Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԽԱԼԱՊԱՏՈՒՄ
      
       Հետզհետէ կը զարգանայ նոր տեսութիւն մը. - Սխալներ կը գործես, յետոյ կը խոստովանիս, ամէնքն ալ գոհացում ստացած կ’ըլլան։ Եւ կը վերջանայ։
       Ընկերային եւ քաղաքական այս տեսութիւնը անգամ մը եւս նուիրագործուեցաւ, Սթալինամարտին առթիւ։
       Համայնավար կուսակցութեան բոլոր «սեկցիա»ները քննելով Խրուշչեւի մերկացումները, հաստատեցին թէ Սթալին սխալներ գործած է, բայց առաւելութիւններ ալ ունի, քանի որ աշխատեցաւ «Սոցիալիզմ կառուցանել»։
       Գիտէք թէ ի՛նչ են այդ «սխալները», -
       Ինքնակամ գործունէութիւն, սանձակոտոր կատաղութեամբ։
       Անհաշիւ գնդակահարութիւններ, սկսելով կուսակցութեան հիմնադիրներէն։
       Ահուսարսափ՝ ամէն ուղղութեամբ։
       Միլիոնաւոր զոհեր՝ երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին, իբրեւ հետեւանք ռազմագիտական եւ քաղաքական տգիտութեան։
       Արիւնազանգ դաւեր եւ անլուր կեղծիքներ, որեւէ ընդդիմութիւն ջախջախելու եւ իշխանութեան տէր մնալու համար։
       Զանգուածային աքսոր եւ տեղահանութիւն ամբողջ ժողովուրդներու, ա լա թուրքա դրութեամբ։
       Բնաջնջում հարիւր հազարաւոր գիւղացիներու, հաւաքական հողագործութիւն հաստատելու համար։
       Ստրկացում գրականութեան, արուեստի եւ գիտութեան, իր փառքը երգելու, արեւն ու Աստուածն անգամ նսեմացնելու աստիճան։
       Ո՞ր մէկը յիշել։
       «Յառաջ» հրատարակած էր Խրուշչեւի տեղեկագրին ամփոփումը, երբ անոր ամբողջական թարգմանութիւնն ստացաւ Ամերիկայի աշխատակցէն, շատ աւելի մանրամասն։
       Վերջերս իրազեկ Չեխ մը կը պատմէր թէ համայնավարները թոյլ կուտան, որ սխալներ գործէք, յետոյ ինքնաքննադատութիւն կատարելու համար։
       Զարմանալի է, որ ազատ աշխարհին կարմիրներն ալ «Հանճարեղ»ին հրէշային, աննախընթաց ոճիրները կոչեցին «սխալներ»։
       Շանսատակ Թալէաթը երբ կը խօսէր Հայաջինջ Արհաւիրքի մասին, կը խոստովանէր թէ «կարգ մը անպատեհութիւններ գործուեցան»… (միւնասիպէթսիզլիք)
       Տարբերութիւն մը կը տեսնէ՞ք երկու բառերուն միջեւ, - «սխալներ» եւ «անպատեհութիւններ»։
       Եւ տակաւին ոչ ոք համարձակեցաւ վար առնել այն վիթխարի «մոնումենտ»ները զոր Սթալին ինք շինել տուաւ զանազան քաղաքներու մէջ, իր փառքին համար։
       Այդ արձաններէն մէկն ալ, 35մեթր բարձրութեամբ, կը գտնուի Երեւանի մէջ։
       Եթէ չեմ սխալիր, երկրորդը կ’իշխէ Փրակայի կեդրոնին վրայ, ժպտուն դէմքով:
       - Գիտէ՞ք ինչո՛ւ կը ժպտի Սթալին, հարցուցեր է Չեխ մը օտար թղթակցի մը։
       Այս վերջինը անճրկած ըլլալով, Չեխը ինք պատասխաներ է, սուր հեգնութեամբ.
       - Վասնզի այդ արձանը կը ներկայացնէ չեխ ժողովուրդը, որ կարգի կը սպասէ միսի համար։ Եւ Սթալին ինք առաջին տեղը կը բռնէ պոչին մէջ։
       Կարծեմ Երեւանի արձանն ալ կը ժպտի ըսելու համար.
       - Տեսա՞ք որ պատմական Արարատն անգամ կորսնցուցիք, իսկ ես կը մնամ տէր եւ տիրական ճակատագրին, Մոլոտովեան համալսարանով…
      
       26 Օգոստ. 1956