Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ
      
       Ի՛նչքան ալ բարեհաճ տրամադրութիւններով ուզենք դիտել վերջին երկու տարուան գրական շարժումը եթէ իրապէս այդ տեսակ բան մը գոյութիւն ունի պիտի խոստովանինք, նոյնիսկ հակառակ մեր կամքին, չափազանց մորմոքալի երեւոյթ մը։ - Գրական-գեղարուեստական արտադրութեան սաղմը՝ փոխանակ ներուժ ու լիալիր բեղնաւորութեամբ կենսաւորուելու, աճելու, ընդհակառակն կը մատնէ մեռելածին գոյութիւն մը։ Երկունք չկայ, - թերեւս կարելի ըլլար առանց խղճահարութեան դիտել տալ թէ չկայ եւ աւետաբեր նշանը՝ վաղուան համար։
       Հրատարակութիւններ, ի հարկէ եղան, ու դեռ կրնան ըլլալ։ Բայց նոյնիսկ այդ կէս մխիթարական իրողութիւնը պայծառօրէն երեւան կը հանէ թշուառ ու անփառունակ պարագայ մը։ Հրատարակութիւններու պատկառելի մէկ մասը գոնէ անոնք որ իսկապէս գրական արժէք ունին արտատպումներ են, գործերը շրջանի մը ուր տպագրական տառն իսկ կը դողդողար համասփիւռ սարսափէն։ Միւս մասը բայց ի՜նչքան միամտութիւն պիտի ըլլար զանոնք յիշելն իսկ, - իբրեւ իրապէս անտիպ եւ թարմ մելանով, վերջին երկու տարուան ընթացքին ունեցանք առաւելապէս բանաստեղծութիւններ, - գոնէ ինչպէս կը սիրեն կոչել անոնք, բիւրագունակ երամը արհեստաւոր-պուէտներուն։ Հին վէրքն է այս, - անպատճառ բան մը ստեղծելու այդ ունակութիւնը եւ երեւոյթները կը ցուցնեն թէ գոնէ երկար ժամանակի համար խնայուած է մեզի՝ անոնց միամիտ խանդերը եւ գաղափարի ու արուեստի զարհուրելի չքաւորութիւնը թօթափելու սփոփանքը։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչպէս կ’արտադրեն այդ պարոնները, բայց ընդհանուր գիծ մը կայ, որ կը միացնէ զիրենք, - բոլորն ալ անհուն խանդաղատանքով մը կը ստորագրեն իրենց մանկունակ յոյզերը, իրենց իղձերն ու անուրջները, իրենց լուսնակ գիշերները եւ մտամոլոր թափառումները, ու կ’աղերսեն անոնց հրատարակութիւնը՝ սրտառուչ միամտութեամբ մը կցելով մոգական խօսքը, «Յաւէտ երախտապարտ պիտի թողուք զիս»…։
       Ու մինչ այս տողերը կը գրեմ, չար զուգադիպութեամբ մը, ձեռքս կ’իյնայ անգլերէն ուսումնասիրութիւն մը՝ իրլանտական բանաստեղծութեան մասին։ Հեղինակը՝ անգլեւսաքսոն գրականութեան նոր ուժերէն մէկը, լայն հայեացք մը ձգելով այդ տաքարիւն ազգի բանաստեղծական սկզբնական շրջանին վրայ, որուն մէկ մասը թաղուած կը մնայ աղջամուղջին մէջ, դիտել կուտայ թէ այդ երջանիկ օրերուն, բանաստեղծները կը շինուէին , ո՛չ թէ կը ծնէին։
       «Առտուն կանուխ, ուսանողները կը համախմբուէին, եւ, ճառ մը լսելէ ու նիւթ մը ստանալէ յետոյ, նախաճաշ կ’ընէին եւ իրենց սենեակները կը քաշուէին։ Պատուհան չկար, որովհետեւ «Օլլավ»-ները (բանաստեղծութեան փրոֆեսէօրները) այնպէս կը հաւատային թէ ցերեկուան լոյսը եւ դուրսի աշխարհին տեսքը անհաշտ են բանաստեղծական շարադրութեան համար անհրաժեշտ ինքնամփոփման հետ։ Ուսանողը անկողնին վրայ կը նետուէր եւ իր միտքը կուտար բանաստեղծական ստեղծագործման։ Իրիկնամուտին սպասաւոր մը կուգար ձեռքը մոմեր բռնած, եւ իւրաքանչիւր բանաստեղծ գրի կ’առնէր ինչ որ շարադրած էր»։
       Որքան ալ անծանօթ իրենց մտերմութեան, ներքին աշխատանքի պայմաններուն, հոգեբանական պահերուն, գոնէ իրենց արտադրութիւններէն դատելով, կը մղուիմ ենթադրել թէ վերի հատուածը կարելի է ապահովապէս պատշաճեցնել մերօրեայ նորընձիւղ պուէտներու մեծամասնութեան։ Ըսէի՞նք թէ անոնք բան մը չեն խոստանար վաղուան համար։ Ու թերեւս այնքան խոր չըլլար մեր կսկիծը, եթէ կարենայինք յափշտակուիլ այն ինքնախաբէութեամբ, թէ իրենք ալ գիտակից են իրենց ափսոսալի ամլութեան եւ դժբախտ քմահաճոյքներուն։
       Բայց դեռ ունինք մեր նկատողութիւնները՝ այլապէս հիմնական ու բնորոշ երեւոյթի մը մասին։
      
       *
       Գրական-գեղարուեստական կենդանութեան մը առաջին յուսատու նշանը պիտի ըլլար աշխատանքը, բառին բարձրագոյն առումով։ Եւ սակայն, մենք կը նկատենք չափազանց աւաղելի կացութիւն մը։ - Անոնք որ գրական դաշտը ակօսելու յաւակնութիւն ունին, նոյնիսկ շատերը անոնցմէ, որ հարազատօրէն ընծայուած են այդ կոչումին, իբրեւ կանոն՝ կը նախընտրեն հեշտիւ զբաղումները։ Կը խուսափին տաժանքէ, պատասխանատու աշխատանք եւ կորովի սպառում պահանջող հետապնդութիւններէ։ Եթէ ունին բնածին ընդունակութիւնը գրելու, այլեւս չեն վրդովուիր անդրագոյն մտահոգութիւններով։ Կը գրեն այնպէս եւ այնքան, որ կը թոյլատրէ իրենց ինքնուրոյն ձիրքը, ինչքան որ կարելի է արտադրել վայրկեանի տրամադրութեան տակ, յուլօրէն, երանաւէտ անշարժութեամբ, միշտ զգոյշ՝ գիտակից ու չարքաշ տքնութիւններէ, խորապէս սակաւապետ ու դիւրահաճ։
       Թերեւս ա՛յս է մէկ հիմնական պատճառը, որ նորահաս գրողները՝ զարհուրելի մեծամասնութեամբ մը՝ կը հակին բանաստեղծութեան։ Ի հարկէ աւելի հեշտ պիտի ըլլար ոտանաւոր մը յարդարել ու ստորագրել կ’ուզեմ ըսել նմոյշ մը սա անանուն միջակութիւններէն, որ մեր ամէն մէկ քայլին լայնասփիւռ ցրուած կը տեսնենք մեր շուրջը, տպուած կամ ձեռագիր քան լլկուիլ արձակով մը, որ անպայման քրտնալի ճիգեր պիտի պահանջէր, եւ որ կրնար վճռել լինել թէ չլինելու բախտը։
       Ապահովաբար, աշխատանքի եւ որոշ հետապնդութեան այս պակասն է պատճառը, որ մեր հիմնապէս գրական խառնուածքներն իսկ, մեծամասնաբար, կը շնչեն շատ կարճատեւ գոյութիւն մը։ Թերեւս շատ կանուխ կը սկսին գրել, բայց, ընդհանրապէս, շուտով կը հիւծին, կ’ամլանան, եթէ գիտակցօրէն չեն ծուլանար։ Որքան կրցած եմ նկատել, Եւրոպա, մասնաւորելու կարիք չկայ, երեսունեւհինգ-քառասուն տարեկանէն վերջն է, որ գրագէտները կ’արտայայտուին իրենց մտածումին ու արուեստին բովանդակ թափով եւ հասունութեամբ։ Մեր մէջ այդ շրջանէն յետոյ արդէն հանգստի են քաշուած, ու կը սփոփուին երբեմնի իրենց փառքերով, երազ օրերու ինքնաբեր, թերեւս ակամայ յորդումներով։
       Եւ աշխատանքը կը պակսի ո՛չ միայն իրենց հայեացքը խորացնելու, նոր հորիզոններ խուզարկելու, պաշարը նորոգելու կենսաւորելու համար, այլեւ գոնէ ժամանակին հետ համընթաց երթալու, առուգանալու եւ բեղնաւորուելու համար։
       Միջավայրի պայմանները կրնան իրենց որոշ դերը ունեցած ըլլալ այս տխուր իրողութիւններուն մէջ. սակայն ատոնք չեն զօրեր հերքելու հիմնական փաստը։ Եթէ երէկ դժուար էր գրել, բայց դեռ կարելի էր դիտել, դրուագներ, էջեր յուշագրել գերագոյն Կատակերգութենէն, որ մարդկային կեանքն է, որ հայ կեանքն է, ու գօտեպնդուիլ լաւագոյն օրերու համար, որ ահա եկեր են։
      
       *
       Հիները ատեն մը կ’անդրադառնային անոր, պատմուածք ին թերեւս ամէնէն արդիւնաւոր սեռը՝ գրականութեան։ Իսկ նորերը, առաւելապէս նորահասները, կը մատնեն տեսակ մը անփոյթ վերաբերում։ Ու եթէ երբեմն կը փորձեն զբաղիլ այդ մանր մտահոգութեամբ, ընդհանրապէս սալարկուած ճամբաներու վրայ է, որ կը թափառին, - սիրային տռամը՝ իր ամէնէն նախնական դրուագներով, եւ այդ՝ շատ աւելի նախնական, խարխուլ, ծիւրած արձակով մը։ Որոնումներ, խիզախ հետապնդութիւններ, շարժուձեւ մը փակ վարագոյրներ վերցնելու, մոռացութեան տրուած էջեր թղթատելու, - այս բոլորը կը մնան տարապարհակ աշխատանքներ իրենց համար։
       Եւ սակայն, Կեանքը, նոյնիսկ հայ իրականութիւնը, կը ներկայացնէ մշակութեան, պեղումի անսահման դաշտ մը, կոյս ու բեղուն. եւ ի՜նչ տարակոյս, որ պատմուածք ը, նոյնիսկ աւելի քան վէպը, պիտի կրնար վերարտադրել անոր իւրաքանչիւր հատուածակողմը։ Այդ սեռը՝ պահանջուած ընդունակութեամբ եւ բարեխղճութեամբ, մշակուելով, պիտի կրնար նոյնիսկ առանձինն կազմել գրական վերածնունդ մը։ Ռուս նորագոյն գրականութիւնը ամէն բանէ առաջ պատմուածքներու գրականութիւն մըն է։ Անոնք որ Իտալիոյ արդի առոյգ եւ կենսաբաբախ գրականութիւնը ստեղծեցին, իրենց պատմուածքներով է, որ նկատելի դարձած են։ Եւ պատմուածքներու գրականութիւն մըն է, որ կը մշակեն Իրլանտայի մէջ, Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, - եթէ պէտք է յիշել բոլորն ալ։ Մեր իրականութեան մէջ իսկ, Արաքսի միւս ափը, վերջին ժամանակներու գրականութեան հաստատուն արժէքը կը կազմեն պատմուածքները, կամ պատկերները, ինչպէս կ’որակեն իրենք։ Ահարոնեան եւ Վրթանէս Փափազեան, Շիրվանզադէ եւ ուրիշներ այդ ուղղութեամբ արտադրած են Գործ մը, որ կրնայ տոկալ ամէնէն խստակրօն վերագնահատման։
       Եւ հորիզոնը անհուն է Պատմուածքին համար։
       Մանրանկար վէպը սակայն, կը ներկայանայ շատ աւելի բազմապահանջ։ Թերեւս բառը սահմանափակ ու պիրկ իմաստ մը կ’արտայայտէ. բայց իր էութեամբ, ու մանաւանդ նորագոյն, լայնօրէն գեղարուեստական առումով, ունի խոր հասողութիւն։ Այս սեռն է, որ պիտի ձգտէր, ո՛չ միայն փշուրներ, գիծեր հաւաքել բիւրերանգ, աւշալիր, աղմկալի Կեանքէն, այսպէս ըսենք՝ ցերեկուան կեանքէն, այլեւ պիտի գահավիժէր դէպի մռայլ ու անդորրաւէտ խորութիւններ, այնտեղ ուր միամիտ, երկչոտ հծծիւններ դարերու խորհուրդը կը սնուցանեն. պիտի խոյանար դէպի գերեզմանային հեռաւորութիւններ, վիհէն ու խաւարէն արեւին բերելու համար բեկորները ժողովուրդներու իմաստութեան եւ ստեղծագործութեան, - հէքեաթները, զրոյցները, աւանդավէպերը, առասպելները։ Այս ուղղութեամբ փորձեր ունի մեր անդրանիկ սերունդը. բայց արօրը դեռ հազիւ հողին դպած, ահա ընդհատումը, որ կը տեւէ, որ կ’երկարաձգուի՜, ճանապարհը մոռացութեան տալու աստիճան։
       Պատմուածքներու ներոյժ գրականութիւն մը, պարզ է, իր զարգացումի ընթացքին պիտի սնուցանէր ե՛ւ Վէպը, այլապէս կամաւոր ամլութեան դատապարտուած սեռ մը՝ հայ իրականութեան մէջ։
       Դիտողներու, վերլուծողներու, խորհողներու սերունդ մը՝ թաթաւուն գեղարուեստական խոր ու լայն ընդունակութեամբ, եւ անհանգիստ՝ առաքելութեան մը հնհնուքովը, - ահա քանի մը տարրական պահանջները ցանկալի վերածնունդին համար։
      
       *
       Իբրեւ ցեղ, մեր խառնուածքը թերեւս եզակի է գէթ մէկ տեսակէտով. -
       Կ’ուզէի ստորագծել տարապայման կրաւորականութիւնը, ենթարկուելու, նոյնիսկ առանց արտասովոր, տիրական ճիգի՝ հպատակելու այն պապենի առաքինութիւնը, որ, սերունդէ սերունդ, գերակշռած է մեր միւս բոլոր հակումներուն վրայ, յաճախ ինքնին փոխարինելով զանոնք։ Եւ այդ առաքինութիւնն ալ, ապահովաբար տրամաբանական հետեւանքն է մեր պատմութեան, բխած անոր համեստ, ոչ-խոստմնալի ակնաղբիւրէն, սնած ու արմատացած՝ անոր գահավիժումներուն եւ, աւելի վերջը, միապաղաղ տատանումներու ընթացքին։
       Ցեղը իր անհատականութիւնը հազիւ թէ ուզած ըլլայ հռչակել դժնէ, հեթանոս առնականութեամբ մը, իր հմայքը հարկադրելով դարերու ընդմէջէն։ Ընդհակառակն, ինքնայօժար, առհաւական հլութեամբ մը՝ ան մարմնացուցած է կենդանի պատկերը բազմութեան մը, որ այգուն ինչպէս իրիկնամուտին՝ հազար մաղթանք կը հծծէ դողդղագին, որովհետեւ աւելի զօրաւորներ, անանուն բարերարներ, հանդուրժա՜ծ են իր գոյութեան, թո՜յլ են տուած, որ արեւուն տակ իր տեղն ունենայ, բոյր մըն ալ ինք շնչէ կեանքէն, միշտ նկուն ու երախտաւոր։
      
       *
       Եթէ այնքան խորունկ է ներգործած հզօրի հայեացքը՝ մեր ծփուն էութեան վրայ, նոյնիսկ աղաւաղելով ու բնաշրջելով զայն, ի՜նչքան ուժեղ ու արգաւանդ դրոշմ կարող էր ձգել ճշդօրէն ըմբռնուած ու հետապնդուած գրական-գեղարուեստական գործունէութիւն մը, ի հարկէ, Արուեստը դաւանելով հզօրագոյնը բոլոր զօրութեանց, ամենայաղթ ու արարչագործ։
       Եւ ապացոյցի համար, կարիք չկար միջազգային մատենադարաններ քրքրելու։ Մեր պատմութիւնն իսկ, ինչքան ալ տժգոյն ու վտիտ, կը ներկայացնէ մէկէ աւելի վաւերագիրներ։
       Ապահովաբար գրերու գիւտէն եւ թարգմանիչներու ու մեկնիչներու մոլեռանդ այսպէս ըսենք՝ բնազդական գործունէութենէն վերջն է, որ կրօնական ջիղը՝ հայ էութեան մէջ՝ կ’աճի խելայեղ արագութեամբ, կը հրէ, ետ կը մղէ միւս բոլորը, ու լայնօրէն կը տեղաւորուի, կը զարգանայ, ապահովելով յաւերժական գոյութիւն մը այնտեղ, հայ խառնուածքին մէջ, նեարդ կազմած, միս ու արիւն դարձած անոր հետ։
       Եւ աւերը աւելի կը լայննայ, կ’արմատանայ ժամանակի ընթացքին հետ, երբ ահա երեւան կուգան հեղինակներ, մատենագիրներ, որոնք, դիւրահասկնալի նախանձախնդրութեամբ մը, կը շարունակեն հարթուած ճամբան, աւելի խորը կը մխեն խոփը, պատռելով դեռ ինչ որ կոյս էր մնացած, ինչ որ համակրելի էր, թէեւ բարբարոս, ու ձգտելով միօրինակ, անխռով մակարդակի մը վերածել բոլոր հոգեկան ծալքերը։ Փառաբանութիւնները զորս գիշերաջան տքնութեամբ ու խստամբեր հաւատքով կ’արտադրէին ի պատիւ Եահվէին, տաղերը զորս կ’երկնէին անապատական ճգնութիւններով, ու ալէլուները, երգերը, ամբողջ հիւսքը շարականներուն, - յաճախ թրթռուն՝ գեղեցիկ, կենդանի արուեստով մը, - չափազանց զարգացուցին երկիւղած, ճակատագրապաշտ, յամրերեր, հպատակութեան նախասահմանուած անհատը, որ մերօրեայ Հայն է։
      
       *
       Այս չարաշուք ուղղութիւնը եւ անոր հետեւորդ ազդեցութիւնը տեւեցին անխափան, հազիւ կայծկլտուած երկչոտ ընդհատումներով, որոնք անզօր էին յեղաշրջելու, հիմնովին վերանորոգելու յատուկ խնամով մշակուած, խաւ կապած մտայնութիւնը։
       Եւ դեռ այսօր, երբ կրնանք համեստ հպարտութեամբ մը աչք թարթել դէպի ետ, համրելու համար տարբեր՝ իսկապէս մարդկային եւ գեղարուեստական արտադրութիւններու գրադարան մը, - պտուղը՝ վերջին յիսուն կամ հարիւր տարիներու գործունէութեան, - կը զգանք որ, բորբոսը կը մնայ նոյնը. եւ տարտամ հպումներով չէ, որ պիտի կատարուի բարերար քանդումը, - ստեղծումը եւ կենսաւորումը՝ ինքնուրոյն, հարազատ հոգեբանութեան, յաջորդելու համար միականի աշխարհահայեացքին եւ նախնական հոգեբանութեան։
       Պիտի ստեղծենք, ուրեմն, գրականութիւն մը հզօր ու կենսաւէտ, որ, իր էապէս գեղարուեստական արժանիքներովն իսկ, ձգտէր իրարու, բարեգործ տիրապետութիւնը հիմնել արդէն յօժար գետնի մը վրայ, էովին տպաւորական խառնուածք մը թաթաւել բոլոր ցանկալի յոյզերով, չէզոքացնել՝ որքան հնարաւոր է այդ՝ անցեալի ջլատ լլկումները, ու զանգուածները առաջնորդել դէպի նոր մարզեր։
      
       «Ազատամարտ», 1911