Երկեր թիւ 2

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

8

Բալի գոյն թալպօ մը, վեց ձի, conduite intérieure: Ուղղիչ անիւին առջեւ ցից ու անշարժ, Նէնէթ արմուկը կռթնցուցէր էր դռնակին բաց պատուհանին վրայ եւ միւս ձեռքովը վայրկեանը անգամ մը ճչարձակը կը սեղմէր` Փիէռը վար կանչելու համար:

Փիէռ փողոց հասած էր արդէն, բայց պանդոկի մուտքի դրան մէջ կեցած` իր լայն ժպիտովն ու երջանկութեամբ լեցուն աչքերովը կը լափէր ու արագօրէն եւ անդադար կը համբուրէր իր Նէնէթը, անոր երեւցած բոլոր մասերէն: Կիրակի առտուան արէին մէջ որքա՜ն աղուորցեր էր ան. բոլորովին նոր հագուստ մըն էր հագածը, նորէն բաց գոյն, լազուարթ ու կարմիր խաղերով, թեւերը գոց, «քառէ»ն համարձակ ու նորէ՛ն գլխարկ մը։ Ճչարձակը կը շարունակէր «Փիէ՜ռ» պոռալ, մինչ Նէնէթ կը դիտէր լայնածաւալ կին մը, որ կզակը վեցերորդ յարկերուն` կը կրկներ. «Ֆէէէրա՜յլ ա վանտր… շիիիֆօն… շիֆօն…»:

Ինչպէ՜ս, եկեր ես ու ձայն անգամ չե՞ս հանէր, զիս դիտմամբ ժամերով կը սպասեցնե՞ս… շո՛ւտ, քովս անցիր տեսնեմ: Ո՛չ, ո՛չ… կ՚արգիլեմ քեզ իբրեւ պատիժ… մէկ հատ մը միայն… ատկէ չէ՛, ասկե… Dis-donc, այսօր աղուորցեր ես. միշտ չէ. այսօր բացառաբար… քեզի չի վերաբերիր. ես աւելի համբուրելու իրաւունք ունիմ. ես քեզմէ մեծ եմ. ինծի յարգանք կը պարտիս… ձեռքդ քաշէ՛, շուտ… գիշերը լաւ անցուցի՞ր, խելօք կեցա՞ր… թաթերը վա՛ր… զիս երազեgի՞ր… ո՛չ, ես երբեք չեմ երազեր, կ՚ապրիմ: Ալ հետս մի՛ խօսիր եւ անմիջապէս ճամփայ ելլենք: Միայն նայէ, որ Նէնէթդ կառք մը վարել գիտէ՞ թէ ո՛չ: Քայլ առաջ, օ՛ն:

Նախ գլխարկը հանեց ու արձակեց ետեւի նստարանին վրայ, արդէն մինչեւ հիմա գլխուն վրայ պահելուն նպատակը զայն Փիէռին ցուցնել էր, յետոյ թեթեւ վզնոց մը նետեց վիզին, ձեռնոցները անցուց ու սլացաւ առաջ:

Այնքան արտասովոր արագութեամբ մը անկիւնը դարձաւ, որ Տիտըռօն իր փետուրէ գրիչը վար առաւ Համայնագիտարանէն եւ երկարօրէն նայեցաւ ետեւնուն, բառը կորսնցուցած: Արեւը ողողէր էր ամբողջ Ռիւ տը Ռէնը. հանրակառքի գիծերը կը փայլէին. հեռուն, Մոնփառնասի կայարանին եռանկիւնը լոյսին մէջ կը հալէր: Արագութիւնը չնուազեցնելու համար Նէնէթ ստիպուեցաւ օձապտոյտ գիծով մը յառաջանալ եւ անդադար աղմկել: Անցաւ միւս կառքերը, շրջանը ըրաւ 29 թիւ հանրակառքին ու ինկաւ Vին առջեւ: Յուզում: Այդ հսկայ կրիայն ականջ պատռող աղմուկով մը անշարժացաւ, մինչ վարիչը թեւերը բացած կը հայհոյէր: Փախուստ:

Dis donc, mon vieux, դուն դեռ աջէն քալել չսորուեցա՞ր, կ՚ուզես, որ ամէն օր քեզ engueule՞r ընեմ:

Յանդիմանութիւնը ստացողը հաստափոր մսագործ մըն էր` իր արիւնոտած կառքին վրայ, բանան մը ուտելու զբաղած: Արմուկը ցցեց վզնոցին ուղղութեամբ եւ բառերը կերաւ` բանանի համով: Փաստէօռի արձանին մօտ Նէնէթ մեքենան կեցուց` ծառերուն տակ ամայի անկիւն մը.

Հասկցայ, դուն այս առաւօտ զիս հանգիստ չպիտի ձգես, կատղէր ես, ուրիշ բան չէ… ի՜նչ սոված տղայ է, Աստուած իմ… վստահ եմ, որ այս առաւօտ նախաճաշ չըրիր…

Ու, ետեւէն ծրար մը առնելով, քակեց կապոյտ ժապաւէնը եւ կարկանդակներ դուրս հանեց: Փիէռ մերժեց. Նէնէթ պնդեց. Փիէռ կրկին մերժեց. Նէնէթ սպառնաց Փաստէօռը կանչել, անօգուտ, անօգուտ: Այն ատեն երիտասարդ կինը երկար կարկանդակ մը առաւ, խածաւ մէկ ծայրէն ու գլուխը երկարեց տղուն: Ան անմիջապէս իր երկու ձեռքերուն մէջ գրկեց այդ ոսկի գլուխը եւ սկսաւ ուտել անյագօրէն, անյագօրէն… երբոր հասաւ շրթներուն, աւելի յամառեցաւ. անոնք աւելի անուշցեր էին: Նէնէթ լեզուին ծայրովը դուրս ըրաւ բերանը մնացած մասը եւ այն ատեն է, որ Փիէռ զգաց, թէ իրապէս անօթի էր. ահա թէ ինչու աւելին ուզեց, աւելին… Եւ Նէնէթ տուաւ ինչ որ բերնին մէջ կար, իր լեզուն: Ան քաղցրացեր էր անուշին հպումով: Երբե՛ք, երբե՛ք այսպիսի նախաճաշ մը չէր ըրած. հաւատա՛ Նէնէթ, հաւատա՛ Փաստէօռ, պաշտելի՜ Փաստէօռ:

Երբոր Բոռդ դը Վէրսայլը հասան, թեւերը բացած իր ամբողջ ուժովը ճչաց Նէնէթ. Cordon, s՚il vous plaît։ Կանաչ համազգեստով պաշտօնեան մօտեցաւ վերջապէս իրենց, տուաւ ելքի թուղթը եւ թալպօն նետուեցաւ լայն ճամփուն մէջ: Մէկիկ մէկիկ ետեւ թողուցին արուարձանները, որոնք հեռանալով գացին կրկին տեղ գրաւել քարտէսին վրայ: Փարիզի յետին ցոլքերն ալ հալեցան վերջապէս, ու երեւցաւ անվերջանայ լի ուղին, այն որ կը կոչուի «Ազգային Ուղի»:

Երկար ատեն չխօսեցան. երկար ատեն բա՜ռ մը չփոխանակեցին իրարու մէջ: Այս անվերջ գնացքը հոգեկան նոր վիճակի մը մէջ նետեց Փիէռը: Շատ երջանիկ էր, շա՜տ էր այս երջանկութիւնը: Անոր մէջ սուզուած, անով թաթախուած, իրեն այնպէս կը թուէր, թէ կը թուլնար ինք, կը կակուղնար, սաստիկ կը տկարանար: Տղայ էր դարձեր, պզտիկ բանէ մը պիտի պարտուէր, ոչինչ բանով մը պիտի յուզուէր: Հապա՞ եթէ կորսնցնէր Նէնէթը: Վախցաւ: Անմիջապէս պլլուեցաւ անոր, վար քաշեց վերարկուին մուշտակը եւ գլուխը թաղեց անոր ծոծրակին մէջ: Եւ այնքան մօտէն դիտեց այդ միսը, իրե՜ն միսը: Կը խորհէր ան, չէ՞, կը տեսնէր, կը զգար, անշո՜ւշտ թէ կը զգար: Երկարօրէն հոտոտեց ու շնչեց զայն, սկսաւ արթննալ. աւելի սեղմուեցաւ: Նէնէթ պզտիկ շարժումներ կ՚ընէր. անհանգիստ էր: Երբեմն գլուխը ծռելով կը սեղմէր երիտասարդին դէմքին վրայ, յետոյ անմիջապէս կը ցցուէր` մօտեցող ծառերէն վախցած: Կառքին գնացքը արագացուց հետզհետէ աւելի ու աւելի, եւ անհատնում ճամփան զարհուրելի արագութեամբ մը լափելով գնաց պլորուիլ կառքին ետեւ: Խելայեղ փախուստ մը կազմակերպեցին եզերքի ծառերը եւ իրենց հետ տարին արածող կենդանիներ, դաշտեր, խաղալիք-տնակներ: Ատենը անգամ մը կոճղերուն մէջտեղէն շոգեկառքի մը գոլորշին կը փախչէր կամ թռչունի մը աղեղը ճիւղեր կը միացնէր իրարու: Երկուքն ալ գինովցան: Նէնէթ պատուհանը բացաւ ու աչքերը պզտիկցուց: Հովը սկսաւ խաղալ անոր մազերուն ոսկի վէտվէտումին հետ, եւ վզնոցը` ծածանիլ: Ան այդպէս օդին՝ գեղեցիկ ստորագրութեան մը տակ նետուած գիծին կը նմանէր: Փիէռ քանի մը անգամներ ըսաւ, յետոյ խնդրեց, աղաչեց, որ մեղմացնէ արագութիւնը, թէ ըրածը պարզապէս խենթութիւն է, արկած մը պիտի պատահի: Նէնէթ պատասխանեց. «Այն ատեն քաշէ՜ ձեռքերդ…»: Եւ երբոր հպատակեցաւ, գլուխը դարձուց, ու սարսափելի ակնարկ մը գամեց անոր աչքերուն:

Այդ ակնարկին իմաստը անմիջապէս չհասկցաւ տղան: Նէնէթին ջղայնոտած մատներուն մէջ ուղղիչ անիւը կիսաշրջանակ մը ըրաւ, եւ կառքը, երկու ծառերու մէջտեղէն անցնելով, գնաց նետուիլ դաշտի մը մէջ: Հոն երկար մնաց:

Արածող կովերէն մէկը մօտեցաւ կառքին, գլուխը վեր առաւ եւ իր թաց ու խոշոր աչքերով նայեցաւ: Ետեւի պզտիկ պատուհանին մէջ կախուած չինական պուպրիկը անդադար կը դողար: Կարծես կը դողար ի տես կովին: Կովը հեռացաւ անտարբեր:

Տեղատարափը դադրեցաւ: Պատռուածք մը հորիզոնին` ու մեռնող օրուան վերջին ժպիտը ատենուան մը համար կանխահաս մթութիւնը վանեց: Հորիզոնին վրայ երկնցած այդ երեկոն քնանալէ առաջ ինչ աղուո՜ր աչք մը ըրաւ:

Օդին մէջ դեռ անձրեւի պզտիկ կաթիլներ կը դառնային, եւ աղմուկին յաջորդող սա պարապին մէջ որոշ կերպով կը լսուէր նուագը հոսող ջուրերուն:

Հովը սուլելով կոչնակը պարի կը հրաւիրէր:

Մօտաւոր երդիքէ մը աղաւնիներու սիրոյ վանկերը լսուեցան, երբոր պարը կը սկսէր:

Ճիշտ զանգակատան քովէն կը քակուէին քանի մը կարմիր ժապաւէններ, բարտիները անցնելով երթալ լազուարթի փոխելու համար: Պատռուածքը կամաց-կամաց կը կարուէր:

Դեռ լեցուն երկնքին տակ երեկոյի այս լոյսը անբացատրելի խորհուրդ մը կը ստանար, կապարագոյն, թերեւս կարմրորակ, հաւանաբար մէկը, ոչ միւսը, բայց յուզող, համակող, լոյս մը, որ այնքան դիւրութեամբ կը թափանցէր իրերու եւ հոգիներու խորքին, խորհուրդին, որ, մէկէն, անծանօթ դռներ կը բանար լոյսերու վրայ, լոյս մը, որ բառերը կը կեցնէր ի սէր մութին: Ինչ աղուո՜ր աչք մը ըրաւ:

Նախ առաստաղին հաստ գերանները լուսաւորուեցան, յետոյ` քանի մը դեղնած լուսանկար բուխերիկին վրայ. երկար սուր մը պատին` երկու փրկիչներու մէջտեղ, Յիսուս ու մարաջախտ: Լայն թիկնաթոռի մը մէջ ընկղմեր էին երկուքն ալ. իրարու փարած, գլուխնին մէկզմէկու վզին մէջ, երկար ատենէ ի վեր լուռ ու անշարժ:

Հովը սուլելով կոչնակը պարէն կը բերէր: Աւելի սաստկացաւ ու ճռինչով ու աղմուկով պատուհանին փեղկը գոցեց, յետոյ բացաւ: Անոնք բնաւ չշարժեցան, ձգեցին, որ հովը ուզածն ընէ: Տղուն ուսին վրայ Նէնէթին մատանին կը վառէր ու կը մարէր, նորէ՛ն կը նայէր, աչքը կրկին գոցելու համար: Տի՛նկ, տա՛նկ, դո՛ւն, ե՜ս, դո՛ւն, ե՜ս, դո՜ւն, ե՜ս, դո՜ւն, ե՜ս:

Անծանօթ ձեռք մը անդադար փեղկը դարձուց մեծ գրքի մը էջին պէս, բացաւ, գոցեց, անոր երկու երեսին վրայ ալ կարդալու համար: Եւ երբոր հասկցաւ, մէկէն տերեւ մը բերաւ փակցուց պատուհանին թաց ապակիին վրայ, դրոշմաթուղթի մը պէս: Դո՛ւն, ե՜ս, դո՛ւն, ե՜ս, դո՛ւն, ե՜ս: