Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂՈՒՈՐ ՄԱՐԴ ՄԸ

Այդ օրը հոգիիս մէջ լոյս մտցնելու ծարաւը իր տագնապին հասած էր։ Ուրիշ միջոց չկար, եթէ ոչ փախուստ տալ գործէս, տուն հասնիլ եւ առանձնութեան ամբողջական զգացումով մը անցնիլ սեղանին առջեւ ու գրել, գրել մինչեւ ներքին կուտակումներուն յետին ծուէնին անհետանալը, մէկ անգամէն։

Կը յիշեմ, ինչպէ՜ս լոյս ծագեցաւ, օրը բնաւ արեւ չտեսնող գրասենեակին մէջ։ Տժգոյն կարասիներն անգամ կը պսպղային ներսէն բխող լուսեղէնութեամբ մը։ Այսօրուան պէս աչքիս առջեւ է երկայն սեղանին վրայ նետուած մելանի եւ այլ բիծերով աղտոտ կանանչ ծածկոցը, որ գարնան թարմ մարգագետնի նման կը փայլէր ոգեւորուած նայուածքիս տակ։ Նորոգուած աթոռներն ու սեղանները, պատերն ու դարակները, ուրախ տեսք մը ունէին ու խորքին, բակին վրայ բաց դրան մէջէն զուարթ երգ մը կուգար եւ կը լեցուէր հոգիիս մէջ։

Ամառ էր։ Փարիզի հեղձուցիչ ամառը։ Արեւը թափեր էր փողոցներուն մէջ ու կը հալեցնէր մայթերուն կուտրոնը։ Գատէի մեթրոյին գլխուն ժամացոյցը չորսը կը ցուցնէր։ Ժամը չորս ու կէսն էր երբ կ՚անցնէի Բօն֊Նէօֆի կամուրջէն եւ հասեր էի արդէն Հանրի Դ. ի յուշարձանին մօտ, Ֆրանսայի այդ թագաւորը, որ ամէն մէկ տան կաթսային մէջ ամէն կիրակի խաշած հաւ մը կը ցանկար։ Առջեւի սմբակները օդը բարձրացուցած իր նշանաւոր ձիուն վրայ բազմած, կը ներկայացնէր անոր Փարիզ յաղթական մուտքը, վերջ տալով եղբայրասպան կրօնական կռիւներուն։ Բայց իմ անօրինակ զուարթութիւնս, այդ պահուն, իրմէ աւելի իր ձին էր, որ ուշադրութիւնս գրաւել տուաւ։ Գաղափարաց զուգորդութեան օրէնքին բերումով միտքս ինկաւ անոր կապուած ժողովրդական կատակը եւ քթիս տակէն մռլտացի. «Ի՞նչ գոյն ունէր Հանրի Դ. ի ճերմակ ձին»։ Ու կանգ առի ինքզինքիս վրայ խնդալու համար։ Կանգ առեր էր նաեւ հոգեկան այն մղիչ ուժը, որ ինծի այդքան հեռուները տարած էր։ Ու կատակը հիմա մտքէս ամէն բան աւլած տարած էր եւ հոն կար միայն, յստակ եւ դրական, պարտականութեանս թերացումին գաղափարը։ «Ո՛չ, իրաւունք չունիմ» կ՚ըսէի ինքզինքիս։ Նկատեցէք, որ այս թերացումովս գործ մը կորսնցնելու կամ չկորսնցնելու վախը երբեք չունեցայ, թէեւ շատ ալ արդարացի պիտի ըլլար ատիկա, այս անկայուն աշխարհին մէջ։ Բայց իրաւունքի գաղափարն էր, որ արթնցեր էր մտքիս մէջ ինձմէ անկախաբար։ Իրաւունք ունէի՞ թէ չունէի։ Ո՛չ, իրաւունք չունէի ամէն բան իմ հաշուոյս եկածին պէս դասաւորելու եթէ կային ուրիշներ, որ ինծի վստահեր էին պարտականութիւն մը՝ որուն լիուլի կատարումը կը պահանջուէր ինձմէ։ Ժամը վեցին գրասենեակը ժողով ունէինք։ Իմ ներկայութիւնս անհրաժեշտ էր։ Առանց ինծի ժողովը ջուրը պիտի իյնար։ Ջուրը ըսի եւ աչքերս ինկան Սէնի ջուրերուն վրայ։ Վարը՝ կղզիին ծայրը, ծառերու ստուերին՝ արձակուրդէ զրկուածներ օդ կ՚առնէին, մեծ մասամբ ծերեր։ Նայուածքս յանձնեցի դանդաղահոս ջուրերուն, որոնք կ՚երթային կամուրջներու համրիչին տակէն դէպի լայն հորիզոնը՝ Շայեոյի բլուրէն անդին՝ ուրկէ կը բարձրանար արեւէն խանձուած երկինք մը։ Կարծածիս պէս խանգարուած մտածումներս ետ չէին գար։ Օդին մէջ ծուարած երազայնութիւնը, որ միտքս կը տանէր Պռաքի նկարներուն, մշուշի պէս կը ծանրանար հոգիիս վրայ։ Բարեբախտաբար հասեր էի կամուրջին ծայրը, կիսակլոր հրապարակը եւ դիմացէն Տոֆին փողոցը իր յարակից հին ու նեղ փողոցները՝ որոնց անսովոր եռուզեռը զարմանք պատճառեց ինծի։

Հրապարակն ու փողոցները լեցուեր էին խայտաբղէտ ցնցոտիներով, արագաշարժ, ծփացող բազմութեամբ մը։ Վաճառորդներու, բախտախաղի շաղակրատներու, հնարիչներու, կաղերու, կոյրերու, գետնաքարշ անդամալոյծներու խառնիճաղանճ աղմուկը։

Խաբեբաներ, գողեր, անպիտաններ, չարաճճիներ, ձեռնածուներ մաքոքի պէս կ՚անցնէին, կուգային ամբոխին մէջէն։ Յանկարծ ինծի թուեցաւ թէ սա տղան էր, ձեռքը սատանային ծախող տղան։ Այնքան սիրուն էր անիկա, ճակտին վրայ խռիւ եկած մազերուն տակ պճըլտացող զոյգ մը աչքերով, որ ափ ի բերան կը հետեւէի անոր երբ զգացի թէ մէկը ականջիս ծռած բաներ մը կը փսփսար։ Ժերար տը Ներվալն էր, որ ինծի կը պատմէր «Հմայուած ձեռքին» պատմութիւնը։ Այդ պահուն ետեւէս եկող մը բարձրացաւ։ Ետ դարձայ։ Երկձի գեղեցիկ կառք մը կը սուրար։ Քովէն կը վազէր երիտասարդ մը, ձեռքին բռնած թուղթէ տոպրակ մը զոր կառքին մէջ բազմած փափկասուն տիկնոջ ուղղելով, կ՚աղաղակէր.

—Տիկին, խորոված գետնախնձոր, հրամմեցէ՛ք, խորոված գետնախնձոր։

Ճանչցայ, Պոտլէրն էր։ Կանչելս եկաւ։ Գիտէի որ Հանրի Չորրորդի յուշարձանին դիմացի տան ձեղնայարկը կը բնակէր։ Ձեռքին ծրարը իր օրուան ճաշն էր։ Հոգին սաստիկ խռոված էր իր աղքատութիւնը այդպէս փարթամ կնոջ աչքերուն առջեւ պարզուած ըլլալէն ու կատակի էր տուեր.

—Տիկին, խորոված գետնախնձոր

Կայտառ երիտասարդ մըն էր, յանկուցիչ նայուածքով։ Տակաւին չէր եղած այն խման մարդու կապարագոյն դէմքով տիպարը, որ պիտի ըլլար հետագային դառնացած բանաստեղծը։ Կառքը կը սուրար առանց որ ան ակնարկ մը խլած ըլլար գեղեցկուհիէն։

Ձեռքս տարի աչքերուս։ Սիրտս կսկծաց։ Չէի ուզեր տեսնել բանաստեղծին կրած անարգանքը. բայց ահռելի աղմուկ մը կը խլացնէր ականջներս։ Ձեռքս վար առի դէմքէս։ Ինքնաշարժերու շարանը կանգ առեր էր, մեքենավարները բոլորը միասին թէ° կը հայհոյէին եւ թէ° կը հնչեցնէին սուլիչները։ Փողոցին նշանացիցը կանաչ լոյսը վառեր էր, մինդեռ ես գամերու անցքէն դուրս կը խափանէի փողոցին շարժումը։ Ետ նետուեցայ ու ցատկեցի մայթին վրայ։ Նոյն ատեն տարօրինակօրէն փափուկ, նրբացած գոյացութեան մը զգայնութիւնը ունեցայ ինքզինքէս, մտածումս պայծառացած վիճակ մը ունէր, այնքան ջինջ, եթերային որ մարմնիս գոյութիւնը ցնդած էր մտքիս մէջ, իրեն տեղը տալով կռփամարտիկ Յակոբին, որ կը վազէր, գլուխը ծռած, տեղատարափ անձրեւին տակ եւ որ բուռն կամք մը կը յայտնէր դուրս գալու իր անել կացութենէն։ Որեւէ միջոց չունէի իրեն օգնութեան հասնելու եթէ ոչ զայն յանձնելով տունը սեղանիս վրայ դիզուած թուղթերուն։ Ուստի սկսայ վազել։ Տոֆին փողոցը անցայ թեթեւոտն եւ կարծես աչքերս գոց։ Առաջին բանը որ տեսայ, մեր բնակած շէնքին հին, միջնադարեան դուռն էր։ Օձապտոյտ սանդուխներէն վեր ելած ատենս էր, որ խորհրդածելու տարուեցայ թէ ինչո°ւ համար այդ օր միայն հին բաներ կը յամառէին երեւակայութեանս մէջ։ Անտարակոյս բարերար ոգի մը սպրդած էր ներսս եւ անկէ կը վտարէր ներկան յիշեցնող ամէն տարր, քանի որ ներկային հետ մտքիս պիտի ներկայանար քիչ վերջը գրասենեակը տեղի ունենալիք ժողովը, ջլատելով մտային երկունքի աշխատանքը։ Այդ նպատակով էր նաեւ որ այդպիսի ճշգրտութեամբ ու կենդանութեամբ յայտնուած էին ինծի կամրջագլխի հինաւուրց անճոռնի բայց հնարամիտ ամբոխը, Ժերար տը Ներվալ, Պոտլէր։ Ժողովը ինկած էր ջուրը, Սէնի ջուրերուն մէջ, որ զայն միշտ աւելի հեռու կը տանէին, մինչդեռ անհուն հրճուանք մը հոգիիս մէջ, ու գրեթէ պարելով կը բարձրանայի մեր սանդուխներէն, երբ տեսայ կինս որ, ոտքիս ձայնը առած, եկեր էր յարկաբաժնի տան առջեւ եւ անհամբեր, դեռ վերէն, հապճեպ շարժումներով կը փսփսար։ Զուարթութիւնս այնքան մեծ էր, որ բան չէի հասկնար կնոջս խորհրդաւոր երեւոյթէն, մինչեւ որ իրեն մօտ եղայ եւ ան ձայնը աւելի ցածցընելով, ըսաւ.

—Աղէ՛կ եկար, հիւր ունիս, աղուոր մարդ մը։

Մէկէն վրաս քրտինք թափեցաւ, սաստիկ ողողումով մը։ Նպատակս խանգարուած էր։ Դէմքս խոժոռեցաւ։

Խաչիկ Աթանասեանն էր։ Նստեր էր բազմացին մէջ, երբ ներս մտայ, ոտքի ելաւ խելոք տղու մը պէս, անուշ ժպիտը երեսին։ Զինաթափ ընող բան մը ունէր Խաչիկին ժպիտը, հեզ, մանկունակ, մէկ մեթր ութսուն հասակին վերեւը դէպի աջ հակող դէմքին վրայ՝ ուր ատամներու երկու անաղարտ շարքեր ձիւնի պէս կը փայլէին։ Եւ այս՝ յիսունը անցած տարիքին՝ զարմանալի հակասութիւն մը կը ներկայացնէր իր մանկական հոգիին հետ։ Այդ պահուն անոր ուսերուն շարժումները կը յիշեցնէին երախայ մը՝ որուն մայրը կ՚ըսէր կարծես.

—Գնա տղաս, գնա՛, քեռիին ձեռքը պագ։

Եւ ողջագուրուեցանք։ Բայց իմ քրտինքներս աւելի առատօրէն կը հոսէին։ Շատ նեղուած էի այս անակնկալ այցելութենէն, որ ծրագիրս տակնուվրայ կ՚ընէր։

—Այս անիծեալ շոգը, կ՚ըսէի քրտինքներս սրբելով, բայց նստիր, Խաչի՛կ, նստիր, ինծի մի՛ նայիր. սարսափելի է այս ամառ ջերմութիւնը, շնչելիք բան չէ մնացած օդին մէջ։

Խաչիկ նստաւ անմար ժպիտը երեսին։ Թաւ յօնքերուն ներքեւ մանրիկ աչքերը անպատում քաղցրութեամբ մը լեցուն էին։ Ձայնը բարակ, քիչ մը գլխային, կը լրացնէր համեստութեան ընդհանուր երեւոյթը, երբ մանաւանդ կ՚ըսէր.

—Քանի քանի անգամներ ըսի, մէյ մը երթամ։ Գերմանիայէն վերադարձիդ անգամ մը եկայ։ Թերթերուն մէջ կարդացի։ Բայց դռնապանը ըսաւ, որ գաւառն էիր։

Կարճ լռութենէ մը վերջ շարունակեց, մէկէն ոգեւորուած ձայնով մը.

—Ի՞նչպէս ես, ի՞նչ կ՚ընես շատ գիրցեր ես, տղա՛յ

Ուսերուն ծեքծեքումէն յայտնի էր որ հաճելի ըլլալու տրամադրութեան մէջ էր։

—Մի՛ նայիր այդ գիրութեան, պատասխանեցի, կեղծ գիրութիւն է, տառապանքէն չորցած մարմին մը փոքրիկ բարեկեցութենէն անմիջապէս կ՚ուռի. կեանքը զայն իր ճիշդ սահմաններուն կը բերէ ետքէն։

—Գործերդ լա՞ւ են գոնէ։ Գիտես թէ ինչքան կը փափաքիմ, որ մեր գրողները որեւէ մէկէն աւելի ապահով կեանք մը ունենան, որպէսզի աղուոր գործեր տան։

—Ճիշտ այդ ապահովութիւնն է որ մեզի արգելք կ՚ըլլայ գրելու, քանի որ ապահովութիւնը պահպանելու համար պահանջուած ժամանակի կորուստը, երբ ուրիշ պատասխանատուութիւններ ալ կան, կին, տղայ

Մասնաւորապէս շեշտեցի պատասխանատուութիւն բառը, անմիջապէս աւելցնելով.

—Միշտ ամուրի՞։

Խաչիկ ոտքի ելաւ, իբր թէ իմացած չըլլար հարցումս։ Գիտէի, չէր սիրեր որ հարց տրուէր իրեն ատոր մասին։ Սրբազան երկիւղ մը կուգար վրան երբ մտածէր իր կեանքին վրան կեանք մը աւելցնել։ Հազիւ իրենը կրելու ուժը ունէր, այն ալ ինչպիսի զգուշութեամբ նետելով քայլերը, մէկին հաստատուն տեղ մը ապահովելէ ետք՝ կը նետէր միւս քայլը եւ այսպէս շարունակաբար։ Նոյն ձեւով ալ քալեց դէպի գրադարանս եւ անկէ գիրք մը առաւ։

—Եթէ պատասխան չկայ, տակը անպայման բան մը կայ, ըսի խնդալով։

—Տակը բան մըն ալ չկայ, պատասխանեց վերջապէս։ Կեանքը ինծի այդ բախտը չտուաւ։

Ուղիղ կանգնած էր սենեակին մէջտեղը, գիրքը երկու ձեռքերուն մէջ։ Այնպէս ինչպէս որ դիմացս էր, իր հոգեպայծառ կեցուածքովը, սրտէս հանած էր նեղութիւնս։ Քրտինքս չորցած էր։ Զարմանալի երիտասարդութեան հով մը կար սա յիսուննոց մարդուն վրայ, մանաւանդ երբ կը փորձուէր սեւեռել մշտական ժպիտին կիրթ արտայայտութիւն մը տալու համար։ Ամէն անգամ, որ Խաչիկ կը տարուէր ներսէն այդ աւելին դուրսին վրայ դնելու, հաւասարակշռութիւնը կը խախտէր։ Մարմնական տեսքը կը գտնէր իր յիսուննոցի երեւոյթը, մինչդեռ ժպիտը դէմքին խորանալով հետզհետէ աւելի ու աւելի երախայական կը դառնար։ Չէի հասնար թէ ինչպէս արմատախիլ, գաղթական մարդը ֆիզիքապէս կը զարգանար, կը մեծնար, առանց որ մէջի հոգին հետեւի իրեն եւ կրնար տեղքայլ ընել։ Եւ սակայն Խաչիկ Աթանասեան այդ մարդն էր։ Արդէն նշանակալից չէ՞ հետեւեալ պարբերութիւնը որ յաճախ կը նետէր երեսիդ «սըւոնց նայէ, ինքզինքնին մարդու տեղ դրեր են, գաղթակա՜ն։ Ծօ, գաղթականէն մարդ կ՚ըլլա՞յ»։ Ոչ, չըլլար։ Չըլլար մանաւանդ երբ գաղթականութիւնը անցողական կացութիւն մը նկատելով կը մտնես սպասման վիճակի մը մէջ, որ հանգրուան չունի, ինչպէս Հայուն սպասումը եւ կը մնաս հոգիով մանուկ, տարիքը առած մարմինով։

Վերջին խօսքերը աւարտելուն պէս Խաչիկ լռեց, քէն ըրածի պէս։

Մինչ այդ՝ կինս ափսէն բերաւ, զետեղեց փոքրիկ սեղանին վրայ զոր քաշելով մօտեցուց Խաչիկին։ Խաչիկ ձախ ձեռքովը վերցուց գաւաթը պնակին հետ միասին, երբ կինս զայն լեցնելէ վերջ իրեն հրամցուց։ Նշմարեցի, որ կնոջս ձայնն ալ փոխուած էր այդ պահուն։ Կարծես ան կը խօսէր փոքրիկ տղու մը հետ։ Ձայնը մեղմ ու համոզիչ ըլլալ կը փորձէր։ Խաչիկ սկսաւ խառնել շաքարը պզտիկ դգալով, դանդաղօրէն եւ շիկնելով մանուկի մը պէս, երբ կը մերժէր իրեն հրամցուած պիսքիւին։ Բայց ձեռքը գրպանը տանելով, անկէ հանեց ափ մը պիսքիւի եւ ստիպեց մեզի որ մե՛նք ընդունինք իրենիններէն։

—Կը նեղանամ, ըսաւ, ասկէ առէք։

Եւ գրպանը եղածը փռեց սեղանին վրայ։

Ստիպուեցանք առ ի քաղաքավարութիւն մէկդի դնել մեր սեւ շուկայի ճերմակ ալիւրով պիսքիւին եւ կրծոտել անոր սպիտակ շուկայի սեւորակ պիսքիւիները։

Արդարեւ, քսան տարիէ ի վեր Խաչիկ կէտ մը չէր փոխած կեանքին մէջ։ Սկիզբները քանի մը տարի աշխատեցաւ Ռընոյի գործարանը, բայց երբ, լաւ հաշուակալ, հինգերորդ թաղամասի դրամատան մը մէջ գործ գտաւ, չորս ձեռքով պլլուեցաւ անոր։ Հազուագիւտ դէպքերով միայն կը հեռանար թաղամասէն։ Օրերը կ՚անցընէր դրամատունէն ոչ հեռու, սահման ունենալով վերէն՝ Լիւքսէնպուրկի պարտէզը, վարէն՝ Սէն գետը եւ Նոդր֊Տամի տաճարը։ Երբեմն կը կանգնէր կամուրջի մը վրայ ուղիղ եւ անշարժ, նայուածքը պաղած սեւ ու թաւ յօնքերուն տակ, կը նայէր ու կը նայէր հորիզոնին որ երբեք չէր մօտենար, այլ կը մխրճուէր հետզհետէ անհունին մէջ։ Եւ ինք կը սպասէր։ Կը սպասէր որ բան մը փոխուի ինքնիրեն։

Խաչիկ խօսակցութիւնը փոխեց։ Խօսեցաւ մեր գրականութեան վրայ ու մէկէն ընդմիջելով.

—Վերջին գրքէդ չունիմ, ըսաւ, ինծի հատ մը պիտի տաս։

—Հարկաւ, պատասխանեցի, քեզի պէս գրասէր ընկերոջ չտամ, որո՞ւն պիտի տամ։

Անվաճառ մնացած գրքերուս դէզէն հատ մը առի, ձօնագրեցի եւ իրեն երկարեցի։ Բացաւ գրքին առաջին էջը եւ կարդաց ձօնագրութիւնը։ Լուրջ դէմք մը առաւ։ Գրպանէն դրամապանակը հանեց ու հազարնոց մը դնելով սեղանին վրայ, կը պատրաստուէր մեկնելու։

—Այս բանը չե՛մ ընդունիր, Խաչի՛կ, աղաղակեցի վիրավորուած։ Վերցուր, պնդեցի, Խաչիկ, եթէ ոչ կը նեղանամ։

—Սիրելիս ըսաւ հանդարտ շեշտով մը, որ զիս զինաթափ ըրաւ, իմ մէկ շատ սիրած ուսուցիչս, որ ինքն ալ գրող էր, մեզի խրատ կուտար ըսելով որ «մարդ ոչ միայն բանիւ ապրի, այլեւ հացիւ»։

Եւ առանց այլեւայլի ուղղուեցաւ դէպի դուռ։

—Բայց, Խաչիկ, պոռացի երեսին, գոնէ հինգ գիրք առ, ասիկա հինգ գրքի արժեգինն է։

Մտիկ չըրաւ։

—Առ, եղբայր, նուէր կ՚ընես։

Լուռ, քար կտրած էր։ Միայն երբ իրեն ընկերացանք սանդուխին գլուխը, մինչ ինք կը շարունակէր իջնել սանդուխներէն, դէմքը վերցուց եւ ըսաւ.

—Կ՚աղաչեմ, անհանգիստ մի ըլլաք, ի՞նչ պէտք կայ ինծի համար նեղուելու, գացէք, ներս գացէք։ Մնաք բարով։

Հազարնոցը սեղանին վրայ էր տակաւին, երկուքի ծալլուած։ Ձեռքս առաջ չէր երթար։ Բարկութիւնը կ՚ուռէր ներսս։

Կինս խոհանոցէն եկաւ, ժպտուն ու արտօրանօք, մտքին մէջինը չկարենալով իրեն պահել.

—Ի՜նչ աղուոր մարդ է բարեկամդ, ըսաւ։

—Գետինը անցնի աղուորութիւնը, պիտի նախընտրէի որ չար ըլլար, գոնէ այդ պարագային պիտի կարենայի մերժել այս անարգանքը։ Ինչո՞ւ համար չկրցայ հազարնոցը երեսին նետել, ինչո՞ւ։

Այդ օրը գրականութիւնը ինծի համար եղաւ վերջին ծայր խոտելի բան մը։ Երբ կը խորհիմ թէ սրտի ինչպիսի զեղումով տուն եկած էի գրելու համար ու հիմա այդ մասին մտածելն անգամ նողկանք կը պատճառէր ինծի։ Ասոր հետ մէկտեղ նորէն փորձեցի գրել, թօթափելու համար հետզհետէ ներսս ամբողջութեամբ պաշարող նողկանքը, նմանը նմանով բուժելու գաղափարէն մղուած։ Ամբողջ օրը տունը մնացի, սեղանին առջեւ նստած, գրիչը ձեռքս, տող մը դուրս չեկաւ անկէ։ Խաչիկին պատկերը աչքիս առջեւէն չէր հեռանար։ Կծու սինիզմ մը կը տեսնէի անոր մեկնումին քար լռութեանը մէջ, «կ՚աղաչեմ անհանգիստ մի ըլլաք, ի՞նչ պէտք կայ ինծի համար նեղուելու»։ Կա՞ր արդեօք իր մէջ ալ զիս նուաստացուցած ըլլալու զգացումը։ Կ՚ըմբռնէ՞ր, կը զգա՞ր թէ որքա՞ն վիրաւորած էր զիս։ Մոռցայ իր մէկ խօսքը, երբ կը մերժէի տրուած դրամը «Եղբայր, դուն ասոր դրամ ծախսեր ես…» որուն պատասխանած էի «այո, բայց ինծի վերապահելով նուէր ընելու իրաւունքը»։ Ատոր վրայ է, որ իր ուսուցչին խրատը մէջ բերելով, լաւ մը կոտրած էր դիմադրութիւնս եւ մեկնած՝ օգտուելով այդ առիթէն։

Հետեւեալ օրը անցուցի փողոցները, խառնուելով մայթերու բազմութեան, ինքզինքս անոր մէջ մոռնալու միտքով։ Բայց տրամադրութիւնս թունաւորուած էր։ Չէի կրնար շիտկէ շիտակ վայելել ազատութիւնս, ես որ այնքան կը սիրեմ փողոցները թափառիլ, կռահել ամէն մէկուն մէջ կուչ եկած երազը, ամէն մէկուն վէպը, թէ կարծես մարդիկ ապակիէ ըլլային։ Ծովը նետուող լուղորդին պէս ցատկելով անոնց կեանքերուն մէջ, կ՚ապրիմ բազմաթիւ կեանքեր միանգամայն ու ատկէ կը ստանամ ապրելու գերագոյն զուարճութիւն մը, մանաւանդ երբ հոգիէս շունչ տալով անոնց ծուարած երազներուն, կատարեալ ծաղկեփունջերու կը վերածեմ զանոնք։ Գիտեմ որ կեանքը կը պտըտի կացին մը ձեռքին, զոր փարտելով աջ ու ձախ մարդոց ներսի վէպերը կը գլխատէ, ես, երեւակայութեանս ուժովը, զանոնք իրենց աւարտումին բերելով՝ անհուն գոհունակութեամբ մը կը լեցնեմ հոգիս։ Այսպէս տուածս առած կ՚ըլլամ աւելիով, նորէն տալու անոր եւ առնելու համար շարունակաբար։ Այդ օր կորսնցուցած էի հարստութիւնս, աւելին՝ եղեր էի չափազանց աղքատ, բոկոտն՝ որ չէր կրնար հաղորդուիլ անցորդներուն։ Անոնց ամէն մէկուն մէջ կը տեսնէի Խաչիկը եւ կը զգուշանայի կարթուելէ անոնց նայուածքներէն։ Վասնզի գիրքը, ահ, գիրքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այն ձեռքը զոր մուրացիկը կ՚երկարէ անցորդին։ Հայ գրողին գիրքը հայցողին ձեռքն է։ Կ՚երեւակայէի այն անսահման գոհունակութիւնը զոր Խաչիկինն էր իր ձեռքը երկարած ըլլալուն դէպի իրեն ուղղուած ձեռքը, քանի որ անընդունելի է վերագրել աղքատին նըւէրի մը ժէստին ընկերացող հաճոյքը։ Օրուան ժամերը անցան Խաչիկին գոհութեան ու նուաստացումիս հանդիպման կէտ մը գտնելու ճիգով, որպէսզի այդ երկու զգացումները իրարու հետ հաշտուելով, հաշտեցնէի նաեւ զիս այն բանին հետ, որ իմ ապրելու եղանակս էր, ինչ իմաստով ալ որ առնուի այս վերջին բառը։ Քանի մը անգամ մերթ ընդ մերթ կը զգայի, որ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենար։ Աղօտ լոյս մը կը վառէր ու կը մարէր ներսիդիս։ Այդ պահուն նորէն անցորդները ինծի կը բանային իրենց գաղտնիքներուն վարագոյրը, որ կրկին կ՚իյնար ծանրօրէն։ Իրիկունը ուշ ատեն, տուն վերադարձիս, վերջապէս տեղի ունեցաւ տենդագին փնտռուած փոփոխութիւնը։ Ահա թէ ինչպէս։ Կեցեր էին Օտէոնի հրապարակը, ճիշդ Տանդոնի արձանին տակ, դիտելով մէթրոյին բերնէն դուրս թափող ամբոխը, տուն հասնիլս ուշացնելու համար պարզապէս։ Այն ատեն ամբոխին մէջ տեսայ Խաչիկը, իր բարձր հասակը շիփ֊շիտակ բռնած, աչքերուն բարի ժպիտը բաշխելով ամէն մէկուն, արագ արագ ուղղուեցաւ Սէն Միշէլի կողմը։ Տանդոնին յուշարձանին ետեւը կեցայ, անկէ չտեսնուելու համար։ Բայց երբ անցաւ, չկրցայ տեղի չտալ հետաքըրքրութեանս եւ աչքերովս հետեւեցայ իրեն։ Ահա այդ ատեն է, որ տեղի ունեցաւ այնքան սպասուած փոփոխութիւնը։ Ըսի արդէն, որ արդէն որ ոեւէ բան գրելու անկարող էի Խաչիկին գործած արարքէն ի վեր։ Ձայն մը ներսէս ըսաւ եւ յիշեցուց ինծի, որ պարտական էի սա օտար ամբոխին մէջ յառաջացող հայրենազուրկ Հայուն պատմութիւնը գրելու։ Մանաւանդ երբ մտքիս զարնուեցաւ, մութին մէջ մէկէն ի մէկ բացուող լոյսի մը պէս, այն գաղափարը թէ Խաչիկին այնքան առինքնող ժպիտը ոչ մէկ արմատ ունէր հոգիին մէջ։ Անիկա զրահ մըն էր զոր կը պտտցնէր դէմքին վրայ պարզապէս պատսպարելու համար իր հայու խոցուած հոգին դուրսէն գալիք հարուածներուն դէմ։

Այսպէս նոր գիւտէս քաջալերուած, գոհունակ սիրտով տուն վերադարձայ։ Յաջորդ օրը առտուանց գացի Լիւքսէնպուրկի պարտէզը, խաղաղ եւ արեւոտ օդին մէջ մտածելու համար։ Այլեւս խօսք չէր կրնար ըլլալ գործի երթալու։ Ամբողջ էութեամբ կլանուած էի ստեղծագործելու հուրով մը։ Հոս հոն կը նստէի, կը քալէի պուրակներուն տակ, անդադար մտածումիս կառչած ունենալով Խաչիկին պատկերը որ երեւցածին չափ դիւրամարս չէր։ Այն ատեն երբ զայն ըմբռնած կը կարծէի, յանկարծ կը ճողոպրէր մտքիս արձակած լոյսերէն։ Նորանոր կը սկսէի խուզարկութիւնս։ Անոր այնքան դիւրաթափանց կարծուած ժպիտն էր, որ ետ կը մղէր փորձերս, իբրեւ թէ ան պողպատէ եղած ըլլար։ Բայց եւ այնպէս համոզուած էի թէ անկէ լաւ նմոյշ պիտի չկարենայի գտնել եւ քիչ քիչ, հակառակ անոր դիմադրութեան, կ՚ամփոփէի տիպարը կազմող տարրերը զորս սկսած էի զետեղել պատմութեան կմախքին մէջ, երբ մէկէն տեսայ զինքը, որ պարտէզին ետեւի դուռնէն ներս կը մտնէր։ Ընդոստ շարժումով մը նետուեցայ ծառերուն ետեւ, կարծեմ Վեռլէնի արձանին կողմը մեկուսի անկիւն մը։ Վախը սրտիս մէջ՝ թէ ան արդէն տեսած էր ինծի, որովհետեւ այնպիսի ժպիտ մը կար դէմքին վրայ, որ ինծի անպայման տեսած էր։ Բայց ան շարունակեց ուղղակի դէպի աւազանին բացատը։ Պահուըտելով հետեւեցայ իրեն, որոշ հեռաւորութիւն մը պահելով իրմէ։ Խաչիկ գնաց աւազանին մօտ, նստաւ քարէ նստարանի մը վրայ՝ որուն շուրջ տղաներ կը խաղային փոքրիկ առագաստանաւերու հետ։ Ժպիտով մը՝ որուն մէջ կարծես անոր ամբողջ սիրտն էր ծաղկած՝ ան կը հետեւէր տղոցը խաղերուն, երբեմն հրճուելու ձեւեր կ՚առնէր ու երբ տղոցմէ մէկը իրեն մօտեցաւ, թեթեւ մը շոյեց անոր գլուխը, բաներ մը ըսաւ ու գրպանէն բան մը հանեց եւ անոր տուաւ։ Քիչ վերջը անոր մտերիմն էր արդէն եւ նոյնիսկ խաղընկերը։ Յայտնի էր որ տղան աւելի ուրախ էր տարէց խաղընկերոջմէն, որովհետեւ ան աւելի հնազանդ էր իր քմայքներուն քան թէ իր տարեկիցները։ Քովի նստարանին վրայ նստող կինը՝ որ տղուն մայրը ըլլալ կը թուէր, չբողոքեց, տղան ետ չկանչեց, ինքն ալ նոյնքան ջերմութիւն կը զգար տղուն ու անծանօթին մտերմութենէն։ Այնքան քաղցր էին Խաչիկին ժպիտն ու ձայնը։ Մերթ ընդ մերթ կինն ու Խաչիկը բառեր կը փոխանակէին, կը խնդային, իրենց նայուածքը տղուն վրայ կեդրոնացուցած։ Ժամանակը կ՚անցնէր ու սկսած էի յոգնիլ Ֆրանսայի թագուհիներէն մէկուն քարէ քղանցքին ետեւ անոնց անհամ խաղին հետեւելով։ Կը պատրաստուէի մեկնելու։ Տեսայ, որ կինն ալ ժողվեց իր ձեռագործը ու ոտքի ելաւ։ Անշուշտ պիտի մեկնէր։ Մնացի տեղս, քիչ մը կծկուած ինքզինքիս վրայ, վախնալով որ Խաչիկն ալ տեղէն կ՚ելլէր ու կը տեսնէր զիս։ Գուշակածիս պէս ալ եղաւ։ Երբ կը հեռանար տղուն հետ, Խաչիկը մանուկին փաղաքշանքներ շռայլելով կը քալէր անոնց կողքին։ Չէի իմանար թէ Խաչիկը ինչեր կ՚ըսէր անոնց։ Ձայնը հազիւ իմանալի էր քովիններէն, դէմքը կը ծամածռէր ու կը ժպտէր, միշտ նոյն զինաթափ ընող մանկական ժպիտը։ Բայց երբ անոնք քովէս կ՚անցնէին, իմացայ որ կինը անկեղծ յուզումով մը կ՚ըսէր Խաչիկին.

—Vous etes trop bon, Monsieur.

Սանդուխներէն բարձրանալով դանդաղաքայլ ու օրօրուն, գլխաւոր դուռը տանող պողոտան առին։ Ես դեռ չէի համարձակեր թաքստոցէս դուրս գալու, բայց եւ այնպէս որոշած էի հետաքրքրութեանս մինչեւ ծայրը երթալ։ Երբ պողոտան հասայ, անոնք արդէն մեծ դուռնէն անցեր ու խառնուեր էին փողոցին բազմութեան։

Ահա անցեր էին դիմացի մայթը ու կ՚իջնէին պուլվար Սէն Միշէլէն։ Իրապէս յուզիչ բան մը կար այդ տեսարանին մէջ։ Խաչիկ տղուն ձեռքէն բռնած կը քալէր։ Միւս կողքին կինն էր։ Բոլորը ուրախ կ՚երեւէին այդ կազմուած երրորդութենէն։ Եթէ իմացած չըլլայի կնոջ խօսքերը պարտէզին սանդուխներուն վրայ, պիտի խորհէի թէ Խաչիկ մեզմէ կը պահէր իր ընտանիքը տարիներէ ի վեր, մեղք մը գործածի պէս։ Սուֆլօ փողոցին անկիւնը անոնք դարձան դէպի աջ։ Խորհեցայ թէ Պանթէոնի ետեւի փողոցներէն մէկը պիտի երթային։ Արագ արագ հակառակ մայթին վրայէն կը դիմէի Ֆրանսայի մեծ մարդոց դամբարանը, երբ յանկարծ մեր երրորդութիւնը կորսնցուցի աչքերէս։ Հաւանաբար քովնտի փողոցը մտած էին։ Շնչասպառ, քանի մը հոգիներ ալ հրմշտկելով մտայ այդ փողոցը եւ ուղիղ կը շարունակէի, երբ ձախիս նշմարեցի զանոնք, որ կը բարձրանային Մալպրանշ փողոցի աստիճաններէն ու կանգ առին 5 կամ 7 թիւին առջեւ։

Կինը, տղան ներս մտցուց եւ հիմա իմ կողմս դարձուցած էր դէմքը, կարմրած, ժպիտներէն կլորցած, անդադար կը խօսէր, կը խօսէր համոզելու համար, որ մարդը իրեն չհետեւէր այդ սեմէն անդին ու հետզհետէ հրաշալի գեղեցկութիւն մը կը ստանար։ Խաչիկը կռնակն էր ինծի դարձուցած։ Այդ կռնակին մէջ կիրթ կեցուածք մը կար, բայց յամառ։ Կնոջ երկար բացատրութիւններուն ընթացքին, ան ոչ մէկ շարժում ըրաւ։ Բայց այդ անշարժութիւնը խուլ ու համր պաղատանք մըն էր։ Չեմ գիտեր ինչպէս զգացի թէ Խաչիկ կուլար։ Ինծի կը թուէր թէ անոր արցունքները կռնակէն վար կը թափէին։ Ու մէկէն շարժեցաւ։ Կինը դռնէն ներս մտեր էր արդէն ու Խաչիկ կը հետեւէր անոր։

Ամբողջովին մոռցեր էի նախորդ օրը Տանդոնի արձանին մօտ ստացած ցնցումս։ Սիրտս բացուեր էր պահ մը ընդունելու համար տխուր հայորդիներուն պատմութիւնը, բայց վերջին տեսարանէն ետք, ան նորէն գոցուեր էր ինքն իր վրայ ու մնացեր էր թափուր, եւ գրիչս՝ անգործ։ Երկու տարիներ անցան։ Չեմ գիտեր ինչ եղած պիտի ըլլար այդ պատմութիւնը, եթէ այն ատեն գրած ըլլայի զայն։ Բայց կարեւորը անոր ինչ ըլլալը չէր, այլ՝ անոր տրուած ըլլալովը, այսօր շատ մը ուրիշ պատմութիւններ եւս պիտի ունենայինք։ Հիմա, որ, ահաւասիկ աս լրացաւ, կարելի պիտի ըլլայ գրել նաեւ միւսները. եթէ անշուշտ ժամանակը, կորուստէ փրկէ միեւնոյն ժամանակ սա հայորդիները, որոնց պատմութիւնը ի հարկէ ուրիշ պիտի ըլլար, եթէ անոնք գտնուէին հարազատ երկրին մէջ, ուր արդէն անոնց կեանքը ունէր իր գծուած ճամբան։