ՉՈՐՐՈՐԴ
ՄԱՍ
Կարմիրենց
տունը
շատ
մը
կողմերով
կը
տարբերի
գեղի
շէնքերուն
ընդունուած
կաղապարէն:
Քիչ
պատահած
բախտով
մը
պատկից
չէ
ոչ
մէկ
բնակարանի:
Գեղը,
որ
իր
ծաւալումին
մէջ
անխելք
է
ու
կ՛աւելնայ
իր
շրջագիծէն,
ձուկի
թեփերու
նման,
գօսացած
է
այդ
ուղղութեամբ:
Չարագուշակ
համբաւ
մը
կտրած
է
տուներուն
թափը:
Ու
կէս
դարէ
ասդին
Կարմիրենց
տունը
թաղին
վերջինը
կը
մնայ:
Խուսափուած,
անդարմանելի
մենութեան
մը
պարտադրուած՝
անիկա
պաղ
է
ներսէն
ու
դուրսէն:
Չշարժող
ու
չփոխուող
վարագոյրներ
անոր
պատուհանները
կ՛ընեն
տրտում
ու
խորհրդաւոր,
առանց
ծաղիկի
ու
առանց
դէմքի:
Ան
կ՛արտայայտէ
ընտանիքին
հոգեկան
պատկերը
ու
մասով՝
անոր
դժնդակ
ճակատագիրը:
Կարմիրենց
գերդաստանը,
հակառակ
իր
հարուստ
կալուածներուն,
չի
կանչուիր
հանրային
կեանքին:
Չի
խառնուիր
գեղը
տակնուվրայ
ընող
խորունկ
յուզումներուն,
խրախճանքներուն:
Չեն
լսեր
անոր
անունը
ոչ
մէկ
կենդանի
շարժումի
պատումին
մէջ:
Աւանդութեան
մը
համեմատ,
անիկա
պատժուած
է
Աստուծմէ
շատ
մեծ
մեղքի
մը
համար,
որուն
անունը
մոռցուած
է
սակայն:
Իրողութիւն
է
որ,
ու
հարիւրամեաներն
ալ
կը
հաստատեն
ատիկա,
դարէ
մը
ասդին
գերդաստանին
բոլոր
արուները
կանուխ
կը
մեռնին,
հազիւ
2-3
զաւակ
ճարելու
ատեն
գտնելով:
Այս
տղաքն
ալ
կը
թափին,
կը
թափթփին
նորէն
կեանքի
առաջին
ճամբաներուն
ու
քանի՜
անգամ
մահուան
գնով
անոնցմէ
առնուած
է
ազազուն
սերմը,
ընդհանրապէս
հօրը
մահէն
ետք
գալով
աշխարհ:
Այս
ճակատագիրը
նոյնութեամբ
կը
կրկնուի
բոլոր
արուներուն
վրայ:
Բայց
նոյնքան
ստոյգ
է,
որ
պատահական
աղջիկներ՝
այդ
ընտանիքէն՝
դալուկ
գեղեցկութեամբ
մը,
անցնին
հարսնութեան
շրջանէն,
զգլխիչ
աչքերով
կիներու
վերածուին
ու
արժանանան
համով
ու
քաղցր,
ամէն
տեղ
փնտռուած,
ամէնուն
հասնող
պառաւութեան:
Ու
երկու
սեռերուն
վրայ
անվրէպ
գործադրուած
այս
վճիռը
ընտանիքին
ճարած
է
տարօրինակ
անուն
մը:
Անոր
աղջիկները
ձեռքէ
ձեռք
կը
խլուին,
հակառակ
իրենց
մանկութեան
փափուկ
կազմուածքին,
ու
կը
տեղաւորուին
է՛ն
հարուստ
տուները:
Ամէն
հարսնուկ,
քողը
հազիւ
զգեցած,
կ՛օծուի
անորակելի
հրապոյրով
մը:
Բաց
վարդի
գոյն
մը
անոնց
այտերը
կը
վառէ
աւշային,
սպիտակ
անոնց
երեսին
վրայ:
Ու
անոնց
աչքերը
անհատնում
սիրոյ
աղբիւրի
մը
պէս
շարունակ
կը
հոսին
այն
փափուկ,
էգ
քնքշութիւնը,
որով
կը
գինովնան
անոնց
էրիկները:
Ասկէ
զատ,
զաւակներու
փոքր
թիւը,
ժառանգութեան
չխորտակուիլը
--մանչերու
զատ
տուն
չկազմելուն
հետեւանք--
աղջիկներու
բաժինը
կ՛ընէ
պարարտ
ու
ցանկալի:
Այսպէս,
մեկուսացուած
այս
տունը,
հոն
ինքն
իր
վրայ
դարձող
կեանքը
ու
դարի
մը
վրայ
չխաբող
այս
պատահումները
իրարու
հիւսուած
ու
յօրինած
են
ինքնատիպ
խառնուածք,
ինքնատիպ
մարմին,
անսովոր
ապրում՝
այդ
գերդաստանին:
Մշտանորոգ
հոգեւարքներու,
միշտ
թարմ
ու
երիտասարդ
մեռելներու
այս
սուգը
կը
հարուածէ
տան
բոլոր
անդամները,
մե՛ծն
ալ,
պզտիկն
ալ:
Կարմիրենց
տղաքը,
երբ
անկորուստ
ելան
անդրանիկ
մանկութեան
շրջանէն,
կը
մեծնան
երկրորդ
մանկութիւնը
գրաւիչ
ու
քնքուշ
փափկութեամբ:
Անոնք
բոլորն
ալ
կապուտիկ
աչքեր,
գանգուր
ու
շէկ
մազեր,
չափազանց
նուրբ,
բայց
գունատ
դիմագիծեր
ունին:
Ու
ամէն
որակումէ
դուրս
է
անոնց
պարմանութիւնը:
Դիտուած
է,
որ
անոնք
այդ
շրջանին
կը
համադրեն
իրենց
վրայ
կեանքի
գերագոյն
խտութիւնը,
գեղեցկութեան
ամբողջ
կնիքը,
որ
ուրիշ
ընտանիքներու
մէջ
կը
յապաղի
ու
արեւին
կը
բացուի
երիտասարդ
օրերու:
Ու
հասուն
են
անոնք
ու
խելացի,
իրենց
տարեկիցներէն
շատ
առաջ:
Բայց
այդ
զաղփաղփուն
շնորհը
կը
վտանգուի
երիտասարդութեան
տարիներուն:
Տասնութին՝
անոնց
մարմինը
կը
կասի:
Ու
կը
տրտմի
անոնց
աղուորութիւնը,
ինչպէս
դէմք
մը,
զոր
կը
վիրաւորէ
փտութեան
շունչ
մը
ներսէն
ու
կը
խարզէ:
Անխուսափելի
տկարութիւն
մը,
գարնան
կամ
աշնան,
զանոնք
կը
գամէ
անկողին:
Անոնց
շնորհը
սրբուած
է
իրենցմէ,
ինչպէս
փայլը
ոսկիին,
որ
կրակէ
անցած
ըլլայ:
Ու
կը
խանձին
անոնք:
Կը
պտտցնեն
այդ
աղօտ
պատկերը,
որմէ
գոյնը
թել
-
թել
կը
փախի:
Անոնց
դալկութիւնը
աւելի
կը
խորանայ
ու
անոնց
ոսկորները
կը
խոշորնան,
մինչ
իրենց
ձգտուած
միսերը
կը
կորսնցնեն
իրենց
ողորկ
առաձգութիւնը,
հետզհետէ
կարծրանալով,
կծկուելով,
չորնալով:
Ու
կը
մտնեն
անոնք
կիրքերու
տարիքը՝
ահաւոր
ու
եղերական
աճապարանքով:
Առակի
կարգ
անցած
է
այս
իրարանցումը,
վճռականութիւնը,
որ
կը
զարմացնէ
այդքան
խելօք
այդ
մարմիններէն
յայտնուելով:
Երբ
իրենց
տարեկիցներուն
համար
կինը
դեռ
կնիքէն
չարձակուած
երազ
մըն
է,
անոնց
համար
անիկա
գերագոյն
իրականութիւնն
է:
Թող
միւսները
լերան
ու
լիճին
մէջ
իրենց
դնդերները
մարզեն,
կռիւներ
ընեն
ու
անդադար
գօտեմարտութեան
հանդէսներ
սերտեն
ու
երազեն,
միամիտ,
մաքուր
ու
թրթռուն՝
իրենք՝
Կարմիրենց
պարմանները
արդէն
ընկճուած
են
զիրենք
փողոտող
տարփանքէն:
Ու
հակառակ
ահաւոր
փորձառութեան,
անոնք
կնիկ
կը
գտնեն,
իրենց
արիւնին
գնովը:
Բայց
անկողինը
անոնց
համար
սկսող
հոգեւարք
մըն
է:
Մէկ
-
երկու
տարի
ետք,
անոնք
իրենց
կիրքերն
ու
արիւնը,
դժբախտութիւնն
ու
ճակատագիրը
փոխադրելով
իրենց
ձագուկներուն
մէջ,
կը
մտնեն
գերեզման,
կաշի
ու
սոկոր:
Գեղացին
միշտ
ալ
մեղքնալով
կը
թաղէ
այս
տղաքը:
Ժամ,
պատարագ,
ոսկի
շուրջառ
ու
ջահերու
ամբողջական
լուցում
մահուան
օրը
կ՛ընեն
տրտմօրէն
զուարթ:
Ու
ոչ
ոք
կը
հետաքրքրուի
խորհրդաւոր
այն
ցաւով,
որ
ատոնք
կը
զարնէ
այնքան
մատղշուկ
ու
բարի:
--
Գիրը
չի
փոխուիր,
-
կ՛ըսէ
ամէն
անգամ
տէրտէրը,
որ
ատոնց
ծնունդը
կնքած
ատենը՝
խաչով
գիծ
կը
քաշէր
մեռնողին
ճակտին...
*
*
*
Այս
գնացքով
ու
կանոնաւորութեամբ
աշխարհքէն
մեկնած
երկու
եղբայրներուն
մնացորդն
է
ու
վերջին
շառաւիղը
Կարմիրենց
Սահակը:
Երիտասա՞րդ:
Անշո՜ւշտ,
քանի
որ
քսանհինգը
չէ
մտած
դեռ:
Երկու
տարի
առաջ
միայն
ամուսնացաւ
անիկա,
հակառակ
ընտանիքին
աւանդութեան,
որ
արուները
կը
կարգէ
քսանամենի:
Իրարու
յաջորդող
մահերը
պզտիկներուն՝
մեծերուն
ատեն
չեն
ձգած,
որ
անիկա
մտնէ
պսակին
տակ
պայմանադրական
տարիքին:
Ու
անոր
կինը,
մէկը
գեղին
աղուորներէն,
տարուան
մը
հարս,
հերքելով
աւանդութիւնը
ու
գեղին
սպասումը,
մեռած
է
խորհրդաւոր
ցաւով,
անբացատրելի
բացառութիւն
մը
կազմելով
հարսներու
գծին
վրայ,
վասնզի,
Կարմիրենց
հարսները
գեղին
ամենէն
առողջ
ու
շնորհալի
աղջիկները
եղած
են
ընդհանրապէս:
Գերդաստանին
ամէնէն
բարւոք
տիկինը
իր
հարսները
կ՛ընտրէ
իմաստուն,
անծանօթ
ու
շրջահայեաց
նկատումներով:
Ամբողջ
գաղտնագիտութիւն
մը,
սերունդէ
սերունդ
տարուած,
կը
վարէ
անոր
բնազդը,
որ
չէ
խաբուած:
Իր
հարսնցուները
անիկա,
տարի
առաջ,
զննութեան
կ՛ենթարկէ
իրեն
միայն
ծանօթ
խորաթափանց
հաշիւներով:
Անպատճառ
պէտք
է
զանոնք
ձեռք
ձգէ
բաղնիքը,
երեք
-
չորս
անգամ
անձամբ
լոգցնէ
ու
չափէ
պառաւներուն
չափովը
մանկուհիներուն
կողերուն
բացուածքը,
կոնքերուն
խարիսխը:
Դեռ
անգոյ
կամ
հազիւ
ուրուացող
անոնց
ստինքներուն
կալը
ու
պտուկներուն
սիսեռը
կը
քննուին
նոյնքան
խնամքով,
որքան,
աւելի
ուշ,
երբ
քննութիւնը
կը
հետապնդէ
անոնց
պարոյրը
կաթի
տեսակէտներով:
Կը
տեսնէ
անիկա
իր
հարսնցուները
հաց
թխելու,
խմոր
շաղելու
աշխատանքին
առջեւ,
միտքով
դատելով
անոնց
բազուկներուն
կորովը,
երբ
ասոնք
խմորին
եղկ
ու
հաստ
մարմինը
կը
ձեռնեն
ու
կը
նետեն
տաշտին
պատերուն:
Ներկայ
կ՛ըլլայ
դաշտային
լուացքներուն
ու
ձիթապտուղի
քաղերուն:
Տարիներու
վրայ
երկարող
այս
զննութիւնը,
որ
կը
փորձուի
աղքատիկ
աղջիկներու
վրայ
եւ
կը
կատարուի
բացարձակ
գաղտնապահութեամբ,
Կարմիրենց
տունը
կը
բերէ
գեղեցիկ
ու
քարի
պէս
առողջ
աղջիկներ,
որոնք
--
յատկանշական
պարագայ
--
առաջին
իսկ
ամսուն՝
յղի
կը
մնան,
կ՛աճին
օրհնուած
հնձանի
մը
նման,
աշխարհ
կը
բերեն
իրենց
որովայնին
պտուղները,
առանց
վնասելու,
վնասուելու
ու
բացառիկ
անակնկալներու,
կը
դիեցնեն
զանոնք
թեթեւ
ու
պարզ,
թռչունի
նման,
ու
կը
պատրաստուին
խնամելու
իրենց
ամուսիններուն
«
աստուածատուր
»
հիւանդութիւնը:
Զանոնք
կը
թաղեն
քանի
մը
տարուան
մէջ,
երկու
-
երեք
զաւակ
անպատճառ
ճարելէ
ետքը:
Անոնք
կը
մնան
անիծուած
տունը՝
որքան
ատեն
որ
տղաքը
չեն
հետեւած
իրենց
հայրերուն:
Եթէ
տարիքէն
առաջ
մէկ
եղբօր
ճետը
ցամքի,
կինը
կը
քաշուի
մէրանցը
տունը,
բաւական
իւղոտած,
սպասելով
որ
բախտը
կրկին
զարնէ
իրենց
դուռը:
Ուրիշները,
որոնք
փրկած
են
տղաքը
առաջին
վտանգներէն,
հասցուցած
զանոնք
առնութեան
տարիքը,
ու
յետոյ
թաղած,
ա՛լ
զերծ
են
մէրանցը
դառնալու
հարկադրանքէն:
Իրենց
այրիութիւնը
անոնք
տարած
են
քրիստոնեայ
համակերպութեամբ:
Ու
կը
սպասեն,
հարուստ
տունի
մը
ընձեռած
նիւթական
բոլոր
բարիքներուն
մէջէն,
տիկին
դառնալու
երջանիկ
տարիքին:
Ու
մինչեւ
այդ
թառամումը՝
անոնք
կը
մնան
բարի
ու
անաղարտ:
Ու
անոնց
ձայնը
գուգուկը
չէ
լսած:
Ու
այսպէս
զրահուած,
այսպէս
զարնուած,
այսքան
աւանդութիւններով
ամրափակ
դուռէ
մը
ներս,
Հայրապենց
Նազիկը
կը
տանէր
անլուր,
անաստուած
գայթակղութիւնը:
Անիկա
ապօրէն
ճամբով
բռնի
մուտք
գործող
օտարն
էր,
որ
ամբարիշտ
բրտութեամբ
մը
խանգարած
էր
ընտանեկան
ամբողջ
կարգ
ու
սարքը:
Անոր
մուտքին
համար
անհնարին
կատաղութեամբ
մը
ակռայ
կը
կրճտէր
Կարմիրենց
Տիկինը,
որ
սրբութեան
պէս
յարգուած
աղջիկտեսի
պայմանադրական
պատրաստութիւններէն
կ՛արգիլուէր
բռնի,
ու
կը
խոցուէր
իր
դժբախտ
արժանապատւութեանը
մէջ:
Ատկէ
զատ,
իր
հարսը
իր
մաքուր
տունին
մէջ
կը
փոխադրէր
ամէնէն
անքաւելի
մեղքը,
ու
ասիկա՝
յայտնի
ամբարտաւան
աներեսութեամբ
մը:
Գոնէ
ամչնալ
գիտնա՜ր:
Գոնէ
վա՛ր
նայէր:
Աւելի՛ն.
անիկա
կը
բերէր
ապականուած,
հոգին
ծախած,
մեղքին
մէջ
կպրացած
ու
նողկանքով
պսակուած
ընտանիքի
մը
շարա՜ւը:
Սահակին
մայրը
տառապած
էր
ամէնէն
աւելի
Նազիկին
մեղքովը:
Պոռնիկը
չապրող
կենդանին
է
գեղերուն
մէջ:
Զայն
կը
սպաննէ
խղճմտանքը:
Զայն
կը
սպաննէ
արդարութիւնը:
Շատ
հազուադէպ
է,
որ
աղջիկ
մը
ծոցին
գիշերը
դուրս
նետուի
ու
դիմանա՜յ
ուրիշ
ծոցի
մը
մինչեւ:
Ի
զո՜ւր
Կարմիրենց
հեռացած
հարսները
փողոցներուն
մէջ
կզակ
շարժեցին
ու
բարկանալ,
լրբանալ
փորձեցին:
Ի
զուր
Սահակին
մայրը
դուռ
-
դրացիի
տուներուն
առջեւ
մանուկի
նման
լացաւ
ու
անիծեց:
Ու
զարկաւ
գլուխը
բոլոր
քարերուն:
Ամէն
հարս
օտարամուտ
թշնամի
մըն
է
ամէն
կեսուրի
համար:
Բայց
Նազի՜կը...
Անիկա
գտաւ
տէրտէրը,
որ
տեղեակ
տղուն
զգացումներուն
ու
բարեացակամ
Հայրապենց
տունին,
ջանաց
չարը
մարել,
մեղմ
ու
համոզիչ
բառերով:
Եղածը
ի՞նչ
էր
որ...:
Զայն
ղրկեցին
մօտի
թուրք
գեղը,
նշանաւոր
կախարդ
հոճայի
մը,
որ
հինգը
-
մէկնոց
ոսկի
մը
փրցուց
անկէ,
ու
շատ
մը
եռանկիւն
ծալքով
թղթիկներ
տուաւ:
Անիկա
այդ
բժժանքները
տեղաւորեց
յանձնարարուած
բոլոր
կէտերուն,
լացով,
աղաչանքով,
յաճախ
խունկով
ու
մոմով:
Ու
անիկա
միջոցը
գտաւ
իր
տղուն
չուխային
մէջ
կարելու
դիւահալած
տարազներ
ու
խմցուց
անոր
կախարդուած
փոշիներ:
Ոչ
մէկ
բան
օգնեց:
Սահակը
պուկի
ըրած
էին:
Քակելու
ու
գտնելու
համար
սարսափելի
հանգոյցը
պուկի
ին,
մորթուեցան
սեւ
հաւեր
տանը
ամէնէն
յաճախուած
կէտերուն:
Հազար
տառապանքներով
ու
շատ
սուղ
ճարուեցան
խորհրդաւոր
արմատները,
որոնց
ծխումը
կոյր
կ՛ընէ
դեւերուն
ակռան
ու
աչքերը:
Ու
գտնուեցան,
նոյն
գիներով,
կրիաներու
եւ
օձերու
լեարդները
ու
տարօրինակ
հոտով
ու
գոյնով
ծաղիկները:
Մատաղ
ըրաւ
տարուընակ
ու
զազար
երինջը,
սիրտէն
խշխշելով,
բայց
յոյսէն
պնդուած:
Վրիպած
իր
բոլոր
դիմումներուն,
իր
բոլոր
ձեռնարկներուն
մէջ,
գերագոյն
պատրանքով
մը
անիկա
բացաւ
իր
վիշտը
տղուն:
Այդ
վի՜շտը:
Գեղին
լեզո՜ւն
ու
անոր
թուքն
ու
մուրը՝
մինչեւ
հիմա
մաքուր
մնացած
իրենց
տունին
երեսին:
Ինչո՞ւ
ուժով
զգան
ծերերը,
պառաւները
այն
բանը,
որուն
իրաւունք
չունին
իրենց
ձմեռ
-
մարմիններուն
մէջ:
Ինչո՞ւ
անկարեկիր
է
քառասնամեայ
փորած
աղջիկը:
Ու
ինչո՞ւ
երիտասարդները,
երբ
սիրեն,
մեղքին
փաթաթը
չեն
զգար
իրենց
եւ
սիրականին
միջեւ:
Անոր
արցունքներուն
դէմ,
երիտասարդը
նայեցաւ
ողորմուկ
ու
լռեց
գերդաստանին
վայլող
համակերպութեամբ
մը:
Անիկա
մտիկ
ըրաւ
պառաւէն
ղրկուած
միւս
բերանները:
Անիկա
մտիկ
ըրաւ
Նազիկին
պատմութիւնը,
վաւերական
երանգով
վէպի
մը
պէս
յարմարցուած,
որուն
ամէն
մէկ
մասը
թարախ
էր
ու
դժոխք:
Բայց
երկու
օր
ետքը
գլուխը
դրաւ
բարձին:
Ամրան
տաքերուն
այս
տկարացումը
ահազանգ
մըն
էր,
զոր
չուզեց
հասկնալ
միայն
Կարմիրենց
Տիկինը:
Փակուեցաւ
անոր
բերանը
բառի,
ինչպէս
ուտելիքի
համար:
Ու
անոր
կղպուած
շրթներէն
լսելի
էր
բզկտուած
անունը
կախարդ
աղիճին:
Այսպէս
երկարած՝
տղան
դադրեցաւ
արթուն
կեանքին
համար:
Ու
երկու
շաբաթ
փշրանքը
չանցաւ
անոր
կոկորդէն:
Յետոյ,
քունը
հալածուեցաւ
անոր
թարթիչներէն:
Բայց
բառը
չեկաւ:
Աղօթք,
բժշկութեան
աւետարան,
դպրոցի
տղոցմէն
«
Տէր
ողորմեա
»
ու
գաղտուկ
հսկումի
կարգ:
Ծերուկ
բժիշկը,
տղան
փրկելու
համար,
պահանջեց
Հայրապենց
Նազիկը:
Ու
զաւկին
սիրոյն,
հոգին
գրեթէ
խածնելով,
ու
ծամելով
ու
կուլ
տալով
իր
հարսնցուին
ամբողջ
գարշութիւնը,
գնաց
իր
«
կոտրելիք
»
բերնովը
Հայրապենց
Խաթունէն
աղջիկ
ուզելու:
Ըրաւ
ատիկա,
վասնզի
բժիշկը
պատգամած
էր
տղուն
մահը
երեք
շաբաթէն:
Եղաւ
հարսնիքը
ու
տղան
ոտք
ելաւ:
Ու
Հայրապենց
Նազիկը
այդ
տունէն
ներս
կը
տանէր
մանաւանդ
իր
մարմինը:
Տարիքը,
դժբախտութիւնը,
յղութիւնը,
վիժումը
ու
անզզած
անգործութիւնը
բոլորը
մէկ
դպած
էին
այդ
հրաշագեղ
մարմինին
ու
անոր
վրայ
թափած
եփուն
ու
զգլխիչ
այն
բանը,
որ
կարգ
մը
կիներ
կը
զատէ
երամակէն:
Անոնք,
որոնց
համար
լաթերը
փաթաթ
իսկ
չեն
ու
կը
շեշտեն
անոնց
պահեստները:
Ու
քողին
տակէն
իսկ
զօրութիւններ
կը
շարժեն:
Գեղը
կը
ճանչնայ,
անանուն,
բայց
հանրածանօթ
զգայարանքով
մը,
իրենց
հոտէն
ու
միսերուն,
այտի
միսերուն
պառկուածքէն
ու
ռունգերուն
ծիրէն,
այդ
կնիկները,
որոնք
իրենց
ծոցը
ինկող
արուները
կը
ծծեն
անդուլ
շաղապատումով
ու
կը
սպառեն
զանոնք,
պարպելով
անոնց
ողնածուծը
իրենց
անյագուրդ
ու
անյատակ
շտեմարաններուն
մէջ:
--
Լուծքը
«
տէնկ
»
չէ
ինկած,
-
կ՛ըսեն
պառաւները,
այդ
կարգի
ամոլները
մատնանշելով:
Ու
ծերերն
ու
հասուն
այրերըը
խորհրդաւոր
թարթումներով
ու
ցաւագին
հեգնութեամբ
կը
նային
այդ
երիտասարդներուն
ետեւէն,
որոնց
քալուածքը
թոյլ
է
առտուն,
ջիղերու
գերազանց
պրկումին
իբր
հետեւանք,
ու
երեսները՝
գիշերուան
հսկումէն
դալկահար:
Անոնք
ուշ
կ՛երթան
աշխատանքի,
արեւէն
ետքը,
ու
կանուխ
կը
դառնան,
արեւէն
առաջ:
Ի՜նչ
հեշտութեամբ
կ՛ընկողմանին
սրճարանի
բազմոցներուն,
գլուխնին
աթոռակի
մը
խսիր
յատակին
ու
կը
քնընճին:
--
«
Անկողինի
կոխցուներ
»,
--
կ՛որակէ
զանոնք
գեղին
պատմութիւնը:
Ու
իրաւ
ալ,
անոնց
նայուածքին
մէջ
յստակ
նկարուած
կ՛ըլլայ
անկողինին
սարսափը:
Ու
կը
նիհարնան
առաջին
իսկ
ամիսէն:
Հակառակ
դեղերու,
գէր
հաւերու
ու
խորտիկի,
անոնցմէ
պակսածը
ա՛լ
ետ
չի
դառնար:
Ճիշդ
է,
որ
Կարմիրենց
Սահակը
դիմացաւ:
Բայց
ատիկա
վերագրելի
էր
անոր
կնոջը
մահուան
ու
մահէն
առաջ
հիւանդ
պառկելուն:
Բայց
երկրորդ
պսակին
ամսեայ
անկողինը
արդարացուց
ու
սրբագրեց
գեղին
փորձառութիւնը
ու
անվրէպ
գիտութիւնը:
Սահակը
քանի
մը
ժումով
վրայ
տուաւ
ինչ
որ
շահած
էր
ձմեռուընէ
սկսած
մինակ
անկողինէն:
Անոր
արդէն
քիչ
ու
խարխլած
կազմուածքը,
անխոհեմ
ու
դատապարտուած,
դղրդեցաւ
իր
խորունկ
ալքերէն:
Հալեցան
միսերը
աչքի
ինկող
արագութեամբ:
Ու
անոր
աղբիւրները
մեղմացան
ու
մզմզալ
առին:
Ամէն
առտու
անոր
գործարաններէն
որեւէ
մէկը՝
յոգնութեամբ,
ցաւով,
տկարութեամբ
տեսարան
եկաւ:
Ու
սիրտ
ու
թոքեր,
ու
մէջք
ու
ոտքեր,
ու
ձեռքեր
իրենց
ըսելիքները
ունեցող
բերաններու
նման
կոտտալ
առին:
Շեշտուեցաւ
մանաւանդ
թուխ
կապոյտը
անոր
նայուածքի
ծիրին:
Ու
երակներուն
ցանցը
ջուրէն
բարձրացող
խոտի
ծուէններու
պէս
ճիւղեր
նետեց
անոր
երաշտ
երեսին:
Պրկուած
էր
մանաւանդ
այտերուն
կաշին:
Կարծես
ոսկորները
կը
քաշէին
զայն
վարէն
ու
կը
լարէին:
Ու
վառեցան
անոր
աչքերը
պղտոր
այն
կարմիրով,
որ
մարմինին
բոցն
է
կ՛ըսես,
ատանկ
տեսանելի
ու
անխուսափելի:
Անիկա
գիտէր
իր
քայքայումը:
Միւսներուն
պէս
չէր
կրնար
շուկաները
նստիլ,
ամչնալուն:
Ու
չէր
կրնար
տուն
չերթալ,
հակառակ
իր
սարսափին:
Ու
կը
դողային
անոր
մատները,
թափելու
աստիճան
սուրճը
գաւաթէն:
Աչքերը
սեւ
ու
անգոյ
կ՛ըլլային,
երբ
ոտք
ելլէր
նստած
տեղէն:
Հողը
կը
հոսէր
իր
տակէն,
ու
ան
կը
կորսնցնէր
գրեթէ
տեղի
զգայնութիւնները,
կամացուկ
երկարելով
ափը
պատերուն
ու
ոտքերու
վրայ
ուժգին
կոխելու
վախնալով:
Ու
եղերականը
հո՛ն
էր,
որ
գիտակից
էր
իր
ծիւրումին,
ու
իր
կորուստներուն
չափը
չէր
վրիպեր
իր
գնահատումէն:
Հակառակ
իր
անուժ
ու
խարխլած
մարմինին,
անիկա
կը
սարսափէր
պառկելէն:
Ժառանգութի՞ւն,
փորձառութի՞ւն,
նախազգացո՞ւմ,
--
համոզուած
էր,
որ
անգամ
մը
հոն
իյնալէ
ետքը,
չունէր
ելլելիք:
Հիւա՞
նդ:
Չէր
անշուշտ,
դասական
ըմբռնումով,
քանի
որ
ոչ
մէկ
տեղ
որոշակի
ցաւեր
ունէր
ան:
Ու
անոր
մայրը,
հակառակ
իր
ահաւոր
ու
-
արիւնոտ
փորձառութեան,
չէր
կրնար
հաշտուիլ
անխուսափելիին
հետ:
Ողորմած
-
հոգի
իր
առջի
տղոց
ատենն
ալ
անիկա
զլացած
էր
անկողինին
հանգիստը
անոնց,
կէս
մը
վախէն,
կէս
մը
ամօթէն:
Բայց
չէր
կրնար
չյիշել
անդրանիկը,
որ
հոգին
տուաւ
սանդուխին
սկիզբը,
արեան
հեղեղի
մը
մէջ
խեղդուած:
Ու
գեղը
դատելէ,
դատապարտելէ
ետքը,
կը
ձեւէր
ու
կը
չափէր
դառնաղէտ
պատահարը:
Կը
զայրանար
Սահակին:
Ու
անոր
բարկութեան
մէջ
ընդմիշտ
մարելիք
տան
մը
կսկիծն
ու
օտարին
հասնելու
հայկական
սիրտբացութիւնը
կար:
--
Քէօ՞
ր
է
աս
տղան:
Հեղ
մը
չի՞
նայիր
մատներուն,
-
կ՛ըսէին
շատերը,
երբ
Սահակին
ստուերացած
մարմինը,
իր
ձեռքին
ոսկորներուն
ուրուատիպ
լքումը
կուշտն
ի
վար
կախելէն
հեռանար
մեղմիւ:
Եղան
չդիմացողներ
ու
երեսին
տուին
իր
անխելքութիւնը:
Մինակ
անխե՞լք:
Մե՜ղք
կը
գործէր
միամօր
երիտասարդը:
--
Ո՞վ
պիտի
վառէ
օճախդ...
Ու
հարկադրուած
տէրտէրը
միջամտեց.
--
Ատոր
տակը
պապադ
չէ
գտած,
տղաս:
Մարմինիդ
ալ
մեղք,
հոգիիդ
ալ:
Կարմիրենց
Տիկինը
տէրտէրին
բերանովը
չգոհացաւ:
Անիկա
թելադրեց
Հայրապենց
Խաթունին,
որ
մօտենայ
Նազիկին:
Կորովի
ու
լիրբ,
միջամտեց
Խաթունը.
բայց
ոչ
թոռանը
մօտ:
Ու
Կարմիրենց
Սահակը
ամօթահար
բայց
քաղցր,
տուաւ
Նազիկին
իր
հասցէն:
Ուրիշներ,
դրացի,
խօսքերնին
ուժով
մարդեր՝
ուղղակի
ու
անուղղակի,
յայտնի
ու
տարտամ,
իրողութիւններէ
վերցուած
օրինակներով
ջանացին
բանալ
անոր
աչքերը
իր
իսկ
«
փորած
անդունդին
»
վրայ:
Հաճի
Գրիգորը
գտաւ
զօրաւոր
պատկերներ:
--
Ի՞նչ
է
աճէլէ
դ,
օղլում,
շուտ
քալողը
շուտ
կը
յոգնի:
Բայց
տղուն
վրայ
այս
թելադրութիւններուն
չափ
ու
թերեւս
աւելի,
Նազիկը
ենթարկուեցաւ
ազգականներու
կշտամբանքին:
Մտիկ
կ՛ընէր
առանց
կարմրելու,
բայց
ինքն
ալ
կը
զարմանար,
թէ
ինչո՞ւ
չէր
խօսեր
էրկանը:
Իր
հարսնութեան
երկրորդ
օրն
իսկ
արձակուեցան
անոր
բնազդներն
ու
ժառանգութիւնները:
Ինքն
ալ
չէր
հաւատար
անկողինին
ու
անոր
ազատութեանը:
Երրորդ
գիշերը
տեսաւ
զարհուրանքով,
որ
չէր
կշտանար
ու
կը
բարկանար
Սահակին:
Տենդոտ
ու
քաղցր,
տղուն
տարփանքը
հազիւ
կը
սկսէր
ու
առաջին
բոցերը
անցուցած
Նազիկին
մարմինին,
կը
խորտակուէր
արագ
ու
դիւահար:
Զայն
անգամ
մըն
ալ
բռնկեցնելու
համար
ժամերու
պէտք
կար:
Ու
այդ
սպասումին
տենդովը
կը
տառապէր
երիտասարդ
աղջիկը:
Ու
չէր
կշտանար:
Ու
չէր
յոգներ:
Տաք
վերմակին
ներքեւ
անոր
մարմինը
կը
ցնցուէր
ողն
ի
վար,
ուժգին,
բիրտ.
ու
ցաւի
հետ
շփոթուելու
աստիճան
թրթռագին:
Կը
գալարուէր,
ոտքերը
կը
տեղաւորէր
զիստերուն
ու
բերանը
դուրս՝
կը
հեւար,
ծարաւ
շունի
մը
պէս
լեզուն
փարտելով:
Այս
մշտական
սպասումով,
լարուած
ու
պատրաստ՝
անիկա
կ՛եփէր
իր
ներսէն
ու
կը
տրորէր
տղուն
քունը,
բռնի
կ՛արթնցնէր
զայն
ու
կիրքին
մէջ
կը
նետուէր,
աչքերը
գոց
ու
անզգայ
ըլլալու
չափ
գերագրգիռ:
Սիրե՞լ:
Բայց
անիկա
օտար
էր,
բոլորովին,
նման
վիճակի
մը:
Էրկան
ծոցէն,
անոր
բազուկներուն
մէջէն,
կը
շինէր
մտքովը
Թումասն
ու
Զաքարը:
Խելք
չունէր
զգայութեանց
զանազանութիւն
մը
փնտռելու
համար:
Ոչինչով
տարբեր
էին
մարդերը:
Յետոյ,
վերահասու
կ՛ըլլար,
որ
իրը,
միւսները,
պարզ
գործիքներ
էին
եւ
ուրիշ
ոչինչ:
Ու
կը
զարմանար
հարսներուն,
որոնք
իրենց
ամուսինները
անուանած
պահուն,
կը
գորովէին
ու
կ՛անուշնային:
Իր
երկու
փորձառութիւնները
բաւական
չէին
զինքը
լուսաւորելու:
Բայց
արտակարգ
յստակութեամբ
կը
յիշէր
իր
աղջիկնութեան
սխրալի
կառուցումները,
իր
մենաւոր
անկողինին
բազմամբոխ
յուզումները:
Ի՜նչ
էր
երազը:
Այդ
պատկերէն
դէպի
սա
տառապած,
անյագուրդ
գիշերը,
ու
չհանգչող
անկողինը,
սա
մշտապէս
ռունգերը
վեր
վիճակը,
այնքան
գովուած,
ցանկացուած,
մեծցուած
ու
հիմա
այնքան
եղկելի
սա
պատրանքը՝
իր
անցքը
եղեր
էր
շատ
հզօր,
ալեկոծ
ցնցումներու
ընդմէջէն:
Ա՞ս
էր
իր
գտնելիքը:
Ու
կը
ջանար
բացատրել
այս
անհանգիստ
անկողինը:
Ու
չէր
կրնար:
Ու
կատղած,
իր
շրթունքները
ընելով
բանաստեղծ
ու
իմաստուն,
կը
ծծէր
նիհար
տղան,
որ
ինքզինքը
լքած
անոր
ակռաներուն,
անոր
մարմինին՝
կ՛աշխատէր
հաղորդուիլ
անոր
անդոհին:
Ու
կը
ծծէր
անոր
առնութիւնը,
բաժակ
քամողի
մը
պէս
խորացած,
եթէ
ոչ
չարութեամբ
կամ
դիտումով,
գոնէ
ինքզինքը
պաղեցնելու,
կտոր
մը
դադար
գտնելու
վրիպած
պապակովը:
Ու
կ՛ապրէին,
այսինքն՝
կ՛այրէին
անոր
միսերը:
Ու
կը
լարուէին,
այսինքն
կը
խենթանային
անոր
ջիղերը:
Ու
ախտաւոր
այս
հետաքրքրութեանը
մէջ
անիկա
կ՛անգիտանար
վտանգը:
Չէր
խորհեր,
թէ
փորձին
միւս
եզրը
կը
քայքայէր
իր
էրիկը:
Ու
չէր
զգար,
թէ
իր
միսերը
այսպէս
այրելով,
անիկա
միւսին
միսերը
կ՛ուտէր:
Այս
տագնապներէն
դէպի
միւս
զառիթափը,
դէպի
ահաւոր
վիճակը
ծախու
կնիկներուն,
ո՛րեւէ
յայտարար
նշան,
ո՛չ
իսկ
կասկած:
Բայց
նշանակալից
էր,
որ
իրենց
շաղապատումներու
ընթացքին,
երբ
քունը
կու
գար
վայրկեան
մը
կեցնելու
իր
էրիկին
մարմինը,
Նազիկին
մէջ
կը
շարունակուէր
ջիղերուն
գրգռութիւնը:
Ու
անոր
աչքերուն
կ՛երեւային
իր
հօրը
տան
պատկերները:
Եղերականը
հո՛ն
էր,
որ
կիրքին
այս
մոլուցքը
անցած
էր
Սահակին
ալ:
Նախասահմանուածներուն
մէջ
հզօր
է
տարփանքը:
Ատկէց
զատ
երիտասարդի
հպարտութիւն
մը
պաշտպանելու
համար,
մխրճուած
ճախճախուտին
մէջ,
անիկա
կ՛անգիտանար
ընտանիքին
առհաւութիւնը
ու
կը
վատնէր
ինքզինքը
անխնայ
ու
անխելք:
Անիկա
ինքզինքը
մօտիկը
կը
դնէր
նիհար
ուրիշ
երիտասարդի
մը,
որ
կաշի
ու
ոսկոր,
կը
կրէր
բեռը
իր
հոյակապ
կնիկին,
քաջութեամբ
ու
առաւելութեամբ:
Յետոյ,
կարծես
բնազդով
կը
զգար
իրենպէսներուն
տրամադրուած
կեանքի
բաժինը:
Սիրե՞լ:
Չէր
ատիկա:
Անոր
մեղքը
առաջին
գիշերն
իսկ
թունաւոր
բուրումի
մը
պէս
արտածորեց
անոր
մարմինին
թաքուն
անդունդներէն:
Տառապագին
մերձեցում
մը
եղաւ
իրենց
այրի
անկողինը
ու
Նազիկին
ամբողջ
խռովքը,
անհուն
ծարաւը
պէտք
եղաւ
խեղդելու
համար
զզուանքը,
որ
կը
պարուրէր
անոր
ջիղերուն
բոլոր
թելերը
ու
կը
գոսացնէր
գրեթէ
զգայարանքները:
Ու
թշուառ,
դժբախտ
պատկեր
մըն
էր
անոր
գրկածը,
բաղդատմամբ
նրբին
ու
ամօթխած
առջի
կնիկին,
որ
դիւրաբեր
բիւրեղի
պէս
փշրուեր
էր
իր
բազուկներուն
մէջ:
Բայց
անկողինը
սխալ
է
գիրքի
մը
պէս
ուսումնասիրել:
Սահակը
ատոնք
կը
զգար:
Բայց
չէր
կրնար
չճմռկել
անոր
միսերը,
ուժեղ
եղունգներով,
արիւնելու
աստիճան՝
հոյակապ
մարմարը
անոր
զիստերուն:
Բայց
չէր
կրնար
իր
շրթները
բաժնել
անոր
հոտաւէտ
մազերուն
գգուանքէն:
Ու
կը
սեղմէր
անոր
առատ,
բայց
պիրկ
լանջքը,
իր
չորցած
կուրծքին,
այրուցքի
մը
պէս
տառապելով
անոր
ծիծերուն
հպումէն,
բայց
չկրնալով
ինքզինքը
ազատել
անոնց
եղկ
պարաւանդումէն:
Ու
մէկ
կողմէն
ակօսուած
նախանձին
թոյնովը,
միւս
կողմէն
առնուած
Նազիկին
ձգողութեանը
մէջ,
անիկա
ողորմելի
խլեակ
մըն
էր
իր
անկողնին
մէջ:
Ու
մինչ՝
թաց
ու
քրտինքոտ
իր
մարմինը
կ՛անցնէր
հակոտնեայ
մտածումներու,
զգացումներու
մուրճէն,
միւսին
համար
այդ
պատրանքը
արդէն
գաղտնիք
չունէր:
Ու
մոռնալու
համար
այս
նահատակումը,
ու
սրբագրելու
համար
զգայութեանց
այս
զառածումը,
չարափոխութիւնը,
անոնք
«
կը
փորէին
»
զիրար
ու
չէին
կշտանար:
Առաջին
շաբթուան
այս
անկանոն
գնացքը
չփոխուեցաւ
սակայն:
Նազիկին
համար
լուսցող
ամէն
գիշեր
սկսում
մըն
էր,
ընդհատուած
ու
յետաձգուած
կարճ
դադարով
մը:
Իր
կեսուրին
խլութիւնը,
տան
մէջ
պզտիկի,
տագրի,
ներոջ,
ուրիշ
շնչաւորի
պակասը
անոնց
իրարու
վազքը
կը
դիւրացնէր:
Ու
ցերեկը
անոնք
կը
շարունակէին
իրենց
գիշերները:
Աստուածածնէն
ետք,
գեղին
աշխատանքները
կը
ստանան
այլապէս
տաժանագին
դարձուածք:
Եթէ
էտինքին
այգիները
կը
զուարթանան
ու
օրհարսակին
արեւը
կը
պատրէ,
առտուն
եւ
իրիկունը
կը
տպաւորեն
մարդերը
դժնդակ
ու
սուր
ասեղներով:
Գիշերները
արդէն
աշունի
են
ու
քայքայումին,
մահուան
հոտերը
կ՛ուրուանան
ու
կը
գտնեն
ախտաւորները:
Անոնք,
մահուան
մատաղցուները,
տերեւներուն
հետ
կը
զգան
ատիկա
ու
մսուքը
կը
բաբախէ
անոնց
հոգիին
հեռաւոր
խորշերուն
մէջ:
Ու
մսուքը
կը
ծաւալի
ու
կ՛արտածորի:
Ու
մատներուն
ծայրէն
ու
քիթին
գագաթէն
ու
ողնոսկրին
ջրանցքէն
կամաց
-
կամաց
կը
թափանցէ
ամբողջ
մարմինին:
Առտու
-
իրիկուն
անոնք
անկարող
են
տաքնալու:
Կէսօրին,
արեւուն
խեղդող
կրակին
մէջ,
անոնք՝
ասղնտուած
թաքուն
սարսուռներէ՝
կը
թուլնան
ու
կը
յօրանջեն:
Ու
կան
տակաւին,
որ
հացի
համար
պատրաստ
են
աշխատելու:
Անոնք
աշունը
չեկած
արդէն
կը
մտնեն
գերեզման:
Բայց
Սահակը
կ՛երեւէր
շուկան,
աւելի
յաճախ,
որքան
չէր
ներուած
իր
տարիքին:
Անիկա
մասնաւոր
գոհունակութեամբ
մը,
ժամերով
կը
յամենար
սափրիչ
Սարգիսին
խանութը,
ուր
բժիշկի
համբաւով
մարդեր
կը
խօսէին
«
տեսնուող
ու
չտեսնուող
»
ցաւերու
վրայ
ու
դարմաններ
կը
պատմէին:
Հոն
իրեն
կը
հրամցուէր
սուրճ,
խառնուած
ով
գիտէ
ի՛նչ
կախարդական
հեղանիւթով:
Յետոյ
կ՛անցնէր
ժամուն
բակը,
ձեռքերը
սեղմած
գօտիին
փաթին
մէջ,
ու
կը
խօսէր
ծերերուն,
տէտէներուն
հետ,
համակերպած
ու
վայլող
կերպարանքով
մը:
Մէկը
նկատեց,
որ
ծեր
էր
ան:
Չըլլային
ոսկեգոյն
ու
առատ
մազերը,
պատրանքը
կատարեալ
էր:
Ճակտին
գիծեր
ինկած
էին,
յար
եւ
նման
վաւերական
տէտէներուն:
Այդ
մէկուն
կարծիքովը,
անիկա
իր
մուրատը
կ՛առնէր
ծերերուն
փառքէն,
արժանանալով
արիշին
տակ
նստած
ըլլալու
երջանկութեան
--
գերագոյն
երազը
բոլոր
տարեցներուն,
երբ
կը
թաղեն
իրենց
կնիկները
ու
կը
դադրին
տունին
մէջ
արժէք
ըլլալէ:
Յետոյ
կ՛անցնէր
սրճարանները,
որոնք
անկարներով
ու
ոճրագործներով
խռնուած
կ՛ըլլան,
օրուան
այդ
պահերուն:
Կը
մոռնար
ինքզինքը,
ջորին,
որ
տունը,
վիզէն
կախ
տոպրակին
կերովը,
կը
մնար
ժամերով:
Աշխատի՞լ:
Բայց
ե՞րբ:
Բայց
ինչպէ՜ս:
Ու
անոր
այս
ֆիզիքական
պարտասումը
կը
ճնշուէր
դարձեալ
հոգեկան
ներգեւումով:
Անգամ
մը
վրայ
տալէ
ետքը
միսերուն
պաշտպան
խաւը,
անիկա
իր
ոսկորները
հարուածող
տկարութիւնը
հաշտեցուց
իր
ներքին
կրակին
հետ:
Ու
քալեց:
Անոր
մայրը,
հակառակ
իր
յարաճուն
սարսափին,
կը
զգուշանար
փոքրագոյն
իսկ
դիտողութենէ
մը:
Այգիները
երեսի
վրայ:
Ձիթենիներուն
տակը
հատիկները
կը
փտէին:
Բակի
հերուընէ
փայտը
մօտ՝
սպառելու:
Պարտէզները
խոտերու
կոխան:
Ասոնք
նիւթական
վնասներ,
դարմանելի
էին
կանուխ
կամ
ուշ:
Ինչ
որ
փուռ
մը
կրակի
պէս
կ՛եփէր
խեղճ
կինը,
քայքայումին
նմանութիւնն
էր
նախորդ
պատկերներուն:
Ան
գիտէր,
թէ
ո՛ւր
կը
յանգէր
այս
գահավէժ
գնացքը:
Ու
կ՛ատէր
իր
հարսը
զոյգ
արմատէ
ատելութեամբ
մը:
Կեսուրի
օրինաւոր
ոխէն
դուրս,
անիկա
կը
կատղէր
մանաւանդ
անոր
«
կատղածութեան
»
վրայ
ու
ձեռքերովը
ծունկերը
կը
ծեծէր
անիծելով,
անիծելով,
բայց
զովանալ
չկրնալով:
Նազիկը
կ՛անգիտանար
իր
ստեղծած
այս
ողբերգութիւնը:
Հակառակ
բոլոր
օրէնքներուն,
առաջին
առաւօտն
իսկ
ուշ
ելաւ
անկողինէն:
Հետզհետէ
եղաւ
աւելի
համարձակ:
Ան
չէր
խպներ
կեսուրէն
ու
կ՛արգիլէր
իր
մարդը
կանուխ
իր
գործին
երթալէ:
Փոքր
պատեհութիւն
մը,
սուտ
ըսուելու
չափ
վաղանցուկ
անձրեւ
մը,
դրացի
կամ
եօթը
պորտէ
մեռել
ու
կնունք
պատճառներ
էին,
որ
անիկա
տունը
դնէր
վար
իր
մարդը:
Ու
ամէն
նկատում
մէկդի
ըրած,
կեսուրին
ձգելով
նոյնիսկ
սեղան
վերցնելը,
կ՛առնէր
էրիկը,
օրհարսակին,
ու
կը
փակէր
զայն
ժամերով
վերի
սենեակին
մէջ,
կախ
վարագոյրներուն
համար
օտարին
աչքէն
ալ
չամչնալով:
Ու
Կարմիրենց
Տիկինը
շրթները
խածնելէն,
անսպառ
ու
խուլ
անէծքներու
մէջէն,
չկրնալով
հանդարտիլ,
գլուխը
կախ
մէկ
ափին,
կը
նստէր
ժամերով
բակին
մեծ
քարին
վրայ:
Հաստ
պատերը
տարիէ
մը
աւելի
կայ
որ
արեւին
մուտքը
կտրեր
էին
այդ
կիսամութ
բակէն:
Տակառներուն
ու
ջուրի
գուբերուն
խոնաւութիւնը
կը
ծթռէր
այծերուն
ու
կովերուն
մէզովը
ու
աղբերովը:
Տրտմութիւնը
խաւ
կը
կապէր
գետինն
ու
պատերը:
Ընտանիքին
աւանդութիւնը
երբեք
չարտօնեց,
որ
մեծ
դուռը
բաց
մնայ,
երեսին
վրայ,
գոնէ
քանի
մը
ժամ
ու
փողոցի
կեանքէն
քիչ
մը
շարժում
ու
կենդանութիւն
թափանցէ
ներս:
Հաւերն
անգամ
վախկոտ
ու
վարանոտ
կտուցներ
ունէին:
Ու
միւս
կենդանիներուն
վրայ
կ՛ազդէր
անոնց
այդ
տունին
տրտում
խորհուրդը:
Ու
խուլ
ու
մինակ,
չկրնալով
վեր
ելլել,
մաղաղկուն
ու
սրտին
մէջ
«
փուռ
մը
կրակ
»,
ան
չճաթելու
համար
կը
կատարէր
տունին
գործերը
տեսակ
մը
մոռացում
փնտռելով:
Չամչնար՝
աղբիւր
ալ
պիտի
երթար:
Դառն
է
մեզի
համար
ուրիշին
հաճոյքը:
Բայց
դառնագոյնն
այն
է,
որ
ուրիշը
անգիտանայ
մեր
տառապանքը,
որ
կը
փրթի
այդ
իսկ
հաճոյքէն:
Ու
այրած,
սգաւոր
մայրը
«
ներս
կը
դնէր
»
ու
կը
լռէր:
Հարսը,
հեշտութեան
հեղեղի
մը
մէջ,
իր
մարմինը
յատկացուցած
իր
վայելքին,
իր
երեսները
յարդարած
ուրիշ
զգայութիւններու
յաճախանքին,
դժուար
կը
ճարէր
այն
դաժան
բանը,
որ
չարութիւն,
խստութիւն
կը
կոչուի:
Որ
անհաշտ
է
շատ
անգամ
թարմութեան
հետ:
Ու
տարփանքը
զայն
կը
փաթթէր
աներեւոյթ
քաղցրութեամբ,
ու
անոր
շարժումներուն,
միսերուն
խաղին,
աչքերու
հոսումին
կը
հաղորդէր
այն
օծութիւնը,
շնորհը,
որ
ամենազօր
է
բոլոր
տարիքներուն
ալ
վրայ:
Տղաքը՝
այդ
կուրծքերէն
մայրութեան
հովը,
հոտը
կ՛առնեն:
Մարդերը՝
անոր
պատկերին
դիմաց
մէկէն
կը
դառնան
իրենց
արուի
բնազդներուն:
Խառնուածքի
այս
հոսումէն
դուրս,
որ
բարի
կ՛ընէ
բոլոր
պոռնիկները,
անիկա
քիչ
պատճառներ
չունէր
անուշ
ու
հեզահոգի
ըլլալու:
Եթէ
վտանգի
րոպէներուն
անոր
ջիղերը
կը
դառնացնէին
անոր
դէմքին
գիծերը,
զայն
ընելու
չափ
ամբարտաւան
ու
դաժան,
իր
մեղրալուսնին
մէջ
անիկա
ունէր
համակրագին
արտայայտութիւն:
Իր
աղէտը
խորտակեր
էր,
ընդմիշտ,
իր
մէջ
վայրագ
այն
հպարտութիւնը,
որ
հարուստի
տուներուն
մէջ
ծաղիկ
կը
բանայ:
Նոյն
այդ
աղէտը
կոտրեր
էր
այն
ինքնաբաւ
ու
ցուրտ
ու
վիրաւորիչ
ոլորտը,
որ
աղուոր
աղջկան
մը
շարժումները,
մանաւանդ
երեսն
ու
աչքերը
կը
պարուրէ:
Առաջիններուն
թունաւոր
չարութիւնը
ու
երկրորդներուն
անհանդուրժելի
ցրտութիւնը
կը
զգայ
իրենց
շրջապատը,
ամէնէն
առաջ
իրենց
էրիկը,
որ
կ՛ըլլայ
նուաստ
ու
եղկելի,
մէկուն
ոսկիներէն
ընկճուած,
միւսին
շնորհներուն
համար
սողոսկուն
երախտաւոր:
Նազիկին
խոհուն
նայուածքը
ուրիշներու
սրտէն
կը
վերադառնար
իրեն,
դառնացած
ու
տրտում,
կրծելով
հոգիներուն
ժանգն
ու
թոյնը:
Արդարն
ու
մեղաւորը
իր
վրայ
նայելու
մասնաւոր
կերպ
ունէին:
Ամէն
վայրկեան
անիկա
խուլ
բզզիւնի
մը
մէջ
կը
հալածուէր
իր
մեղքէն:
Այս
տեւական
տառապանքը
ազնուացուցած
ու
իմաստուն
ըրած
էր
զայն:
Ու
իմաստուն
էր
անիկա
աշխարհէն
ապրած
իր
կսկիծովը:
Մարդոց
տկարութիւնները,
խեղճութիւնները
ըմբռնելու
համար
տարիքին
դերը
քիչ
է,
որքան
մենք
կը
կարծենք:
Երբեմն
որբուհի
մը
տասնին
մէջ
աւելի
գիտէ
մեր
բոլոր
յաւակնութիւններէն:
Ու
քիչեր
կը
գնահատեն
իր
ճիշդ
չափովը՝
հեգնութիւնը,
որ
ծերերուն
խրատէն
կը
զատուի:
Ո՜վ
գիտէ
սակայն,
թէ
անոնք
պիտի
չընէին
այդ
առատաձեռնութիւնը
եթէ
ապրիլ
կարենային:
Մանկամարդ
կիները
իրենց
մարմիններէն
կը
հանեն
իրենց
իմաստութիւնը:
Անգամ
մը
խաբուած
աղջիկը
անհունապէս
աւելի
գիտէ,
քան
բոլոր
ներքինի
բարոյախօսները:
Ու
մարդկային
միսը
նոյնն
է,
քաղաքին
թէ
գիւղին
մէջ:
Ու
մինչ
մէկ
կողմէ
կը
հատնէին
Սահակին
աղբիւրները,
միւս
կողմէ՝
կրակը
առեր
էր
Նազիկին
մարմինը:
Աստուածածինէն
մինչեւ
Խաչ,
օրերը
թռան
այսպէս
մռայլ,
արիւնոտ:
Խաչի
պահքին
Սահակը
ինկաւ
անկողին:
Պաղ
ջուրն
էր
ատիկա
հրդեհին
վրայ:
Քիչ
-
քիչ
հիւանդտեսի
այցելութիւնները
զբաղեցուցին
հարսը:
Ամէն
նոր
դէմք
անոր
համար
պատճառ
մըն
էր
նուաստացումի:
Կը
կարդար
անոր
վրայ
այն
անհոգ
կամ
չար
բանը,
որուն
գիրքերը
«
եսութիւն
»
անունը
կու
տան:
Բոլորն
ալ
ցաւելու
կու
գային
ու
անըմբռնելին
սա
էր,
որ
ոչ
ոք
կը
տառապէր:
Ցերեկները
այսպէս՝
եկող
-
գացողի
զննութիւն:
Բայց
գիշերնե՞րը:
Այն
ատեն
անոր
մէջ
պոռալ
սկսաւ
տարփանքը:
Ու
անիկա
աւելի
հզօր
էր,
քան
սա
մարդերէն
կրուած
նուաստացումը,
քան
կեղծաւոր
արգահատանքը,
որ
կեսուրները
այնքան
հրէշային
կ՛ընէ,
երբ
ծեծել
կու
տան
իրենց
հարսները
ու
կը
բարեխօսեն
իրենց
տղոցը
մօտ,
հարսներուն
առջեւ:
Ու
անիկա
կ՛ուզէր
իր
բաժինը
աշխարհէն:
Ամբողջ
շաբաթ
մը
անոր
անկողինը
բաժնուեցաւ:
Իրիկուն
մը,
ուշ
ատեն,
այծերը
փողոցէն
պարտէզ
առնելու
պահուն,
անիկա
այցելութիւնը
ընդունեց
դրացի
Սառային:
Ոչ
պառաւ,
ոչ
ալ
շատ
երիտասարդ,
Սառան
ամէնէն
մօտ
կինն
էր
թաղին
--
միակը,
որ
զինքը
իրենց
հրաւիրելու
համարձակութիւնը
ունեցաւ:
Այրի,
չորս
որբերով,
անիկա
օտարի
տուն
կ՛երթար
պատահական
գործերու:
Աւելի
յաճախ
ան
իր
պարտէզը
կ՛ըլլար,
գեղէն
կէս
ժամ
հեռու,
թաւուտ
ծմակի
մը
մէկ
փէշին:
Պարկեշտ
ու
վշտահար
կնիկ՝
անիկա
կը
վայելէր
գեղին
արգահատանքը:
Միշտ
հետն
էր
մեծ
տղան,
տասներկու
տարեկան
քարի
պէս
մանչ
մը,
որ
արդէն
հօր
մը
պէս
կը
հասնէր
տունին
կարգ
մը
պէտքերուն:
Անիկա
Նազիկին
համար
առաջին
օրէն
եղեր
էր
անկեղծ
ու
վշտակից:
Կեսուրը
վերն
էր
այդ
պահուն:
Նազիկ
հրաւիրեց
զայն
օճախով
սենեակը:
Նստան:
Վարանք
ու
վախ
կար
այրիին
շրթներուն
վրայ:
Վառեցին
կանթեղը:
Սառան
կամացուկ
ելաւ
ու
դուռը
գոցեց:
Խորհրդաւոր
բոլոր
շարժումները
Նազիկին
վրայ
շատոնց
կորսնցուցեր
էին
իրենց
կշիռը:
Առանց
իրար
անցնելու
սպասեց:
--
Նազի՛կ
հարս,
քեզի
ըսելիք
ունիմ:
Առաջին
անգամն
էր,
որ
պաշտօնական
վերադիրը
կը
լսէր
անիկա,
անխառն
հաճոյքով
մը:
Ծունկի
իջաւ
օճախի
շեմին
ու
առանց
յուզումի
պատասխանեց.
--
Ըսէ,
Սառա
հարս:
Այրին
անգամ
մըն
ալ
մտիկ
ընելու
դիրք
մը
տուաւ
իր
ականջներուն
ու
գլուխին,
յետոյ
շատ
կամաց.
--
Զաքարը
հետդ
տեսնուիլ
կ՛ուզէ:
Առանց
պատրաստութեան,
ուղղակի
իրողութեան
ցատկելու
այս
որոշումը
նոր
էր,
քիչ
առաջ
կաղապարուած
իր
մտքին
մէջ:
Անիկա
երեք
օր
որոճացեր
էր
մօտենալու
այս
ձեւին,
մուտքին:
Ունէր
շատ
մը
եղանակներ,
որոնք
նոյնքան
ամբողջ
էին
նկարուած
անոր
ուղեղին
խորը:
Ընտրեց
այս
ձեւը:
Նազիկը
կ՛արժէր
ատիկա:
Հարս
Նազիկը,
հակառակ
իր
բուռն
ջանքին,
անակնկալը
չկրցաւ
զսպել:
--
Ա՜խ,
-
թռաւ
իր
բերնէն:
Յետոյ,
փրկելու
համար
իր
տկարացման
խանդավառութիւնը,
դողահար
ու
լուրջ՝
--
Ի՞նչ
գործ
ունի
ինծի
հետ:
Խօսակցութիւնը
սկսած
էր:
Առաջին
բառերուն
վրայ
քիչ
մը
նեղ
ու
անկիւնոտ
էր
երկու
կիներուն
այս
խոստովանանքը:
Սառան
պարտաւոր
էր
ամէնէն
առաջ
աղտէ
զերծ
պահել
սեփական
պատիւը:
Նշանուած
աղջիկ
ունէր
ու
կարօտ
էր
օտարին:
Այս
նկատումները՝
անոր
համար,
որպէսզի
սխալ
չդատեն
զինքը:
Թէեւ
չորցած
ու
կաշի,
անիկա
երեսուն
տարեկան
չկար:
Ու
գեղացին,
ինչպէս
քաղաքացին
հեքիաթը
կը
յօրինեն
հաւասար
դիւրութեամբ
ու
անգթութեամբ:
--
Տունս
ոտք
չէ
կոխած,
-
ըսաւ
անիկա
հաստատ
շեշտով:
--
Չորս
զաւկներս
մէկ
տախտակի
վրայ
լոգցնեմ,
-
շարունակեց
ան
երդումին
ահաւորութիւնը
խորապէս
արտայայտելով:
Մահուան
պատկերը
բուսաւ
ու
կիները
սարսռացին:
--
Ծմակի
արտը
կու
գայ
ամէն
օր:
Նազիկ
մտիկ
կ՛ընէր:
Ու
հակառակ
մուտքի
այս
տարտամութեան,
անիկա
կը
տաքնար
ու
կը
քաղցրանար:
Մտքովը
փորձեց
տեսնել
հոյակապ
երիտասարդը,
վերէն
վար
երկաթի
մէջ,
որ
մացառէ
մացառ,
ամէն
մէկ
քայլին
մահուան
հետ
ճակատելով,
կու
գար
այրիին
պարտէզը,
իր
մասին
խօսելու:
--
Չի՞
վախնար:
--
Որմէ՞:
Բառը
հաւատք
ու
վստահութիւն
էր
ամբողջ,
երիտասարդին
քաջութիւնը
ցոլացնող:
--
Ի՞նչ
կ՛ըսէ:
Սառա
հարսը
չկրցաւ
ուղղակի
նայիլ
անոր
աչքերուն:
Բայց
պատասխանելու
հարկին
տակ,
շուարուն՝
բուն
նախադասութիւնը
վանելու
ճիգէն՝
--
Հետդ
տեսնուիլ
կ՛ուզէ:
Լռեց:
Ստեղծուեցաւ
անախորժ
մթնոլորտ:
Վերէն
կեսուրը
ձայն
տուաւ
հարսին:
--
Մ՛երթար.
հիմա
կ՛իջնեմ:
Նազիկն
էր:
Դուրս
ելլելէ
առաջ
այս
նախադասութիւնը
խայծի
մը
պէս
թրթռուն
էր
ու
ջերմ:
Սառա
հարսը
շատ
չսպասեց:
Կը
վախնար,
որ
Կարմիրենց
Տիկինը
միասին
կը
մտնէր
Նազիկին
հետ:
Ոտք
ելաւ
ու
յառաջացաւ
դէպի
կիսախուփ
դուռը:
Յայտնուեցան
Նազիկին
քայլերը
սանդուխներուն
վրայ:
Ներս
եկաւ
ան:
Փոխուած,
դիւրահաղորդ
ու
տրամադիր:
Երկու
բառով
ներկայացուց
կեսուրին
հրահանգները:
Նորէն
կտրեցաւ
խօսքին
թելը:
--
Ի՞նչ
ըսես
պիտի:
Հարցումը
վերստեղծեց
ամբողջ
տագնապը:
--
Ես
գիտե՞մ:
Չըսա՞ւ
քեզի:
Ի՞նչ
կ՛ուզէ:
Իրարու
ետեւէ
արագ
այս
հարցականները
դուրս
կը
բերէին
անհուն
հետաքրքրութիւն
ու
տկարութիւն:
Սառան
զգաց
ատիկա:
Ու
պատմեց
անոր:
Ամէնէն
առաջ
անոր
զէնն
ու
զրահումը:
Յետոյ,
անոր
դէմքին
ինկած
պղինձէ
կարծրութիւնը,
որ
անգամ
մըն
ալ
կը
շեշտուէր
անոր
զէնքերուն
ցոլացումէն:
Յետոյ,
անոր
մանկան
մը
չափ
բարի
ու
միամիտ
սիրտը:
Մանրամասնութիւններ,
բառի
ծուէններ
կը
լուսաւորէին
այս
զեկուցումը:
Նազիկ
վերացած՝
կը
հետեւէր
պատկերներու
թաւալումին:
Անիկա
մինչեւ
աղիքները
գալարուեցաւ,
երբ
տեղեկացաւ
գերեզմանի
սպասումներուն:
Աչքերը
վերցուց
իբր
թէ
հօրը
հողքին
վրայէն,
գտնելու
համար
խորհրդաւոր
մացառը:
Յետոյ
տեսաւ
անոր
քաղցր
նայուածքը,
որուն
մէջ
իր
մարմինը
կրնար
հալիլ,
շաքարի
կտորի
մը
պէս:
Բայց
աւելի
խորունկ
յուզումներ
ոտք
ելան
իր
մէջ,
երբ
իմացաւ
միւս,
դուրսի
իրենց
դուռի
պարտէզին
մանրամասնութիւնները:
Ամէն
մէկ
տեսիլքի
հետ
իր
մէջ
կրակ
կը
կործէին,
այնքան
կը
տաքնար:
Բայց
յուզումը
կը
թուլնար
ու
հեշտանք
էր
հետեւիլ
պատկերին
կախարդութեանը:
--
Ամէն
գիշեր
կու
գայ:
--
Երբուընէ՞:
--
Պսակին
գիշերէն:
Մէկէն
ամչցաւ:
Կարծեց
տեսնել
տղուն
նայուածքը
պատուհանին
ապակիէն:
Անո՜ր
նայուածքը
իրենց
մամիններուն
վրայ:
Նեղութիւնը
անցաւ
բառերուն:
Մինչեւ
որ
տասնամեայ
Նունուֆարը,
Սառային
նշանուած
աղջիկը
եկաւ
զինքը
կանչելու,
խօսեցան
անոնք:
Նազիկը
կրնար
տեսնել
Զաքարը,
բայց
երբե՛ք
Սառայենց
տունը:
Նախ
բնակարանը
անյարմար
էր:
Պատկից
ուրիշները
կրնային
առաջին
իսկ
պարագային
հասկնալ
ամէն
բան:
Յետոյ,
վտանգաւոր
այդ
ասպատակին
իրենց
տունին
վարժուիլը
անպատեհ
կը
գտնէր:
Անիկա
արդէն
ամէն
գիշեր
կու
գար
ու
կ՛երթար
Կարմիրենց
պարտէզը:
Նազիկին
էրիկը
վտանգ
չունէր,
անկողինն
ըլլալուն:
Կեսուրը՝
խուլ:
Այս
արտաքին
պայմաններէն
դուրս,
երկու
կիները
կարծիք
փոխանակեցին
սիրտ ,
սէր
ըսուած
բաներուն
ալ
վրայ:
--
Ձիւնը
չեկած՝
Սահակը
կ՛երթայ:
Սառան
ըսաւ
ասիկա
ու
պարզ,
բնական
իրողութեան
մը
պէս:
Նազիկը
մնաց
անտարբեր:
--
Ով
գիտէ,
պախթ
դ
ինչ
կ՛ուզէ
քեզմէ,
-
շարունակեց
ան
իր
մտածումին
մէջէն,
տեսնելով
բայց
չըսելով:
Երբ
ճամբու
դրաւ
զայն,
մութը
շատ
լաւ
տեղաւորուած
էր:
Կեսուրը
եկաւ
ու
կերան
ձաւար
-
ապուրը:
Անիկա
տարուած
իր
տղուն
տարտովը,
ուշադրութիւն
իսկ
չըրաւ
հարսին
մտազբաղ
երեւոյթին:
Քաշուեցաւ
վեր,
անէծքը
պինչերուն:
Օդը
աւրուած
էր,
բայց
դեռ
անձրեւ
չունէր:
Նազիկ
ուզեց
մտածել:
Տեսաւ,
որ
չէր
կրնար:
Ուզեց
որոշում
տալ:
Զգաց,
որ
պէտք
չունէր
ատոր:
Ամէն
բան
առաջուընէ
կարգադրուածի
պէս
կը
թուէր
իր
ուղեղին:
Բռնադատեց
ինքզինքը,
ձայն
առնելու
համար:
Մշուշ
մը,
յիշատակներ
ու
ահաւոր
ապագայի
մղձաւանջ
մը
անդադար
կը
խուժէին
մտածման
գոյացուցած
պարապին
վրայ:
Առնե՞լ
տղան:
Վռնտե՞լ:
Երբ
այս
երկու
պարզագոյն
վիճակները
ուրուացան
իր
ներսի
քաոսին
վրայ,
շունչ
առաւ
քիչ
մը:
Որքան
ալ
դժնդակ՝
աւելի
տանելի
էր
այդ
պատկերը:
Ու
մտիկ
ըրաւ
իր
մարմինին:
Ու
զմայլելի
երազը,
որ
ծաղկեցաւ
առաջին
իսկ
ունկնդրումին:
Ու
զգաց
այն
անհուն
քաղցրութիւնը,
միսերուն
լլկանքէն
անդին
սիրականին
մէջը
իւղի
մը
պէս,
կաթիլ
մը
մարգրիտի
պէս
թափելու,
լուծուելու
երանութիւնը,
որ
կ՛ամրանար
ստոյգ
փորձառութեամբ
մը:
Այդ
վայրկեանին
անոր
մէջ
սիրաւէտ,
տարուած,
գզլխուած
աղջիկը
կը
ծնէր:
Մէկէն
կարծրացաւ:
Աղջի՜կ:
Չէր
անիկա:
Ու
երազը
պատռեցաւ,
մուխի
վերածուող
շղարշի
մը
պէս:
Դարձեալ
ամայութիւն
ինկաւ
անոր
հոգիին:
Ու
ահա
իր
ներկան,
Սահակը,
գերեզմանը
ու
աւելի
անդին:
Ու
Հայրապենց
գերդաստանը:
Ու
գլխուն
գին
կտրուած
ասպատակը:
Ասոնք
արտակարգ
արագութեամբ
մը
իրարու
կը
յաջորդէին
անոր
մտքին
տախտակներուն
վրայ:
Մէկէն
ուրուացաւ
երկրորդ
վիճակը:
Վռնտե՞լ:
Բայց
ո՜ր
ձեռքերով:
Բայց
ո՜ր
սիրտով:
Ու
գեղին
պզտիկ
պատմութեան
մէջ
շատ
հազուադէպ
դրուագներ
արթնցան
իր
յիշատակներուն
մէջ:
Դժնդակ
ու
փշալից՝
երկուքով
անկողի՜նը:
Էրիկը
խաբելու
այնքան
հեռաւոր,
անըմբռնելի
վիճակը,
հաշիւո՜վ,
ուզելո՜վ,
յարմարելո՜վ:
Ընդվզեցաւ
իր
միտքը:
Մեղքը
կը
հասկնար:
Ըրած
էր
զայն:
Բայց
բոզութի՜ւնը:
Կարմրած,
ինչ
ընելուն
մասին
բոլորովին
անգիտակ,
անիկա
վախնալով
դուրսէն,
բայց
պարտէզին
դուռին
մօտ
քաշուելով,
ելաւ
վեր
հիւանդին
սենեակը:
Գիշերըը
սկսած
էր
խորանալ:
Կեսուրը
կանուխկեկ
մտաւ
անկողին:
Անոր
պռկները
բաժնուած
էին
ու
խօսիլը
հատնում
էր
անոր
համար:
Անձրեւը
կու
գար,
լայն,
մութին
վրայ
զարնելով
նուագը
իր
թելերուն:
Տանիքը
կը
թրթռար
անհուն
ճպոտի
մը
ներքեւ:
Ու
այդ
մրմունջին
մէջէն,
այծերուն
բոժոժները
թաց,
լացի
պէս
կը
փղձկէին
կարծես:
Ուրիշ
գիշեր
անիկա
կեսուրը
պիտի
ղրկէր,
կը
ղրկէր,
կենդանիները
բակ
առնելու,
ատանկ
անձրեւին
ատեն:
Առանց
անհանգիստ
ընելու
պառաւը
--
ինչպէս
ալ
դիւրաւ
կը
վարագուրենք
մեր
մտածումները
--
անիկա
առաւ
կանթեղը
ու
ելաւ
սրահ:
Հովը
հաստ
ու
առատ,
սանդուխին
իսկ
գլուխը
մարեց
անոր
կանթեղը:
Ձեռքերը
գրպանը
գացին
լուցկին
հանելու,
բայց
չհանեցին:
Հակառակ
նախապաշարումին,
որ
հարսները
վախկոտ
կ՛ընէ
քառասունքի
ընթացքին,
անիկա
կը
վայելէր
տեսակ
մը
ապահովութիւն,
մարդերով
լեցուած
օդի
մը
մէջէն
քալելու:
Իջաւ
բակ:
Ձեռքերովը
կը
տեսնէր
պարտէզին
վրայ
բացուող
դուռը:
Հաստ
գերանը
կը
մնար
դեռ
պատին
փորին
մէջ:
Եղկ
շօշափումով
մը
շարժեց
փոքր
մղլակը,
որ
տեղի
տուաւ:
Դուռը
բաց
էր:
Ու
անոր
մէջ
իր
ամբողջ
հասակովը
կեցած՝
Զաքարենց
Զաքարը:
Նազիկը
ատեն
չունեցաւ
ճիչ
իսկ
արձակելու:
Արիւնը
սառած
էր
երակներուն
մէջ:
Տղան
երկարեց,
արագ
ու
ճարպիկ,
իր
թաց
թեւերը
անոր
մէջքին:
Յետոյ,
մէկ
ափը
վերցուց
ու
տարաւ
փակելու
անոր
բերանը,
գոցեց
ու
մեղմ
փսփսաց.
--
Չպոռաս,
-
յետոյ
աւելի
մեղմ
ու
քնքուշ,
գրեթէ
կանացի,
-
մի՛
վախնար:
Այծերը,
արձրեւէն
զգուշանալով,
անցան
անոնց
քովէն,
քաշուելով:
Հովը
կը
յուզէր
Նազիկին
փէշերը
ու
ջուր
կը
նետէր
անոր
ծոծրակին:
Պաղը,
խռովքը
կը
դողացնէին
անոր
մարմինը:
Զաքարը
մտաւ
բակ,
աղջիկը
հիւսած
իր
բազուկներուն
մէջ:
Դուռը
փակեցին:
Ինչո՞ւ
չէր
պոռար,
հիմա
որ
ազատ
էր
բերանը:
Ինչո՞ւ
չէր
փորձեր
փախչիլ:
--
Ո՞ւր
է
կեսուրդ:
Մարդկային
ձայն
էր
այդ
երկաթէն
բխած
հնչումը:
Ու
չունէր
արհաւիրքի
կնիք:
Ընդհակառակն,
փաղաքուշ
ու
ընտանի:
Անկարելի
էր
անպատասխան
թողուլ
կարգ
մը
հարցումներ,
կարգ
մը
պահերու:
--
Պառկած
է:
Բառը
մեղմ
էր,
էգ
յուզումէն
գրեթէ
քրտնած:
Ու
բառը
միս
էր,
շարժուն
ու
թափանցող:
Տղուն
ականջները
կարծես
անոր
շրթները
կ՛առնէին
ներս
դէպի
հոգին:
Այս
զգայնութիւնը
այնքան
հզօր
էր,
որ
տաժանքի
փոխուեցաւ
իսկոյն,
--
տաժանքը
իրենց
առագաստի
գիշերուան:
Վա՞խը
թէ
ամօթը
կը
թօթուէին
անոր
ահարկու
իրանը:
Բայց
անոր
բազուկներուն
մէջ,
փոքր
անդրիի
մը
պէս
շաղապատուած
Նազիկին
մարմինը
չունէր
շարժում:
Ոչ
ալ
բերանը:
Այն
ատեն
անձրեւէն
թաց
տղուն
շրթունքը
փնտռեց
ու
գտաւ
տաքուկ
սենեակէն
դեռ
չպաղած
անոր
բերանը:
Համբոյրը
մեղմ
էր,
երկար
ու
միամիտ,
գրեթէ
ամօթխած:
Յետոյ,
անոր
մատները
վարանքով
պտտեցան
անոր
լանջքն
ի
վեր
ու
վար:
Անպատմելի՜
էր
կարօտն
ու
յուզումը
այդ
փնտռտուքին:
Ու
այնքան
քաղցրութիւն
կար
անոր
մէջ:
Բայց
խենթացաւ
գրեթէ,
երբ
Նազիկին
կուրծքին
եղկ
կրակը
թափանցեց
անոր
մատներուն
խոնաւ
պատեանէն,
փաթթեց
զայն
ամուր:
Վերցուց
անոր
ոտքերը
գետնէն
ու
փակցուց
կուրծքին:
--
Նազի՛կ,
-
էրիկն
էր,
որ
անկողինէն
կը
ձայնէր
իրեն...
Քակուեցան
իրարմէ
արագ
ու
ջախջախուած:
Նազիկը
ափովը
առաջնորդեց
զայն
դուրս
բակէն
ու
կղպեց
դուռը
ետեւէն:
Երբ
կը
բարձրանար
սանդուխներէն,
ցաւ
ինկաւ
ազդրերուն
մէջ:
Տուաւ
էրկանը
ուզած
ջուրը:
Խփեց
լոյսը
ու
անցաւ
իր
բազմոցին:
Սահակը
կռնակը
դարձուցած
էր
իր
կնիկին:
Ու
տաք
էր
թեթեւ
կրակով
մը:
Ապակիին
փակցուցած
իր
ականջը,
մտիկ
ըրաւ:
Անձրեւը
կ՛իյնար
աւելի
պղտոր,
բայց
աւելի
տարածուն:
Թանձր,
բայց
խաւ
-
խաւ
մշուշի
մը
նման,
որ
սանտրեր
ունենար,
պարտէզները
կը
հիւսուէին
իրարու
վրայ,
քալելով
դէպի
լեռը:
Զաքարին
ճամբա՜ն:
Բակին
մէջ
այծերը
իրենց
փոքր
շարժումները
վերջացուցին
ու
տունը
մտաւ
դառն
ու
խոնաւ
թախիծի
մը
մէջ:
Այն
ատեն
միայն
անդրադարձաւ
պատահածին:
Բուռն
կիրքերուն
մէջ
դիտուած
պարագան
է
ասիկա,
երբ
կեդրոնական
ամպը
կը
բռնէ
-
կը
կենայ
հոգին,
բայց
չ՛ընկլուզեր
մեր
գիտակցութիւնը,
որ
գալիքին
սարսափին
մէջէն
կը
փաթթուի
տկարագոյն
իրականութեան
անգամ:
Ամէնէն
առաջ
վերաշինեց
վայրկեանները
ու
անոնց
մէջ
օրուած,
գրեթէ
երազի
պէս
հալած
վիճակը:
Դժուար
էր
ատիկա,
առանց
զգայութիւններու
նպաստին:
Դիմեց
զգայարանքներուն,
ամէնէն
աւելի
բաբախած
իր
մասերուն,
որոնք
դեռ
չէին
գտած
իրենց
դադարը:
Ամչցաւ:
Իր
լրբութիւնը
պահ
մը
միայն
զբաղեցուց
զինքը:
Յետոյ
պարտաւորուեցաւ
ճիշդ
դատելու
այդ
խղճահարութիւնը:
Փոխադրեց
իր
ուշադրութիւնը
մարմնին
չէզոք
մասերուն:
Անոնք
ալ
կը
փոխուէին
մէկէն
ու
կրակ
կը
դառնային:
Ու
չէր
յաջողեր
վանել
զգայարանքներուն
բռնութիւնը:
Այն
ատեն
տեսաւ,
որ
ետ
նետած
էր
ատոնք՝
անոնց
խուժումը
աւելի
հոծ
վայելելու
համար:
Ոչ
մէկ
վախ
իր
մէջ:
Ոչ
մէկ
ապաշաւ
կամ
նուաստացում:
Յետոյ
տարբեր
մարդեր
ու
տեղեր
իրարու
մօտեցուց,
առաջ
լաւ
չըմբռնելով
ըրածը:
Բայց
չկրցաւ
չնայիլ
էրիկին.
մեղքցաւ
անոր
յանկարծական
տկարութեան:
Իրեն
համար
յստակ
չէր
սակայն.
հիւանդի՞ն
թէ
խաբուողին
կը
խղճար:
Գութի
այս
զառիթափէն
տեսարան
եկան
միւս
զգայութիւնները,
աւելի
ճիշդ՝
մտածութիւնները,
որոնք
կը
սորվինք
ուրիշներու
բերնէն,
քիչ
անգամ
մեր
հաշւոյն
օգտագործելով
անոնց
ուժը:
Խուժումը
կատարեալ
էր:
Անոնք
կը
նստէին
վրան
ու
ահաւոր
հեռանկարներ
կը
պարզէին:
Բայց
լռութեան
մէջ
այդ
եռուզեռը
հաշուի
չէր
առներ
անոր
մարմինը:
Մէկէն
դադրեցաւ
շփոթը:
Յստակ
էր
հիմա
ինչ
որ
ունէր
առջին,
Զաքարին
ճամբովը:
Դողդղաց:
Տղան
տեսեր
էր
շուլլուած
դէպի
լերան
ճամբան,
այդ
անձրեւին:
Դուրսի
խոնաւութիւնը
անցաւ
իր
հոգիին:
Կը
մսէր:
Ոտքի
ելաւ
տաքնալու:
Բայց
կը
վախնար
քալելէն:
Իր
ոտքերը
դուրս
տարին
զինքը:
Տախտակները
աղմուկ
չունէին:
Դարձեալ
ելաւ
բակը:
Այծերուն
դեռ
թաց
ստեւը
քսուեցաւ
իր
բումբերուն:
Կարծես
սղոց
մը
իր
զգայարանքները
կը
կտրտէր:
Գիշերաշրջիկի
պէս
կանգ
առաւ
պարտէզի
դուռին
ետեւը:
Չգիտցաւ,
թէ
ինչպէս
բացաւ
զայն:
Ցուրտ
հովը
խուժեց
վրան
եւ
սթափեցուց
զինքը:
Աղօտ
էր
հիմա
մշուշը
ու
ժայռերը
պուտ-պուտ
կու
լային,
մարդկային
աչքերու
նման:
Սպասեց
յուսաբեկ,
բայց
յամառ,
մինչեւ
որ
պաղը
ողնասիւնին
երկայնքը
չուանի
մը
պէս
կախեց
ինքզինքը:
Սարսռաց
ու
դարձաւ
սանդուխ:
Չէր
զգար,
թէ
ե՞րբ
ու
ինչպէ՞ս
ելած
էր
վեր,
կրկին
գրաւած
իր
տեղը:
Ամբողջ
գիշեր
անիկա
անընդհատ
յաճախուեցաւ
մղձաւանջէն:
Չորս
անգամ
պատուհան
բացաւ
ու
պարտէզը
աչքէ
անցուց:
Ան
չմօտեցաւ
էրիկին,
որ
կ՛արթննար,
կը
քնանար
ու
նորէն
կը
խռլտար:
Լուսդէմ
թաց
էր
անոր
մարմինը
ու
ծեծ
կերածի
պէս
լխկած
ու
կակուղ
էին
անոր
ոտքերն
ու
ձեռքերը:
Օրը
լուսցաւ:
Հիւանդը
թեթեւցած՝
փորձեց
ոտքի
ելլել:
Բայց
անոր
ծունկերը
կը
կթոտէին:
Պահ
մը
նստեցաւ
բազմոցին
անկիւնը,
վերցուց
վարագոյրը
ու
կը
նայէր
լերան
ճամբային:
Նազիկը
նեղուեցաւ:
Շտապով
տեղաւորեց
քայքայուած
անկողինը
իր
մարդուն,
ու
առանց
բառի,
ձեռքէն
բռնելով
բերաւ
զայն
իր
տեղը:
Ամբողջ
ցերեկը
անիկա
մեղր
ու
շաքար
էր
կեսուրին
հետ:
Ու
սիրաւէտ՝
իր
մարդուն
դիմաց:
Բայց
առանձնութեան
րոպէներուն
անիկա
կը
դղրդուէր
անհանդարտ
բանէ
մը,
որ
կ՛եփէր
ներսը:
Սպասո՞ւմ:
Իրիկուան
կոչնակին,
երբ
կեսուրը
ժամ
գնաց,
անիկա
քաշուեցաւ
աղանդերներուն
սենեակը:
Բացաւ
փայտեայ
հաստ
փեղկերը
եւ
ապահով՝
նայեցաւ
լերան
կողմը:
Ինչո՞ւ:
Ինքն
ալ
չէր
հասկնար:
Գիշերը
եկաւ:
Ամպեր:
Անձրեւը
դադրեր
էր
կէսօրէն
ետքը:
Բայց
դեռ
կղմինտրներըը
արցունք
ունէին:
Երկինքը՝
ճերմկուորած
թեթեւ
լուսինով
մը,
գեղին
վրայ
խառնակ
էջք
մըն
էր,
բայց
գեղէն
վեր՝
յայտնի
ու
մեծ
կամարում
մը:
Բայց
պարտէզին
մէջ՝
մօտ
էր
ու
ընտանի:
Նազիկին
մէջ
լռած
էին
բոլոր
մարդկային
նկատումները:
Ու
անոր
հոգին
ողողուած
էր
սպասման
անձուկով:
Թեթեւցաւ
ան
քիչ
մը,
երբ
տեսաւ
կեսուրը,
որ
փոխադրեց
իր
անկողինը
տղուն
մօտ
ու
մտաւ
մէջը,
մէկ
ձեռքը
պատրաստ
Սահակին
հասնելու:
Ու
հիւանդը
հիւանդ
էր
ընտանիքին
հիւանդութեամբ:
Տաքութիւնը
կրկին
բռներ
էր
անոր
միսերը:
Աթոռակի
մը
վրայ
անհոտ
ջուրի
շիշ
մը,
բժիշկին
դեղը
--
լոյսին
տեղափոխումին
հետ՝
արիւն
կը
կապէր
ներսէն,
պուկի
եղած
սիրտի
մը
պատկերը
բերելով:
Անուշ
շաքարջուր
մը
խեղճ
այդ
սրուակը:
Բժիշկը,
ծերուկ,
լաւ
կը
ճանչնար
հիւանդութիւնը:
Անիկա
ուրիշ
դեղ
չունէր
Կարմիրենց
ախտին
դէմ:
Անոր
կարծիքով
մեղքը
արիւնինն
էր,
որ
աւրուած
էր
ակէն:
Ու
քունը
խորունկ
էր
ուժասպառ
տղուն:
Մայրը,
հակառակ
իր
ջանքերուն,
քնացաւ
անմիջապէս
պառաւներուն
առաջին
կունքովը,
որուն
անկարող
են
դիմադրել
անոնք:
Նազիկը
անցած
իր
անկիւնը,
մէկ
ձեռքը
միշտ
սրտին
վրայ,
միւսովը
կը
ճմռքէր
վարագոյրին
եզերքները:
Տունը
ընկղմած
էր
ծանր
ու
հիւանդոտ
լռութեան
մը
մէջ:
Յանկարծ
անոր
թուեցաւ,
թէ
ձայն
կար:
Լուսինը
ինկած
ամպի
մը
խորը,
ըրած
էր
պարտէզը
տարտամ
ու
խորհրդաւոր:
Կարելի
չէր
ծառերը
զանազանել:
Ականջը
փակցուց
ապակիին:
Ձայնը
որոշ
էր
հիմա:
Ուզեց
ցատկել:
Պատին
քսուող
սանդուխի
հեծք
մը
գամեց
զինքը
իր
անկիւնին:
Յիշեց
իսկոյն
Սառան:
Գո՞հ
էր,
հպա՞րտ
էր:
Նոյն
պահուն
հասան
իրեն
սանդուխին
ճօճումները
ու
երկար
հեծկլտուք
մը,
զոր
կ՛արձակեն
պրկուած
փայտերը,
ճնշումի
տակէն:
Արիւնը
կեցաւ
անոր
մէջ:
Անիկա
վախցեր
էր
տղուն
հաշւոյն:
Անոր
միտքը
կը
գործէր
արտակարգ
յստակութեամբ:
Մէկէն
իր
սարսափը
կտրեցաւ,
իբր
թէ
վրան
ջուր
թափուած
ըլլար:
Ու
բուսաւ
իր
մէջ,
լիալիր
ու
շքեղ,
ասպատակին
պատկերը,
գիշերային
ու
հեքիաթունակ,
քանի
որ
արեւու
լոյսով
երբեք
չէր
տեսած:
Ապակիին
վրայ
թեթեւ
զարկ
մը
նիւթացուց
տեսիլը:
Մէկդի
ըրաւ
ան
վարագոյրին
ծայրիկը
ու
անշարժացաւ:
Կարծես
թէ
մէկը
կապեր
էր
իր
ջիղերը:
Անիկա
ճանչցեր
էր
Զաքարը:
Մատովը
նշան
ըրաւ,
վարը
ցոյց
տալով:
Տղան,
մանուկի
մը
պէս
հլու,
սահեցաւ
վար
սանդուխին
քովէն:
Նազիկ
լսեց
սանդուխին
զատուիլը
պատէն
ու
ելաւ
տեղէն:
Էրկանը
մօտէն
անցած
ատեն
արձանացաւ:
Սահակին
աղտոտ
ու
կիսաբաց
բերնէն
կցկտուր,
խարզած
ու
սուլող
շունչ
մը
կ՛ելլէր,
որ
կարծես
սղոցի
մը
ակռաներուն
քսուելով
կը
բզկտուէր:
Դալուկ
ու
խոնաւ
անոր
այտերը
թափանցիկ
էին
ու
նիհար
լոյսը
կանթեղին
ոսկորներուն
մէջէն
դեղին
կը
բաբախէր:
Մօտեցուց
աւելի՝
փոքր
լոյսը,
աչքերը
փնտռելով
բայց
զգոյշ:
Ու
տրտում,
բայց
սրտառուչ
էր
անոնց
ծիրը,
գոցուած
արտեւանունքներուն
տակովը,
աւելի
տժգոյն
երեսէն
աւելի
կապոյտ
ցայտելով:
Ու
դուրս
ինկած
ձեռքին
վրայ,
չորութիւն
մը,
դեղնութիւն
մը
կար
ոսկորներու:
Ինչպէ՞ս
յիշեց
այդ
խեղճ
տեսարանէն
առաջին
գիշերը
իրենց
այրի
անկողինին:
Ու
ինչո՞ւ
Սահակին
ազատ
ու
բարի
հոգին
դողդողալու
պէս
թուեցաւ
իրեն,
ելած
դուրս
այդ
աւերակէն,
հանգչած
բարձին
կէսին,
ճիշդ
այն
կէսին,
ուր
պէտք
էր
ըլլար
հիմա
Նազիկին
գլուխը:
Մէկ
կողմէն
աճապարանքը
կը
տագնապէր
անոր
դիտելու
այս
տրամադրութիւնը:
Ուզեց
ձգել:
Չէր
կրնար:
Ու
լուսնոտի
պէս
թօթուըւեցաւ
իր
ջիղերուն
վրայ,
երբ
անոր
մարմինին
արու,
տաք
ու
սրտառուչ
խռովքը
արթնցաւ
իր
մէջ,
ջերմէն
տաղտապուն
սա
ոսկրակոյտին
խորերէն:
Կեսուրը
շրջեցաւ
իր
կողին
վրայ,
լոյսէն
նեղուած
հաւանաբար
ու
երեսը
տուաւ
պատին:
Այս
շարժումը
հարսին
մէջ
ոտք
հանեց
անհասկնալի
կատաղութիւն
մը:
Զարմացաւ,
թէ
ուրկէ՞
ինկաւ
իր
մէջ
այս
տաժանագին
զգացումը:
Բայց
մեղմացաւ
իսկոյն:
Իր
կասկածը
անիմաստ
էր:
Մայրը,
վաւերական
իր
խլութիւնովը,
կ՛անգիտանար
սանդուխին
երերքը,
ինչպէս
կ՛անգիտանար
զայն
տղան:
Ատկից
զատ
պառաւին
կոկորդէն
զատուեցաւ
հանդարտ
ու
առողջ
խժլտուք
մը,
այնքան
ապահով
կշռոյթով
մը,
որ
վստահութիւնը
վերադարձաւ
իրեն:
Ա՛լ
չնայեցաւ
իր
մարդուն:
Թեթեւ,
զարմանալի
կերպով
խաղաղ
ոտքերով
անցաւ
տախտակամածը:
Բացաւ
դուռը
լայն
ու
ապահով
մատով
մը:
Գոցելու
համար
կրկին
չըրաւ
վախկոտ
զգուշութիւնը:
Սրահը
գաղտնապահ
էր:
Մինչեւ
պարտէզին
դուռը
անիկա
անիրական
հոսանուտէ
մը
ինքզինքը
վերցուած,
հրուած
զգաց:
Ի՞նչն
էր
աղբիւրը
այս
զգացումին:
Երբ
դուռը
փոքր
ճռինչով
մը
դարձաւ
կռնակին
վրայ,
Նազիկը
մօտ
էր
նուաղելու:
Տղան
առաւ
զայն
իր
բազուկներուն
մէջ:
Ու
դեռ
սեմը
չանցած՝
լափեց
անոր
այտերը
զգլխիչ
պտուղի
մը
նման,
այնքան
ուժգին
ու
կարօտով,
որ
չէր
խորհեր
իր
զրահներուն,
փամփուշտներուն,
ատրճանակի
կոթերուն,
որոնք
իրենց
սուր
անկիւնները
եւ
փուշերը
կը
մխրճէին
Նազիկին
քիչ
պաշտպանուած
միսերուն
մէջ:
Ու
սեղմեց
զայն
այնքան
սրտանց,
այնքան
ինքզինք
հաւաքած
անոր
վրայ,
որ
Նազիկը
թուլցաւ:
Շունչը
կտրելու
պէս
էր
ու
կախուեցան
անոր
բազուկները:
Ասպատակը
հազիւ
անդրադարձաւ
այս
տկարութեան:
Առաջացաւ
դէպի
բակը:
Իջեցուց
կուրծքէն
լխկած
մարմինը
ու
դրաւ
բազմոցին:
Անիկա
չէր
ճանչնար
օճախով
սենեակը:
Այսպէս
երկարած,
ճնշումէ
ազատ,
Նազիկին
մարմինը
կը
դառնար
իր
իգութեան,
հոտին
ու
իմաստին:
Անոր
մատները
շարժումներ
ըրին
ու
ջերմութեան
բխում
մը
դուրս
ծորեցաւ
անոր
զգեստին
բացուածքներէն:
Տղան
ծռեցաւ
վրան
ու
համբուրեց:
Անոնք
չէին
խօսեր:
Բայց
չէին
ալ
գիտեր
իրենց
ընելիքը:
Երկուքէն
ալ
հեռացած
էին
առաջին
շփոթները,
որոնք
յուզման
պահերուն
մէջ
կ՛ընէին
այնքան
անբան
ու
ծիծաղելի:
Հեռու
էին
դարձեալ
այն
դժնդակ
հոգեկանութենէն,
որ
քաղաքներու
մէջ
տարասեռ
մենութիւնները
չարչարանքի
խարոյկ
մը
կ՛ընէ:
Նստեցուց
զայն
ծունկերուն:
Աղջկան
մարմինը
քիչ
-
քիչ
կը
կարծրանար
ու
անոր
մատները
յանդուգն
կը
դառնային
իրենց
փոքր
շարժումներուն
մէջ,
որոնց
իմաստը
կը
փոխարինէ
նայուածքին
ու
բառին
դերը
սիրոյ
պահերուն:
Ու
անոր
կուրծքը
կը
հպատակէր
տղուն
բազուկներուն,
առաձիգ
ու
ազնուական
խմորէ
գունդերու
նման,
որոնք
կը
ճնշուին,
բայց
կ՛ուռին
կրկին:
Ոչ
մէկ
վախի
զգայութիւն:
Ոչ
իսկ
ցուրտը:
Իջաւ
ծունկերէն
ու
ձեռքէն
բռնած
տարաւ
զայն
օճախով
սենեակը,
նոյն
բակին
վրայ:
Իրարու
հիւսուած
կը
քալէին
գրեթէ,
երկուքն
ալ
իրարմէ
երկվայրկեան
մը
իսկ
բաց
մնալ
չուզելով:
Ասպատակին
համբաւը
գուցէ
պահին
կը
ճարէր
բացառիկ
ապահովութիւն:
Գուցէ
ուրիշ
մտածումներ,
որոնք
ամբողջ
չէին
երեւար
Նազիկին
ուղեղին
տակ,
բայց
շատ
հեռուներէն
կը
պատրաստէին
իր
մէջ
այս
երանաւէտ
տրամադրութիւնը:
Յանկարծ
յիշեց,
որ
վեց
տարի
Զաքարին
երազը
ապրեր
էր
մէջը,
թէեւ
խեղդուած,
գրեթէ
ատելի,
բայց
ապրեր
էր:
Ու
այս
յիշողութեան
քովիկը
զետեղուեցաւ,
առանց
որ
ինք
ուզէր,
վերի
անկողինը
իր
դատապարտուած
բնակիչովը:
Կը
նեղուէր
ու
չէր
գիտեր
ինքզինքը
գործածել:
Դիտուած
է,
որ
կիրքը
սեղմում
մըն
է
յաճախ,
որ
կ՛արտօնէ
քանի
մը
զգայութեանց
բացառիկ
աճումը:
Նստեր
էին
քով
-
քովի:
Յանկարծ
իրեն
այցելեց
լայնքի,
զեղումի
այն
պատկերը,
որ
ունեցեր
էր
եղերական
գիշերին
մէջ:
Գլուխը
դրաւ
անոր
ուսին:
Կարգը
նոյնը
կ՛ըլլար
ինքնաբերաբար:
Ու
անոր
մարմինը
անցաւ
նման
պրկումներէ:
Ան
չմտածեց
սուղ
ծախել
ինքզինքը:
Լքեց
ինքզինքը
անոր
բազուկներուն,
հաճոյքէ
գերիվեր
նուիրումով
մը,
ինքնամատոյց
ու
բացարձակ...
Երբ
իր
սենեակը
դարձաւ
տղան
ճամբելէ
յետոյ,
գտաւ
էրիկը
գրգռուած
ու
զառանցող:
Աչքերը
գոց
էին,
բայց
դէմքին
մկանները
դողդղագին
շարժումներ
կ՛ընէին:
Բաց
բերանը
կը
թոթովէր,
բայց
չէր
կրնար
տիրապետել
բառերուն:
Յայտնի
էր,
որ
մղձաւանջէ
մը
կը
տառապէր:
Ինչո՞ւ
միտքը
ինկաւ
Կաղանդի
գիշերուան
խորհրդաւոր
երազը:
Կրկնապատկեց
իր
ուշադրութիւնը՝
հետեւելու
համար
զառանցանքին
ու
մկաններուն
թելադրութեանը:
Կցկտուր
վանկերը
կը
շարունակուէին
փրթիլ
ու
կորսուիլ:
Երբեմն
անոնք
կը
վերածուէին
բառի
բեկորներու:
Ու
սրտառուչը
հո՛ն
էր,
որ
անոնք
կը
պատմէին
Նազիկին
համն
ու
գեղեցկութիւնը:
Ո՜վ
նանրամտութիւնը
մարդերուն:
Հաճելի
ու
ժպտուն
էր
այս
զգայութիւնը՝
մոռցնելու
աստիճան
աւերակոյտը,
որմէ
կը
բարձրանար
անիկա:
Մտքովը
եկաւ
-
անցաւ
հայելի՜ն,
որուն
մտերիմն
էր
ան
հարս
ըլլալէն
ասդին:
Բայց
հակառակ
փափաքին՝
վախցաւ
ձեռք
երկարելէ
պզտիկ
գործիքին:
Սարսափն
ունէր
ոգիներուն,
զորս
նախապաշարումը
կը
զետեղէ
այդ
առարկային
ներսը
եւ
որոնք
գիշերուան
կը
սպասեն՝
արձակուելու
համար
«
արծաթ
այդ
բանտէն
»:
Մեղքցաւ
խաբուած
մարդուն:
Պատասխանը
չսպասելով
ծռեցաւ
վրան:
Ծանր
ու
գարշ
հոտ
մը
քրտինքի
ու
բերնի
զարկաւ
իր
երեսներուն
ու
անմիջապէս
հետը՝
այցելեց
իրեն
ասպատակին
շունչին
ջերմ
ու
արու
համը:
Աճապարանքով
ձգեց
էրիկը
ու
գնաց
իր
բազմոցի
դիրքին:
Կեսուրը
դադրեր
էր
խռլտալէ:
Սահակին
երկար
արտաշնչումը
միայն
կտրատ
կը
քակուէր:
Երբ
կռնակը
տուաւ
բարձին
ու
ոտքերը
երկնցուց,
այն
ատեն
միայն
հասկցաւ,
թէ
ի՛նչ
զօրաւոր
էր
տակաւին
փոթորիկը
իր
ներսին:
Քանի
մը
տեղեր
իր
միսերը
կը
դողային,
հզօր
ու
խորհրդաւոր:
Իրեն
այնպէս
կու
գար,
թէ
ինք
իր
մէջ
բաժնուած
էր
շատ
մը
կտորներու,
որոնք
բազմութիւն
մը
կը
շինէին
իր
մարմինը:
Ամէնէն
աւելի
անիկա
սեւեռեց
իր
ուշադրութիւնը
սիրտին,
որ
կ՛երեւէր
կարծես
քանի
մը
տեղեր:
Ու
կը
բաբախէր
իր
մէջքը,
այնքան
հզօր
ու
խորհրդաւոր,
այնքան
յայտնի,
որ
անկէ
ազատելու
համար
փոխեց
դիրքը
ու
բարձրացաւ
ծունկերուն
վրայ:
Բայց
կը
յամառէր
զարկը:
Ու
կը
կոտտար
երիտասարդ
ու
անյագ
աղջկան
իր
մարմինը
ու
կը
նեղէր
անոր
շնչառութիւնը,
արգիլելով
զայն
հետեւելէ
իր
մտածումներուն:
Փորձեց
վերցնել
վարագոյրը,
բանալ
պատուհանը,
գիտնալով
հանդերձ,
որ
տղան
հեռացած
էր
շատոնց:
Զարկը
կը
դիմանար:
Կը
ծուլանար
սակայն
ելլել
-
դառնալու,
այնքան
ներքին
հանգիստ
մը
պարտքի
մը
պէս
կը
ծանրանար
անոր
անդամներուն
եւ
միտքը
յիշատակներու
լուացող
ալիքին
պէտք
ունէր:
Բայց
անկարելի
եղաւ
իրեն
կեդրոնանալ:
Անգամ
մը
զարմացաւ
ու
ցաւեցաւ
ինքն
իր
վրայ:
Ինչո՞ւ
չէր
անդրադարձած
ըրածին
ու
անոր
հետեւանքներուն:
Ո՛չ
մէկ
զղջահարում:
Ո՛չ
մէկ
գութի
կաթիլ
իր
մէջ:
Բացաւ
իր
թեւերը,
միտքը,
գիրկը
պատկերներու,
որոնք
մօտիկ
էին,
գրեթէ
ձեռքին
տակը:
Կու
գային,
կը
կենային,
կ՛ըլլային
կիրքէն
տենդահարուած
վայրկեաններ
ու
կը
լուծուէին
պարապին
մէջ:
Բայց
անոնք
աչքերուն
չափ
կը
տպաւորէին
իր
միւս
զգայարանքները:
Կը
կրկնուէին,
բացառիկ
ու
մանրակրկիտ
հարազատութեամբ,
օճախով
սենեակին
զգայութիւններն
ու
անոնց
անհերքելի
իրականութիւնը
արձագանգէ
մը
աւելի
զօրաւոր
կը
հնչէր:
Ծիծերը
ճմլուած
ու
քամուած
ողկոյզներու
նոյն
կոշկոճանքը
կ՛ապրէին:
Ու
անիկա
ակռաները
խածնելով
չպոռալու
համար
ցաւէն,
կ՛աշխատէր
մեղմել,
քաղցրացնել
անգոյ
բայց
իրական
մատները
տղուն,
իր
ափերը
գոգաւորելով,
իր
ստինքները
պաշտպանելու:
Նոյն
ատեն
կը
զայրագնէր
իր
մէջ
խոնաւ
այն
բզզիւնը,
որ
յոգնած
ջիղերուն
արդիւնքն
է
յաճախ
ու
ականջներէն
վար
դէպի
հոգին
կը
վազէր
խուլ,
բայց
կիզանուտ
հեղուկի
մը
նման:
Նազիկին
գրգռութիւնները
շարունակուեցան,
հետզհետէ
նուազուն
էջքով
մը,
մինչեւ
որ
աքաղաղի
մը
կանչը
պատռեց
այս
զգայախաբութեանց
ոստայնը:
Սուր,
խենթ,
իրա՛ւ,
աքաղաղին
այդ
սոյլը:
Հազիւ
թէ
պատրանքը
ինկած
էր,
անբացատրելի
խոնջէնք
մը
տարածուեցաւ
վրան,
սանկ
անակնկալ
ու
անդիմադրելի:
Ան
չէր
գիտակցեր
գիշերի
անցքին
ու
վախցաւ:
Խե՞նթ
ըլլար
պիտի:
Հաւաքեց
իր
մարմինը
ու
երեք
ագամ
վեր
-
վար
շարժեց
թեւերը.
յետոյ
մատները
հիւսեց
իրարու,
անցուց
ծոծրակին
ու
անոնց
վրայ
պրկեց
ողնասիւնը
երկար,
խիստ
ու
հեշտագին:
Ոտքերը
թօթուըւեցան:
Սարսուռը
քամուեցաւ
կռնակն
ի
վար
ու
մէջքը
երկու
անգամ
ներս
գնաց
ու
եկաւ:
Անհուն
խաղաղութիւն
մը,
յագեցում
մը
կը
յաջորդէին
այս
յոգնութեան:
Նոր
էր
բոլորովին
զգացածը:
Անճառ
երանութիւն
մը
լեցուց
իր
բոլոր
նեարդները:
Ու
ճաշակեց
փակաչք
ու
հեւուն՝
իր
կեանքին
այս
անդրանիկ
ու
կատարեալ
հանգիստը:
Ոչ
մէկ
շարժում
իր
ջիղերուն
վրայ,
որոնք
դադրած
էին
մէկէն:
Կը
նայէր
ու
տեսնել
չունէր:
Կը
լսէր
ու
չէր
հասկնար:
Ոչ
իսկ
սիրտը,
քիչ
առաջ
այնքան
մութ
ու
խռովեալ,
տեսարան
կրցաւ
գալ:
Այս
թմբիրի,
անէութեան
վիճակը
մանաւանդ
անուշ
հեշտանք
մը
կ՛ըլլար
մարմնին
յօդերուն
վրայ:
Մտածելը
անգամ
հաճոյք
էր
իրեն:
Ուրկէ՞
ուր
սակայն
այդ
վայրկեանին
ան
յիշեց
աշնան
առտուն,
ուր
Թումասին
բազուկներէն
հաւաքեր
էր
իր
արիւնոտ
մարմինը:
Կեդրոնացաւ,
յիշատակին
մէջէն,
հասնելու
համար
վիճակի
մը
ուրուագծին:
Բզկտուած,
ինքնակորոյս
ու
խեղճ
Նազիկը
մեղքին
ճիրանին
մէջը:
Այդ
գիծով
անիկա
քալեց
ու
գտաւ
եղերական,
անկարելի
գիշերը
հարսնիքին:
Ու
իր
մտքին
մէջ
դէմ
դէմի
կեցան
երկու
Զաքարները:
Առաջինին
ահաւոր
դիմակը,
երկրորդին
մանկային
պարզութիւնը:
Բայց
բռնի
տեսարան
եկաւ
երկրորդ
հարսնիքին
գիշերը,
իր
տրտում,
այրի
անկողինով:
Բոլոր
իր
զգացողութիւնը
դարձեր
էր
իրեն:
Յիշողութեան
հետ
կապուած
պատկերները
անդրադարձան
իր
ջիղերուն:
Անոնք
դողացին,
շարժեցան,
բայց
չկրցան
դիմանալ:
Յոգնութեան
ընդհանուր
ալիք
մը
կ՛ողողէր
զինքը:
Զզուանք
ու
ձանձրոյթ,
բերնի
լեղիութեան
հետ:
Ինչո՞ւ:
Ու
նեղ
էր
սենեակը:
Ու
պժգալի
էր
անդին
փռուած
անկողինը:
Իր
միտքը
շատ
ստեղ
փոխեց:
Ու
այդ
թափառումներուն
վրայէն
յանկարծ
կառչեցաւ
վաղուան
իրականութեան:
Այդ
ուրուացումին
զուգահեռ՝
իր
մէջ
արթնցաւ
նոր
մտահոգութիւն:
Ինչպէ՞ս
խօսէր
պիտի
Սահակին
հետ:
Հակառակ
իր
բուռն
ճիգին,
նայեցաւ
պառկողին
ու
արցունք
եկաւ
աչքերէն:
Այն
ատեն
զգաց
անիկա
տարօրինակ
այն
զգայութիւնը,
որ
կիներուն
հոգին
իսկ
կը
կազմէ:
Անիկա
կը
սիրէր
այնպէս,
ինչպէս
եղած
էր
ատիկա
Թումասին
համար:
Այդ
զգացումը
իր
այդ
ձեւին
[
մէջ
]
ազատ
էր
կիրքին
բոլոր
աղջուրէն
ու
կ՛ընէր
անոր
հոգին
հեշտագին
խորհուրդ
մը,
նետուած
աշխարհի
վրայ,
սպասելով
հարուածին,
ճանկին,
որ
պիտի
ճմռէր
անոր
հատիկը
ու
պիտի
թափէր
գետին
անոր
ազնուական
հեղանիւթը:
Առէք
կնիկի
մը
սրտէն
կախարդ
այդ
կաթիլը
գութին:
Ու
ապրեցուցէք
մարդերը
եթէ
կրնաք:
Այս
անկիւնէն՝
ասպատակին
ամբարիշտ
ու
առատ
մարմինը
հակահարուածի
մը
պէս
փայլեցաւ:
Անոր
վտանգահար
գլուխը
սակայն
կը
պաշտպանէր
զինքը:
Ու
տեսաւ,
որ
երեքէն
ամէնէն
եղկելին,
գութի
կարօտը
Զաքարն
էր
սրտին:
Փորձանքները,
որոնք
անոր
կրունկները
կը
հետապնդէին:
Կառավարութիւնը
ու
անոր
ահաւոր
ուժը:
Իր
հօրը
մահէն
ասդին,
Հայրապենց
գերդաստանը,
յայտնի
ու
գաղտուկ,
չէր
վարանած
իր
մտադրութիւնը
զգալի
ընել:
Անոնք
պիտի
մաքրէին
Զաքարը,
բայց
իրենց
համբաւին
վայելող
ձեւով
մը:
Տուած
էին
այդ
ըմբռնումին
նմոյշը
Ծաղկազարդի
Կիրակին:
Նազիկ,
մանաւանդ
հիմա,
չէր
կրնար
խորհիլ
հաւանական
զինադուլի
մը,
որ
երբեմն
ինքնին
կը
պարտադրուի
կռուող
կողմերուն:
Զաքարին
լեռ
ելլելէն
ասդին
դադրած
էին
փողոտումները,
Զաքարին
իսկ
սպառնալիքով,
որ
«
հունտ
չորցնելու
»
բացատրութիւնը
գործածեց
Հայրապենց
տղաքը
անգամ
մը
հալածած
ատեն:
Այդ
օրէն
կռիւը
սահմանափակուեցաւ
ու
կեդրոնացաւ
Զաքարին
գլխուն:
Բայց...
Նազիկին
նոր
արա՞րքը:
Անոր
հրապարակումը
պիտի
բերէր
անխուսափելի
պատուհասումը,
զոր
բարքերը
կը
պարտադրեն
այդպէս
մեղքերու
դիմաց:
Վեց
ամիս
առաջ,
նոր
հարս
մը
սպաննուած
էր
քենեկալին
գնդակովը,
քաւելու
համար
հրապարակային
գայթակղութիւն
մը:
Ու
այս
ճամբով,
պատուհասին
ու
մեղքին
զառիթափէն
անոր
մտածումը
տարուեցաւ
ինքնաքննութեան:
Ո՞վ
էր
ինքը:
Ի՞նչ
ըրած
էր:
Հարցումները
դարձուց
իրեն:
Իբր
պատասխան՝
ծագեց
[
աւ
]
իր
ուղեղին
մէջ
ողբերգութիւնը
իր
մօրը
մահիճին,
երկունքի
պահուն,
Կաղանդի
գիշերով,
երազին
մէջէն,
այնքան
յստակ,
որ
կրկնուեցան
հօրը
հոգեւարքին
զգայութիւնները:
Ու
տեսարանին
ամէնէն
խռովիչ
դէմքը,
իր
մօրը
ստուերը,
դարձեալ
ուրուացաւ,
գերեզմանէն
ղրկուած
պատգամաւորի
մը
նման:
Բայց
հրուեցաւ
կրկին
իր
նայուածքը
անոր
ետեւէն:
Ու
եղերական,
դժնդակ
ճամբան,
ուր
մխրճուած
էր
իր
մօրը
ստուերը,
ճիշդ
իր
հասակովը,
լայնքովը
կարծես
իրմէ
արտաբերուած
երկրորդ
Նազիկ
մը,
որ
կ՛առաջանար,
շքեղ,
վիրաւոր,
դժբախտ
ու
գեղեցիկ:
Նազիկին
համար
տեսիլքը
կը
ստանար
ցնորական
ուրուայնութիւն:
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
ճամբան
անոր
ոտքին
տակ
կը
տառապէր
ու
կը
ցնցուէր:
--
Գնա՜ցքը
կիներուն,
որոնք
չեն
գիտեր,
թէ
ինչ
կ՛ընեն,
երբ
կ՛անցնին
ատանկ
մեղմօրէն
ու
կ՛անհետանան:
Առքը
կը
շարունակուէր
ու
կ՛ընծայէր
իրարմէ
տխուր
տեսարաններ:
Ու
իր
մօրը
կ՛ընկերանար
մա՜հը,
անոր
պէս
հագուած:
Ու
անոր
ետեւէն
մարդերը,
որոնք
մարմինի,
գլուխի
տեղ
տարտամ
լուսաւորութիւն
մը
միայն
ունէին,
բայց
որուն
աստղային
միգամածութեանը
խորէն
կը
շինուէր
սի՜րտը:
Զօրաւոր
վախ
մը
ցնցեց
զայն:
Գտաւ
ինքզինքը,
բայց
նեղ
էր
անհանգիստ
բանով
մը,
անով՝
որ
վտանգէն
առաջ
անոր
հոսումն
է
մեր
շուրջը:
Ազատելու
համար
այդ
թմ
[
բ
]
րային
վիճակին
վերադարձէն,
ան
աշխատեցաւ
վերստեղծել
քիչ
առաջուան
խաղաղութիւնը:
Բայց
կը
վարանէր,
մոռցած
ըլլալով
պատկերներու
շարքը:
Միտքը
պարապ
էր:
Ու
անոր
մեծագոյն
տէրը,
Զաքարը,
ինկաւ
հոն
յանկարծակի:
Բայց
անկումը
չթանձրացաւ:
Ան
ճիգ
ըրաւ
ու
միտքը
դատապարտեց
Զաքարին
մարմինը
տեսնելու,
որ
անգոյ
խորքերուն
վրայ
նկարի
պատկեր
մըն
էր
կ՛ըսես,
առանց
ծաւալի:
Ու
չեկաւ
տղան:
Ճիգ
ըրաւ
ու
դատապարտեց
ինքզինքը
վերագտնելու
լքումի,
անէացումի
պահը
անոր
գիրկին
մէջ:
Թեթեւ
պղտորումէ
մը
ետք
զգայութիւնը
վերադարձա՜ւ:
Ու
ինչ
որ
արագ
ու
հեւքոտ
այդ
գիրկընդխառնումէն՝
իբր
յիշատակ
պարտէր
ինկած
ըլլալ
իր
մէջը,
հիմա
կրկին
բռնեց
անոր
ջիղերը:
Ու
կ՛արթննար
իր
մէջ
կինը:
Այս
բխումը
այնքան
զօրաւոր
էր
ու
յստակ,
որ
զարհուրեցաւ:
Անոր
մտքին
զարնուեցաւ
մինչեւ
այն
ատեն
անծանօթ
մտածում
մը:
Հեշտանքի
այսքան
զգայուն
իր
հոգին
վիրաւոր
էր
դառն
ճակատագրով
մը:
Ու
լուսաւորուեցաւ
անիկա
անդունդի
մէջ
յանկարծ
ինկած
մռայլ
արեւէ
մը:
--
Ինք
զաւա՜կն
էր
իր
մօրը:
Ու
կը
շարունակէր,
պիտի
շարունակէր
կրել
անոր
մեղքը
ասկէ
ետքը
իր
կռնակովը:
--
Ճակտի
գի՜ր,
-
հազիւ
շշնջեց
անիկա:
Հակառակ
իր
մատաղ
տարիքին,
ինչպէ՞ս
յաջողեցաւ
անիկա
բանաձեւել
այս
ըմբռնումը:
Բայց
ուրիշ
ի՞նչ
պատասխան
կարելի
էր
ճարել
այս
յայտնութեան:
Անիկա
գիտէր,
թէ
ամէն
արարած
կը
քալէ,
պիտի
քալէ
դէպի
գերեզման:
Ու
այդ
ճամբուն
վրայ
զայն
կը
լուսաւորէ
իր
ճակտին
գիրը
միայն:
--
Պոռնի՞կ:
Կեցուց
մտածումին
սլաքը:
Բայց
բառը
թեթեւ
էր,
իր
պարունակած
ամբողջ
անդոհը
պարպելու
համար
անոր
մէջ:
Ու
բառը
չխորացաւ:
--
Պոռնի՞կ:
Աւելի
ցած
արտաբերեց
անիկա,
ու
կը
խորհէր
միւսներուն,
գերեզմանը
լեցնող
բոլոր
կիներուն,
որոնք
մէկ
մարդ
միայն
ճանչցան
ու
գացին:
Տարբերութի՞ւն:
Կար
ու
գտաւ
անիկա:
Ան
ինքզինքը
վեր
ու
հեռու
կը
զգար
միւսներէն,
որ
ճանչցեր
էր
հօրը
տունը:
Այս
վստահութիւնը
թափանցիկ
քող
մը
միայն
նետեց
իր
ամօթին:
Ափերովը
ծածկելով
աչքերը,
մտքին
դէմ
կեցուց
երեք
մարդերը,
որոնք
ունեցեր
էին
իր
մարմինը:
Ու
չկրցաւ
վանել
միւս
կիներուն,
ծախուող
կիներուն
պատկերը,
որ
կը
յամառէր:
Ու
պարտաւորուեցաւ
իր
վրայէն
հաղորդուիլ
անոնց
ողբերգութեան:
Ի՜նք՝
որ
ցաւեր
էր
ատենին
անոնց
ճակտի
գիրին:
Հիմա,
անհուն
անձուկով
մը,
կը
ստուգէր
իրականութիւնը:
Իր
ցաւը
եղբայրը
չէ՞ր
անոնց
ցաւին:
Ու
իր
մարմինը
քոյրը՝
անոնց
վարձու
մարմինին:
Անոնք
անդուլ,
գիշերով
-
ցերեկով
փնտռեր
էին
ինչ
որ
ինք
փնտռեց
սա
ամսուան
ընթացքին:
Ու
տրտմեցաւ,
անդարմանելի
լքումով,
իր
գտածին
ոչնչութեանը
վրայ:
Բարկացոտ,
բզկտուած,
բայց
եղկելի՝
ուրիշ
ոչինչի
[
ան
]
կարող,
ան
լարեց
ռունգերը:
Լարեց
իր
մարմինը,
բազուկները
գալարագին,
հեւուքը
սրտին՝
առնելու
համար
մէկ
անգամէն
աշխարհի
ամբողջ
արու
տարրը
իրմէ
ներս
ու
կշտանալու,
հանգչելու:
Բայց
ինչ
որ
ձեւեց
ու
կտրեց
պարապէն
ու
կղպեց
իր
ստինքներուն
թրթռումին
վրայ,
անդարմանելի
պարապ
մըն
էր
դարձեալ:
Խորունկ,
սպաննող
թախիծ
մը
ծանրացաւ
վրան:
Ուրուացաւ
ծակ
-
պտուկներու
յուսաբեկութիւնը:
Բայց
այդքան:
Փնտռեց
իր
մէջ
անոնց
գեղեցիկ
վճռականութիւնը,
ու
չկար
ատիկա:
Ինչո՞ւ
չէր
ցանկար
մահուան:
Սահակը
շարժեցաւ:
Լոյսին
դարձաւ:
Պղտոր
այդ
պայծառութեան
մէջ
չէին
երեւեր
անոր
աչքերը:
Երկարեց
ձեռքը
վերմակէն
դուրս
ու
հազի
նման
բան
մը
սկրթեց
անոր
կոկորդը:
Մաքրեց
ան
խռչափողը,
ու
բարի
ու
անմեղ,
հարցուց.
--
Ինչո՞ւ
արթուն
ես,
Նազի՛կ:
Պատասխան
չտուաւ:
Բայց
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
հիւանդին
աչքերը
իջած
էին
զինքը
յուզող
պատկերներուն:
Վախցաւ
մէկէն:
Կ՛ամչնա՞ր:
Բայց
հիւանդէն
կրկնուած
նախադասութիւնը
կեցուց
այդ
յուզումներուն
ընդլայնումը,
Իր
էրի՞կը:
Մտածումին
հետ
խուժեց
իրմէ
ներս,
յեղակարծ,
իր
մեղքը:
Այն
ատեն
սարսռալով՝
աճապարոտ
ու
նկուն
պատասխանեց.
--
Քուն
չունիմ:
Յետոյ
իր
զարմանքը
անհուն
եղաւ
--
այնքան
իրաւ,
բնական
էր
արտաբերուած
նախադասութիւնը:
Յանկարծ
զօրաւոր
մղումով
մը
յիշեց,
որ
տառապեր
էր
քիչ
առաջ,
մեղքէն
ետք
էրիկին
հետ
ունենալիք
առաջին
բառին
հաշւոյն:
Ու
տեսաւ,
որ
ամէն
բան
նոյնն
էր
ձայնին
ու
դէմքին
մէջ,
իր
թէ
անոր
վրայ:
Տեսակ
մը
խաղաղութիւն
ողողեց
զինքը,
երբ
պէտք
չունէր
ատոր:
Զաքարին
անցքը
իր
մարմնին
վրայէն
աննշմար
կը
մնար
դուրսին:
Այդ
վայրկեանին
անոր
մէջ
սաղմնացաւ
կինը,
որ
պոռնիկը
չէ,
հակառակ
դասական
որակումին:
Իր
բոզութեան
մէջ
ինքնիրեն
հաւատարիմ
տիպարն
ալ
չէր
անիկա:
Քաղաքներու
մէջ
սեռային
յիմարութիւնը
դիւրաւ
կը
ճարէ
համոզիչ
պիտակներ:
Նազիկին
մէջ
նետուած
էր
հէնքը
այն
վիճակին,
որ
ցանցառ
է
շատ
գեղերու
մէջ:
Որ
կինը
կ՛առնէ
պայմաններուն
մամուլէն
ու
կը
նետէ
կեանքի
հեղեղին,
մինակ
ու
անպաշտպան:
Իր
սիրածին
համար
ամէն
վտանգ
յանձն
առնող
կինը
տարբեր
սկիզբ
մը
չունի:
Նազիկը
մինչեւ
հիմա
էգն
էր:
Ասկէ՞ց
յետոյ:
Սահակը
հազիւ
ուժ
գտաւ
թեւը
շարժելու,
զայն
մօտը
կանչելու
համար:
Խելօք
ու
գորովոտ՝
Նազիկ
ծունկի
եկաւ
անոր
սնարին
քով:
Ինչո՞ւ
չմտաւ
անկողինը:
Ու
կը
խաղար
անոր
խոնաւ
ու
տաք
մատներուն
հետ:
Չէր
գիտեր,
թէ
ուրկէ՛
կու
գար
այս
տրամադրութիւնը:
Հետզհետէ
անոր
մատները
ելան
թրթռումի:
Ինչպէ՞ս
այդ
գրեթէ
քրտինքով
քացխած
մարմինը
խռովքի
հանեց
իր
ջիղերը:
Երիտասարդը
պղտորեցաւ:
Տարաւ
անոր
մատները
երեսներուն,
յետոյ
աչքին,
որ
կը
թարթէր
անոր
ափին
կակուղ
այրումին
ներքեւ:
Ու
այդ
թարթումները՝
շրթունքի
մը
պէս
սրտառուչ՝
բան
մը
կը
մուրային:
Գերզգայութեան
այդ
պահերուն
մեր
զգայութիւնները
երանգը
կ՛առնեն
մեր
գերագոյն
ըղձաւորումին:
Ատկէ՝
ճամբան
դէպի
բաց
աչքով
տեսիլները
կարճ
է
ու
կարելի:
Խենթերը
խորունկ
ու
մեծ
զգացողներ
ըլլալով
կը
սկսին:
Բաժնեց
ձեռքը
ու
կը
յառէր
նայուածքը
անոր
աչքերուն,
որոնց
ջերմութիւնը
մարդ
կը
փորձուէր
զգալ
այդքան
բացէն:
Ի՞նչ
կար
հոն,
խորը
այդ
նայուածքին:
Մենք
իրարու
կը
վարժուինք
շատ
անգամ
առանց
սիրելու:
Մեր
ատելութիւնները
երկարաձգուած
ու
այդ
աղօտումով
չարափոխուած
սէրեր
են
յաճախ:
Անիկա
դրաւ,
առանց
պժգանքի՝
իր
շրթները
անոր
փոսն
ինկած
ակնակապիճներուն:
Յետոյ,
առանց
դպելու
վերմակին,
քիչ
-
քիչ
իր
մարմինը
մօտեցուց.
փաթթեց
երկու
բազուկներով
գլուխը
ու
իր
հարուստ
կուրծքին
մէջ
թաղեց
անոր
դէմքը,
որ
կը
խեղդուէր
իր
ծիծերուն
ալիքին
մէջ:
Մնացին
այդպէս:
Նազիկ
զգաց,
որ
չէր
ատեր
այդ
քայքայումը:
Բաղդատութիւն
չեկաւ
մտքին:
Այս
հանդարտութիւնը
կրքին
մէջ
սկիզբ
մըն
էր
անոր
համար:
Կտոր
-
կտոր
կ՛արթննար
կենդանին:
Անոր
մազերը
սարսռացին:
Բռնկեցան
ակռաները:
ու
շրթները
տղուն
վիզին
տակովը
փնտռեցին
ու
առին
որքան
միս
որ
գտան:
Անոնք
կը
ծամէին
այդ
կաշենման
բանը,
որ
մորթ
ալ
չէր:
Չէր
զարմանար,
ոչ
ալ
կ՛ամչնար:
Բնութեան
բիրտ
երեւոյթ
մըն
էր
ան
այդ
վայրկեանին:
Նոր
հարս:
Կատղած:
Անյագուրդ:
Բայց
կսկծագին
բան
մը
կար
տեսարանին
վրայ:
Իրարու
մէջ
թաղուած
այդ
թշուառութիւնները,
մէկը
զարնուած
հոգիէն,
միւսը՝
կեանքի
արմատներէն,
տեսակ
մը
մահ
կ՛ապրէին:
Ու
անոնք
մոռցեր
էին
ժամանակը,
սենեակը,
պառաւը,
հիւանդութիւնը,
ու
իրենք
զիրենք
կը
զգային
ամիս
առաջուան
արահետներուն
վրայ:
Չիմացան
նոյնիսկ,
թէ
ինչպէս
արթնցեր
էր
մաման:
Ան
նստեր
էր
անկողնին
վրայ
ու
կը
դիտէր:
Ապշահար,
ամօթէն
սարսռալով՝
ան
փորձեց
հազալ:
Կոկորդը
չոր
էր:
Շարժում
ըրաւ
իր
վերմակովը:
Չլսեցին:
Ա՛լ
չդիմանալով
ու
մանաւանդ
մեղքնալով
իր
զաւկին՝
բարձրաձայն
ըսաւ.
--
Աս
ի՛նչ
բան
է,
Տէ՜ր:
Պառաւին
նախադասութիւնը
տարտղնեց
առքը:
Քակուեցան
աղջկան
բազուկները:
Առանց
շփոթելու,
խպնելու՝
ան
հեռացաւ
դէպի
իր
բազմոցը,
անզիջող
ու
անզիղջ:
Սահակը
գլուխը
քաշեց
վերմակին
տակ:
Կարմիրենց
Տիկինը
«
Հայր
մեր
»
մը
սկսաւ
կիսաձայն
ու
փսոր
-
փսոր:
Մինչեւ
լուս
Նազիկը,
ափովը
հովանաւորելով
կոտտացող
իր
ստինքները,
ծունկերուն
վրայ
ձիգ,
սպասեց
ու
դիտեց,
փոխն
ի
փոխ,
իր
ներսն
ու
դուրսը:
Պատուհանին
ետեւէն,
բլուրին
ծայրովը
սեւը
գունատեցաւ:
Տարտամ
շառաւիղումը
թրթռաց
ու
տարածուեցաւ
դէպի
բաց
աստղերը:
Աքաղաղ
մը
ցատկեց
թառէն:
Նազիկը
ելաւ
դուրս:
Անոր
մեկնումէն
յետոյ,
չարերուն
աղօթքը
համրիչի
պէս
դանդաղ
ու
յստակ
նետելով
քիթին
տակէն,
պառաւը
բարձրացաւ
անկողինէն:
Ծալեց
վերմակը,
քշեց
անկիւնը
դէզին:
Յետոյ,
առանց
հրաւէրի
ծունկի
եկաւ
տղուն
սնարին:
Ափովը
կը
շոյէր
անոր
ճակատը:
Ու
յուսահատ
էր
ան
վարժուած
իր
լքումովը:
Սիրտին
մէջ
գրեթէ
երկաթի
ծայր
մը
ունենալով,
հաստատեց
անիկա
տղուն
ճակտին
ջերմութեան
ու
խոնաւութեան
իրեն
շատ
ծանօթ
շեշտը:
Անոր
փորձառութիւնը
կը
սկսէր
անդրանիկ
զաւկէն,
որ
իջած
էր
հող,
քիչ
մը
աւելի
մատղաշ:
Մէկէն
տունը
դարձաւ
վրան:
Մտասեւեռումը
կուլ
տուաւ
ամբողջ
զգացական
կազմածը:
Անոր
մարմինը
համատարած
վիշտ
էր
այդ
պահուն:
Ու
անոր
ցաւը
շատ
աւելի
մեծ
էր
քան
իր
տղուն:
Քիչ
-
քիչ
պարզուեցաւ
այդ
տառապագին
մշուշը:
Խեղճ
մայրը
կը
տեսնէր
իր
տղան
անդարձ
հեռացած:
Տո՜ւնը,
որ
պիտի
մնար
ով
գիտէ
որու:
Ու
պիտի
դադրէր
իր
օճախը:
Հսկայ
այս
մտալլկումը
հրեց
զինքը
դուրս,
կռնակէն:
Չէր
գիտեր,
թէ
ինչու
այդպէս
կը
փախէր
իր
տեղէն:
Ու
կեցաւ
անիկա
շքեղ
իր
հարսին
դէմ:
Այն
ատեն
անդրադարձաւ
զինքը
դուրս
մղող
շարժառիթին:
Առաջին
անգամն
էր,
որ
ան
կը
նայէր
հարսին
առանց
դառնանալու:
Ու
ճիշդ
բազմոցին
վրայ,
ուր
Զաքարը
փռեր
էր
երէկ
գիշեր
անոր
մարմինը,
անիկա
խօսեցաւ
կեսուրին
հետ,
պարզ,
բնական
ու
բարի:
Անոնք
սկսան
պզտիկ
նեղութիւնով
մը:
Հարսը
պաշտպանեց
ինքզինքը:
Անիկա
չէր
կրնար
մերժել
Սահակին
արցունքը:
Ու
պառաւը
լացաւ
անոր
հետ:
Համբուրեց
հարսը
ու
առաջին
անգամ
փսփսաց.
--
Տղեկ
մը,
օղո՜ւլ,
տղեկ
մը:
Ու
կեցաւ
առնելու
համար
իր
բառերուն
անդրադարձը
անոր
դիմագիծէն:
Ականջներուն
ծանրութիւնը
չէր
վնասեր
այս
խօսակցութեան
քիչ
մը
ցած
շեշտին:
Հարսը
մտիկ
կ՛ընէր:
Անոր
դէմքին
ինկաւ
տարտամ
ժպիտ:
--
Մանչ
մը,
մանչուկ
մը:
Աստուած
տայ
վարձքդ:
Կարմիրեց
Տիկինը
գերդաստանին
մռայլ
ու
գերագոյն
շահերը
կը
հետապնդէր:
Անիկա
ոչ
մէկէն
սորված
էր
ցեղին
այդ
ամենազօր
բնազդը:
Ու
չէր
հաւատար
այդ
պահուն
մահուան,
ինչպէս
ամէնքս.
հաշտուած
էր
սակայն
անոր
հետ:
Հերիք
է,
որ
ժառանգը
գար
շարունակելու
ընտանիքին
արիւնն
ու
օճախին
կրակը:
Օրը
անցաւ,
Աստուած
միայն
գիտէ,
թէ
ինչ
գնով:
Շատ
մը
տրտում
բաներու
շարքին
գեղը
իմացաւ,
խշխշաց,
գլուխ
թօթուեց
ու
մոռցաւ
Սահակին
պառկիլը:
Տեղի
ունեցեր
էր
իրիկուան
արարողութեան
յատուկ
«
Տէր
ողորմեա
»,
հսկումի
կարգ:
Ու
սուրբի
համբաւով
կիներու
իրարանցումը
գեղին
մինչեւ
խորագոյն
անկիւնները
փոխադրեր
էր
ողբերգական
իրողութիւնը:
Գիշերը
մինչեւ
ուշ
ատեն
ամայի
այդ
տունին
դուռը
չհանգչեցաւ:
Հայրապենց
գերդաստանին
բոլոր
կարեւոր
այրերն
ու
կնիկները
այցելութիւն
տուին
հիւանդին:
Անոնք
կը
հպատակէին
Հայրապենց
Խաթունի
կարգախօսին:
Կը
տրամաբանէին,
կը
կտրէին,
առանց
հարցնելու
Սահակին,
որ
հիւանդի
հոգեբանութեամբ
մը
կ՛ընդառաջէր
բանաձեւուած
կարծիքներուն:
Ու
չէին
հարցներ
նորէն
անոր
մօրը,
որ
իր
խուլ
ականջներովը
անպէտ
տարր
մը
կ՛ըլլար
այդ
համախմբումին
մէջ:
Նազիկը
կոտրած,
լուռ,
ձեռքերը
ծնօտին՝
քիչ
բառեր
ունէր
խօսակցութեան
վրայ:
Ան
նոյնպէս
չկամ
պատասխաններ
ունէր
այրերուն,
որոնք
դեռ
չէին
հաշտուած
ու
քամահրոտ
երես
ունէին,
անոր
նայած
ատեննին:
Հաւաքումին
նպատակն
էր
ստիպել
հիւանդը,
որ
քաղաք
իջնէ
հեղ
մը:
Նոր
բժիշկներ
եկած
էին:
Կային,
որ
մեռելին
հոգի
տուած
էին:
Ու
ամբոխը
կը
դատէր
կացութիւնը,
լաւատես
ու
միամիտ:
--
Քու
տեղդ
ըլլամ,
մաս
-
պատարագ,
տէյօր
Ստամպոլ
ճամբայ
ունի,
-
կ՛ըսէր
մէկը,
որ
դատան
էշ
մըն
էր,
իր
պարտէզին
ու
արտերուն
նուիրուած
ու
քաղաքը
ճանչնալ
կը
յաւակնէր
տարին
հեղ
մը
հոն
իջնելով,
ձիթապտուղի
բերքը
վաճառելու
համար:
Ուրիշ
մը
կը
պատմէր
ըռինտցող
հիւանդներուն
հեքիաթները
անանկ
ջերմութեամբ,
որ
լսողին
հիւանդ
ըլլալը
կու
գար:
Ու
կը
հաւատային
այդ
րոպէին:
Ու
կը
բարկանային
երիտասարդները
հին
-
գլուխներուն,
որոնք
հոճայէն
ու
խաչահանգիստէն
զատ
դարման
չունէին:
--
Մէկն
ալ
Օվակենց
Օվակը
չէ՞ր:
Կերաւ
տղուն
գլուխը:
Հիմա
ճիւերը
քարերուն
կը
զարնէ:
Ըսողը
պարզամիտ
այր
մըն
էր,
Հայրապենց
մէկ
աղջկան
ամուսինը.
քաղցր
ու
բարիք
կամեցող
մարդ:
Բայց
անոր
անմեղ
բառերուն
վրայէն,
ցուրտ,
մահագին
խռովք
մը
ծաւալեցաւ
Նազիկին
ջիղերուն
վրայ:
Փայլատակեց
ու
կեցաւ
աշնան
առտուն:
Ու
կեցաւ
ու
չգնաց
բռնկած
տղուն
արիւնլուայ
դէմքը
նայուածքին
դաշտէն:
Մինչ
ուշ
գիշեր
այս
խօսակցութիւնները
սենեակին
մէջ
ստեղծեցին
անգիտակից
ապահովութիւն
մը:
Կը
հաւատային
իրենց
յօրինած
այդ
հեքիաթներուն:
Ամէնէն
աւելի
յուսաւորուողն
էր
Սահակը:
Հիւրերուն
մեկնելէն
յետոյ,
էրիկ
-
կնիկ
ձեռք
-
ձեռքի
նստան:
Սահակը
անանուն
բարութիւն
մըն
էր
այդ
վայրկեանին:
Մոռնալով
իր
ճակատագիրը,
անիկա
սիրտ
կու
տար
Նազիկին
ու
կ՛աշխատէր
փոխանցել
անոր
իր
լաւատեսութիւնը:
Երկու
հզօր
յուզումներու
բախումին
տակ,
Նազիկ
չէր
կրնար
ինքզինք
ըլլալ:
Ու
այս
անորոշ
դիմագիծը
չէր
խուսափեր
տղուն
թափանցումէն:
--
Ի՞նչ
կը
մտմտաս:
Հարցումը
կարծես
մատի
հարուած
մըն
էր
բերանաբաց
վէրքի
մը
վրայ:
Ջանաց
հաւաքել
երեսը
ու
պատասխանեց.
--
Ես
մինակս...
Ու
չշարունակեց:
Աչքերը
լալու
մօտ,
բայց
անորոշ:
Ձայնը
կարճ,
բայց
անհասկնալի:
Անոնք
իրարու
կը
հակէին
ու
չէին
կրնար:
Յաջորդ
առտուն,
հիւանդը
դողդղալէն
դուրս
ելաւ
պապենական
սեմէն:
Քիչ
վարօք
կառքը
կը
սպասէր:
Չուզեց
ոչ
մէկուն
ձեռքը:
Ծռած
մէջքը
աշխատեցաւ
ձիգ
պահել:
Ողնայարը
կակուղցեր
էր
անոր:
Ետեւէն
Սահակին
մայրը,
լաչակը
մամուկ
ըրած
դունչին
տակով:
Ետեւէն
Նազիկն
ու
մեծ
մայրը:
Երբ
տղան
ոտքը
վերցուց
կառքին
ասպանդակը,
անոր
արիւնը
գլուխը
խուժեց
ու
սեւցան
աչքերը:
Կարծես
մէկը
դարձուց
անոր
կզակը
դէպի
տունը:
Ու
մէկ
ոտքը
գետնին՝
ան
նայեցաւ
անմոռանալի
նայուածքը
իր
տունին
վրայ:
Իր
մէջէն
բան
մը
կը
զգացնէր
իրեն,
թէ
ա՛լ
տեսնելիք
չունէր
այդ
ամէնը:
Անիկա
կռթնած
էր
մօրը:
Գլխահակ,
անլուծելի՝
կը
նայէր
Նազիկը
իր
մարդուն:
Ան
ճմռկեց
քիթը:
Հետինները
կարծեցին,
թէ
արցունքը
վանելու
համար
էր
ատիկա:
Մեծ
փորձանքներու
դիմաց
օրէնքը
կ՛արգիլէ
այրերուն
տկարանալ:
Ատանկ
յուզումի
խորունկ
պահերուն
անոնք
պարտաւոր
են
զսպել
իրենց
ջիղերը:
Անոնք
պէտք
չէ
լան
կնիկի
պէս,
երբ
իրենց
ամուսինները
կամ
տղաքը
գերեզման
կ՛իջեցնեն:
Ու
կառք
պիտի
բարձրանան,
զուսպ
ու
վճռական,
առանց
նայելու
իրենց
կնիկներուն:
Բայց
հիմա
շատ
բան
փոխուած
է
այս
աւանդութիւններէն:
Նոր
ժմնուկ
տղաքը
կը
կոխկռտեն
օրէնքը
ու
աւելի
սուրբ
բաներ:
Կարմիրենց
Սահակը
կնիկի
մը
պէս
կը
գորովէր,
կառք
նստելէ
առաջ:
Ան
չկրցաւ
պահել
իր
բերանը
ու
դառնալով
Նազիկին,
արցունքէ
խեղդուած
ձայնով
մը
փսփսաց,
ցած
ու
խորունկ.
--
Մի
լար,
Նազիկ...
Մեռնի՞լ
կ՛երթար:
Չէր
վայլէր
ատանկ
կնիկի
պէս
լալ:
--
Կէնճ
կնիկ
ունիս,
տղա՛յ:
Սիրտ
տալու
տե՜ղ...
Սառան
պատուհանէն
կը
հետեւէր
տեսարանին:
Մայրը
ճիգ
ըրաւ
տղուն
մարմինը
վերցնելու:
--
Տա՜ր
Աստուած,
դառնա՜լ
ըլլար:
Տարեց
տակառագործ
մը,
որուն
փորը
կը
հետեւէր
իր
արհեստին,
հրեց
ազազուն
երիտասարդը
դէպի
ներս.
--
Տղայ
կ՛ըլլաս
կոր,
-
ըսաւ
անիկա
հեւքոտ
շունչով
մը,
ձեռքերը
դնելով
ճիգէն
կոտտացող
փորին:
--
Ըսածս
գիտեմ:
Վերջին
բառն
էր
Սահակին:
Ու
կառքը
թաւալեցաւ,
տանելով
հիւանդն
ու
մայրը:
Երբ
անոր
աղմուկը
դադրեցաւ
լսելի
ըլլալէ,
դրացիները
տեսան
Նազիկը,
որ
կու
լար
հեկեկալով:
Մտան
թեւերը,
տարին
զինքը
փըրշակ
տունը:
Ահագին
սենեակներ:
Ահագին
տախտակամած:
Ու
տարօրինակ
կերպով
ցուրտ,
տկար
՝
այդ
ամէնուն
վրայ:
Մարդոց
շունչը
կը
փոխէ
անոնց
բնակարանները:
Աւելի
անպաշտպան
տուներ
աւելի
ջերմ
են,
վասնզի
անոնց
մէջ
կ՛ապրի
փոքրերուն
կրակը:
Մտաւ
օճախով
սենեակը,
համեմատաբար
ջերմուկ
ու
ընտանի:
Ոտքին
դպաւ
Սահակին
մոռցուած
թաշկինակը:
Առարկան
կրկին
ետ
բերաւ
մեկնողը:
Ու
անոր
զարնուած,
գոյնէն
պարպուած,
ջնջուած
դէմքը
մարմին
դարձաւ,
առանց
որ
Նազիկը
ուզէր
ատիկա:
Նստեցաւ
ուրուականը
օճախի
սեմին,
իրական,
հարսնիքի
առջի
օրերուն
քաղցր
կենդանութեամբը:
Վանելու
համար
մտապատկերը՝
անիկա
աւլեց
հողէ
յատակը:
Մեծ
մայրը
ներս
չէր
գար:
Ան
կարգադրութիւններ
ըրաւ,
հրահանգներ
տուաւ.
ճամբեց
քանի
մը
ողջերթի
եկած
հարսներ:
Երկու
-
երեք
վայրկեան
խօսքի
կեցաւ
Սառային
հետ,
որ
արգիլուեցաւ
Նազիկին
մօտենալէ:
Պառաւը
կ՛ընէր
այդ
ամէնը,
հրամայող
իր
վարժութիւններուն
անսալով:
Յետոյ
ցրուեց
հաւերուն
կերը:
Մտաւ
ախոռ
ու
գարիին
տոպրակը
կախեց
ջորիին
վիզէն:
Նազիկը
կը
նեղուէր:
Անիկա
ձգեց
մութ
ու
խոնաւ
սենեակը
ու
վեր
ելաւ:
Ամբողջ
կէս
օր
մը,
առանց
շարժելու
իր
բազմոցէն,
անիկա
երազեց:
Ու
անոր
մտքէն
պատկերները
կ՛անցնէին
ու
նման
էին
իր
երազներուն:
Որքան
ալ
օտար,
նոյնիսկ
ատեցող
ըլլանք,
հիւանդ
մը
մեզ
կը
յուզէ
միշտ:
Որքան
ալ
մեր
շահերուն
ծառայենք
ու
գերին
ըլլանք,
կու
գայ
վայրկեան
մը,
ուր
կը
մտածենք
ուրիշին:
Հակառակը
ահաւոր
պիտի
ըլլար,
ու
կեանքը՝
անկարելի:
Նազիկը
զօրաւոր
ու
հրամայող
պատճառներ
ունէր
մեկնողը
մոռնալու,
մտածելու
մանաւանդ
հասնող
գիշերուան:
Բայց
անիկա
իր
ժամերուն
մեծ
մասին
մէջ
մշտապէս
յաճախուած
մնաց
կառք
նստելու
տեսարանէն:
Վերցուած
իր
ոտքով
Սահակ
երկինքը
չէ՞ր
գծեր:
Այս
չէ՞ր
վախճանը
մեր
բոլոր
պերճանքին:
Ու
չէր
կրնար
չգորովիլ
անոր
աչքերուն
անսահման
կարօտէն:
Ու
չէր
կրնար
չտարուիլ
մահուան
խորհուրդէն:
Այս
յաճախումները
ըրին
անոր
օրը
մռայլ
ու
կախուած:
Կը
պատահի
ասիկա
մենէ
շատերուն,
երբ
անճողոպրելի
ցաւը,
դժբախտութիւնը,
աղէտը
մեզի
համար
ունայն
բանի
մը
կը
վերածեն
կեանք
որակուած
այնքան
բարդ,
այնքան
յիմար,
անհաս
[
ան
]
ելի
հրթիռը,
որ
մութին
մէջ
կը
բացուի
ու
կը
գոցուի .
ու
թարթելու
ատենն
անգամ
շատ
կը
գտնենք
մեր
խժդժութիւններուն:
Այն
ատեն
մահը
կ՛ուրուանայ
մեր
դէմ
անհուն,
զգլխիչ
սփոփանքի
մը
պէս:
Ու
կը
պատահի
ատիկա
նոյնիսկ
անոնց,
որոնք
աշխարհիս
վրայ
կ՛ապրին
առանց
ատիկա
գիտնալու,
բայց
օրին
մէկը
կը
բռնուին
անոր
գլխապտոյտէն,
երբ
մինչեւ
այդ
պահը
այնքան
հզօր,
թանկագին
կապեր
կը
հալին
միջոցի
կախարդ
լուծոյթին
մէջ
ու
թել
մը
մետաքսին
վրայէն,
որ
կը
սուզուի
հեղուկի
մը
մէջ,
մեր
միտքը
կ՛ընկղմի
տիեզերքին
անհաս
յատակին
ու
չ՛ելլեր:
Այս
ճամբով
անիկա
մօտիկն
էր
զղջումին:
Տայճոնը,
Արդար
Առաքելը,
Էբայէթը
եկան
անոր
մտքին
մէջ:
Երկինքը
ուրուացաւ
կրկին:
Բայց
դէպի
գեղանի
լճակը
անոր
նայուածքին
անկումը
վերադարձուց
իրեն
աշխարհիկ
զգայութիւններ:
Արեւ,
աշնան
ու
բարակ:
Որ
ոսկիի
մէջ
կ՛առնէր
հեռուէն
բլուրներն
ու
փուշերը
ու
կը
զօծէր
տրտմութիւնները,
դերբուկ
ու
դժնդակ
ոսկորները
հողին:
Որ
ջերմ,
սիրող
բերնի
մը
պէս
ջերմ
կը
մօտենար
այտերուն
ու
ձեռքերուն:
Հսկայ
գիւղաքաղաքը
շղարշուած
ծուխով
ու
փողոցին
վարերը
կինե՜ր:
Տղաք
ու
մարդեր:
Այս
ամէնը
կը
խուժէին,
կը
հրէին
չդառնալ
լերան
կողմը:
Իրիկունը
եկաւ:
Աշնան
ցած
ու
խիտ
իրիկուն
մը
Կոչնակը,
մսկոտ
ու
երկարուն,
անցաւ
գնաց
վերերէն:
Արեւմուտքի
բլուրէն
վերջին
լոյսը
կը
յամառէր
Գէլուն
-
Բունին
վրայ,
որմէ
կ՛երեւար
ոսկեզօծ
սօսին:
Հովը
կը
դպէր
ու
ցուրտը
կը
բերէր
ներսէն
ու
դուրսէն:
Ու
ցուրտը
կը
դիզուէր
խաւ
-
խաւ
տախտակներուն,
ու
պատերուն
կապտաւուն
ծփանքին
վրայ
կը
նստէր
ու
կը
սահէր
լեռներն
ի
վար
ու
վեր:
Ամպերը
ուրուային
սողոսկումներ
ունէին
ու
կը
թուէին
բան
մը
տանիլ
կամ
բերել:
Ոչինչ
մեր
մէջ
այնքան
անձուկ
կը
տեղայ,
որքան
այդ
հետզհետէ
խոշորցող
թախիծը,
որ
աշնան
անձրեւներունն
է,
համակ
շամանդաղ
ու
անգայտ,
որ
կ՛ընէ
-
կ՛ընէ
չի
կրնար
թափիլ
ու
մեր
զգեստներուն
վրայ
իսկ
արցունքի
պէս
կը
պտղի:
Մեծ
մայրը
կանուխ
դարձաւ
ժամէն,
լաչակէն
վար
տուաւ
շաղը
ու
մսկոտ,
անցաւ
օճախին
առջեւ:
Սեւը
կտոր
-
կտոր
կը
նուաճէր
ներսն
ու
դուրսը:
Ու
անիկա
կը
նմանէր
մաղմաղ
հողի,
որ
կը
տեղայ
նոր
բացուած
հողքի
մը
վրայ:
Ագռաւներուն
լլկուած
պոռչտուքը
կը
սուրար
վերերէն
ու
գեղը
կը
շշմէր
անձրեւին
տակ:
Տրտմութեան
այս
զգայնութիւնները
չփարատեցան
պզտիկ
կանթեղին
լեզուովը:
Սահակը
վերադարձաւ,
աւելի
բռնաւոր
ու
սրտառուչ:
Նեղեց
անիկա
իր
կինը:
Նեղեց
անիկա
մանաւանդ
անոր
գամուիլը
լեռնադիր
պատուհանին:
Ու
լեռը
կը
մեծնար
ու
կը
մեծնար
ու
կը
մօտենար:
Մեծ
մօր
կանչը
զինք
վար
բերաւ:
Կերան
անձայն:
Ըսելիք
չունէին
իրարու
կեանքին
այդ
երկու
հակադիր
բեւեռները:
Չգիտցան,
թէ
ինչպէս
ելան
սեղանէն:
Բաւ
չեկաւ
անոնց
սրտին:
Չընդունելու
համար
հաւանական
հիւրեր,
պառաւը
աճապարեց
անկողին
մտնել:
Անձրեւը
բարակ,
անվախճան
մրմունջ
մըն
էր
հիմա:
Հակառակ
անոր
բուռն
ստիպումին,
Նազիկը
չպառկեցաւ
մեծ
մօր
ծոցը:
Բազմոցին
վրայ
զատ
անկողին
շտկեց:
Դժգոհ,
տրտունջ
ու
անէծք
ու
աղօթք
իրարու
ետեւէ
դժուարութեամբ
հոսող
անոր
բերանը
քանի
մը
բառ
ծամծմեց:
Յօրանջեց:
Մութին
մէջ
աչքերը
շփշփեց
ու
քիչ
ետքը,
հակառակ
իր
վախերուն,
օտարի
տունը
անքուն
մնալու
իր
հաւատքին,
անիկա
շունչ
մըն
էր
միայն,
կտրատուած
ու
տագնապոտ
շունչ
մը:
Ու
տեղի
ունեցաւ
գիշերային
այցելութիւնը
տղուն,
գրեթէ
նոյն
պայմաններով:
Մտածած
էր
տղուն
սենեակին
մասին:
Պահ
մը
որոշեց
հողէ
սենեակը:
Բայց
ուրիշ,
անխոստովանելի
կարօտ
մը
կոտրեց
այդ
որոշումը:
Անիկա
կ՛ուզէր
իրականացնել
իր
գերագոյն
երազը:
Դժուար
էր
անկողին
փոխադրել
սանդուխներէն:
Բացաւ
աղանդերներու
յատկացուած,
մառանի
պէս
հոտաւէտ
ու
տունին
ամէնէն
հեռաւոր
սենեակը:
Հոն
տարածեց
հարսնիքին
անկողինը:
Դարձաւ
պառաւին
մօտ,
որ
կը
խռլտար:
Խորհեցաւ
սպասել
բազմոցին
վրայ:
Բայց
անհանգիստ
էր:
Իջաւ
բակ:
Բացաւ
պարտէզին
դուռը
ու
յառաջացաւ:
Անձրեւը
կ՛իյնար
ու
կ՛արգիլէր
զինքը:
Վերադարձաւ
դուռին
ետեւ
ու
կոկոզ
ըրաւ
ծունկերուն
վրայ,
գետինին
աւելի
մօտ
ըլլալու
համար:
Զաքարը
եկաւ:
Ու
անիկա
նետուեցաւ
անոր
բազուկներուն
մէջ:
Կերան
իրար,
ինչպէս
կ՛ըսէ
գեղացին,
հապշտապ
ու
տառապագին:
Զաքարը
ոչինչ
գիտէր
օրուան
պատահածներէն:
Անիկա
ուսէն
վար
առաւ
մախաղը:
Սանդուխին
երկրորդ
ոտքը
քառանկիւն
ու
փոքր
տարածութիւն
մըն
էր,
որ
գիծը
կը
փոխէր:
Հոն
նետեց
իր
թրջուած
տոպրակը:
Ուզեց
մոյկերը
հանել:
Խոնաւութիւնը
փակցուցած
էր
կ՛ըսես
կաշին՝
անոր
սրունքներուն:
Իր
աճապարանքին
մէջ
հրաժարեցաւ
գործողութենէն:
Ու
միասին
ելան
վեր
ու
փակուեցան
սենեակը:
Հակառակ
աղջկան
բոլոր
թախանձանքներուն՝
անիկա
չհանեց
մոյկերը:
Գոհացաւ
միայն
վրայի
թաց
լաթերը
մէկդի
ընելով:
Նազիկ
անոր
ոտքերը
փաթթեց
սեւ
ու
խոշոր
լաթերու
մէջ
ու
չէզոքացուց
ցեխը...
Գիշերը
կէսէն
առաջ
արթնցաւ
պառաւը:
Ամուր
յօրանջեց:
Շարժեցաւ
կողերուն
վրայ:
Յետոյ
արտասանեց
բառեր:
Որքան
ալ
մութ
ըլլայ
շուրջը,
հոգին
կը
տեսնէ
իր
մինակութիւնը:
Պառաւը
տակաւ
անդրադարձաւ
ատոր:
Ականջ
տուաւ:
Ու
չդիմանալով՝
ձայնեց
թոռան
անունը:
Յետոյ
սպասեց,
ականջը
կրկնապէս
լարելով
անոր
շնչառութեան:
Ոչինչ:
Նախ
անհանգիստ,
քիչ
ետքը
յեղակարծ
վախով
մը,
ան
նստաւ
իր
անկողնին
մէջ:
Երրորդ
ու
շատ
խոշոր
կանչէ
մը
ետք
համոզուեցաւ,
որ
սենեակը
պարապ
էր:
Այդ
գիտակցութիւնը
վախի
լայն
հեղեղի
մը
պէս
ակնթարթի
մէջ
պտտեցաւ
անոր
բոլոր
ջիղերը:
Կրկնեց,
պոռալու
աստիճան,
իր
բառերը:
Ոչ
մէկ
շշուկ:
Ոտքի
էր,
բայց
չտապալելու
համար
ծռած՝
մէջքը:
Հասաւ
բազմոցին
ու
ցաւող
ձեռքերով
շօշափեց
բարձը:
Պարապ
էր
բարձն
ալ:
Այն
ատեն
անակնկալ
սարսուռ
մը
փուշ
-
փուշ
քաղեց
անոր
մարմինը:
Ու
դժնդակը
հո՛ն
էր,
որ
չէր
հասկնար,
թէ
ուրկէ
կու
գար
իրեն
այս
այլայլումը:
Բայց
յաճախադէպ
է,
որ
աղէտները
նախազգացման
մեր
գուլցած
զգայարանքները
դղրդեն
ու
մենք
պարզագոյն
շարժումներու
կշիռը
ընենք
մեծ
դժբախտութեանց
գնով:
Ինչո՞ւ
պառաւը
մտաբերեց
ամէնէն
ծանր
բաները:
Ու
ինչո՞ւ
չգոհացաւ
առաջին
հաւանականութենէն,
որ
եկաւ
մտքին
բայց
օտարոտիի
նման,
ու
փախաւ
շատ
շուտ:
Ու
յաջորդողները,
որոնք
նոյնքան
օտարոտի
ու
անբնական
թուեցան:
Բայց
այնքան
արագ
կը
փոխուէին
եկողները,
որ
սկսաւ
նեղուիլ:
Չէր
կրնար
կեդրոնանալ
ու
մտածել:
Հակառակ
իր
ափին
հաստ
ու
քանիցս
կրկնուած
շօշափումներուն,
չգտաւ
լուցկին:
Բայց
շատ
որոշ
կը
յիշէր
ուր
դրած
ըլլալը:
Գետինը,
մութին
մէջ,
միշտ
շօշափելով
վերցուց
ու
կռնակին
անցուց
մուշտակը:
Յետոյ
ոտքերը
բախեցան
հողաթափերուն:
Յետոյ
թաղիքը,
որ
շատոնց
մեռած
ջորիի
մը
համետէն
կտրուած
էր:
Այս
ամէնը,
իրենց
բնական
կարգովը,
իբրեւ
թէ
իր
տունը
ըլլար:
Սրահ
ելաւ:
Պաղ
օդը
ցնցեց
ու
լայնցուց
իր
մսուքը,
որ
ակռաներուն
տակովը
վախի
փոխուեցաւ:
Չէր
գիտեր
սակայն
ինչո՞ւ
ելած
էր:
Հազիւ
կը
գիտակցէր,
թէ
ո՞վ
կը
փնտռէր:
Սրահին
պատին
առջեւ
անապակի
պատուհանէ
մը
ջուրոտ
հով
մը
ներս
կը
գլորուէր,
մութին
հետ,
որ
սանդուխն
ի
վար
աւելի
կը
սեւնար
այդ
տեղումէն:
Ու
հովը
կը
պլլուէր
ու
սանդուխին
բացուածքն
ի
վար
կը
քալէր
պառաւին
հետ,
որ
կծկտած,
ոտքերը
փոխելէ
առաջ
կը
քննէր
աստիճանները:
Բայց
բակին
մութը
եռապատկուած
եկաւ
անոր:
Ամէնէն
աւելի
կը
սոսկար
այծերէն,
որոնք
չէին
յօժարեր
առնուազն
իրենց
ճիտերը
եւ
զանգակները
շարժելու:
Իյնալով
-
ելլելով,
աղօթելով
ու
անիծելով
հասաւ
օճախով
սենեակը:
Տաքուկ
քարերը
քիչ
մը
մեղմացուցին
իր
մսուքն
ու
պրկումը:
Մէկդի
ըրաւ
անթեղուած
կրակէն
մոխիրը
ու
խոռ
մը
ճարած
իր
ունելիին՝
քանի
մը
պուկ
փչեց:
Զգաց,
որ
շունչը
քիչ
էր
ու
կարճ:
Ծնօտին
ելեւէջը՝
կոտրած
ու
անկանոն:
Հեւուքի
մօտ
բան
էր
անոր
կոկորդէն
բռնի
քաղուածը:
Կրակի
կտորին
արթնցուցած
աղօտ
լոյսովը
անիկա
տեսաւ
անկիւնի
կանթեղը,
ու
բռնկցուց
զայն:
Լոյսը
լայնք
բերաւ
անոր
ներսին,
դիւրութեամբ
կանգ
առաւ
պզտիկ
մը
աղեղուած
իր
սրունքներուն
վրայ:
Այս
փախստեայ
հանգիստին
մէջ
նայուածքը
պտտցուց
չորս
դին:
Ամէն
ինչ
կը
պահէր
ցերեկուան
կարգն
ու
տեղը,
աղտոտ
ամաններէն
սկսեալ
մինչեւ
գուլպային
կծիկը:
Դուրս
ելաւ,
լոյսը
ձեռքը:
Նազիկը՝
իր
փնտռտուքին
առարկան՝
չէր
այցելեր
իր
մտքին:
Վախ
չունէր:
Բայց
աչքէ
անցուց
ախոռը:
Ջորին
գլուխը
դարձուց
ու
անոր
մէկ
աչքը
արիւնէ
հաւկիթի
մը
պէս
ուրուացաւ,
սեւ
իր
ճակտին
տակէն,
ու
սարսափ
բերաւ
իրեն:
Ախոռները
ոգիներէ
կը
յաճախուին,
ու
պատմութիւն
կայ:
Վստահ
չէր
աքաղաղներուն
կանչելուն
կամ
չկանչելուն:
Փակեց
շտապ:
Մօտեցաւ
պարտէզին:
Դրան
կղպանքը
--
դասական
գերանը
--
իր
տեղն
էր:
Այծերը
անհոգ,
իրենց
կանանչ
աչքերը
կը
մարէին
ու
կը
վառէին
իրարու
եղջիւրներու
ընդմէջէն
ու
տեսարանին
կու
տային
դժոխային
հով
մը,
սատանաներու
հիւսուածքի
մը
պէս,
տպաւորելով
գերագրգռուած
անոր
ջիղերը:
Հասաւ
հաւնոցին:
Լոյսը
խտղտեց
անոնց
աչքերը,
ու
պարտաւորեց
զանոնք
գլուխներնին
պաշտպանելու
իրենց
փետուրներուն
մէջ:
Աւարտելով
այս
քննութիւնը,
մնաց
պարապ:
Յանկարծ
անդրադարձաւ,
թէ
ինչու
իջած
էր:
Ու
վախը
խուժեց
վրան:
--
Խենթ
եմ,
ի՛նչ
եմ,
-
ըսաւ
ինքնիրեն,
քաջալերուելով
ուրուացող
միտքէ
մը:
Առանց
վերը
փնտռելու,
ինչո՞ւ
վարերը
կը
թափառէր:
Յիշեց,
որ
իջած
էր
կանթեղը
առնելու:
Լոյսը
մէկ
ձեռքին,
միւսովը
բռնելով
սիրտը,
որ
քիչ
մը
յոգնած
կը
թուէր,
ու
ցաւի
հեռաւոր
ճառագայթի
մը
տրամադիր,
ելաւ
ան
երկու
ոտքով:
Ստիպուեցաւ
կանգ
առնել:
Ելքը
կը
դպէր
սրտին:
Հոդ
սանդուխի
աչքը
պզտիկ
քառակուսի
տախտակ
մը
կը
դառնար:
Անոր
մէկ
անկիւնը
նշմարեց
մախաղ
մը:
Թաց
էր:
Ոտքովը
կոխեց
փորին:
Պարապ
էր:
Չյաջողեցաւ
բացատրել
առարկային
թրջուած
ըլլալը:
Երբ
ոտքը
պիտի
փոխէր,
սանդուխի
աչքին
նշմարեց
ցեխի
խոշոր
արատ
մը:
Ոտքի,
էրիկ
մարդ
ոտքի
լայն
գարշապարը,
ներբանը
յստակ
նկարուած
էին
հոն:
Այլայլեցաւ
ու
ծռեցաւ:
Ցեխը
թարմ
էր
ու
քիչ
մը
ջուրոտ:
Մէկէն
սոսկում
մը
խուժեց
սրտին,
որ
սկսաւ
ծակծկուիլ
կուրծքին
տակ,
մորթուող
վառեակի
մը
նման:
Ու
ծանրացան
սրունքները:
Նուաղելու
մօտ,
դժուար
շունչ
մը
առնելով,
երեք
անգամ
կենալու
ստիպուելէ
ետքը
հասաւ
սրահ:
Հոն
մեղմ
էին
հետքերը,
բայց
կը
պահէին
իրենց
ձեւին
ընդհանուր
կնիքը:
Հետեւեցաւ
անոնց,
ու
ինքզինքը
գտաւ
պտուղներու
սենեակը:
Դուռը
չէր
կղպուած:
Մատ
մը
կրնար
սեղմուիլ
բացուածքին
մէջ:
Կոկորդին
եկաւ
թոռան
անունը,
բայց
դուրս
չելաւ:
Ուզեց
անգամ
մըն
ալ
դառնալ
ննջասենեակը
ու
լոյսով
փնտռել:
Սակայն
այս
մտածումին
դանդաղութեանը
ընթացքին՝
առանց
որ
որոշապէս
գիտնար
ինքը՝
արդէն
ձեռքը
հրած
ու
բացած
էր
դուռը:
Ամէնէն
առաջ,
ճակատի
պատէն
վրան
խուժեց
ոսկեգոյն,
բայց
աղօտ
ճառագայթներու
խուրձ
մը,
կարծես
ցրուած
գնդասեղի
բարձի
մը
վրայէն:
Նշոյլները
կճեցին
անոր
նայուածքը:
Բայց
անիկա
տեսած
էր
գամէն
կախուած
հրազէնը,
շարոցի
մը
երկար
հասակին
վրայէն,
խաչի
թեւ
մը
շինելով:
Աչքը
նոյն
վայրկեանին
ինկաւ
գետին:
Անկողին:
Ու
կոյտը՝
լեցուն
մարդկային
մարմինով:
Յառաջացաւ,
գրեթէ
պարող
կանթեղը
մօտեցնելու
բարձին
կողմը:
Թեւ
մը,
մերկ,
զոր
ճանչցաւ
մէկէն,
կ՛օղակէր
գլուխ
մը:
Մազերը՝
այր
մարդու:
Երեսը
տեսանելի
չէր,
թաղուած
ըլլալով
քիչ
մը
աւելի
վար,
Նազիկի
ծոցին
մէջ,
որուն
գլուխը
կը
հանգչէր
տղուն
մազերուն
կէսին
վրայ:
Տունը
շրջեցաւ
վրան:
Այնքան
զօրաւոր
էր
դողը,
որ
կանթեղը
ինկաւ
ձեռքէն,
ու
ձէթը
թափեցաւ
տախտակամածին:
Բայց
պատրոյգը
վառ
մնաց
հրաշքով:
Անկումին
աղմուկը
ոտքի
թռցուց
Զաքարը,
որ
ասպատակի
իր
կենցաղին
բերումով
ստացեր
էր
ականջի
բացառիկ
սրութիւն:
Հանուած
չէր
անիկա:
Ու
առանց
նոյնիսկ
ակնարկ
մը
նետելու
ուրուացող
մարդկային
ձեւին,
բնազդական
մղումով
մը
փաթթուեցաւ
զէնքին,
ու
լարեց
բլթակը:
Միւս
ձեռքը
արդէն
վերցուցեր
էր
բարձն
ի
վեր
երկարող
սուրը:
Պառաւը
հազիւ
ատեն
ու
բախտ
ունեցաւ
կողմնակի
գլորելու:
Սուրին
բերանը
շառաչով
մխուեցաւ
տախտակամածին:
Պատրոյգը
մարած
էր:
Ու
մութը
թաւալող
մուխի
մը
նման,
եղկացած
կուպրի
մը
նման,
կը
դառնար
ինքն
իր
վրայ:
Նազիկը
ընդոստ
նետուեցաւ
տղուն,
իր
բազուկներովը
պարուրեց
պարապ
մնացած
ձեռքը
ու
գրեթէ
լալով՝
--
Մամա՛ն
է:
Աղջկան
այս
աղաղակը
տեսարանին
մէջ
մտցուց
կին
բան
մը,
այսինքն՝
էրիկ
մարդու
չվայլող
բան
մը:
Ուրուականը,
որ
պառաւինն
էր,
դադրեցաւ
իր
խռովիչ
մեծութենէն:
Բայց
Զաքարին
բնազդը
արդէն
բացած
էր
պատուհանին
տախտակները,
որոնք
ապակիի
տեղ
կը
ծառայէին:
Ան
ականջովը
տեսաւ
վարի
պարապը:
Ապահովութիւնը
վերադարձաւ
իրեն:
Դաւադրութեան
մը
առջեւը
չէր:
Իջեցուց
հրազէնին
բլթակը,
դրաւ
պատի
անկիւնին:
Գործ
մը
ըրած
ըլլալու
եւ
պառաւին
հետ
չխօսելու
համար,
քիչ
մը
դանդաղ
մատներով,
տեղաւորեց
մէջքին,
կուրծքին՝
ծանր
փամփշտակալները:
Յետոյ
զգաց,
որ
կ՛ամչնար:
Դեռ
չէր
պատռած
երեսի
կաշին:
Մինչ
այդ,
Նազիկը
գտած
էր
կանթեղը,
պատրոյգը
տեղաւորած
յատակին
մնացած
մատ
մը
ձէթին
մէջ,
ու
զարկած
լուցկին:
Կարմիր
ու
դողդոջ
բան
մը
եղաւ
խաւարը:
Ու
կարելի
չէր
տեսնել
[
պառաւին
]
դէմքը,
մանաւանդ
անոր
ստացած
արտայայտութիւնը:
Անկողնին
փակցուցած
բերանը
կը
հեծկլտար
ու
վերմակին
բուրդը
կը
կեղծէր
անոր
ծերութիւնը,
ընելով
այդ
լացը
մանկային
ու
անիմաստ:
Շուարած՝
տղան
ու
աղջիկը
կը
շարունակէին
նայիլ
իրարու:
Պատուհանին
փեղկերը
արդէն
փակուած
էին:
Պտուղները
կը
քնանային
իրենց
ձեւերը:
Ու
անկողինը
առած
էր
չարագուշակ
պատկեր
մը:
Բայց
ինչ
որ
վայրկեանին
կու
տար
անմոռանալի
խռովք
ու
վայելչութիւն,
Նազիկին
կիսամերկ
մարմինն
էր
ան:
Խենթացնող
ու
զգլխիչ
էին
անոր
ծիծերը,
որոնք
կ՛օրուէին
արիւնոտ
խորքով
եւ
ուրուային
հեռանկարով
լանջքի
մը
վրայ:
Ու
շապիկին
ճերմակը
աղօտ
կ՛իյնար
իբր
գունաթափ
սահման
մը
ձիւներու
այս
դաշտին:
Երբ
իրարու
նայեցան
կրկին,
պառաւին
կործանած
մարմինին
վերեւ,
անոնք
անհուն
կարօտը
զգացին
իրարու
միսին:
Կարծես
իրար
նոր
գտած
ըլլային:
Չամչնային,
պիտի
նետուէին
իրարու
գիրկ:
Յետոյ
նեղուեցան:
Չէին
գիտեր,
որ
կը
սպասէին
պառաւին
ելլելուն:
Բայց
պառաւը
աւելի
խորունկ
թաղեց
իր
գլուխը:
Գերագրգռութիւնը
ինկաւ
իր
առաջին
թափէն:
Տեսակ
մը
պղտոր
խաղաղութիւն
տիրեց
սենեակին
մէջ,
որ
կը
լայննար
ու
կը
նեղնար
լոյսին
հեւացող
լեզուէն:
Պառաւին
հեծկլտուքը
վերածուեցաւ
ջղային
ցնցումներու
եւ
լացի
մը,
որ
անձայն
վազք
մըն
էր
ջուրի:
Անոնք
աչքով
փորձեցին
խօսիլ
ու
չկրցան:
Ճնշումը
կը
շատնար:
Զաքար
նեղուած՝
ելաւ
սենեակէն:
Ոտքին
փաթթուած
լաթերը
քակուեցան
իրենք
իրենց:
Ու
խոշոր
ու
երկաթապատ
կրունկները
կ՛իյնային
տախտակներուն
ընդարձակ
աղմուկով:
Սանդուխին
առաջին
ոտքը
չառած,
քարացաւ
անիկա:
Պառաւը
ելեր,
հրեր
էր
պատուհանին
փեղկը
ու
զիլ,
կտրտող
ճիչով
մը
պոռացեր.
--
Վազեցէ՛ք,
դրացիներ,
հո՛ս
է...
Լուռ
գիշերուան
մէջ
այդ
աղաղակը
ստուերներու
բռնկումն
էր
կարծես:
Բայց
արդէն
Զաքարը
հասած,
թաշկինակը
թխմած
էր
անոր
բերանը
ու
մարմինը
նետած
անկողին:
Յետոյ,
նոյնքան
արագ
խոյացաւ
դուրս,
սրահի
պատուհաններէն
վարը
լրտեսելու:
Թաղը,
որ
կ՛իջնէր,
մէկ
կտոր
սեւ
զանգուած
մըն
էր,
մութով
յօրինած
քմայքի
հաստամեստ
մը:
Ու
տուները
կը
ձեւէին
անկէ
ուրուային
ճարտարապետութիւն
մը:
Ոչ
մէկ
պատուհանի
ճռինչ,
որ
կտրէր
զանգուածին
ընդերքը:
Ոչ
մէկ
լոյսի
շերտ,
ապակիի
կամ
տանիքի
ծակէ,
որ
մարդերը
յայտարարէր
այդ
մռայլութեան
ծոցը:
Չդարձաւ
ետին:
Չտեսաւ
աղջիկը,
որ
մաման
ձգած,
վազեր
էր
ետեւէն
փաթթուելու
իր
կռնակին
ու
ըսելու
իրեն
անկարելի
առաջարկը
զինքն
ալ
միասին
լե՜ռը
տանելու:
Բակին
մէջ
աղմուկ:
Գոցուող
դուռ:
Անհանգիստ
շարժումներ,
բոժոժներու
վրայէն:
Փոքր
այս
իրարանցումէն
ետք
տունը
դարձաւ
իր
լռութեան:
Այն
ատեն
Նազիկը
մտաւ
մեղքին
սենեակը:
Պառաւը
կը
պահէր
նոյն
դիրքը:
Բայց
ձայն
ու
ցնցում
չունէր:
Պահ
մը
վարանեցաւ
մօտենալու:
Մտքէն
անցուց
քաշուիլ
սենեակը
ու
թաղուիլ
անկողնին
մէջ:
Յետոյ
հրաժարեցաւ
այդ
մտածումէն:
Անհրաժեշտ
էր
մեղքին
անկողինը
վերցնել
սենեակէն:
Սպասեց:
Ու
համբերութենէ
ինկած,
դպաւ
մեծ
մօրը:
Ան
չշարժեցաւ:
Դարձուց
կռնակին
վրայ:
Թաշկինակը
խելք
ըրաւ
բերնէն
հեռացնելու:
Աչքերը
գոց
էին
ու
բերանը
կը
պահէր
հանուած
թաշկինակին
բացուածքը:
Ձայնեց:
Պառաւը
չպատասխանեց:
Իր
վախին
ու
շուարումին
մէջ՝
Նազիկը
թօթուեց
անոր
ամբողջ
մարմինը,
որ
անդամալոյծ
զանգուած
մըն
էր
ու
ձեւը
կ՛առնէր
զինքը
շարժող
մատներուն:
Պառաւը
նուաղած
էր:
Կտրեց
անոր
քթին
սոխ:
Թափեց
գլխուն
ջուր:
Բերաւ
քացախ
ու
փչեց
քիթն
ի
վեր:
Աճապարանք
չունէր:
Ու
չէր
ուզեր
իջնել
անտարբերութեան
պատճառին,
որ
անոր
խղճմտանքին
մէջ
կ՛ուրուանար,
բայց
մտածում
չէր
դառնար:
Մղեց
ետ
ամբարիշտ
փափաք
մը,
որ
սրտին
գաղտնի
տունէն
կը
բարձրանար:
Լաւ
չէ՞ր
մեռել
մը...:
Բայց
վանեց
այդ
կրկնապէս
ամբարիշտ
միտքը
ու
ըրաւ
ի՛նչ
որ
կրնար
տեսած
կամ
լսած
ըլլալ
գեղջկական
բժշկութենէն:
Այս
խնամքները
քիչ
-
քիչ
Խաթունին
շունչը
դարձուցին
իրեն:
Քանի
մը
ապտակ
երեսներուն,
քանի
մը
ափ
ջուր
ծոծրակն
ի
վար
սթափեցուցին
զայն
բոլորովին:
Մեծ
շունչով
մը
անիկա
գտաւ
ինքզինքը:
Կանթեղը
մօտ
էր
մարելու:
Գիշերը
կը
շարունակուէր
սրահին
մէջ:
Նայեցաւ
պատին,
յետոյ
անկողիններուն
վրայէ
վրայ
բարդեալ
ձեւին:
Ու
աչքը
գամեց
Նազիկին
վրայ:
Ամբողջ
վայրկեան
մը
անոնք
իրարու
սեւեռուած
մնացին
իրենց
նայուածքներովը:
Պառաւինը
աւելի
բարկ
էր,
քան
կայծակը,
ինչպէս
կ՛ըսեն:
Նազիկինը՝
անփոյթ
ու
երիտասարդ:
Առաջին
շարժուածքը
եղաւ,
նայուածքը
միշտ
պինդ,
ձեռք
երկարել
Նազիկին
մազերուն:
Բայց
անոնց
զոյգ
հիւսքը
ոլորելէ
յետոյ,
զգաց
որ
անկարող
էր
աղջիկը
տապալելու:
Քանի՛
ջանք
ըրաւ
աջ
թեւով,
ա՛յնքան
ձախին
կապերը
թուլցան:
Ու
արմուկին
խաղէն
ասեղ
մը
մինչեւ
սիրտը
թօթուեց
իր
մարմինը:
Սուր
գործիքին
մխրճումը
սրտէն
դէպի
թեւին
խաղերը
անիկա
չկրցաւ
զանազանել:
Ինքնաբերաբար
քակուեցաւ
մազին
խուրձը
ու
անոր
ձեռքը
վերադարձաւ
իր
կուշտին,
եռանկիւն
գագաթով
մը,
գոցուիլ
չկրնալով:
Մէկէն
երկրորդ
խայթում
մը,
ասեղէն
աւելի
խորունկ,
բայց
սիրտէն
կաթող,
որոշապէս,
որ
եկաւ
թոյնի
կաթիլի
մը
պէս
կոտտալու,
արմուկին
ներսի
անկիւնին
մէջ:
Ցաւը
ուժով
ըլլալուն
հակառակ,
անիկա
չէր
յաջողեր
պոռալու:
Կոկորդի
ամէն
շարժում
կարծես
պիտի
հրէր
դուրս
իր
սիրտը:
Այս
գերագոյն
ճնշումի
զգայութիւնը
շփոթեցաւ
տեւականութեան
յղացքի
մը
մէջ:
Իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
այս
ցաւին
ծայրը
գերեզմանէն
կու
գար:
Որոշապէս
կը
գիտակցէր
իրմէ
խուսափող,
հեռացող
բանի
մը,
որ
կեանքն
էր:
Ու
գաղտուկ,
քիչ
յետոյ
յայտնի՝
ուրուացաւ
մահը:
Սիրտէն
փրթող
ամէն
ալիք
կարծես
կը
պարպէր
անոր
կեանքին
ա՛լ
ցամքելու
դատապարտուած
բաժակը:
Անցաւ
տասը
վայրկեան,
հետզհետէ
ցածցող
թուլացումով
մը:
Իր
ուժերը
լքեր
էին
զինքը,
այդքան
կարճ
միջոցի
մը
վրայ:
Ու
ցաւը
կեցաւ:
Պառաւը
վերստին
փորձեց
լարել
իր
բարկութիւնը:
Ակռայի
առաջին
կճրտումները,
որոնք
կը
կանխեն
կիրքին
գալարը,
չհանդիպեցան
արգելքի:
Թեթեւցաւ
նոյնիսկ,
գտնելով
իր
մարմնին
այդ
կարեւոր
մասը՝
ազա՛տ
ցաւին
հասողութենէն:
Այդ
ապահովութիւնը
նորէն՝
իր
աչքերուն
համար
ալ:
Անոնք
դիզեցին
կարելի
քանակով
մաղձ
ու
զայրոյթ:
Իր
կիրքերուն
վերադառնալու
այս
դիւրութիւնը
խանդավառեց
զինք:
Բայց
ատիկա
վաղանցուկ
պահ
մը
միայն
եղաւ:
Տխրեցաւ
չարաչար,
երբ
փորձեց
գործածել
ձեռքը,
որ
ծանր
էր
երկաթի
մը
պէս
եւ
զոր
չէր
կրնար
տեղափոխել:
Ձախին
դէմ
այս
վախը
հաստատեց
աջին
համար
ալ:
Ու
եփելով
ինքնիրմէն
բերնին
ու
ակռաներուն
տակ
զետեղած
իր
անկարող
կատաղութեան
ամբողջ
ժահրը,
ան
ըսաւ
վերջապէս.
--
Պոռնիկի՛
աղջիկ...
Ձայն
ըլլալէ
աւելի
բան
մըն
էր
նախադասութիւնը:
Վաթսուն
տարիներու
բողոքն
ու
քառասուն
տարիներու
մտալլկումը
կը
մարմնանային
այդ
բառերուն
մէջ:
Ամէն
գիր
քառապատիկ
աւելի
հոծ
կը
մտնէր
բառին
մէջ:
Ու
ամբողջ
նախադասութիւնը՝
կարծես
սրտին
հեռուներէն
դուրս
ժայթքող
կրակէ
պսակ
մը:
Սպասեց,
որ
հեղումը
զովացնէր
ներսը:
Բայց
չեղաւ
ատիկա:
Նազիկին
կրաւորական
կեցուածքը,
անտարբեր
ըսուելու
չափ
հանդարտ
նայուածքը
տասնապատկեցին
պառաւին
զայրոյթը:
Ան
ուզեց
իր
ձայնին
հեծցնել
իր
կիրքին
ամբողջ
թափը:
Կոկորդը
չկրցաւ
գործադրել
հրամանը:
Հակառակ
իր
փոքր
սկիզբին,
ցաւը
յղի
էր
իր
սոսկումին
բովանդակ
խորութեամբը:
Ի՛նչ
շուտ
կը
զանազանէր
ցաւի
այս
զգայութիւնը
միւսներէն:
Իր
լռութեան
մէջ,
ասեղը
ելաւ
ձախ
կուրծքէն
դէպի
թեւը,
երկար
ու
կոր
ձուածիրով
մը,
օձի
հրէշային
լեզուի
մը
պէս,
կառչելու
իր
արմուկի
ծանօթ
անկիւնին:
Խնայելու
համար
իր
դէմինին
իր
տառապանքին
պատկերը՝
ան
գոցեց
աչքերը:
Սեղմեց
բռունցքները:
Բայց
բաց
էր
բերանը:
Ցաւը
մնաց
իր
ուրուացումին
ու
անոր
սարսափը
տարեր
էր
իրմէ
ամէն
ուրիշ
զգայութիւն:
Հայրապենց
Խաթունը
չէր
ան:
Նազիկը
մտաւ
անոր
ուսերուն:
Ոտքի
հանեց
ու
Խաթունը
կը
հպատակէր
մատ
մը
աղջկան
այդ
կամքին,
իրը
կորսնցուցած
ըլլալուն:
Նազիկը
տարաւ
զայն
իր
անկողինին
մէջ,
պառկեցուց
քիչ
մը
բրտութեամբ,
նոյնիսկ
հրամայող
շեշտով
մը:
Պառաւը
չէր
ուզեր,
չէր
կրնար
խօսիլ,
վախնալով
բառերէն.
դեռ
ցաւին
ճախարակը՝
փոքր՝
կը
դառնար
սրտին
հորին
վրայ:
Բայց
շունչը՝
այդպէս
դատապարտուած՝
առանձին,
առանց
տեղ
մը
դպելու,
դուրս
գալու,
տեսակ
մը
սուլում,
լաց
էր
աւելի
ու
սրտառուչ,
քանի
որ
ցաւի
մը
մէջէն
քակուելու
որոշ
պատկերը
կու
տար:
Նազիկը
ձգեց
զայն:
Մտաւ
աղանդերներու
սենեակը:
Հաւաքեց
մեղքին
անկողինը:
Աշխատեցաւ
ու
յոգնեցաւ
ձէթին
աղտը
ջնջելու:
Սրբեց
ու
ծաղիկի
պէս
մաքրեց
տախտակամածը,
սանդուխները,
հետքերը
հալածելու
համար:
Արտասովոր
ուժ
կար
մէջը:
Այս
ամէնը
ըրաւ
քանի
մը
վայրկեանէն:
Երբ
դարձաւ
ներս,
պառաւը
կը
շարունակէր
իր
լացը,
որ
ձայնի
վերածուեր
էր,
բայց
խուբ,
առանց
ծաւալի,
երկարութիւն
մըն
էր
միայն:
Չխօսեցաւ
հետը
ու
մտաւ
անկողին:
Այս
ամէնը՝
առանց
աճապարանքի,
առանց
յուզման
նուազագոյն
հետքի
մը:
--
Գզըլգուրտ
ընես...
Պառաւն
էր,
բայց
ձայնը
նիհար
ու
ծեր:
Ինքնիրեն,
անէծքներու
այս
սաղմոսը
ուրիշ
օրեր
անոր
կը
բերէր
պարպուելու
հանգիստը:
Հիմա
իր
անէծքը
անզօր
խօսքի
մը
պէս
կ՛ելլէր
բերնէն
ու
չէր
կշռեր:
Առաջին
տարազը
արտաբերելէ
յետոյ
սպասեց:
--
Շանսատա՛կ
ելլաս:
Ձայնը
կ՛ամրանար:
Բայց
անոր
տպաւորութիւնը
կը
մնար
նոյն
տժգունութեան
մէջ:
Լոյսին
փոքր
խաղը
Նազիկին
երեսէն
առած
էր
ամէն
արտայայտութիւն:
--
Պատտկերը
մնաս...
Ասոնք
ուժգին
անէծքներ
էին,
որոնք
կը
վրդովէին
իրենց
հասցէները:
Խաթունը
վարժուած
էր
անոնց
հետեւող
կատաղութեան,
որ
հայհոյանքի,
թուքի,
աւելի
ծանր
անէծքի
կը
փոխուէր
դիմացէն
ու
հաճոյքով
կ՛ողողէր
պառաւին
սիրտը:
Զգաց,
որ
համ
չունէր
սա
վայրկեանին
այդ
մեծախօս
բարբաջանքը:
Կիներու
կռիւները
իրենց
ուժն
ու
հրապոյրը
կը
հագնին
երկուստեք
արձագանգող
լեզուագարութիւններով:
Փորձեց
սպառնալ.
--
Տիլիմ
-
տիլիմ
մորթել
տամ
պիտի
միսերդ:
Պառաւը
մնաց
կրկին
մինակ:
Այս
լռութիւնը
գուցէ
աւելի
կը
վրդովէր
անոր
խղճմտանքը:
Ելաւ
ոտքի,
բայց
կը
դողդղար
ու
խղճալի
ըլլալուն
գիտակցութիւնը
գրեթէ
ծիծաղելի
կ՛ընէր
իր
գունատ
մարմինը:
Տքալով
հասաւ
բազմոցին:
Կեցաւ
ու
պիշ
յառեցաւ
Նազիկին:
Աղջիկը
կը
մնար
նոյն
անզգած
այլուրութեան
մէջ:
Պառաւը
մտքէն
սահեցուց
անէծքը:
Յետոյ,
իր
հոգին
ամբողջ
հաւաքելով
բռունցքին
մէջ,
իջեցուց
ապտակը
անոր
քիթին
-
բերնին:
Կարծես
կրակ
էր
պարպուածը:
Բայց
այս
ճիգը
բոլորովին
ուժասպառ
ըրաւ
զինքը:
Ու
զգալով
ցաւին
ասեղը,
որ
կ՛ուրուանար,
կոկոզեցաւ
ծունկերուն,
սրտին
վրայէն
կուրծքին
բեռը
թեթեւցնելու
դիրքով
մը
(
որքա՜ն
շուտ
կը
սորվինք
):
Բայց
ո՞ւր
կարելի
էր
պատսպարել
այդ
խեղճ
միսին
կտորը:
Ցաւը
ուռեցաւ,
լարեց
վանդակը
կուրծքին
ու
զգետնեց
զայն:
Բերանը
հաւաքուած
ու
փորուած
ծակի
մը
պէս
կլորցաւ:
Կ՛աշխատէր
կրցածին
չափ
քիչ
շունչ
առնել:
Կուրծքին
ամէն
մէկ
ուռելուն,
սրտին
մէկ
երեսն
ալ,
ոսկորներուն
փակած,
կը
հետեւէր
կարծես
այդ
ելքին
ու
կ՛երկննար,
բզկտելով
միսերը:
Ու
զարհուրելի,
անորակելի
էր
ցաւը,
որ
կ՛ընկերանար
այդ
պրկումին:
Աչքերը
սեւցան
չտեսնելու
չափ
Նազիկը:
Աչքերը
կարմրեցան,
կորսնցնելով
զգայութեանց
անջատ
կազմը:
Ամէն
ինչ
պղտոր
արիւն
էր
առջին:
Ու
ցաւը
չէր
թողուր:
Անոր
թոռը,
շուարած
առաջին
ապտակէն,
մնացեր
էր
բիրտ
ու
կծկուեր
էր
պատրաստած
հոգեկան
զրահումին
մէջ,
անոր՝
զոր
շիներ
էր
աշնան
առտուէն
ասդին
ու
գործածեր
հարսնիքին
ու
յաջորդ
իրադարձութեանց
պահերուն:
Բայց
կը
սխալէր:
Փլատակ
մըն
էր
առջին
իր
մեծ
մօր
մարմինը
ու
եղկելի՝
այնքան
որ
փղձկեցաւ:
Մարդերու
սիրտը
այդպէս
դանակներու
ներքեւ
իր
հաշիւը
պիտի
գոցէ՜ր
կեանքին
հետ:
Ինչո՞ւ
այսքան
դժնդակ
ըլլայ
մեր
սիրտին
գիրը:
Ու
առանց
շրթունքը
շարժելու,
երկնցուց
ձեռքը
անոր
կարկամած
դաստակին:
Պաղ
էր
ան,
ու
անդիմամարտ:
Ծունկի
ինկաւ
անոր
առջին
ու
զգուշութեամբ
կոտրեց
պառաւին
կարծրացած
սրունքը:
Կռնակը
կրթնցուց
բազմոցի
շրթունքին:
Այս
դիրքով
Խաթունին
կծկուած
մարմինը
հանգչեցաւ
քիչ
մը:
Ցաւին
սրութիւնը
կոտրեցաւ
իր
թափէն:
Բայց
ցաւը
լայնցաւ,
խորացաւ
ու
արձագանգեց
անոր
մարմնին
ուրիշ
բեւեռները:
Հիմա
սրտին
ամէն
մէկ
զարկը
ցաւի
փերթ
մըն
էր
կ՛ըսես,
որ
կը
տարածուէր,
կուրծքին
տակ
չսեղմուելու
աստիճան.
յետոյ
կը
փոքրանար
ու
կայլակի
մը
պէս
կ՛իյնար
իր
մէջը:
Ու
ասիկա,
առանց
ընդհատի,
այդպէս
երկու
ժամ:
Գիշերը
կը
մնար
իր
անայլայլ
սեւութեան
մէջ:
Գեղին
վրայ
ամպերը
քալող
մարմիններու
նման,
ընտանի
եւ
ուրուային,
պատուհանին
միջոցովը,
կը
շարժէին
ու
կը
գրգռէին
Նազիկը:
Հովը
կը
պոռար:
Ու
թթենիներուն
ճիւղերը
կը
խշրտային
բիւրաւոր
բերաններով:
Մեղքը,
Զաքարը,
գայթակղութիւնը
անցած
էին
երկրորդ
գծի:
Լուսդէմ
ցաւը
դադար
տուաւ,
«
ինքն
իսկ
յոգնելով
»:
Պառաւը
օգտուեցաւ
այդ
անակնկալ
դուլէն
ու
վերսկսաւ
իր
անէծքները.
--
Շիլլիդ
ներքիդ
մնայ...
--
Կէնճուկ,
կէնճուկ
կոտրտիս,
թափիս...
--
Սատակդ
լեռնէն
բերեն...
Մինչեւ
այդ
նախադասութիւնը,
անէծքները
դուրսէն
ըսուած
ու
չլսուած
ձեւով
մը
կը
զարնուէին
անոր
հոգիին:
Վերջինը
տարօրինակ
կճումով
մը
դողացուց
Նազիկը,
որուն
միտքը
բառերուն
վրայէն
հեռացաւ
սարերն
ու
բլուրները,
մինչեւ
համբաւով
լեռները
ու
տեսաւ
իր
դիակը,
ինկած
թումբի
մը
կուշտին:
Մահուան
այս
ներկայութիւնը
լրջացուց
զինքը:
Զգաստ
ու
զղջահար
բան
մը
ինկաւ
վրան:
Այս
փոփոխութիւնը
մեղմացուց
անոր
պրկումը,
դարձուց
իրեն
քաղցր
շնորհը
ու
զայն
կը
մղէր
խօսելու,
երբ
պառաւը
պոռաց.
--
Քողդ
պատանք
ընեմ
տէ,
պաղի
սիրտս:
Ու
վայրագ
էր
պատկերը,
որ
սեղմուած
էր
անէծքին
տակ:
Երկուքն
ալ
տեսան
Հայրապենց
Նազիկը,
որ
թաղուած
էր
հարսանեկան
քողովը:
Անգթութիւնը
մեզ
կը
զարմացնէ,
երբ
ամէնէն
աւելի
անգութ
ենք:
Նազիկը
նայեցաւ
մեծ
մօրը
տաժանագին
արտայայտութեան
ու
չէր
կրնար
ըմբռնել
անոր
ատելութիւնը,
բայց
սանձեց
իր
մտածումը
ու
աւելցուց.
--
Մամա,
չե՞ս
վախնար
Աստուծմէ...
Ուրկէ՜
ուր
երկնքին
այս
միջամտութիւնը:
Բայց
անիկա
արդիւնք
էր
անէծքներուն
ու
անոնց
թաքուն
սարսափին:
Բոլորն
ալ
հասած
էին
իրենց
հասցէին:
Ու
տրտումը
ան
էր,
որ
մահուան
անկողինի
մը
մէջէն
կ՛արձակուէին
անոնք:
Ու
ատիկա
գրեթէ
գիտէր
մանկամարդ
կինը:
Մահուան
զգայնութիւնը
երբեմն
վաւերական
յայտնութիւններ
կ՛ընէ:
--
Դո՞ւն:
--
Մէկ
ոտքդ
գերեզմանն
է:
Նազիկը
հասցուցած
էր
պատասխանը:
Մէկէն
պառաւը
զգաց,
որ
իրաւ
էր
անիկա:
Այդ
գիտակցութիւնը
խորունկ
լքում
մը
առաջացուց
անոր
ներսն
ու
դուրսը:
Այդ
իսկ
վայրկեանին,
անիկա
իր
ցաւը
նմանցուց
ուրիշներու,
որոնք
յստակ
նկարուեցան
իր
յիշողութեան
դիմաց:
Ու
տեսաւ
անոնք,
ինկած
այս
անանուն
ցաւին
ճիրաններուն
մէջ,
մաղաղկուն
ու
անզօր:
Եղած
էին
որ
շաբաթով
ճուացեր
էին:
Բայց
ոչ
մէկը
կար
ազատող
անոր
դանակէն:
--
Սրտի
ցա՜ւ,
-
բանաձեւեց
անիկա
ու
անցաւ
ցաւէն
անդին:
--
Յիսուս
Քրիստոս,
-
մրմնջեց
կամաց:
Ու
անոր
ամբարիշտ
մատները
ստոյգ
արհաւիրքով
մը
հանեցին
խաչը,
որ
կնքուեցաւ
անոր
կուրծքին
վրայ,
վիրաւոր
ու
նկուն
պատկառանքով
մը:
Մինչեւ
երկինքին
բոլորովին
աղօտիլը՝
անիկա
ցաւ
չունեցաւ:
Հակառակ
այս
խաղաղութեան,
մահուան
անձուկը
ինչո՞ւ
կ՛ամրանար
սենեակին
մէջ
\:
Առտուան
կոչնակէն
առաջ,
Նազիկ
կանչեց
Սառա
հարսը,
ուրիշ
քանի
մը
դրացիներ:
Ինք
վազեց
իմաց
տալու
իրեններուն:
Գերդաստանը
փութաց
Կարմիրենց
տունը:
Նազիկին
բացակայութեանը
անիկա
պառկեցուցած
էին
արդէն
թոռան
անկողինը:
Վճիռը
որոշ
էր:
Հայրապենց
Խաթունը
պիտի
վճարէր
աշխարհին
իր
պարտքը:
Պառաւ
մը
կը
սքանչանար
Աստուծոյ,
որ
կ՛արգիլէր
Հայրապենց
Տիկինին
սեփական
տունի
հոգեւարքը,
ան՝
որ
արգիլած
էր
ատենին
անոր
հանգիստը
այդ
տունին
մէջ
ու
զայն
նետած
փողոցէ
փողոց:
Փորձառուներ
դեղ
ու
դարման
աւելորդ
գտան:
Ու
պատրաստութիւնը
սկսաւ
հոգեւարքին:
Քիչ
խօսեցաւ
անիկա
մինչեւ
ճաշակ
առնելը:
Իր
մարմինին
բոլոր
կապերը
լխկած
էին,
ամէնէն
աւելի
կոկորդը:
Ցաւին
սարսափը
կը
խղդէր
անոր
մէջ
շարժումի
ամէն
փափաք:
Հակառակ
սաստիկ
ծարաւին,
ջուր
ուզելէ
կը
քաշուէր,
շարժումին
վախէն:
Մինչեւ
հոգին
քակելը
անիկա
պզտիկ
-
պզտիկ
հեծկլտաց
ու
«
մեղա՛յ
Տէր
»
ը
կրկնեց
քանի՜
-
քանի՜
անգամներ:
Էտինքէն
ետքը
սկսաւ
անոր
հոգեւարքը,
անանկ
սուր,
անպատմելի
ցաւերով
կէտկիտուած,
որ
իր
կանչերն
ու
«
մարիկ
»
ները
արձագանգ
գտան
մինչեւ
մօտակայ
թաղերը:
Հոգէառին
հետ
դէմ
-
դէմի
անիկա
պարտաւորուեցաւ
անոր
հարցումներուն
մէկ
-
մէկ
պատասխան
ճարելու
եւ
ընդունելու
անոր
սուսերին
հարուածները,
որոնք
մարմինին
ու
մեղքին
կապերը
կը
կտրտեն
ու
կ՛առնեն
հոգին
անոնց
ցանցերէն:
Ու
գութ
չունէր
հոգէառը:
Սենեակը
լեցնող
բազմութիւնը
սարսափով
ու
տարուած
մտիկ
ըրաւ
պառաւը,
որուն
բերնէն
Գաբրիէլը
թել
-
թել
քակեց
ու
ցուցադրեց
հռչակաւոր
ոճիրը
ու
անոր
տակաւին
անյայտ
մանրամասնութիւնները:
Անիկա
փսխել
տուաւ
երկունքի
մահիճին
փսփսացուած
դաւը
իր
ամբողջական
տեսարանումով:
Այս
ամէնը՝
նիզակի
մը
սուր
ճնշումին
տակ,
որուն
կոթը
կը
բռնէր,
բռնելու
ձեւը
կ՛ընէր
պառկողը
իր
աջ
ձեռքովը:
Աւելի՛ն.
անիկա
պարտաւորուեցաւ
պատմելու
գիշերուան
պատահարը,
թարմ
ու
մանրամասնութեանց
հանդէսով:
Անիկա
տուաւ
Զաքարենց
Զաքարին
անունն
ու
այցելութիւնը
ու
անիծեց
իր
թոռը,
որ
պառկեր
էր
պտուղներու
սենեակը:
Անկողինը,
շրջապատողները
իրենց
կարգին
սկսան
աւանդական
աղօթքները,
«
կարճ
կապելու
»
համար
այս
անողոքելի
հաշուետւութիւնը:
Անոնք
սիրտերնին
սեղմած՝
կը
հետեւէին
մերկացումներուն
ու
կը
խորհէին
իրենց
սեփական
մեղքերուն
ու
անճողոպրելի
օրուան:
Ու
փողոտումի
նմանող
այս
«
հոգի
քակելը
»
շարունակուեցաւ
քիչ
-
քիչ
ցածնալով
իր
ծաւալէն,
հասնելու
համար
հեծկլտագին
սուլումի
մը:
Երբ
անոր
կոկորդը
կապուեցաւ
բոլորովին
ու
երեսին
բռնուածութիւնը
ինկաւ,
բոլորուողները
շունչ
առին
քիչ
մը:
Տեսարանը
կը
մօտենար
իր
վախճանին:
Գիշերը
չառաջացած՝
անիկա
կեցաւ
ապրելէ:
Հանգիստը
տարածուեցաւ
բոլորին
ալ
վրայ:
Մեռելը
չի
նեղեր:
Գերդաստանը
կարգադրած
էր
դիակը
փոխադրել
հայրենի
տունը:
Պառաւը
պառկեցաւ,
դագաղէն
առաջ,
նոյն
պատգարակին
մէջ,
որով
եկեր
էր
իր
տղան
դաշտէն,
մեռնելու:
Անիկա
դարձաւ
իր
տունը:
Նազիկը
կը
հետեւէր
թափօրին:
Ու
տարածեցին
անոր
անկողինը
նոյն
անկիւնը:
Մէկը
ելլէր
ըսէր
իրեն.
--
Վերցո՛ւր
գլուխդ,
Հայրապե՜նց
հարս:
Մինչեւ
լոյս,
կրկնուեցան
աւանդական
արարողութիւնները,
անվրէպ
կարգով
ու
կանոնաւորութեամբ,
ճիշդ
այնպէս,
ինչպէս
եղեր
էր
Հաճի
Ստեփանին
հետ:
Ահագին
տունը
ընդունեց
գեղին
բոլոր
դասակարգերէն
ամէն
տարիքի
այցելուներ:
Արդար
Առաքելը
բարձրաձայն
կարդաց.
--
«
Ողորմեա
ինձ
Աստուած
ըստ
մեծի
ողորմութեան
քում...
»
Դայեկ
Մէլէքը
հասաւ
ամէն
անկիւն
ու
տուաւ
հրահանգներ
ու
հրամաններ:
Կոտրուած
էր
անիկա:
Իր
կա՜րգը...
Թաղեցին
Խաթունն
ալ,
Հայրապենց
տունին
վայլող
թաղումով:
Բայց
օրը
իրիկուն
չեղած
գեղացին
անիծեց
անոր
անունը
ու
գանկին
վրայ
(
գլխուն
կողմը
)
աներեւոյթ
ձեռք
մը
կղմինտրի
կտորով
մը
քակոր
զետեղեց:
Գերագոյն
նախատինքը՝
որով
կը
պատժուէին
անզգամները
գերեզմանէն
ալ
անդին:
Ու
օրը
իրիկուն
չեղած՝
գիշերուան
եղելութիւնը
հրապարակ
իջաւ
կարելի
հարազատութեամբ:
Դրացիները,
Կարմիրենց
տունէն,
բացին
իրենց
լեզուները
ու
կանոնաւորեցին
ինչ
որ
կցկտուր
ու
պակասաւոր
ըսուած
էր
հոգէառին
զրուցադրութեան
տակ:
Ու
թռաւ
նոր
պատահարը
թռչունի
չափ
արագ
գեղին
բոլոր
թաղերը:
Զաքարենց
Զաքարը
պաշտպանուեցաւ
շատերու
կողմէն:
Անոր
յանցա՞նքը...
--
Պոռնիկին
աղջի՜կը,
-
կը
դատէր
գեղին
խելքը:,
քանի
գլո՜խ
է
կ՛ուտէ:
Ու
այս
մտածումները
ազատ
ընթացք
ունէին:
Ոչ
ոք
կրնար
անոնց
համար
այդ
օրը
պատասխանատւութեան
ենթարկուիլ:
Ու
գեղը
կ՛ատէր,
բայց
կը
հեգնէր
ու
կ՛երգէր
Նազիկը:
Կը
հեգնէր
խեղդելով
մահը,
բոլոր
Հաճի
Ստեփաններն
ու
մեծ
Խաթունները
ու
իր
սիրտը
կը
զովացնէր
տապալող
ամէն
ամբարիշտի
մեռելէն:
Ու
երգը,
անհոգ,
զուարթ,
անդիմադրելի,
գոռաց
կրկին.
«
Սիրեմ,
Նազի՜կ,
ընքուընիդ
Օսկի
գըրիչէն
քաշած:
»
*
*
*
Այդ
գիշերէն
սկսեալ,
Հայրապենց
Նազիկը
փակուեցաւ,
չըսելու
համար
արգելք
տակ
առնուեցաւ,
մէրանցը
տունը:
Կարմիրենց
Սահակէն
եկած
լուրերը
կ՛աւելցնէին
այս
վիճակին
անձուկը:
Երիտասարդ
կինը
մինակ
չձգելու
համար,
հօրեղբայրներէն
Հաճի
Անդրանիկը
ընտանիքով
միասին
փոխադրուեցաւ
Հաճի
Ստեփանին
տունը:
Գայթակղութիւնը
կատարեալ
էր:
Երկրորդ
օրն
իսկ,
Կարմիրենց
աղջիկներէն
մէկը
նաւահանգիստ
էր
վազած՝
աղէտը
գուժելու
Սահակին
մօրը.
մանաւանդ
պերճաբարբբառ
պատմելու
Հաճի
Խաթունին
անմոռանալի
հոգեւարքը:
--
Ասեղին
գլոխով
փոթեց
հոգին...
Ակնարկութիւնը
հոգէառին
կ՛երթար,
ու
տեսակ
մը
մխիթարանք
կը
բաշխէր
ողջերուն,
որոնք
անկարող
զոհերը
եղան
աշխարհի
կարգեերուն
ու
Աստուծոյ
յանձնեցին
իրենց
վրէժին
լուծումը:
--
Ըռի՞նտ
գտնար
պիտի,
-
կը
պոռար
անիկա,
լսելու
ըլլալու
համար
Սահակին
մօրը:
--
Հէ՜,
Կապուտուոր,
պակաս
չձգես...
Չարախինդ
այս
աղօ՜թքը՝
Նազիկին
պատուհաս
մը
փութացնելու:
Բայց
կարեւոր
էր
խնայել
տղուն.
ծովեզերեայ
փոքրիկ
քաղաքը
բանուկ
կապեր
ունէր
լեռնամէջի
փարթամ
գիւղաքաղաքին
հետ:
Յիսուն
տարի
առաջ,
երեւոյթ
էր
գիւղացիին
հոն
իջնելը:
Քանի՛
բարքերը
բարակցեր
էին,
այսինքն՝
քանի՛
կնիկներուն
հիւանդութիւնը
բազմացեր
էր,
ա՛յնքան
բժիշկի
համար
հոն
իջնողները
բազմացեր
էին:
Ու
խաները,
պանդոկները,
ամառ
թէ
ձմեռ,
գրաւուած
էին
շրջանին
միւս
գիւղացիներովը:
Հիւանդները
կ՛այցելուէին
գործով
եկողներէն:
Կարմիրենց
Տիկինը
ստիպուեցաւ
դիմել
արտակարգ
միջոցներու.
հիւանդտեսի
համար
կազմակերպեց
կանոնաւոր
հսկողութիւն:
Իր
հարսէն
ղրկուած
ուտելիք
ու
հագնելիք,
որոնք
քաղաքին
շուկայէն
գնուած
էին,
աղուոր
լուրեր,
որոնք
աղջկան
հետ
կը
յօրինէր,
յանձնարարութիւններ,
բոլորը
հասցուց
իր
տղուն,
որուն
խելքը
տանը
վրայ
կը
սաւառնէր.
ու
երազի
ու
մրափի
պահերուն,
Նազիկը
կը
տեսնէր
յաճախ
աղուոր
ու
բարի,
երբեմն
դաժան
ու
լպիրշ:
Անիկա
քանի՜
անգամ
փափաքեցաւ
գեղ
դառնալ:
Բժիշկը
կտրուկ
ընդդիմացաւ:
Անոր
վիճակը
ձմեռ
չէր
հաներ:
Կարմիրենց
Տիկինը,
հակառակ
իր
յուսահատ
գիտութեանը,
գեղէն
հեռու
ըլլալու
համար,
որոշեց
հիւանդը
տանիլ
աւելի
մեծ
քաղաք
մը:
ԹԷեւ
անոր
այցելեց
Պոլիսին
ձգողութիւնը,
բայց
անոր
մասին
պատմուածներէն
խռոված՝
հակեցաւ
մօտի
քաղաքը,
որուն
ջերմուկները
երբեմն
հրաշքներ
կը
գործեն:
Գաղտնի
գեղ
դարձուց
աղջիկը:
Ու
պահեստի
ոսկիները,
որոնք
կեսուրէն
կու
գային
ու
կը
քնանային
ախոռի
մեծ
գուբին
տակը,
եօթը
թիզ
խորունկ
փոսի
մը
մէջ,
անիկա
տրամադրեց
մէկ
հատիկը,
վերջին
շառաւիղը
ազատելու
համար:
Այս
ամբողջ
տագնապի
ընթացքին,
անխոստովան
թեթեւութիւն
մը
յաճախ
կը
սրտապնդէր
զինքը:
Տրտմօրէն
ուրախ
էր
գրեթէ
պատահածէն:
Ան
Աստուծոյ
մատը
կը
տեսնէր
այս
գործերուն
մէջ:
Ու
Աստուծոյ
այս
պաշտպանութիւնը՝
գրաւական
մը՝
աւելի
մեծ
փորձանքին
համար:
Իր
կսկիծին
մէջ
հրէշային
մտածում
մը
ամէն
օր
կ՛այցելէր
անոր:
Այն
ատեն
անիկա
կոտրած
գաւաթի
մը
պէս
կը
փլէր
ներսէն:
Եթէ
Նազիկը
յղի
չըլլա՜ր:
Ու
հարցումները,
անձայն
կոշկոճումին
մէջ:
Որմէ՞:
Ե՞րբ:
Ինչպէ՞ս:
Գիտէր
սակայն,
որ
Նազիկը
հեռացեր
էր
իր
տունէն:
Ու
կը
մխիթարէր
ինքզինքը
տարտամ
յոյսերով,
մեր
բոլորին
նման,
երբ
ընելիք
չունենալով,
պզտիկ
հաւանականութիւն
մը
կը
զարդարենք
ու
անոր
շուքին՝
կը
սպասենք:
Պառաւը
պարպել
տուաւ
տունին
ուրիշ
պահծու
արժէքները,
նոյնիսկ
հին
օրերու
կերպասները:
Ու
քաղաքը
փոխեց,
փրկուելիք
իրեղէնները
ապահով
ձեռքերու
մօտ
տեղաւորելէ
յետոյ:
Ասդին,
գեղին
մէջ
կը
ծեծուէր
ու
կը
ծեծուէր
Կարմիրենց
տունին
պատահարը:
Ու
գիտէին
այն
ամէնը,
ինչ
որ
ըսուած
էր
ասկէ
առաջ:
Բայց
նոր
դրուագով
մը
Նազիկը
կը
ստանար
տարօրինակ
այժմէութիւն:
Ինչ
որ
կը
մասնաւորէր
այս
պոռնկութիւնը,
ենթակային
բացառիկ
գեղեցկութիւնը
եւ
գերդաստանին
մեծափառ
համբաւն
էր:
Թէեւ
հազուադէպ,
բայց
կարելի
իրողութիւն
էր
ապօրէն
յարաբերանք
մը
կնոջ
մը
ու
մարդու
մը
միջեւ:
Անիկա
ինքզինքը
արդարացնող,
աւելի
ճիշդը՝
իրական
ընող
կարգ
մը
յատուկ
պայմաններու
կը
հպատակէր:
Ու
գեղը
կը
պատժէր
զոյգը,
գիշերային
սպանութեամբ
կամ
ցերեկուան
խայտառակութեամբ
մը:
Հո՞ս:
Բայց
ո՞վ
էր
այն
տղան,
որ
ունեցեր
էր
Նազիկին
աղջիկնութիւնը:
Ինչո՞ւ
գեղը
իրարու
դէմ
հանող
այս
աղիճը
պղծէր
ամուսնական
ուխտը
ու
իր
գիրկը
բանար
անոր,
որ
զինքը
ձգեր
էր
գեղին
լեզու
[
ի
]
ն
՝
կը
հարցնէին
բոլոր
խելօքները
ու
խորունկ
միտք
ունեցողները:
Ու
ամէն
մարդ
կարծիք
ունէր:
Ու
եղանակը
այգեկութք
էր:
Հեռաւոր
այգիներէն
դարձեալ
տղաքը,
կենդանիները
իրենց
առջեւը
ձգած,
թող
կու
տային
այժմէացած
երգը,
որ
կ՛աճէր
նորանոր
տուներով
ու
օդին
մէջ
կը
պտտցնէր
Նազիկին
«
լուսէ
»
ծիծերը
եւ
անոր
մէկ
համբոյրին
համար
գին
կը
կտրէր
«
տասը
երիտասարդութեան
»:
Ու
ահա
անիկա:
Ի՛նչ
որ
գիտէք
իր
մարմինէն:
Աւելի՛ն.
ի՛նչ
որ
կը
բերէ
մեզի
անդարմանելի
ցաւ
մը
ու
անոր
յստակ
գիտակցութիւնը:
Աւելի՛ն.
իր
տարփանքին
մէջ
անկայուն,
սովորական
կեանքին
համար
գրեթէ
փակուած
այլուրութիւն
մը,
որ
անոր
քալուածքը
կ՛ընէր
երբեմն
ամբարիշտ
ու
պոռնիկ,
երբեմն
ճկուն,
վերապահ
ու
աստուածավախ:
Ինչ
որ
լուսանկար
մը
կամ
իւղանկար
մը
կը
զատէ
կենդանի
դէմքէն:
Նազիկը
պատկեր
մըն
էր
ու
իր
ետեւէն
կը
պտտցնէր
այդ
անիրականութիւնը:
*
*
*
Նազիկը
երազ
մըն
էր,
պիտի
ըսէր
ժամանակակից
բանաստեղծ
մը,
երբ
տեսնէր
անոր
նստիլը
դուռին
առջեւ,
ձեռքերը
ծնօտին
կամ
աղբիւր
երթալը:
Աւելի
ետքը
անիկա
պիտի
մտնէր
կաթոլիկներու
ծախած
պատկերներէն
Մագթաղինացի
Մարիամին
կաղապարին
մէջ,
անոր
նման
մազերը
ծոցուորցուցած
իր
գլխուն,
անոր
նման
նայուածքը
ընելով
դալկոտ
ու
անհուն:
Ամբողջ
շաբաթ
մը
անոր
պատահարը
տուաւ
ու
առաւ:
Բայց
եթէ
ողբերգութեան
առաջին
դերակատարը,
անզգած
իր
այլուրութեան
մէջ,
կը
շարունակէր
դիմանալ
ու
չէր
զիջաներ
ողորմուկ
դիմակին,
որուն
տակ
կ՛ապաստանին
վախկոտները,
գերդաստանը
կը
տառապէր
անհնարին
անձկութեամբ
մը:
Չէր
ըսուած,
բայց
կարծես
գիտէին
թաշկինակին
տեսարանը
ու
Խաթունին
մահուան
մէջ
Զաքարին
մատը՝
ենթադրական՝
կը
խոշորնար
ու
մահը
տուողը
կ՛ըլլար:
Նորէն
արթնցան
գերդաստանէ
գերդաստան
ծեծկըւուքները,
իրար
դանկըտելները:
Աւելին
կար:
Չորս
տղայ
հրապարակաւ
սրցուցած
էին
իրենց
դանակները,
«
գլուխը
թռցնելու
»
համար
քածին:
Ու
կրկնուեցաւ
Հաճի
Ստեփանին
պատմական
թափօրը,
որուն
մէջ
Հայրապենց
խումբը՝
գինովութենէն
անդին
անցած,
մարտի
հրաւէրով
մը
գեղը
կը
վրդովէր:
Անոնք
նմանցուեցան
կատղած
շուներու,
որոնք
ուրիշի
պակասէն
զիրար
կը
խածնեն:
Ու
հրապարակ
ինկան
Հայրապենց
աղջիկներն
ու
հարսները,
լիրբ,
գրգռիչ
ու
կանխայարձակ,
որոնք
փողոցներուն
մէջտեղը
կը
սոթտուէին
ու
հանած
իրենց
ոտքերէն
սանտալները՝
կը
ծեծէին
ո՛վ
որ
խօսէր
պատահածէն:
Ու
անոնք
քարի
կը
բռնէին
պատուհանները,
որոնց
ներսէն
ծանօթ
յանկերգը
կը
թրթռար:
Բայց
նշանաւոր
էր
անոնց
կատաղութիւնը
Նազիկին
վրայ:
Քանի՜
-
քանի՜
հեղ
արիւնով
լուացին
անոր
երեսները,
չար
ու
անողոք
դիտումով
մը,
ընդմիշտ
արատաւորելու
համար
անոնց
զգլխիչ
կաղապարը:
Բոլոր
այս
ծայրայեղութիւնները
սանձուեցան
իմաստուն
ցուցմունքներով:
Ընտանիքը
կակուղցաւ
իր
ատելութեան
մէջ
ու
հաւատաց
տէրտէրին,
որ
կը
խօսէր
աջ
ու
ձախ.
--
Շատ
բան
կ՛ըսուի,
իրա՞ւ
է,
-
ու
կը
թօթուէր
մօրուքը,
ինքզինքը
մտիկ
ընելով
ու
կ՛աւելցնէր,
-
եղածը
ըսուածին
շուքը
պիլէ
չէ:
Ու
ամէն
մարդ
իր
ուզածը
կը
հաւնէր
ու
կ՛առնէր
այս
խելացի
խօսքերէն:
Մեղմացան
կրակոտներուն
եռանդն
ու
սպառնալիքները:
Տարտամ
խորհրդաւորութիւն
մը
հեռացուց
մեղքին
անմիջական
իրականութիւնը:
--
Ո՞վ
է
տեսեր,
-
կ՛ըսէին
իրարու:
Հողք
ինկած
մեռել
մը
նորածինին
պէս
պէտք
ունի
կարգ
մը
անխուսափելի
խնամքներու,
որոնք
զանց
ընելը
մեղք
է
ու
ամօթ:
Հայրապենց
կնիկները
պարտաւոր
էին
ամէն
օր,
օրհարսակէն
ետքը
այցելութեան
երթալ
Խաթունին
հողքին:
Ամէն
գիշեր
անոնք
կը
մեծարէին
մխիթարանքի
եկողները,
պաշտօնական
արարողութիւններով:
Բայց
դժնդակը
այն
էր,
որ
անոնք
գեղին
զանազան
թաղերէն
կը
հաւաքուէին
նահապետական
տունը:
Ու
ամէնը
մէկ,
Նազիկը
շրջապատած,
կ՛ուղղուէին
դէպի
գերեզման,
հրաւիրելով
իրենց
վրայ
բոլոր
աչքերը,
ու
ետեւէն՝
լեզուները:
Կարծես
թէ
ամբողջ
թափօրը
կը
քալէր
մեղքի
ամպի
մը
մէջէն:
Ու
անոնց
այրերը
ցանցառ
կ՛երեւէին
փողոցները,
աւելի
ցանցառ՝
սրճարանները,
ուր
բազմութիւնը
զիրենք
ընկճել
կը
թուէր
լուռ
արգահատանքով
ու
յայտնի
վերապահութեամբ:
Նազի՞կը:
Գրաւուած
էր
ան
մեռելով
ու
խղճի
խայթով:
Թաշկինակին
տեսարանը
չէր
հեռանար
աչքերէն
ու
իր
մտքին
մէջ,
մահուան
զանգակի
մը
պէս՝
լեզու
ունէին
պառաւին
վերջին
անէծքները:
Ջնջուած
էր,
առջի
շաբթուն,
Զաքարին
յիշատակը
նոյնիսկ:
Խղճմտանքին
տագնապները
քիչ
-
քիչ
մեղմացան:
Ժամանակը
ո՞ր
ցաւին
չէ
յաղթած,
կը
մտածէ
ժողովուրդը
եւ
իրաւունք
ունի:
Ո՞վ
չի
հաշտուիր
մեռելին
ու
մեռնելուն
հետ:
Բայց
քանի՛
կը
հիննար
մահը,
ա՛յնքան
կը
նեղնար
Նազիկին
շրջապատը:
Անիկա
մատնող
սեւեռումով
կը
զննէր
գերեզմանատան
պարիսպէն
դուրս
Մաստինիի
մացառուտքը,
որ
կը
յանգէր
«
արիւններու
հեղեղատ
»
ին:
Ու
կը
մտապատկերէր
անոր
թաւուտներէն
մէկուն
մէջ՝
իր
ձայնին
երկարած
բերա՜նը
երիտասարդին:
Ու
պատկերին
ուժգնութիւնը
ամօթ
կը
բերէր,
բռնուելուն
վախովը
խառնուած:
Առջի
շաբթուան
սուգը
դեռ
չպաղած՝
անիկա
ինկած
էր
արդէն
իր
բնազդներուն
շղթային:
Ու
երեւան
եկաւ
երկրորդ
Նազիկը,
կարգուելուն
յաջորդ
շաբթուան
կատաղի
Նազիկը:
Ան՝
որ
աշխարհը
սեւ
տեսաւ
իր
շուրջը
տասն
անգամ,
օրուան
մէջ,
երազեց
ձգել
գեղը
ու
քաշուիլ
անտառ
սիրականին
հետ:
Ան՝
որուն
համար
ընկերութիւնը,
բարքերը,
ընտանիքը
անհասկնալի
յօրինումներ
են
ու
կը
ծառայեն
սէրը
խրտչեցնելու:
Որ
կ՛ուզէ
մէկ
ու
վերջնական
ու
չ՛ըմբռներ
մեր
կապանքները:
Ու
կը
վազէ
սիրածին
ետեւէն:
Այդ
գիծէն
աղջիկներ
գոյութիւն
ունին:
Կինե՞ր:
Ու
Նազիկը
կը
բզկտէր
ինքզինքը:
Այս
յարաճուն
զգայնոտութիւնը
զայն
կը
զատէր
շրջապատէն
ու
կ՛ընէր
անոր
մարմինը
արտակարգ
բան
մը:
Ան
չէր
սեղմուեր
տանիքի
տակ:
Փողոցին
դէմ
ակռայ
կը
կճրտէր
ու
կիները
չէր
հանդուրժեր:
Իր
ապերասան
փափաքն
էր
գերեզման
այցը:
Հոն
կը
գտնէր
իր
ձայնին
արձակ
կախարդութիւնը:
Դէմքին
կ՛իյնար
անմեկնելի
երանութիւն:
Միշտ
կը
նստէր
իր
տեղը,
ոչ
ոքի
զիջելով
զայն:
Ճակատէն
կ՛առնէր
հեղեղատի
մացառուտները,
ու
կ՛երգէր
աչքերը
կիսախուփ,
բայց
մէկ
կէտի
վրայ:
Կը
մեկուսանար,
հեշտութեամբ
ու
բռնի:
Կը
վիրաւորէր
Արեգ
հարսը,
Հաճի
Գրիգորին
անուշիկ
տիկինը,
որուն
լեզուն
շաքար
-
ջուրով
թաթխած
կ՛ըլլար
միշտ
ու
խոցուած
սիրտերէ
կը
հասկնար:
Կ՛արհամարհէր
յայտնի
շարժուձեւով
ու
բառով
միւս
հօրաքոյրները
եւ
ազգականները,
որոնք՝
առջի
խստութիւններէն
յոգնած,
կը
ջանային
մեղմել
անոր
գերագրգռուած
կիրքերը,
մոռնալու
աստիճան
անոր
մեղքերը:
Կը
զգուշանար
այրերէն,
կաս
-
կարմիր
դառնալով
անոնց
պատասխանելու
հարկին
առջեւ:
Ու
կը
հեռանար
տունին
հոգիէն,
ազգականներուն
պարունակէն,
օրուան
իրականութենէն:
Այս
ընդվզումը՝
տարտամ
արդիւնքը
զինքը
փաթթող
հսկողութեան,
անոր
մէջ
աճեցուց
ժխտական
տարրեր:
Չար
էր
անիկա
օտարներու
հետ
ու
մէջ:
Բայց
կը
թեթեւնար,
երբ
կը
սուզուէր
զինքը
համագրաւող
տեսիլքին
խորը,
որ
Զաքարն
էր:
Առաջին
ու
բացարձակ
մտահոգութիւնը
եղաւ
կապ
հաստատել
ասպատակին
հետ:
Աշխարհին
առջեւ,
անիկա
քաղաքէն
եկած
մեծ
կառքերը
հարցուփորձելու
պատրուակով,
կը
փնտռէր
միջոցը
լեռնէն
եկողներուն
մօտ
ուշանալու:
Ոստիկաններու
ձիերուն
աղբիւր
դիմելը
կը
լրտեսէր
ու
կը
վազէր
ջուրի,
դանդաղ
ու
մտազբաղ,
շշուկներ
որսալու
համար:
Ու
հակառակ
անոր,
որ
իրենց
տունը
մշտապէս
հսկուած
էր,
--
Հաճի
Գրիգորը
հերթով
կը
քնացնէր
հարսները,
--
անիկա
անվախ
կ՛որոճար
իր
ծրագրին
վրայ:
Գերեզմանէ
մը
դարձին,
անիկա
կրցաւ
խօսիլ
Օվակենց
Հեղնային:
Բարի
կնիկը
միշտ
տկար
էր
իր
այդ
վրիպած
հարսին
համար:
Անիկա
պատմեց
Զաքարի
վերջին
շահատակութիւնը,
քսան
հոգինոց
ոստիկաններու
խումբի
մը
տարտղնուիլը:
Աստուած
կը
պահէր
«
առիւծ
երիտասարդը
»...
Նոյն
վայրկեանէն
Նազիկ
միտքը
դրաւ
շահագործել
անոր
բարեացակամութիւնը:
Սուրբ
ու
վշտահար
կինը
զարհուրանքով
մերժեց
անըմռնելի
առաջարկը:
--
Ինչպէ՜ս
բերանը
չծռեցաւ
Նազիկին,
-
մտածեց
անիկա,
ու
նայեցաւ
անոր
աննման
շրթներուն,
որոնց
կարմիրը
թաց
ու
պաղած
արիւնի
մը
տպաւորութիւնը
կ՛ընէր
քիչ
մը
մօտիկէն:
Բայց
ճամբան
գտած
էր:
Անիկա
ձեռք
ձգեց
իրենց
մառանին
մէջ
Դայեակ
Մէլէքը:
Ու
սպառնաց
անոր:
Պառաւը
չէր
կրնար
ընդդիմանալ:
Նազիկին
ցուցմունքներով
անիկա
թափառեցաւ
գերեզմանին
բլուրին
ոտքերը,
աղցանի
գնաց
Սառայենց
պարտէզը:
Քիթին
տակէն
երգելով
երգին
նոր
տուները,
շինելով
իր
դերին
համար
բոլորովին
թափանցիկ
տողեր,
անիկա
գտաւ
Զաքարը
ու
յարաբերութեան
դրաւ
«
երկու
խենթերը
»,
ինչպէս
կ՛ըսէր
ինքը:
Գիշերը
կէսին
Զաքարը
մտաւ
գեղ
ու
պատսպարուեցաւ
պառաւին
յարդանոցին
մէջ:
Մէլէքենց
Մէլէքը
ունէր
կարգուկ
տղայ
ու
թոռներ:
Ունէր
հարս
ելած
աղջիկներ,
որոնք
օրը
հեղ
մը
կը
հանդիպէին
իրեն:
Գործին
բերումն
ալ
այդ
տունը
կ՛ընէր
յաճախուած
ու
փախստականի
համար
վտանգաւոր:
Բայց
կարգ
մը
գաղտնի
գործողութիւններու
համար
դայեակը
յարդանոցին
տակ
փոս
էր
փորած,
շատ
խոր,
ուր
կ՛իջեցնէր
հարսները
ու
կը
ճուացնէր
զանոնք:
Մինչեւ
վիժումը
անոնց
աղաղակները
արգիլելու
համար
դուրս
տարածուելէ,
անիկա
թաղիքով
պատած
էր
փոսին
եզերքները
եւ
յարդով
ծածկած
մուտքի
փոքր
տախտակը:
Հոն
թխմեց
անիկա
հսկայ
երիտասարդը
ու
յանձնարարեց
անոր
համբերող
ըլլալ:
Գիշերէ
գիշեր,
ամէնուն
պառկելէն
յետոյ,
անիկա
կը
մտնէր
յարդանոց
ու
կերակուրը
կը
տանէր
տղուն:
Զաքարը
հասկցաւ
Նազիկին
վրայ
գործադրուած
զսպողական
միջոցները,
հսկողութեան
ձեւերը
ու
իր
գլուխին
կախուած
վտանգը:
Բայց
ատիկա
զանցառելի
պարագայ
էր
անոր
համար:
Անհրաժեշտը
Նազիկը
ունենալն
էր,
գէթ
մէկ
անգամ:
Անկէ
ետք
կրնար
գալ
մա՜հը...
Ու
կը
համբերէր:
Լեռներուն
արձակութիւնը
ու
այս
երկու
կանգուննոց
փոսը
նոյնը
եղան
իրեն
համար:
Սիրողներուն
համբերութիւնը
համեմատական
է
անոնց
խանդին:
Ան՝
որ
կը
յոգնի
նոյնիսկ
քառորդ
մը
սպասումէն,
ինքն
ալ
չի
հասկնար,
թէ
ինչպէս
կը
կծկտի
անկիւն
մը,
փոս
մը,
ցերեկներ
ու
գիշերներ...
Միւս
կողմէ՝
տղուն
պակսիլը
լեռնէն,
լրտեսներու
հաւաստումները,
ամէնէն
մօտ
բարեկամներուն
անգամ
անոր
չերեւիլը՝
ոստիկանութիւնը
ըրին
աւելի
աչալուրջ:
Քաջութեան
ու
յայտնի
վտանգի
գործ
էր
այդքան
նշանառու
ասպատակի
մը
հետ
չափուիլը
լեռներու
վրայ:
Բայց
ամէն
տուն
թակարդ
մըն
է:
Ու
անցաւ
նոր
հարիւրապետը
մեթոտիկ
գործունէութեան:
Ան
աշխատանքը
առաջ
տարաւ
երկու
ուղղութեամբ:
Իր
կարծիքովը,
Զաքարին
թաքստոցը
ծանօթ
ըլլալու
էր
Նազիկին:
Ու
վարձուած
կիներ
գործածեց
ան
անոր
ետեւէն:
Նոյն
այդ
մեթոտը
կը
կիրարկուէր
նաեւ
Զաքարենց
ընտանիքին
բոլոր
անդամներուն
համար:
Երկրորդ
շաբթուն,
Նազիկը
դայեկին
տանը
առջեւ
խօսքի
կեցաւ
անոր
հարսին
հետ:
Ամբողջ
թափօրը,
հպատակելու
համար
վերէն
տրուած
հրամանի
մը,
կանգ
առաւ
անկէ
քիչ
հեռու,
համբերութեամբ
սպասելով,
որ
խօսակցութիւնը
աւարտի:
Հայրապենց
կիները
վարժուած
էին
այս
տեսարաններուն:
Մեծ
մասով
աղուոր,
անոնք
տեսակ
մը
պչրանք
կը
մատնէին,
իրենց
անփոյթ
արտայայտութեանը
վրայ,
ու
գոհ
էին
իրենք
զիրենք
ամբոխին
նախանձին
յանձնելու:
Իրենց
այցելութիւնները
ակամայ
իջեցուցին
անոնք
օրընդմէջի,
դէպի
գերեզման:
Գեղը
յուզուած
էր
հզօր
փնտռտուքով
մը:
Առանձին
տուներ,
որոնք
գեղին
թաղերը
կը
վերջացնեն
ու
պարտէզով
կը
հատնին,
ենթակայ
եղան
ոստիկանական
խուզարկութեան:
Յիսուն
նոր
ձիաւորներ
աւելցան,
պատրուակ
ունենալով
Զաքարը:
Իրականին
մէջ
հեռաւոր
շարժումներու
արձագանգ
մըն
էր
այս
զօրացոյցը:
Սկսած
էին
հայկական
կռիւները:
Եւ
շրջանին
ամէնէն
ըմբոստ
գեղը
հարկ
էր
ենթարկել
զգուշողական
սեղմումներու:
Բոլոր
լերան
ճամբաները
բռնուած
էին
լրտեսներու
խումբերով,
առաջնորդ
ու
ղեկավար
ունենալով
Հայրապենց
տղոցմէ
մէկը:
Անոնք
ոչ
մէկ
գնով
յանձնառու
եղան
գործակցիլ
կառավարութեան,
որ
լռութեամբ
համամիտ
գտնուեցաւ,
Զաքարին
սպանումէն
յետոյ,
նոյն
այդ
ոճիրով
Հայրապենց
տղաքն
ալ
զգետնելու
թաքուն
նպատակով:
Ոստիկանները
մտած
էին
լայն
շարժումներու
մէջ:
Թեւերու
բաժնուած՝
անոնք
քսանական
հոգինոց
ջոկատներով
գեղը
կը
կտրէին,
մեկնելով
անոր
կեդրոնէն
դէպի
արեւելք
ու
արեւմուտք:
Յետոյ,
ժամեր
տեւող
ու
իրական
ռազմափորձի
նմանող
պտոյտներով,
արշաւները
կը
համախմբուէին
գեղին
հարաւային
կռնակը:
Այս
շարժումները
կը
յիշեցնէին
մեծ
կռիւները,
որոնք
պատմական
եղած
են
աւազակներու
դէմ
հսկայ
գրոհներով:
Գեղացին
ատոնց
կը
բերէր
իր
մասնակցութիւնը
ձիով
ու
հրազէնով:
Դադրած
էին
երկու
ընտանիքներու
մէջտեղ
ճարակող
արիւնի
խանձերը,
գիշերազբաղ
փողոտումները:
Գեղը
կը
դրուատէր
Հաճի
Գրիգորը,
որ
հակառակ
յայտնի
սպառնալիքին՝
մերժեց
իր
միջոցները
միացնել
հարիւրապետին:
Այս
ամբողջ
յուզումները
անցած
էին
նաեւ
կիներուն
ու
գեղի
չէզոք
տարրին:
Հայրապենց
կիները,
որոնք
առանց
թարթելու
կը
մորթէին
Զաքարը,
ուրիշ
ատեն,
քանի՜
անգամ
վախցան
անոր
հաշւոյն,
երբ
իրենց
մօտերը
տուներ
խուզարկուեցան:
ու
այս
իրարանցումը,
տենդը,
ազդեցին
անոնց
գործադրած
հսկողութեան:
Նազիկը
օգտուեցաւ
այս
թուլացումէն
ու
գործով
մը
յապաղելէ
յետոյ
կիներու
թափօրն
հասաւ
գերեզմանը,
քառորդ
մը
ուշ:
Մինչ
այդ
անիկա
մտեր
էր
դայեկին
տունը,
որ
զայն
յարդանոց,
տղուն
ծոցը
թխմեց:
Գերեզման
այց
[
ել
]
ողներու
երկրորդ
խումբը,
ձայնեց
իրեն,
դրան
առջեւէն:
Նազիկը
դուրս
ելաւ
բակէն,
բայց
կարմիր
էին
երեսները
աւելի
քան
կրակի
կտորներ:
Օդը
զով
էր
ու
անըմբռնելի՝
այս
երանգը:
Մէկը
նկատեց,
որ
պլուզին
կոճակները
ցրուած
էին
անհաւասար:
Ուրիշ
մը
քիթը
ճմռեց,
կարծես
ստուգելու
համար
յարդի
չոր
ու
կծու
հոտ
մը,
որ
կառչած
կը
մնար
անոր
փէշերուն
ու
մէջքին:
Մազերուն
ծոծրակի
մասը
հիւսուած
կը
թուէր
առատ
մղեղով
մը:
--
Յարդանո՞ցն
ես
մտեր,
ի՛նչ
ես
ըրեր,
-
ըսաւ
Արեգ
հարսը,
Հայրապենց
ամէնէն
աղուոր
աղջիկը,
Նազիկէն
ետքը,
որ
մասնաւոր
ուշադրութեամբ
կը
զննէր
փորձանաւոր
կինը,
նախանձէն
ու
հպարտութենէն
չարչարուած,
բայց
գոհ:
Նազիկ
պատասխան
չտուաւ:
Պառաւին
հողքին
վրայ
տեսաւ
անիկա,
որ
մտազբաղ
էր
ու
կը
մոռնար
գովքին
կարգը:
Ամէնքն
ալ
առին
իրմէ
յարդին
հոտը:
Կը
հարցնէին
ու
կու
լային,
նոյն
շեշտով:
Կը
կենային
ու
կը
հարցնէին
կրկին:
Յետոյ
մոռցան,
Իրենց
պզտիկ
հոգերը
վերադարձան
իրենց:
Աճապարանք
ունէին
իրիկուան
կերակուրին
ու
բամբասանքին
հասնելու:
Տուն
դարձին,
Նազիկը
այլայլուն
բան
մը
եղաւ:
Մէլէքենց
դրան
առջեւ,
երեսները
կրակ
առին
ու
տուին:
Ոտքերը
ետ
-
ետ
կ՛երթային:
Ինչպէ՜ս
զգացին
ատիկա
լացուոր
կիները:
Գիտցողները
այս
յուզումը
կապեցին
Երեմիայի
ջաղացքին:
*
*
*
Երկրորդ
անգամուն
տունը
պաշարուեցաւ
ոստիկաններով:
Հարիւրապետը
ճիշդ
դատած
էր:
Անիկա
խելքը
չունեցաւ
սակայն
կատարեալ
ու
անքակտելի
օղակով
մը
փաթթելու
տունը:
Աճապարեց
ու
իր
տրամադրութեան
տակ
անմիջական
ուժերովը,
առանց
հեռատես
պատրաստութեան,
մանաւանդ
առանց
փողոցներու
բերանները
բռնելու,
Նազիկին
մտնելէն
հինգ
վայրկեան
յետոյ
խուժեց
տան
վրայ,
ճակատի
դուռնէն:
Ցերեկ
էր:
Դպրոցի
տղաքը,
ճաշի
դարձած,
անակնկալի
եկան
այս
մարդերէն:
Շշուկը
ընդհանուր
էր:
Պզտիկները
կը
ճանչնային
ատոնք
իբր
«
կտրտող
»
ներ:
Բայց
տարօրինակ
էր,
որ
չվախնային:
Անոնք
շղթայ
կազմեցին
ոստիկաններուն
ետեւէն
ու
մեծ
հետաքրքրութեամբ
կը
նայէին
սեւազգեստ
զինուորներուն,
որոնց
ֆէսերուն
դաժան
կարմիրը
դեռ
չէր
կապուած
արեան
խորհուրդին:
Անոնք
կը
խնդային
իսկ:
Ոստիկանները
խիստ
ու
կատղած,
իջեցուցին
իրենց
բուները
դրան:
Սպան
ուռնակը
կը
ծեծէր
ամբարիշտ
խաղաղութեամբ
մը:
Բացողը
Զաքարն
էր
սակայն,
որ
երկու
ձեռքերով,
զոյգ
ատրճանակները
սխմեց
սպային
ոտքերուն
ու
տապալելով
զայն՝
բացուեցաւ
առաջ:
Միւս
ոստիկանները
հազիւ
ատեն
գտան
իյնալու
գետին
եւ
ամրանալու:
Անոնց
լեցուն
հրազէնները
պարապը
գնդակահարեցին:
Ու
փոխանակ
անմիջապէս
վերսկսելու
զարկը,
ջանացին
իրենց
գլուխները
տեղաւորել
սաքուներու,
օճախներու,
ծաղկամաններու
ետին:
Ոտքէն
վիրաւոր՝
սպան
կը
պոռար
հեծկլտագին
ու
սարսափահար.
--
Վառեցայ,
հասէ՜ք:
Ոչ
ոք
շարժեցաւ
տեղէն:
Բայց
իր
աղաղակը
հոն
փութացուց
բացերէն
սլքտացող
ուրիշ
ոստիկաններ:
Անոնք,
առանց
գիտնալու
ինչո՞ւն,
որո՞ւն,
կը
պարպէին
աննպատակ,
չունենալով
ոչ
մէկը
առջեւնին:
Օգտուելով
փողոցամուտքերուն
պահուած
չըլլալէն,
Զաքար
կիներուն
դասական
ճամբովը,
առանց
աղմուկի
ու
առանց
զէնք
պարպելու,
վազելով
հասեր
էր
գերեզմանի
զառիվերը:
Հոն,
անիկա
կողքէն
ենթարկուեցաւ
ուրիշ
խումբի
մը
կրակին:
Յիսնապետ
մըն
էր
զայն
վարողը:
Չէր
ճանչնար
Զաքարը
ու
հասեր
էր
կրակին
ձայնէն:
Անցորդ
մը
վախէն,
առանց
որ
իրեն
հարցում
ըլլար,
անունը
տուեր
էր
փախստականին
ու
վտանգած՝
անոր
փախուստը:
Կրակին
պատասխանեց
Զաքարը
եւ
պառկեցաւ
գետին:
Զինուորները
դիրք
բռնեցին
ճամբէն
վար
ձորակի
կողին:
Այս
թուլացումը
կրկին
օգտագործեց
երիտասարդը,
որ
գրեթէ
երեսին
վրայ
սողալով,
սպառեց
զառիվերը
ու
մտաւ
պարիսպէն
ներս,
գերեզմանատունը:
Զինուորները
չէին
երեւար:
Զաքարը
պարիսպին
գիծովը,
կծկտած՝
փորձեց
քալել:
Գնդակներ
ստիպեցին,
որ
գլուխը
աւելի
ծռէ:
Ոտքերու
աղմուկէն
հասկցաւ,
թէ
պարիսպին
դուրսի
կողմէն
մարդեր,
ոստիկաններ
կը
քալէին
իրեն
հետ:
Քիչ
ետքը
անիկա
կռնակի
կողմէն
ենթարկուեցաւ
գնդակի:
Ոստիկաններու
ուրիշ
խումբ
մը
բացէն
կը
դառնար
գերեզմանատան
շրջապատը,
բլուրի
փէշերուն
ամրանալու
եւ
դէպի
լեռը
հաւանական
փախուստ
մը
արգիլելու
համար:
Պառկեցաւ
կրկին:
Մեռելներու
քարերը
մեծ
նպաստ
բերին
իր
ռազմագիտութեան:
Հիմա
կը
հասկնար
կռիւը
եւ
կացութիւնը
շատ
յստակ:
Գեղին
կողմէն
նոր
ժամանող
զինուորներ
ուղղակի
մտան
գերեզմանատուն
ու
կրակի
բռնեցին
քարերը:
Զաքարը
պարպեց
անոնց
չորս
ձեռք,
վրայէ
վրայ,
ու
ամէնն
ալ
գամուեցան
իրենց
դիրքերուն:
Ամէն
գնով,
կնիկի
պէս
չբռնուելու
համար,
Զաքարը
ստիպման
տակն
էր
գերեզմանին
արեւմտեան
սահմանը
հասնելու
ու
ատոր
համար,
կրակի
տակէն,
կտրել
-
անցնելու
բաւական
տարածութիւն
մը:
Իր
բախտէն,
այդ
մասը
հարուստներու
թաղն
էր:
Ու
անոնց
գետնէն
շատ
բարձր
դամբարանները
պաշտպանեցին
իր
նահանջը:
Երեւցան
Հայրապենց
տղաքը,
բայց
կրակ
չբացին:
Այս
փոքր
մարդկութիւնը,
այնքա՜ն
ճգնաժամային
պահու
մը,
տասնապատկեց
երիտասարդին
կորովը:
Կատուի
պէս
տոտոզած
իր
ծունկերուն
վրայ,
ան
կ՛արձակէր
հարուածը
ու
մուխին
մէջէն
կը
ցատկէր
երկրորդ
տապանին:
Այսպէս
անընդհատ
սողալով
ու
ցատկելով՝
[
օգտուելով
]
մանաւանդ
զինուորներու
շուարումէն,
վերապահ
յառաջացումէն,
անիկա
յաջողեցաւ
հասնիլ
հեղեղատին
բերանը:
Անկէ
անդին,
սօսիներու
գետնի
մօտ
թաւուտները
կը
բանային
այդ
հեղեղատին
նշանաւոր
կիրճը:
Հոս
խորացող
մը
բանակ
մը
մարդու
կրնար
դիմադրել:
Ազատած
էր
Զաքարը:
Զինուորները
քայլ
առ
քայլ,
միշտ
կրակելով
ու
ցատկելով ,
հասան
թաւուտները:
Կանգ
առին:
Ոչ
մէկ
հրաման
զանոնք
կրնար
մղել
աւելի
անդին:
Թուփերը,
մացառները,
ապառաժներու
ճկունութիւնը
իրարու
կ՛աւելնային:
Յիսնապետը
ծեծեց
իր
չավուշը,
որուն
պաշտօն
տուած
էր
այդ
կէտին
ամրանալ
Զաքարէն
առաջ
եւ
որուն
դանդաղութիւնը
պատեհութիւն
տուած
էր
փախուստին:
Հրացանաձգութիւնը
գերեզման
թափած
էր
մօտի
բոլոր
թաղեցիները,
մեծ
մասով
փոքրեր:
Երբ
իմացան
տղուն
ազատումը,
լայն
ու
գոհունակ
շունչ
առին
մեծը
թէ
պզտիկը:
Ուրախ
էր
գեղը:
Ուրախ
էին
նոյնքան
Հայրապենց
տղաքը:
Ասդին,
ոստիկաններուն
եւ
վիրաւոր
սպային
փոխադրումէն
յետոյ
դուրս
հանեցին
Նազիկը:
Հանողներն
էին
Հայրապենց
աղջիկներն
ու
հարսները:
Ասոնք
կատղած
էին:
Աչքերնուն
ինկաւ
Դայեկը:
Հայրապենց
կնիկները
քաշեցին
իրենց
ոտներէն
սանտալները
ու
առանց
աճապարանքի,
կշռաւոր
ու
աղուոր,
անկողին
կամ
կապերտ
մը
թակելու
նման,
անցան
գործի:
Յետոյ,
շարժումներուն
եռանդը
անցաւ
անոնց
լեզուներուն:
Քանի
ծեծուողին
աղաղակը
փորձեց
բարձրանալ,
այնքան
հարուածները
ծանրացան:
Երբ
վերջացաւ
այս
տարօրինակ
ու
անլուր
արարողութիւնը,
որ
Հայրապենց
արիւնէն
միայն
սպասելի
էր,
Մէլէքը
արիւնլուայ
ինկեր
էր
սեմին
առջեւ,
կարմիր
ու
զգայազիրկ:
Չհարցուցին
իսկ,
թէ
մեռա՞ւ,
յետոյ
հրեցին
Նազիկը
իրենց
առջին
ու
շտկուեցան
դէպի
տուն:
--
Եուհա՜,
եուհա՜:
Անարգական
աղաղակն
էր,
որ
փրթաւ
պզտիկներէն:
Ո՞վ
մտածած
ու
գտած
էր
այս
ժողովրդային
պատիժը,
սա
վայրկեանին:
Ամբոխը
մինչեւ
աղիքները
խռոված
էր
պառաւին
վրայ
գործադրուած
վայրագութենէն:
Ու
իր
զայրոյթը
կը
յայտնէր
այս
տարերային
ժայթքումով:
Կիները
զգացին
ձայնին
մէջ
մթերուած
կիրքն
ու
ատելութիւնը:
Անոնք
չփորձուեցան
իրենց
սանտալները
կրկին
ճօճել
ու
յարձակիլ
ութ
-
տասը
տարուան
լաճերուն
վրայ:
Խոհեմութիւն
էր
չգրգռել
ամբոխը:
Ու
մէկիկ
-
մէկիկ
սպրդեցան
նեղ
անցքերէ
ներս,
ի
վերջոյ
բոլորովին
մինակ
թողած
Նազիկը,
որ
կը
քալէր
նայիլ
չունեցողի
նայուածքով
մը:
Անոր
դէմքին
ինկած
էր
անորակելի
ծիրանի
մը,
այնքա՜ն
խիտ
ու
առատ,
որ
կը
շփոթուէր
կրակի
հետ:
Կ՛ամչնա՞ր:
Երբեք
զայն
չէին
տեսած
այդքան
նուաստացած,
բայց
այդքան
զգլխիչ:
--
Եուհա՜,
-
կ՛երկննար
ու
կ՛արձագանգէր
անարգական
աղաղակը,
որ
կը
քալէր,
աներեւոյթ,
բայց
իրական,
առանց
ընդմիջուելու,
ձայներու
շարոց,
փողոցներու
դարձուածքին
կոտրտուելով,
բայց
շուտ
ինքզինքը
հաւաքելով:
Անոր
երկար
իրանը
մտած
կ՛ըլլար
այս
կերպով
բոլոր
կարեւոր
փողոցները,
մինչեւ
աղբիւրը,
ուրկէ
անդին
Հայրապենց
սահմաններուն
լռեց:
Հօրեղբայրներէն
մէկուն
դուռը
ուժգին
շառաչով
մը
փակուեցաւ
[Նազիկի]
երեսին:
Ուրիշ
ծանօթի
մը
դուռը
կրկնեց
ապտակը:
Ան
չգիտցաւ,
թէ
ինչպէս
հասաւ
իրենց
տունը:
Դուռին
առջեւ
տասը
կին
հազիւ
յաջողեցան
առնել
զինքը
Հաճի
Գրիգորին
դանակին
ներքեւէն:
Նոյն
գիշերը
մտաւ
հոգեւարք
ու
մեռաւ
Դայեկ
Մէլէքը:
Անոր
դիակը
առարկայ
դարձաւ
կառավարական
հետապնդումի:
Ու
աւելցաւ
անոր
մահը
իբր
նոր
բեռ
մը
արդէն
արծարծուն
խնդիրներուն
վրայ:
*
*
*
Անլուր
ու
բացարձակ
գայթակղութենէն
ետքը,
որ
պաշտօնական
պոռնիկներուն
անգամ
քիչ
պատահած
է,
Նազիկը
չտեսան
փողոցը:
Պատրուակը
հիւանդութիւն
մըն
էր,
որ
ամբոխը
շինեց
առանց
վարանելու:
Շատեր,
մասնաւորաբար
Կարմիրենք,
այս
վերագրումին
տակ
նոր
սարսափներ
կը
կասկածէին:
Շրջան
ընող
լուրերուն
անորոշութիւնը,
խստահալած
հետապնդումը,
հեռաւոր
ջարդերու
ու
կռիւներու
արձագանգը
գեղը
ըրած
էին
դիւրագրգիռ
եւ
անմիտ:
Ամէն
մէկը
նոր
սուտ
մը
կ՛ածէր:
Ու
երկրորդ
օրը
մոռնալով,
թէ
ինքն
էր
ատոր
հեղինակը,
ուրիշներու
բերնէն
իբր
իրականութիւն
կ՛ընդունէր
զայն,
աւելի
շքաւորած
պատմելու
զայն
երկրորդի
մը:
Այսպէսով
էր,
որ
Նազիկը
ըրին
լեզուն
կապուած,
աչքերը
հանուած,
մազերը
խուզուած:
Ամէնէն
աւելի
կը
խօսուէր
անոր
սիրտին
տեւական
խառնուքին
վրայ
ու
նպատակ
կար
Նազիկը
յղի
ենթադրելուն
մէջ:
Այս
ամէնէն
դուրս,
Նազիկը
հիւանդ
էր,
յոգնութեան,
անգործութեան
հիւանդութեամբ
մը:
Ամբոխին
թուքը
ուղղակի
հոգիին
մէջ
ընդունած՝
անիկա
դժուարութիւն
կը
կրէր
վերագտնելու
համար
իր
մէջէն
շիջած
կորովը,
կեանքին
փաթթուելու
համար
անհրաժեշտ
բազկի
ուժն
ու
վճռականութիւնը:
Օտար
եւ
թշնամի
էին
իրեն
զինքը
շրջապատողները:
Ու
այս
տրամադրութիւնը
չէր
սքողուած:
Անոնց
քամահրանքը
վերապահում
կամ
խնայել
չունէր:
Ամէն
բառ,
որ
իրեն
կ՛ուղղուէր,
ինքնաբերաբար
խիստ
ու
դաժան
կը
դառնար
յարձակողին
շեշտին
մէջ:
Արեգ
հարսն
անգամ
չար,
սարսափախառն
ձեւ
մը
ունէր
խօսելու:
Ան՝
որ
քարերու
հետ
խօսած
ատեն
իսկ,
քաղցրութիւն
կը
թափէր
անոնց
վրայ:
Վռնտուած
իր
գերդաստանէն,
անոնց
ատելութիւնը
ամբարած
իր
քամբախտ
գլխուն՝
անիկա
հրուած
էր
հոգեկան
մինակութեան:
Ան
չէր
կրնար
քնանալ,
վասնզի
իր
արթնութիւնը
գրեթէ
նոյնն
էր
իր
քունին
հետ:
Մշտական
տարտամութիւն
մը
կը
բռնէր
անոր
ներսը
ու
այդ
միօրինակ
տրտմութեան
վրայ
ինքզինքը
ուրացած՝
անիկա
չէր
իսկ
զգար,
թէ
կ՛ապրէր:
Այսպէս
առանձին
ճակատագրին
հետ,
օգնութեան
ոչ
մէկ
յոյսով,
մեռնելու
համար
իսկ
պահանջուած
կորովէն
լքուած՝
անիկա
դէմքը
ափերուն
կը
մնար
ժամերով:
Լացող
պզտիկի
մը
պէս,
աչքերը
փակ,
մեղմ
կը
հառաչէր,
վախնալով
ձայնէն,
արտասուել
իսկ
ամչնալով:
--
Ա՜խ,
մամաս,
մամաս...
Թող
ելլէր
Հայրապենց
Նազիկը
իր
գերեզմանէն,
քիչ
մը
աչք
նետէր
իր
զաւկին
սա
անկարելի
մենութեանը,
որբութեանը
վրայ:
Թող
մօտենար
անոր
մօր
մը
պէս,
ու
անոր
կարկամած,
պարապէն
իսկ
վռնտուած
բազուկները
առնէր
իր
կուրծքին
վրայ:
Ու
անոր
հրաշալի
մարմինը
գրկէր
ու
պագնէր,
հասկցնելու
համար
անոր,
թէ
ի՛նչ
ըսել
է
մօր
գիրկը:
Քանի՜
-
քանի՜
անգամներ
Նազիկին
կու
գար
այս
մտապատկերը:
Անիկա
կը
խօսէր
մօրը
ստուերին
հետ
ու
կ՛ըսէր
անոր
աւելի
խորունկ
ու
ծածուկ
բաներ:
Յետոյ
կը
տրտմէր,
անյատակ
լքումով
մը,
ինքզինքը
ձգած
կեանքի
լուսանցքին,
թողլով,
որ
ուրիշներ
ուտեն,
ապրին,
ու
սիրեն:
Ու
նախատե՜ն
զինքը:
Մեռնի՜լ:
Բայց
ինչո՞ւ
չէր
մտածեր
ատոր:
Ի՞նչ
թաքուն
սպասումներու
գինը
դեռ
անդամալոյծի
մահիճին
մէջ
կը
գամէր
անոր
հոգին:
Ու
երանի
կու
տար
մօրը,
որ
ա՛լ
չէր
տառապեր:
Մարդիկ
կրնային
հայհոյել
անոր
մեղքին,
բայց
չէին
հասներ
խանգարելու
անոր
հանգիստը:
Անիկա
անպաշտպան
էր
նորէն
իր
զգայարանքներէն:
Մեղքը
անոր
վրայէն
սրբած,
տարած
էր
զգաստ
այն
բանը,
շնորհը,
որ
կիները
կը
հովանաւորէ
ու
այրերուն
մօտ
անոնց
առթած
ցանկութիւնը
կը
կառավարէ:
Բացի
հօրեղբայրներէն,
անիկա
բոլորին
համար
ա՛լ
փողոցի
պոռնիկ
մըն
էր:
Ու
չէին
խպներ
իր
հօրեղբօրորդիները
անոր
ներկայութենէն՝
ըսելու
եւ
ընելու
համար
կիներուն
առջեւ
աններելի
խօսքեր
ու
ձեւեր:
Ազգականները
լիրբ
էին
իր
քով:
Ասկէ
զատ
պատահական
մարդեր
անոր
ներկայութեանը
կ՛ըսէին
հայհոյութիւններ,
բառեր,
որոնց
մասին
այնքան
զգուշաւոր
են
իրենց
պարագաներուն
հետ:
Իր
լրջութիւնը,
չկարմրիլը,
բերնին
չտալը
կը
գրգռէին
իր
շրջապատը:
Հայրապենց
հարսները
անտանելի
էին
իրենց
անսպառ
անէծքներովը,
անպատկառ
հայհոյանքներովը:
Կատղած
ու
իրարմով
գօտեպինդ՝
անոնք
ակիշը
կը
տաքցնէին
օջախին
մէջ
ու
կը
սպառնային
ատով
խարանել
անոր
ծննդական
գործարանները,
այտերը,
ծիծերը,
բզկտելու
համար
մեղքին
այդ
հանգոյցները:
Բայց
անտանելի
էին
մանաւանդ
անոնց
խրատները,
անոնց
կեղծաւոր,
«
սուտ
ճգնաւոր
»
գորովանքը,
առաքինութիւնները,
տունին
-
տեղին
իրենց
կապերըը,
երբ
պատմէին,
ծուռ
նայուածքի
մը
երկսայրի
անկիւնին
մէջ
թխմելով
զինքը.
--
Հեռու
տունէ,
հեռու
սրբութենէն...,
-
Չէին
մոռնար
աւելցնելու
անմիջապէս,
որ
անոր
անունը
օրինակի
մը
համար
դրուէր
բամբասանքի
տախտակին
ու
ծեծուէր:
Անիկա
լքուած
էր
բոլորովին
իր
ամուսինին
հոգ
չէ
թէ
դիւրաբեկ
ու
տարտամ
իսկ
պաշտպանութենէն:
Կարմիրենց
աղջիկները
սոթտուած
իջեր
էին
հրապարակ
ու
կ՛ուրանային
գալիք
ժառանգը,
որուն
մասին
տեղեկութիւն
իսկ
չունէր
Նազիկը:
Ջերմուկներուն
մէջ
անոր
էրիկը
գտաւ
ժամանակաւոր
դադար
մը:
Տաքութիւնը
քիչցաւ
ու
ախորժակը
դարձաւ
իրեն:
Անիկա
փուշի
վրայ
նստած
կը
կարծէր
ինքզինքը:
Բայց
քաղաքին
մեծ
բժիշկները
համոզեցին
զինքը:
Պէտք
էր
սպասել:
Մայրը
իր
բոլոր
եռանդովը
ընդդիմացաւ
Նազիկը
բերել
տալու
գաղափարին:
Գործածեց
բժիշկին
հեղինակութիւնը
եւ
դիմեց
դարձեալ
Աստուծոյ:
Իր
թշուա՜ռ
աղօթքը:
Իր
բերանը
վրայ
չէր
երթար
իր
ուզածը
բանաձեւելու:
Ու
կը
սարսափէր
իր
տղուն
առողջութենէն՝
որքան
կ՛ընկճուէր
անոր
մահուան
հեռապատկերէն:
Անիկա
արտօնեց
մէկ
-
երկու
կառապաններ,
որ
ներկայանան
տղուն:
Լուռ
մտիկ
ըրաւ,
առանց
որոշակի
հասկնալու
Սահակին
յանձնարարութիւնները,
բարեւները,
որոնք
Նազիկին
հասցէին
կը
տանէին
անոր
սրտին
բարեւները:
Անտեղեակ
ողբերգութեան՝
անիկա
ժամերով
կը
խօսեցնէր
եկուորները,
որոնք
դուրսէն
խրատուած՝
կ՛ըսէին
անոր
փափաքածները
միայն:
Անիկա
անպաշտպան
էր
նոյնքան
ինքնիրմէն:
Իր
շուրջը
եռացող
կեանքը,
իր
երիտասարդութեան
ամէնէն
խենթ
ձայները
իրեն
մէջ
կը
հնչէին
ու
կ՛արձագանգէին,
դղրդելով
անոր
արդէն
խախուտ
հոգեյատակը:
Ցանկութիւն
ու
կիրք
չէին
այդ
խուլ
մղումները:
Իր
միսերուն
պարտադրուած
այս
գերութիւնը
իր
հակահարուածովը
դժնդակ
կը
դառնար:
Ինք
կար,
իր
միսերուն
բազմաղբիւր
լեզուներուն
մէջ:
Բայց
կը
դադրէր,
երբ
կը
մտածէր:
Ու
այսպէս
նետուած
աջ
ու
ձախ,
էրիկ
մարդոցմէն
անհուն
զզուանքով
մը
հեռացած,
բայց
բիւրաւոր
լարերով,
անտես
ու
խեղճ
լարերով
դէպի
անոնք
քաշուած՝
անիկա
կը
թրջէր
իր
անկողինը
արցունքով
ու
քրտինքով:
Ու
անմխիթար
էր
անիկա
իր
սիրածին
վտանգովը:
Այդ
ամբողջ
թշուառութեանց
ընթացքին,
վայրկեան
մը
իսկ
չտարակուսեցաւ
իր
սիրոյն
մեծութեանն
ու
արժէքին
վրայ:
Հպարտ
էր
այսքան
փորձանքներու
գնով
իր
նշանածը
գրաւել
կրնալուն:
Ու
Զաքարենց
Զաքարը
իրեն
համար
դարձաւ
այն
անորակելի
բանը,
որ
մեր
սիրտն
է
մենէ
դուրս:
Որուն
անուն
կը
փնտռենք
ու
չենք
գտներ:
Զոր
կը
շփոթենք
մեր
սեփական
անձնաւորութեան
հետ:
Հարիւր
անգամ
վճռած
էր
անոր
երթալ:
Լեռը
թէ
դաշտը,
հոգ
չէ:
Բայց
հարիւրապետին
վիրաւորուիլը
միանգամ
ընդմիշտ
անկարելի
կ՛ընէր
անոր
երազները:
Աւելի
հեռաւոր
նահանգներու
մէջ
սկսած
հայկական
շարժումները
իրենց
անդրադարձը
կը
բերէին
արդէն
իսկ
շփացած
գեղին
վրայ:
Հարիւրապետը
մեծ
դիւրութեամբ
յաջողած
էր
ասպատակին
արարքը
ներկայացնել
յեղափոխական
երանգի
տակ:
Ու
երրորդ
օրը՝
սարսափով
ու
ջախջախուած
գեղացին
տեսաւ
վաշտ
մը
զօրք,
իր
բոլոր
կազմածներով,
որ
անցաւ
գեղին
մէջէն,
սուինները
անցուցած
հրազէններու
ծայրէն:
Ջախջախուած՝
վասնզի
այդքան
բազմութիւն
անակնկալ
էր
իրեն:
Թուրքերը
այդ
գեղերուն
մէջ
երեւալու
ձեւ
ունէին:
Փակուեցան
բոլոր
դուռները:
Հանուեցան
պահծու
զէնքերը:
Թափուեցան
ջուրի
խողովակները
գնդակի
պատրաստութեան:
Ամէն
մարդ
մոռցաւ
Զաքարը:
Ժողովրդային
երեւակայութիւնը
միջամտեց
ու
խուլ
սպասումը,
տղու
ու
կնկան
հոգը,
թուրքերուն
ձեռքով
չջարդուելու
բարբարոս
վճռականութիւնը
փոխն
ի
փոխ
ըրին
ամբոխը
նկուն
կամ
յարձակող:
Հայկական
նահանգներուն
ողբերգութիւնը
դեռ
չէր
կոտրած
այս
մարդոց
հոգիները:
Բայց
թուրքերը
լրբացան:
Փողողներուն
մէջ
հասարակ
զինուորները
սուին
կը
շարժէին
պահուըտած
կիներու
երեսին՝
դէպի
անոնց
պատուհանները
երկարելով
հրազէնները:
Անոնք
զօրակոչի
օրերուն
իրենց
անասնութեանը
դարձան,
դուրսը,
ծառերուն
ու
մենաւոր
մարգերուն
ու
մարագներուն
ու
ջաղացներուն
վրայ
գործադրելով
իրենց
ցեղին
գերազանց
ձայնը:
Գիշերով
մտան
տուները,
խուզարկութեան
պատրուակին
տակ,
ու
ըրին
իրենց
վայլող
գազանութիւնները:
Անհատական
քանի
մը
բողոքներ
պատժուեցան
ամենավայրագ
անգթութեամբ
մը:
Կրակի
բռնուեցան
ու
բռնկուեցան
երկու
տուներ,
ուրկէ
հրազէն
արձակուած
էր:
Ու
անոնց
բնակիչները
շղթայակապ
ղրկուեցան
կեդրոն:
Մօտ
էր
ընդհանուր
խլրտումը,
երբ
գեղացիին
թախանձանքներովը
Հայրապենց
Հաճի
Անդրանիկը,
զարտուղի
ճամբաներէ,
հոգին
տոպրակը
դրած,
հասաւ
կառավարութեան
կեդրոնը,
համոզեց
գայմագամը,
ներկայացուց
իբր
իրազեկ
Զաքարին
պատահարը,
ամօթէն
կրակ
կուլ
տալով
ու
յաջողեցաւ
առաջքը
առնել
ահաւոր
պատահարներու:
Շաբաթ
մը
տեւող
այս
սարսափները
մոգական
գաւազանիկի
մը
հարուածովը
կարծես
դադրեցան:
Հաճի
Անդրանիկը
Աւետարանի
ու
լուս
հաւատքի
վրայ
երդում
ըրած
էր
Զաքարին
մարմինը
կամ
գլուխը
յանձնել
կառավարութեան:
Ու
վաշտը
քաշուեցաւ:
Իբր
հսկող
կը
մնար
հարիւր
հոգինոց
ջոկատ
մը,
որ
գիւղին
գլխաւոր
անցքերուն
վրայ
բաժնուած,
կը
քննէր
մտնողն
ու
ելլողը:
Բայց
որուն
գլխաւոր
նպատակն
էր
Զաքարը:
Ու
գեղը
բաժնուած
էր
երկուքի:
Հարուստները,
չէզոքները,
թուրքերու
հետ
լաւ
կապ
ունեցողները
յայտնի
ու
անկաշառ
քննադատութիւնը
կ՛ընէին
ասպատակին,
որ
պատճառ
եղած
է
այսքան
արիւններու,
ծախքերու,
գեղին
գլխուն
այսքան
փորձանքներու
ու
տակաւին
ով
գիտէ
գալիք
ի՛նչ
աղէտներու:
Կը
ծաղրուէր
լրբութեամբ,
բաց
բառերով
անոր
էրիկմարդութիւնը,
անոր
անըմբռնելի
տղայութիւնը
«
Աստուծով
ու
օրէնքով
»
իրեն
ինկող
կնիկը
իր
ձեռքով
վռնտելէն,
անպատուելէն
յետոյ,
զայն
ուրիշին
յանձնելու,
ու
հիմա
անոր
«
կրունկները
լիզելու
»,
ինչպէս
կը
գոռար
երգին
տունը,
չէրէզ
ներու
սենեակին
անկողինին
պատկերը
յիշելով:
Ու
կը
սրբացնէին
Նազիկը,
որ
կը
շահէր
այս
դերերու
շրջումէն:
Անիկա
կը
դասուէր
շարքը
«
ծոցի
գիշերուան
»
դժբախտ
զոհերուն:
Ու
Զաքարը
կը
մտնէր
շարքին
մէջը
անճարակ
փեսացուներուն:
Այս
կերպ
մտածող
այրերուն
կ՛աւելնային
կիներն
ալ,
որոնք
զօրքերուն
ներկայացուցած
վտանգը
կը
խոշորցնէին
ու
կ՛անիծէին
«
պատճառ
եղողները
»:
Ու
տակաւին
Հայրապենց
գերդաստանը,
որ
ճակտին
վրայ
առաջին
գիծը
կը
բռնէր
ու
պատասխանատու
եւ
երաշխաւոր
եղած
էր
կառավարութեան
հետ:
Բայց
հալածական
հերոսին
հետ,
իրենց
գլխուն
գնովը
կապ
հաստատել
ուզեցին
ուրիշներ,
որոնք
որ
մինչեւ
այս
խստութիւնները
անտարբեր
եղած
էին:
Անոնց
համար
վտանգը
փնտռուած
առիթն
էր,
իրենց
համբաւը
կերտելու
յարմարագոյն
ու
խիզախ
կերպը,
ինչպէս
ըրած
էին
երէցները,
ծխախոտի
մաքսանենգութեան
ճակատումներուն:
Հատիկ
-
հատիկ
քաշուեցան
լեռը,
ստուարացնելու
համար
ասպատակային
խումբը:
Զաքարին
համար
անօգուտ
այս
շարժումը
գեղը
կը
դնէր
ստոյգ
կրակի
մէջ:
Տեսաւ
անիկա
վտանգը
ու
հեռացուց
այդ
տղաքը:
Ու
լեռնէ
լեռ,
միս
-
մինակը,
անիկա
իր
ետեւէն
պտտցուց
ոստիկանները,
հեքիաթներու
վայլող
իրադարձութեանց
մէջ,
միշտ
ազատելով
իր
կաշին:
Խնայեց
զինուորներու,
սպաննելով
անոնց
ձիերը,
խորտակելով
անոնց
հրազէնները,
առանց
երեւնալու:
Ու
մեծցաւ
անոր
համբաւը
ու
մտաւ
երգին
մէջ:
Բայց
անիկա
ցոյց
տուաւ
անկարելի
մեծանձնութիւն
Հայրապենց
խումբերուն
դէմ,
զանոնք
չորսը
եւ
հինգը
մէկ
զինաթափ
ընելէ
ետքը,
ողջ
-
առողջ
գեղ
ղրկելով.
--
Գացէք
բարեւ
ըրէք
կնիկներնուդ...
*
*
*
Լուսնկայ
գիշեր
էր:
Հայրապենց
Նազիկը
ճամբայ
ինկաւ
դէպի
Զաքարին
թաքստոցը:
Գլուխը
լաւ
մը
փաթթած
սեւ
շալով,
սեւ
ֆիսթան
ի
մը
ակամայ
վստահած
իր
մարմինը,
անիկա
ընտրած
էր
ամէնէն
դժուար
գիծը,
տղուն
հասնելու:
Հակառակ
իր
տագնապին՝
չէր
յաջողած
էրիկ
մարդու
տարազ
մը
ճարել,
գիշերային
այդ
արշաւին
համար:
Այնքան
քիչ
էր
ժամանակը
առջին:
Այդ
գիշեր,
շատ
ապահով
լրտեսի
մը
ցուցմունքով,
Հայրապեեց
տղաքը
տեղեկացած
էին
Զաքարին
ժամադրավայրը:
Ու
վճռուած
էր,
արեւածագէն
առաջ,
հաշիւը
մաքրել
Զաքարենց
Զաքարին:
Դաւադրութեան
մօտ
բան
մըն
էր
կատարուածը:
Հակառակ
իրենց
ասպետական
վարժութիւններուն,
անոնք
պարտաւորուած
էին
դիմելու
այս
անարգ
եղանակին:
Կառավարութիւնը
կաշառքի
աղբիւր
էր
դարձուցած
անոր
գլուխը:
Բոլոր
ալ
զզուած
էին
այս
օրերով
դիմացող
լարուածութենէն:
Դժուար
էր
ուրիշ
կերպ:
Զաքարին
չափ
նշան
առնող
ոչ
մէկը
ունէին
իրենք:
Մութը
իջնելէն
յետոյ,
երբ
անցորդներուն
քայլերը
ցանցառացան
փողոցներէն,
Հայրապենց
տղաքը,
մէկիկ
-
մէկիկ,
երկար
տառատոկներու
տակ
ծածկելով
իրենց
մարմինները,
հաւաքուեցան
ամճայ
ին
տունը:
Մտած
ատեննին
բոլորն
ալ
մռայլ
էին
ու
կիտուած
յօնքեր
ունէին:
Պեխերը
հազիւ
քրտնած
տղուն
երեսէն
քացախ
կը
կաթէր:
Բայց
երբ
ելան
սրահ,
ինկաւ
այդ
ձգտուածութիւնը:
Անոնք
եղան
զուարթ,
վճռական
ու
կատակող
իրարու
հետ,
ինչպէս
կը
պատահէր
ատիկա,
որսի
ելլելէ
առաջ,
քանի
մը
բերան
օղի
կուլ
տալէ
ետքը:
Անոնք
բերած
էին
իրենց
կիներն
ալ
ու
թխմելով
զանոնք
օճախով
սենեակը,
կը
բարձրանային
երկրորդ
յարկը,
կը
պտտէին
սրահին
մէջ,
սպասելով
ուշացածներուն:
Չէին
խօսեր
Նազիկին
հետ,
որ
կը
մտնէր,
կ՛ելլէր,
կ՛երթար
ու
կու
գար՝
տեղ
մը
չսեղմուելով,
բնազդաբար
գուշակած
ըլլալով
այս
հաւաքոյթին
հեռաւոր
նպատակը:
Իր
նայուածքը
անպատմելի
յուսաբեկութեամբ
ինկաւ
անկիւնին
ինկած
մարթին
ներու
խուրձին
ու
անվրէպ
հոտառութեամբ
թափանցեց
դաւադրութեան:
Ատոր
կը
նպաստէր
ներկաներուն
վայրկենական
լռութիւնը,
երբ
մօտենար
անոնց:
Այրերը
իրենց
պիրկ
գօտիներուն
վրայ
խաչաձեւ
ձգած
էին
չորս
փամփշտակալներ
ու
անոնց
ստեղներուն
մէջ
տեղաւորուած
փամփուշտները
մահուան
մատերու
կը
նմանէին:
Մոյկերը,
նոր
իւղոտած,
թուխ
փայլ
մը
կը
խաղցնէին:
Ու
անոնց
նայուածքին
մէջ
հզօր
սարսափ
մը
կը
հիւսուէր:
Ոչ
մէկ
ատեն
որսի
համար
այսքան
միափող
զէնք
չէր
հաւաքուած:
Նազիկ
հազար
կտոր
կ՛ըլլար
բառի
ծուէն
մը,
թեթեւ
ցուցմունք
մը,
նոյնիսկ
գլխի
անիմաստ
շարժում
մը
որսալու
այս
մարդերէն,
որոնք
իրենց
գունատ
ծխամորճները
իրարու
երկարելով
կը
նորէին
սիկառները
ու
կ՛անգիտէին
զինքը:
Իր
անձկութեան,
մէջ
անոր
աղուորութիւնը
զարկած
էր
երեսներուն
դառն
քաղցրութեամբ
մը:
Աղերսարկու
իր
աչքերը
օգնութիւն
կը
հայցէին,
առանց
մէկու
մը
կարենալ
նայելու:
Յանկարծ
ամփոփուեցաւ:
Սանդուխին
գլուխը
տեսաւ
նորեկ
մը:
Անփորձ
երիտասարդ
մըն
էր,
հեռուէն
-
հեռու
ազգական,
որ
իր
հօրը
ողջուցը
շատ
կ՛երեւէր
տունին
մէջ
ու
դեռ
այդ
օրերէն
չէր
կրնար
տանիլ
իր
նայուածքը,
կրակ
դառնալով
իր
բիբերուն
սեւեռումէն:
Մոռցեր
էր
անիկա
իր
փորձանքներուն
մէջ
ու
հիմա
յայտնի
խռովքով
մը
հետեւեցաւ
անոր
քայլերուն:
Տղան
նայեցաւ
անոր,
նոյն
տարուած
նայումով
մը,
դողդղալու
պէս
զգաց
ինքզինքը
ու
քաշուեցաւ
քիչ
մը
բաց
անկիւնը,
իջնելով
ծունկերուն
վրայ:
Մօտն
էր
սափորը:
Բան
մը
ըրած
ըլլալու
համար
ձեռքը
երկարեց
այդ
մեծ
սափորին
ու
վերցնելով
գետնէն
տարաւ
շրթներուն:
Նազիկը
բաժակը
ձեռքը
մօտեցաւ:
Վար
առաւ
բերնէն
սափորը,
ընտանի
ու
պահանջող
յանդգնութեամբ,
լեցուց
անկէ
բաժակը,
կռնակը
տուած
ամբոխին
ու
աչքերը,
շեշտ
տղու
աչքերուն,
կամացուկ,
բայց
սրտանց,
աւելի
ժպիտովը
քան
շրթունքներովը,
հարցուց.
--
Ո՞ր
դին
է
որսը:
Այդ
հարցո՜ւմը:
Տարտամ
ճրագին
տակ,
ժպիտին
հետ
հիւսուած
ու
զգլխանք
եղած
այդ
ձայնը,
որ
երես
ու
աչք
է
միանգամայն:
Տրտում
երիտասարդը
չզննեց
նոյնիսկ
իր
շուրջը:
Աղմուկը
բաւական
խոշոր
էր
ու
նիւթն
էր
ձիթապտուղի
բերքը,
որուն
քաղը
պիտի
սկսէին
յառաջիկայ
շաբթուն:
--
Գէլուն
-
Բունը,
-
պատասխանեց
անիկա,
նոյնքան
կամաց,
բայց
սրտազեղ:
Վստահ
էր
անիկա,
թէ
ոչինչով
կը
վտանգէր
ծրագիրը,
որուն
գործադրութեանը
համար
կը
գտնուէր
հոս:
Անճառելի
քաղցրութիւն
ու
հեշտութիւն
միաժամանակ
կարդաց
անիկա
աղջկան
աչքերուն
մէջ:
Ու
թրթռաց
անիկա,
ընկղմած
ճառագայթի
նման,
անոր
նայոածքին
երախտագէտ
զեղումէն:
Ու
տրտմեցաւ:
Չէր
խորհեր
պատճառին:
Նազիկը
իջաւ
բան,
կիներու
սենեակին
առջեւ:
Զինքը
վար
նետող
վստահութիւնը
մէկէն
հեռացաւ
իրմէ:
Որոշումէն
առաջ
իր
մտքին
ներկայացաւ
անստոյգ
իր
գիտութիւնը:
Իրա՞ւ
էր
իր
ենթադրութիւնը:
Գէլուն
-
Բունը
ինչպէ՜ս
կը
նոյնանար
Զաքարին
հետ:
Ու
ահա
միտքէն
վերցուցին
կարծես
տարակոյսին
մշուշը:
Անիկա
տեսաւ
իր
երեւակայութեան
մէջ
հռչակաւոր
քարայրը,
որուն
քովէն
անցեր
էր
օր
մը,
երկու
տարի
առաջ,
ու
կապած
հոն
աճող
ծառի
մը՝
իր
մազերէն
արձակելով,
ժապաւէնի
ծուէն
մը:
Հոն
պատմած
էին
անոր
աւանդութիւնը,
որ
մինչեւ
այդ
օրը
ողջ
կը
պահէր
տարիներ
առաջ
խարուկուած
ասպատակի
մը
ոգին:
Պատմութեան
հերոսը
ժողովրդական
մարդ
մըն
էր,
լեռ
ելած
ակամայ
մայրասպան
ըլլալուն
ու
զօրքերուն
հալածանքովը
վերածուած
նշանաւոր
աւազակի
մը:
Տարիներով
կռիւ
էր
մղած,
զօրքը
ջարդած,
խումբ
վարած,
յետոյ
իր
ընկերներուն
կողմէ
դաւադրութեամբ
գինովցուած
ու
մատնուած
զինուորներուն,
որոնք
առանց
սպասելու
իր
արթննալուն,
քարայրին
մէջ
հաւաքուած
խոտերը,
չոր
ոստերը
վրան
դիզած
ու
եփած
էին
զայն:
Գեղը
վրդովուեցաւ
ոճիրէն:
Մեղսակիցները
պատուհասուեցան
աստուածային
կարգադրութիւններով,
բայց
աւազակին
յիշատակը
վերապրեցաւ:
Ժողովուրդը
մարտիրոսի
մը
պէս
ընդունեց
անոր
ոգին,
որ
կ՛երեւար
սեւ,
ածխացած
կմախքով
մը
ու
կ՛երթար
լուացուելու
դէմի
ջուրին
մէջ:
Աւանդութիւնը
քանի
մը
հրաշախառն
բուժումներով
նուիրագործեց
պատահարը:
Այրուցքի
ցաւին
հզօր
էր
անոր
ազդեցութիւնը:
Ու
թաքստոցին
մերձաւոր
ու
մինակ
սօսին
սրբացաւ
ու
պաշտամունք
ընդունեց:
Բացի
այդ
հրաշալի
հանգամանքէն,
Գէլուն
-
Բունը
(
գայլի
որջ
)
հռչակ
ունէր
իր
գազաններովը:
Խորունկ
ձիւներով,
գեղը
պատող
բլուրներու
միահեծան
սաւանին
վրայ,
կիրճի
այդ
կէտին,
կու
գային
կոկոզելու
գայլերու
վոհմակները
ու
կ՛ոռնային
անվերջ
ու
մռայլ:
Ան
սահմանը
կը
կտրէր
գեղին
շունչով
ջերմացած
հողամասին
ու
միւս,
Աստուծոյ
պատկանող
ամայի
բնութեան:
Հոն
կ՛երթային,
իրաւ
է
թէ
վախով,
գարնան
կէսերուն,
հաւաքելու
համար
համեղագոյն
թթուըշաղները,
որոնք
ժայռերու
ծակոտիքին
մէջ
փափկացած
փխրուն
հողին
վրայ
իրենց
մատնեձեւ
կնիքները
կը
փռեն
ու
կը
փնտռուին:
Աղցան
հաւաքելու
համար
իր
միակ
այցելութեան
մէջ,
Նազիկը
վախով
նայեր
էր
քարայրին
ու
խորհած
ասպատակին
ոգիին,
որ
կրնար
բռնել
իր
դեղին
մազերէն
ու
տանիլ
զինքը:
Ու
մոռցեր
բոլորովին:
Ու
կ՛երթար
Նազիկը:
Զոյգ
էին
ճամբաները,
որ
հոն
կը
հանէին:
Առաջինը՝
լայն
ու
ապահով
խճուղին,
որ
գեղին
կռնակին
վերջին
ոլորք
մը
դառնալէ
յետոյ,
կը
ձգուէր
դէպի
արեւելք,
կը
կտրէր
մեծ
մարգագետինը,
մշտապէս
մակաղուած,
ամառ
թէ
ձմեռ,
առնուազն
գնչուներով,
ու
կը
շուլլուէր
սարը:
Ամբողջ
միակտուր
ժայռ
մըն
էր
այդ
բլուրը,
որուն
գրեթէ
մարմարի
չափ
մաքուր
կողին
վրայ
ճամբան
կը
դառնար
ու
կը
դառնար,
տասնէն
աւելի
ոլորքներ
հիւսելով
բարակ
բուսականութեան
մը
քմայքին
ընդմէջէն:
Բարձրագոյն
ոլորքը,
որով
սարահարթին
առաջին
ոտքերը
կը
կապուէին,
գեղին
կողմը
վերադարձ
մը
կ՛ընէր:
Գէլուն
-
Բունն
էր
հոդ:
Խճուղիէն
դէպի
քարայրը,
սօսին,
աղբիւրը՝
այծի
ոտքերով
մէջտեղ
եկած
կածան
մը
կապ
մը
կը
քաշէր:
Աղցընուորներուն,
հիւանդներուն
ուխտովներուն
բնական
ճամբան
էր
ատիկա:
Երբեմն,
շատ
ձիւնի
տարիներուն,
որսորդները,
խանդավառ
ու
քաջ,
փոխանակ
հետեւելու
խճուղիին
մանուածապատ
գնացքին,
կը
խուժէին
վերէն,
կիրճին
եզերքէն,
գլտորելով,
գոռալով,
բայց
անվնաս:
Ձիւնը
կը
պաշտպանէր
անկումները:
Շատոնց
է,
որ
մոռցուած
էր,
լաւ
օդերուն,
կիրճին
շրթներէն
բարձրացող
կածանին
շահագործումը:
Ու
գիշեր
ատեն,
անխուսափելի
էր
խճուղին:
Նազիկը
գիտէր
ատիկա:
Երկրորդ
ճամբան՝
սարը
փորէն
կիսող
հեղեղատն
էր,
որ
վերերը
նիհար,
հետզհետէ
հեղեղին
ուժովը
կը
խորանար:
Աղբիւրին
հազարդարեայ
ողողումը,
անձրեւներուն
հսկայ
ժանիքներն
ու
փուշերը
պեղած
էին
քարին
միսին
վրայ
այդ
խրամը
ուղիղ
գծով
մը:
Կէս
քիլոմեթր
երկայնքով
այդ
փորուածքը
ունէր
բեկումներ,
ոստումներ,
ծաւալումներ,
բոլորն
ալ
արդիւնք
ապառաժին
կազմին
մէջ
օտար
քարերու
կղզեակներուն:
Գեղեզերեայ
տուները,
մանաւանդ
ճամբաներու
խաչաձեւման
կէտերուն,
անանց
[
ան
]
ելի
են
գիշերուան
որոշ
պահերուն,
պահապան
շուներու
արձակումէն
յետոյ:
Անոնք
մռլտացին
ու
խոշոր
հաջեցին
Նազիկին
ետեւէն,
իրենց
շղթաները
խածկրտելով:
Գեղէն
դուրս
ամայութիւնը
կատարեալ
էր:
Չմտածեց
իր
մարմինին
հզօր
վտանգին:
Չմտածեց
ոստիկաններու,
աւազակներու,
ոգիներու,
որոնց
իշխանութիւնը
բացարձակ
էր
կոխած
հողերուն
վրայ:
Մինչեւ
սարին
ոտքը,
զառիվերը,
խախտած
իր
ընդերքին
մէջ,
կը
ներկայացնէր
յաւելեալ
խաւ
մը,
ցեխոտ
ու
լպրծուն:
Իր
գնացքը
մոլորեցաւ
ու
քանի՜
անգամ
ցեխի
պլլուելու
վախովը
մնաց
շնչասպառ:
Կարճ
ըլլալու
համար՝
ան
լքած
էր
ուղիղ
ճամբան:
Պարտաւորուեցաւ
վերադառնալ
ու
հետեւիլ
կանոնաւոր
ուղիին:
Կամուրջին
մօտ,
որմէ
կը
սկսէր
հեղեղատին
մարմինը,
անիկա
կեցաւ
ետին
նայելու:
Խաղաղ
ու
գեղեցիկ
ճամբան
գեղ
կ՛երթար,
ընտանի
թեթեւութեամբ
մը:
Այն
կէտն
էր,
ուր
գեղ
դարձողին
համար
պատկերը
կը
սկսի
իր
տունին:
Ասդին՝
անծանօթ
ու
հեռուները
մխուող
խճուղին,
որ
գեղէն
իր
բաժանումովը
տրտմութիւն
ու
տեսակ
մը
մահամերձութիւն
կը
ստեղծէ:
Կամուրջի
տակէն
ջուրի
մը
մեղմ
հեծկլտուքը:
Նազիկ
փորձուեցաւ
ուղիղ
ճամբէն:
Բայց
մեղադրեց
ինքզինքը:
Հայրապենց
տղաքը
էրիկ
մարդու
իրենց
քայլերովը
պիտի
հասնէին
իրեն:
Մարդոց
այս
հանդիպումին
հետ
իր
միտքը
անգամ
մը
եւս
խռովելէ
յետոյ,
տեսաւ
ուրիշներու,
պատահական
սայլորդներու,
անտառի
պահապաններու,
ոստիկաններու
հանդիպումն
ալ:
Այդ
վախը
զօրացուց
իր
տկարացած
կորովը:
Խաչը
հանեց,
ջերմեռանդ
ու
վճռական
ու
իջաւ
կամուրջին
տակը:
Ջուրը
թրջեց
անոր
մինչեւ
կոճերը:
Աշնան
կէսերուն,
առաջին
խիստ
ցուրտերէն
ետք,
ջուրերը
պաղ
էին,
մօտ
սառելու:
Անիկա
զգաց,
որ
իր
ոտքերը
հեղուկին
մէջ
փոխանակ
մսելու,
կ՛այրէին:
Զարմացած
երկնցուց
ձեռքը,
որ
պաղեցաւ:
Անցաւ
կամուրջը,
խարխափուն
ու
կորաքամակ:
Անմիջապէս
կը
սկսէր
հեղեղատին
առաջին
հանգրուանը,
շեղ
մակարդակի
մը
մեծատարած,
բայց
տանելի
հակումովը:
Ժայռին
երեսը
հեռու
էր
ողորկ
ու
միակերպ
ըլլալէ:
Ջուրը
կերած
էր
անոր
շատ
մասերը
ու
ծաղկոտ
երեսի
մը
պէս
փոսիկներ
ցանած
վրան:
Քանի
մը
հաստատ
ու
ակռայով
ու
բազուկներով
պաշտպանուած
քայլեր
զինք
առաջնորդեցին
բացատի
մը:
Ժայռէն
փրթած
քարի
մը
յատակն
ըլլալու
էր
ատիկա,
լեցուած
սիկով
ու
կարծրացած:
Հանգիստի
բնական
զգացում
մը,
իր
ոտքերէն,
ծաւալեցաւ
իր
էութեան
խորերը
մինչեւ
ու
չես
գիտեր
ինչո՞ւ
յիշեց
Մորմիկ
աղբիւրը
ու
անոր
բարի
հանգստարանը:
Թօթուեցին
զինքը
մազերէն
մինչեւ
եղունգները:
Այդ
գիշերէն
ասդին
կեանքը
ինչե՜ր
էր
տեղացեր
իր
գլխին:
Ինչո՞ւ
ջուրը
այդ
գիշերը
չէր
առած
զինքը:
Կամ
ինչո՞ւ
ջաղացքին
մէջ
արթնցեր
էր:
Առաջին
անգամն
էր,
որ
մահուան
ծարաւը
զօրաւոր
եւ
իրաւ
էր
իր
մէջ:
Այս
գիտակցութիւնը
թէ՛
քաջութիւն,
թէ՛
լքում
կը
բերէր
իրեն:
Մահուա՞ն
կ՛երթար:
Դէմի
խճուղին
դասական
ճամբան
էր
Աղուընակ
-
Քարին,
զոր
յստակ
մտապատկերեց
այդ
վայրկեանին,
ահաւոր
ու
շքեղ
իր
փեռեկտումին
մէջ,
բանալու
համար
բազմահարիւր
գրկաչափ
խորութեամբ
անդունդը
իր
որովայնին:
Իր
յուզումը
կ՛ազդէր
իր
շունչին:
Հարուստի
աղջիկ,
արգիլուած
դաշտէն
ու
արտէն,
անիկա
վարժութիւնը
չունէր
բուռն
ճիգերուն
ու
կը
հեւար
իր
շարժումներէն:
Չկրցաւ
չդառնալ
առջին:
Գեղը
չկար:
Այսինքն՝
անոր
տուներուն
մեծ
սնտուկները
հալած
էին:
Բայց
փոխարէն
լուսնով
աղօտած
ստուերայնութիւն
մը
կը
ձգձգուէր
քիչ
մը
ամէն
ուղղութեամբ:
Ատկէ
զատ
հոս
ու
հոն
նետուած
լոյսի
կտորներ,
դեղին
ու
դողդոջ,
մարդկային
տարրը
կը
ցուցադրէին:
Այս
նշուլումները
ամբողջովին
վերադարձուցին
զինքը
կեանքին,
գեղին:
Ու
զարմանալի
արագութեան
մէջ
հասկցաւ
ինչ
որ
տարիներու
հոլովում
մը
դանդաղ
կը
դիզէ
մեր
մէջ,
-
խոշոր,
դժբախտ,
երբեմն
քաղցր
երազ
մը,
այդ
կեանքը
ըսուածը,
որուն
կը
նայիս,
որուն
նայեցան
բոլորը
ու
այդքան:
Քով
-
քովի
բոլոր
հոգերը,
բայց
իրարմէ
օտար:
Քով
-
քովի
մայրն
ու
տղան,
որոնց
սիրտերը
թերեւս
նոյն
կշռոյթը
կը
զարնեն,
բայց
որոնց
հորիզոնները
կը
ձեւուին
հակադիր
կիսագունդերէ:
Քով
-
քովի
էրիկն
ու
կնիկը,
նոյնիսկ
միս
-
միսի,
բայց
որոնց
մորթին
տակէն
հոսանքներ
կը
մեկնին
անծանօթ
ակօսներով,
գուցէ
հակադիր
զառիթափերու:
Ու
մոլուցքը,
որ
այդ
տանիքներուն
տակ
եփ
կու
գայ
մեր
միսերուն
ամանին
մէջ:
Ու
զրկանքները,
որոնք
ապրիլը
այնքան
դժնդակ,
այնքան
անիմաստ
կ՛ընեն:
Հոն
էր
ինքը,
քիչ
առաջ:
Մասնիկ
մը
այդ
անհասելի
եռուզեռին
մէջ,
իր
սիրտին
վրայ
իր
երազին
դիակը
պարտաւորուած
տանելու:
Իր
փափաքներուն
ու
երիտասարդութեանը
անագորոյն
բանտապահը:
Որ
դպաւ
կեանքին,
բայց
չվիրաւորուեցաւ:
Որ
փնտռեց
ու
արիւն
գտաւ:
Որ
սիրեց
ու
թոյն
ու
թուք
կուլ
տուաւ:
Ինչո՞ւ
կը
խորհէր
այս
ամէնուն:
Ինչո՞ւ
հետզհետէ
իր
մեղքը,
աղտերը,
ամբոխին
դիզած
բորբոսը
կը
թափէին
իր
վրայէն:
Ինչո՞ւ
իրեն
համար
բոլորովին
նոր,
խաղաղաւէտ
ազատութիւն
մը
կը
ծաղկէր
իր
ներսը:
Ինքնաբերաբար
դարձեր
էր
թաքստոցին
կողմը:
Կարծեց
թէ
ուշացած
էր:
Ուզեց
ելլել:
Չէր
կրնար:
Զինքը
կը
մղէին
դիտելու
գեղը,
զոր
ա՛լ
պիտի
չտեսնէր:
Ու
տուները
ելան
քիչ
առաջուան
իրենց
անորոշ
կուտակումներէն:
Հիմա
ձեւ
ունէին:
Ու
մութը
կ՛եղծէր
անոնց
գիծերը
ու
կը
վերածէր
դագաղներու,
իրարու
ետեւէ
իրարու
փակած:
Չէ՞
որ
անոնք
կը
թաղէին,
իրենց
խեցիէ
վերմակներուն
տակ,
մարդերուն
զրկանքը,
անըմբռնելի
ողբերգութիւնը:
Չէ՞
որ
անոնք
դագաղներ
էին
ու
պիտի
ըլլային
բոլոր
այն
թշուառագոյն
էակներուն,
որոնց
սիրտ
մը,
հոգի
մը
տրուեցա՜ւ:
Այդ
բարձրադիր
գերեզմաններուն
ներքին
դժո՜խքը:
Ու
կը
թրթռար
անիկա:
Մինակ
Հայրապենց
Հաճի
Ստեփանին
տունը
աշխարհք
մը
դժբախտութիւն
ըսել
էր:
Կարծես
մռայլ
այդ
խորութիւններէն,
տունէն
ու
տուներէն,
ստուերը
բզկտելով,
մարդոց
յուզումները
կ՛երկարէին
իրեն,
կրակէ
գիծերու
նման
խարանելով
իր
հոգին:
Այս
մտալլկանքը
հազիւ
քանի
մը
վայրկեան
տեւած
էր:
Ու
Նազիկը
կ՛անգիտանար
անոր
աղբիւրը:
Հով
մը
եկաւ:
Անոր
դադարին
հետ
ջուրի
փոքր
աղմուկ
մը,
որ
խանգարեց
մութէն
հոսող
այս
մտածումներուն
ու
պատկերներուն
թաւալումը:
Աւելի՛ն.
տեղաւորեց
գիծէն
մեկնած
անոր
զգայարանքները:
Կրցաւ
տեսնել,
լուսնին
հաստ
փայլովը,
գեղ
մտնող
ճամբան,
որ
շողշողուն
երիզ
մըն
էր,
ու
յստակ,
տեսանելի
ըլլալու
չափ,
գեղ
դիմող
ճամբորդները:
Ու
կային:
Անոնց
լռիկ
գնացքը
խռովեց
կրկին
իր
ջիղերուն
արդէն
գերագրգռուած
սարքը:
Մացառները
տեղ
կը
փոխէին
իր
գլխուն
շարժումներուն
հետ,
աջ
ու
ձախ
քալելով:
Բայց
կը
կենային,
երբ
դադրէր
[
շարժելէ
]
գլուխը:
Հովը
կրկին:
Անոր
փայփայանքին
ու
քիչ
մըն
ալ
կծու
ասղնտուքին
տակ
խելօքցաւ
ճակատը:
Մտածումները
պարզուեցան
բոլորովին:
Մացառները
հաւասարապէս
գամուեցան
իրենց
թանձր
ոտքերուն
վրայ:
Ու
ճամբան
մտաւ
իր
անզգած
փողփողումին
մէջ,
զոր
կը
սփռէին
սայլերու
անիւներէն
քակուած
արահետները,
իրենց
հեղուկ
իրաններէն:
Ու
լռութիւն:
Յայտնի
էր,
թէ
Հայրապենց
տղաքը
դեռ
տունէն
չէին
բաժնուած:
Մէկէն
քալեց:
Ո՞վ
էր
զինք
դրդողը:
Սարը
կը
շարունակուէր
իր
արմատին
հակումովը:
Ջուրը
փոս
-
փոս
բռնած
էր
անոր
կռնակը,
բնական
կոխան
ընծայելով
բարձրացողին:
Ատկէ
զատ
ապառաժին
խմորին
մէջ
գունդ
-
գունդ
փակած
քարեր՝
ձեռքերուն
իբր
կռուան
կը
ծառայէին:
Նազիկ
գտած
էր
իր
շարժումներուն
լիութիւնը:
ու
արագ
-
արագ
հեւքով
ու
ոստումով,
կտրելով
բաց
այդ
մակարդակը,
մտաւ
բուն
խրամին
մէջ:
Կիրճին
խոնաւ
պաղը
դպաւ
իրեն
ու
անցաւ,
թերի
սարսուռ
մը
միայն
բանալով
անոր
կռնակէն:
Քալելէ
առաջ,
ոտքո՞վը
թէ
ուրիշ
պատճառով
մը՝
խանգարուած
զգաց
լոռւթիւնը:
Ձայն
կար
ու
իրեն
այնպէս
եկաւ,
թէ
վարէն,
խճուղիէն
կը
հասնէր
անիկա:
Բայց
փոսը
կ՛արգիլէր
ճամբուն
տեսքը:
Յետոյ
լռութիւնը
վերադարձաւ,
հովին
հանգիստէն
ետքը:
Բայց
շատ
չանցած՝
կրկնուեցան
նոյն
զգայութիւնները,
սկզբնական
կարգովը:
Ու
չէր
կրնար
մտածել
ու
թափանցել
գաղտնիքին:
Խրամին
պատերուն
վրայ
պզտիկ,
անհամար
շրշիւնները
կը
բուսնէին
ու
կը
թռէին:
Պզտիկ՝
ջուրին
մէջ
ընկղմումի
ձայներ
կը
յաջորդէին
իրարու:
Ու
պրկուած
էր
խեղճ
աղջիկը
գիշերէն,
որուն
հետ
իր
այս
երկրորդ
հանդիպումը
այնքան
չարագուշակ
սկիզբ
մը
կ՛ունենար:
Խրամին
մէջ
ջուրը
աւելի
խիտ
էր
ու
խոր:
Տեղ
-
տեղ
անիկա
փոքր
կոյտեր
կը
կազմէր,
աւազանիկի
մը
պտոյտովը
ու
կը
հասնէր
մինչեւ
ծունկերը,
երբեմն
աւելի
վեր:
Քանի՛
կը
յառաջանար,
ա՛յնքան
կը
վարժուէր
հեղեղին
յօրինած
այդ
տարօրինակ
սանդուխին:
Ամէն
աստիճանի
տակ,
աւազանի
մը
չափ՝
աղուոր,
կլորակ
այդ
ջուրը
ինկած
այդ
փոսին
մէջ:
Անկէ
վեր
կռնակը
քարի
մը:
Երբեմն
այնքան
բարձր,
որ
չէր
գրկուեր:
Նազիկը
կը
պարտաւորուէր
լքել
խրամը,
մագլիլ
անոր
կողերէն,
շուլլուելով
ձեռք
ինկած
թուփին,
նոյնիսկ
փշուտ
մասրենիներուն,
ու
կ՛անցնէր
արգելքը:
Խրամէն
դուրս,
լռութիւնը
աւելի
ընդարձակ
կու
գար
իրեն,
լեցնելով
իրմէ
վար
մեծ
պարապը,
որ
լիճը
կ՛ըլլար
հովիտին:
Ու
հով
կար
միշտ,
ընդհատ
ու
նիհար,
հեռուները
պղտոր
խժժիւնով
մը
դողալով
ու
լալով
ցախենիներու
կպչուն
տերեւուտքէն
երբ
կ՛անցնէր:
Անմիջապէս
յետոյ
սմբակներու
խուլ
տրոփ
մը
կ՛ուրուագծուէր
վարերը,
բայց
կը
կտրուէր
հրաշքով:
Իր
վախը
որոշ
էր:
Բայց
չկրցաւ
խորհիլ,
թէ
Հայրապենց
տղաքը
պիտի
կրնային
այդքան
շուտ
ձիեր
ճարել
ու
կանխել
փորձել
զինքը:
Այս
խուլ
ու
անորոշ
անձուկէն
զատ
ոչ
մէկ
լուրջ
տագնապ
եկաւ
կեցնելու
իր
վերելքը:
Ո՛չ
ոգիները,
ո՛չ
աւազակները,
ո՛չ
ոստիկանները,
ոչ
ալ
իրեններուն
կատաղութիւնը
այցելեցին
իրեն:
Խրամին
բոլոր
քմայքները
նուաճուեցան
արտակարգ
ըսուելու
չափ
յամառ
իր
արիութեամբը:
Խենթերն
ու
սիրողները
միայն
իրենց
մարմինէն
այդքան
ուժ
կը
ճարեն:
Ու
սօսիին
մութ
ու
թանձր
տարածումը:
Շունչը
նեղցեր
էր
այսքան
արագ
իր
ելքէն:
Երբ
կեցաւ
րոպէ
մը,
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
կը
կենային
իր
բոլոր
մասերը:
Լքեցին
զինքը
իր
ուժերը
ու
զգաց,
որ
ոտքերը
մօտ
էին
կոտրելու:
Ծունկերուն
գունդին
մէջ
թանձր
ասղնտուք
մը,
հեւք
մը,
շարժիլ
չուզելու
կամք
մը
լրացուց
թմբիրը:
Յանկարծ
իրեն
այցելեց
կրկին
ջաղացքին
գիշերը
ու
անոր
ահաւոր
ճամբան:
Իր
ամբողջ
կորովը
հաւաքել
փորձեց
ու
չկրցաւ:
Կարծես
իր
հոգին
թափեցաւ
իրմէ,
ինչպէս
կը
թափի
կոտրած
գաւաթէ
մը
անոր
իսկութիւնը:
Մօտ
էր
նուաղելու,
երբ
հովէ
մը
ետք
ձիերու
դոփիւն
մը
նորէն
անցաւ
ոտքերուն
տակէն:
Զարհուրած՝
նետեց
իր
մարմինը
աւելի
առաջ:
Զաքարին
մօտութիւնը,
անոր
գլխուն
կախուած
վտանգը
տասնապատկեցին
իր
կորովը:
Ինչպէ՞ս
հասաւ
մինչեւ
սօսին:
Ինչպէ՞ս
գտաւ
քարայրը:
Ատոնք
կատարուեցան
իր
գիտակցութենէն
դուրս
ճամբաներով:
Երբ
քարայրին
բերանը
կիսովին
փակող
մայրիի
ասեղոտ
ճիւղը
վերցուց,
ու
գլխուն
տեղ
մը
ճարեց ,
ներս
մտնելու
չափ,
ծուխի
խոնաւ
ու
ջերմ
հոտ
մը
զարկաւ
երեսին:
Ծխախոտի,
կերակուրի,
մարդկային
մարմինի
խառնուրդ
բոյր
մըն
էր
ատիկա:
Դիտուած
է,
որ
կիները,
մանաւանդ
երիտասարդ
կիները,
աւելի
շուտ
ու
դիւրաւ
կը
զանազանեն
այդ
ծորումը
մարդերու
հոտին:
Բայց
մութը
շատ
աւելի
սեւ
էր
ներսը:
Վախցաւ
ու
մնաց:
Ուզեց
խախտել
ճիւղը,
մատները
մոմի
պէս
կակուղ
էին,
ու
ցուրտէն
թէ
յուզումէն
ընդարմացած՝
չէին
բռներ:
--
Կաղուեր
են,
-
մտածեց
անիկա:
Յետոյ
իրեն
եկաւ
ուրիշ
վախ
մը:
Եթէ
ուրիշ
մէկը
ըլլա՜ր
ներսինը:
Ձեռքերը
վերցուց
բերնին
երկու
քովերուն,
ձայնին
ետ
հոսումը
արգիլելու
կանխահոգութեամբ,
գլուխը
երկարեց
աւելի
ներս
ու
գրեթէ
փսփսաց.
--
Զաքա՛ր:
Ձայնին
հետ
լսուեցաւ
ոստում:
Հրազէնի
լարումը
ու
անմիջապէս՝
--
Ե՛տ:
Հաստատ
ու
ինքնավստահ
աղաղակը:
Տղան
կ՛անգիտանար
ձայնին
տէրը,
հազիւ
լսած
ըլլալով
անոր
շշունջը:
Կը
ճանչնար
զայն
գերեզմանին
գովքերէն:
--
Նազիկն
եմ...
Լռութիւնը
կարելի
էր
լսել:
Այնքան
հզօր
էր
անակնկալը,
Ակնթարթի
մէջ
անիկա
գրկեր
էր
ու
կուրծքին
վրայ
երկնցուցեր
անոր
մարմինը:
Չխօսեցան.
այնքան
երկար
էր
ու
քաղցր
անոնց
համբուրուիլը...
--
Շո՛ւտ
ըրէ.
կու
գան
կոր:
--
Ո՞վ:
--
Մերոնք:
--
Ի՞նչ
ընելու,
-
ըսաւ
ան
ու
չկրցաւ
մտածել:
Կարծես
թէ
աշխարհը
ան
աշխարհը
չըլլար,
ինք
ասպատակ
մը
չըլլար:
Կարծես
թէ
աշխարհին
մէջ
ուրիշ
տեղ,
ուրիշ
բան,
ուրիշ
հոգ
ու
հոգի
չկենար:
Ու
Նազիկը
միայն
ըլլար:
Ու
ինք
ըլլար:
--
Խօսքի
ատեն
չէ:
Ու
իջաւ
բռնի
անոր
կուրծքէն
ու
կեցուց
զայն
քարայրէն
դուրս:
Տղան
մտիկ
կ՛ընէր
անոր,
ինչպէս
զսպուած
առիւծ
մը
մատղաշ
օրիորդի
մը:
Մէկէն
արձանացաւ:
Երկուքն
ալ
լսեր
էին
հեռաւոր
դոփիւնը:
Հովը
անցաւ:
Զաքարը
ականջը
դրաւ
գետին
ու
մնաց
վայրկեան
մը
ամբողջ:
Իր
ամէնէն
ապահով
գիտութիւնն
էր
ատիկա:
Անընդհատ
վարժութիւններով՝
անիկա
սորված
էր
հետքերուն
ձայնն
ու
ուղղութիւնը
զանազանել,
տակաւին
ժամ
մը
հեռուէն:
Ու
իր
փորձանուտ
արշաւներուն
մէջ,
գիշեր
ատեն,
անիկա
երբեք
անակնկալի
չէր
եկած:
Հողը
չի
խաբեր:
--
Բան
չկայ,
-
ըսաւ
քաղցրութեամբ
շտկուելով:
Կռթնցուցած
էր
քարին
իր
մարմինը:
Փաթթուեցաւ
երեսին:
Սեւ
շալը
կէս
մը
իջեր
էր
վար
անոր
ճակատին,
կը
թաղէր
անոր
այտերը
ու
խոնաւ
բան
մը
կը
բերէր
իր
միսերուն:
Տղան
ակռաներով
բզիկ
-
բզիկ
ըրաւ
լաթին
կտորը:
Շուարած
էր
ո՛ր
կողմէն
պագնելուն:
Ձեռքին
դպան
մազերը,
առատ
ու
քաղցրաւէտ:
Թաղեց
իր
ռունգերն
ու
գլուխը
անոնց
ջերմին
ու
գգուանուշ
մետաքսին
մէջ:
Կարծես
ուտելով
չկշտանար:
Ու
բացաւ
բերանը
անոնց
եղկ
փունջը
առնելու
ու
ծամելու,
փակաչք
ու
խենթացած:
Հովը
զարկաւ
սօսիի
ճիւղերուն,
որոնք
չորի
մօտ
շխրտուք
մը
մաղեցին
ընդարձակ
պարոյրով:
Վերէն
գացող
թեթեւ
թեւն
էր
անիկա:
Այս
մտածումին
հետ,
--
Զաքարը
բնութեան
ամէնէն
աննշան
շարժումներուն
հարկադրուած
էր
վարժուիլ
--
անոնց
հիւսուած
գլուխէն
անցաւ
ծանր
մասը
հովին,
որ
աւելի
վարէն
կը
քալէ
ու
պատմելիք
բան
ունի
լսել
կրցողին:
Վերցուց
գլուխը
աղջկանը
մազերէն
մտազբաղ
ու
սպասող
դիրքի
մը
մէջ:
Ձգեց
զայն
բոլորովին
ու
պառկեցաւ
գետին,
մէկ
ականջին
վրայ:
Մնաց
այդպէս
աւելի
քան
երկու
վայրկեան:
Երբ
ելաւ
ոտքի՝
կապուած
էր
իր
առնութիւնը:
Մտավախ
ու
խեղճ
եղաւ
ան:
Պարտկելու
համար
իր
տագնապը՝
փորձեց
համբուրել:
Հակառակ
իր
ցանկութեան,
իրենց
մարմիններուն
մէջտեղը
բացութիւն
մը
զգալի
էր,
երկուքին
համար
ալ
բացայայտ:
Այդ
համբոյրը
կէս
փրթած
կը
զատուէր
բերնէն:
Ու
անոր
ափին
մէջ
աղջկանը
ծիծը
խելօք
չէր
կենար:
Հազիւ
անդրադարձաւ,
թէ
յանցանքը
մատներուն
էր,
որոնք
ուրիշ
անգիտակից
հոգերու
տակ
կը
վարանէին:
Բռնադատեց
ինքզինքը,
բայց
պարտուեցաւ:
Ու
աւելցուց.
--
Ելի՛ր:
Ու
կը
հրէր
անոր
մարմինը,
հակառակ
անոր,
որ
ձեռքին
մէջ
էր
ան:
Ելան
քարայրին
տանիքը,
որ
հարթ
ապառաժ
մըն
էր:
Այդ
բարձրութենէն
հովը
առատ
կը
զարնէր
իրենց
երեսներուն:
Վերէն
վար
անհուն
զանգուածը
սեւին,
որուն
եզրերը
կը
քաշուէին
ուրուային
խորութիւններու:
--
Ուրկէ՞
եկար:
Ինչո՞ւ
կը
հարցնէր:
--
Գէլուն
-
Բունէն:
--
Իրա՞ւ:
Բառը
ելաւ
զուարթ,
ապահով:
Բայց
դեռ
չմեռած
եղաւ
սեղմ
ու
խեղճ:
Անիկա
ակնթարթի
մէջ
տեսեր
ու
դատեր
էր
գետնին
պատգամը
ու
հարթած
հակասութիւնը:
Գետինը
երկու
անգամին
ալ
իրեն
քայլեր
տուած
էր:
Կասկած
չունէր
ատկէ:
Բայց
իր
անունին
պէս
որոշ
գիտէր
նաեւ,
թէ
խճուղիէն
եկող
մը,
ամենավերջին
ոլորքէն
շատ
յստակ
կ՛իմանար
վարի
ոլորքներուն
վրայ
փոքրագոյն
աղմուկն
անգամ:
Աղջիկը
այդ
մասին
իր
լռութեամբը
կ՛անգիտանար
ատիկա,
խրամէն
հասած
ըլլալուն:
Ուրեմն
որոշ
էր:
Ձիու
բազմաթիւ
սմբակներ
արշաւանքը
կը
գուժէին:
Հայրապենց
տղաքը
մօտ
էին:
Անգամ
մըն
ալ
ծռեցաւ:
Բայց
երկար
չմնաց:
--
Քալէ:
Հազիւ
կրցաւ
շշնջել:
Բայց
մնաց
կեցած
տեղը:
Ո՞ւր
քալել:
Ամէնէն
առաջ
ինքը
չէր
գիտեր
ատիկա:
Ժամանակի
ամէն
ասեղ
կը
մխուէր
իր
ուղեղին
մէջ
ու
կը
պղտորէր
իր
սառնութիւնը,
որով
նշանաւոր
էր
ան,
վճռական
ու
շատ
վտանգաւոր
կացութիւններու
պահուն,
հնարաւոր
ելք
մը
ճարելու
իր
ուշիմութեամբը:
Քանի՜
անգամ
զինք
թակարդողները
ապշած
էին
անոր
ճողոպրիլը
տեսնելով
քիչ
մը
ետքը:
Իր
կաշին
ազատելու
այս
բախտաւորութիւնը
կը
տարածէր
նաեւ
հետիններուն,
նոյնիսկ
ծխախոտի
բեռներուն
վրայ:
--
Քալէ:
Կրկնեց:
Ոտքերը
բռնեցին
գեղ
տանող
ուղղութիւնը:
Մէկէն
քայլերու
այս
ցուցմունքը
մտածումի
մը
վերածուեցաւ:
Սուզուիլ
աղջկան
ճամբովը
դէպի
գեղ,
գերեզմանին
զառիթափէն
ամրանալ
«
Արիւնոտ
Հեղեղատը
»,
ու
անհետանալ
այդ
գիծէն,
մինչեւ
լեռը:
Հոդ
կեցաւ
միտքը:
Յիմա՞ր
էր:
Նայեցաւ
Նազիկին:
Որո՞ւ
ձգել
զայն:
Յետոյ,
ո՞վ
կ՛ապահովէր
զինքը,
թէ
ոստիկանները
արդէն
չէին
բռնած
կիրճին
մուտքը:
Բոլորովին
պատրաստ
այս
մտածման
անյարմարութիւնը
վիրաւորեց
իր
դատողութիւնը:
Վտանգի
ատեն
հոգին
շատ
դժուար
կը
համակերպի
փոխելու
ինքզինքը:
Զգուշութիւն
ու
հաշիւ
աւելորդ
են
մահուան
ստուերին
մէջ
մտնողին:
Գուցէ
այդ
է
պատճառը,
որ
անձնասպանութիւնը
ըլլայ
աւելի
դիւրին,
քան
սպաննելը:
Այս
կազմալուծումը
հոգին
ընդունակ
կ՛ընէ
ամէն
ստորնութեան:
Սարին
գագաթէն
շնագայլ
մը
սուր
ու
մռայլ
կաղկանձիւն
մը
արձակեց:
Զաքարին
միտքը
ձայնէն
գնաց
գագաթին:
Այս
հասարակ
միջամտութիւնը
փրկութիւնն
էր
սակայն:
Շատ
արագ
տուաւ
այսքան
յարմարագոյն
որոշումը:
Արիութիւն,
կորով,
լեռներու
տղու
իր
հոգեկան
շքեղութիւնը,
շօշափելի
ու
գեղեցկահիւս
պատմուճաններու
նման
վերադարձան
իրեն:
Ու
ինչ
որ
նոր
էր
ու
գերազանցապէս
խռովիչ,
այս
որոշումին
հետ
կապուած
միւս,
անասելի
ախորժակն
էր,
որուն
գինը
կու
գար
գեղին
ամէնէն
աղուոր
կնիկէն:
Մինակ
աղուո՞ր:
Ու
զմայլելի
էր
Զաքարը,
երբ
հսկայ
թեւովը
մանուկի
մը
պէս
վերցուց
Նազիկին
մարմինը,
առաջացաւ
դէպի
վեր,
սարին
գագաթը:
Հայրապենց
տղաքը
հասած
էին
խճուղիին
վերջին
ոլորքը:
Հովը
շատ
հարազատ
կը
բերէր
ձիերուն
դոփիւնը:
Ու
շատ
էին
անոնք:
Պահ
մը
տարուեցաւ
ոստիկաններու
գոյութեան
ալ:
Բայց
հովը
փոխեց
իր
տարակոյսը:
Գեղի
հաստ
ու
խառնակ
կոխող
ձիերուն
սմբակներէն
կու
գար
այս
աւրուած
ու
գիշերուան
մէջ
միայն
կշիռ
հագնող
դոփիւնը:
Ու
սկսաւ
վերելքը:
Մինչեւ
գագաթը
խառնիխուռն
քարերու
դժուարամատոյց
սանդուխ
մըն
էր,
ելեւէջներով
գոյացած:
Ըրին
այդ
յառաջացումը
յուզումով
ու
քիչ
մըն
ալ
վախով:
Միւս
զառիթափը
կը
սկսէր
փոքր
գոնջութեամբ
մը,
որմէ
վար
կը
ցածնային
մայրիներու
խորունկ
ու
հետակորոյս
անտառները:
Զաքարը
գիտէր
անոնց
վազքին
տեւողութիւնը:
Էջքը
տեղի
կ՛ունենար
արտակարգ
արագութեամբ
ու
կանգ
կ՛առնէր
ձորակին
եզրը,
որ
հսկայ,
գեղացիներուն
բացատրութեամբ՝
Մենծ
-
Լեռը
կը
զատէր
փոքր
բլուրներու,
վախկոտ
գագաթներու
առաջին
գօտիէն:
Խոնաւ,
լպրծուն
այդ
յատակէն,
ուր
հողը
դժուար
է
գտնել,
թաղուած
ըլլալով
ասեղներու
գորգին
տակ,
անոնք
քալելու
տեղ,
կրունկներու
վրայ
ելած,
կը
սահէին
արագ
ու
քիչ
մըն
ալ
անհոգ,
վտանգին
առաջին
շրջանակը
ետ
թողած
ըլլալնուն:
Երիտասարդը
գրեթէ
շալակն
առած
էր
Նազիկը,
կարծես
թէ
գրկանոց
տղայ
մը
ըլլար:
Ու
կը
սուրար,
մէկ
ձեռքովը
իբր
թի
գործածելով
մարթին
ին
բունը:
Ամբողջ
քառորդ
ժամ
իջան
անոնք
նոյն
դիրքով:
Մայրիները
հատան:
Հողը
արօտ
մըն
էր
ա՛լ,
որ
հանդարտ
խոնարհումով
մը
կը
քալէր
դէպի
ջուրը:
Ելլելէ
առաջ
անտառէն,
ինքնաբերաբար
նստան
անոնք
վերջին
մայրիին
տակ,
հիւսուած
իրարու:
Համբոյրին
ընդմէջէն
Զաքար
ցնցուեցաւ
ու
սրեց
ականջները:
Հովը
հրացանի
բոմբիւն
կը
բերէր:
Անոր
յաջորդեցին
ուրիշներ,
նոյն
կաղապարէն,
ոմանք
աւելի
տժգոյն:
Բայց
զարկին
համաչափութիւնը
չփոխուեցաւ:
Արագ
էր
անիկա
ու
առատ:
Շատ
էին
փողերը,
ինչպէս
դիտեց
Զաքարը,
որուն
մեծ
առաքինութիւններէն
մէկն
ալ
արձակուած
գնդակներէն
յարձակողներուն
թիւը
գնահատելն
էր:
--
Շատուոր
են,
-
ըսաւ
անիկա,
առանց
աղջիկը
կուրծքէն
վար
առնելու:
--
Մինակ
մերիննե՞րը:
--
Մինակ
ձերինները:
--
Հոս
չգան:
--
Չեն
կրնար:
--
Ինչո՞ւ:
--
Ես
գիտեմ:
Ու
ճմռեց
անիկա
անոր
մարմինը
իր
հսկայ
իրանին
վրայ:
Աղջիկը
բամպակի
կծիկի
մը
պէս
քակուեցաւ
ու
կարծրացաւ
ու
ձայն
կը
հանէր,
կը
ճուար,
փոքր
ու
էգ,
նման
վառեակի
մը,
զոր
կը
սեղմես:
--
Նետեն,
ուզածնո՛ւն
չափ:
Բոմբիւնները
վերէն
կ՛անցնէին,
նոյն
տժգոյն
ու
ապամիջոց
գնացքովը,
զոր
գնդակները
կ՛ունենան,
երբ
անիմաստ
թափառին
երկնքին
մէջ:
Զարկին
կշռոյթը
կը
մատնէր
ընդհանուր
յարձակումին
ծրագիրը:
Կրակը
ուղղուած
էր
քարայրին
վրայ:
Ակամայ
ու
տժգոյն
ժպիտ
մը
լուսաւորեց
անոր
հոգին:
Նոր
կը
հասկնար
կատարուածը:
Անիկա
ինկած
պիտի
ըլլար
հիմա
սա
ձայներուն
խենթութեանը
մէջ:
Յետոյ
շօշափեց
Նազիկին
բերանը
իր
մատներովը:
Երախտագիտութիւնը
առանձինն
զգացում
մը
չէ
գեղացիին
համար:
Ու
միշտ
խառնուած
կը
ներկայանայ
ուրիշներու
հետ:
--
Ի՞նչ
ընենք
պիտի:
Տղան
չպատասխանեց:
Ամրացուց
բազուկները
անոր
կռնակին,
լայն,
հայրական
ու
պաշտպանող:
Երա՞զ
էր
գրկածը:
Մութը
կը
նպաստէր
պատրանքին:
Անցան
շատ
մը
մտածումի
մօտ
բաներ
իր
մէջէն:
--
Ո՞վ
ըսաւ
քեզի
ըլլալիքը:
--
Հոգիս:
Կարծես
շրթունքին
վրայ
պատրաստ
կենար
բառը:
Այնքան
անմիջական
եկած
էր
ան:
--
Ինչո՞ւ
եկար:
--
Եկա՛յ:
Ա՛լ
չեմ
երթար:
Ասոնք
ըսուեցան
շատ
պարզ,
շատ
ընտանի
բառերու
պէս:
--
Ա՛լ
կ՛օգտէ
քաշածս,
ազատէ
ինծի:
Իրարու
ետեւէ,
այսքան
տարօրինակ
այս
նախադասութիւնները՝
հեռու
թատերական
ու
շինծու
ըլլալէ,
կը
ստեղծէին
Աստուծոյ
այդ
ամայութեանը
մէջ
տեսակ
մը
տուն,
խորհուրդի
սենեակ
մը:
Ատոնք
իրարու
կ՛ըսեն
տարիներով
մէկ
բարձի
վրայ
քնացողները
միայն:
--
Մեռնիլ
է
նէ,
մեռնիլ:
Ա՛լ
չեմ
դիմանար:
Ու
լացը
եկաւ:
Կին
ու
սրտի
դպող
լացը,
որ
կը
զատուի
կեղծիքէն:
Չէր
տեսած
տղան
անոր
արցունքը,
դժնդակ
այն
գիշերին,
երբ
բնական
պիտի
գար
ատիկա:
Չէր
տեսած
զայն
նորէն
փախստեայ
քանի
մը
գիշերներուն
ընթացքին,
ուր
տարփանքէն
ետքը
զինքը
ճամբու
դնելու
ատեն
պագած
էր
ան
իր
ոտքերը,
երկար
ու
տարբեր:
Պագեր
էր
կռնակը,
մախաղը,
մէջքին
թաշկինակը
ու
ատրճանակին
բերանը:
--
Ինչո՞ւ
կու
լաս,
-
ըսաւ
անիկա,
ինքն
ալ
զղջացած
իր
հարցումէն:
Համբուրուեցան,
ցաւոտ
ու
մահով
լուսաւորուած
համբոյրով
մը:
Գիշերը
պաղ
էր
ու
խորունկ:
Անտառը
անոնց
ետին
մեծ
շշունջ
մը
կը
ծփար,
ու
ծառերը
իրարու
կը
պատմէին
սիրող
բերաններու
պէս:
Իրենց
պատահարը,
իրենց
շրջանակով
ու
այս
եղերականութեամբ
անկարելի,
ցնորական
հեքիաթ
մը
կը
թուէր:
Պոռնի՜կ:
Հիմա
կը
զգար,
որ
չէր
անիկա:
Ու
կը
հերքէր
իր
առջի
մտավախութիւնները:
Խորհեցաւ
անոնց,
որոնք
պզտիկ
-
պզտիկ
գողութեամբ
ու
ցաւով
կը
խաբեն
իրենց
էրիկները:
Ու
անուններ
եկան
մտքին:
Նայեցաւ
ոմանց
պատահարներուն
ալ
մէջը
ու
սփոփուեցաւ:
Իր
սէրը
կը
փռուէր
վրան
օրհնուած
իսկութեան
մը
պէս,
ողողելով
իր
բոլոր
մասերը:
Ու
տարբեր
էր
զգացումը,
որ
զինքը
մինչեւ
հոն
էր
վազցուցեր:
Թող
հանէր
սա
տղան
ու
դանակը
մխէր
սրտին:
Անիկա
ժպտելով
պիտի
համբուրէր
սուրին
բերանը
ու
համբոյրով
պիտի
գոցէր
աչքերը:
Ու
տղան
կը
շոյէր
անոր
մարմինը:
Ու
անոր
կոշտ
մատներուն
վրայ
ինկած
ըլլալու
էր
աստուածային
«
շնորհ
ու
իմաստութիւն
»:
Ու
անոր
հոգին
կը
փափկանար,
զատուելու
համար
կոպիտ
ու
գեղջկական
պատեանէն,
այն
արտաքին
հոգիէն,
զոր
գեղը
կը
շինէ
ու
կը
հագցնէ
քաջերուն:
Անիկա
մանուկ
մըն
էր,
համակ
բարութիւն,
համակ
վստահութիւն:
Ու
այս
հոգեկան
կայծակումը
անոր
բոլոր
անձին
վրայ
կը
ցոլանար,
ընելով
իր
մարմինը
խեղճ
ու
տառապահար
բոլոր
մարդոց
որդիներուն
նման:
Կը
թափէր
անոր
կոպերէն
մարդասպան
սրութիւնը:
Ու
զատուէր
անոր
վրայէն
ոճրագործ
կարծրութիւնը:
Այս
փոփոխութիւնը՝
անոնց
երկուքին
ալ
մէջը՝
աշխատեցաւ
գաղտնի
մնալ:
Անոնք
կ՛ամչնային
իրարու
անցեալէն:
Յետոյ,
երբ
մարմինները
մօտեցան
աւելի
սերտ
ու
գիրկերը
վերածուեցան
նուաղուն
քուներու,
անոնց
զարթօնքը
կը
նմանէր
անորակելի
քաղցրութեան
մը:
Ինքնաբերաբար
անոնք
իրենց
գլուխներուն
վերեւ
փնտռեցին
տանիքի
մը
պսակը:
Ու
կեանքը
տեսան
ատանկ
արգիլուած
իրենց,
բայց
բաշխուած
ուրիշներուն,
անկոհակ
ու
իրաւ:
Հրացանները
կը
շարունակէին
պոռալ:
Բոմբիւն
մը
անջատուեցաւ
դաշներգէն
ու
խորացաւ
իր
սահմաններէն
դուրս,
դէպի
դէմի
անտառամուտքը:
Զաքար
հազիւ
գտաւ
հարկաւոր
զգուշութիւնը,
աղջիկը
չնետելու
գրկէն:
Ոտքի
էր:
Ու
իրաւունք
ունէր
վրդովելու:
Սարին
իրենց
հայող
զառիթափէն
կը
մեկնէր
այդ
գնդակը:
Ուրեմն
հետապնդումը,
հակառակ
իր
սպասումին,
կը
կործէր
դէպի
վար:
Մտիկ
ըրաւ,
այս
անգամ
երկինքը:
Մենաւոր
մնաց
այդ
որոտը:
Հինգ
վայրկեան
Զաքար
պահեց
իր
սպասումի
կեցուածքը:
Լռութիւնը
շինուեցաւ
վերը,
ամուր
ու
կատարեալ:
Մինչ
այդ՝
Նազիկը
ելած
էր
ոտքի,
մտած
անոր
թեւին
տակ,
քիչ
մը
մսած
իր
թաթերը
մխած
անոր
գօտիին
մէջ:
Անհուն
էր
իր
զմայլումը,
երանութիւնը:
Տուներուն,
գեղին
ջնջուած
ըլլալը,
մութին
մեծ
վստահութիւնը
անոր
մէջ
կը
ստեղծէին
տարօրինակ
պատրանք
մը:
Ուրիշ
բան
եղա՞ծ
էր
արդեօք
կեանքը:
Կը
նմանէր
ի
ծնէ
կոյրի
մը,
որուն
աչքերը
կը
բացուին
մէկէն:
Չհասկցաւ
իսկ
թէ
կը
քալէին:
Դէպի
ջուրը
իրենց
քայլերը
եղան
դանդաղ
ու
առանց
որոշումի:
Հողին
հակումն
էր
զանոնք
վարողը:
Յանկարծ
տրտմեցաւ
Նազիկը:
Նպատակը
ուրուագրուեցաւ
իրենց
գնացքին
մէջ:
--
Ջո՛ւր.
ու
անկէ
ալ
դէպի
Մենծ
-
Լեռը:
Դիւրին
ու
պատրաստ
ճամբուն
տեղ՝
հաստամեստին
անակնկալը
դեռ
չսկսած
կը
գրաւէր
անոր
կնիկի
վախկոտ
հոգին:
--
Ինչո՞ւ
ատ
ճամբան,
-
հարցուց
անիկա,
չհամբերելով,
հակառակ
իր
զգուշութեան:
Մտադրած
էր,
ոչ
մէկ
գիծով,
միջամտել
անոր
կարգադրութիւններուն:
--
Քալէ՛:
Առանց
ուրիշ
խօսքի՝
անոնք
խորացան
դէպի
ձորը:
Ջուրը
տղուն
մինչեւ
մէջքը
կ՛ելլէր,
ամէնէն
ծանծաղ
կէտին:
Գրկեց
Նազիկը
ու
անցան:
Անմիջապէս
կը
սկսէր
Մենծ
-
Լերան
առաջին
ու
քիչ
-
շատ
մարդերով
յաճախուած
անտառուտքը:
Մեծ
որսերու
համար
իսկ
անյարմար,
ամբողջ
լերան
երեսը
ծածկող
ծառերու
այդ
ցանկապատը
հազիւ
կ՛ընդհատուէր
տախտակ
հանողներու
մէկ
-
երկու
հիւղակներէն:
Անոնք
ալ՝
ջուրին
մօտիկը:
Վերը՝
ո՛չ
գետին,
ոչ
ալ
երկինք
կ՛երեւար:
Անոնց
ոտքին
միօրինակ
ու
դարաւոր
կակուղութիւն
մը
կը
գոցէր
ամայութեան
սարսափը
ու
մարդ
իր
տունին
մէջ,
գորգի
վրայ
կոխելու
պատրանքով
մը
կը
քաղցրանար,
երբ
կաղնիներու
խոնաւ
տերեւները
առաձիգ
իրենց
մարմինը
վար
հրէին:
Ու
անոնց
գլխուն,
անոնց
ճիւղերուն
շաղապատումը
կը
շինէր
անմեկնելի
ապահովութիւն
մը:
Ո՛չ
մէկ
հով:
Ո՛չ
մէկ
ձայն:
Ո՛չ
մէկ
լոյս:
Աստղ
փնտռող
ՆՆազ
Նազիկին
աչքերը
վարսուած
էին
աւելի
գետնին,
քանի
որ
շատոնց
դադրած
էր
երկինքը:
Ու
քանի՛
կը
բարձրանային,
ա՛յնքան
կաղնիներու
անհաս
կալը
կը
գեղեցկանար:
Ա՛յնքան
ծառերը
կ՛անձնանային
ու
իրենց
բունին
շրջանակը
կ՛ընէին
մաքուր
ու
մենաւոր,
գաճաճ
մացառները
վռնտելով
դէպի
դուրսը,
եզրերը:
Գրեթէ
սենեակի
մը
պէս
կահաւորուած
այդ
յատակները
փոքրիկ
էին:
--
Հանգչի՞նք:
--
Քալենք,
-
պատասխանեց
աղջիկը,
ճիշդ
հակառակը
արտաբերելով
իր
մտածումին:
Յոգնած
էր
ու
չէր
դեդեւեր:
Ու
կը
քալէր,
բնազդական
զգուշութեամբ
մը,
կարելի
չափով
հեռու
անջրպետ
մը
ձգելու
համար
իրենց
եւ
իրեններուն
մէջտեղը:
Որքա՞ն
քալեցին:
Չէին
գիտեր
որոշակի:
Երբ
նստան՝
անոնք
վաւերական
էրիկ
-
կնիկ
էին:
Շնութիւնը,
պոռնկութիւնը
չքացած
էին
անոնց
վրայէն:
Իրարու
երկարած
իրենց
ձեռքերը,
անոնք
հալածական
ալ
չէին
զգար
զիրենք,
պաշտպանուած
ըլլալով
իրենց
տարփանքէն:
Իրենց
մարմիններով
միայն
ծանօթ
իրարու,
անոնք
գրեթէ
օտար
էին
իրարու
ձայնին,
մանաւանդ
երբ
ատիկա
անցնէր
փսփսուքին
սահմանը:
Այդ
էր
պատճառը՝
իրենց
լռութենէ
ախորժին:
Յետոյ,
դեռ
արեւին
լոյսին
մէջ
անոնց
աչքերը
չէին
վազած,
գեղին
բարբառով՝
«
կաթած
»
իրարու:
Բայց
պզտիկ
-
պզտիկ
բացուեցաւ
անոնց
լեզուն:
Սիրային
մշուշէն
ետքը,
որ
զիրենք
նոր
գինովցուց
կրկին,
անոնք
անդրադարձան
մեծ
իրականութեան:
Ո՛չ
գեղին
բամբասանքը,
ո՛չ
երգին
անգութ
հեգնութիւնը,
ոչ
ալ
իրենց
տարփանքին
ծիծաղելի,
բայց
սրտառուչ
մեծութիւնը
տեսարան
եկան
այդ
գիտակցութեան
անդրանիկ
րոպէներուն:
Էրիկ
ունեցող
կնիկ
մը
նոր
չէր,
որ
կը
փախէր
իր
սիրածին
հետ:
Բայց
դեռ
չկար
կին
մը,
որ
մահուան
դատապարտուած
տղու
մը
ետեւէն
լեռները
իյնար:
Ու
այս
կացութիւնը
անոնց
բառերուն
տուաւ
թէ՛
ողբերգական
հոծութիւն,
թէ՛
սիրաւէտ,
գարնային
միամտութիւն:
--
Ըրէ
ինծի
ինչ
որ
կ՛ուզես,
-
ըսաւ
Նազիկը,
վերջնական
յստակ
ու
իրաւ,
երբ
նախադասութիւնը
շօշափեց
այդ
հարցը,
Նազիկին
վիճակը,
ասանկ
«
պէճէնա
»
լեռներուն
ներսը:
Տղան
պատասխան
չունէր,
մտածում
չունենալուն:
Անիկա
իր
յիշողութեանը
մէջ
ունէր
լեռ
ելած
աղջիկներ,
անշուշտ
ոչ
իր
հաշւոյն:
Ու
ահա
յստակ
նկարուեցաւ
իր
առջեւ
մութի
վրայ
մարմնացող
փափուկ
կինը
գայմագամին,
որ
Նազիկի
հօրը
ետեւէն
ելած
էր
ասանկ
տեղեր:
Ի՛նչ
որ
հեքիաթ
է,
գոնէ
րոպէով
մը,
պահի
փշուրով
մը
եղած
է
իրական:
Յիշողութեան
հետ,
Հաճի
Ստեփանին
ուրուականը
քաշուեցաւ
քովնտի,
աղտոտ
ու
խայտառակ,
ինչպէս
եղած
էր
կեանքին
մէջ:
Բայց
այդ
երեւումն
իսկ
բաւ
եղաւ,
որպէսզի
տղուն
մէջ
վիրաւորուի
սա
միամիտ
երջանկութիւնը:
Իր
ձեռքը
պաղեցաւ
Նազիկին
ձեռքերուն
մէջ:
Ան
զգաց
ատիկա
ու
տենդագին
հարցուց.
--
Ի՞նչ
կը
մտմտաս:
Ցնցումը
եկաւ,
տկար
ու
շուարուն:
Ուրուականը
կը
յամառէր:
Պրկեց
ուսերը,
շարժումի
հանելով
իր
իրանը:
Բայց
խօսքը
պակաս
էր:
--
Ինչո՞ւ
չես
խօսիր:
Ու
անոր
հեռուները
սուզումին
դէմ,
զոր
կը
զգար
աւելի,
քան
թէ
կը
տեսնէր,
ելաւ
ոտքի:
Փաթթեց
անոր
գլուխը
իր
թեւերով,
այնքան
անուշ,
այնքան
տիրական:
Յետոյ,
իջաւ
բերանին
ու
լալագին,
գրեթէ
լեղի
համբոյրի
մը
մէջ
հծծեց.
--
Մորթէ՛
ինծի
հոս:
Կեցաւ
ու
չէր
հանգչած:
--
Թաղէ՛
ինծի
հոս
ու
գնա՛:
Բառերը
իրաւ
էին
ու
սիրտը
տաքցուցած
էր
զանոնք:
Կարծես
թէ
անոնց
ստեղծած
պատկերը
ամիջական
իրականութիւնն
էր:
Այդ
զգայնութիւնը
անցաւ
ամեհի
երիտասարդին,
որ
իր
մէջ
անցնում
մը,
նուաղում
մը
չկրցաւ
չհաստատել,
հակառակ
իր
ուժի
հոյակապ
մթերքին:
--
Թաղէ
ինծի
հո՛ս,
կ՛ըսեմ
քեզի:
Բերանը
դրած
էր
աչքերուն,
թեթեւցած
իր
մարմինէն,
չըլլալով
աղջիկ,
կնիկ:
Ան
երեւոյթ
էր
այս
վայրկեանին
ու
անոր
հպումը
տարօրինակ
կերպով
կը
յիշեցնէր
մորթուած
կնիկները,
որոնք
կանանչ
խոտին
վրայ
իրենց
կիսանջատ
գլուխները
կը
դնեն
ու
կը
նային
տակաւին:
Կը
դպիս
անոնց
ու
չես
հաւատար,
որ
մեռած
ըլլան:
--
Եղածը
կ՛օգտէ:
Թաղէ՜
ինծի
հոս:
Աւարտումի,
վերջնական
շիջումի
այս
մթնոլորտը
կը
խտանար
հետզհետէ:
Անոնք
մահէն
փախած
էին,
բայց
հիմա
զիրենք
աւելի
մօտ
կը
զգային
անոր:
Կեանքին
հետ
իր
հաշիւը
փակած
շրթունքներէն
ինքնազեղ
այս
հրաւէրը
կը
լայննար
ու
կը
լեցնէր
շրջապատը:
Տեսակ
մը
հոգեւարք,
որ
կը
ծանրացնէր
վայրկեանը
ու
կը
շփոթուէր
պատրանքին
ու
իրականութեան
մէջտեղը:
Այս
վիճակը
զօրաւոր
էր
մանաւանդ
խօսողին
մէջ:
Ու
հազուադէպ
յստակութեամբ
մը
Նազիկ
գիտէր,
թէ
իր
այս
հոգեկանութիւնը
տարբեր
էր
ծակ
-
պտուկներուն
յուսաբեկ
ու
կարծր
վճռականութենէն:
Հարսնիքէն
առաջ,
անիկա
մահուան
կը
բաղձար,
որ
վերերը
պտտող
սուտ
երազ
մըն
էր,
իր
կամքովը
ատանկ
անհաս
բարձունքներու
նետուած:
Սովորութեան
մը
պէս
կը
կանչէր
զայն,
ներքնապէս
համոզուած,
որ
պիտի
չգար
անիկա:
Հոս
այդ
ըղձաւորումը
ազատ
էր
այդ
կեղծիքէն:
Նազիկը
գիտէր
ատիկա
ու
չէր
վախնար:
Ու
կը
սկսէր
իր
մէջ
անորակելի
այն
հոգեւարքը,
որ
տարաժամ
ու
արկածի
արդիւնք
մահերուն
կը
յանգի:
Որ
թեթեւ
այլուրութիւն
մըն
է,
հետդ
պտտող,
ինչպէս
շուքդ,
բայց
հետզհետէ
կը
բազմանայ
ու
վտանգին
առջեւը
ճակատագիր
կը
դառնայ:
Գեղի
աղջիկ,
այդ
րոպէին
անիկա
կը
քակուէր
իր
շրջապատին
կապերէն
ու
կը
վերանար
մահուան,
--
բոլոր
մարմիններուն
վերջնական
իմաստին:
Բայց
անիկա
կը
պահէր
երեսները
տղուն
մազերուն
մէջ:
Ու
անիկա
ոչ
մէկ
ատեն
այնքան
խորունկ,
խղճալիօրէն
մարդ
էր,
որքան
սիրոյ
սա
գերագոյն
րոպէներուն:
Ու
կը
զարմանար,
որ
անոնք
օտար
չէին
միւսին:
Սիրոյ
վայրկեանները
գուցէ
երկրորդ,
վաւերական
երեսներէն
են
մահուան
վայրկեաններուն:
Հեշտութեան
անճառելի
ալիք
մը
կը
մշուշէ
երկու
վախճաններն
ալ:
Ու
մէկէն
միւսը՝
հիւսուածը
մարդկային
միսն
է
միշտ:
Ու
աստիճանի,
երանգի
պզտիկ
տարբերութիւնները
չեն
զօրեր
ստեղծելու
բռնի
տրուած
մտապատկերները:
Մահը
մէկ
է
քաղքենի
թէ
գեղջուկ
ջիղերուն
ալ
վրայ:
Բանե՛ր
կան,
ու
ատոնցմէ
կարեւորներն
են
մահն
ու
սէրը,
որոնք
նոյն
խմորումով
կը
սկսին,
տարբեր
կ՛աճին,
նման
կը
վերջանան
բոլոր
մարմիններուն
մէջ:
Յոգնած
էր
սէրէն,
մտածումէն
ու
ինքզինքը
մտիկ
ընելէն:
Իջաւ,
տեղաւորեց
իր
մարմինը,
ինչպէս
պիտի
ընէր
անկողինի
մը
եզերքին,
խոտերուն
վրայ:
Դրաւ
գլուխը
Զաքարին
ծունկին
ու
հակառակ
քուն
չունենալուն,
երկինքը
խուզարկել
ուզելուն,
փակուեցան
աչքերը:
Ու
անիկա
զգաց,
թէ
դուրսէն,
իրեն
համար
բոլորովին
անծանօթ,
բայց
սա
վայրկեանին
շատ
յայտնի
մատներ
էին,
որոնք
թարթիչները
հիւսեցին
իրարու:
...
Թմրութի՞ւն
թէ
տեսիլք:
Անոր
այնպէս
կու
գար,
որ
գեղն
էր:
Բայց
տարօրինակ
գեղ
մը:
Տուները,
փողոցները,
Տիլէնենց
աղբիւրը,
այծերն
ու
ջորիները
ու
դեռ
շատ
բաներ
նման
էին
իր
գիտցածներուն:
Բայց
անոնք
ունէին
ըլլալու,
ապրելու
ձեւ
մը,
յարդարանք
մը,
յաջորդութիւն
մը,
որուն
վարժուած
չէր
անիկա:
Այսպէս,
իրենց
տեղը
կը
փոխէին
տուներուն
ճերմակ
քառանկիւնները,
շատ
բնական
շարժումներով
ու
ոչինչ
կար,
որ
փլէր:
Գեղին
զանգուածէն
վեր
այն
անիրական
ծփանքը,
որ
երեւոյթներունն
է
երբեմն,
հզօր
հանդարտութիւններուն
ծոցը,
երբ
ծովի
երեսին
երազը
կը
ծաւալի
կապոյտին
ու
կ՛այլայլի
մեր
տեսողութեան
պատրանքովը:
Ու
մարդեր,
մէկ
երեսով,
այսինքն
առանց
ծաւալի,
առանց
ձայնի,
որոնք
կ՛երթային,
իրենց
դէմքերուն
վրայ
նկարելով
իրենց
ներքին
իրականութիւնը:
Ու
աւելի
քան
ահարկու
էր
պատկերը
այդ
երեսներուն,
որոնց
վրայ
օձի,
կարիճի,
որդի
գլուխներով
ձեւերու
կը
վերածուէին
անոնց
մեղքերը,
նրբին
նեարդներով
փրթած
սրտի
բաժակէն
ու
երկարած
դէպի
այտերուն
դաշտը:
Ու
այդ
լարերուն
բազմութիւնը
չէր
վնասեր
իրարու:
Յանկարծ
սարսռաց:
Իր
մօտիկն
էր
գիշերուան
տրտում
երիտասարդը:
Ան՝
որ
խօսեր
էր
իրեն
դաւադրութեան
տեղին
վրայ:
Թափանցիկ
էր
անոր
կմախքը:
Սիրտը՝
արիւնամած
բաժակ
մը՝
հազիւ
կրնար
արմատը
պարտկել
հզօր
բարունակի
մը,
սեւ
ու
կարմիր
երակներու
զարմանալի
հիւսքով
մը,
որ
կը
բարձրանար
ու
անոր
երկու
աչքերուն
մէջ
Նազիկը
կ՛ըլլար,
անանկ
իրական,
անանկ
զգլխիչ,
որ
չէր
յիշեր
ինքզինքը
երբեք
եղած
նման
գեղեցկութեամբ
մը:
Ու
աւելի
տարօրինակը
ան
էր,
որ
տրտում
երիտասարդին
գլուխը
կը
մնար
ամբողջ,
իր
սկաւառակովը,
կը
զատուէր
ու
կը
դառնար
իր
ծխնիին
վրայ
ու
կը
շաղուէր
Նազիկին
երեսներուն
հետ
անանկ
ողորմուկ,
անդիմադրելի
շաղապատումով
մը,
անանկ
համբուրումով
մը,
որ
նուաղում
կը
բերէր
իրեն:
Զգայութիւնը
այնքան
հզօր
էր,
որ
գրեթէ
արթնցաւ:
Բայց
չբացուեցան
աչքերը:
Գիտէր,
որ
կը
հանգչէր
Զաքարի
ծունկին:
Գիտէր,
որ
գիշեր
էր:
Գիտէր,
որ
Մենծ
-
Լերան
մէջ
էին:
Ու
կը
շարունակէր
իր
մէջ
զգալ
մահուան
անդորրը:
Տեսիլքը
առաւ
զինքը
կրկին:
Երիտասարդը
չկար:
Բայց
ահա
ուրիշներ,
օտար
թէ
ազգական,
որոնց
թափօրը
իր
մօտէն
անցած
ատեն
կը
դառնար:
Ու
կիներու
երեսին
վրայ
կը
ճանչնար
նորէն
իր
դէմքը,
որ
օձի
բերնին
մէջ
բռնուած
վարդի
կտորի
մը
պէս
կը
դողդղար,
կը
ծամուէր,
կը
սեւնար
նախանձին
հեղումէն
ու
կը
թափէր:
Ու
այրերու
երեսին
վրայ
ան
կը
տեսնէր
իր
ծիծերը,
որոնք
կ՛ուտուէին,
բզիկ
-
բզիկ
կ՛ըլլային
ու
նորէն
կը
ծնէին:
Ու
այս
տառապանքը
ընդհանուր
էր
բոլորին
համար
ալ:
Ա՞յս
էր
ուրեմն
կեանքը:
Այսպէ՞ս
կ՛ապրէին
մարդոց
հոգիները
իրարու
դիմաց:
Բայց
ահա
ուրիշ
բաներ:
Իր
կեանքին
տիրական
պահերը,
առանց
կարգի
ու
կապի:
Կարծես
գոյութեան
անդրագոյն
մէկ
ծովէն
կ՛ելլէին
անոնք
ու
կը
ջանային
գտնել
իրենց
լիութիւնը
եւ
մանրամասնութեանց
հանդէսը:
Յետոյ,
կը
հագնէին
իրենց
ամբողջական
յօրինուածութիւնը
ու
կ՛ըլլային
այն
պատկերները,
որոնցմով
զգեստաւոր՝
անոնք
ինկած
էին
մտքին
շտեմարանին
մէջ:
Զգայութեանց
սարուածը
նոյն
էր
անոնց
շուրջը:
Ու
կը
վերագտնէին
իրականութեան
այն
հոծ
կերպը,
որով
ապրեր
էին
անոնք
օր
մը
երբ
եղան:
Երա՞զ:
Չէին
ատոնք,
քանի
որ
կը
պակսէր
անոնց
անորակելի
այն
անայժմէութիւնը,
որ
երեւոյթները
կը
զետեղէ
ժամանակի
մէջ
ու
կը
գծէ
անդունդը
իրականութեան
ու
անոր
անգայտացած
միւս
երեսի
պատրանքին
մէջտեղը:
Ան
անգամ
մըն
ալ
փորձեց
արթննալ:
Միշտ
գլխուն
տակն
էր
տղուն
ծունկը:
Ու
անոր
մէկ
ափը,
լայն՝
կը
պառկէր
բացը
մնացած
իր
երեսին:
Կրկնուեցաւ
գիտակցութեան
նոյն
անդոհը,
լեռնային
տեսարանը,
Գէլուն
-
Բունին
դաւադրութիւնը
ու
սա
պահին
անպարագիծ
խռովքը
չէր
կարելի
զանազանել
իրականութեան
կնիքէն:
Վասնզի
ատոնց
քով,
հետ,
վրայ
կը
ճառագայթէր,
անդիմամարտ
պահանջկոտութեամբ
մը,
ցնորքը
ու
տարտղնէր
սաղմնաւորուած
սեւեռումը
արտաքին
իրականութեան:
Կ՚իյնար
մշուշը
երկու
աշխարհներուն
անջրպետին
մէջ,
հեռացնելով
առաջինը,
բայց
լայնօրէն
տարածելով
բանդագուշանքին,
զգայախաբութեանց
դաշտերը,
հեռացնելով
անոնց
սահմանները:
Ու
այդ
կաթնորակ
անգայտութեան
վրայ,
թրթռագին
ուրուացումէ
մը
ետք,
մարմին,
կղզի
կ՛ըլլային
անորոշ,
բայց
ծանօթ
բաներ,
կը
կենային,
կը
դողային
ու
կը
լուծուէին:
Բայց
ուրիշներ,
որոնց
բխումը
դուրս
էր
այդ
ուրուայնութենէն
եւ
որոնք
կ՛ելլէին
մշուշէն,
իրենց
գիծերուն
ամբողջ
ցանցերովը
ու
կը
կենային:
Ատոնք
խորագոյն
ու
դժնդակ
յուզումներով
իրենք
զիրենք
յօրինելէ
ետք
կը
մօտենային
յղացքի
մը,
յետոյ
իմաստի
մը
ու
կ՛ըլլային
անոր
այն
պահերը,
որոնք
շրջան
մը
կը
փակեն: ...
Ու
անոր
աղջիկնութիւնը
ձեզի
ծանօթ
է
իր
բոլոր
դժխեմ,
աննուաճ
կարօտներովը,
բոլոր
ալեկոծութեամբը,
մատղաշութեամբն
ու
գինովցնող
գեղեցկութեամբը,
որ
անորակելի
զգլխումի
մը
մէջ,
կրկնելով
տեսարանին
մայր
երակները,
որոնցմէ
հոսեցաւ
անիկա
ժամանակին
ծոցը,
կը
յանգէր
աշնան
առտուան
անդարմանելի
արիւնումին:
Ու
Թումասի՜կը:
Աղուոր
ու
հեռաւոր,
որմէ
փախած
էր
հիւանդութեան
կնիքը
եւ
որուն
նայուածքին
ու
շունչին
մէջ
ան
ինքզինքը
կը
գտնէր:
Մահէ՜ն
անդին
սէրը,
անյանգ,
անհասանելի
ու
իրական:
Ատանկ
բաժնուած
ու
ամբողջ:
Ինչո՞ւ
խորհեցաւ
անկարելի
սա
մտածումը,
որ
իմաստասէրը
կը
հանէ
իմաստասէրին
դէմ,
բայց
որ
պարզ
է,
երբ
ապրուի:
Բաժնուած
ու
ամբո՜ղջ.
սա
չէի՞ն
մեր
մարմինները
մեր
գիտցած
աշխարհին
վրայ:
Ու
ահա
անմոռանալի
գիշերը
առաջին
հարսնիքին:
Ու
անիկա
նոյն
աղջիկն
էր
այդ
պահուն,
երբ
մօտեցաւ
տղուն
բազուկներուն
եւ
ուզեց
մեռնիլ
անոր
համբոյրին
տակ՝
կիսաւարտ
ու
յիմար:
Անցաւ
պատկերը,
վասնզի
ուժ
չունէր
անոր
դիմակալելու
(
ամէն
անգամ
անիկա
ըրած
էր
նոյն
այդ
փախուստը՝
մղձաւանջէն
):
Ու
մահեր:
Ու
ոճիրներ:
Ու
գերեզման:
Ու
երկրորդ
հարսնիքը
ու
անոր
անըմբռնելի
նոր
անկողինը:
Անհուն
բեկումով
ու
լքումով
մը
անիկա
վերապրեցաւ
իր
մարմինը,
աննուաճ,
անկուշտ,
սովալլուկ,
զոր
այդքան
կատաղի
ընող,
այդքան
եռացած
ու
խոր
ընծայող
խորհուրդը
դարձեալ
անհաս
մնաց
իր
իմացականութեան:
Ու
կ՛ընէր
բառ
առ
բառ
հարցումը,
զոր
կը
բանաձեւէր,
բայց
չէր
արտաբերեր
իր
էրկանը
թեւերուն
տակը,
ճմռուած,
ծծուած,
կարմրած
ու
արիւնոտած,
բայց
ծարաւի՜,
բայց
ռունգերը
վեր,
լարուած
ու
աւելի
քան
սովաբեկ:
Կնի՜կը,
ինչպէս
կ՛ըսէին
պատերուն
տակը,
կատղած
գիշերէ
մը
ետք՝
կիսաքուն,
կծկտած
ձեւերը:
Ու
պարա՛պ:
Բայց
ատիկա
վայրկեան
մըն
էր
միայն:
Ու
կ՛ըլլար
անիկա
ողորմելի
ծակ
-
պտուկը,
ամբողջական
ու
հարազատ,
տեսիլքին
ծանրութեամբը
աւելի՛
կորաքամակ,
անյուսութեանը
մէջ
աւելի՛
բացարձակ:
Քիչ
ետքը
փողոց
կը
դրուէր
ան,
ձիւնի
դառն
կծկումովը
ասղնտուած
մորթին
բոլոր
բաց
անկիւններէն:
Ու
կը
քալէր
անիկա
իր
ճամբան
ատանկ
ձիւնոտ
ու
գեղեցիկ:
Ու
կը
քալէր
անիկա
միւսներուն
ալ
ճամբան,
անոնք՝
որ
ըրին
ատիկա
աշնանագեղ
գիշերներով:
Կը
պտտէր
անիկա
մահուան
ծանօթ
կայաններուն
շուրջը,
գլխիկոր
ու
համեստ,
հաշտուած
մեղքէն
աւելի
անոր
քաւութեանը
ձեւին:
Քարե՛րը:
Լիճը:
Ջրհորները:
Հաստ
գերանները
սայվան
ներուն,
որոնք
երկաթ
օղակներ
կը
կախեն
իրենց
փորերէն:
Պատկերները
կը
փոխուէին
արագ
ու
յստակ:
Ու
տարբեր
կալուածներէ
ուրիշներ,
որոնք
օր
մը
երես
մը
գրաւեցին
անոր
հոգիին
պատերէն,
յետոյ
վերցուեցան:
Ու
կ՛այցելէին
անոր
բոլորովին
երիտասարդական
տեսարաններ
ալ:
Անոնք
իրենց
յանկարծական
բերումին
մէջ
կը
դադրէին
իրենց
պայմանաւորուած
պահէն
ու
լոյսի
մը
պէս,
յաւելումի
մը
կամ
բացայայտումի
մը
պէս
կ՛իյնային
մայր
վիճակին
վրայ,
որ
մշտապէս
նոյնն
էր,
արձակուած՝
մշուշին
ամբողջ
յատակէն:
Ու
կը
զարմանար
անիկա
պատկերներուն
այս
իմաստէն:
Ու
տեսաւ
անիկա
տրտում
երիտասարդը
նորէն,
որ
կու
գար
տարիներով
խորացած
անջրպետէ
մը,
ա՛յն
օրէն,
երբ
աղջիկ
էր
ինքը
ու
իր
հօրը
տունին
մէջ
իր
սարսուռները
կը
հսկէր:
Ու
ահա
իրենց
առաջին
սանդուխը,
որուն
առաջին
ոտքին՝
տղան
դպած
էր
գիշեր
մը
իր
մարմինին
ու
մնացեր
էր
նուաղած
նոյն
ոտքին
վրայ:
Այն
ատեն
պառաւները
ընկաւորի
աղօթք
կարդացեր
էին
վրան:
Այդ
մոռցուած
պատկերը
հիմա
կը
ստանար
իր
իմաստը:
Տրտմօրէն
բարի
ուրախութիւն
մը
հետեւեցաւ
այդ
խելամտումին:
Մարդերը
նոյնն
են
միշտ:
Բայց
ինչո՞ւ
յայտնուեցաւ
կրկին
Թումասիկը,
որ
տրտմագոյն,
բարակ
ողբի
մը
պէս
դողդղաց
ու
քակուեցաւ,
փոխուելու
համար
կախարդագեղ
տեսիլքի
մը,
հագնելով
միսերու
թափանցիկ
հիւսուած
մը,
դառնալով
մեղրամոմի
պէս
բաց,
բայց
սրտառուչ
ու
վերագտնելով
իր
իրական
խորհուրդը,
--
ըլլալով
սէրը,
համակ
թարմ,
կապտաւուն,
երբ
անիկա
ճակտին
տակը
աչքի
մը
պէս
ծիածանանար,
կամ՝
այտին
վրայ
«
դալկահար
»
բռնկումն
ըլլար
բանաստեղծին,
թանձր,
հաւաքելի,
նման
«
փունջի
մը
ու
ժպտի
»:
Ձեւերու
այս
եղծումը,
իրերահոսումը,
վերակազմումը
կը
շարունակուէր
անոր
մէջ.
ու
կը
նորոգուէր
պատկերներու
այս
ոստայնը,
զոր
աներեւոյթ
ձեռք
մը
կը
հեղուր,
անձանձիր
ու
խնայող
մատուըներովը:
Ասիկա
կը
պատահի
կարգ
մը
երազներու
ընթացքին,
երբ
մեզի
հետ
է
այդ
երազին
գիտակցութիւնը
ու
հաճոյքով
կը
հետեւինք
շարժապատկերին:
Հո՞ս:
Անկշռելի
ճնշում
մը
կը
պղտորէր
պատկերներուն
լուսապսակը
ու
իրականութեան
զգայութիւններով
կը
փոխարինէր
զանոնք:
Հակառակ
իր
փափաքին,
անոնց
երազայնութիւնը
կը
խօսէր
իր
մէջ:
Ու
անոնց
տեղը
կը
գրաւէր
ցաւոտ
անձկութիւն
մը,
որ
կը
մեկնէր
անդնդային
երախով
քարայրի
մը
ակռաներուն:
Ու
այդ
մղձաւանջը
կը
քալէր
դէպի
ինքը,
նորանշան
ու
կարմրաւուն
բողկուկներով:
Հեռու
էին
անոնք
տակաւին:
Բայց
կը
լսուէր
անոնց
սողոսկումին
յստակումն
ու
աճումը:
Կը
փախչէ՞ր:
Համոզուած
չէր
ատոր,
բայց
կը
քալէր
դէպի
տեղ
մը,
որուն
մտապատկերը
ունէր
տարիներէ
իվեր:
Որ
իրենց
գեղին
գերեզմանատունը
չէր,
բայց
նոյն
զգայութիւնները
կ՛արձակէր
իրմէ
դուրս:
Ու
անոր
պարունակին
վրայ
կը
լայննար
մեծ
ու
հին
խաղաղութիւն
մը:
Ու
ունէր
ընտանի,
գրեթէ
մտերիմ
տեսարանում
(
գերեզմանը
գեղերուն
համար
համազօր
է
եկեղեցիին
իբր
հաւաքատեղի
):
Հողքեր,
իրենց
կնքուած
սանդուխներովը:
Զառիթափին
կնճիռները,
որոնք
չեն
յաջողած
ամոքել
մեռելներուն
մրուրը
դարերէ
ի
վեր:
Շիրիմներ,
իրենց
ոսկեզօծ
տխրութեամբն
ու
ձանձրոյթովը:
Այս
ամէնը՝
մահուան
յայտնի
շունչին
ներքեւ,
դադրելով
իրենց
անզգած
ու
չէզոք
պառկուածքէն,
զոր
ընտրած
են
դիտողին
համար,
առնելով
իրենց
գերագոյն
նշանակութիւնը
--
մեր
փառքերուն
ու
մեղքերուն
վրայ
ատանկ
ծաղկած
ու
անսրբագրելի:
Անոր
այցելեցին
նաեւ
իրենց,
Հայրապենց
կնիկներուն
թափօրները:
Ու
իր
մեծ
մա՜յրը:
Հոգեւարքէն
քիչ
առաջ,
իր
հռչակաւոր
անէծքովը,
որուն
մէջ
անիկա
իր
դիակին
համար
«լերան
մը
թումբը»
սահմանեց:
Ու
յիշեց
անէծքին
իր
մէջ
յառաջացուցած
այն
ատենուան
վիճակը:
Բայց
ահա
տարօրինակը:
Մէկէն
անիկա
իրեն
ընկեր
գտաւ
Զաքարը,
հալածական,
գլխաբաց:
Անոր
հրացանը
խորտակուած
էր
ու
բունը
միայն
կը
կախուէր
ձեռքէն:
Չհարցուց
անոր,
թէ
ուրկէ
կու
գար:
Իր
մէջ
աւելի
զօրացան
մահուան
զգայնութիւնները:
Ու
կը
զարմանար
տղուն,
որ
իր
հասակովը
կը
պաշտպանէր
անոր
քալուածքը:
Որո՞ւ
դէմ,
երբ
ոչ
ոք
կ՛երեւէր,
ճամբուն
վրայ,
առաջ
ու
ետ:
Անիկա
գլուխը
դարձուց՝
տղան
քովը
ուզելու
դիտումով:
Տժգոյն
էր
Զաքարն
ալ,
ու
ինկած
իր
ուժէն:
Յանկարծ
լսեց
բոմբիւններ,
նոյն
այն
կշռոյթով
եւ
տեւողութեամբ,
որոնք
ծանօթ
էին
իրեն,
եկած
ըլլալով
քիչ
առաջ
սարին
միւս
եզրէն:
Վախցաւ
անիկա,
յայտնի
կափկափումով
մը:
Ու
վախէն
մարմին
եղան
ձայներուն
ուղղութեանը
վրայ,
տարտամ
ձեւեր:
Հայրապենց
տղաքն
էին:
Կեցաւ
ու
կեցուց
տղան:
Դարձած
էին
ետ:
Խումբին
առաջնորդն
էր
Հաճի
Գրիգորը:
Անոր
հրացանը
յստակ
էր
իր
փողովը,
այդքան
հեռուէն
ու
կը
հոսէր
իրմէ
կրակը,
մատի
թանձրութեամբ,
որ
մէկ
գիծով
կը
պեղէր
միջոցը
ու
կու
գար
կայլակ-կայլակ
փշրուելու
իրենց
շուրջը:
Ու
ահա
միւսները,
որոնց
գնդակները
կը
թափէին
նոյնքան
առատ:
Օրը
լուս
էր,
առանց
ժամի
ճշդումին:
Ու
տեղը
վերածուեցաւ
բաց
տարածութեան
մը,
որ
արտի,
հերկի,
արօտի
չէր
նմաներ:
Որուն
վրայ
քարի
հանգոյցներ,
անջատ
գլուխներ
կը
դնէին
սեւ
զանազանութիւն
մը:
Բայց
անոնք
կը
ծառայէին
իբր
դիրք
թէ՛
իրենց,
թէ՛
եկողներուն...:
Ու
լռութիւն:
Կեցաւ
կրակը:
Անոնք
երկուքով
ամրացած
էին
քարայրի
նմանող
խոռոչի
մը
մէջ:
Ու
չէին
խօսեր:
Իր
մէջ
հզօր
էր
փափաքը
պառկելու
քարին
վրայ,
իր
մարմինը
դնելու
եկող
գնդակներուն
առջեւ:
Երեք
անգամ
արգիլեց
զինքը
տղան,
որ
առանց
աճապարանքի,
իր
հանդիսաւոր
լրջութեանը
մէջ
կը
պարպէր
մարթին
ը,
բաւական
ընդհատ
միջոցներով:
Նազիկը
կը
տեսնէր
բլթակին
շարժումը,
բայց
չէր
առներ
անխուսափելի
ձայնը:
Բայց
կը
լսէր
յստակ
մօտեցողներուն
խօսքի
բեկորները:
Ու
անզուսպ
եռանդ
կար
իր
մէջ
նետուելու
դուրս:
Այդ
եռանդը
քանի
մը
հեղ,
հակառակ
տղուն
արգելքին,
դուրս
հանել
տուաւ
անոր
գլուխը:
Մէկէն
զգաց,
որ
իր
ճակատը,
յօնքին
վերօքը,
տաքցեր
էր:
Մատը
տարաւ
այրուցքի
կէտին:
Խոնաւ
ջերմութիւն
մը
իջաւ
երեսին:
Արիւն
էր:
Զգաց,
որ
զարնուած
էր:
Բայց
փոյթը
չեղաւ:
Կը
սպասէր,
որ
պատահէին
այն
սարսափները,
որոնք
գովքերը
կը
յօրինեն
նման
պատահարներու
վրայ:
Ցա՜ւ
իսկ
չունէր
անիկա:
Բայց
աւելի
տարօրինակը
ան
էր,
որ
կ՛ապրէր:
Անսովորը
դարձեալ
իր
սեփական
պատկերն
էր,
դուրս
իրմէ,
որուն
կը
նայէր
մարդկային
աչքերով:
Գտաւ,
որ
դեղնած
էր
քիչ
մը,
ինչպէս
պիտի
ըլլային
մարմինները
բոլոր
մեռնողներուն:
Ու
տեսաւ
աւելի
գեղեցիկ
բան
մը.
--
Իր
դեղին
յօնքին
վրայ
արիւնին
գիծը
շիներ
էր
ուրիշ
յօնք
մը,
նոյնքան
կանոնաւոր
ու
իրաւ:
Յիշեց
իր
մօր
երգը:
Բայց
ահա
ձայն
մը,
որ
պոռաց
պարապին
վրայ՝
Սիրեմ,
Նազի՜կ,
ընքուընիդ,
Արուն
գըրիչէն
քաշած...
Փնտռեց
անոր
հեղինակը,
վասնզի
տրտում
էր
ու
տարօրէն
քաղցր:
Ու
կը
վայլէր
պահին
ու
պատկերին:
Դադրած
էին
հրացանները:
Դադրած
էր
հեռաւորութեան
զգացումն
ալ:
Այն
ատեն
Զաքար
նետեց
հրազէնը
ու
ծռեցաւ
իր
վրայ:
Թաց
էին
անոր
աչքերը
ու
անպատմելի
կսկիծով
մը
վարագուրուած:
Անիկա
համբուրեց
իր
երեսները:
Ու
անոնց
շրթունքները
իրարու
տուին
արցունքին
աղը,
որ
առատ
էր
ու
չդադրող:
Ոչ
մէկ
ատեն
տղուն
շրթունքները,
երեսը
այսքան
մարդկային,
այսքան
քաղցր
եկած
էին
անոր:
Նկատումներէ
ազատ
իր
միտքը
դատեց
մարդերու
այս
խեղճութիւնը
մահուան
դէմ:
Ու
անոր
մէջ
ծաւալեցաւ
խորագոյն
խաղաղութիւն
մը,
որ
ալիք-ալիք
կը
բարձրանար
կարօտի,
քաղցրութեան
անհուն
անդունդէ
մը:
Անիկա
գրեթէ
կը
նոյնանար
իր
կռնակի
կարծրացած
հողին:
Ու
ինքզինքը
կը
գտնէր
անոր
հանգիստին
վրայ,
դեռ
պուտ
մը
բռնկումով,
որ
իր
յետին
պլպլանքը
կը
թրթռար:
Հողին
այս
դադարումը,
առանց
երկինքի
սարսափին,
նոր
էր:
Բայց
ահա
հողէն
վերը:
Վայրկեան
մը
վախցաւ
սատանաներէն:
Բայց
ի՞նչ
ըրած
էր
անիկա,
բացի
բարիքէն:
Աստուծոյ
ճառագայթ
մը
լուսաւորեց
զինքը:
Միակ
մեղքը,
իր
զաւկին
վիժումը,
խոշորցաւ
լերան
մը
պէս
ու
գրաւեց
իր
առջին
լայնցող
կապուտութիւնները:
Բայց
այդ
լեռը
կը
կռթնէր
երկու
պառաւներու
քամակներուն,
որոնք
ծունկի՝
լեզունին
խածած
կը
պրկուէին
ու
չէին
մեռներ:
Յետոյ,
փոքրացաւ
տեսիլքը:
Չեկաւ
իրեն
պատկերը
Սահակին:
Ու
կը
տանէին
զինքը:
Ինչո՞ւ
չէր
վախնար:
Ա՞յս
էր
մեռնիլը-
հարցուց
անիկա
Զաքարին,
որ
ծունկի
իջած
էր
գլխուն
մօտ
ու
ա՛լ
չէր
համբուրեր:
Կրակը
վերսկսաւ:
Խոռոչին
քարերը
փոշիի
պզտիկ
խաւ
մը
կ՛արձակէին
գնդակի
հարուածէն:
Մարդոց
ձայները՝
յստակ:
Ու
չկար
անոնց
մէջ
իր
անունը:
Բայց
անհուն
սպառնալիք
ու
հայհոյանք
կը
պատմէին
անոնք
տղուն
հասցէին:
Ուզեց
բազուկները
բանալ,
ծոցն
առնելու
համար
անոր
գլուխը:
Բայց
խորհեցաւ,
որ
մեռեր
էր
ու
չէր
կրնար՝
առանց
որ
մէկը
ըսէր
իրեն.
Զաքար
ծռեց
իր
գլուխը
անոր
երեսին,
արիւնոտ
ճակատով:
Նազիկին
բազուկները
ինքնաբերաբար
հիւսեցին
անոր
պարանոցը:
Ու
վերջին
համբոյրը
մահուանն
էր,
զտուած՝
արցունքէն,
տառապանքէն,
հողին
բոլոր
համերէն...:
Բացաւ
աչքերը:
Տղան
հիւսած
էր
իր
պարանոցը:
Երա՞զն
էր:
որ
կը
շարունակուէր:
Բայց
մութը
հզօր
էր
ու
իրենց
գտնուած
տեղը
ոչինչով
նման
իր
մտքով
տեսածին:
--
Քնացա՞յ,
-
հարցուց
անիկա,
ձայնը
լսելու
համար:
--
Կտո՛ր
մը:
Այն
ատեն
սարսուռը
սիրտը
զարկաւ:
Իր
բերանը
կը
մխտէին
բառերը,
պատմելու
տեսիլքը:
Բայց
անոր
նախազգացումը
խնայելու
համար
տղուն՝
ան
զսպեց
իր
կզակները,
բռնի
փակելով:
Քաշեց
տղուն
թեւէն
ու
տիրական
շեշտով
մը՝
--
Երթանք,
-
ըսաւ
ան:
Տղան
լուռ
հետեւեցաւ
անոր:
...
Անդին,
Հայրապենց
տղաքը
շատոնց
մտած
էին
Գէլուն-Բունին
քարայրը:
Անոնք
գեղէն
չբաժնուած
իմացեր
էին
Նազիկին
անհետացումը:
Բոլորը
մէկ
անոնք
բացատրեցին
եղելութիւնը
ու
դաւադրութեան
մը
վրայ
կեդրոնացուցին
իրենց
համոզումը:
Հաճի
Գրիգորը
հրապարակով
ապտակեց
լրտեսը,
որ
«իր
չորս
տղոց
միսերը
պագնելու»
աստիճան
ահաւոր
անկեղծութեամբ
մը
հաստատեց
իր
տեղեկութիւնը:
Մարդուն
բառերը
իրենց
վճռական
շեշտով
պահ
մը
շփոթութիւն
ձգեցին:
Խուճապ
մը
սկսաւ,
որուն
մէջ
ամէն
մէկը
նետուեցաւ
իր
մարթին
ին:
Բայց
չէին
գիտեր
իրենց
ընելիքը:
Խենթին
մէկը
պոռաց.
--
Ձի՛
մը,
շուտ:
Ամէնքը
հաւնեցան
առաջարկին:
Ձիաւորները
արդէն
ելած
էին
գիւղէն
դուրս:
Անոնք
քիչուոր
էին
ու
հրահանգ
ունէին
շատ
հեռուէն
պաշարումի
շղթայ
մը
քաշելու
եւ
սպասելու
հետեւակներուն:
--
Չըլլայ
որ
կրակէք,
-
կանխահոգ
ու
մտազբաղ,
հրամայած
էր
Հաճի
Գրիգորը:
Անիկա
հաշուի
կ՛առնէր
մութը,
մանաւանդ
տղուն
քաջութիւնը:
Լուս
աչքով
քսան-երեսուն
ոստիկան
ճեղքող
ասպատակը
վտանգաւոր
էր,
եթէ
քարայրի
մէջ
մուկի
պէս
չթխմուէր:
--
Քածն
ալ
սպաննեցէք,
-
ըսաւ
անիկա
կամացուկ
մը
տրտում
երիտասարդին,
որ
դրացի
ըլլալուն՝
ախոռէն
քաշած
էր
ձին
ու
պատրաստ
էր
բոլորէն
առաջ:
Առաջապահները
քարայրը
պաշարած
էին
գեղ
հակող
բոլոր
անցքերէն,
ու
մտած
իրենց
ձիերուն
ոտքերուն
տակ:
Անոնք
գգացին
քայլերը,
բայց
չկրցան
ճշդել,
վասնզի
վարի
ճամբէն
բազմաթիւ
ոտնաձայներ
կը
հասնէին
իրենց
լսողութեանը:
Երբ
խումբը
ամբողջացաւ,
անոնք
մեծ
զգուշութեամբ
մօտեցան
քարայրին:
Եկողը
կը
հարցնէր
Նազիկին
վրայ:
Չէին
տեսած
զայն:
Ոչ
ոքի
մտքէն
անցաւ
խրամին
ճամբան:
Անոնք
յիսուն
փողով
կրակի
տակ
առին
քարայրը:
Կեդրոնացած
այս
հրացանաձգութիւնը
ամբողջ
ապառաժը
ոտքի
կը
հանէր
իր
անդնդային
աղմուկովը:
Առջի
տասը
փամփուշտներէն
յետոյ՝
--
Կեցէ՛ք,
-
հրամայեց
Հաճի
Գրիգորը:
Ան
կը
զարմանար
քարայրին
լռութեան:
Լսուած
բան
չէր,
որ
Զաքարը
առանց
պատասխանի
թողուր
որեւէ
գնդակ:
Յետոյ,
խորհեցաւ
կացութեան
անելին:
Եթէ
քունի
մէջ
բռնուած
ըլլա՞ր:
Նորոգեց
կրակին
հրամանը:
Քառորդ
ժամ
անընդհատ
քառեակ-քառեակ
տեղաց
գնդակին
կարկուտը:
Մուխը
կը
պաղէր
ու
հովին
հակառակ
կը
դանդաղէր,
նեղելու
աստիճան
անոնց
շնչառութիւնը:
Հետզհետէ
հասան
յապաղածներն
ալ:
Երբ
դադրեցաւ
զարկը,
քարայրը
կը
մնար
նոյն
լռութեան
մէջ:
Մէկը
Հաճիին
կարգադրութեամբ
ելաւ
իր
դիրքէն,
սողոսկեցաւ
անհնարին
զգուշութիւններով
մինչեւ
բերանը
քարայրին:
Առանց
ոտքի
կենալու,
մէջքէն
հանեց
լաթի
կտոր
մը,
որ
ամէն
որսորդի
մօտ
պարտաւորիչ
է
հրացանը
մաքրելու,
թափեց
վրան
իւղի
շիշի
մը
պարունակութիւնը
ու
լուցկիով
մը
զայն
բռնկեցնելէ
յետոյ,
նետեց
ներս:
Բոցը
լուսաւորեց
ապառաժին
մռայլ
կամարը:
Յետոյ
լեցուց
հեռանկեալ
խորշերը:
Դիմացէն
զննողները
ձայն
տուին.
--
Մարդ
չ՛երեւար:
--
Աղէ՛կ
նայեցէք,
-
կրկնեց
Հաճի
Գրիգորը:
Տարիքը
տկարացուցած
էր
աչքերը
ու
որսի
ատեն
անիկա
չէր
սեղմեր
մինչեւ
որ
ոտքերուն
մօտ
չսուրար
երէն:
Բայց
քարայրին
մէջ
ժայռի
շեղբեր
լոյսի
եւ
ստուերի
տարօրինակ
հիւսք
մը
կը
խաղցնէին:
Խելացութիւն
չէր
լաւ
մը
չզննած
մտնելը:
--
Շուքերուն
նայեցէք.
դուն
պառկէ՛:
Այրող
լաթին
լոյսովը
ծեծուեցան
բոլոր
շուքերն
ալ:
Երբ
կրակը
դադրեցաւ,
ոտքի
ելաւ
պահուըտած
զննողը
ու
մէկ
ձեռքով
երկարած
ատրճանակը,
կոտրեց
մայրիին
ճիւղէն
մնացած
փայտը
ու
մտաւ
ներս:
--
Մարդ
չկայ,
-
ըսաւ
անիկա,
դառնալով
քարայրին
բերանը:
Խուժեցին
բոլորը:
Հանգչած
կրակ
մը,
պատնուած
մոխիրի
խաւով
մը,
որ
ճերմակ
էր
բամպակէն
աւելի:
Հացի
գունդ
մը,
առէքի
պէս
շեղ
ու
լայնաբերան
քարի
մը
վրայ:
Յատակին՝
ոսկորներ:
Հաւու
փետուր:
Կիսամար
խանձողներէն
կսկծեցնող
ու
մախր
հոտող
մուխ
մը:
Ու
ճերմակ-ճերմակ
վէրքեր,
կոճակներու
պէս,
քարին
սեւ
մարմինին
վրայ:
Գնդակներուն
աշխատանքն
էր
ատիկա:
Կրակին
շրթունքէն
դէպի
բոցի
պատը
կ՛երկարէր
խոտերու
դէզ
մը,
ով
գիտէ
որո՛ւ
կողմէ
հոդ
հաւաքուած
եւ
որուն
վրայ
փոս
մը
Զաքարին
հասակը
կը
ձեւէր,
մոյկներուն
կողմը
ցեխոտ,
մէջքին
տեղը
եկած,
գլուխին
տակ
աւելի
խիտ
ու
յստակ:
Ասոնք
բաւական
էին
լրտեսը
ազատելու,
քանի
որ
տղայ
մը
հանած
էր
դանակը
բաւական
առաջ
ու
կ՛առաջարկէր
մորթել
ու
շուներուն
տալ
ատ
սուտզրուցը:
Ամբողջացան:
Զգուշութեան,
մանաւանդ
իրար
չզարնելու
համար
Հաճին
արգիլեց
կրակ
ընելը:
Անիկա
դուրս
ելաւ
քարայրէն
ու
մտիկ
ըրաւ:
Իրենց
ձիերը
սմբակնին
կը
զարնէին
քարերուն
ու
լուս
կ՛արձակէին:
Երկինքը
մութ
էր
բոլորովին
ու
առատ
ու
մաքուր
աստղերը
կը
կենային
իրենց
կէտերէն
կախուած:
Նեղուած
էր
անիկա
մանաւանդ
Նազիկին
հաշւոյն:
Շինեց
սիկառ
մը:
Երբ
բռնկցուց
լուցկին
ու
սիկառը
վառելէ
յետոյ
նետեց
գետին,
աչքին
ինկան
լաթի
կտորներ:
Ծռեցաւ
ու
առաւ
ձեռքը:
--
Հէ՜յ
վախ:
Զարկաւ
անիկա
ամուր
մը
ճակտին:
Լացն
էր
պակաս,
որպէսզի
այս
աղաղակը
ըլլար
յուսահատ
մանուկի
մը
ճիչը:
Անիկա
ճանչցեր
էր
կնոջ
շալը:
Նազիկը
հո՜ս
եկած
էր:
Նազիկը
ազատա՜ծ
էր
ասպատակը:
Անհուն
եղաւ
անոնց
կատաղութիւնը:
Բոլորն
ալ
իրենց
յուսախաբութեան
մէջ
կը
հայհոյէին
մութին,
որ
կ՛արգիլէր
հետքերէն
օգտուիլ:
Առանց
արտայայտուելու,
անոնք
մեծ
վստահութիւն
ունէին
հետքերու
նպաստին:
Չէ՞
որ
մէկը
կնիկի
ոտք
էր:
Առաջին
շուարումէն
յետոյ,
գործի
անցան:
Իրենց
ընելիքը՝
փախչողներուն
ուղղութիւնը
ճշդելն
էր,
ամէնէն
առաջ:
--
Արապը
ըլլա՜ր:
Հաճի
Գրիգորին
շունն
էր,
որ
իր
ամբարիշտ
հասակին
կը
միացնէր
անվրէպ
հոտառութիւն:
Գայլէ
մը
աւելի
հուժկու,
բարակի
մը
պէս
իմաստուն
էր
ան:
Մէկը
առաջարկեց
իջնել
գեղ
ու
բերել
թանկագին
կենդանին:
--
Ո՛ւր
է,
կը
բուսնի
հիմա,
-
ըսաւ
Հաճի
Գրիգորը,
բայց
մտազբաղ
էր
չափէն
անդին:
Իրաւ
ալ,
խօսքերը
հազիւ
աւարտած,
երեւան
եկաւ
շունը:
--
Շունը
յիշէ՛,
փայտը
քովդ
դիր,
-
իմաստասիրեց
շատ
գիտցուկ
Մաթոսը:
Անոր
հոտուըտալ
տուին
խոտերը,
որոնց
վրայ
նստած
էր
Զաքարը:
Շունը
քանի
մը
քիթ
զարկաւ
աջ
ու
ձախ,
յետոյ
մէջքին
գոյացած
փոսին
մէջ
մխրճեց
դունչը:
Երբ
դուրս
հանեց,
մռլտուք
մը
կախուած
էր
բաց
ակռաներէն:
Պոչը
ոլորեց
ու
ոտքերուն
տուաւ
բացատրիչ
ուղղութիւն:
Հասկցած
էր:
Իր
ետեւէն
ելան
միւսները:
Շունը
կը
թնծկար
ու
կը
հաջէր:
Ան
առաւ
փախչողներուն
հետքը:
Տղայ
մը
մօտեցուց
անոր
քիթին
բզկտուած
շալին
կտորը:
Շունը
կանգ
առաւ
ու
հեծկլտագին
կաղկանձեց:
Սուր
ու
սրտաճմլիկ
լաց
մը
կը
թափէր
ու
կ՛օրօրուէր
անոր
կզակէն:
Հակառակ
ամէն
սրտապնդող
բառերու,
ձեւերու,
անիկա
չքալեց
ու
կու
լար:
Կենդանիին
այս
ընկրկումը
բացատրելի
էր
բոլորին
ալ:
Բացառաբար
ան
կը
սիրէր
Նազիկը
ու
որսի
չելած
օրը
կ՛անցընէր
Հաճի
Ստեփանին
տունը:
Ստիպուեցան
ընդհատել
հետապնդումը:
Պէ՞տք
էր
սպասել
լուսնալուն,
շան
քմահաճոյքին
փոխուելուն:
Տարօրինակը
ան
էր,
որ
շատուորութիւնը
անհոգ
կ՛ընէր
զիրենք:
Ոչ
մէկուն
մտքէն
կ՛անցնէր
ասպատակին
սարսափը:
Արշաւին
նկարագիրը
վերածուեր
էր
խոզի
որսորդութեան
մը
պատկերին:
Մատներովը
կը
համրէին
պակսած
փամփուշտները:
Մախաղնին
վար
առին
ու
լեցուցին
փամփուշտները
պարապ
մատներուն:
Ատկէ
ետքը
հատաւ
իրենց
զբաղումը:
Շունը
լացը
կը
շարունակէր
եւ
ոչ
ոք
կը
զբաղէր
անով:
--
Խէր
է
աս
ալ,
-
աւելցուց
Հաճի
Արթինը,
ան՝
որ
Զաքարին
հետ
եղեր
էր
Ուշագի
ընդհարումներուն:
--
Ինչո՞ւ,
-
փութացին
յանդիմանել
ուրիշներ:
--
Աստծոյ
մատը
կայ:
Տղա՛ք,
երեք
հարիւր
հոգի
միս-մինակը
առջին
փաթթած
է:
--
Մենք
թուրք
չենք:
--
Ատոր
ատտեղը
Աստուած
գիտէ:
Սպասեցէք,
լուսնայ:
Այս
յայտարարութիւնը
թէեւ
անտեղի,
հաճոյ
եկաւ
շատերուն:
Անոր
մահուան
վազողներուն
մէջ
շատերը
կը
յիշէին
զմայլելի
քաջութիւնը
երիտասարդին,
երբ
անհասանելի
արագութեամբ
մը
կրակ
կը
տեղար
դարանակալ
դէտերուն՝
աչք
բանալու
ատեն
իսկ
չձգելով
անոնց
ու
կ՛անցընէր
բեռները
խաղ
ու
խնդումով,
կարծես
հարսանեկան
թափօրի
մը
ետեւէն:
Որոշուեցաւ
պահակ
դնել
սօսիին
տակ,
խճուղիին
բերնին,
աղբիւրին
խրամ
ինկած
կէտը:
Այս
զգուշութիւնները
բնազդական
էին
անոնց
համար:
Շատը
ծխախոտի
մաքսանենգ,
այս
կերպով
կը
հանգչեցնէին
իրենց
բեռները:
Մտան
քարայրը,
որ
նեղ
գալու
չափ
լեցուեցաւ:
Մէկտեղեցին
խանձողները,
թէեւ
պէտք
չկար
ատոր,
քանի
որ
միշտ
քսանի
մօտ
սիկառներ
կ՛այրէին:
Բայց
լոյսը
համ
ունէր:
Խօսեցան
զանազան
տարիներէ
ու
զանազան
որսերէ:
Ոչ
մէկուն
մտքէն
անցաւ
կնիկը,
նշանածը,
կամ
զաւակը:
Պահ
մը
մտմտացին
ձիթենիներուն
կոտորածին,
արդիւնք՝
ձմեռուան
ուժգին
ձիւնին:
Մէկը
փորձեց
հեքիաթ
պատմել,
բայց
մտիկ
չըրին:
Ուրիշ
մը
մեղմ
եղանակեց
կռիւի
հին
երգ
մը,
որ
յուզեց
տղաքը:
Աւելի
ետքը
անոնք
ստիպեցին
տրտում
երիտասարդը,
որ
քանի
մը
բերան
խաղ
ըսէ:
Ըսաւ
անիկա:
Սիրոյ
երգն
էր,
յաւիտենական՝
ու
մօտ
հոդ
նստողներուն
բոլորին:
Ո՜վ
չէ
անցած
անոր
կրակէն:
Բայց
անոր
երգը
կը
գովէր
նոր
ժմնուկ
ասպատակ
մը,
որ
Իզմիրի
կողմերը
կ՛աւերէր
ու
պոռնիկի
մը
գոգը
կը
լեցնէր
կողոպուտին
արդիւնքը:
Ու
ասպատակը
սիրելի
էր
ժողովուրդին,
որ
կ՛օգնէր
անոր
ու
կը
պահէր
զայն
իր
հիւղակներուն
մէջ...:
Քիչ-քիչ
երեւան
եկաւ:
Փաթթուեցան
անոնք
կոճուկներուն
մէջ
ու
քնացան,
պահակներու
յաջորդութիւնը
ապահովելէ
յետոյ:
Դեռ
երկինքը
չաղօտած՝
ոտքի
էին
անոնք:
Լիճին
վրայի
լեռնէն
լուսի
աստղը
կը
կարապետէր
առաւօտը,
որ
կը
սկսէր
բացառիկ
շքեղութեամբ:
Շատ
էր
կրակը
երկինքին
խորերը:
Ու
գաղջ՝
հովը:
Պէտք
էր
շուտով
հեռանալ
այդ
շրջանակէն,
որ
ոստիկաններուն
յաճախադէպ
այցելութեան
ենթակայ
կ՛ըլլար,
քանի
մը
տարիէ
իվեր,
լայն,
զինուորական
շարժումներուն
յարմար
իր
դիրքովը:
Հաճի
Գրիգորը
կանչեց
Արապը:
Երկու
մատով
հինգ
վայրկեան
շոյեց
անոր
գանկը,
հեշտագին
ու
անդուլ:
Անցաւ
մռութին,
զոր
սեղմեց
ցաւցնելու
չափ
ափովը:
Չորս-հինգ
անգամ
արդուկեց
իր
բթամատին
կռնակովը
անոր
ողնասիւնը:
Շունը
քաղցրագին
ու
հլու՝
կը
լզէր
անոր
ոտքերը,
մանաւանդ
ձեռքին
միսերը,
երբ
անցնէին
ասոնք
լեզուին
մօտերէն:
Յետոյ,
նետեց
անոր
բերանը
գինիով
թրջուած
կտոր
մը
հաց:
Ասոնց
զանցառումը
կենդանին
կ՛ընէր
քէնոտ
եւ
անուշադիր:
Շունը
կերաւ
արագ՝
քանի
մը
հեղ
դարձնելով
հացը
կլափին
մէջ:
Յետոյ,
շտկեց
աչքերը:
Իր
ստեւը
ցցուեցաւ:
Պոչը
ծուարեց
իր
քամակին
վրայ:
Անոր
գլուխը
երկար
հաջոց
մը
նետեց
սարին
գագաթը:
Շրջապատողները
երկիւղած
լռութեամբ
կը
հետեւէին
արարողութեան:
Հասկցան
անոր
կախարդական
բարբառը
ու
ինկան
ետեւէն:
Զաքարը
սարէն
վար
իջած
էր:
Անոնք
խելք
խելքի
տուին:
Իրենց
ոտքին
մայրիի
անտառը
կը
խոնարհէր:
Իրենց
կարծիքով
գիշեր
ատեն
որեւէ
մարդկային
ոտք
չէր
կրնար
յանդգնիլ
անկէ
ներս
մխրճուելու:
Մայրիներու
ասեղները
մոմած
դերձանի
մը
պէս
իւղոտ
կ՛ընէին
գետինը
ու
գլորուիլը
անխուսափելի
էր:
Անոնց
դէմ
կը
բարձրանար
անամպ
երկինքին
մէջ
Մենծ-Լերան
հաստամեստը,
որ
այդքան
հեռուէն
միակտուր,
մռայլ
զանգուած
մը
կը
թուէր:
Բայց
կային,
որ
ծանօթ
էին
անոր
թեւերուն:
Իրենց
գիտցածները
իրարու
բերին
ու
շինուեցաւ
ենթադրութիւնը:
Զաքարը
լեռը
անցած
էր:
Մէկէն
տեսան
իրենց
ձեռնարկին
անհուն
դժուարութիւնը:
Հաստամեստը
իր
անթափանց,
երբեք
կացին
չտեսած
անտառներովը
շատ
ընդարձակ
գետին
մը
կը
ներկայացնէր
իրենց
խումբէն
պաշարուելու
համար:
Մէկը
միտք
նետեց
մէջտեղ
--
դառնալ
գեղ,
խոզի
շատ
մեծ
որսորդութիւն
մը
յայտարարել,
հաւաքել
առնուազն
յիսուն
մը
նոր
զինեալներ:
Առաջարկը
մերժուեցաւ
մեծամասնութեան
կողմէ:
Նազիկին
փախուստը
զանգակի
պէս
ձայն
կու
տար
հիմա
գեղին
վրայ:
Ու
պարապ
ձեռքով
տուն
իջնելուն
ամօթը
կը
ճնշէր
հաւասարապէս
բոլորին
ալ
սիրտը:
Անցուցին
շունը
առաջ:
Սարին
հակադիր
զառիթափը
սկսող
աղօտութեան
մէջ
կը
ստանար
ուրուային
հոսում
մը,
որ
կը
շարժէր,
բայց
չէր
յառաջանար.
կը
հոսէր,
բայց
գամուած
կը
մնար:
Անոր
շրթունքին
ճամբան,
միշտ
պահելով
իր
երկիւղը
անտառէն,
կը
զգուշանար
հոն
մտնելէ
ու
դարվարը
մեղմելու
հարկին
տակ
կ՛ընէր
երկար
ոլորքներ,
զորս
պարտաւոր
էին
յարգելու
միւս
լեռնէն
դէպի
գեղ
տախտակ
փոխադրող
գոմշու
սայլերը:
Հետզհետէ
լուսցաւ:
Ճերմակ
ժապաւէն
մըն
էր
ջուրը
ձորակին
մէջ,
ան՝
որ
լիճ
հասնելու
պահուն
կանոնաւոր
վտակ
մը
կ՛ըլլար,
բայց
նոր
փրփուրէ
յօրինուած
աղաղակ
մըն
էր
միայն:
Ու
անդին՝
հաստամեստը:
Փոքր
երիզին
վրայ,
զոր
ջուրը
զետեղած
էր
իր
ափերուն,
մուխի
սիւնակներ,
գմբէթներ,
երբեմն
կապոյտ,
երբեմն
դալուկ՝
կը
հաստատէին
մարդերու
գոյութիւնը:
Տախտակ
հանող
գործաւորներ
էին
անոնք:
Սրտոտ
ու
քաջ
մարդիկ,
անոնք,
այդ
մենութեան
մէջ,
կ՛ապրէին
կիսավայրենի
կեանք
մը:
Իրենց
խրճիթները,
հողէ
տանիքով,
զանազանելի
էին
միայն
իրենց
արձակած
ծուխին
հեռաւորութեամբը,
չափուած
ու
կանոնաւոր:
Ու
քաղցր
էր
այդ
ամայութեան
վրայ
փլչող
ու
շինուող
սա
մուխերուն
մարդկային
խորհուրդը:
Հակառակ
իրենց
բոլոր
փնտռտուքին,
ճամբուն
վրայ
կը
պակսէր
հետքը
կնիկի
մը
կօշիկին:
Շունը
երբեմն
քիթը
կը
մխէր՝
սուր,
բոպիկ
ոտքերուն
կաղապարներուն
մէջը,
զորս
ցեխը
պահեր
էր
անաղարտ,
անձրեւին
բարակ
ըլլալէն:
Կաւախառն
հողը
յստակ
նկարներ
կու
տար
ներբանի,
հինգ
մատներու:
Բայց
անոնց
թիւը
շատ
էր:
Ու
բոպիկ
Նազիկ
մը
անհասկնալի:
Յանկարծ
յիշեցին
երկու
օր
առաջ
գեղէն
հեռացող
գնչուները:
Բայց
դէպի
ո՞ւր:
Ով
գիտէ
ի՜նչ
գողօններով
բեռնաւոր,
անոնք
գացած
ըլլալու
էին
Մենծ-Լեռան
ոտքերը,
հոն
դարմանելու
համար
իրենց
սատկելիք
էշերը:
Տղոց
մէկ
մասը
խոհեմութիւն
համարեց
չհանդիպիլ
տախտակ
հանողներուն:
Աւելորդ
էր
այդ
զգուշութիւնը:
Անոնք
արդէն
տեսած
էին
զիրենք,
իրենց
սրատես
ու
մարդու
կարօտէն
լայնցած
աչքերովը:
Այսպէս
կը
խորհրդածէր
Հաճի
Գրիգորը:
Բացի
ատկէ,
պէտք
չկար
խանգարելու
աւանդութիւնը:
Ամէն
որսական
խումբ
հայ
քրիստոնեայի
պարտք
մը
կը
սեպէր
այցելել
անոնց,
խօսիլ
ու
պատմել
գեղէն,
հոն
անցածէն
ու
դարձածէն:
Կը
պատահէր,
որ
ձիւնի
բռնուած
որսորդները
օրերով
վայելէին
այդ
սրտբաց
ասպնջականութիւնը,
մինչեւ
փոթորիկին
խելօքնալը:
Իրաւ
ալ
ընդունուեցան
ուրախութեամբ
ու
կարօտով:
Հսկայ
ու
փայտի
պէս
կարծր
մարդեր
էին:
Առտու
ըլլալուն՝
դեռ
չէին
սկսած
աշխատանքի:
Խնդացին
անոնց,
տղու
պէս
նայելով
երեսնուն:
Հպարտ
էին
խումբին
անթերի
զրահումէն:
Բոլոր
հիւղակներէն
հաւաքուեցան
ու
շրջապատեցին
որսորդները:
Մէկը
նկատեց,
որ
որսի
զէնքեր
չկային:
--
Մարթին
ը
էվելի
(աւելի)
աղէկ
է,
-
պատասխանեց
ուրիշ
մը:
--
Տահա
կանուխ
է,
-
չկրցաւ
չմտածել
ծերուկ
Բարաղամը,
որ
կարդալ
գիտէր,
օրացոյց
կը
մեկնէր
ու
կը
ճգնէր
երեսուն
տարիէ
ի
վեր
այդ
լերան
մէջ:
Հոն
մեծցած
էին
չորս
տղաքը,
մօրերնուն
մահէն
ետքը,
որ
տեղի
էր
ունեցեր
եղերական
դրուագներու
մէջ,
հիմա
թոռմած
իրենց
սարսափէն
ու
փուշէն:
Ան
իր
կնիկը
խղդած
էր:
Անոր
կարծիքով
ձիւն
չեկած՝
խոզերը
չէին
մաքրուեր:
Իր
վերջին
մտածումը
անիկա
ըսեր
էր
հեղինակութեամբ:
Իրաւունք
տուին
անոր
Հայրապենց
խումբէն
տարեցները:
Բայց
յաջողեցան
արդարացնել
սա
ապաժամ
արշաւանքը:
Երկուշաբթի
կը
սկսէր
ձիթապտուղի
քաղը:
Լման
երկու
ամիս
տեսնալիք
չունէին
լերան
երեսը:
Չէ՞ր
արժեր
սանկ
հեղ
մը
դառնալ
ու
կարօտ
առնել:
--
Մինակ
հաց
չունինք,
-
ըսաւ
Բարաղամը
ուրախ
հեգնութեամբ
մը,
զարնելով
Հայրապենց
տղոց
մախաղներուն,
որոնք
հարուստի
բարձի
պէս
լեցուն
էին:
Գիշերը
կէսին
մէկը
երկու
բեռ
հաց
գացեր
բերեր
էր
գեղէն:
Մորթեցին
ոչխար:
Ամէն
հիւղակ
կը
սպասէր
այդ
անասունին,
առաւելաբար
մորթին
համար,
որ
աղուած,
յետոյ
մաքրուած,
վեց
ամիս
արեւ
ուտելէ
յետոյ
կը
մտնէր
հիւղակ
ու
կը
դրուէր
խոտէ
յատակին,
ժպտուն
ու
գանգուր
բան
մը
աւելցնելով
անոր
ամայութեանը
վրայ:
Խմեցին
օղի:
Յետոյ
գինի:
Առատ
էին
ասոնք:
Ամէն
որսորդ
այգեկութքէն
ետք
բեռ
մը
խմիչք
չէր
մոռնար
հասցնելու
անոնց:
Գլուխները
դարձան:
Արցունքը
եկաւ,
տրտմութեան
եւ
ուրախութեան:
Այս
ամէնէն
յայտնի
կ՛ըլլար
այս
մենակեացներուն
խորունկ
կսկիծը:
Բոլորն
ալ
զգայուն
էին
սիրոյ
երգերուն:
Այրի,
կամ
պատճառով
մը
իրենց
կնիկը
վռնտած
այս
մարդերը
արգահատանք
կը
հրաւիրէին
իրենց
ինքնապատուհասումովը:
Ու
կը
նմանէին
միւսներուն,
լճին
եզերքը
ձուկի
պոչին
կապուած
միւս
խենթերուն,
որոնք
իրենց
երիտասարդութեան
մէկ
տրամը
այդպէս
կը
հետապնդէին
ջուրերուն
մէջ
ու
մեռնելու
միայն
գեղ
կ՛ելլէին:
Անոնցմէ
ոչ
բերան
ցուցմունք
եղաւ
Զաքարին
մասին:
Կ՛անգիտանային
Նազիկն
ալ:
Բաժնուեցան
անոնցմէ
Հայրապենց
տղաքը,
գինով
բայց
կոտրուած:
Յայտնի
էր,
թէ
տղան
բռնած
էր
լերան
միւս
թեւը,
ան՝
որ
Ողիմպոսի
մեծ
կիրճը
կը
հանէ
--
ծխախոտի
մաքսանենգներուն
դասական
ճամբան:
Անոնք
կը
հայհոյէին
իրենք
իրենց:
Կը
հաստատէին
իշութիւնը
իրենց
գլուխներուն:
Օրը
կորսուած
էր:
Մէկ
դառնութեամբ
մտածեց.
--
Ուշագ
իջած
ըլլայ
նէ...
--
Կնիկին
ճիւովը
մարդ
մրջիւնէն
քիչ
կը
քալէ,
-
ըսողն
էր
փորձառու
Հաճի
Գրիգորը:
Եւ
իրաւունք
ունէր
ան:
Ստիպուած
էին
անցնելու
լերան
միւս
թեւը:
Հոս
ճամբան
կը
նիհարնար,
ձգելով
ջուրին
ափը
ու
քանի՛
կը
բարձրանար,
ա՛յնքան
քմահաճ
ու
խեղճ
բանի
մը
կը
վերածուէր:
Քանի
մը
հարիւր
քայլէ
ետք
ան
ջնջուեցաւ
բոլորովին:
Ապառաժներու
բուն
մը
կը
ցցուէր
անոնց
առջին:
Կողմնակի
դարձուածքով
անցան
արգելքը:
Սկսողը
սարահարթի
մը
կը
նմանէր,
բայց
շատ
կարճ
կռնակով
մը:
Անցան
հարթ
տարածութիւնն
ալ:
Ու
սկիզբ
կ՛առնէր
մայրիներու
հոյակապ
արքայութիւն
մը:
Հողը
կը
դառնար
պղնձագոյն
ծածկոց
մը,
առանց
կանանչի
փոքրագոյն
հետքի:
Ծառերէն
հոսած
ասեղներու
անսահմանելի
խաւ
մը
կը
շինէր
խոնաւ
ու
լպրծուն
կապերտը,
որուն
վրայէն
քալելը
դժուար
էր
այնքան,
որքան
սառած
ձիւնի
վրայէն:
Հաճի
Արթինը
հիմա
մտիկ
ըլլուող
առաջնորդը
կը
հանդիսանար
խումբին:
Մինչեւ
կէսօր
անիկա
աշխատեցաւ
գտնել
վաւերական
ճամբան:
Բոլորն
ալ
կը
գանգատէին
ու
կ՛օրհնէին
ձիւնը,
որ
տանելի
բան
մըն
էր
բաղդատմամբ
սա
խարդախ
երեսին:
Օրհարսակին
ոտքի
վրայ
մէյ-մէկ
քիչ
բան
ծամեցին:
Յոգնած
ու
քրտնած
էին
ու
կը
ծաղրէին
առաջնորդը:
Անոնք
ելած
էին
անտառին
կռնակը
ու
իրենց
առջին
կը
գծուէին
զոյգ
արահետներ:
Անոնցմէ
մէկը
կը
մխուէր
աւելի
վեր,
բարձրանալու
համար
լերան
ամէնէն
մատչելի
կիրճը:
Միւսը
կը
ճեղքէր
անտառը
իր
երկայնքով
եւ
կը
յանգէր
Պրուսայի
դաշտին:
Շուարած
էին:
Ոչ
մէկ
հետք
երկուքին
ալ
վրայ:
Շունը
հասաւ
իրենց
օգնութեան:
Անիկա
հարիւր
քայլ
բացէն
եկեր
էր
ճամբան
ու
ետ
կը
դառնար
իրենց,
աղմկոտ
եւ
ուրախ
հաջիւնով
մը:
Երկու
տղայ
յառաջացան
զառիվերը:
Խոնաւ
ու
կակուղ
հողին
վրայ
հետքեր
կային::
Ու
զոյգ
էին
անոնք:
Ու
անոնցմէ
մէկը
մեծ
էր
ու
միւսը
պզտիկ:
Վազեցին
բոլորն
ալ:
Զննեցին
ուշադիր:
Մէկը
կնիկի
կօշիկ
էր:
Փոխանակ
ուրախանալու
նեղուեցան:
Հաճի
Արթինը
բացատրեց
Զաքարին
խելքը:
Անիկա
առանց
անտառէն
հեռանալու
հետեւած
էր
ճամբու
գիծին:
Ու
խաչաձեւման
այս
կէտէն,
առանց
հետք
թողլու
իջած
էր
վերէն
ու
ինկած
մեծ
ճամբան:
Մէկը
հայհոյութեամբ
մը
կտրեց
անոր
տրամաբանութեան
այս
զեղումները:
--
Ձայնդ
կա՛րճ
ըրէ,
-
մրմռաց
Հաճի
Գրիգորը
ու
շունը
կանչեց
իր
քովը:
Անիկա
ուժով
կը
բռնէր
անոր
երախը,
հաջելէ
արգիլելու
համար
զայն:
--
Ինծի՛
նայեցէք,
-
ըսաւ
ան
տղոցը:,
-
ա՛լ
բացուեցէք:
Ասոր
կ՛ըսեն
ճան
պազարի:
Ու
կարգադրեց
քալուածքը:
Ամէնէն
քիչը
իրարմէ
տասնական
քայլ
հեռաւորութեամբ:
Ճամբուն
վրայէն
տասը
տղայ
իրարու
ետեւէն,
քսան
քայլ
միջոցով:
Միւսները՝
բացէն:
Անտառը
այսպէսով
երկու
կողմէն
կ՛իյնար
խուզարկութեան
տակ:
--
Չըսած՝
կրակ
չընէք:
Իր
հրամանին
լրջութիւնը,
շեշտին
կնճիռը
չվրիպեցան
տղոց
ուշադրութենէն:
Ու
այս
տրամադրութիւնը
զարգացաւ
իրենց
ալ
մէջը:
Որքան
ատեն
որ
պարապի
մէջէն
կը
քալէին,
Զաքարը
ատելի
էր
անոնց:
Հիմա
որ
վայրկեաններու
հարց
էր
անոր
սպանումը,
ամէնքն
ալ
տրտմախառն
անախորժութենէ
մը
կը
զգածուէին:
Ոչ
ոք
մտքէն
կ՛անցընէր
սեփական
մահը:
--
Քալեցէ՛ք:
Ու
կարգադրուած
եղանակով
բոլորը
մէկ
ցրուեցան,
մօտէն
սեղմելով
ճամբուն
գիծը:
Առաջինը
ծունկի
վրայ
կը
քալէր
եւ
կը
հաստատէր
հետքերուն
գոյութիւնը,
ձեռքով
նշան
ընելով
ետեւինին,
որ
կը
հաղորդէր
զեկուցումը
աւելի
ետ,
մինչեւ
Հաճի
Գրիգորը:
Ժամ
մը
ամբողջ
քալեցին:
Ոչ
մէկը
ժամացոյց
ունէր:
Բայց
արեւին
չափը
աւելի
ճիշդ
կ՛ըսէր:
Քանի՛
կը
բարձրանային,
անտառը
ա՛յնքան
կը
գունատէր:
Ծառերը
կը
փոքրանային
ու
կը
ցանցառէին:
Կեցան:
Հետքը
հատած
էր:
Քիչ
մը
աւելի
վեր,
ապառաժի
յատակ
մը
կը
մագլցէր
երկրորդ
զառիվեր
մը:
Բայց
ատկէ
առաջ
քովնտի
հարթութիւն
մը,
հրաշքով
շինուած
արտի
մը
պէս:
Զանգուածէն
թաւալած
մեծ
ու
պզտիկ
կտորներ
կեցեր
էին
զանազան
դիրքերով:
Բարակ
խոտ
մը
կը
ծածկէր
գետինը:
Առտուները
շաղը
աւելի
մատնող
էր:
Բայց
էտինքին
մօտ
հովն
ու
արեւը
չորցուցած
էին
շաղը
բոլորովին:
Շունը
հասաւ,
հոտուըտաց
ու
ինկաւ
առաջ
արտին
մէջէն:
Ոչ
ոք
ուշադրութիւն
կ՛ընէր
կրակին:
Անոնք
կը
հետեւէին
շունին:
Յանկարծ,
կարծես
լերան
սրտէն
արձակուեցաւ
առաջին
հրացանը:
Սառեցան
իրենց
քայլափոխումին
մէջ:
--
Գետի՛ն,
-
պոռաց
Հաճի
Գրիգորը:
Ու
ամէնքն
ալ
փռուած
էին,
իրենց
բոլոր
հասակովը:
Կային,
որ
բաց
հողին
վրայ:
Ուրիշներ՝
քարերու
ետին:
Շունը
կը
վազէր,
բայց
կը
վարանէր:
Իր
կաղկանձիւնը
կատաղի
շեշտ
առեր
էր
ու
կը
հրաւիրէր
պառկողները,
զարմանալով
անոնց
այս
ընկրկումէն:
Փոքր
մուխ
մը,
կապուտիկ
շղարշի
մը
պէս,
ուրուացաւ
ապառաժի
մը
կտուցէն:
Խոռոչ
մըն
էր,
մութ
մասով
մը,
որ
սարը
կը
փոսէր,
բայց
վարէն
կը
գոցուէր
մամռապատ
քարով
մը:
Կասկած
չկար:
Զաքարն
էր:
--
Կրա՛կ,
-
պոռաց
Հաճի
Գրիգորը:
Մինչեւ
այս
երկրորդ
հրամանը,
փորձառու
որսորդը
հաշուած
էր
շատ
բան:
Ան
ամէնէն
առաջ
փնտռած
էր
կենդանի
մը,
ձի,
ջորի:
Կը
պակսէր
ատիկա:
Այսքան
հեռու
իր
կեդրոնէն,
ասպատակը
հազիւ
քանի
մը
հարիւր
փամփուշտ
կրնար
տրամադրելի
ունենալ:
Աւելին
մարդկօրէն
կարելի
չէր
կրել:
Ուրեմն,
զինուորներու
մօտ
տեսած
եղանակը
պիտի
գործադրէր:
Կրակելով-կրակելով,
անընդհատ
պիտի
մօտենային:
Շատ
գոհ
էր
անիկա
գետինէն:
Ծիծաղեցաւ
անիկա
Զաքարին
միամտութեանը
վրայ:
Յետոյ,
արդարացուց
երիտասարդը:
Անիկա
կռիւը
ստիպուած
էր
ընդունիլ:
Տղաքը
սկսան
կրակը:
Բոլորին
ուշադրութիւնը
նուիրուած
ըլլալով
հանդերձ
ինքնապաշտպանութեան,
կը
զգային,
որ
գրաւուած
էին
անասելի
հետաքրքրութենէ
մը:
Ամէն
խփող՝
հարուածէն
անմիջապէս
ետք,
մէկ
աչքը
կը
փոքրէր,
նշմարել
կարենալու
համար
Նազիկին
գոնէ
ուրուաստուերը:
Քայլ
առ
քայլ,
բայց
ապահով՝
անոնք
կը
յառաջանային:
Մինչ
այդ՝
տասը
տղայ
բացէն
անցած
էին
ապառաժին
կռնակը:
Անոնք
զոյգ-զոյգ
պիտի
կտրէին
կողմնակի
բոլոր
ելքերը:
Ամրացեր
էին
արդէն
ժայռերու
ետին:
Ու
անոնց
հրացանները,
պարապին
վրայ
բռնուած՝
ապահով
դիրքերէ,
կը
զգետնէին
մինչեւ
անգամ
թեւաւոր
որսերը:
Ու
հրահանգ
ունէին
չկրակելու,
մինչեւ
որ
ասպատակը
չիյնար
իրենց
փողերուն
հասողութեան:
Պաշարումը՝
առատ
մարդերով,
ու
յարձակումը
ճարտար
հանգոյցովը
կը
նմանէր
խոզի
կամ
արջի
դասական
որսերուն,
որոնց
կը
մասնակցէին
մինչեւ
երկու
հարիւր
տղայ
եւ
որոնք
կ՛ընդգրկէին
երբեմն
ամբողջ
երես
մը
լերան:
Բոլոր
ելքերը,
բլուրէն
դուրս,
աջ
ու
ետ,
կը
պահուէին
անխնայ
ու
անվարան
տարափի
մը
տակ,
որ
նպատակ
ունէր
երկվայրկեան
մը
իսկ
հնարաւորութիւն
չտալ
հալածականին
կանոնաւոր
նշան
առնելու:
Հաճի
Գրիգորին
զգուշաւոր
բնազդը
չորս
տղայ
ալ
զատ
ղրկեր
էր
շատ
աւելի
վերերը:
Շղթան,
մանաւանդ
ասանկ
շղթայ
մը
պատռելը
թէեւ
առաջին
հայեացքով
անկարելի,
բայց
հաշուի
առնուելիք
պարագայ
էր
բոլոր
նման
կռիւներու
ու
բացառաբար
Զաքարին
համար:
Պահ
մը
ապաստանէն
կրակը
դադրեցաւ:
Անիկա
կը
հաստատէր
մուխին
պակասը
ժայռին
վրայ,
որ
փսոր-փսոր
բան
մը
կը
մաղէր
շուրջը:
Այն
ատեն
կարծես
կատարուածը
նշանառութեան
փորձ
մըն
էր,
գեղին
մօտը,
ինչպէս
էր
սովորութիւնը
նետել
սիրողներուն:
Անփորձ
երիտասարդ
մը
առաջարկեց
նետուիլ
առաջ:
--
Տեղդ
ծանր,
տղա՛ս:
Կրակին
հետ
շախա
չ՛ըլլար:
Իրաւ
ալ,
խօսքը
բերանն
էր
Հաճիին,
երբ
գնդակ
մը
գտակը
թռցուց
գլխէն
յախուռն
երիտասարդին:
Ու
համազարկը
սաստկացաւ:
Բառը,
հայհոյութիւնը,
բացագանչութիւնը
կ՛ընկերանային
բոմբիւններուն:
Ամէն
զարկի
հետ,
խումբ
մը
տղաք,
որոշ
կարգով
մը
դէպի
առաջ
սողալով
քար
կը
փոխէին,
իրենց
աւելի
ետ
ընկերներուն
կրակովը
պաշտպանուած:
Յետոյ,
հերթը
կու
գար
միւս
խումբին:
Ու
կը
տեւէր
այս
դժբախտ
ու
անհաւասար
կռիւը
ժամէ
մը
իվեր:
Ժամանակի
այս
երկարաձգումը
անոնց
մէջ
կ՛արթնցնէր
տարօրինակ
զգայնութիւններ:
Կարծես
իրենց
մէջ
կը
տկարանար
վայրագ
ատելութիւնը,
որ
զիրենք
կէս
վայրկեանի
մէջ
մարդասպան
կ՛ընէր
գեղին
մէջ:
Յարձակողներէն
ոչ
մէկը
վնասուած
էր:
Միայն
շունը
զարնուեցաւ:
Կենդանիին
սատկիլը
պահ
մը
գրգռեց
անոնց
անասնութիւնը:
Ու
տղայ
մը
քարէն
վերցուցած
գլուխը՝
հայհոյեց
Զաքարին
խատիֆէլի
քրոջը
խատիֆէլի
պատիւին:
Գնդակ
մը
կոտրեց
անոր
ուսը:
Այն
ատեն
հասկցան,
թէ
որո՛ւ
հետ
էր
իրենց
գործը:
Խղճահարութիւն,
գրեթէ
յայտնի
զղջում
մը
կը
պատրաստուէր
անոնց
մէջ
աննման
երիտասարդին
դէմ,
որ
թուրքերու
հետ
իր
կռիւներու
ընթացքին
երբե՛ք
պարապ
չէր
պարպած
իր
մարթին
ը:
Ու
հիմա
կը
խնայէր
«աղբրտանցը
արունին»,
ինչպէս
դիտել
տուաւ
Հաճի
Արթինը:
Արեւը
կը
փայլէր
հանդարտ:
Ու
անոր
մէջ
կ՛ոսկեզօծուէին
մուխի
բարակ
ժանեակները:
Հակառակ
անհուն
իրենց
սպասումին,
անոնք
չկրցան
տեսնել
Նազիկը:
Երբեմն
կը
լռէին
ու
մէջտեղի
տարածութիւնը
անմեղ
գետինի
մը
նման
կը
կենար
չէզոք,
ուր
պիտի
փորձուէիր
յառաջանալ,
գիտնալով
հանդերձ
վտանգը,
բայց
չվախնալով
անկէ:
--
Զաքար,
կ՛օգտէ,
օղլում,
ազատում
չունիս:
Հաճի
Գրիգորն
էր,
որ
մինչեւ
աղիքներուն
խորը
դղրդուած
քաջութեան
այս
տեսարանէն,
մօտիկ
էր
գորովելու
ու
կրակը
դադրեցնելու:
Անիկա
զգացուած
էր
ազնուութեան
այս
դասէն,
որ
մասնաւոր
խորհուրդ
մը
կ՛առնէր
մահուան
սա
շատ
յստակ
րոպէներուն:
Մէկը
համարձակ՝
հայհոյեց:
Անիկա
իր
լրբութեան
մէջ
անկարելի
դարձուց
գութի
ամէն
ձեռնարկ:
Չհասկցաւ,
թէ
ինչո՛ւ
այդպէս,
երդումով
վճռած
էր
տղուն
մահը:
Ամօթահար՝
օգնութեան
կանչեց
ընտանիքին
հանդիսաւոր
երդումը
ու
պատկառանքով
արտասանեց.
--
Հայրապե՛նց
Հայրապետ,
ո՞ղջ
ես:
Նահապետին
այս
ոգեկոչումը
յեղաշրջեց
բոլորին
ալ
տրամադրութիւնը:
Քիչ
առաջ
մեղմ
ու
հաշտալիր,
հիմա
անոնք
թոյնի
գաւաթի
մը
պէս
անգամ
մըն
ալ
կուլ
տուին
նախատինքը,
որ
զարկած
էր
իրենց
գերդաստանը:
Անցան
կանանչ
արեւները
տղոց
որոնք
փողոտուած
էին
Զաքարին
սխալէն
կամ
անճարակութենէն
--
ատոր
ատ
տեղը
Աստուած
միայն
գիտէր:
Ու
զօրացած,
կատղած,
առաջին
խումբը,
առանց
նոյնիսկ
սպասելու
վերջապահներու
համազարկին,
խոյացաւ
առաջ:
Զաքարին
մէկ
հարուածը
դարձեալ
թռցուց
ամէնէն
առաջ
եղողին
գտակը:
Ստիպուեցան
պառկելու:
Ու
կրակը
շարունակուեցաւ
անողոք
ու
յուսահատ
յամառութեամբ
մը...:
Հիմա
բոլորովին
մօտն
էին:
Տասը
քայլ
տարածութիւն
մը
կը
բաժնէր
առաջապահները
քարանձաւէն:
Սեւ,
անշարժ՝
մարթին
ի
մը
փողը
կը
նայէր
քարին
ճեղքէն
ու
չէր
պոռար:
Կը
նշմարուէին
ճերմակ
վէրքերը
իրենց
գնդակներէն
գոյացած,
որոնք
բզիկ-բզիկ
հերկեր
էին
մամռապատ
ժայռը,
ան՝
որ
դրան
մը
պէս
կը
գոցէր
մուտքը:
Անոնք
նորէն
կրակեցին
ու
նորէն
առաջացան:
Երկու
տղայ,
մահը
աչքերնին
առած,
նետուեցան
քարին
տակը,
երկու
ձեռքով
դանակներնին
մոմի
պէս
բարձրացուցած
իրենց
գլուխէն
վեր:
Դադրեցան
բոլոր
հրազէնները:
Ամէն
մարդ
պառկած
էր
ու
կը
սպասէր
հրաշքի
մը:
Մտիկ
ըրին:
Խոռոչին
ներսէն,
հռնդիւն
մը,
յստակ,
կը
ծաւալէր
դէպի
դուրս:
--
Զարնուած
է,
-
պոռացին
ու
խուժեցին
ներս:
Համախմբումը
կատարեալ
էր:
Վայրկեանը
չբոլորած՝
անոնք
զուարթ
ու
զովացած
մտեր
ու
ելեր
էին
քարանձաւին
մէջ:
Նազիկին
դիակը
դուրսն
էր
արդէն:
Պէտք
եղաւ
Հաճի
Գրիգորին
ամբողջ
պատկառանքը,
աւելի՝
սպառնալիքը,
նոյնիսկ
իր
գլուխը
վտանգելու
գնով
կորովի
ընդդիմութիւնը,
որպէսզի
ծրագրուած
նախատինքը
չգործադրուի
Նազիկին
վրայ:
--
Աղբօրս
աղջիկն
է,
-
ըսաւ
ան
յուզուած,
առնելէ
ետքը
անոր
դիակը
տասը
տղոց
դաշոյնէն:
Ու
դրին
զայն
մէկդի:
Նոյն
այդ
միջամտութիւնը
անպէտ
եղաւ
Զաքարին
համար,
որուն
վրայ
ներկաներէն
ոչ
մէկը
կը
խմշէր
դանակ
փորձելու:
Զայն
գտան
պառկած,
փորին
վրայ:
Արիւնը
բաւական
հեռացեր
էր
անոր
մարմինէն
ու
մութցած:
Դարձուցին
կռնակին
վրայ,
երեսը
տեսնելու
համար:
Արծաթ
իր
դաշոյնին
կոթը
երեւաց,
որ
կը
փայլէր
գօտիին
կարմիրէն
դուրս:
Նախ
չհասկցան
ու
նայեցան
իրարու,
կարծես
գտնելու
համար
հեղինակը
ոճիրին:
Բայց
ամէն
ինչ
զգացող
ու
ըմբռնող
Հաճի
Գրիգորը
զգուշութեամբ
քաշեց
դուրս
դաշոյնը,
որուն
շեղբէն
կարմիր
հեղուկը
թեթեւ
մը
խորշոմեցաւ
ու
կաթեց[աւ]:
Արիւնի
սեւ
ու
թանձր
ժայթք
մը
հետեւած
էր
գործիքին:
Հաճին
արագութեամբ
կտրեց
գօտիին
փաթերը,
գտաւ
շապիկը,
զոր
պատռեց
միշտ
իր
դանակին
սայրովը
ու
հասաւ
վէրքին:
Հակառակ
ճապաղիքին,
բացուածքը
նեղ
էր
ու
փոքր:
Ու
դժուար
էր
փոքր
այդ
ծակէն
հասկնալ
հսկայ
երիտասարդին
այս
տապալումը:
Վարժուած
մեծ
փողոտումներու,
լխպիկ-լխպիկ
շերտուած
միսերու
ու
ծաւալուն
ներկուածքին
՝
անոնք
չէին
հաւատար
այս
ուշակորոյս
պառկուածքին:
Հաճին
հանեց
իր
թաշկինակը,
վրան
պարպեց
ծխատուփին
ամբողջ
պարունակութիւնը,
նրբալար
ու
ոսկեզօծ.
վրան՝
կոտոշի
մէջ
պահուած
թանկագին
հեղուկ
մը
ու,
այսպէս
օծուն՝
լաթը
մխեց
ցուցամատով
վէրքն
ի
վար,
կրցածին
չափ
խոր:
Տղան
չզգաց:
Ոչ
իսկ
պրկում
մը՝
կնճռելու
համար
անոր
ճակտին
գեղեցիկ
ու
արու
փայլը:
Հաճին
տրտմեցաւ:
Անիկա
կը
սպասէր
զգայութեանց
փոքր
մէկ
ստուերին
իսկ:
Ու
մտածեց
աշխարհին:
Իր
փորձառութիւնը
թելադրած
էր
իրեն
այս
կանխահոգ
միջոցները
ու
ահա
բախտը
կ՛ուզէր
ուրիշ
կերպ:
Զաքարին
մարմինը
չէր
պաղած:
Դարձեալ
մտիկ
ըրին
սիրտը:
Կը
զարնէր:
Աչքերը
գոց
էին
սակայն
ու
այտերը
տժգոյն:
Բայց
աղուորցած
էր
իր
լայն
ու
շնորհալի
ճակատը,
թեթեւ
մը
գունատ:
Ամէն
եկող
կը
տպաւորուէր
տեսիլքէն:
Ասպատակը
Հաճիին
հետ
իր
բախումէն
ասդին
բարձրացած
էր
հերոսական
համբաւի:
(Անոր
այս
համբաւը
պիտի
արժեւորուէր
մեծ
բախումներու
մէջ
տարի
մը
ետքը,
երբ
իր
խումբին
հետ
անիկա
կռուեցաւ
զօրքերու
դէմ,
այս
անգամ
յեղափոխական
դրօշով):
Ու
ամէն
եկող
գրեթէ
կը
մերկանար
անոր
դէմ
քիչ
առաջուան
իր
ատելութենէն:
Կը
ծռէին
վրան,
աչքերը
դիտելու
քաղցր
ցանկութեամբ
մը:
Ու
անոր
ողջ
մնալուն
յոյսը
թէեւ
չարտայայտուած,
կը
պտտէր
սիրտէ
սիրտ:
Դարձան
Նազիկին,
որ
մեռած
էր:
Յօնքին
վերեւէն,
գիծ
մը,
նման
անոր,
որ
Նազիկը
տեսեր
էր
իր
զարմանալի
երազին
մէջ
երէկ
գիշեր,
կը
շինէր
արիւնէ
ուրիշ
յօնք
մը,
վարինին
կաղապարովը,
կրկնելով
անոր
կորագիծը,
մնալով
իր
ծայրերուն
վրայ
նոյն
սրութեամբ
ու
կեդրոնին
մէջ
նոյն
խենթացնող
աղեղով,
որուն
այդ
կէտէն
գնդակը
մտած
ըլլալու
էր,
քանի
որ
ճարմանդի
նման
բան
մը
հոդ
կը
կապէր
երկու
կիսաղեղները:
Փնտռեցին
անոր
ալ
վէրքը,
վերցնելով
գլուխը:
Գանկէն
կտոր
մը
թռած
էր
ու
արիւնը
ուղեղին
հետ
պաղած՝
կպչուն
կ՛ընէր
իր
մազերը,
ծիրանի
ու
մութ
պայծառութիւն
մը
հիւսելով
անոնց
ոսկի
լարերուն:
Ոչ
մէկ
փորձ՝
խցելու
այդ
պատռուածքը:
Մահը
վայրկենական
[եղած]
ըլլալու
էր:
Պառկեցուցին
քարայրէն
դուրս,
կռնակին
վրայ:
Այնքան
իրաւ
էր
հոդ
այդ
մեռելը,
որ
չէին
կրնար
հաւատալ:
Բնական
իր
դեղնութիւնը՝
դեռ
ջերմ,
կը
շփոթուէր
այն
դեղինին
հետ,
որ
մահէն
ետք
կը
սկսի,
արկածահար
մարմիններու
վրայ
ու
ժամերով
կը
դիմանայ,
մինչեւ
փտութեան
կապտաւուն
փայլակումը
դիակին
վրայ:
Կարծես
թէ
մտած
էր
քնանալու:
Բայց
ահաւոր
ու
եղերական
էր
անոր
գեղեցկութիւնը:
Անոր
այդ
դիրքին
մէջ
նայող
մը
կրնար
դիւրութեամբ
ըմբռնել
անոր
ճակատագիրը
ու
թափած
արիւնները:
Կակուղցան
զայն
ատողները
այդ
արժանավայել
անզգածութեան
դիմաց:
Ու
թէեւ
դժուար,
բայց
եկաւ
վերջապէս
կարեկցութիւնը,
այն
մարդկային
լինելութիւնը,
որ
ոճրագործին
մօտ
խղճի
խայթը
կ՛ըլլայ
ու
գեղացիներուն
մօտ՝
փղձկումը,
լալահառաչ
ու
խոշոր
գովքը:
Ու
տրտում
երիտասարդը
անցաւ
անոր
սնարը:
Ծռեցաւ
իր
ծունկերուն
վրայ,
տեղաւորեց
պլուզին
պատռուածքը,
որ
նայուածքին
մուտք
կու
տար
դէպի
անոր
ծոցը:
Ու
անիկա
կու
լար
կնիկի
մը
պէս:
Յետոյ
զգաց
անտեղութիւնը:
Զսպեց
իր
կուրծքին
հեծկլտուքը
ու
մեղմացուց
հոսումը
իր
աչքերուն:
Այսպէս
զուսպ
ու
սրտանց՝
լացը
անցաւ
միւսներուն:
Գովքը՝
թէեւ
յատկացուած
կիներուն,
երբեմն
կը
փորձուի
անուշ
ձայնով
այրերու
կողմէ:
Կռիւէն
հազիւ
շունչ
առած
այս
տղաքը
սիրտ
չունէին
պաշտօնական
ու
պարտադիր
լացին
համար:
Ամէնքն
ալ
մտիկ
կ՛ընէին
իրենց
սիրտը
ու
կ՛ոգէին
յիշատակները,
պահերը,
որոնց
մէջ
պառկողը
իրենց
պէս
եղեր
էր
ոտքի,
ապրող
ու
տառապող:
Մէկը
կարծեց
լսել
իր
հոգիին
տունէն.
«Սիրեմ,
Նազի՜կ,
ընքուընիդ
Արուն-արցունքէն
քաշած...
»
յանկերգը,
եղանակին
անփոփոխ,
տարփալից
ջերմութեամբ,
բայց
վայրկեանին
ահաւոր
կսկիծներովը:
Ու
իրեն
այնպէս
եկաւ,
որ
բոլորն
ալ
լսելու
էին
այդ
զոյգ
մը
տողը,
զոր
կը
պոռար
ճակատագրին
գալարափողը
մարդոց
սրտին
անդունդներէն:
Տրտում
երիտասարդը
առաջարկեց
գեղ
տանիլ
դիակը:
Ընդդիմացան:
Գլխահակ,
արցունքները
զսպելու
անկարող,
Հաճի
Գրիգորը
իր
դանակովը
փոս
մը
սկսաւ:
Բոլորին
ալ
օգնութեամբը
արդէն
պատրաստ
էր
հողքը:
Դրին
մէջը:
Գոցեցին
հողը
ու
կեցան:
--
Հանգչեցո՛ւր,
-
ըսաւ
քիթը
բռնելէ
Հայրապենց
Հաճի
Գրիգորը
ու
խաչ
հանեց
երեսին:
Շրջապատողները
կրկնեցին
շարժումը:
Ու
աղօթեցին
անոր
հոգիին
համար:
Կը
մնար
Զաքարը:
Ամբողջ
գեղը
գիտէր
Հաճի
Անդրանիկին
յանձնառութիւնը:
Հակառակ
կրկնակի
ստիպումներուն,
Հաճի
Գրիգորը
զանց
ըրաւ
իր
եղբօրը
հրահանգը:
Անիկա
չէր
կրնար
իր
ձեռքովը
թուրքերուն
յանձնել
այսքան
արիասիրտ
երիտասարդ
մը:
Անոնք
խորհրդակցեցան:
Ու
որոշումն
էր
պահ
դնել
վիրաւորը
տախտակ
հանողներուն
մօտ:
Աստուած
կ՛ընէր
իր
ուզածը:
Իրենց
ձեռքերը
պէտք
էր
անպարտ
մնային
անոր
արիւնէն:
Շալկեցին:
Բայց
զգացին,
որ
դժուար
էր
առանց
նեղելու,
մարմինը
իջեցնել
այդքան
վարերը:
Կտրեցին
նորատունկ
չորս
կաղնի:
Պատրաստեցին
անոնց
բունէն
գերաններ:
Հիւսեցին
ատոնք
կակուղ
ճիւղերով:
Պառկեցուցին
մէջը
նուաղած
երիտասարդը
ու
գիշերուան
մօտ
իջեցուցին
Բարաղամին
հիւղակը:
Լեռնականը
ապահով
խորշ
մը
փոխադրել
տուաւ
վիրաւորը:
Ծառի
մը
խոռոչին
մէջ
փոքր
սենեակ
մը,
բոլորովին
պատուած
մացառներով:
Սենեակը
յարդարուած
էր:
Յայտնի
էր,
թէ
ան
ծառայած
էր
շատ
մը
նման
վիրաւորներու:
Բարաղամին
բառերուն
մէջ
յոյս
կար:
Բայց
իր
վերջին
բառերն
էին,
տղաքը
ճամբելէ
առաջ՝
--
Էլմաս
ի
պէս
սիրտ
է
ասորը:
Ինքզինքը
սպաններ
է՝
ձեզ
չսպաննելու
համար:
Ու
պատահարը
թաղուեցաւ
առժամեայ
լռութեան
մը
ծոցը:
Նազիկը
գեղին
համար
մեռած
էր:
Անոր
դիակը
իբր
թէ
բերած
թաղած
էին
գիշերօք
«աղու
ուտողներու»
(թոյն
առնողներու)
թաւուտքին
մէջ,
որ
բուն
գերեզմանէն
դուրս
էր:
Իրականութիւն
էր,
որ
հոդ
թարմ
հողակոյտի
մը
ուրուաձեւը
սեւցաւ
ու
թացցաւ
պատահարէն
քանի
մը
օր
ետք:
Ու
իրողութիւն
էր,
որ
հոն
տեսնուեցաւ
յաճախ
տրտում
երիտասարդը,
ան՝
որ
խենթանար
պիտի
ու
մեռնէր
շաբաթ
մը
վերջը՝
Նազիկին
անունը
ունենալով
շրթունքին:
Ու
այս
մահէն
առաջ,
ըսուեցան
բաներ
տրտում
երիտասարդին
վրայ,
որոնք
չեն
գրուիր:
Ան
մեռած
էր
թոյն
ուտողներու
թաւուտքին
մէջ,
նոր
ուրուացած
հողքի
մը
վրայ:
Կիսամերկ
էր
ան
մէջքէն
վար
ու
աղտոտ: