Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ ԵՒ ՊԻՒՏՃԷ

Կեանքը ունի իր պահանջները, առանց որոնց վտանգուած է: Ինչպէս անհատական՝ նոյնպէս եւ հաւաքական, հանրային կեանքը իր զարգացումը կը ստանայ նիւթական միջոցներու համեմատութեամբ եւ ապահովութեամբ: Զրկել նիւթական միջոցներէ՝ կը նշանակէ զրկել ապրելու հնարաւորութենէն: Նոյն նշանակութիւնը ունի նաեւ տնտեսութիւնը: Երբ ունինք նիւթական միջոցներ՝ բայց չենք տնտեսեր, փոխանակ կեանքի զարգացման պահանջներուն համար գործածելու, կը վատնենք կամ չենք գիտեր թէ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ կը մսխուին, յառաջ կուգան նոյն հետեւանքները, ինչ որ պիտի տեսնէինք եթէ նիւթական միջոցներէ զուրկ ըլլայինք:

Այսպէս եղած է մեր հանրային կեանքին համար ալ, սահմանադրական շրջանին, աւելի քան կէս դարէ ի վեր:

Կրթական գործը ժամանակի պահանջներուն համապատասխան չափի ու ծաւալի վերածելու, ընդհանուր նախնական կրթութիւն տալու, միջնակարգ կրթութիւնը զարգացնելու, վարժարաններ բանալու, բացուածներու կեանքը ապահովելու, վանքերը ծուլարաններ, անկելանոցներ ըլլալէ դադրեցնելով  կողոպուտներէ ազատելու, կրթական վառարաններ դարձնելու, հիւանդանոցներ հիմնելու եւ անոնց գոյութիւնը ապահովելու, արկածեալներուն օգնելու գործը մուրացկանութենէ փրկելու եւ ազնուացնելու համար, անհրաժեշտ է եկեղեցական ու վանական կոչուած ազգային կալուածները ենթարկել արդիւնաւոր տնտեսութեան, հիմնել ազգային պարտաւորիչ տուրք, ունենալ մատակարարութիւն, ելեւմուտք, հաշիւ, ըլլալ հաշուետու եւ հաշուառու, նուիրագործել պատասխանատուութիւնը:

Ասոնց ո՛չ մէկը իրագործուեցաւ:

Համաձայն օրէնքի 90րդ յօդուածին՝—

Ամէն ազգային անհատ՝ որ չափահաս է եւ վաստակի ու շահու տէր, պարտական է տրօք մասնակից ըլլալ ազգային ծախուց:

Այս տուրքը տարեկան է, եւ բաշխման հիմք կը բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը:

Նոյնպէս համաձայն  91րդ յօդուածին՝—

Ազգային տուրքը երկու տեսակ է մէկը ընդհանուր որ ընդհանուր ծախուց յատկացեալ է, եւ կը հաւաքուի Պատրիարքարանի կողմէն, ազգային Կեդրոնական Սնտուկին համար եւ միւսը մասնաւոր՝ որ իւրաքանչիւր թաղի մասնաւոր ծախուց յատկացեալ է, եւ կը հաւաքուին Թաղական Խորհրդոց կողմէն, Թաղական Սնտուկներուն համար:

Բայց ինչպէս դիտել տուինք, օրէնքի հայերէն թարգմանութեան մէջ գործածուած տուրք բառը թուրքերէն բնագրին հաւատարիմ թարգմանութիւնը չէ՛: Այն տեղ ըսուած է իանէ: Թէեւ «քեար ու քիսպ սահիպի պուլունան քեաֆֆէի էֆրատը միլլէթ մէսարիֆը միլլիյէ թէսվիյէսինտէ միւշարքքէթէ մէճպուր տըր» խմբագրական ոճը իանէ՝ հանգանակութիւնը, նուէր իմաստով բառին մինչեւ տուրքի աստիճան պարտաւորիչ ըլլալը կը բացատրէ, բայց եւ այնպէս կրնայ վիճելի ըլլալ մեր բարքերուն մէջ:

Մինչ 90րդ յօդուածով բաշխման հիմ ընդունուած է իւրաքանչիւր անհատի նիւթական կարղութիւնը,   65րդ յօդուածով ընտրողական իրաւունք կը տրուի միայն առնուազն 75 ղրշ. վճարողին:

Հայ եւ   93րդ հօդուածը, որ կը տրամադրէ ընդհանուր տուրքի գաւառին վիճակուած մասի բաշխման ու հաւաքման եղանակը որոշել Ընդհանուր Ժողովով եւ գործադրել Բ. Դրան հաճութեամբը: Հետեւաբար, ազգային տուրքը իրապէս ո՛չ թէ երկու՝ այլ երեք տեսակ է. ընդհանուր կեդրոնական, գաւառային կեդրոնական եւ թաղային, կամ ուրիշ բառերով կեդրոնական, վիճակային եւ թեմական:

  Փաստը այն է որ ոչ Կ. Պոլսի մէջ ընդհանուր եւ մասնաւոր տուրքի եւ բաշխման եղանակ է որոշուած, եւ ո՛չ գաւառի համար, ո՛չ ալ Բ. Դրան դիմում եղած է գործադրութեան համար:

  61րդ յօդուածը, որ կը գծէ Ընդհ. Ժողովի իրաւասութեանց սահմանները, առաջնակարգ տեղ կուտայ կարեւոր պահանջի մը, «Վարչութեան երկամեայ ընթացքին տեղեկագիրը մտիկ ընել», այսինքն երկամեայ շրջանը լրացնող եւ պաշտօնէ դադրած վարչութեան հաշուետուութիւնը, համարատուութիւնը ստանալ, «Ելմտական պաշտօնակալաց ձեռօք ժողվուած եւ ծախս եղած գումարներուն ընդհանուր հաշիւը տեսնել եւ քննել», այսինքն ելքի հաշիւները քննելով՝ ստուգել թէ նախահաշուի պիւտճէի սահմանին մէջ եւ իրենց նպատակին ծախսուա՞ծ են, ի հարկին պատասխանատուութեան ենթարկելով, «յետագայ երկու տարուան մէջ ազգային տուրքը ի՞նչպէս տնօրինուելիքը սահմանել», այսինքն կազմել պիւտճէ, յաջորդ երկու տարիներու ելեւմուտքին նախահաշիւը եւ անոր համեմատ արտօնել վարչութիւնը գանձելու եւ ծախսելու:

Երբէ՛ք օրէնքի այդ սահմաններուն մէջ ո՛չ պիւտճէ կազմուած է, ո՛չ գործադրուած եւ ո՛չ ալ գործադրութիւնը կոնտրոլի ենթարկուած կամ հաշուետուութեամբ քննուած:

Ընդհանուր ժողովը, որ համաձայն 61րդ յօդուածի, իր սովորական նիստերը պիտի գումարէր երկու տարին մէկ անգամ, Ապրիլէն սկսած երկու ամիս, ունեցաւ տեւական նիստեր, առանց սակայն էական հարցերով, իր հիմնական պարտականութիւններով զբաղելու։

Անվերջ վէճեր, երկպառակութիւններ, օրակարգեր, էնդրիկներ, փայլուն, օդային ծրագիրներ ու առաջարկներ, քննադատութիւններ, բայց երբէ՛ք գործնական աշխատանք ու արդիւնք:

Սահմանադրական կեանքի մէջ, սահմանադրական պետութիւններու մէջ ժողովուրդի կողմէ միապետական, տիրող ուժի եւ իշխանութեան դէմ իր ներկայացուցիչներուն՝ խորհրդարանի միջոցով գործադրուած ամէնէն ուժեղ հակակշիռը պիւտճէն է: Սահմանադրականութեան էական պայմանն է որ առանց պիւտճէն պարլամէնտէն քուէարկուելու, այսինքն առանց տուրքերը ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ որոշուելու, առանց գանձումը արտօնուելու՝ ինչպէս եւ առանց ըլլալիք ծախքերը որոշուելու եւ ելքը արտօնուելու, իշխանութիւնը իրաւունք չունենար ո՛ եւ է գանձում եւ ծախք ընելու:

Եւ այս շատ բնական է:

Եթէ սահմանադրական կարգը այս հիմնական նպատակին չպիտի ծառայէ, այլ եւս կը դադրի գոյութենէ:

Այդպէս ալ եղած է մեր մէջ, չնայելով որ ընտրուածները ընդհանուր ազգը, Ազգ. Ընդհ. Ժողովը, ազգ. Բարձրագոյն հեղինակութիւնը ներկայացնելու կը յաւակնին:

Անպատասխանատու ամիրայութեան յաջորդեց անպատասխանատու էֆէնտիութիւնը   եւ ասիական ու եւրոպական խառնուրդով պուրժուան, որոնց գործիքն ու խնկարկուն եղաւ ապադասակարգային, մեծ մասամբ աննկարագիր կամ նկարագրով վատասերած, հոգիով աղքատ անպէտ մտաւորականութիւն մը:

Այդ է պատճառը որ դեռ ներկայ անկումի շրջանին չհասած, 1895-96ի ընդհանուր սարսափներէն՝ կոտորածներէն ալ առաջ, երբ տակաւին չէր անհետացած ռահվիրաներու սերունդը, Սէրվիչէն Էֆէնտին կը բացականչէր դառնութեամբ.

Մենք տապալեցինք ամիրայութիւնը, դուք ալ պարտաւոր էք էֆէնտիութիւնը տապալել:

Այդ բացականչութեան օրերուն՝ Սէրվիչէն չէր կրնար երեւակայել որ յաջորդ սերունդի մտաւորականութեան մէկ կարեւոր մասը աւելի վար աստիճանի վրայ պիտի գտնուի, քան իր ժամանակի էֆէնտիութիւնը:

Սահմանադրական ժողովուրդներու մէջ՝ եթէ վարչութիւնը, գործադիր իշխանութիւնը ներկայացուցակչական ժողովի կոնտրոլին է ենթարկուած, այդ ժողովն ալ իր կարգին ենթակայ է զինքը ընտրողներու՝ ժողովուրդի կոնտրոլին, անոր դատաստանին:

Այս կոնտրոլը կը կատարուի հանրային կարծիք ըսուած ուժին միջոցով, որ կը գոյանայ մամուլի, կուսակցական պայքարներու շնորհիւ:

Իսկ մեր մէջ մամուլը՝ բացառութիւնները մէկ կողմ առնելով, զուրկ իր կոչումի պահանջէն, նիւթական անձուկ հաշիւներէ առաջնորդուած, չունենալով որոշ դաւանանք կամ աշխարհահայեացք, ջերմաչափի նման միշտ կ’իջնէ եւ կը բարձրանայ, միշտ կուռքեր կը ստեղծէ եւ կը տապալէ, կը շահագործէ ամբոխային նախապաշարումները, կը խեղաթիւրէ դէպքերը եւ փաստերը, երբեք լրջօրէն չի զբաղիր կենսական հարցերով եւ ամէնէն նուիրական զգացումներուն եւ խնդիրներուն կը մօտենայ իր սեփական շահերու տեսակէտով:

Այդ պատճառով ալ մեր մէջ տիրող հանրային կարծիք չկայ եւ Ընդհ. Ժողովը անվրդով ու անպատասխանատու կը շարունակէ իր ամուլ՝ չըսեմ յանցապարտ գոյութիւնը:

Օրէնքին մէջ առանձին տրամադրութիւն մը չկայ Ընդհ. Ժողովի պատասխանատուութեան մասին: Միայն1860ի բնագրին մէջ 7րդ յօդուածի վերջին պարբերութիւնը կ’ըսէ թէ «Ընդհանուր Ժողովը բարոյապէս պատասխանատու է ազգին առջեւ»:

Ի՞նչպէս կը կազմուի այդ բարոյական պատասխանատուութիւնը, ո՞ւր կը գտնուի, ո՞րն է ազգը եւ ի՞նչ միջոցով պիտի գործադրէ իր իրաւունքը պատասխանատուութեան ենթարկուելու մեղադրելին՝ որ միշտ անպատիժ եւ անպատասխանատու կը մնայ:

Օրէնքի 46րդ յօդուածին համաձայն, ունեցանք Տնտեսախորհուրդներ, որոնք ազգային բոլոր հաստատութեանց ու կալուածներու ընդհանուր տեսչութիւնը կատարելով, անոնց բարեկարգութեան հոգ պիտի տանէին:

  48րդ յօդուածով ունեցանք Վանօրէից խորհուրդներ՝ որոնք վանքերը պիտի յատկացնէին ազգին բարոյական զարգացմանը. իւրաքանչիւր վանք, կարողութեան համեմատ պիտի ունենար իր ընծայարանը, թանգարանը, տպարանը եւ հիւանդանոցը:

  49րդ   յօդուածով ունեցանք Կտակաց Հոգեբարձութիւններ՝ որոնք պիտի հսկէին կտակներու օրինաւոր գործադրութեանը, հաւատարիմ մնալով կտակակատարի նպատակին:

Բայց դեռ այս օր ալ մեր Տնտեսական խորհուրդները՝ Կեդրոնական թէ Գաւառային, չունին ազգային ստացուածքներու կանոնաւոր ցանկ, կալուածագիր, արձանագրութիւն:

Հազուադէպ է որ գնումներ ու վաճառումներ կատարուին «Տնտեսական խորհուրդի գիտութեամբ, Քաղաքական Ժողովի հաճութեամբ եւ Պատրիարքի հաստատութեամբ»:

Հազուադէպ է որ կալուածական շինութիւններ եւ վերանորոգումներ կատարուին Տնտեսական խորհուրդի գիտութեամբ եւ Քաղաքական Ժողովի հաւանութեամբ:

Դեռ միչու այսօր Վանօրէից խորհուրդը չունի վանքերու լրիւ ցուցակը, չգիտէ իւրաքանչիւր վանքի անշարժ ու շարժուն ստացուածքը, տարեկան եկամուտն ու ծախքը:

Ո՛չ միայն վանքերը չունին ընծայարան, թանգարան, տպարան եւ հիւանդանոց՝ այլ եւ եղածները ցրուած, քանդուած են:

Դեռ մինչեւ այս օր ալ կտակաց հոգաբարձութիւնը որոշ չի գիտեր թէ ազգային քանի՛ կտակներ կան: Ցանցառ արձանագրութիւններ միայն ունի եւ անծանօթ է կտակներւ որակին ալ , քանակին ալ: Չի գիտեր թէ բազմաթիւ կտակներու գումարները, կալուածներւ ո՛ւր են մնացած, ինչպէս են գործածուած, չգիտէ կորուստն ու շահագործումը:

Ազգային կալուածներ ու կտակներ ունինք, որոնց արժէքը անկասկած միլիոններու կը հասնի եւ սակայն մեր կրթական հաստատութիւնները նիւթական անձուկ վիճակի մէջ են ու միշտ մուրացիկ:

Կենդանի պատկեր, ահա Երուսաղէմը՝ ուր աւազակներու խումբ մը կ’ապրի ու կը կողոպտէ եւ մշտապէս 20-30 հազար ոսկի պարտք մը փաթթած է ազգի վզին:

Ագային օրէնքի հաստատութենէն ի վեր ո՛չ միայն ազգային հիմնարկութիւնները նոր բարեկարգութիւն չեն ստացած, ո՛չ միայն տնտեսութիւն, հաշուետւութիւն չէ մտցուած, այլ եւ եթէ հնարաւոր ըլլար վիճակագրութիւն կազմել՝ պիտի տեսնուէր որ աւելի շատ մսխում, զեղծում, կողոպուտ եւ թալան է տեղի ունեցած:

ԺԹ. դարու նախասահմանադրական շրջանի սերունդը մեծագործութիւններ է կատարած, բայց յաջորդ սերունդը ո՛չ միայն ժառանգութիւնը չէ օգտագործած, այլ եւ անոր աւանդապահն անգամ չէ՛ եղած:

Ազգը անցեր է աղէտներու շրջան մը, որ իր դառն հետեւանքներն է ունեցած, վայրենի վոհմակներ կողոպտած ու բռնագրաւած են ազգային սեփականութիւնները, հարստութիւնները, բայց մեր հոգեւորականութեան ու անոնց շահակիցներուն գործած կողոպուտները աւելի մեծ տեղ կը գրաւեն:

Չեմ յիշեր Դատաստանական, Ուսումնական խորհուրդներու, Հոգաբարձութիւններու, Թաղական Խորհուրդներու անճարակութիւնները, կամայականութիւնները:

Ամբողջ Թուրքիոյ Կեդրոնական Տնտեսական խորհուրդը չունի իր կոչումին գիտակցութիւնը, խղճահարութիւնը: Այդ խորհուրդներէն մէկն էր որ, հետեւելով կոտորածներու շրջանի, Օրմանեանական աւանդութեան, Պատրիարքարանին եկամուտ հայթայթելու համար, առանց վարչութեան գիտութեան, առանց Ազգ. Ժողովի որոշման ինքնագլուխ տոկոս, տասանորդ գանձեց Կիլիկեան աղէտի եւ ուրիշ արկածեալներու նպաստի գումարներէն:

Տասանո՛րդ, բաժի՛ն գանձել արեան գինէն…:

Եւ այս՝ 1908ին, պետական Սահմանադրութեան վերյայտարարութենէն յետոյ, օրէնքի ազատ կիրառման օրերուն:

Ամբողջ Թուրքիոյ Կեդր. Տնտեսական խորհուրդը իր կոչումին գիտակցութիւնը չունենալով, պիւտճէներ կը կազմէ միայն Պատրիարքարանի անձուկ շրջափակին համար: Ամբողջ թաղեր եւ գաւառներ անկապ ու աններդաշնակ…:

Եւ այդ խեղճուկ պիւտճէներն անգամ, որոնք ընդհանրապէս արդիւնք են տգիտութեան կամ չկամութեան, նոյն իսկ յետին նպատակներու, եթէ երբէք Ընդհ. Ժողովէն վաւերացուելու բաղդին արժանանան, այդ կը պատահի այն ժամանակ՝ երբ արդէն տարին անցեր է եւ Տնտեսական Խորհուրդը կամ Ելեւմտից Հոգաբարձութիւնը գանձեր ու ծախսեր են, համաձայն իրենց հայեցողութեան:

Եւ այս ամէնը ի՞նչու համար:

Որովհետեւ օրէնքը թերութիւններ շա՞տ ունի:

Ո՛չ, միակ պատասխանատուն համարել օրէնքին թերութիւնը, պիտի ըլլար միակողմանի եւ չափազանց մեծ անարդարութիւն:

Օրէնքի թերութիւնները մեծ մասով կարելի էր լրացնել առանց օրէնքի բացարձակ տրամադրութիւններուն ու ոգիին հակասելու, ներքին կանոնադրութիւններով ու հրահանգելով:

Այդպիսի փորձ մը եղաւ 1908-9 շրջանին, երբ Գարաեան Վարչութեան օրով Պատրիարքարանի վերակազմութեան, Երուսաղէմի եւ Վանքերու կանոնագրելու երեք ծրագիրներ, որոնք հաստատուած էին Վարչութենէն, ենթարկուեցան Ընդհ. Ժողովին, փոշիներու մէջ թաղուելու համար: Այդ ծրագիրները պիտի հաստատէին գործնական սիստէմ, կարգ եւ պատասխանատուութիւն, եւ ճիշդ այդ պատճառով մոռացութեան տրուեցան:

Եւ արդէն կեանքի բարեշրջումը առհասարակ ո՛չ թէ օրէնքներէն կը բղխի, այլ օրէնքը բարեշրջութենէն, երբ կեանքի մէկ իրականութիւնը կը նուիրագործուի օրէնսդրական ճանապարհով:

Չարիքի իսկական պատճառը ուրեմն, պէտք է փնտրել նկարագիրներու, բարքերու, տիրող հոգեբանութեան մէջ:

Ուրիշ պատճառ մըն ալ թերեւս Բիւզանդիոնն է, ապականութեան այդ քաղաքը Տիրապետողները փոխուեր, կայսրութիւններ իրարու յաջորդեր են, բայց քաղաքը իր բարքերով մնացեր է միշտ նոյնը: Կարծէք գլուխ մըն է այդ, որուն ջիղերն ու ուղեղը իրանին հետ միացած չեն:

Եւ ի՞նչ ղեկավար դեր կրնար ունենալ այդ մայրաքաղաքը որ հայ ժողովուրդին համար գաղթավայր մըն է միայն:

Ամէն բոյս, ամէն կենդանի իր զարգացման նպաստող կլիման, աշխարհագրական միջավայրը, շրջապատող պայմաններն ունի: Այդպէս եւ ամէն ժողովուրդ: Հայ լեզուն, հայ գրականութիւնը իր հայերնի երկրին մէջ միայն կրնայ սնունդ ստանալ, զարգանալ: Հայ ժողովուրդին ցաւերը իր իսկ միջավայրին մէջ միայն կարելի էր տեսնել ու զգալ: Հայ գուսանը հայրենի աւերակներուն մէջ միայն կրնար հնչեցնել իր սրտամորմոք լարերը: Այն տեղ է որ սրտերը ընդունակ պիտի ըլլային արձագանգելու կեա՛նք, լո՛յս խնդրող հառաչներն ու պաղատանքները:

Մեզի համար ի՞նչ էր նշանակութիւնը Պոլսական Պատրիարքարանին: Բաղդատեցէք կովկասեան գրականութեան, գրական լեզուին ոգին ու շեշտը Պոլսականի հետ: Բաղդատեցէք Արարատեան աշխարհի, Կովկասի գրական, պատմական, հնախօսական, կրթական եւ ուրիշ ճիւղերուն ուսումնասիրութեան նիւթերն ու խորութիւնը արեւմտեանին հետ:

Ինչէ՞ն յառաջ կուգայ այդ տարբերութիւնը: Ինչէ՞ն է որ մինչ այնտեղ բանաստեղծի ու աշուղի երգերը սրտէն եւ հոգիէն կը հեծեն ու կը մռնչեն, Պոլսականը շպարուած կնոջ արուեստական գեղեցկութեան տպաւորութիւնը կը գործէ:

Որովհետեւ այն տեղ ուղղակի հայրենի հողէն, ջուրէն ամպերէն ու հովերէն, յիշատակներէն ու աւերակներէն, ուխտէն ու ուխտավայրէն, շէնէն ու շինականէն, կեանքէն կը ներշնչուին: Ատոնք են խորհող ու գործող մտքերու տեսողութեան առարկաները:

Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէր Պոլսական Պատրիարքութիւնը:

Նստիլ գաղթավայրին մէջ եւ բնագաւառի կեանքին ղեկավա՞րը դառնալ:

Ո՞ր ժողովուրդին մէջ տեսնուած է այդ անբնական հակումը:

Յոյներո՞ւն: Բայց անոնց համար Պոլիսը սոսկ գաղթավայր չէ:

Ահա՛ թէ Յովակիմ եպիսկոպոսներու փառասիրութիւնը ինչ ժառանգութիւններ ձգեց մեզի: