Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՈՏՔԸ ՏԱՐԻՆ, ԳԼՈՒԽԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ…
      
       Վիեննայէն կը հաղորդեն թէ Լոնտոն փոխադրուած է Սթալինի ոտքէն կտոր մը, աճուրդով ծախուելու համար, ի նպաստ Հունգարիոյ փախստականներուն։
       Ինչպէս կը յիշուի, Փեշթայի առաջին ապստամբութեան օրերուն, հայրենասէրները վար առած էին «Հանճարեղ»ին վիթխարի արձանը, որ կը տիրապետէր հրապարակին վրայ։
       Այս ոտքի կտորն ալ այդ արձանին բեկորներէն մէկն է, որ Վիեննա փոխադրուած էր փախստականի մը կողմէ։
       Չեմ գիտեր թէ ո՛ւր կը գտնուին արձանին մնացեալ մասերը, որոնք նոյնքան հասութաբեր կրնային դառնալ։
       Եթէ Սթալինի միւս արձաններն ալ վար առնուելով աճուրդի հանուէին, շատ աւելի կարեւոր գումար մը կը գոյանար։
       Նախ՝ գործածուած մետաղը եւ մարմարը կը դառնային շինանիւթ, բանուորական բնակարաններ կառուցանելու համար։
       Երկրորդ՝ ժողովուրդները կը փրկուէին ահաւոր մղձաւանջէ մը, որ կը շարունակէ ճնշել, «Արեւ»ին խաւարումէն ետքն ալ։
       Իր կենդանութեանը ատեն, ի՜նչ հնարքներ կը մտածէին, երկրէ երկիր տարածելու համար «Հանճարափայլ»ին փառքը եւ շուքը։
       Իրազեկներ կը պատմեն թէ Խ. Միութեան մէջ կար մասնաւոր գործարան մը, որ յատկացուած էր միայն Սթալինի գաճէ կիսանդրիները շինելու։
       Այնտեղ արտադրուած տիպարներուն վրայ, արձաններ եւ յիշատակարաններ կը շինէին Խ. Միութեան բոլոր կեդրոններուն, ինչպէս եւ արբանեակ երկիրներուն մէջ։
       Անհատի պաշտամունքը այնքան գռեհիկ չափերու հասած էր որ, բանաստեղծներն ալ սկսան բառարան եւ պատմութիւն քրքրել, գովասանական տաղեր հիւսելու համար։
       Արդարեւ, ի՜նչ բառեր, ի՜նչ ածականներ եւ նմանութիւններ. -
       «Անսահման՝ ինչպէս լոյսը եւ ովկիանոսին ալիքները»։
       - Ամէն անգամ որ արեւը կը ծագի Մոսկուայի վերեւ, ինձ կը թուի թէ Ա՛ն է, որ կը կոխէ կոճակին վրայ, լոյս պարգեւելու համար մեզի։
       Հապա իր անունով կոչուած քաղաքնե՞րը, - Սթալինկրատ, Սթալինպատ, Սթալինիր, Սթալինիցի, Սթալինքա, Սթալինոկորսկ, Սթալինսկ, Սթալինքոյ, Սթալինսկի, Սթալինօ, եւայլն։
       …Հունգար փախստականը յաջողեր է թռցնել կտոր մը ջարդ ու փշուր արձանի մը ոտքէն, իբրեւ խորհրդանշան։
       Ի՞նչ օգուտ, երբ գլուխը կը գործէ նոյն սանձակոտոր կատաղութեամբ, միայն անուն փոխելով։
      
       13 Դեկտ. 1956