Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԱՅԻՍ 1
      
       Դժբախտաբար այս տօնն ալ շատ բան կորսնցուցած է իր վեհութենէն, այլազան ճակատներու բաժնելով աշխատաւոր բազմութիւնները։
       Անոր բուն իմաստն էր Աշխատանք եւ Ազատութիւն։
       Այսօր, քաղաքականութեան դեւերը անոր դիմագիծն ալ այլափոխած են։
       Եւ խորհուրդը դարձած է ռազմախաղ։
       Ամէն երկրի, նոյնիսկ նոյն երկրին մէջ թափօրներ կը սարքուին տարբեր շարժառիթներով։ Յաճախ իրարու հետ չափուելու համար։
       Մինչդեռ, Մայիս մէկը կոչուած էր համախմբելու բոլոր աշխատաւորները, յանուն իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան։
       Թէեւ տարագիր, մեր աշխատաւորներն ալ մասնակցելով արհեստակցական Միութեանց, լայնօրէն կ’օգտուին բազմազան իրաւունքներէ, որոնք օրէնքի կարգ անցած են արդէն, այս երկրին մէջ եւ այլուր։
       Աշխատանքի հնոց մըն է մեր հայրենիքն ալ, տառական իմաստով։
       Բայց, կը պակսի քաղաքական ազատութիւնը, որպէսզի իսկապէս դառնայ աշխատաւորներու հայրենիքը, առանց որեւէ խտրութեան։
       Այդ հիմնական պակասին հետեւանքով է, որ տարագիր բազմութիւնները ստիպուած են վարձու տալ իրենց քրտինքը եւ արիւնը, օտար պողոտաներու վրայ։
       Երէկ, միամիտ երիտասարդներ թուրքերէնի կը թարգմանէին Աւ. Իսահակեանի տրտունջը.
      
       Ա՜խ, մեր սիրտը լիքը դարտ, ցաւ,
       Օր ու արեւ չտեսանք,
       Վախ մեր կեանքը սեւով անցաւ,
       Աշխարհից բան չիմացանք։
      
       Անշուշտ ռուսերէնի ալ թարգմանուած է նոյն երգը։ Մանաւանդ որ բանաստեղծը Երեւան կը գտնուի։
       Եւ այսօր, երբ թափօրներ կը կազմեն Երեւանի եւ ամբողջ Խ. Միութեան մէջ, տարեկան շքերթին եւ շեփորներուն շռինդը կրնա՞յ խեղդել նոյն հառաչանքը, այստեղ եւ ամէն տեղ.
      
       Ա՜խ, մեր սիրտը լիքը դարտ, ցաւ,
       Օր ու արեւ չտեսանք…
      
       Ի՞նչ կ’արժէ տօնակատարութիւն մը, երբ ամբողջ ժողովուրդներ կը հեծեն բռնութեան տակ, արիւն-քրտինք թափելով հանդերձ…
      
       2 Մայիս 1954