Երկեր թիւ 2

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

5

Փիէռ իր միսին վրայ զգաց կայտռումը ժպիտներու: Իրեն սեղմուող այդ փորին մէջ պզտիկ գնդակներու պէս, եռացող ջուրի մը խոշոր կայլակներուն նման խնդուքներ կը ցատկռտէին առանց դուրս ելլել ուզելու:

Աչքերը ժպիտով բացաւ: Կաս-կարմիր էր եղեր Նէնէթ, ու անոր ալ քունքերուն վրայ քրտինքի կաթիլներ կային. չէր ուզէր աչքերը բանալ եւ միայն կը ժպտէր: «Ըսէ՛, Նէնէթ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…» Ան ուժով մը համբուրեց երիտասարդը առաջին հանդիպած տեղեն ու ըսաւ… «Rrrigole Brrigadier, Rrrigole Brrigadier»: Երբոր դադրեցան այդքան բարձրաձայն խնդալէ, երբոր խայտանքը մեղմացաւ, Նէնէթ աւելցուց աչքերը խոշոր խոշոր բացած, անօրինակելի չարաճճիութեամբ մը. «Եանկի՜ն վաա՜…»։ Շատ իրաւացի էր. սաստիկ տաքցած էին:

Ծիծեր, երկու ծիծեր ատրճանակներու պէս օդին:

Անշո՛ւշտ, թէ դուն տակաւին պէպէք ես… չէ՛, մի՛ ընէր, Փիէռօ, ես շատ շուտ կը խտղտիմ, հաւատա… հաւա… ւա… Ուրախ եմ, սակայն, որ օրագրութիւնդ կարդացի. ան ալ իր դերը ունեցաւ: Լաւ է, որ դուն ալ քիչ մը ապրեր ես: Ես ալ ապրած եմ: Բնաւ պիտի չուզէի մայրիկի մը քով մեծցած տղու մը հետ գործ ունենալ: Այսպէս աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենանք իրար հասկնալ, եւ ստեղծուած համակրութիւնը այլապէ՜ս արժէքաւոր պիտի ըլլայ:

Այդքան ախորժեցա՞ր. այն ատեն կեցիր, որ քու վրադ ալ գրեմ նոյն այն լակոնական, այն շնական ոճով, ըսեմ օրինակի համար, թէ ինչպէս…

Ի՞նչ, ի՞նչ, եթէ համարձակիս, եթէ համարձակիս, Փիէ՛ռ, կ՚երդնում, որ…

Ի՞նչ կ՚ընես որ, եթէ համարձակիմ:

Ինչ կ՚ընեմ մի՞, ինչ կ՚ընեմ մի՞…— փնտրեց, փնտրեց, մէկէն ըսաւ, Վա՛ղն իսկ, կ՚իմանա՞ս, վաղն առաւօտ իսկ Տինառ կը մեկնիմ՝ արձակուրդի ամիսս հոն անցընելու եւ… եւ…։ Ու մինչ Փիէռ սաստիկ կը խնդար, իր երկու ձեռքերուն մէջ սեղմեց երիտասարդին գլուխը, իրեն քաշեց ու քիթը քիթին փակցուցած աւելցուց. Չերթա՞ս, չերթա՞ս, հոս ի՞նչ գործ ունիս, ըսէ տեսնեմ, անպիտա՛ն… պարոնը չի կրնար սպասել, պարոնը վաղն իսկ պիտի մեկնի՜. հէ՞, չպատասխանե՞ս…

Դուն չե՞ս գիտէր, որ բոլոր անոնք, որոնց ակնարկը միշտ վերն է, բոլոր անոնք, որոնք միայն երկինք գիտեն նայիլ, ինչպէս սուրբերը, ինչպէս իսկական հաւատացեալները, անոնք բնաւ չեն կրնար ճամփորդել, անոնք երբեք տեղ չեն կրնար փոխել… Եւ ես կը նայէի եւ ես հաւատացի քու աչքերուդ երկնքին…

Գլուխը ցից, ակնարկը սուր եւ յօնքերը պռստած մտիկ կ՚ընէր Նէնէթ: Հակառակ պիտի ըլլայ, քիթին ծայրը սովորականէն քիչ մը աւելի օդին էր ցցուած: Պատասխանը գտաւ սակայն.

Հապա եթէ երբեք երկի՜նքը ճամփորդէ՞:

Ես ալ հետը կ՚ըլլամ անպայման, եթէ առաջին կարգ չառնէ:

Ո՛չ, առաջին կարգով պիտի ճամփորդէ. ես այնպէս կ՚ուզեմ, առաջի՛ն կարգով:

Բայց սպասէ՛, ամէն բան կարգով…

Եւ երկիր, եւ երկինք, եւ հաւատացեալ կուռք, չշեղեցան անշեղելի կարգէն: