Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՏՔ

Հասունցած տղայ մըն էր սակայն. ապացոյց, որ չկրցաւ բոզ ու Աստուած բառերուն սահմանում մը տալ: Աղջիկը գրկած էր ետեւի կողմեն, թեւերը անութներէն անցուցած, ու իր քիթը հետզհետէ աւելի կը մխրճուէր անոր ականջին ետեւ, զմայլելի անուշահոտութեամբ մը գլխէ ելած: Իրապէս հարուստ աղջիկ մըն էր ան. ապացոյց, որ իր կուրծքերը տղուն ափերուն խորութիւնը ունէին ճիշտ:

Հակառակ սակայն այդ մի սին, հակառակ այդ երկնային բոյրին, ոչ բոզը, ոչ ալ Աստուածը կրցաւ սահմանել եւ երբոր իրենց ճիշտ դէմը գտնուող հայելիին մէջ տեսաւ անոր Ժպիտը ու իր դիմագիծը, աջ ձեռքը ազատելով` պատին վրայի հայելին հակառակ կողմը դարձուց, իբրեւ միակ բացատրութիւն: Բոզն ու Աստուածը անհետացան անմիջապէս, որ տղուն ձեռքը խորութիւնը ջնջեց: Այն ատեն երիտասարդ աղջիկը ծռեցաւ հագուստը կռնակէն քաշելու համար եւ հագուստին հետ սրունքները բարձրացան ճիշտ այն գիծերով, ինչպէս որ դիտող աչքերը զանոնք երեւակայած էին: Վարդագոյն մետաքսէ գուլպաներ հագած էր, որոնք երկու կարմիր կրունկներէ մեկնելով բարձրացան վեր, գեղեցիկ զուգաւորումի մը մէջ միսերը սեղմած, գրկած: Անոնց կլորութեանը վրայ մետաքսին ստացած փայլերը լուսեղէն լեզուներու պէս սողոսկեցան վեր, մինչեւ ազդրերուն բարձրը, ծծելով ու լիզելով, հակառակ իրենց թեթեւ քմայքին: Նմանապէս վարդագոյն էր այդ կարճ ներքնաշապիկը, խիստ պարզ, առանց աւելորդ ժանեակներու: Անոր ու գուլպաներուն միջեւ միսը կ՚երեւէր պզտիկ բացուածքէ մը, որ կը լայննար կամ կը նեղնար ամէն անգամ, որ աղջիկը ծռէր ու ցցուէր այժմ շտկուած հայելիին մէջ, բերնին վրայ սիրտ մը գծելու համար: Պզտիկ ծալքեր կային, ուղիղ ծալքեր, երկու կէտերու շուրջ հաւաքուած կուրծքին վրայ: Քանի կէտերը տեղ փոխեցին մետաքսին ետեւ, ծալքերն ալ իրենց հետ դարձան, դողալով, գունաթափուելով:

Ecoute, Chouchou!, ըսաւ այդ սրտոտ բերանը` հայելիին մէջ երիտասարդին ակնարկը փնտռելով, այս հինգշաբթի Mayol կսկսիմ հրաշալի դերով մը, պիտի գաս զիս տեսնելու, այնպէս չէ՞:

Դեռ ասկէ աւելի բան մը ունի՞ս ինծի ցուցնելիք, պատասխանեց միւսը` աջ ափը աղջկան միսին վրայ հնչեցնելով:

Ի՞նչ, ի՞նչ, դուն ալ աւստրիացիի մը պէս կը կարծես, թէ միայն մեր սրունքները եւ կուրծքերը ցուցնելու համա՞ր է, որ բեմ կ՚ելլենք: music-hallի դերասանուհի ըլլալնուս համար արուեստագիտուհի չե՞նք: Այո՛, սիրելիս, մի՛ խնդար, ես ողբերգակ դերասանուհի մը ըլլալու սահմանուած էի, բայց…

Խնդիր չէ, ողբերգութեան եւ չարլսթօնին մէջ մեծ տարբերութիւն մը չկայ. երկուքն ալ մարդս կցնցեն…

Աղջիկը պատասխանելու ատեն չունեցաւ, Chouchouն ձեռքէն նետելով դերասանուհիին փոքրիկ անդրավարտիքը, որուն հետ կը խաղար, յանկարծական ոստումով մը խոյացած էր դռան մը վրայ, ճչալով: Այդ դուռը կը պատկանէր պզտիկ սենեակի մը, որուն նմանը կը գըտնուի ամէն լուսանկարչատան մէջ, գործողութեան սրահին ճիշտ մօտ: Այդ սենեակները, աւելի խուց, քան թէ սենեակ, chassisները լեցնելու կը ծառայեն, որով կ՚ըլլան մութ ու քիչ մըն ալ կը հոտին` միշտ գոց պահուելուն համար:

Տղան շուտով դուրս ելաւ անկէ քաշելով երկու փառաւոր պեխեր, որոնք խոշոր խոշոր բացուած ռնգունքներու յանդիմանական ակնարկին տակ քանի մը գոյն էին եղած: Այդ պեխերը Կոստանինն էին` խանութին ծառան: Երիտասարդը արագօրէն ընկրկելով յառաջացաւ սրահին մէջ եւ կեցաւ միայն այն պահուն, երբոր զգաց, թէ բանի մը կը զարնուէր, բայց չդադրեցաւ բնաւ պոռալէ, ճչալէ, բացականչութիւններ արձակելէ, մինչ իր սրունքները անգոյ պարի մը ձեւերը կը փորձէին: Ծառային մարմինը կը կորանար, վիզը կ՚երկարէր, ականջները կը կարմրէին: Բազուկները տարածած` խրտուիլակի մը թեւերուն պէս հորիզոնական, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ` փետրաւելը տակաւ կը դողար: Երիտասարդը շարունակեց չափազանցուած զուարթութեամբ մը, երբոր դերասանուհին, վարագոյրը մէկդի ըսելով, իրենց միացաւ, մետաքսին ետեւ իր սարսափած ծիծերով.

Կը տեսնե՞ս, կը տեսնե՞ս սա մերին Կոստանը, մերին պտլիկ Կոստանը, տարիքին չես ձգէր, հէ՞. եթէ գիտնաս, թէ ի՜նչ հանած-վարած է, ի՜նչ «կանաչ» է… Գետինը մաքրելու պատրուակին տակ ժամ մըն է, որ բանտարկուէր էր այդ ծակին մէջ կիսաբաց դռնէն մերկ մարմինդ տեսնելու: Ա՛, Կոստան, Կոստան, պիտի ըսեմ դռնապանին, ամէն մարդու պիտի պատմեմ. կը խնդա՞ս, հէ. սա վառող աչքերուն նայեցէք, ո՞վ կը հաւատայ, որ յիսունըհինգ տարեկան է: Ահա, ահա՛, կը ներկայացնեմ ձեզ Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներուն է՛ն կրակոտը: Ի՜նչ կրակներ է մարած եւ ի՜նչ հրդեհներ վառած սպասուհիներու սրտին մէջ: Անանկ չէ՞, հակառակը ըսէ նայիմ, դուն չէի՞ր պատմողը, թէ երիտասարդութեանդ դռանդ առջեւ bonicheները կարգի կը սպասէին եւ, թէ աւելի վերջը, գաղթավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովդ, խափշիկ կիները կատղեցուցիր ցուլերու պէս…

Դերասանուհին մինչեւ բազմոցը հրեց ծառան որ փետրաւելին հետ ինկաւ հոն, յամառելով անշարժ պահել իր կարմրած դէմքին վրայ խնդացող բերանը: Ահա այդ խնդուքին մէջ է, որ աղջկան խնամուած մատները կարկանդակներ մխրճեցին Portoի ուժով, մինչ ձայնագիրը մէկէն չարլսթօն մը կը նետէր օդին: Տիրող զուարթութեան մէջ դերասանուհին ուսերէն վար սահեցուց շապիկը, գլխի արագ շարժումով մը իր կարճ մազերը յարդարեց ու սկսաւ պարել, պարել փետրաւելէն դուրս ցցուող խոշոր աչքերու առջեւ, որպէս գինով, խելագար, վերնոտ: Պարեց ամբողջութեամբ մերկ, սեղմուած միայն աղուոր կօշիկներու ու բարձր գուլպաներու մէջ, բաներ՝ որոնք մերկ մարմին մը աւելի կը մերկացնեն:

Հակառակ Սէն Ժէռմեն տէ Փռէի եկեղեցիին ճիշտ դէմը ըլլալնուն, անկարելի էր իրենց օրուան մէջ ժամերը լսել: Իրիկուան այդ պահուն է, որ միայն, երբոր փողոցի աղմուկները բաղդատաբար կը նուազին, կարելի կ՚ըլլար զանգակատան ու հանրակառքի զարկերը չշփոթել իրարու հետ: Եօթն էր. պաշտօնեաները շատոնց է որ մեկնէր էին: Երիտասարդը յարդարեց փողկապը, մազերը, խոզանակուեցաւ, լոյսերը մարեց ու իջաւ սանդուղներէն: Բուն խանութը վարն էր, երկու փողոցներու անկիւնը, խիստ լուսաւոր՝ շնորհիւ իր ապակիէ ճակատներուն եւ թէեւ ոչ շատ արդիականութեամբ, բայց եւ այնպէս ճաշակաւոր դրամագլխով մը յարդարուած: Ինչպէս ամէն լուսանկարչատուն, այս ալ ծայրայեղօրէն խճողուած էր ամէն տեսակ նկարներով, շրջանակներով, գունաւոր անգոյն գլուխներով, ուր իրար կը հրմշտկէին զինուորականները, կուրծքէր, տղաք, պատուանշաններ, սրունքներ, մօրուքներ, ժպիտ, ժպիտ: Մէկդի ըրաւ վարագոյրը հոդ մտնելու համար, երբոր սանդուխները աւարտեցան: Մէկէն կեցաւ, սակայն անորոշ, ուզեց ձգել վարագոյրը, չկրցաւ. ուզեց չնայիլ, նորէն չկրցաւ: Սաստիկ խռովուած էր. յիշեց քիչ մը առաջուան դերասանուհին, որ զինքը չէր յուզած իր ամբողջ մերկութեամբը, մինչդեռ հոս… աղուոր մը դիտեց ամբողջ իր մարմնով, աչքերը խոշոր-խոշոր բացած: Հոն, լոյսերուն մէջ, դրամարկղին առջեւ, կին մը աջ ոտքը բարձրացուցած էր աթոռի մը վրայ ծնրակապը յարդարելու դիրքով ու բնականաբար արդեն-իսկ կարճ քղանցքը աւելի վեր ելած` կը ցուցնէր երկու զմայլելի սրունքներ: Այդ սրունքները մատամ Ժանն կը կոչուէին:

………………………………………………

Դո՞ւն ես, Փիէռ, աբբան ի՞նչ եղաւ:

Ջուրին մէջն է, շաքարավաճառին աղջկանը հետ:

Շաքարավաճառին աղջկա՞նը հետ. չըսես, որ գլխէ պիտի հանէ…։ Երկուշաբթի, չմոռնաս, առաջին գործերնիս ըլլայ. խեղճը տասն անգամ աղաչեց, որ շուտով պատրաստենք, որովհետեւ այս շաբաթ պիտի ամուսնանայ:

Աբբա՞ն:

Mais non!, շաքարավաճառին աղջիկը:

Փիէռ գլխարկը գլուխը դրաւ. հանեց. մէկ աթոռէն միւսը գնաց. քակեց շրջանակ մը, որ բնաւ ալ ծռած չէր. նայեցաւ պատկերի մը անանկ հետաքրքրութեամբ, որ կարծես, թէ առաջին անգամն է որ կը տեսնէր. նորէն փողկապը շտկեց. քիթը խնչեց բազմաթիւ անգամներ ու վերջապէս դէպի դուռը գնաց, ըսելով. «Ես կը մեկնիմ»: Ու չմեկնեցաւ: Կինը գլխարկը մէկ կողմ դրաւ տեսնելով, որ ան դռնէն կը վերադառնար. յայտնապէս կ՚երեւէր, որ բան մը ունէր ըսելիք: Փիէռ մօտեցաւ, աչքերը խոնարհեցուց չկորսուելու համար այդ աղուոր ակնարկին մէջ, ամբողջ ճիգը ըրաւ իր ձայնին սովորական դրոշմը պահելու եւ սկսաւ իր նախադասութիւնը այնքան ատենէ ի վեր պատրաստուած, այնքան անգամներ սրբագրուած:

Մատամ Ժանն, նախ ներողութիւն պիտի խնդրեմ ձեզմէ, որ չեմ կրնար կոր կատարել պարտականութիւնս. պարտականութիւնս ձեզ ատենին իմաց տալ էր. կ՚ուզէի ըսել ձեզ առաջուընէ, որպէսզի չնեղուիք, բայց կարելի չեղաւ, մի՛ մեղադրէք զիս, գիտէք թէ անհոգ չեմ, բայց չեղաւ… պէտք է որ… գիտէք, թէ ես ձեզի դէմ թշնամութիւն մը չունէի…

Enfin! Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք:

Ես երկուշաբթի չպիտի գամ:

Երկուշաբթի չպիտի՞ գաս. բարեկամդ դեռ հիւա՞նդ է… թէ ոչ դուն բան մը ունիս. ըսէ՛, ի՞նչ ունիս:

Ո՛չ, այդպէս չէ, ըսել կ՚ուզեմ, թէ ա՛լ չպիտի գամ հոս աշխատելու:

Մատամ Ժանն վայրկեան մը կեցաւ, յօնքերը պռստեց. խորհեցաւ ու մէկէն աւելցուց.

Օ՜հ, անպատճառ մէկը աւելի խոստացաւ վճարել, այդ չէ՞, բայց կրնայիր բացէ ի բաց ըսել. գիտես թէ…

Ո՛չ, ոչ, բնաւ այդ չէ. միշտ գոհ ձգած էք զիս այդ տեսակէտով, բայց եթէ կ՚ուզէք պատճառը գիտնալ. ահաւասիկ. ես ա՛լ ձանձրացայ, ա՛լ գանեցայ մենաւորի այս կ՚եանքէն, ճաշարաններէն, պանդոկներէն, առանձնութենէն, կ՚ուզեմ իմ տեղս երթալ, կ՚ուզեմ ծնողքիս քով վերադառնալ:

Լռեցին երկուքն ալ, երկար պահ մը: Կինը, ակնարկը հեռուն, կարծես բան մը կը փնտրէր. աջ յօնքը մտածում էր եղած. մէկէն ըսաւ.

Բայց դուն չէի՞ր, որ օր մը երկարօրէն կը պատմէիր, թէ քու ալ Պոլիս դարձդ կարելի չէ, թէ հայերը ա՛լ Թուրքիայ չեն կրնար մտնել, թէ զինուորութենէ փախած ես…

Այո, բայց այդ երկրին մէջ դրամով ամէն բան կ՚ըլլայ:

Ըսել է, ամէն ինչ պատրաստ է, ու վաղն իսկ կը մեկնի՞ս:

Ոչ դեռ, բայց պիտի աշխատիմ…

Չէ՛, Փիէռ, չէ՛, այդ չէ պատճառը. ճշմարտութիւնը չես ըսէր. կրնայիր մինչեւ վերջին օրը աշխատիլ, կրնայիր ինձ իմացնել, շատ լաւ կրնայիր…

…………………………………………………

Մատամ Ժանն կասկարմիր էր եղած. Փիէռի ջղայնոտած մատներուն մէջ գլխարկը անդադար կը դառնար: Քանի անգամներ փողկապը շտկած էր, քանի անգամներ երկուքն ալ աթոռ ու նստարան էին փոխած. ալ ոտքի էին, կարելի չէր նստիլ։ Որքա՞ն ատեն է, որ կը վիճէին այսպէս: Փիէռի ձայնը փոխուած էր քիչ մը, բայց ա՛լ չէր վախնար անոր ակնարկէն: Միայն դէմի պատին կնոջ մեծ լուսանկարն է, որ քիչ մը կը նեղէր զինքը. այդ կինը իր մօրը կը նմանէր: Ըսաւ.

Լաւ. պիտի ըսեմ, քանի որ այդքան կը պնդէք. բայց աւելցնեմ որ ինչ որ ընէք` անօգուտ է, ա՛լ անկարելի է որ հոս մնամ. բառ մը աւելի չպիտի պահանջէք ինձմէ ու երբոր խօսքս աւարտեմ, պիտի թողուք որ մեկնիմ: Ահա. ես տղայ չեմ. գիտէք, թէ ես բնաւ տղայ չեմ, բայց եթէ օր մը աւելի մնամ հոս, ըրածս տղայութիւն պիտի ըլլայ: Երկարօրէն խորհած եմ եւ գիտեմ, թէ որքան անօգուտ է ունեցած զգացումս, թէ բանի մը չի կրնար յանգիլ եւ թե… թէ միայն զիս տառապեցնելու պիտի ծառայէ. պէտք է մեկնիմ, որքան որ ուշ չէ: Կարծեմ հասկցաք, թէ ինչ կը զգամ ձեզի հանդէպ:

Մատամ Ժանն ձգեց որ մարմինը իյնայ թիկնաթոռի մը մէջ, թեւերը կախ, գիծերը անշարժ: Փիէռ մօտեցաւ դուռին, թեւերը կախ, գիծերը անշարժ, մօտեցաւ դուռին, ձեռքը երկարեց… բայց մէկէն ետ քաշեց զայն: Սարսափելի խնդուք մը պայթած էր ետեւէն, արտակարգ խնդուք մը, քրքիջ մը, որ կարծես ապակիները կը դողացնէր:

Կ՚արգիլեմ, կ՚արգիլեմ ձեզ ծաղրելէ. ես ձեզի սիրային յայտարարութիւն մը չըրի, ես ձեզմէ բան մը չպահանջեցի, դո՛ւք էք որ պնդեցիք, որ ըսեմ, եւ հիմա խնդա՜լ եւ հիմա ծաղրե՜լ…

Երբոր ժպիտի վերջին մնացորդն ալ կորսուեցաւ շրթներէն, ոտքի ելաւ, լրջացաւ, ու կեցան դէմ դէմի, աչք աչքի, լռեցին: Լռութեան այդ պահուն, որ կ՚երկարէր, մէկէն որոշակի լսուեցաւ ապակիի ձայն մը: Երկուքն ալ գլուխնին այն կողմ դարձուցին: Այն անկիւնը, այն միակ անկիւնը, ուրկէ փողոցը կ՚երեւար, որ չէր ծածկուած ցուցափեղկերու վարագոյրովը, աղջիկ մըն էր եկեր, պզտիկ, նուրբ աղջիկ մը որ քիթը փակցուցած ապակիին, մատովը կը թմբկահարէր: Փիէռ ոստումով մը խլեց պատկերակալի մը վրայէն մեծ խաւաքարտ մը որուն վրայ զառամած կրօնաւոր մը կար, ու հաստատեց ապակիին առջեւ, աղջկան դէմքը խորշոմներով ծածկելով:

Փիէռ, Փիէռ, անգո՜ւթ ես, տղայ ես դուն… Բայց… ան կը սիրէ կոր քեզ. ինչո՞ւ զայն ձգել ու այդպիսի անկարելի ցանկութիւններ ունենալ. բայց դուն չե՞ս գիտէր, որ… բայց դուն չե՞ս գիտէր, որ ես ազատ չեմ… չէ՛, չէ՛, հոս եկուր, քովս. կ՚ուզեմ, որ քովս նստիս… ա՜, որքան պիտի խնդայի, եթէ այսքան լրջութեամբ չըսէիր… Allons, ատանկ արտայայտութիւն մի առնէր, գիտեմ, որ դիտմամբ ըսիր, հէ՞, ճիշտ չէ՞… ըսէ՛, մոռնա՞մ… մոռնա՞մ…

Այս անգամ աղմկողը հեռաձայնն էր: Կրկին ու կրկին ճչաց: Վերջապէս Ժանն ոտքի ելաւ, անցաւ դրամարկղին ետեւ, ձեռքը գործիքին վրայ մնաց պահ մը անշարժ, գլուխը դանդաղօրէն ետեւ դարձուց՝ կարծես թէ բան մը ըսելու նպատակով… մէկէն գործիքը վերցուց: Ու ձայնին իր էն զուարթ շեշտը տալով պատասխանեց. Այո՛… այո՛… ինչո՞ւ չէ… իրա՞ւ, ինչպէ՞ս անցաւ, պատմէ նայիմ, շատ հետաքրքիր եմ իմանալ… առանձի՞ն էիր, անպիտան… ես ալ կը փափագէի այս գիշեր «Կապոյտ կովին» երթալ, այս աղէկ յարմարեցաւ… եկուր ինծի առ, հոս կը սպասեմ քեզի… անպայման…

Երբոր ետին դարձաւ, մարդ չկար. փողոցին դուռը բաց էր. դրան մէջ եկեր էր անշարժանալ ծիծաղելիօրէն պզտիկ շնիկ մը, որ իրեն կը նայէր իր երկու աչքերով, աններելի համարձակութեամբ մը: