Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԱՊԱԳԱՆ
      
       Քիչ արուեստագէտներ այնքան պայծառ խօսքեր պիտի ընէին վաղուան արուեստի մասին, որքան կ’ընէ Ժան Ֆրանսուա Ռաֆայէլի, ընկերային նկարիչը։ Արուեստագէտը կը խոստովանի թէ ներկայ ընկերութիւնը երկունքի մէջ է, թէ մեծ յեղափոխութիւն մը կը պատրաստուի։ Այս ընդհանուր յեղաշրջութեան մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ գեղարուեստի ապագան։ Պ. Ռաֆայէլիի պատասխանը պարզ է.
       Ժողովուրդներու պատմութիւնը ուրիշ բան չէ եղած եթէ ոչ պատմութիւնը մարդուն, որ կը ձգտի ա՛լ աւելի ֆիզիքական եւ բարոյական ազատութեան տիրանալ։ Մենք կատարեալ յառաջդիմութեան մէջ ենք քանի որ ա՛լ աւելի ազատութեան կը հասնինք։ Մեծ յեղափոխութիւն մը տեղի կ’ունենայ։ Դաւանութիւնները, օրէնքները, ընկերութիւնները խախտած են։ Եւ կարծես կ’անգիտանանք թէ դէպի ո՛ւր կը դիմենք։ Եթէ կ’ուզէք՝ մէկ բառի մէջ ամփոփեմ նոր ձգտումները։ Պիտի ըսեմ թէ անցեալին բոլոր հաստատութիւնները կրօն, միապետութիւն, բարոյական ընտանիքին վրայ հիմնուած էին, իսկ ապագային՝ հիմնուած պիտի ըլլան անհատին վրայ։ Մեր նախահայրերը ամէն բան ըրին բարձրացնելու ընտանիքի գաղափարը՝ յօգուտ այդ ընտանիքի իւրաքանչիւր անհատին, իսկ մենք ամէն բան կ’ընենք անհատը բարձրացնելու համար յօգուտ ամէնուն։ Հերոսապաշտութեան վերստեղծիչը, որ փառաւորման հերոսութեան կը յանկուցանէ մարդիկը, Օկիւսթ Քոնթն է որուն վրայ չեն խօսիր այլեւս։ Նիցչէ եկաւ եւ արուեստը նկատեց իբրեւ արդարացումը տիեզերքին։ Ան ընկերային բարոյական մը հնարեց եւ զայն դրաւ կենսական Կորովին ուժեղ մշակութեանը մէջ։ Բայց այս բոլորը անհատին պաշտումն է։ Մեր նախահայրերը ընկերային հիանալի ներդաշնակութեան մը հասան քրիստոնէական ընտանիքով, որ տեսակ մը նսեմացում, եւ անհատին հրաժարումը կը նշանակէր լռելեայն։ Մենք կը ձգտինք ընկերային բարոյականի մը՝ հիմնուած անհատին վրայ, զոր կ’երազենք հետզհետէ աւելի գեղեցիկ։ Ի՞նչ պիտի ըլլան արուեստները այս նոր ընկերութեան մէջ, որ յամրաբար կը շինուի անցեալի փառաւոր շէնքերու աւերակներուն վրայ։ Ըսինք թէ միապետական գաղափարները տեղի կուտան ամէն կողմ, համաշխարհային ժողովրդապետութեան գլուխը կը գտնուի Ֆրանսա, եւ արքայականութիւնը այլեւս միայն անունով գոյութիւն ունի խորհրդարանական կազմին հետ, որ կը կրծէ անոր արմատները։ Ընդհանուր քուէարկութիւնը` իւրաքանչիւրին միտքն է, որ իր ճիգը կ’աւելցնէ ամէնուն մտքին։ Ժողովուրդ արքան եւ այստեղ պէտք է հաշուել բոլոր անհատները կ’ուզէ կրթել ինքզինքը, զարգանալ, աճիլ իմացականութեամբ, գեղեցկութեան բարձրանալ, ան մեզի կուգայ եւ կը խնդրէ կրթել զինքը։
       Միւս կողմէ ո՛չ նուազ կարեւոր տնտեսական յեղափոխւթիւն մը տեղի կ’ունենայ իբրեւ հետեւանք մեքենաներու հնարման, որ կը ջնջէ ձեռագործ աշխատութեան մեծագոյն մասը։ Հաստատուած է թէ այսօր նկատողութեան առնելով հնարուած մեքենաները եթէ աշխատութիւնը լաւ կազմակերպուի, մարդ երեք ժամ միայն պիտի աշխատի իրեն ինկած գործը կատարելու համար։ Ահա՛ թէ ինչու գործաւորները կը պահանջեն կրճատել աշխատութեան ժամերը. որով իրենց բոլոր ընկերները գործ պիտի կրնան գտնել։ Եւ դարձեալ միեւնոյն աշխատավարձքը կը պահանջեն քանի որ միայն անով պիտի կրնան պատշաճ ապրիլ։ Եւ պիտի տեսնենք, որ այս պահանջները պիտի կրկնուին անդադար ո՛րքան մեքենաները յաջորդեն բազուկներուն։
       Լաւ ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէ ժողովուրդը, որ ջերմապէս կը բաղձայ կրթուիլ եւ աճիլ ֆիզիքական եւ բարոյական գեղեցկութեամբ։ Ժողովուրդը բոլոր անհատները ըսել կ’ուզեմ ազատութեան ժամերուն անձնատուր պիտի ըլլայ մտքի եւ մարմնի մարզանքներու, պիտի ուսումնասիրէ բոլոր արուեստները, գեղեցկութեամբ աճելու համար, գիտութիւնները՝ իմացականութեամբ աճելու համար, եւ բոլոր ֆիզիքական մարզանքները՝ ուժի եւ առողջութեան մէջ աճելու համար։
       Արդէն կ’ապշինք տեսնելով, որ ազատական ասպարէզները կ’ողողուին, արուեստագէտներ կը կազմուին հազարներով, բայց պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ արուեստագէտներուն թիւը, - մի՛այն անոնց վրայ խօսելով դեռ շատ պիտի աւելնայ, մինչեւ այն օրը երբ պիտի հասկնանք թէ արուեստի վարժութիւնը պէտք է հասարակաց ըլլայ ամէնուն, իբրեւ մարզանք մտքի, աչքերուն, ձեռքին, կարողութեան, դիտողութեան, բայց այդ վարժութիւններուն արդիւնքը որեւէ վաճառելի արժէք մը պիտի չունենայ։ Եւ ինչպէս էր քիչ առաջ, պիտի ընդունուի թէ արուեստի ասպարէզը ամէնէն դժուարինն է եւ միայն խիստ հազուագիւտ մտքերու պէտք է իյնայ, այն միտքերուն որոնք բնականէն միաժամանակ օժտուած են լայն, պարզ եւ վէս տեսողութեամբ մը, - միակ միտքերը որոնց գաղափարները եւ գործերը արժէք ունին մեզի համար։
       Այսպէս ուրեմն, ապագային բոլոր մարդիկ պիտի մշակեն արուեստները, գիտութիւնները, իբրեւ մտքի մարզանքներ, սակայն այս կերպով արտադրուած գործերը որեւէ արժէք պիտի չունենան։ Եւ ինչպէս եղած է ամէն ժամանակ, միայն քանի մը խիստ հազուագիւտ արուեստագէտներ պիտի գտնուին որոնց գործերը կարեւորութիւն եւ արժէք պիտի ունենան։
      
       «Ազդակ», 1909 Օգոստ.