Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բաժինն իրականացուել է  Գալուստ Կիւլպէնկեան
հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ


Յակոբ Օշական, Ծակ-պտուկը, Անթիլիաս, 1996

****************************************

Սրբագրութիւնները կատարած եմ Գ. Մելիտինեցի մրցանակի հրատարակութեան վրայ («Երկեր», Անթիլիաս, 1973): Սխալները, մեծ մասով եկող սկզբնական հրատարակութենէն («Հայրենիք ամսագիր», 1928 - 29, հոկտեմբեր - յունուար), «Երկեր» հատորին մէջ սրբագրուած են միայն փոքր համեմատութեամբ մը: Հեղինակային ձեռագիր-բնագիր չէ պահուած:

Ինչպէս միւս գործերու պարագային, հոս վարը՝

- Սխալներ եւ սրբագրութիւններ նշած եմ միասին:

- Նշած եմ նոյնպէս հաւանական սխալները, բայց առաջարկած վերականգնումներուս կցած եմ ? հարցանիշը:

- Բացայայտ կամ հաւանական, բայց անվերականգնելի սխալներ եւս մատնանշած եմ, պարզապէս ընկերակցուած՝ նոյն  ? նշանով:

- Չեմ ձեռնարկած ուղղագրական միաձեւութեան (օրինակ՝ բառի մը տարբեր գրելաձեւերու նոյնացման): Ճիգը կեդրոնացուցած եմ բնագրի իմաստային վերականգնումին վրայ, որ յաճախ անտեսուեր է, ցարդ:       

- Վէպի վերջին՝ Չորրորդ մասին մէջ, ու աւելի եւս աւարտին մօտ, զգալի են անկապութիւններ, հետեւանք՝ խմբագրական կամայական մկրատումներու, կատարուած՝ «Հայրենիք»ի խմբագրութեան կողմէ, Ռ. Դարբինեանի իսկ հաստատումով ( «Շատ կրճատումներ եղած էին խմբագրութեան կողմէ». տեսնել «Հայրենիք Ամսագիր», 1963, թ. 4, նամակներ):

- Կէտադրութիւն սրբագրած եմ միայն անհրաժեշտութեան պարագային (իմաստային վերականգնում): Այլապէս, պահած եմ անփոփոխ -- նաեւ հեղինակային որոշ զարտուղութիւններ կամ զանցառումներ::

Յ. Քիւրքճեան