Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ա.
  ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ

Ընտրութիւն եւ Հրաժարում

Յօդ. 1. Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքը բոլոր Ազգային Ժողովոց նախագահն է, եւ անոնց գործադիր իշխանութիւնը կը վարէ, եւ մասնաւոր պարագաներու մէջ՝ տէրութեան հրամանաց գործադրութեան միջնորդն է:

Ուստի պէտք է որ Պատրիարք ընտրուելու անձը՝ ընդհանուր ազգին վստահութեան ու յարգանացն արժանի ըլլալու համար՝ Պատրիարքական Աթոռին վայելուչ ամէն յատկութիւններն ու արժանաւորութիւնը ունենայ, եւ ի վաղուց անտի Պատրիարքութեան յատկացեալ եպիսկոպոսաց դասէն ըլլայ. միանգամայն տէրութեան կատարեալ վստահութեանն արժանաւոր, եւ գոնէ իր հօրմէն սկսեալ՝ օսմանեան հպատակ եւ երեսունըհինգ տարին լրացուցած ըլլայ:

Յօդ. 2. Երբ՝ Պատրիարքը վախճանելով կամ հրաժարելով եւ կամ ուրիշ որ եւ է պատճառաւ Աթոռը պարապ մնայ. Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները մէկտեղ գալով Տեղապահ մը կ’ընտրեն, եւ անոր հաստատութիւնը կը խնդրեն Բարձրագոյն Դռնէն:

Ընդհանուր ժողովը կ’ընտրէ զՊատրիարք. բայց կրօնական եւ քաղաքական ժողովներն իրաւունք ունին ներկայացման ցուցակով մը ընտրելեաց արժանաւորութեան աստիճանի վրայ կարծիք տալու:

Պատրիարքի ընտրութիւնը հետեւեալ կերպիւ կ’ըլլայ.

Նախ եւ առաջ Տեղապահը օսմանեան հողին վրայ գտնուող բոլոր եպիսկոպոսաց ցանկը կը շինէ, եւ իւրաքանչիւրին անուանը առջեւ՝ ըստ առաջին յօդուածոյ ընտրելութեան համար պահանջուած նշանակելով, Կրօնական Ժողովոյն կը ներկայացնէ զայն:

Այս ժողովն ալ եկեղեցական համագումար ժողով հրաւիրելով, ընտրելեաց ցուցակ մը կը պատրաստէ գաղտնի քուէարկութեամբ, այսինքն իւրաքանչիւր անդամ թղթոյ մը վրայ կը գրէ այն ամէն եպիսկոպոսաց անունները՝ զորս կրօնական մասին անընդունելի չհամարիր: Ետքը՝ քուէհամարն ըլլալով, այն անունները յատուկ ցուցակի մը մէջ կ’առնուին քուէից ատութեան կարգաւ:

Տեղապահը յիշեալ կերպիւ պատրաստուած ցուցակը Քաղաքական Ժողովոյն կը ներկայացնէ: Ան ալ՝ նշանակուած անձանց ըստ քաղաքականին արժանաւորութիւնը քննելէն ետքը, ամէնէն աւելի արժանաւորներէն հինգ ընտրելի կը զատէ քուէից առաւելութեամբ, եւ ասոնց ցուցակը Ընդհանուր Ժողովոյն կը ներկայացնէ:

Միանգամայն եկեղեցական համագումար ժողովոյն պատրաստած առաջին ցուցակն ալ Ազգային Ընդհանուր ժողովոյն սրահին մէջ կախուած կ’ըլլայ: Ընդհանուր ժողովը այս երկու ցուցակներէն՝ ընտրելեաց թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ քաղաքական որպիսութեանց վրայ՝ երկու ձեռնհաս ժողովներուն կարծիքն իմանալով, կ’ընտրէ զՊատրիարք՝ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ բացարձակ առաւելութեամբ քուէից:

Ընդհանուր ժողովը կրնայ քաղաքական ժողովոյն ներկայացուցած ցուցակէն դուրս անձի մը վրայ ալ քուէ տալ բայց պէտք է որ այն անձին անունը նշանակուած ըլլայ եկեղեցական համագումար ժողովոյն պատրաստած ցուցակին մէջ վասն զի այս եկեղեցական ցուցակէն դուրս մնացած անձի վրայ ընտրութիւն չկրնար ըլլալ:

Եթէ առաջին անգամ քուէից բացարձակ առաւելութիւն չգոյանայ, երկու առաւելագոյն քուէ ստացողաց անունները Տեղապահին կողմէն Ընդհանուր Ժողովոյ անդամներուն կը ծանուցուի. եւ երկրորդ քուէարկութիւնը օրինաւորապէս այն երկուքին վրայ կ’ըլլայ: Այս երկրորդ քուէարկութեան ատեն ազգային երեսփոխաններէն անոնք որ չկրնար ներկայ գտնուիլ կարող են իրենց քուէները ստորագրեալ եւ կնքեալ նամակաւ առ ժողովն ուղարկել, կա՛մ Տեղապահին եւ կա՛մ ընդհանուր ժողովոյ ատենապետին ուղղելով զայն:

Քուէները յատուկ քուէտուփի մը մէջ դրուելէն ետքը՝ քուէհամարը կ’ըլլայ ընդհանուր ժողովոյ դիւանին ձեռօք, եւ սոյն ժողովոյ մէջէն ընտրուած չորս եկեղեցական եւ չորս աշխարհական քննիչներու ներկայութեան:

Եթէ պատահի որ երկրորդ անգամ քուէարկութեան մէջ երկու անձանց հաւասար քուէ ելնէ, այն ատեն երկուքէն մէկը վիճակաւ կ’ընտրուի:

Յօդ. 3. Ընտրութիւնը կատարուելէն ետքը տեղեկագիր մը կը շինուի՝ զոր բոլոր բազմականք կը ստորագրեն. եւ Տեղապահի միջնորդութեամբ Բարձրագոյն Դրան կը մատուցուի. եւ Պատրիարքը կը հաստատուի ըստ վաղեմի սովորութեան՝ կայսերական հրամանին համեմատ:

Յօդ. 4. Ընդհանուր ժողովը հրաւիրանաց գիր կ’ուղարկէ Պատրիարք ընտրուած անձին քանի մը անձաց ձեռօք՝ եթէ Կ. Պոլսոյ մէջ է. եւ յատուկ հրաւիրակաւ, եթէ Կ. Պոլսէն դուրս տեղ է: Նորընտիր Պատրիարքը՝ այս հրաւիրանաց գիրը առնելով, Պատրիարքարան կուգայ եւ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ընդհանուր ժողովոյ առջեւ հանդիսաւոր ուխտ կ’ընէ սոյն օրինակ. «Առաջի Աստուծոյ եւ ի ներկայութեան Ազգային ժողովոյս՝ հրապարակաւ ուխտեմ հաւատարիմ մնալ Տէրութեան եւ Ազգիս, եւ ճշմարտապէս հսկել Ազգային Սահմանադրութեան անթերի գործադրութեանը»: Անմիջապէս՝ Տեղապահին պաշտօնը կը դադրի, եւ նորընտիր Պատրիարքը բարձրագոյն Դրան հրաւէրին վրայ՝ ուղղակի Օգոստափառ կայսեր կը ներկայանայ, պաշտօնական կերպիւ իր պաշտօնը կը հաստատուի, եւ Բարձագոյն Դուռը երթալով կը ծանուցուի:

Յօդ. 5. Եթէ Պատրիարքը Սահմանադրութեան տրամադրութեանցը հակառակ շարժի կամ վարուի, ամբաստանութեան տակ կ’ընկնի:

Յօդ. 6. Պատրիարքին վրայ ամբաստանութիւն ընելու միայն Ընդհանուր Ժողովը, Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներն իրաւունք ունին:

Ամբաստանող կամ բողոքող ժողովը, Բարձրագոյն Դռնէն հրաման առնելով, Պատրիարքէն կը խնդրէ՝ որ Ընդհանուր Ժողով գումարէ:

Եթէ Պատրիարքը ասոր դէմ կենայ, եղելութիւնը կրկին անգամ Բարձրագոյն Դրան իմաց կը տրուի, որ այն ատեն բողոքին համեմատ՝ Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող եպիսկոպոսաց երիցագոյնին նախագահութեամբ Ընդհանուր Ժողով գումարելու հրաման կուտայ:

Ընդհանուր ժողովը իր մէջէն հինգ եկեղեցական եւ հինգ աշխարհական ընտրելով, տասն հոգիէ բաղկացեալ քննիչ Յանձնաժողով մը կը կարգէ, բայց պէտք է որ այս քննիչներուն մէջ՝ ամբաստանող կամ բողոքող անձանցմէ մարդ չգտնուի: Քննիչ յանձնաժողովը եղած ամբաստանութիւնները քննելէն ետքը՝ տեղեկագիր կուտայ Ընդհանուր Ժողովոյն, որ կ’որոշէ խնդիրը գաղտնի քուէարկութեամբ: Այս որոշումը պարունակող թուղթը պէտք է ստորագրուած ըլլայ որոշման կողմը քուէ տուող ժողովականներէն, եւ եթէ անով Պատրիարքին հրաժարուիլը վճռուած է, երկու Ժողովոց ատենապետները նախագահ եպիսկոպոսին հետ Պատրիարքին երթալով՝ յիշեալ թուղթը անոր կը ներկայացնեն, որ այն ժամանակ Ազգին որոշ կամքը իմանալով հրաժարականը տալու պարտաւորեալ է: Իսկ եթէ չուզէ տալ, Բարձրագոյն Դրան իմաց կը տրուի որ պաշտօնէն կը ձգէ զՊատրիարք:

Յօդ. 7. Հրաժարեալ Պատրիարքը վիճակաւոր եպիսկոպոսաց կարգը կ’անցնի, եւ անոր վրայ ըստ կանոնի պէտք եղածը կը տնօրինուի Խառը Ժողովոյ կողմէն:

Պաշտօն եւ պարտաւորութիւնք

Յօդ. 8. Պատրիարքին պարտաւորութիւնքն են Սահմանադրութեան սկզբանց համեմատ վարուիլ, եւ անոր ամէն կէտերուն ճշդիւ գործադրութեանը ուշի ուշով հսկել:

Պատրիարքը իրեն եկած գործերը ո՛ր ժողովոյ կը վերաբերի նէ այն ժողովոյն կը յանձնէ՝ քննութեան եւ որոշման համար: Ժողովոց մէջ որոշուած գործոց վրայ Պատրիարքին թագրիրները եւ կամ ուրիշ պաշտօնական գնութիւնները վաւերական եւ գործադրելի չե՛ն կրնար ըլլալ եթէ որոշող ժողովոյն կողմէն ալ կնքեալ եւ ստորագրեալ չըլլան: Իսկ երբ ստիպողական գործ մը պատահի, որոյ տնօրինութեանը համար կարելի չըլլայ մինչեւ ժողովոյն գումարման օրը սպասել եւ կամ արտաքոյ կարգի ժողով գումարել, Պատրիարքը կրնայ պէտք եղածը ինքնին տնօրինել, իր վրայ առնելով պատասխանատուութիւնը, բայց պարտաւորեալ է եղելութիւնը արձանագրել տալ կանոնաւոր կերպիւ, եւ ո՛ր Ժողովոյն կը վերաբերի նէ՝ անոր յաջորդ նիստին ներկայացնել վաւերացման համար:

Յօդ. 9. Պատրիարքը իր բացակայութեանը ատեն Ազգային ժողովներու մէջ տրուած որոշումները պարունակող թուղթը դեռ չստորագրած, կարող է անոնց վրայ իր դիտողութիւններն յայտնելով, խնդիրը կրկին քննութեան յանձնել: Իսկ այս վերաքննութենէն ետքը՝ պարտաւորեալ է նոյն թուղթերը ստորագրել, եթէ տրուած որոշումը Սահմանադրութեան տրամադրութեանցը անհամաձայն չգտնէ:

Յօդ. 10. Պատրիարքը կրնայ Սահմանադրութեան սկզբանցը համեմատ չվարուող եկեղեցական մը, վարժապետ մը, եկեղեցւոյ, վանքի, դպրոցի եւ կամ հիւանդանոցի գործակալ մը, պաշտօնէն հանելու առաջարկութիւն ընել ձեռնահաս Ժողովոյն կամ Խորհրդոյն:

Յօդ. 11. Պատրիարքը իրաւունք չունի ինքնին լուծել եւ փոխել Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները եւ անոնց վերաբերեալ Խորհուրդները: Բայց երբ տեսնէ թէ անոնցմէ մէկը Սահմանադրութեան սկզբանցը հակառակ ընթացքի մէջ է, առաջին անգամին բացատրութիւն կ’ուզէ ա՛յն Ժողովոյն կամ Խորհրդոյն Ատենապետէն, երկրորդին՝ իմաց կուտայ անոր ապօրինաւոր ընթացքը եւ ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ զայն, իսկ  երրորդին՝ Ընդհանուր Ժողովոյն կը դիմէ, եթէ ամբաստանելին Ազգային Ժողովներէն մէկն է, եւ պատճառները ցուցնելով՝ ամբաստանեալ Ժողովոյն կամ Խորհրդոյն լուծումը կ’առաջարկէ:

Յօդ. 12. Պատրիարքը Ազգային սնտուկէն իրեն յատկացեալ ամսական ունենալով, ինք կը տեսնէ Պատրիարքարանին ներքին ծախքը:

Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱՏՈՒՆ

Յօդ. 13. Պատրիարքարանի մէջ դիւանատուն մը պիտի հաստատուի պէտք եղած ազգային գրութեանց յատկացեալ:

Այս դիւանատունը երեք գրասենեակի պիտի բաժնուի:

Ա. Թղթակցութեան գրասենեակ որ Պատրիարքարանէն ուղարկուած եւ Պատրիարքարան եկած գրութիւններով կը զբաղի:

Բ. Արձանագրութեան գրասենեակ, որ Ազգային ժողովոց եւ խորհրդոց վերաբերեալ թուղթերը կարգաւորելու կը զբաղի:

Գ. Ազգահամարի գրասենեակ, որ ազգայնոց քաղաքական վիճակագրութեանը, այսինքն ծննդեան, ամուսնութեան եւ վախճանման վերաբերեալ արձանագրութեամբ կը զբաղի:

Այս վերջին գրասենեակէն կը տրուին Ազգայնոց թէ՛ ճանապարհորդութեան համար եւ թէ՛ ուրիշ անձնական գործառնութեանց համար պէտք եղած վաւերական թուղթերը, նաեւ ծննդեան, ամուսնութեան, վախճանման վկայագրերը:

Յօդ. 14. Պատրիարքական դիւանատունը պիտի ունենայ դիւանապետ մի որ պատասխանատու է դիւանատան բոլոր գործառնութեանց: Քաղաքական ժողովը կ’ընտրէ եւ Պատրիարքը  կ’անուանէ զայն: Դիւանապետը կ’ընէ նաեւ Ընդհանուր Ժողովոյն դիւանադպրութիւնը:

Դիւանապետը պարտաւորեալ է ամէն տարի՝ թէ՛ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ թէ՛ դուրսերը ծնած ամուսնացած եւ վախճանած ազգայնոց տոմարներուն օրինակները բերել տալ եւ Պատրիարքարանի դիւանատան ընդհանուր Ազգահամարին մէջ արձանագրել տալ: Դիւանապետը Հայերէն լեզուի քաջ հմուտ եւ տաճկերէնի ու գաղղիերէնի ալ վարժ անձ մը պիտի ըլլայ:

Յօդ. 15. Դիւանատունը բաւականն թուով դիւանադպիրներ պիտի ունենայ: Ասոնք ալ Հայերէն լեզուն քաջ գիտնալու են, եւ ամէն մէկը իր պաշտօնին կատարեալ հմտութիւն ունենալու է: Ամէն մէկ դիւանադպիր ըստ իւր պաշտօնի պատասխանատու է այն Ժողովոյն կամ Խորհրդոյն որուն կը վերաբերի: Ամէնը մէկէն պատասխանատու են դիւանապետին:

Յօդ. 16. Ազգահամարի գրասենեակէն տրուած որ եւ է թուղթ եւ վկայագիր վաւերացեալ պէտք է ըլլայ Պատրիարքական կնիքով եւ դիւանապետին ստորագրութեամբ:

Գ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Յօդ. 17. Երուսաղէմի Պատրիարքը Ս. Յակոբայ Աթոռոյն ցկեանս գահակալն է. միանգամայն Հայոց Ազգին սեպհական Երուսաղէմ գտնուած ուխտատեղիներուն տնօրէնն ու Ս. Յակոբայ վանուց Միաբանութեան նախագահն է:

Իր պարտաւորութիւնն է Ս. Երուսաղէմի վանուց կանոնագրին տրամադրութեանց համեմատ վարուիլ, եւ անոր բարոք գործադրութեան հսկել:

Յօդ. 18. Եթէ Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքը Սուրբ Երուսաղէմի վանուց կանոնագրին հակառակ վարուի, ամբաստանութեան տակ կ’ընկնի:

Յօդ. 19. Պատրիարքին վրայ ամբաստանութիւն կրնայ ըլլալ կամ յիշեալ Միաբանութեան կողմէն եւ կամ Կոստանդնուպոլսոյ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց կողմէն:

Այսպիսի պարագայի մէջ՝ Ազգային Ընդհանուր ժողով կը գումարուի։ Եւ եթէ եղած ամբաստանութիւնը քննուելով հիմնաւոր ըլլալը ստուգուի, Ընդհանուր ժողովը՝ վեցերորդ յօդուածին մէջ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքին վերաբերեալ տրամադրութեանց համեմատ՝ ըստ պահանջման իրեն, կա՛մ ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ զՊատրիարքն մասնաւոր բողոքագրով, եւ կա՛մ կը պարտաւորէ զայն հեռանալ Պատրիարքական Աթոռէն, եւ անոր պաշտօնը կը յանձնէ Տեղապահի մը՝ զոր Ընդհանուր ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ կ’ընտրէ Միաբանութեան մէջէն:

Յօդ. 20. Երբ Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքը վախճանի, Միաբանութիւնը իր մէջէն Տեղապահ մը կ’ընտրէ, եւ Ազգային Ժողովները կը հաստատեն զայն:

Յօդ. 21. Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքը Կոստանդնուպոլսոյ Ազգային Ժողովներուն կողմէն կ’ընտրուի: Բայց Միաբանութիւնը իրաւունք ունի իր կարծիքը յայտնելու ընտրելեաց արժանաւորութեան աստիճանին վրայ՝ ներկայացման ցուցակաւ մի: Պատրիարքին վախճանելէն անմիջապէս ետքը՝ յիշեալ Տեղապահը Միաբանից Ընդհանուր ժողով կը գումարէ: Այս ժողովը անուանց ցուցակ մը կը պատրաստէ՝ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան համար Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցական համագումար ժողովոյն ըրած կերպիւն. բայց պէտք է որ Միաբանութեան ներկայացուելիք այս ցուցակը գո՛նէ եօթն ընտրելեաց անուն պարունակէ: Այս ցուցակը միաբանութեան կողմէն ստորագրեալ   յայտագրով Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքարանը կ’ուղարկուի:

Յօդ. 22. Ս. Երուսաղէմի Պատրիարք ընտրուելու անձը գո՛նէ երեսուն եւ հինգ տարին լրացուցած, եւ ի ծնէ Օսմանեան Տէրութեան հպատակ, Միաբանութեան Եպիսկոպոսներէն կամ Վարդապետներէն պէտք է ըլլայ. միանգամայն Միաբանութենէն զատուած մէկը պէտք չէ ըլլայ:  

Միաբանութենէ զատուած չեն համարուիր այն անձինքը՝ որ Պատրիարքարանի Ժողովոց կողմէն ազգային պաշտօնի մէջ գործածուած են՝ Երուսաղէմի Պատրիարքին հաւանութեամբ:

Յօդ. 23. Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները Խառն Ժողով կազմելով. վերոյիշեալ ցուցակին մէջ յիշատակուած անձանց արժանիքը կը քննեն, եւ երեք ընտրելի որոշելով անունները Ընդհանուր Ժողովոյն կը ներկայացնեն: Միաբանութեան կողմէն եկած ցուցակն ալ ընդհանուր ժողովոյ սրահին մէջ կախուած կ’ըլլայ:

  Ընդհանուր ժողովը ընտրելեաց վրայօք թէ՛ միաբանութեան եւ թէ՛ Ազգային երկու ժողովոց կարծիքը իմանալով, անոնց մէջէն կրօնից, ուսման եւ բարի վարուց նկատմամբ ամենէն աւելի արժանաւորութիւն ունեցող անձը կ’ընտրէ՝ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէից բացարձակ առաւելութեամբ:

Ընդհանուր Ժողովոյ մէջ Միաբանութեան կողմէն ներկայացուած ցուցակէն դուրս անձի վրայ քուէարկութիւն չկրնար ըլլալ:

Դ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

  Յօդ. 24. Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ տասն եւ չորս բանիբուն եկեղեցականներէ, որոնք գո՛նէ երեսուն տարին լրացուցած, եւ գէթ հինգ տարիէ ի վեր ձեռնադրուած պիտի ըլլան:

Յօդ. 25. Եկեղեցական համագումար ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովոյ անդամոց թուոյն եռապատիկը կ’ընտրէ, եւ ընտրելեաց անունները ստորագրեալ յայտագրով Ազգային Ընդհանուր Ժողովոյն կը ներկայացնէ:

Ընդհանուր Ժողովն ալ անոնց մէջէն գաղտնի քուէարկութեամբ կ’ընտրէ Կրօնական Ժողովոյ անդամները: Տեղեկագիրը Պատրիարքին կողմէն բարձրագոյն Դրան կը ներկայացուի, եւ Կրօնական Ժողովոյ այսպէս ընտրուած անդամները կայսերական հրամանաւ կը հաստատուին:

Յօդ. 26. Կրօնական ժողովը երկու տարին անգամ մը Ապրիլի վերջը ամբողջ կը լուծուի, եւ Մայիսի սկիզբը կը նորոգուի: Այս ժողովոյ անդամները անմիջապէս վերընտրելի չեն, բայց երկու տարի ետքը կրնան նորէն ընտրուիլ:

Յօդ. 27. Երբ Կրօնական Ժողովոյ անդամներէն հրաժարական տուող եւ կամ ուրիշ պատճառաւ պակսողներուն թիւը երեքի հասնի, անոնց տեղ ուրիշներ կ’ընտրուին Ընդհանուր Ժողովով: Բայց մինչեւ որ այս ընտրութիւնն ըլլայ, Կրօնական Ժողովոյ մէջ բոլոր անդամոց մեծագոյն մասը կը փնտռուի:

Յօդ. 28. Կրօնական Ժողովոյ պաշտօնն է ազգային կրօնական գործոց ընդհանուր տեսչութիւնը: Իր պարտաւորութիւնքն են՝ Ազգին մէջ կրօնական զգացումը զարգացունել, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնները անխախտ պահել, եկեղեցեաց եւ եկեղեցականաց բարեկարգութեանը հսկել, եկեղեցականաց ներկայ վիճակը լաւցնելու եւ ապագան անդորրելու եւ ապահովցնելու միջոցները ձեռք բերելու հոգ տանիլ: Ազգային վարժարանաց երբեմն երբեմն այցելութիւն ընելով քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցման վրայ հսկողութիւն ընել, արժանաւոր եւ բանիբուն վարդապետներ եւ քահանաներ հասցնել, եւ Ազգին մէջ ծագած կրօնական վէճերը քննելով՝ եկեղեցւոյ օրինաց համեմատ լուծել:

Յօդ. 29. Կրօնական Ժողովը երբ չկարենայ ինքնին լուծել զուտ կրօնական կարեւոր խնդիր մը, եկեղեցական համագումար ժողով կը կազմէ՝ Կոստանդնուպոլիս գտնուող եպիսկոպոսները, Եկեղեցեաց քարոզիչ Վարդապետները, Աւագերէցներն ու Աթոռակալները, եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ շրջակայ գաւառաց Առաջնորդները, հրաւիրելով: Եթէ Եկեղեցական համագումար ժողովն ալ խնդիրը իր ձեռնհասութենէն վեր դատէ, այն ժամանակ Ընդհանրական Կաթողիկոսին կը դիմէ ստորագրեալ տեղեկագրով:

Յօդ. 30. Կրօնական Ժողովոյ ամէն տեսակ տեղեկագիրները՝ միշտ անդամոց մեծագոյն մասին կողմէն ստորագրեալ պիտի ըլլան:

Յօդ. 31. Թէ՛ Կոստանդնուպոլսոյ եւ թէ՛ գաւառներու մէջ՝ Վարդապետի ձեռնադրութեան համար պէտք եղած հրամանը Ազգային Կրօնական Ժողովոյ կողմէն կը տրուի: Իսկ քահանայի ձեռնադրութեան համար՝ եթէ Պոլսոյ մէջ է՝ նոյն Կրօնական Ժողովէն, եւ եթէ գաւառներու մէջ է տեղւոյն Կրօնական Ժողովէն կը տրուի:

Յօդ. 32. Մինչեւ որ եկեղեցւոյ մը քահանաներն ու Թաղական Խորհուրդը նոր քահանայ ձեռնադրել տալու կարեւորութիւնը չտեսնեն. եւ ստորագրեալ տեղեկագրով Կրօնական Ժողովոյ խնդիր չընեն, ձեռնադրութեան հրաման չտրուիր:

Յօդ. 33. Կրօնական Ժողովը կ’ընտրէ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցեաց քարոզիչ վարդապետներն ու աւագերէցները եւ Պատրիարքը կ’անուանէ զանոնք:

Յօդ. 34. Կրօնական Ժողովոյ մէջ ամէն տեսակ ընտրութիւն գաղտնի քուէարկութեամբ կ’ըլլայ:

Յօդ. 35. Կրօնական Ժողովը կանոնագիր մը պէտք է շինէ եկեղեցական ներկայ վիճակին բարելաւութեան եւ ապագային անդորրութեանը համար, որպէս զի իրենց հոգեւորական պաշտօնները կարենան ձրի կատարել:

Ե. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Յօդ. 36. Քաղաքական Ժողովը կը բաղկանայ ազգային գործոց եւ տէրութեան օրինաց տեղեակ քսան աշխարհականներէ։

Յօդ. 37. Քաղաքական Ժողովոյ անդամները գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէից բացարձակ առաւելութեամբ Ազգային Ընհանուր ժողովոյ մէջ կ՚ընտրուին, եւ տեղեկագիրը Պատրիարքի կողմէն բարձրագոյն Դրան մատուցուելով՝ կայսերական հրամանաւ կը հաստատուին։

Յօդ. 38. Քաղաքական Ժողովը երկու տարին անգամ մը Ապրիլի վերջը ամբողջ կը լուծուի, եւ Մայիսի սկիզբը կը նորոգուի։

Այս ժողովոյ անդամները երկու տարի անցնելէն ետքը նորէն կրնար ընտրուիլ։ Եւ թէպէտ առջի երկու տարին Քաղաքական Ժողովոյ համար վերընտրելի չեն, բայց ուրիշ որ եւ է ազգային պաշտօնի մէջ կրնան գործածուիլ։

Յօդ. 39. Եթէ  Քաղաքական Ժողովոյ անդամներէն մէկը, առանց բանաւոր պատճառ իմացնելու գրով, երեք անգամ իրարու վրայ ներկայ չգտնուի, նոյն ժողովոյ ատենապետի կողմէն անոր նամակ գրուելով՝ չգալուն պատճառը կը հարցուի։ Եթէ պատասխան չառնուի, երկրորդ գրութեամբ իմաց կը տրուի իրեն որ՝ եթէ յաջորդ նիստին ալ ներկայ չգտնուի, իբրեւ հրաժարեալ պիտի համարուի. եւ եթէ դարձեալ չներկայանայ, հրաժարականը տուած պիտի սեպուի։

Յօդ. 40. Երբ Քաղաքական Ժողովոյ հրաժարական տուող կամ ուրիշ պատճառաւ պակսող անդամոց թիւը երեքի հասնի, անոնց տեղ ուրիշ անդամներ կ՚ընտրուին ընդհանուր ժողովով։ Բայց մինչեւ որ այս ընտրութիւնն ըլլայ, քաղաքական ժողովոյ մէջ բոլոր անդամոց մեծագոյն մասը կը փնտռուի։

Յօդ. 41.   Երբ Քաղաքական Ժողովոյ պաշտօնն է Ազգային քաղաքական գործոց ընդհանուր տեսչութիւնը։ Իւր պարտաւորութիւնքն են Ազգին բարեկարգութեան ու յառաջդիմութեան մտադրութիւն եւ փոյթ ունենալ, իր տեսչութեան տակ գտնուող Խորհրդոց կողմէն մատուցուած ազգօգուտ առաջարկութիւնները ուշադրութեամբ քննել. եւ անոնց կարեւորութիւնը յայտնուելէն ետքը՝ հաստատել կամ գործադրութեան արգելքները բառնալու ջանք ընել։

Յօդ. 42. Քաղաքական Ժողովը իրեն եկած գործերը ո՛ր Խորհրդոյ վերաբերեալ ըլլան՝ քննուելու համար ա՛յն Խորհրդոյն կը յանձնէ. եւ մինչեւ որ անոր կարծիքը չառնու՝ չկրնար գործադրութեան ձեռնակրել։ Եւ թէպէտ կրնայ իրաւացի պատճառներով հերքել մէկ Խորհրդոյ ըրած որոշումը, բայց ինքնին ուրիշ տնօրինութիւն չկրնար ընել նոյն նիւթին վրայ. եւ կը պարտաւորի դարձեալ նոյն Խորհրդոյն յանձնել գործը։ Քաղաքական ժողովը չի կրնար նաեւ փոխել կամ լուծել Ազգային Խորհուրդներէն մէկը, քանի որ չտեսնէ զայն Սահմանադրութեան հիմնական սկզբանց հակառակ ընթացքի մէջ։ Բայց երբ տեսնէ անոնց մէկը այսպիսի ընթացքի մէջ, առաջին անգամին՝ բացատրութիւն կ՚ուզէ նոյն խորհրդոյ ատենապետէն, երկրորդ անգամին՝ անոր գրով ազդարարութիւններ ընելով՝ ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ իսկ երրորդին՝ անդամները կը փոխէ, միայն թէ այս մասին ունեցած պատճառները պիտի բացատրէ Ընդհանուր Ժողովոյ ներկայացնելու երկամեայ տեղեկագրին մէջ…

Յօդ. 43.   Քաղաքական Ժողովը երբ իրեն եկած քաղաքական գործերէն կարեւոր խնդրոյ մը լուծումը իր ձեռնհասութենէն վեր դատէ, Քաղաքական Ժողովոյն կը դիմէ։

Զ. ՔԱՂԱՔ. ԺՈՂՈՎՈՅ ԿՈՂՄԷՆ ԿԱԶՄՈՒԱԾ ԱԶԳ. ԽՈՐՀՈՒՐԴՔ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆՔ

Յօդ. 44. Ուսումնական, Տնտեսական եւ Դատաստանական գործոց եւ Վանօրէից տեսչութեան համար չորս Խորհուրդ, մատակարարութեան պաշտօնով՝ երեք հոգաբարձութիւն պիտի հաստատուի Քաղաքական Ժողովոյ կողմէն։ Այս Խորհրդոց եւ Հոգաբարձութեանց անդամները երկու տարի պաշտօն կը վարեն, այն պայմանաւ որ ամէն տարեգլուխ կիսով չափ նորոգուին։

Դատաստանական Խորհրդոյ նախագահը Կ. Պոլսոյ Պատրիարքի փոխանորդն է։

1. Ուսումնական խորհուրդ

Յօդ. 45.   Ուսումնական խորհուրդը եօթն ուսումնական աշխարհականներէ կը բաղկանայ։

Ուսումնական Խորհրդոյն պաշտօնն է՝ Հայոց Ազգին դաստիարակութեան եւ կրթութեան ընդհանուր տեսչութիւնը։ Իր պարտաւորութիւնքն են Ազգային վարժարանաց բարեկարգութեանը հսկել, թէ՛  մանչ եւ թէ՛ աղջիկ սղայոց դաստիարակութեանը հոգ տանելու նպատակաւ հաստատուած Ընկերութիւններուն խրախոյս տալ եւ ձեռնատու ըլլալ, դպրատանց դաստիարակներուն կացութիւնը լաւցնելու եւ ապագան անդորրելու խնամ տանիլ, Ազգին մէջ յաջողակ եւ քաջահմուտ դասատուներ հասցնելու, եւ դպրոցական դասագիրքեր պատրաստելու ջանք եւ փոյթ ունենալ։

Ուսումնական Խորհուրդը ազգային վարժարանաց մէջ ուսմունքնին լրացնող աշակերտաց վկայական կուտայ, ուսմանց դասագիրքերը կ՚որոշէ, եւ տարեկան քննութիւնները կը կատարէ։

Իսկ կրօնական ուսման համար կրօնական ժողովին կը դիմէ, վասն զի այս ժողովը կ՚որոշէ կրօնական գիտութեանց դասագիրքերը եւ դասատուները, քննութիւնները կ՚ընէ եւ վկայականը կուտայ։

2. Տնտեսական խորհուրդ

Յօդ. 46. Տնտեսական Խորհուրդը կը բաղկանայ եօթն տնտեսագէտ աշխարհականներէ, զորս Քաղաքական Ժողովը կ՚ընտրէ քուէից առաւելութեամբ։

Տնտեսական Խորհրդոյն պաշտօնն է՝ Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուած ազգային բոլոր հաստատութեանց եւ անոնց կալուածներուն մատակարարութեան ընդհանուր տեսչութիւնը։ Իր պարտաւորութիւնն է՝ նոյն հաստատութեանց բարեկարգութեանը անխոնջ հսկել եւ հոգ տանիլ։

Տնտեսական Խորհուրդը պէտք է հոգ տանի որ ամէն ազգային կալուած օրինաւոր կալուածագիր ունենայ։ Թէ՛ Կ. Պոլսոյ եւ թէ՛ գաւառներու մէջ գտնուած ազգային անշարժ ստացուածոց կալուածագրերուն օրինակները՝ Տնտեսական Խորհրդոյ ձեռօք ժողվուելով՝ Պատրիարքարանի դիւանատան մէջ պիտի պահուին։

Ազգային ո՛ր եւ է կալուածոյ գնումն ու վաճառումը չկրնար տեղի ունենալ առանց Տնտեսական Խորհրդոյ գիտութեան, Քաղաքական Ժողովոյ հաճութեան եւ Պատրիարքի կնքով հաստատութեան։

Այս տրամադրութեանց ուժովը եկեղեցիներու միւթէվէլլիութիւն ըսուած բանը վերցուած է Հայոց ազգին համար։

Կ. Պոլսոյ եւ շրջակայից մէջ՝ ազգային ո՛ր եւ է շինութեանց կամ վերանորոգութեանց չկրնար ձեռնարկուիլ, առանց գիտութեան Տնտեսական Խորհրդոյ եւ հաճութեան Քաղաքական Ժողովոյ։

Տնտեսական Խորհուրդը՝ Ազգային Ելեւմտից, Կտակաց եւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւններուն, նաեւ Թաղական Խորհուրդներուն մատակարարութեանը վրայ հսկողութիւն պիտի ընէ, եւ ասոնց ամէն մէկէն որոշեալ ժամանակներ համար պահանջելով, Քաղաքական Ժողովոյն պիտի հաղորդէ։

Տնտեսական Խորհուրդը տարեգլուխէն երկու ամիս առաջ՝ յետագայ տարւոյ մէջ ըլլալիք հասոյթն ու ծախքը ելեւմտից հոգաբարձութենէն ստուգելով, հաշուեկշիռը պիտի պատրաստէ եւ Քաղաքական Ժողովոյն ներկայացնէ։

3. Դատաստանական խորհուրդ

Յօդ. 47. Դատաստանական Խորհուրդը կը բաղկանայ ութ իրաւագէտ, եւ ամուսնացեալ եւ քառասուն տարին լրացուցած անձերէ, որոնց չորսը եկեղեցական եւ չորսը աշխարհական պիտի ըլլան։

Դատաստանական Խորհրդոյ նախագահը Պատրիարքի Փոխանորդն է, եւ անդամներուն բոլորն ալ Խառն Ժողովոյ կողմէն կ՚ընտրուին՝ քուէից առաւելութեամբ։

Դատաստանական Խորհրդոյ պաշտօնն է՝ ընտանեկան վէճերը լուծել, եւ Բ. Դրան կողմէն Պատրիարքարան յանձնուած դատերը՝ յանձնարարութեան համեմատ քննել եւ որոշել։

4. Վանօրէից խորհուրդ

Յօդ. 48. Վանքերն ազգային սեպհական ստացուածքն ըլլալով, ազգին կը վերաբերի անոնց մատակարարութեան հասութից ու ծախուց ընդհանուր տեսչութեան եւ քննութեան իրաւունքը։

Ըստ որում՝ հարկաւոր է որ ամէն Վանք իրեն համար յատուկ կանոններ ունենայ, Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները Խառն ժողով կազմելով, իւրաքանչիւր վանքի Միաբանութեան, նաեւ Վանօրէից Խորհուրդին կարծիքն առնելէ ետքը, պէտք եղած կանոնադրութիւնը կը պատրաստեն, եւ Ազգային Ընդհանուր ժողովոյ հաստատել կուտան։

Սոյն կանոնադրութեանց հիմնական սկզբունքն են.

Ա. Իւրաքանչիւր Վանքի մասնաւոր մատակարարութիւնը իր Միաբանութեան կը վերաբերի։ Իսկ ամէնուն վրայ ընդհանուր տեսչութիւն ընելու իրաւունքը Կեդրոնական Վարչութեան կը վերաբերի, որ կը գործադրէ Վանօրէից Խորհրդին ձեռօք։

Բ. Իւրաքանչիւր Վանքի վանահայրը իր Միաբանութեան կողմէն կ՚ընտրուի, եւ Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովոյ հաւանութեամբը Պատրիարքի ձեռօք կը հաստատուի։

Վանահայր ըլլալու անձը պէտք է որ երեսունուհինգ տարին լրացուցած, եւ Օսմանեան Տէրութեան հպատակ վարդապետներէն ըլլայ։

Գ. Բոլոր Վանքերը Ազգին բարոյական զարգացմանը ծառայելու պարտաւոր են. ուստի ամէն մէկը իր կարողութեան չափով՝ ունենալու է Ընծայարան, Թանգարան, Տպարան, Հիւանդանոց, եւ ասոնց պէս ուրիշ ազգօգուտ հաստատութիւններ։

Վանօրէից Խորհուրդը կը բաղկանայ եօթն անձերէ, զոր Քաղաքական Ժողովը կ՚ընտրէ քուէից առաւելութեամբ։

Վանօրէից Խորհուրդին պաշտօնն ու պարտաւորութիւնն է՝ իւրաքանչիւր Վանքի Կանոնաց գործադրութեանը հսկել եւ Վերատեսչութիւն ընել, եկամուտներն ու հասոյթները ստուգել, եւ ծախքերը քննել ու կանոնաւորել։

Վանօրէից Խորհուրդը կ՚ընտրէ վանականներուն մէջէն իւրաքանչիւր Վանքի մատակարարութեան պաշտօնին համար պէտք եղած անձինքը. Ասոնք Վանահօր նախագահութեամբ՝ եւ իրենց վանքին յատկացեալ կանոններուն համաձայն Վանքը տնտեսելով, որոշ ժամանակներ՝ հաշուեհամար կուտան խորհուրդին։

5. Ելեւմտից Հոգաբարձութիւն

Յօդ. 49. Ելեւմտից Հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ եօթն հաշուագէտ անձինքէ, զոր Քաղաքական Ժողովը կ՚ընտրէ քուէից առաւելութեամբ։

Ելեւմտից Հոգաբարձութիւն պաշտօնն է ազգային կեդրոնական սնտուկին տնտեսութիւնն ու համարակալութիւնը։

Այս սնտուկին մուտքն են՝ ազգային ընդհանուր տուրք, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքական Դիւանատան հասոյթք, եւ առանց մասնաւոր տեղ մը որոշելու ազգին անուանը եղած կտակ կամ՝ նուէր։ Ելքն են՝ Պատրիարքարանի եւ դիւանատան սովորական ծախք. Կեդրոնական Վարչութեան ձեռքը եղած ազգային հաստատութեանց եւ կարօտեալ թաղերու տրուելիք նպաստ, եւ զանազան ուրիշ պատահական ծախք։

Ելեւմտից հոգաբարձութիւնը կը հաւաքէ ամէն այս հասոյթները, եւ իր ձեռօք կ՚ըլլան յիշեալ ծախքերը, միշտ Տնտեսական Խորհուրդին գիտութեամբը եւ Քաղաքական Ժողովոյ հաւանւթեամբը։

Ելեւմտից հոգաբարձութիւնը պարտաւոր է իր տնտեսութեան յանձնուած ազգային սնտուկին հաշիւը տոմարակալութեան կանոնաւ կարգադրել, եւ որոշեալ ժամանակներ հաշուեցուցակ ներկայացնել Տնտեսական Խորհուրդին, որ ստուգելով եւ վաւերացնելով կը հաղորդէ Քաղաքական Ժողովոյն։

6. - Կտակաց Հոգաբարձութիւն

Յօդ. 50. Կտակաց Հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ եօթն անձինքէ, որոց երեքը եկեղեցական եւ չորսը աշխարհական՝ Խառն Ժողովով կ՚ընտրուին քուէից առաւելութեամբ։

Կտակաց Հոգաբարձութեան պաշտօնն է՝ ազգային կտակաց տնօրէնութիւնը։ Իր պարտաւորութիւնն է՝ կտակաց օրինաւոր կերպիւ եւ կտակարարին նպատակին եւ դիտաւորութեանը համեմատ գործադրութեանը հսկել։

Կտակաց Հոգաբարձութեան համար պէտք եղած մասնաւոր կանոնադրութիւնը՝ Խառն Ժողովը պիտի պատրաստէ Կտակաց Հոգաբարձութեան եւ Տնտեսական Խորհուրդին կարծիքն առնելով, եւ Ընդհանուր Ժողովը պիտի հաստատէ։

Կտակաց Հոգաբարձութիւնը որոշեալ ժամանակներ իր պաշտօնին վերաբերեալ հաշիւները պիտի ներկայացնէ Տնտեսական Խորհուրդին, որ ստուգելով եւ վաւերացնելով պիտի հաղորդէ Քաղաքական Ժողովոյն։

7. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւն  

Յօդ. 51. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ ինն անձինքէ, զոր Քաղաքական Ժողովը կ՚ընտրէ քուէից առաւելութեամբ։ Ասոնց երկուքը վկայեալ բժիշկ պիտի ըլլան։

Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան պաշտօնն է՝ Ազգային Հիւանդանոցը եւ անոր սեպհական կալուածներն ու եկամուտները տնտեսել, եւ անոնց հասոյթովն ու ազգային սնտուկին նպաստիւը մատակարարել զայն։

Այս հաստատութիւնը չորս շրջանակի բաժնուելով, մէկը՝ աղքատիկ հիւանդները դարմանելու, երկրորդը՝ ծեր եւ անկար աղքատները պատսպարելու, երրորդը՝ խելագարները խնամելու, եւ չորրորդը՝ որբ եւ անտէրունջ տղաքը դաստիարակելու պիտի յատկանան։

Այս շէնքին կարգադրութիւնն ու տնտեսութիւնը բժշկական եւ առողջապահիկ կանոնաց համեմատ պիտի տնօրինուին։

Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը այս հաստատութեան տնտեսութեան մասին՝ Տնտեսական Խորհուրդին, եւ դաստիարակութեան մասին՝ Ուսումնական Խորհուրդին պատասխանատու է, եւ սոյն Խորհրդոց որոշեալ ժամանակներ համար պիտի տայ իր գործողութեանց վրայ։

Է. ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՔ

Յօդ. 52. Թաղական Խորհուրդները կը բաղկանան ըստ տեղւոյն՝ հինգէն մինչեւ տասներկու անդամներէ։

Թաղական Խորհուրդին պաշտօնն է՝ թաղին ժողովրդեան ազգային գործոց մատակարարութիւնը, եկեղեցւոյ եւ դպրատան հոգաբարձութիւնը, աղքատաց խնամակալութիւնը, եւ ազգայնոց մէջ պատահած վէճերուն քննութիւնն ու խաղաղարարութիւնը։

Իր պարտաւորութիւնքն են՝ թաղին եկեղեցւոյ պայծառութեանը խնամ տանիլ, թաղին մէջ թէ՛ աղջիկ եւ թէ՛ մանչ տղայոց դաստիարակութեան համար դպրատուններ հաստատելու ջանք ընել, եւ թաղին կարօտեալ ընտանեաց ձեռնատուութիւն ընել։

Յօդ. 53. Ամեն թաղ մէկ մէկ Սնտուկ պիտի ունենայ՝ Թաղական Խորհուրդին տնօրէնութեանը տակ։

Այս սնտուկին մուտքն են՝ թաղին ժողովրդեան կողմէ արուած թաղական տուրքը. եկեղեցւոյ եւ դպրատան կալուածոց եկամուտները, եկեղեցւոյն հասոյթները, կտակաւ կամ ուրիշ կերպիւ եղած նուէրները ելն. ։ Ելքն են՝ թաղին եկեղեցւոյն եւ դպրատանց ծախքն ու աղքատաց տրուելիք օգնութիւնները։

Ամեն Թաղական Խորհուրդ իր թաղին մէջ եղած ծննդոց, ամուսնութեանց եւ վախճանմանց արձանագրութիւնը պիտի ընէ կանոնաւոր կերպով մասնաւոր Տոմարի մը մէջ։

Յօդ. 54. Թաղական Խորհուրդները՝ իրենց պաշտօնին վերաբերեալ գործոց մէջ Տեսուչ Խորհուրդներուն հետ ուղղակի յարաբերութիւն ունին, այսինքն՝ դպրատանց համար՝ Ուսումնական Խորհուրդին հետ, տնտեսական եւ դրամական գործոց համար՝ Տնտեսական Խորհուրդին հետ, դատի վերաբերեալ գործոց համար՝ Դատաստանական Խորհուրդին հետ։ Եւ ասոնց ամէն մէկին որոշեալ ժամանակների համար պիտի տան իւրաքանչիւրին վերաբերեալ գործոց վրայ։

Յօդ. 55. Իւրաքանչիւր Թաղական Խորհուրդ իր թաղին ժողովրդեան կողմէն կ՚ընտրուի։

Ամէն ազգային անհատ որ քսան եւ հինգ տարին լրացուցած է, եւ ըստ 67րդ յօդուածոյ Սահմանադրութեան՝ ընտրողութեան իրաւունքէն դատաստանապէս զրկուած չէ, իրաւունք ունի մասնակից ըլլալ ընտրութեան թաղական խորհրդոյ անդամոց։

Յօդ. 56. Թաղական խորհրդոց պարտաւորութիւնն ու ընթացքը սահմանելու համար պէտք եղած կանոնագրութիւնը Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն ձեռօք պիտի շինուի։

Թաղական Խորհրդոց անդամներուն պաշտօնը չորս տարի կը տեւէ. Հինգերորդ տարւոյն սկիզբը կը նորոգուին, եւ անմիջապէս վերընտրելի են։

Ը. - ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Կազմութիւն եւ պարտաւորութիւն

Յօդ. 57. Ազգային Ընդհանուր Ժողովը հարիւր քառասուն Երեսփոխաններէ կը բաղկանայ որոնց՝

Ա. Մէկ եօթներորդ մասը, այսինքն քսանը, եկեղեցական երեսփոխանք են, զոր Կոստանդնուպօլսոյ մէջ գտնուող եկեղեցականք կ՚ընտրեն։

Բ. Երկու եօթներորդ մասը, այսինքն քառասունը, գաւառներէն գալիք Ազգային երեսփոխանք են։

Գ. Չորս եօթներորդ մասը, այսինքն ութսունը, Կոստանդնուպօլսոյ թաղերէն ընտրուած երեսփոխանք են։

Յօդ. 58. Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց անդամները Ընդհանուր Ժողովին ներկայ կը գտնուին, բայց եթէ երեսփոխան ընտրուած չեն՝ Ընդհանուր Ժողովին մէջ քուէ չունին։

Յօդ. 59. Ընդհանուր Ժողովը նիստ չկրնար ընել՝ մինչեւ որ անդամոց մեծագոյն մասը, այսինքն գոնէ եօթանասունումէկ հոգի ներկայ չըլլայ։

Յօդ. 60. Ընդհանուր Ժողովին պաշտօնն է, Պատրիարքը, Կաթողիկոսը եւ Ազգին գլխաւոր պաշտօնատարները. եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովոց անդամները ընտրել, Ազգային Ժողովոց վարչութեանը հսկողութիւն ընել, սոյն ժողովներուն վերաբերեալ՝ բայց իրենց ձեռնահասութենէն վեր համարուած գործերը որոշել եւ վճռել, եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը անխախտ պահել։

Յօդ. 61. Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի՝

Ա. Ըստ վաղեմի սովորութեան ամէն երկու տարին անգամ մը՝ Ապրիլ ամսոյ վերջերը, Ազգային Վարչութեան երկամեայ ընթացքին տեղեկագիրը մտիկ ընելու, եւ ելմտական պաշտօնակալաց ձեռօք ժողվուած եւ ծախս եղած գումարներուն ընդհանուր հաշիւը տեսնելու եւ քննելու, Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց բոլոր անդամները  փոխելով՝ ուրիշներ ընտրելու, եւ յետագայ երկու տարուան մէջ ազգային տուրքը ի՞նչպէս տնօրինուելիքը սահմանելու համար։

Սոյն երկ-տարեկան ժողովը սկսած օրէն մինչեւ երկու ամիս տեւելով իր նիստերը կը վերջացնէ։

Ընդհանուր Ժողովոյ այս նիստերուն մէջ՝ միանգամայն Ազգային Վարչութեան Ժողովներուն անդամ գտնուող երեսփոխանները ամէն խնդրոյ վրայ կրնան խօսիլ, բայց տուրքի եւ ընտրութեան խնդիրներէն զատ՝ ուրիշ խնդիրներու մէջ չեն կրնար քուէ տալ։

Բ. Կաթողիկոսի ընտրութեան մասնակից ըլլալու համար։

Գ. Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքները ընտրելու համար։

Դ. Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց մէջ, կամ՝ Պատրիարքին ու Ժողովոց մէջ պատահած անհամաձայնութիւնը բառնալու համար։ Սոյն պարագայից մէջ՝ անհամաձայնութեան ենթակայ եղող կողմերը Ընդհանուր Ժողովոյ մէջ խօսք միայն ունին եւ ո՛չ քուէ։

Ե. Ազգային Սահմանադրութեան վերաքննութեանը համար։

Եւ վերջապէս այնպիսի խնդիրներու համար որոց վրայ որոշում տալը Ընդհանուր Ժողովոյն կը վերաբերի։

Սակայն այս տեսակ արտաքոյ կարգի նիստերուն տեղի ունենալէն առաջ՝ Ընդհանուր Ժողովոյ գումարման պատճառը Պատրիարքարանի կողմէն Բարձրագոյն Դրան իմաց տրուելով, անոր հաճութիւնը կ՚առնուի։

Յօդ. 62. Պատրիարքը կը գումարէ Ընդհանուր Ժողովը, Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց մէկուն համահաճութեամբը, եւ կամ նոյն իսկ Ընդհանուր Ժողովոյ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովոց մէկուն համահաճութեամբը, եւ կամ նոյն իսկ Ընդհանուր Ժողովոյ անդամոց մեծագոյն մասին խնդրանօքը։ Միայն թէ այս կերպ արտագոյ կարգի ժողով գումարելէն առաջ՝ գումարման պատճառը Բարձրագոյն Դրան իմաց տրուելով, անոր հաճութիւնը առնել հարկ է։

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱՑ

Յօդ. 63. Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցականք՝ Պատրիարքի հրաւիրանօք՝ ապրիլ ամսոյ վերջը որոշեալ տեղ մը կը գումարուին, եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ու քուէից բացարձակ առաւելութեամբ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովոյ եկեղեցական անդամները կ՚ընտրեն, թէ՛ եպիսկոպոսներէն, թէ՛ վարդապետներէն եւ թէ՛ քահանաներէն. բայց պէ՛տք է որ ընտրելիք՝ դուրսերը պաշտօն չունենան, եւ հասակաւ երեսուն տարին լրացուցած, եւ գո՛նէ հինգ տարի առաջ ձեռնադրուած ըլլան, եւ ո՛ր եւ է դատաստանի տակ չգտնուին։

Յօդ. 64. Եկեղեցական երեսփոխանաց պաշտօնը տասն տարի կը տեւէ. եւ երկու տարին անգամ մը՝ հինգերորդ մասը փոխուելով կը նորոգուի։ Այս հինգերորդ մասը առաջին ութ տարիներու մէջ՝ վիճակաւ պիտի որոշուի եւ հանուի. եւ թէ՛ վիճակաւ ելած եւ թէ՛ տասնամեայ պաշտօնը լրացուցած անդամները անմիջապէս վերընտրելի են։

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱՑ

Ա. Ընտրողութեան եւ ընտրելութեան պայմանք

Յօդ. 65. Ընտրողական իրաւանց հիմն կը բռնուին՝ ազգային տուրքը, եւ անձնական արժանիքը։

Ազգային տուրքը ընտրողութեան իրաւունք տալու համար, պէտք է որ ընտրողը տարին գո՛նէ եօթանասուն ու հինգ ղուրուշ ընդհանուր տուրք վճարէ։

Ընտրողութեան անձնական արժանեօք իրաւունք ունեցողներն են՝ արքունի դիւաններուն եւ տէրութեան ուրիշ պաշտօններուն մէջ գտնուողներ. վկայեալ բժիշկները. օգտակար գրքերու հեղինակները. դպրատանց ուսուցիչները, եւ ազգին օգտակար ծառայութիւններ մատուցած անձինք։

Յօդ. 66.   Ընտրողութեան  իրաւունք ունին քսան եւ հինգ տարին լրացուցած անձինք, սակայն ընտրողք հարկ է որ Օսմանեան տէրութեան հպատակ ըլլան։

Յօդ. 67. Ընտրելու իրաւունքէն դատաստանապէս զրկեալ են հետեւեալ չորս դաս անձինքը.

Ա. Քրէական յանցանօք դատապարտեալները, որոնք ըստ պատժական օրինաց Տէրութեան՝ քաղաքականապէս մեռեալ կը համարուին։

Բ. Ազգային գործոց մատակարարութեանը մէջ նենգութեամբ բռնուած, եւ Ազգ. Ժողովներէն մէկուն կողմէն դատապարտուած անձինք, որոց համար ազգային գործերու մէջ չգործածուիլը վճռուած ըլլայ դատող ժողովին կողմէն։

Գ. Տէրութեան դատարաններուն կողմէն զգաստացուցիչ պատիժ կրողները, որոց պատժոյն պայմանաժամը դեռ լրացած չէ։

Գ. Խելագարութեան պատճառաւ անբաւական դատեալները, որոց կատարելապէս առողջացեալ ըլլալը օրինաւոր կերպիւ հաստատուած չըլլայ։

Յօդ. 68. Ընտրելի են ազգին այն ամէն անհատները, որոնք երեսուն տարին լրացուցած ըլլալով, Օսմանեան հպատակ, Տէրութեան օրինացը տեղեակ, եւ ազգային գործոց հմուտ են եւ ընտրողութեան իրաւունքէն ըստ 67րդ յօդուածոյ զրկուած չեն։

Բայց Կոստանդնուպոլսոյ թաղերուն կողմէն ընտրուելիք ութսուն երեսփոխանաց գո՛նէ եօթը՝ աստիճանաւոր անձինք ըլլալու են։

Բ. Եղանակ Ընտրութեան

Յօդ. 69. Կոստանդնուպոլսոյ թաղերէն եւ գաւառներէն ընտրուելիք երեսփոխանաց բաշխման ցուցակը շինելու համար, ամէն երկու տարի Փետրուար ամսոյ սկիզբը՝ Ազգ. Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները, Տեսուչ Խորհրդոց ատենապետներուն հետ մեկտեղելով Համախորհուրդ ժողով կը կազմեն, եւ Պատրիարքական դիւանատան ընդհանուր ազգահամարին նայելով, ամէն մէկ թաղին եւ գաւառին կողմէն քանի երեսփոխան ընտրուելիքը կ՚որոշեն, Պոլսոյ թաղերուն համար՝ ընտրողաց թիւը, եւ գաւառներուն համար՝ բնակչաց թիւը հիմն բռնելով։ Եւ այս կերպով շինուած ցուցակին համեմատ՝ իւրաքանչիւր թաղի եւ գաւառի տալու երեսփոխանաց թիւը Պատրիարքի ձեռօք անոնց կը ծանուցանեն։

Երեսփոխանաց պաշտօնը տասն տարի կը տեւէ. եւ երկու տարին անգամ մը՝ թէ՛ Կոստանդնուպոլսոյ թաղերէն եւ թէ՛ գաւառներէն ընտրուած ազգային երեսփոխաններուն հինգերորդ մասը կը փոխուի եւ կը նորոգուի։ Այս հինգերորդ մասին ընտրութիւնը պիտի կատարուի ամէն երկու տարին անգամ մը, թէ՛ թաղերուն եւ թէ՛ գաւառներուն կողմէն, մէջերնին փոփոխակի կարգ պահելով։

Այս փոփոխակի կարգը առաջին ութ տարիներուն մէջ՝ վիճակաւ պիտի որոշուի. սա՛ պայմանաւ որ եթէ թաղի մը ընտրողները եւ կամ գաւառի մը բնակչաց թիւը աւելցած կամ պակսած է, այն թաղին կամ գաւառին տալու երեսփոխանաց թիւն ալ համեմատութեամբ պիտի աւելնայ կամ պակսիլ

Վախճանեալ կամ հրաժարեալ երեսփոխանաց տեղ ընտրուելիք անձինքն ալ՝ ամէն տարի տարեգլխէն երկու ամիս առաջ պէ՛տք է ընտրուին։

Թաղական երեսփոխանները Կ. Պոլսոյ թաղերուն բնակչաց կողմէն պիտի ընտրուին։ Իսկ գաւառական երեսփոխանները իւրաքանչիւր գաւառի Ընդհանուր Ժողովոյ կողմէն պիտի ընտրուին։

Յօդ. 70. Թէ՛ Պոլսոյ թաղերէն եւ թէ՛ գաւառներէն ուզուած երեսփոխանները՝ հարկ չէ՛ որ ընտրող թաղին կամ գաւառին բնակիչներէն ըլլան. բաւակա՛ն է որ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ բնակին, իրենց ներկայացուցած թաղին կամ գաւառին ազգային գործոցը հմուտ ըլլան, եւ ազգասիրութեամբ՝ ուղղութեամբ եւ արդարախոհութեամբ ընտրողաց յարգն ու համարումը ստացած անձինք ըլլան։

Ազգային երեսփոխանները ո՛չ թէ զիրենք ընտրող թաղին կամ գաւառին երեսփոխանները կը համարուին Ընդհանուր Ժողովոյ մէջ, այլ Ազգին երեսփոխաններն են՝ համազօր իշխանութեամբ։

Յօդ. 71. Երկու տարին անգամ մը Պոլսոյ թաղերուն կողմէն ընտրուելիք երեսփոխանաց հինգերորդ մասին համար՝ Պատրիարքը Փետրուար ամսոյ մէջ ընտրող թաղերուն ամէն մէկուն կը ծանուցանէ քանի՛ երեսփոխան ընտրելիքը՝ ընտրողութեան եւ ընտրելութեան պայմաններն ալ յիշեցնելով։

Այս ծանուցման վրայ՝ Թաղական Խորհուրդները երեսփոխանաց ընտրութեանը կը ձեռնարկեն։ Բայց ընտրական գործողութեանց համար թաղին քարոզիչը՝ կամ անոր չգտնուած ժամանակը՝ Աւագերէցը նախագահութիւն կ՚ընէ, եւ թաղին բնակիչներէն երեքէն մինչեւ վեց պատուաւոր անձինք Թաղական Խորհուրդին վրայ կ՚աւելցուին։

Այս կերպով կազմուած Ընտրողական Ժողովներուն ամէն մէկը՝ իր թաղին մէջ ընտրողութեան իրաւունք ունեցողներն ստուգելով, այբուբէնի կարգաւ ընտրողաց ցանկ մը կը պատրաստէ, եւ ութ օր բաց մնալու պայմանաւ Թաղական Խորհրդարանի մէջ կախել կուտայ։

Ընտրողական Ժողովը ընտրելեաց որոշումը դիւրացնելու համար՝ ուզուած երեսփոխաններուն թիւէն եռապատիկ աւելի ընտրելեաց ցուցակ մըն ալ կը պատրաստէ, եւ այն ալ կախել կուտայ Խորհրդարանին մէջ։ Սակայն ընտրողք ամենեւին պարտաւորեալ չեն ընտրելեաց ցուցակին հետեւելու։

Գաւառներուն մէջ ալ՝ գաւառական Ընդհանուր Ժողովոց անդամները միեւնոյն կերպով կ՚ընտրուին։

Գ. - Քուէարկութիւն

  Յօդ. 72. Ընտրողաց ցանկին բացուելէն շաբաթ մը ետքը՝ կիւրակէ առաւօտ, ժամերգութեան աւարտմանէն ետքը, Թաղական Խորհրդարանի մէջ քուէարկութեան կ՚սկսուի սապէս։

Թաղական խորհրդոյ Նախագահը՝ ընտրողաց ցանկը ձեռքն առած կարգաւ կը կանչէ ընտրողները, որք ընտրողաց ցանկին մէջ իրենց անուան առջեւ ստորագրելէն վերջը, քանի՛ երեսփոխան ուզուած է նէ՝ այնքան անձանց անուն թուղթի մը վրայ կը գրեն վերէն ի վար կարգաւ, եւ ամէն մէկ անուան առջեւ մականուն, բնակւթիւն եւ արուեստ նշանակելով՝ թուղթը կը ծալլեն, եւ յատկապէս պատրաստուած քուէատուփին մէջ կը ձգեն։ Իսկ եթէ ընտրողք պատճառաւ իւիք չը կրնար գալ խորհրդարան, ստորագրեալ նամակաւ մը քուէնին կ՚ուղարկեն։

  Յօդ. 73. Քուէարկութիւնը գաղտնի է, ուստի պէտք է որ քուէարկուք առանձին գրեն իրենց քուէթուղթը, որպէս զի ուրիշ մը չկրնայ տեսնել դրած անունները։

  Յօդ. 74. Քուէարկութիւնը սկսած օրը պէտք է լմմնայ։ Ընտրողներէն ո՛վ որ իր քուէն նոյն օրը չներկայացնէ, ետքը բողոքելու իրաւունք չունի։

Յօդ. 75. Ոչ ոք պիտի կարենայ միանգամայն երկու թաղի մէջ քուէ տալ ։

Յօդ. 76. Ընտրութեան մասին միացեալ թաղերը եւ թեմերը՝ եթէ իրարու մօտ ըլլան, ընտրողները մէկտեղ ժողվուելով քուէարկութիւն կ՚ընեն։ Իսկ եթէ իրարմէ հեռի ըլլան՝ իւրաքանչիւր թաղ կամ՝ թեմ զատ քուէարկութիւն կ՚ընէ, եւ ետքը երկու կողման քուէարկութեանց արդիւնքը կը միացնեն։

Յօդ. 77. Քուէարկութիւնը կատարուելէն ետքը նոյն օրը մի եւ նոյն նիստի մէջ՝ Թաղական Խորհուրդին առջեւ քուէտուփը կը բացուի. եւ այս բանիս համար որոշուած քննիչները քուէներն համրելով, քուէարկուաց թուոյն հետ կը բաղդատեն։

Եթէ տարբերութիւն գտնուի, եւ Թաղական Խորհուրդը խարդախութեան կասկած ունենայ, մինչեւ առաջիկայ կիրակի՝ միւս օր մը նորէն քուէարկութիւն ընել կ՚որոշուի։

Նմանապէս՝ եթէ ուզուած երեսփոխանաց թիւը առաջին անգամին չլցուի, մնացածին համար երկրորդ անգամ քուէարկութիւն կ՚ըլլայ միւս օր մը։

  Յօդ. 78. Եթէ պատահի որ քուէարկուներէն մէկը պէտք եղածէն աւելի թուով անուն գրած ըլլայ իր քուէթուղթին մէջ, նոյն թիւէն վերջը եկած անունները անընդունելի են. նմանապէս անվաւեր կը համարուին այն քուէթուղթերը՝ որոնց մէջ գտնուած անունները վերէն ի վար կարգաւ գրուած չեն։

Յօդ. 79. Քուէարկուաց թուոյն կէսէն աւելի քուէ ստացողներուն մէջէն՝ առաւելագոյն քուէ ստացող անձինք՝ երեսփոխան ընտրուած են։ Եւ երկու անձանց հաւասար քուէ տրուած ըլլայ, երիցագոյնը ընտրեալ է։

Յօդ. 80. Եթէ առաջին քուէարկութեամբ առաւելութիւն չստացուի, թաղական խորհուրդը կը ծանուցանէ առաւելագոյն քուէ ստացող երկու անձանց անունները, եւ երկրորդ քուէարկութիւնը օրինաւորապէս այն երկու անուանց վրայ կ՚ըլլայ։

Յօդ. 81. Ամէն Թաղական Խորհուրդ՝ իր թաղէն ընտրուած երեսփոխանաց անունները Պատրիարքին կը ներկայացնէ մասնաւոր տեղեկագրով վը, որուն մէջ պէտք է ճշդիւ նշանակուած ըլլայ ընտրեալներուն անունը, մականունը, բնակութիւնը, արհեստը, եւ քուէարկութեան բոլոր պարագաները։

Պատրիարքը այս տեղեկագրերը կը ներկայացնէ Քաղաքական Ժողովին որ զանոնք քննելով կը ստուգէ երեսփոխանաց ընտրելութեան պայմանները։

Այսպէս ստուգուելէն ետքը, Պատրիարքը պաշտօնական կերպիւ կը ծանուցանէ երեսփոխանաց ամէն մէկուն ըստ օրինի ընտրութիւնը, եւ կը հրաւիրէ զանոնք ընդհանուր ժողովոյ ատեան կազմել որոշեալ օր մը։

Յօդ. 82. Ընդհանուր Ժողովը իր առաջին նիստին մէջ՝ Քաղաքական Ժողովին քննած տեղեկագիրը մտիկ ընելով, եղած ընտրութիւննեը եւ երեսփոխանաց իշխանութիւնը կը վաւերացնէ, որով Ընդհանուր Ժողովը ըստ օրինի կազմուած կ՚ըլլայ։

Ընդհանուր Ժողով կրնայ գումարուիլ, երբ Կոստանդնուպոլսոյ երեսփոխանաց մեծագոյն մասը ընտրուած ըլլայ, առանց սպասելու գաւառական երեսփոխանաց ընտրութեան վախճանին՝ որոնց լուրը մէկ կողմէն  Կոստանդնուպոլիս հասնելու վրայ կ՚ըլլայ։

Յօդ. 83. Եթէ մէկը քանի մը թաղերու կամ գաւառներու կողմէն ընտրուած ըլլայ, ինք կ՚որոշէ ո՛ր թաղին կամ ո՛ր գաւառին երեսփոխանութիւնն ընդունիլը, եւ եթէ ինք չուզէ որոշել Ընդհանուր ժողովը վիճակաւ կ՚որոշէ։

Յօդ. 84. Երեսփոխանաց անուան ցուցակը Ընդհանուր ժողովոյ սրահին մէջ կախուած պիտի մնայ՝ այբուբէնի կարգաւ շինուած եւ իւրաքանչիւր անուան առջեւ պիտի նշանակուի հրաժարում, վախճանում, եւ այլ ինչ որ պատահի։ Այս ցուցակը երկու տարին անգամ մը պիտի նորոգուի։