Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՆԿՈԽ ԳԵՏԻՆ
      
       Տեսակ մը մտալլկումով, ամէն անգամ, որ կը յուզուի մեր գրական վերածնունդի հարցը, ուշադրութիւնս կը յածի ռուս նոր գրականութեան սկզբնական փորձերուն։ Երկունքը՝ որով կը սարսըռար վաթսունական թուականներու ռոսւ գրական սերունդը, իրապէս կոչուած էր դարաշրջան մը կազմելու։ Կեանքը կը փոթորկէր, մարդիկ երկիւղական զմայլումով մը, շնչատ ու անձկայրեաց կը հեգէին կատարուած վերիվայրումներուն պատմութիւնը. մտաւորականութիւն մը՝ արդէն պատրաստուած՝ անհամբեր ընդ առաջ կ’երթար իր կոչումին։ Դաւանանքները կը ճշդուէին, հանգանակներ կը կազմուէին ու շուտով կ’որդեգրուէին աննենգ խանդավառութեամբ։ Արդէն գծած շաւիղը ուրկէ պիտի ընթանար, այդ մտաւորականութիւնը՝ առոյգ ուղեղով եւ վճիտ խղճմտանքով, գերագոյն արբեցողութեամբ կը նուիրուէր տաժանագին առաքելութեան նոյնանալ վիթխարի զանգուածին հետ որ Ժողովուրդն էր, որ Գիւղացին էր, խորասուզուիլ անոր ալքերուն մէջ, լեզու եւ կեանք տալ Մեծ Համրին, որ կը ծփար իր շուրջը, բարձրաղաղակ հռչակել ցաւերն ու ձգտումները, որ կը դալարէին զայն, Գիւղացին, անթեղել կայծերը, որ կը նիրհէին դարերու խաւարին մէջ։
       Եւ աւանդութիւնները զորս սերմանած էին Կոկոլն ու իր դպրոցը, արտադրեցին սերունդը որուն պէտք ունէր Ռուսիա, որուն պէտք ունի իւրաքանչիւր ազգ, որ իր վերածնութեան սաղմը կ’ուզէ բեղնաւորել։
       Գիւղացին ամէն բան էր։ Ու ամէն մէկ վերանորոգում, նոյնիսկ արուեստի մէջ, անով պիտի սկսէր։ Ան ցեղին հոգին է, ան Ցեղն իսկ էր իր բովանդակ էութեամբ։ Արուեստագէտը չէր կրնար երեւակայել աւելի անարգ սրբապղծութիւն քան այն՝ երբ քաշուած փղոսկրէ աշտարակի մենութեան մէջ, կը զբօսնուր աղանդաւոր քմայքներով, ու կը թողուր այդ հսկայ Մարդկութիւնը իր տառապանքներուն եւ ուրախութիւններուն հետ առանձին։ Եւ ահա Չեխովն է, որ դաժան եւ անողորմ իր խուզարկու հայեացքը կ’ուղղէ գիւղական խոնարհ իսպաներու լուսամուտներէն ներս մանրաքնին վիրահատ նրբախղճութեամբ կ’ախտազննէ իւրաքանչիւր երեւոյթ, եւ բառերը զորս կը ստորագրէ թաթաւուած են իր խուզարկած կեանքին տենդերովը ինչպէս գարշահոտութիւններովը։ Ու ահա Կորքին է, ըմբոստ եւ վայրագ։
      
       *
       Թռուցիկ ակնարկ մը նետելով ռուս նոր գրականութեան երկունքի օրերուն վրայ, նպատակ ունէի, առաւելապէս շեշտել ինչ որ անոր բնորոշ եւ համակրելի գիծերը կը կազմեն, - Գրականութիւն մը՝ որ իր նախափորձերուն մէջ իսկ, որ իր տհաս ու զաղփաղփուն գոյութեան շրջանին իսկ, կը ձգտի ըլլալ ամէն բանէ առաջ, արտայայտութիւնը իր միջավայրին, համայնանկարը՝ ցեղին բիւրերանգ յոյզերուն անոր տենչերուն եւ տառապանքներուն, անոր ձգտումներուն եւ թարթափումներուն, անոր փոքրոգութիւններուն, ինչպէս քստմնելի առաքինութիւններուն։ Անոր մէկ մանրանկարը կը ներկայացնէ մերօրեայ լեհ գրականութիւնը, վճիտ ու հետզհետէ թօթափած՝ սկզբնական օրերու աղանդաւորութիւնը, հետզհետէ աւելի գիտակցութեամբ հետապնդելով Կեանքի եւ Արուեստի անքակտելի դաշնաւորումը։
       Ու թրքահայ նոր գրականութեան համար, որ ի լինելութիւն է հակառակ բոլոր յաւակնութիւններուն, անկասկած հրամայական պարտականութիւն մըն է իր թելադրութիւնները ստանալ նմանօրինակ աղբիւրներէ, հետազօտել եւ ուսումնասիրել գրական մարզանքները իր անմիջական եւ յառաջադէմ հարեւաններուն, բայց ոչ թէ զանոնք ստրկօրէն նմանագործելու համար, այլ նկատելով իբրեւ կայծեր իր տատանումներուն մէջ, իբրեւ ոգեւորութեան եւ կազդուրման հանգրուաններ՝ իր վարանքի պահերուն։
       Այդ գրականութեան ոգի ն է, որ կարեւոր է մեզի համար։ Եւ այդ ոգիով թաթաւուն երիտասարդ գրականութիւն մը ի հարկէ լաւագոյն նախանշանն է գալիք օրերու համար։
      
       *
       Ու այնուհետեւ բայց ահա Անկոխ Գետինը, ուր կ’ուզէինք կանգ առնել։
       Մեր գրականութիւնը, գէթ այն, որ մշակուած է թրքահայ մտաւորականութեան կողմէ, եղած է առաւելապէս դասակարգային։ Այս բացատրութիւնը կը գործածեմ առանց բացարձակ ճշգրտականութեան, բայց եւ առանց տարակոյսի, բնորոշելու համար երեւոյթ մը, որ կը թուագրի շատ հին շրջաններէ։ Դպիրներու եւ հոգեւորականներու մատենագրութենէ մը վերջ որ ի հարկէ պիտի յածէր որոշ եւ ընտրեալ շրջանակի մը շուրջ, տոհմիկներու եւ քաղաքացիներ ու միականի գրականութենէ մը վերջ, որուն տժգոյն շառաւիղներն են, որ գլխաւորաբար վառ կը պահեն մերօրեայ գրական բագինը, - այլեւս աղաղակող պահանջ մը դարձած է բուն ազգային գրականութիւնը, փոխ առնելով իրենց այնքան ծիծաղելի դարձուցած բառը։ - Գրականութիւն մը՝ որ ընդգրկէր հայ ժողովուրդին բոլոր դասակարգերը ու մանաւանդ անոր մեծագոյն զանգուածը, գիւղացի ն, աշխատաւորը, բուն ազգը՝ իր ալեկոծումներով, եւ իր մտերմիկ յոյզերով, իր տենդերով ու գալարումներով, իր յոյսերով ու յուսավրիպումներով, իր երկիւղած համակերպութեամբ եւ զարհուրելի ճակատագրապաշտութեամբ։
       Մեր մէջ քիչեր փորձեր են բեմ հանել հայ Գիւղացին, քիչեր զիջանած են՝ որ այդ արհամարհուած այլ միշտ հաւատալից տարրը, այդ խոնարհ վաստակաւորներու բազմութիւնը թարգմանէ իր ներքին աշխարհը, արտայայտուի իր ամբողջ էութեամբ։ Ընդհանրապէս գիւղացիներու խօսք է եղած ամէն անգամ որ գրագէտներ ուզած են հետաքրքիր պատկեր մը ներկայացնել, օտար, կարծես մեր գոյութենէն անջատուած աշխարհ մը ուրուագծել. բայց մանաւանդ եղած են աւելի դիպագրութիւններ (նարրասիոն) տաղտկալի եւ մակերեւութային նկարագրութիւններ, զուրկ կեանքէ եւ արուեստէ։ Բաղդատաբար նոր շրջանի փորձ է՝ Գիւղացին առնել իբրեւ տիպար, իբրեւ ամբողջութիւն մը ինքն իր մէջ, որ ունի իր ուրոյն կեանքը՝ շատ աւելի բարդ եւ խոր քան որչափ կը կարծուի, շատ աւելի յորդ եւ խայտաբղէտ քան որչափ կրցած են երեւակայել թաւշապատ թիկնաթոռներէ։ Եւ գոց եղած խօսքի մը տպաւորութիւնը պիտի ընէր՝ ըսել թէ Գիւղացին ցեղն իսկ է ու հետեւաբար ինչքան լայն ու ինչքան խոր արտայայտուի ան, նոյն աստիճանով ներկայացուած, թարգմանուած պիտի ըլլայ ցեղն ինքը՝ իր խորհուրդներուն եւ մտերմութիւններուն մէջ։
       Ու դեռ չըսի թէ՝ որպէսզի պատկերն ըլլար հարազատ ու բնական, մանաւանդ համապատասխան արուեստի իսկական պահանջներուն, գրագէտը որ պիտի խիզախէր այդ առաքելութեան, գիւղ ին բեմադրութեան, պիտի ղեկավարուէր գերազանցօրէն առարկայական տեսութեամբ, դէմքերը եւ դէպքերը ներկայացնելով այնպէս ինչպէս որ են իրականութեան մէջ, կեանքի մէջ։ Բռնազբօսիկ կաղապարումներ, մկրատի կտրատումներ կամ քմածին ընդլայնումներ՝ երբ մանաւանդ չեն բխիր արուեստի լուրջ հասկացողութենէ, առնուազն ծիծաղելի են, եւ իբրեւ բարացուցական գործ վստահութեան անարժան կը դարձնեն ո՛ր եւ է արտադրութիւն։ Այս պարագային ալ եթէ քմայքը, տիլեթանթիզմն է որ պիտի ղեկավարեն տրամադրութիւնները, ձեռնարկուած աշխատանքը անպայման դատապարտուած է ամլութեան։ Ու եթէ, տակաւին գրագէտը, որ կը յաւակնի այդ Սփինքսը հայ Գիւղացին ներկայացնել, անոր վրայ պիտի նայի իբրեւ արգահատանքի արժանի զանգուած մը, իբրեւ ստրուկներու բազմութեան մը, որ պատահաբար իր բարեհաճ ուշադրութեանը կ’արժանանայ, -ինչպէս եղած է կանոնը՝ իր բացառութիւններով հանդերձ - արդէն աւելորդ զոհողութիւն մըն է, որ կը ստանձնէ ազնուաբար…։
       Այդ անկոխ գետինը, - Գիւղը՝ իր հիւղակներով ու դաշտերով, իր գետնափոր բնակարաններով ինչպէս իր կէս-ազնուական տուներով, իր սարերով ու գահաւանդներով պատմութիւնն իսկ է մեր պայքարներուն եւ անկումներուն, մեր սէրերուն եւ ատելութիւններուն, մեր հաւատքին, ինչպէս դասալքութեան։ Հօտաղը, մշակը, մաճկալն ու ռեսը, քահանան գիւղի տէրտէրը եւ կինը, հայ գիւղացի կինը ահա Խաւարակուռ Ափրիկէն հայ գրականութեան համար։
       Եւ ի՞նչ աւելի հրամայական քայլ գրական վերածնութեան համար, քան խուզարկումը այդ վիթխարի Խաւարին ու Խորհուրդին։ Եւ ո՞վ աւելի ընդունակ պիտի ըլլար՝ կարմիր լապտերը ձեռքը՝ ման գալու այդ անդնդային բաւիղներուն մէջ քան նոր սերունդը, եւ բոլոր անոնք, որ վաղուան գրականութեան հնհնուքովը կը հեւան։
      
       «Ազատամարտ», 1910 Սեպտ.