[յ]տերուն հպումը, ամբողջ ու խենթացնող։ Որուն նման պատկեր չէր առած անիկա իր ուզած ու խածած կնիկներէն։ Կը բռնէր անիկա իր շրթունքները ու կը կարծէր շօշափել անոնց վրայ դողացող ստուերը միւսին շրթներուն, անանկ շատ, անանկ իրական, որ կը ցնցուէր ու կը կոտտար իր բոլոր կծիկներուն մէջ։

 

Ու զգացումը կ՚աճէր իր մէջ, լեցնելու աստիճան անոր ջիղերուն բոլոր խողովակները։ Նեղ, պզտիկ կու գային իրեն իր անհուն լեռները։ Նեղ, քիչ կու գային իրեն մանաւանդ իր ցերեկները, այնքան երկար ու անպարփակ սակայն, ժամերուն կարծր անշարժութեանը մէջէն, երբ պարտադրուած զգուշաւորութիւն մը զինքը կը նետէր ինքնիրեն, իր մենութեան աւելցնելով իր միւս կէսին բզզիւններն ու բիւրաւոր լեզուները։ Անոր վրայ երեւան եկան այն բացառիկ նոպաները, որոնք կրակէ ջուրի նման կը լեցուին մեր վրայ ու մեզ խենթ, հերոս, ոճրագործ կ՚ընեն։ Քանի՜-քանի՜ գիշերներ անիկա իր թաքստոցին մէջ ինքզինքը բռնուած երազեց։ Ու զղջաց ատիկա չըլլալուն։ Բայց իր տարփանքը կը գալարէր զինքը։ Ու անիկա չնստելու համար՝ կը վազէր, անիմաստ մագլումներ կը փորձէր։ Ու տարօրինակ էր, որ մահը չայցելեց իրեն, հակառակ իր բոլոր հիւսուածքներուն մէջ գործող ասղնտուքին։ Սիրոյ մէջ յուսահատութիւնը ոճիրին կ՚երթայ։ Ու անձին վրայ բարձրացող ձեռքը բարերար մըն է յաճախ։

 

Անիկա հիւանդ ինկաւ երեք օր, առանց տեղէն կարենալ շարժելու, երբ մացառի մը ետեւ պահուըտած տեղէն իմացաւ պսակը։ Երկու գիւղացիներ իրարու կը պատմէին նշանակալից եղելութիւնը ու Զաքարին անունը կու տային՝ սարսափելով պատահելիքին հաշւոյն: Ան կրցաւ վերի լեռը բարձրանալ, առանց տկարութեան, բայց անգամ մը երկարելէն յետոյ զգաց զարմանքով, որ չէր շարժեր։ Իր զգայարանքներուն այս թմբիրը կարելի էր շփոթել «աչօք բացօք» քն[է]ածութեան մը հետ [60] ։ Ո՛չ լուսնալը, ո՛չ մթնելը չփոխեցին այս թալկացումը։

 

Երեք օր ետք փորձեց քալել ու տեսաւ որ կրնար: Իր մատներովը ճշդեց իր անդամներուն տարողութիւնը ու ամրապէս կանգնեցաւ իր կրունկներուն վրայ։ Այն ատեն դարձան իրեն իր վայրագ բնազդները, բայց հեղեղով, բայց ջրվէժով ու իր ուղեղը այդ խուժումին հազիւ կրցաւ դիմակալել։ Խենթ բաներ անցած էին իր մտքին բոլոր ծերպերէն ու իր մարթին ը պարպեց, առանց թիրախի, դէմի ծառերուն, ինք՝ որ պարապ զէնք սղմողը կ՛ատէր։

 

Ու կէս էր գիշերը։ Աւելի քան երբեք սպառազէն՝ անիկա մտաւ գեղ, մոռցած սեւ լաթով մը ծածկելու կուրծքի փամփուշտները, որոնք փոքրագոյն լոյսէ մը անգամ՝ կը փայլէին ու կը բազմանային։ Ան կը քալէր, մութին վարժուած իր անյողդողդ քայլերովը, հանդարտ, իբրեւ թէ լուս ըլլար ու կէսօրուան ճաշին իր տունը երթար։ Գնաց շիտակ Կարմիրենց տունը։ Բայց չզարկաւ փողոցի դուռը։ Ինքն ալ չէր գիտեր ինչուն։

 

Տունը իր ետեւի կողմովը ցանկուած էր ու կը հաղորդուէր թթենիներու խիտ պարտէզի մը։ Թէեւ անոնց ճիւղերը յօտուած էին, բայց տունկերու մերձաւորութիւնը, հասակաձեւ շարուածքը մութին մէջ կը բաւէին պատրանք ստեղծելու։ Անցաւ ցանկապատը, առանց վախի, աճապարանքի։ Հոգը չունէր իր քայլերուն հաստատ աղմուկին: Երբ մեր հոգին ամփոփուած է հզօր բռունցքի մը պէս, մեր անդամները կ՛ազդուին այդ կեդրոնացումէն ու հոգեկան հոսանուտին այս նուազումը [61] շրջապատէն՝ կը տկարացնէ անոր ծանրութիւնը։ Ու թեթեւ էր երկաթէ այդ մարդը, երբ կատուի պէս ցատկեց երկրորդ պատէն, որ տունին սայվան ը կ՛անջատէր պարտէզէն։ Հաւերը իրենց թեւերը զարկին, անհանգիստ ու վտանգահար։ Ներսի բակին ետեւէն այծ մը եղջիւրները քսքսեց փոքր դուռին ու իր ճիտէն փրթաւ երկարուն հեծկլտանք մը։ Բայց տան վերնայարկը լուռ էր՝ կղպուած ու վախկոտ լռութեամբ մը։ Պարտէզին հայող սենեակէն վարագոյրները մեծ, իւղոտած թուղթերու պէս փակած կը թուէին պատին սեւ մարմինին ու չէին դողար։ Աղօտ լոյս մը հազիւ ինքզինքը կ՛ընէր, [62] անհուն, անորոշ ու անիրական։ Ու տղուն այնպէս եկաւ, որ պատուհանները դուռներ էին դրուած պարապին [63] վրայ։ Սպասեց։ Յետոյ, նեղուած աչք մը պտտցուց վերն ու վարը։

 

Ամառ գիշերուան տաք խաղաղութիւնը կը պղպջար, քիչ մը ամէն ակերէ։ Ու կը հոսէր միջոցէն անհասկնալի ու ցնորաբեր հոսումը ժամանակի՜ն, կեանքերուն ու մեր յուզումներուն։ Ու տաքուկ էր նորէն հովը, որ կեռասենիին ճիւղերուն մէջ սեւ խորհուրդ մը կ՛ըլլար ու կը դողար տղուն ճակատին վրայ, անոր մազերուն փունջը շոյելով աղջկան մը մատներով։ Այս գգուանքը զինքը նետեց նորէն վերի սենեակին ու ակռաները ցաւեցան իր կզակներուն խորերը։ Ան մտապատկերեց վերի սենեակին բախտաւոր տղան ու իր ոտքերը այդ ճնշումին տակ մղկտացին։ Յետոյ զգաց, որ ամէն կողմէ ասեղներ կ՚երկարէին դէպի իր միսերը: Ու պէտք զգաց քայլ փոխելու:

 

Պատին տակ սանդուխ մը իր երկար հասակով կը պառկէր։ Ձիթենիներուն բերքը ամէն տունի համար անհրաժեշտ կ՚ընէր այդ գործիքները: Ան առանց աղմուկի հատ մը վերցուց շարքէն։ Նեղ ու երկայն սանդուխը կամաց–կամաց վեր ելաւ ու կեցաւ իր ոտքերուն վրայ։ Ան թռչունի փետուրի մը պէս կը խաղար անոր մատներուն մէջ։ Տեղաւորեց զայն երկու պատուհաններուն ճիշդ մէջտեղը։ Իր ահագին մարմինին տակ փայտերը փոր տուին ու դողացին։ Փոյթը չէր անոր։ Հասաւ պատուհաններու գիծին։ Փակցուց երեսը ապակիին ու սպասեց։ Ներսէն խռլտուք մը միայն, մենաւոր, կցկտուր ու բզկտուած։ Սահակն էր։ Ու չեկաւ անոր Նազիկին շունչը։ Ու չեկաւ անոր Նազիկին ձայնը։

 

Մէկէն հանգչեցաւ։ Սուտը երբեմն կ՛ուզենք։ Ու կը հաւատանք անոր։ Այդ խուժ աղմուկին դէմ, որ տղուն կոկորդը կ՚ընէր այնքան չարչարուած, Զաքարը սփոփանք զգաց ու Նազիկը տեսաւ անոր թեւերէն հեռու, շատ հեռու։ Մտապատկերը իջեցուց իր պրկումը բնական սահմաններու։ Ու անիկա կարծեց փնտռել տեղեր, ազգականներու տուներ, ուր կրնար [ապաստան] [64] գտած ըլլալ Նազիկը: Ու կը հաւատար իր իսկ շինածներուն։ Այս մեղմացումը իրեն դարձուց իր մարմինին ամբողջ ծանրութիւնը, որ մէկէն սպառնագին բան մը եղաւ ու սանդուխը ճռացուց իր ոտքերուն տակ։ Իջաւ անիկա վախկոտ, փոքրացած ու վատ։ Սանդուխը տեղաւորեց ու կեցաւ՝ ընելիք չգտնելով։ Աքաղաղ մը պոռաց հաստ ու զօրաւոր։ Մօտ էր լոյսը։ Ելաւ դուրս սայվան էն ու մտաւ տանը պարտէզին մէջ։ Իր աչքերը արտակարգ յստակութեամբ մը կը զանազանէին ածուները, հասնելու վրայ տանձերը։ Անիկա ցատկեց ցանկապատը ու մտաւ թթաստաններու կանգուն կմախքներուն մէջ։ Երբ իր որջը հասաւ, արդէն լոյսը առեր էր չորս դին։

 

Ու անկէ ետք, ամէն գիշեր անիկա կը մտնէր պարտէզը։ Պատկեր ու զգայութիւններ նոյնը մնացին։ Ոչ մէկ գիշեր վարագոյրներուն դալկութեան վրայ քիչ մը աւելի գոյն եկաւ։ Ու ոչ մէկ գիշեր ստուեր մը ուրուացաւ անոնց երեսին։ Զինքը տեսան դրացիները, բայց չուզեցին ճանչնալ։ Ո՛չ Կարմիրենց Տիկինը, որ կանուխկեկ կը մտնէր անկողին, փողոցին հաւասար սենեակին խորը ու խուլ ըլլալուն չէր հետաքրքրուեր բոլոր աղմուկներով, ո՛չ Կարմիրենց Սահակը, որ հացը բերնին իր անկողինը կը վազէր ու դպրոցի տղոցմէն առաջ կը ստիպուէր քնանալ Նազիկին կողքին, սպառած ու անկարող, ոչ ալ Նազիկը, որ իր միսերուն թրթռումին ականջ տալու ատեն կը յաղթուէր քունէն, չէին գիտեր ասպատակին այցելութիւնը։ -

 

Բայց Հայրապենց Խաթունը տեղեակ էր ամէն բանի, նոյնիսկ պսակէն առաջ։ Անիկա կ՛ատէր ասպատակը, ինք՝ որ տարիներ շարունակ իր տղուն վրայով համն առած էր հալածական ու անապահով կենցաղին։ Յետոյ, հակառակ իր գիտնալուն, չէր կրնար իր տղուն սպանութեան մէջ Զաքարին բաժին չհանել։ Ատկէ զատ գերդաստանը ամէն օր կը յեղյեղէր տարապարտ մահը մեծ ու պայծառ Հաճի Ստեփանին։ Ու կը կրկնէին երդումը, իրենք զիրենք ամրապնդելու համար ատելութեան զգացումին մէջ, որ տարօրինակ թուլութիւններու կը հասնի, երբ անձէն կ՚ելլէ ու բռնի կ՛արծարծուի ուրիշի հաշւոյն։ Ու եթէ յարձակման օրը Հաճի Գրիգորն ու Հաճի Անդրանիկը զէնք պարպեցին իր կողքին թշնամիին դէմ, ըրին ատիկա տկարին հանդէպ գեղին աւանդութիւններէն ընկճուած։ Անոնք պիտի մաքրէին իրենց հաշիւը աւելի դիւրութեամբ, եթէ Զաքարին գլուխը պատահական ոճրագործի մը դանակին անգամ մատչելի չըլլար, կառավարական հրամանով։

 

Ճիշդ է, որ պառաւը մօտեցաւ կարելի հաշտութեան մը, երբ վերահասու եղաւ տղուն զգացումներուն։ Զաքարը մանուկի մը պէս լացեր էր դայեկին տունը։ Բայց այդքան։ Անիկա ոչ մէկ պահանջ բանաձեւած էր։ Չէր կրնար։ Յետոյ, կրակի ու արիւնի այդ ճամբան բաւական ծանօթ էր բոլորին իր ելքովը։ Ու աճապարած էր պառաւը լեցնել փոսը ու իր խելքովը կարգադրել Նազիկին ճակատագիրը մէկ անգամէն։

 

Պսակէն երկու շաբաթ ետքը, պարտադիր սովորութեան համեմատ, Կարմիրենց Նազիկը --թէեւ մինչեւ իր մահը անիկա կանչուեցաւ բերնէ-բերան իր աղջիկնութեան մականունով--  գնաց Կարմիր արտը, էրկանը կէսօրուան հացը տանելու։ Այս սովորութիւնը  --հասարակ աշխատանք մը տարիքն առած կիներու մօտ-- նոր հարսներուն համար միամիտ ու քաղցրագին բանաստեղծութիւն մըն է։ Ընդհանրապէս մինչեւ աշխատատեղին ընկերացող կեսուրը միջոցը կը գտնէ նորապսակ զոյգը մինակ ձգելու, արտին կամ պարտէզին քիչ մը բաց ինկած մէկ կէտին զբաղում մը ճարելով։ Այն ատեն հարսին անուշ տեսիլքը կը բաւէ կիսելու օրուան կարօտը: Ու անոնց անկողինները հեռու ընող ցերեկը՝ այսպէս լուսաւորուած՝ աշխատողին համար համով ու տանելի կը դառնայ։ Հացը կ՚ուտուի աճապարանքով։ Կեսուրը կրկին կը քաշուի դրացի հողերը, փէշ մը աղցան կամ պարկ մը խոտ քաղելու։ Ու ամէն հարս տեսակ մը թաքուն, ոչ ոքէ դաս առնուած պչրանքով կը կատարէ տարիներով երազուած այս պարտականութիւնը։ Անիմանալի ժամ [65] կայ հարսին համար, երբ քողը քամակին՝ պզտիկ ոսկիներու կամարիկներով հիւսած ու հագցուցած ճակատն ու մազերը, իր իգութիւնը, ա՛լ աւարտած կնիկութիւնը կը ցուցադրէ աշխարհին։ Վտանգի շրջանէն ետք, խաղաղ վայելքին ճառագայթումն է ասիկա, գեղին այնքան դժնդակ կենցաղը լուսաւորող ու տանելի՜ ընող։ Այդ օրուընէ անիկա կին է, մտած իր իշխանութեանը լիութեան մէջ։ Դիտող աչքերը, մինչեւ անոր դուրս ելլելը գեղէն, կը խաթարեն այդ գնացքին իմաստը։ Բայց անկէց դուրս՝ նոր հարսը վստահ է, թէ թուփերուն կամ թաւուտներուն ետեւէն, բարեկամ ու օտար կը նային անոր գեղեցկութեան։ Գեղեցկութիւնը վստահութիւն մըն է։ Ու ամէն նոր հարս գեղեցիկ է անպատճառ:

 

Բայց այս գնացքը խորունկ խռովքով խենթութեան մօտ առք [66] կը դառնայ, երբ քողին ծփանքը կամ հալաւի զգեստներուն կուսական թաւիշը պաշտպանուին մարմինին, երեսներուն, երբեմն աչքին ու յօնքերուն անփոխարինելի նպաստէն։ Այն ատեն անիկա կ՚անցնի փողոցներէն հրաշքի մը պէս, թեթեւ ու անհպելի։ Ու պարտէզներու շրջանակին մէջ այդ պատկերը հեքիաթէ ինկած դրուագի մը կը վերածուի: Տասնհինգ տարեկան տղայէն մինչեւ վաթսուննոց ծերը պահ մը կ՛ընդհատեն աշխատանքը ու կը նային երեւոյթին, լաւ չհասկնալով, թէ ի՛նչ հոսում է, որ այդպէս կը ծաւալի իրենց չորս դին: Պատանին աչքերը կը կախէ հողին, չիյնալու համար անցնող այդ կրակին մէջ։ Ծերունին իր ոսկորներուն, ա՛լ հանգչած իր միսերուն մէջ պզտիկ ասեղներ կը կարծէ զգալ։

 

 

 


 



[1]           գրեթէ քաղաքական  ?

[2]           յաւելում ստորակէտի

[3]           բեկորները ? բեկումները ?

[4]           յաւելում ստորակէտի

[5]           կոյրերը ?  կոյրը ?

[6]           աւելի վարէն՝ հոս կը փոխադրուի սխալ տեղադրուած հատուած մը գեղին անանուն բանաստեղծներէն... մինչեւ մեծին ու պզտիկին» ) Իսկ շարունակութիւնը [Ու այդ գնացքը գինովութիւն, ոճիր, խենթութիւն կը դառնայ, երբ հարսնուկին օրերուն մէջէն կարմիր գիծեր անցած ըլլան։ Ու մի զարմանաք, երբ գեղին ամէնէն համբաւաւոր ասպատակը անփորձ ու ծիծաղելի տղու մը պէս պահուըտի մորենիներուն խեղճ հասակին մէջ, պառկի չորցած վտակներուն յատակը, վերեւի կամուրջէն լսելու համար զարկը սիրուած ոտքերուն: ]   կ՛անցնի յաջորդ պարբերութեան, որուն կը պատկանի:

[7]           յաւելում ստորակէտի

[8]           կը վիրաւորուէր ?   կը վերափոխուէր ?

[9]           յաւելում՝ անցումի նոր պարբերութեան

[10]         գերեզմերը ?

[11]         ատե՞ց, սրբագրուած՝ ատե՜ց ?

[12]         յաւելում միացման գծիկի

[13]         վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ -- եւ ջնջում  անցումի նոր պարբերութեան

[14]         կենդանիէն  ?

[15]         յաւելում ստորակէտի

[16]         կտորներն իսկ ......  անունին  ?

[17]         համէ ?

[18]         կ՛անիծեն, սրբագրուած՝ կ՛անիծէին

[19]         խորհիլ  ? խօսիլ ?

[20]         Ով, սրբագրուած Ո՞վ

[21]         ամպարագիծ ?  անպարագիծ ?

[22]         յաւելում գծիկի

[23]         յաւելում ստորակէտի

[24]         իգութեանց, սրբագրուած իգութեանը

[25]         մեծաւոր, սրբագրուած՝ մեղաւոր ? մենաւոր ?

[26]         հայրը, սրբագրուած՝ հարսը

[27]         առաջին պաշտպանութիւնը  ?

[28]         կը թաղէին ?   կը տաղէին ?

[29]         կը նկատուէր, սրբագրուած՝ կը նկարուէր

[30]         դաւը, սրբագրուած՝ ցաւը

[31]         ուրիշ, սրբագրուած՝ աւրել

[32]         յաւելում ստորակէտի

[33]         հոգեվարքի, սրբագրուած՝ հոգեւարքի

[34]         կը թաղուէին ?   կը քաղուէին ?  կը քաշուէին ?

[35]         գիշերներ ? գեղանկար ?

[36]         յաւելում բութի

[37]         անփոյթ, սրբագրուած անքոյթ

[38]         աղէտը  ?

[39]         կը պղտորուէին, սրբագրուած՝ կը պղտորէին

[40]         դանդաղելով, սրբագրուած՝ դանդաչելով ?

[41]         շատ-շատ սրբագրուած՝ շատ շուտ

[42]         կայծաքարի, սրբագրուած՝ կայծքարի

[43]         յաւելում ստորակէտի

[44]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[45]         կը ծռէ  ?

[46]         յաւելում անցումի նոր պարբերութեան

[47]         յաւելում գծիկի

[48]         մասնակի  ?  մասնաւոր ?

[49]         իր, սրբագրուած՝ իրենց

[50]         քարէ քար նետող  ?

[51]         Ինչ, սրբագրուած՝ Ի՜նչ

[52]         ջնջում կրկնուած բառի՝ անիկա

[53]         գիտէ, սրբագրուած՝ գիտէր

[54]         կը հոտուըտայ, սրբագրուած՝ կը հոտուըտար

[55]         անէացող, սրբագրուած՝ անէացնող

[56]         կը պահէ, սրբագրուած՝ կը պահէր

[57]         ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[58]         ջնջում բառի՝  ու

[59]         կը նայէին ?  կը հալէին  ?

[60]         քնածութեան, սրբագրուած՝  քնէածութեան ?

[61]         նուազումի, սրբագրուած՝ նուազումը

[62]         յաւելում ստորակէտի

[63]         պարսպին, սրբագրուած՝ պարապին

[64]         յաւելում բառի՝ ապաստան ?

[65]         ժամ ? համ ?

[66]         առակ, սրբագրուած՝ առք