Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Քրքրենք օրէնքը.

Յօդ. 57. Ազգային Ընդհ, ժողովը հարիւր քառասուն երեսփոխաններէ կը բաղկանայ, որոնց՝

Ա. «Մէկ եօթներորդ մասը, այսինքն քսանը, եկեղեցական երեսփոխանք են, զոր Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող եկեղեցականք կ’ընտրեն»:

Բ. «Երկու եօթներորդ մասը, այսինքն քառասունը, գաւառներէն գալիք ազգային [1] երեսփոխանք են»:

Գ. «Չորս եօթներորդ մասը, այսինքն ութսունը, Կ. Պոլսոյ թաղերէն ընտրուած երեսփոխանք են»:

Յօդ. 63. «Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցականք՝ Պատրիարքի հրաւիրանօք Ապրիլ ամսոյ վերջը որոշեալ տեղ մը կը գումարուին, եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ու քուէից բացարձակ առաւելութեամբ Ազգ. Ընդհ. Ժողովոյ եկեղեցական անդամները կ’ընտրեն, թէ՛ եպիսկոպոսներէն, թէ՛ վարդապետներէն եւ թէ՛ քահանաներէն, բայց պէտք է որ ընտրելիք՝ դուրսերը պաշտօն չունենան եւ հատակաւ երեսուն տարին լրացուցած, եւ գոնէ հինգ տարի առաջ ձեռնադրուած ըլլան, եւ ո՛ր եւ է դատաստանի տակ չը գտնուին»:

Յօդ 65. «Ընտրողական իրաւանց հիմը կը բռնուին ազգային տուրքը եւ անձնական արժանիքը»:

Ազգային տուրքը ընտրութեան իրաւունք տալու համար, պէտք է որ ընտրողը տարին գոնէ եօթանասուն եւ հինգ ղրշ. Ընդհանուր տուրք վճարէ:

Ընտրութեան անձնական արժանեօք իրաւունք ունեցողներն են՝ Արքունի Դիւաններուն եւ Տէրութեան ուրիշ պաշտօններուն մէջ գտնուողները, վկայեալ բժիշկները, օգտակար գրքերու հեղինակները, դպրատանց ուսուցիչները եւ ազգին օգտակար ծառայութիւններ մատուցած անձինք:

Յօդ. 68. Ընտրելի են ազգին այն ամէն անհատները որոնք երեսուն տարին լրացուցած ըլլալով, օսմանեան հպատակ տերութեան օրինացը տեղեակ, եւ ազգային գործոց հմուտ են, եւ ընտրութեան իրաւունքէն ըստ 67րդ յօդուածոյ զրկուած չեն:

Բայց Կ. Պոլսոյ թաղերուն կողմէն ընտրուելիք ութսուն (աշխարհական) երեսփոխանաց գոնէ եօթը աստիճանաւոր անձինք ըլլալու են:

Յօդ. 69. «Կ. Պոլսոյ Թաղերէն եւ գաւառներէն ընտրուելիք երեսփոխանաց բաշխման ցուցակը շինելու համար ամէն երկու տարի Փետրուար ամսոյ սկիզբը՝ Ազգ. Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները, Տեսուչ խորհրդոց ատենապետներուն հետ մէկտեղելով համախորհուրդ ժողով կը կազմեն, եւ պատրիարքական Դիւանատան ընդհանուր ազգահամարին նայելով ամէն մէկ թաղին ու գաւառին կողմէն քանի՛ երեսփոխան ընտրուելիքը կ’որոշեն: Պոլսոյ թաղերուն համար՝ ընտրողաց թիւը, եւ գաւառներուն համար՝ բնակչաց թիւը հիմն բռնելով:

Երեսփոխանաց պաշտօնը տասը տարի կը տեւէ, եւ երկու տարին անգամ մը՝ թէ՛ Կ. Պոլսոյ թաղերէն եւ թէ՛ գաւառներէն ընտրուած ազգային երեսփոխաններուն հինգերորդ մասը կը փոխուի եւ կը նորոգուի։ Այս հինգերորդ մասին ընտրութիւնը պիտի կատարուի երկու տարին անգամ մը. թէ՛ թաղերուն եւ թէ՛ գաւառներուն կողմէն, մէջերնին փոփոխակի կարգ պահելով:

Թաղական երեսփոխանները Կ. Պոլսոյ  թաղերուն բնակչաց կողմէն պիտի ընտրուին: Իսկ գաւառական երեսփոխանները իւրաքանչիւր գաւառի Ընդհ. Ժողովոյ կողմէն պիտի ընտրուին:

Յօդ. 70. «Թէ՛ Պոլսոյ թաղերէն եւ թէ՛ գաւառներէն ուզուած երեսփոխանները հարկ չէ՛ որ ընտրող թաղին կամ գաւառին բնակիչներէն ըլլան բաւական է որ Կ. Պոլսոյ մէջ բնակին, իրենց ներկայացուցած թաղին եւ գաւառին ազգային գործոցը հմուտ ըլլան, եւ ազգասիրութեամբ, ուղղութեամբ եւ արդարախոհութեամբ ընտրողաց յարգն ու համարումը ստացած անձինք ըլլան»:

Յօդ. 71. Թաղական խորհուրդները երեսփոխանաց ընտրութեանը կը ձեռնարկեն: Բայց ընտրական գործողութեանց համար թաղին քարոզիչը՝ կամ անոր չգտնուած ժամանակը՝ աւագերէցը նախագահութիւն կ’ընէ, եւ թաղին բնակիչներէն երեքէն մինչեւ վեց պատուաւոր անձինք թաղական խորհուրդին վրայ կ’աւելցուին:

Այս կերպով կազմուած ընտրողական ժողովներուն ամէն մէկը իր թաղին մէջ ընտրողութեան իրաւունք ունեցողներն ստուգելով այբուբենի կարգաւ ընտրողաց ցանկ մը կը պատրաստէ, եւ ութ օր բաց մնալու պայմանաւ Թաղ. Խորհրդարանի մէջ կախել կուտայ:

Ընտրողական ժողովը ընտրողաց որոշումը դիւրացնելու համար՝ ուզուած երեսփոխաններուն թիւէն եռապատիկ աւելի ընտրելեաց ցուցակ մըն ալ կը պատրաստէ, եւ այն ալ կախել կուտայ խորհրդարանին մէջ: Սակայն ընտրողք ամենեւին պարտաւորեալ չեն ընտրելեաց ցուցակին հետեւելու:

Կարծեմ բաւական են այս յօդուածները եւ հատուածները, յստակ գաղափար կազմել տալու մեր սահմանադրականութեան որակին ու աստիճանին վրայ:

Նախ որ ընտրող ըլլալու համար 75 ղրշ. տարեկան տուրքի սակ մը կը սահմանուի որ կը հակասէ 90րդ յօդուածի ոգիին, եւ շնորհիւ այս սակին ընտրական իրաւունքը կը դառնայ ո՛չ թէ համաժողովրդային՝ այլ դասակաագային:

Երկրորդ՝ ընտրող ըլլալու համար կը դրուի անձնական արժանիքի սակ մը՝ որ անիմաստ է: Ի՞նչ կը նշանակէ արքունի դիւաններու, տէրութեան ուրիշ պաշտօններու մէջ գտնուելով, վկայեալ բժիշկ, օգտակար գրքերու հեղինակ, ուսուցիչ ըլլալոց ընտրելու իրաւունքին տիրանալ: Ատոնք ուրեմն 75 ղրշ. տուրք վճարելու սակէն ազա՞տ պիտի ըլլան: Առատ ռոճիկներով պետական պաշտօններու անցնիլը, վկայեալ բժիշկ, այսինքն ազատ մասնագիտութեամբ նիւթական դիրք շինելու ասպարէզին մէջ գտնուիլը իրաւո՞ւնք պիտի տայ ազգային տուրքէն, 75 ղրշ. վճարելու պարտականութենէն ազատ ըլլալու: Եթէ այս չէ նպատակը, ինչո՞ւ առանձինն յիշել այդ յատկութիւնները, իբրեւ տուրքէն անկախ պայման: Ո՞վ պիտի որոշէ հեղինակներու արտադրած գրքերուն օգտակարութիւնը, որպէս զի հեղինակը կարենայ վայելել անձնական արժանիքով ընտրող ըլլալու իրաւունքը:

Դիտելի է որ 1860ի բնագրին մէջ նիւթական կամ անձնական արժանիքի սակ կամ պայման չկայ ընտրողի իրաւունք վայելելու համար: Միակ սակը իրաւունքէ զրկող դատապարտութիւններ կրած եւ տուրք վճարելու կարողութիւն ունենալով հանդերձ մերժած չըլլալն է: Իսկ 1869ի երկրորդ վերաքննութեան նախագծին մէջ ընտրութեան իրաւունքը տրուած է միայն թաղական խորհուրդներուն եւ Գաւառ. ժողովներուն:

Սա արդէն ապացոյց է թէ մտքերը ի՛նչպէս աստիճանաբար դէպի ետ են հակեր:

Երրորդ՝ ընտրելիութեան իբր պայման կը պարտադրուի Պոլսէն ընտրել անպատճառ եւ գոնէ՛ եօթը աստիճանաւոր, այսինքն ո՛չ միայն այնպիսիներ որ պետական ծառայութեան մէջ են, այլ եւ աստիճան ունին:

Չորրորդ՝ ընտրելիութեան պայման կը դրուի նաեւ թէեւ նիւթական սակ չէ յիշուած տէրութեան օրէնքներուն տեղեակ եւ ազգային գործերու հմուտ ըլլալ: Ով պիտի որոշէ հմտութիւնը: Ո՞րն է այդ կարողութեան աստիճանաչափը:

Հինգերորդ՝ մինչ 37րդ յօդուածը «գաւառներէն գալիք երեսփոխան» կ’ըսէ. 70րդ յօդուածը կը բացատրէ թէ «հարկ չէ՛ ընտրող թաղին կամ գաւառին բնակիչը ըլլայ, բաւական է Պոլսի մէջ բնակիլ»: Երկու յօդուածներու տրամադրութիւնները կը հակասեն իրարու, 70րդը ջնջելով 37րդը կը հարկադրէ Պոլսի բնակիչ ըլլալ:

Այդպէս ալ եղած է: Միշտ ընտրուած են Պոլիս բնակողներ, եւ բացառութիւններ են զիրենք ընտրող գաւառի կեանքին տեղեակ երեսփոխանները: Գաւառի ընտրութիւններուն մէջ են ունեցած այս կամ այն փայլուն անունը, յանձնարարութիւնները եւ յաճախ Պատրիարքարանի կողմէ ներկայացուած ըլլալը, որով գաւառի ձայնը անուանական է մնացած եւ իրականապէս Պոլիսը տուեր է 100 աշխարհական պատգամաւոր:

Վեցերորդ՝ ընտրելիի արժանիքի համար պարտադրուած է ազգասիրութիւնը, ուղղութիւնը (ուղղամտութիւն ըսել կ’ուզեն), արդարախոհութիւնը, ընտրողներու յարգն ու համարումը:

Ի՜նչ ուռուցիկ, սիրուն բառեր: Մեր մէջ ինչքա՜ն աժան ծախուած է ազգասիրութիւնը: Ազգային անհատի համար ի՞նչ կը նշանակէ ազգասէր ըլլալ։ Եւ մի՞թէ անազգասիրութիւնը սովորական յատկանի՞շն է հայ անհատին՝ որպէս զի փնտռուին բացառութիւն կազմող ազգասէրները: Որո՞ւ կարելի պիտի ըլլայ ըսել թէ դուն ազգասէր չես, ուղղամիտ կամ արդարախոհ չե՛ս:

Ազգասիրութիւն, ուղղամտութիւն, արդարախոհութիւն բառերը՝ իւրաքանչիւրի ըմբռնած ձեւով գաղափարներ են, եւ ո՛չ թէ մեր, սահմանադրականներու հասկցած ծրագրային, աշխարհահայեացքի յայտարարներ:

Հակասահմանադրականն ալ, յետադիմականն ալ, կղերամիտն ալ եւ այնքա՜ն կռիւներով տապալուած ամիրայականութիւնն ալ, իրենց ըմբռնումներով իրենք զիրենք կը համարեն ազգասէր, ուղղամիտ եւ արդարախոհ:

Եօթերորդ՝ ընտրողական ժողովները կը կազմուին Թաղական խորհուրդներէն, այսինքն իշխանութեան տէր, գործադիր մարմնի ներկայացուցիչներով: Ու թէեւ Թաղ. Խորհուրդները իրենց գործակից կ’ունենան վեց թաղեցիներ ալ, բայց ատոնք ալ իրենք կ’ընտրեն, անշուշտ իրենց համախոհներէն:

Կը նշանակէ թէ գործադիր իշխանութիւնը ի՛նքը կը վարէ ընտրութիւնները, իր ազդեցութեան կ’ենթարկէ զանոնք, ինչ որ երբեք չի կրնար հաշտուիլ սահմանադրական սկզբունքներու հետ: Ընտրութիւնները հնարաւորութեան չափով ազատ ըլլալու, ազդեցութեան չենթարկուելու, ընտրողներու ազատ կամքին արտայայտութիւնը դառնալու համար, սահմանադրական պայմանն է իշխանութեան չէզոքութիւնը՝ որ կը բացակայի մեր մէջ, եւ մանաւանդ ի պաշտօնէ կը ներկայացուին թեկնածուները:

Թէեւ կ’ըսուի որ ընտրողները ազատ են պաշտօնական թեկնածուներու ցանկէն դուրս քուէ տալու, բայց այդ ազատութիւնը անուանական է այն տեղ՝ ուր իշխանութիւնը իր ազդեցութիւնը կը գործածէ ընտրողներու վրայ ներելի եւ աններելի միջոցներով:

Ութերորդ՝ ընտրական շրջանակներու բաշխումը, այնքա՛ն անարդար է կատարուած որ գաւառի մասնակցութիւնը անուանական կը մնայ:

Իններորդ՝ Պոլսի հոգեւորականութեան իրաւունք կը տրուի իբրեւ ուրոյն դաս, քսան պատգամաւոր ընտրելու, որ բացարձակապէս հակառակ է նոյն իսկ հայ եկեղեցական օրէնքներուն ու արդարութեան տարրական հասկացողութեան:

Ինչո՞ւ այս առանձնաշնորհը մասնաւորապէս Պոլսոյ հոգեւորականութեան եւ առհասարակ հոգեւորական դասերու համար:

Հայ եկեղեցին հիմնական սկզբունք է ընդունած, նոյն իսկ եկեղեցիի պաշտօնէութեան համար, առաջին աստիճաններէն մինչեւ բարձրագոյնը, դպիրէն, սարկաւագէն մինչեւ Կաթողիկոսը ժողովրդային ընտրութիւնը, հաւանութիւնը: Հետեւաբար մշակոյթի կեանքին համար ա՛լ աւելի անհրաժեշտ է հոգեւորական ներկայացուցչութիւնն ալ ենթարկել ժողովուրդի ընտրութեան ու հաւանութեան: Ա՛յս կը պահանջեն տարրական բանականութիւնը, դատողութիւնը: Հայկական ո՞ր աւանդութեան, իրաւական ո՞ր սկզբունքին կրթնելով ներմուծեր են այս բացառիկ առանձնաշնորհը:

Ի՜նչ տարակոյս որ արդարացնող պատճառ կամ պատասխան չկայ:

Սա հետեւանք է լատինական, կաթոլիկ կրթութեան, ազդեցութեան՝ որուն մուտքը պարզեցինք պատմականօրէն:

Հայ հոգեւորականութեան գրաւած այս անարդար եւ հակազգային դիրքը հետեւանք է մէկ կողմէն պետական քաջալերումին եւ միւս կողմէ յունական կղերի վայելած դիրքին, եւ առհասարակ հոգեւորականութեան՝ տիրելու, իշխելու աշխարհիկ, փառասիրական ձգտումներուն:

Եւ դեռ չյիշեցի ամբողջ Թուրքիոյ հոգեւորականութեան հանդէպ՝ Կ. Պոլսի հայ հոգեւորականութեան վայելած բացառիկ իրաւունքի անարդարութիւնը:

 

Այս բոլոր թերութիւնները քննադատելով, նպատակ չունիմ դատապարտել օրէնքին հեղինակները: Անոնց հանդէպ միայն յարգանք, պատկառանք եւ հիացում ունիմ: Ամէն երեւոյթ պէտք է դատել իր ժամանակի պայմաններուն եւ պատճառներուն համեմատ: Արդարութեան պարտականութիւն է խոստովանիլ որ, այդ թերութիւնները հաւանականաբար եղած են գիտակցաբար, բայց ակամայ:  

Եթէ կային պատճառներ, եւ անոնց պատմութիւնը կամ ընդհանուր տեսութիւնը ներկայացուցինք արդէն, որ կը ստիպէին հաստատել օրէնքը, պէտք չէ մոռնալ որ ուրիշ պատճառներ ալ վիժել կուտային, արգելքներու կ’ենթարկէին օրէնքին հաստատութիւնն ու կիրառութիւնը: Պատճառներ ու զօրաւոր արգելքներ՝ որոնք գլխաւորաբար կը բխէին մեր ազգային կեանքէն, տիրող հոգեւորական ու աշխարհական տարրերէ, մեր ազգային նկարագրէն, առանձնայատկութիւններէն: Իսկ այս բոլորին դէմ կը ճակատէին միայն բուռ մը մտաւորականներ, որոնք յաճախ կը հակադրուէին զիջումներ ընել, իրաւախոհութիւններ ընդունիլ:

Այն շրջանի վերածնութեան ռահվիրաներու մտաւորական խմբակը կամ ցրուած էր պետական պաշտօնատուներու մէջ եւ կամ վկաուած բժիշկ էր, ինչպէս Սէրվիչէն, Ռուսինեան, Ասլանեան, Ֆէրուհխան, խմբագիր՝ ինչպէս Իւթիւճեան, Սվաճեան, ուստի օրէնքի խմբագիրներուն, պայքարի խմբակին համար մասնաւոր պահանջ էր որ մտաւորականութիւնը իր անձնական արժանիքով իրաւունք ունենայ ընտրուելու: Օրէնքի խմբագիրներուն համար՝ օրէնքի մէջ իրենց դասին յատուկ այդ տրամադրութիւնները մտցնելը՝ կ’ապահովէր սահմանադրական կեանքի պաշտպաններուն ուժը: Որովհետեւ ատոնք սակաւաթիւ էին, երբ պաշտօնեան հեղինակ կ’ըսուէր, կը հասկցուէր թէ ովքե՞ր պիտի ըլլան:

Դեռ գոյութիւն չունէին կազմակերպուած, գիտակցութեան, զարգացման հասած աշխարհահայեացքներ ու բաժանումներ: Ուղղութեան միակ առանցքը եւ բաժանումը՝ այն ժամանակ ըմբռնուած չափով, սահմանադրական վարչութեան կուսակից կամ հակառակորդ ըլլալն էր: Ուստի եւ օրէնքն ալ նոյն մտայնութեամբ է խմբագրուած:

Բայց օրէնքը միայն այդ օրերուն համար չէր խմբագրուեր: Այդ շրջանի հակասահմանադրականներու հանդէպ ակամայ զիջումները, իրաւախոհութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենային եւ յետագային վրայ, ինչպէս որ եղաւ: Հաւանաբար ռահվիրաները իրենց յոյսը դրած էին մտքերու առաջադիմութիւնով, աւելի նպաստաւոր պայմաններու տակ վերաքննութեամբ թերութիւնները լրացնելու, ուղղելու վրայ: Դժբաղդաբար կեանքը հակառակը ապացուցուց:

Եւ օրէնքն ու սահմանադրական կոչուած ներքին մշակոյթի կեանքը մնաց ամուլ, մանաւանդ երբ ռահվիրաներու սերունդը հետզհետէ քաշուեցաւ ասպարէզէն:



[1]  Երբե՛ք գաւառէ երեսփոխան չէ՛եկած Կ. Պոլսոյ Ընդհանուր ժողովին: