Ծակ պտուկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՆՈԹ 

«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի նոր շրջանի Դ. նիստին սեղանի վրա բերուած գլխաւոր հարցերէն մէկը եղաւ նախորդ նիստերուն յաճախ նիւթ դարձած վերհրատարակութիւնը այն երկերուն, որոնք մրցա նակին կողմէ շուրջ քառորդ դար առաջ հրատարակուած ըլլալով՝ դարձած են բոլորովին անգնահատելի

Այդ հարցին առընչութեամբ, դատակազմի անդամները առաջին հերթին կանգ առին 1973ին լոյս ընծայուած Յակոբ Օշականի «Երկեր»ուն վրայ եւ որոշուեցաւ անմիջապէս ձեռնարկել տուեալ հատորին վերհրատարակութեան գործին։ | Առ այդ, յայտնուեցաւ նաեւ այն կարծիքը, որ նպատակայարմար է «Երկեր»էն անջատել միջավայրով ու գործող տիպարներով հայ՝ 320 էջնոց «Ծակ-պտուկը», իսկ երկրորդ հատորի մը մէջ մէկտեղել նոյն «Երկեր»ուն մաս կազմած «Հաճի Մուրատ» եւ «Հանի Ապտուլլահ» վիպակները, ասոնց միացնելով «Սուլէյման Էֆէնտի»ն, որ նախորդ երկուքին հետ ունի հասարակաց խորագիր մը՝ «հարիւր մէկ տարուան», եւ իր հերթին վերցուած է թրքական միջավայրէն ու հիւսուած թուրք տիպարներու բարքերով։ 

Իրականութեան այս լոյսին տակ, 1973ին լոյս տեսած օշականեան «Եր կերտը հրապարակ կ՚ելլէ ուրեմն երկու հատորով, «Ծակ–պտուկը» եւ «հարիւր մէկ տարուան» անուններուն տակ։ _ Այն մտածումով, որ անընթեռնելիության աստիճանին հասնող ձեռագիր էր օշականի ձեռագիրը, հետեւաբար գրաշարներուն սխալելու հնարաւո րութ իւն ստեղծող աննահ երեւոյթ, հաւանական թիւրիմացութիւններ հար թելու մտօք կրկին անգամ կարդացուեցան երկու հատորները լեցնելու սահմանուած տպագիր բոլոր էջերը եւ ուղղագրական, քերականական ու կէտադրական միատեսականութինը պահելու օգտին տարուած ջանքերուն առընթեր՝ վերծանուեցան տարբեր խմբագիրներու կողմէ սխալ կարդաց 

զենթեր Վ., միատեսակներ էջերը. Ցրեցան եր 

Այսուհազարի թատերաց տարբեր պահելու «Երեւան, «Երպեր եցները

  Այսուհանդերձ, չորս գործերէն իւրաքանչիւրին մէջ եղան 4–5 բառեր, որոնց հետքերը ո՛չ տրամադրելի բառարաններուն մէջ կրցանք գտնել, ոչ ալ գաւառական բառամթերքին գիտակ անձնաւորութիւններու մօտ

Հաշուի առնելով, որ այսօրուան ընթերցողներուն մէկ խաւը անծանօթ է Օշականի բառամթերքի մէկ մասին, միւսը՝ հեռու է թուրքերէնէն, եւ երրորդը՝ ֆրանսերէնէն, հարկ եղաւ հատորներուն կցել նաեւ յատուկ բառարաններ։