7
Դրան
զարնելու
իր
եղանակէն
անմիջապէս
ճանչցաւ
զայն:
Այդպիսի
վայրկեաններու
յատուկ
արագութեամբ
մը
իրողութիւնը
իր
մտածումը
պատռեց:
Ապուշ
էր,
յիմար
էր,
օ՜,
իրա՛ւ,
որ
յիմար
էր.
ինչպէ՜ս
մոռցեր
էր
զայն,
ինչպէ՜ս
կրցեր
էր
մոռնալ:
Դեռ
այս
առաւօտ
ստացեր
էր
Լիզին
նամակը.
գրպանն
էր.
տակաւին
չէր
համարձակած
այդ
անկեղծութիւնը
պատռել:
Հազիւ
թէ
քիչ
մը
յանդիմանութիւն
կար
հոն,
կատակի
ձեւով…
ծածկուած
վիշտ
մը…
գրեթէ
աղաչանք:
Նամակին
վերջը
կ՚ըսէր,
թէ
պիտի
գար
զինքը
տեսնել
շաբաթ
երեկոյ,
այսինքն
այս
գիշեր:
Եւ
Փիէռ
մոռցեր
էր
տուն
չգալ,
մոռցեր
էր
կրկին
վար
իջնալ
եւ
բանալին
կախել
իր
տեղը,
որպէսզի
դուրս
ելած
կարծէ
ու
մինչեւ
հոս
չբարձրանայ…
Չէ՞ր
կրնար
գոնէ
լոյսը
մարել
ու
մութին
մէջ
երազել
իր
Նէնէթին,
մութին
մէջ
վերապրիլ
ցերեկուան
գինովութիւնը…
Դրան
վրայ
հարուածները
կրկնուեցան:
Ընդհատուած
արագ
շարժումի
մը
մէջ
պիրկ
երիտասարդը
իր
շունչը
կը
բռնէր
աղմկելէ
վախնալով:
Երկվայրկեանները
այս
որքա՜ն
կ՚երկարէին
եւ
ինչո՜ւ
ան
դեռ
կը
համառէր:
Փիէռ
չհամարձակեցաւ
դրան
նայիլ,
իրեն
այնպէս
կը
թուէր,
թէ
ան
անկարող
պիտի
ըլլար
զինքը
ծածկելու
եւ
երբ
աչքերը
բարձրացնէր՝
պիտի
հանդիպէր
Լիզի
ակնարկին:
Դէմի
սենեակէն
Underwood-ը
անօրինակ
արագութեամբ
մը
կը
բանաստեղծէր։
Լիզի
ակնարկին:
Երկար
պահ
մը
վերջ
հարուած
մը
եւս
ինկաւ
դրան,
այս
անգամ
միայն
մէկ
հատ
մը,
խիստ
թեթեւ,
հազիւ
թէ
լսելի:
Շշուկ.
թուղթի
ձայն.
բա՞ն
մը
կը
գրէր.
թուղթ
մը
ճմռթկուեցաւ.
թուղթ
մը
եւս
ճմռթկուեցաւ.
վերջապէս
Փիէռ
լսեց,
որ
բանալիին
ծակին
մէջ
բան
մը
կը
մտնէր:
Ու
յանկարծ
Լիզի
մէկ
ձայնը`
զոր
երբեք
չէր
լսած.
—
Մի՛
բանար,
խնդիր
չէ…
բայց
երբոր
մեկնիլս
լսես,
ելիր
եւ
ձգած
թուղթս
առ…
աղէկ
կարդայ
զայն:
Ու
դանդաղօրէն
ոտնաձայները
մտան
բանաստեղծութեան
մէջ:
Underwood
and
Underwood.
Նայեցաւ,
կրկին
նայեցաւ,
մատներուն
մէջ
քանի
մը
անգամ
դարձուց
այդ
պզտիկ
թուղթը.
բա՛ն
չկար.
բա՛ռ
մը
իսկ
չէր
գրուած,
ոչ
այս
կողմը,
ոչ
այն
կողմը:
Երբոր
գլուխը
բարձրացուց,
ակնարկը
հանդիպեցաւ
յանկարծ
նրբանցքին
միւս
անկիւնը
նետուած
երկու
սպիտակութիւններու…
Հաւաքեց
զանոնք.
ճմռթկուած
թուղթերն
էին:
Մէկուն
վրայ
գրուած
էր.
«Լուսանկարիչի
խանութ
չունիմ
ես».
իսկ
միւսին՝
«Ինչ
որ
ըրիր
դուն
ինծի,
նոյնը
պիտի
ընէ
քեզ,
ան»:
Երկուքն
ալ
նետեց
Փիէռ:
Ձեռքին
մէջ
մնաց
միայն
այն
վերջինը,
որուն
վրայ
բա՛ն
չկար,
որուն
վրայ
բառ
մը
իսկ
չէր
գրուած,
ոչ
այս
կողմը,
ոչ
այն
կողմը:
Ի՜նչ
վայրենի
մարդիկ
կան,
վարի
յարկի
տղան
ամէն
գիշեր
այսպէս
բրտօրէն
կը
գոցէ
իր
դուռը: