Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5.
ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ԱԶԳ. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
(ԱՄՓՈՓՈՒՄ)

Յօդուած 1. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը Ազգային Կեդր. Ժողովներու պատուակալ նախագահն ու Գործադիր Վարչութեան պատուակալ ներկայացուցիչն է: Ինչպէս եւ միջնորդը պետութեան հետ յարաբերութեանց՝ գործակցութեամբ Կեդրոնական Գործադիր Վարչութեան:

Պատրիարքը միեւնոյն ժամանակ Պոլսի Վիճակային Առաջնորդն ու Ընդհանրական Հայրապետի փոխանորդն է, ուստի եւ իբրեւ փոխանորդ Կաթողիկոսի, Հայաստանեայց Եկեղեցիիի զուտ եկեղեցական-վարչական գլուխն է:

  Պատրիարքը Պոլսի վիճակային Առաջնորդութիւնը կը վարէ փոխանորդին միջոցով:

Պատրիարքական փոխանորդը կ’ընտրուի Կեդր. Գործադիր Վարչութեան կողմէ ներկայացուած եռտնուն ցանկի վրայ, Պոլսի Գաւառ. Ընդհ. Ժողովէն:

Յօդ. 2. Պատրիարքական պաշտօնը այժմ ցկեանս է, բացի հրաժարելու եւ կամ օրէնքով նախատեսուած պատճառներով ու եղանակով հրաժարեցուցուելու պարագաներէն:

Պատրիարքը կ’ընտրուի Ազգ. Կեդր. Ընդհանուր ժողովի կողմէն:

Ընտրութեան համար՝ Գործադիր Վարչութիւնը տասներկու թեկնածուներու ներկայացման ցուցակ կազմելով, կը ներկայացնէ Ընդհ. Ժողովին:

Ընդհ. Ժողովի խմբակցութիւնները կ’ընտրեն երկերկու անդամներ, Ընտրողական Մասնախումբի մը համար, որ Գործադիր, Վարչութեան ցուցակէն երեք թեկնածուներ որոշելով, կ’առաջարկէ Ընդհ. Ժողովին քուէարկութիւնը կատարել այդ երեք թեկնածուներուն վրայ:

Քուէները յատուկ քուէտուփի մէջ դրուելէ յետոյ, քուէհամարը կը կատարուի վերոյիշեալ Ընտրողական Մասնախումբի հսկողութեան տակ:

Յօդ. 6. Պատրիարքը Ընդհ. Ժողովի կողմէ ամբաստանութեան տակ կ’առնուի կամ տասը պատգամաւորներու եւ կամ գործադիր վարչութեան ամբաստանագրով, որ պէտք է պատճառաբանուած ըլլայ:

Ընդհանուր Ժողովը՝ յետ վիճաբանութեան, եթէ բաւարար համարէ պատճառաբանութիւնները՝ ամբաստանութիւնը քննութեան ենթարկելու համար, քուէարկութեամբ կուտայ այդ որոշումը եւ իր մէջէն հինգ անդամէ բաղկացած խորհրդարանական քննիչ յանձնախումբ մը ընտրելով, անոր կը յանձնէ քննել եւ ժողովին տեղեկագրել ամբաստանութեան կէտերը:

Եթէ Պատրիարքը ամբաստանութիւնը ընդունող որոշումը նկատէ իբր անվստահութիւն իր անձին դէմ եւ հրաժարի, քննութիւնը չսկսիր, եւ եթէ սկսուած է, կը դադրի քննիչ Յանձնախումբը կը լուծուի:

Եթէ ամբաստանութիւնը ծանր պատասխանատուութիւն կը հրաւիրէ, հրաժարական տեղի ունենայ իսկ, զայն ընդունելով հանդերձ, քննիչ Մասնախումբը պէտք է կատարէ իր քննութիւնը:

Յանձնախումբը՝ ամէն պարագայի մէջ պարտաւոր է երկու շաբաթուան ընթացքին աւարտել իր քննութիւնը եւ Ընդհ. Ժողովին ներկայացնել տեղեկագիրը, որ պատճառաբանեալ պիտի ըլլայ:

Ընդհ. Ժողովի Դիւանը անմիջապէս պատգամաւորներուն կը ցրուէ տեղեկագրին տպագրուած պատճէնը: Տեղեկագիրը պատգամաւորներուն յանձնուելէ մէկ շաբաթ յետոյ, ժողովը պարտաւոր է նիստ գումարել եւ գաղտնի քուէարկութեամբ արձակել իր վճիռը:

Ժողովը եթէ քուէարկութեամբ հաստատէ ամբաստանութիւնը, Դիւանի կողմէն կը հաղորդուի Պատրիարքին՝ որ պարտաւոր է հրաժարիլ անմիջապէս: Եթէ որոշումը իրեն հաղորդուելէ ետք, երեք օրուան ընթացքին չհրաժարի, Գործադիր Վարչութեան կողմէ Բ. Դրան կը զեկուցուի եւ Մայր Դիւանի կողմէ կը յայտարարուի Պատրիարքին հրաժարեցուիլը:

Յօդ. 8. Պատրիարքի պարտականութիւնն է հսկել օրէնքի անվթար պահպանումին եւ իրաւասու Մարմիններէն օրինական կարգով յանձնուած որոշումներու գործադրութեանը, գործադիր վարչութեան ատենապետին միջոցով:

Պատրիարքը իրեն ուղղուած ամէն գրութիւն եւ խնդիր կը յղէ պատկան ժողովին, Մարմնին, Խորհուրդին եւ Դիւանին, քննութեան եւ որոշման համար:

Պատրիարքական ո՛չ մէկ գրութիւն եւ թագրիր պաշտօնական նշանակութիւն չունի եւ գործադրութեան արժանի չէ, եթէ չի կրեր որոշող իրաւասու Մարմնի՝ ինչպէս նաեւ գործադիր վարչութեան կնիքն ու ստորագրութիւնները:

Բացառիկ պարագաներու մէջ միայն, գործադիր վարչութեան ատենապետի բացակայութեանը, անկարեւոր խնդրի համար Պատրիարքը կրնայ ժամանակաւոր կարգադրութիւններ ընել, պայմանաւ որ ստանձնէ իր կարգադրութեան նիւթական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը, եւ անյապաղ հաղորդելով Գործադիր Վարչութեան ատենապետին, պատկան Մարմնին հաւանութեանն ենթարկէ:

Յօդ. 24. Թուրքիոյ Հայերու Հայաստանեայց Եկեղեցիի դաւանութեան պատկանողներու Կեդր. Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ տասն եւ չորս եկեղեցականներէ՝ որոնք գոնէ 30 տարին լրացուցած եւ հինգ տարիէ ի վեր ձեռնադրուած ու պաշտօնավարած ըլլալու են:

Յօդ. 25. Կրօնական Ժողովներու պաշտօնն ու պարտականութիւնը զուտ եկեղեցական-վարչական է, կ’ընտրուին եկեղեցական օրէնքի համաձայն: Ընտրող Ժողովի տեղեկագիրը Պատրիարքի միջոցով կը մատուցուի Բ. Դրան եւ կը հաստատուի կայսերական հրամանով:

Յօդ. 27. Երբ Կեդր. Կրօնական Ժողովի անդամներէպ մէկը վախճանի կամ ո՛ եւ է պատճառով հրաժարի եւ պակսողներու թիւը երեքի հասնի, անոնց տեղ ուրիշներ կ’ընտրուին համաձայն նոյն եկեղեցական օրէնքներու եւ կը հաստատուին դարձեալ նոյն ձեւով:

Յօդ. 36. Կեդրոն Գործադիր Վարչութիւնը կը բաղկանայ պետական ու ազգային օրէնքներու եւ գործերու տեղեակ հինգ աշխարհական անդամներէ:

Յօդ. 37. Գործադիր Վարչութեան անդամները կ’ընտրուին հետեւեալ կերպով.

Կեդրոնական Ընդհանուր Ժողովի խմբակցութիւններէն մէկ մէկ ներկայացուցիչ նշանակուելով, Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետին նախագահութեամբ կը կազմուի Մասնախումբ մը, որ կը կազմէ հնգանուն ցանկ մը, գործադիր վարչութեան ատենապետութեան համար:

Այս հնգանուն ցանկին վրայ Կեդր. Ընդհանուր Ժողովը գաղտնի քուէարկութիւն կատարելով, բացարձակ մեծամասնութեամբ կ’ընտրուի ատենապետը:

Ընտրուած ատենապետը՝ Ժողովի կուսակցութիւններուն կամ խմբակցութիւններուն հետ խորհրդակցելով եւ ընտրելիներուն համաձայնութիւնը առնելով, կ’որոշէ իր գործակից չորս անդամներու ցանկը ու կը ներկայացնէ Ժողովին հաստատութեան:

Ժողովը հաստատելով ներկայացուած ցանկը, կը կազմէ ընտրութեան տեղեկագիրը, որ Պատրիարքին կամ Տեղապահին միջոցով կը մատուցուի Բ. Դրան ու կը հաստատուի կայսերական հրամանով:

Յօդուած 38. Գործադիր վարչութիւնը երբ ալ ընտրուի, իր պաշտօնավարութեան շրջանը կը լրանայ զինքն ընտրող Ընդհ. Ժողովի հնգամեայ շրջանի լրումին հետ:

Գործադիր Վարչութեան անդամները իրենց մէջ աշխատանքի բաժանում կատարելով, իւրաքանչիւրը կը ստանձնէ մէկ ճիւղի տեսչութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, առաջարկութեամբ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ ատենապետին:

Աշխատանքի բաժանման ճիւղերն են ուսումնական, տնտեսական, դատաստանական, վանական-մատակարարական:

Յօդուած 39. Գործադիր վարչութեան իւրաքանչիւր անդամը իր ստանձնած ճիւղին անձնապէս պատասխանատու ըլլալով հանդերձ հաւաքարար Ընդհանուր Ժողովի առջեւ պատասխանատու է Վարչութեան ընդհանուր գործառնութեանց եւ ուղղութեան համար:

Իւրաքանչիւրը իր ճիւղին ընթացիկ գործերը վարելով հանդերձ, բոլոր կարեւոր խնդիրներ գործադիր Վարչութեան ժողովին մէջ կ’որոշուին:

Յօդուած 44. Գործադիր Վարչութիւնը կ’ընտրէ Ուսումնական, Տնտեսական, Դատաստանական եւ Վանական-Մատակարարական ճիւղերու համար չորս Կեդրոնական Խորհուրդ, որոնց իւրաքանչիւրին կ’ատենապետէ գործադիր Վարչութեան անդամներէ համապատասխան տեսուչ-անդամը:

Իւրաքանչիւր խորհուրդի անդամները չորս տարի կը պաշտօնավարեն, պայմանաւ որ ամէն տարեգլուխի կիսով նորոգուին:

Յօդուած 45. (Սոյն յօդուածի միայն վերջին հատուածը բարեփոխուած է հետեւեալ կերպով). -

Իսկ կրօնի ուսման համար կը դիմէ իւրաքանչիւր դաւանութեան Կրօնական Ժողովին կամ համապատասխան իրաւասու մարմնին, որոնք կ’որոշեն կրօնական գիտութեանց դասագրքերն ու դասատուները:

Յօդուած 46. Կեդր. Տնտեսական խորհուրդը կը բաղկանայ վեց տնտեսագէտ անձերէ, որոնք գործադիր Վարչութենէն կ’ընտրուին քուէներու առաւելութեամբ:

Կեդր. Տնտեսական խորհուրդի պաշտօնն է Թուրքիոյ մէջ գտնուած բոլոր ազգային հաստատութիւններու, կալուածներու մատակարարութեան, տնտեսութեան, ելեւմուտքի, բարեկարգութեանց վերին հսկողութիւնը:

Տնտեսական խորհուրդը պարտաւոր է հոգ տանիլ որ Թուրքիոյ մէջ ամէն ազգային կալուած կալուածագիր ունենայ, Թուրքիոյ բոլոր Վիճակներուն Տնտեսական Խորհուրդները ունենան իւրաքանչիւր իր վիճակի ազգ. կալուածներու լիակատար ցանկը, կալուածագրերը, ինչպէս եւ շարժական գոյքերը, թանգարաններու, գրադարաններու եւ անոնց պարունակութեանց լրիւ ցուցակը:

Տնտեսական խորհուրդը պիտի ունենայ այդ բոլոր ցանկերուն ու կալուածագրերուն վաւերացեալ պատճէնները:

Տնտեսական խորհուրդը պարտաւոր է տարեգլուխէն երկու ամիս առաջ ստանալ բոլոր Վիճակներու Տնտեսական Խորհուրդներէն յաջորդ շրջանի ելմտական նախահաշիւը (պիւտճէ) եւ կազմել Կեդրոնական Սնտուկի պիւտճէն:

Կեդր. Տնտեսական խորհուրդի կազմած պիւտճէն քնուելով եւ հաստատուելով Կեդր. Գործադիր Վարչութեան կողմէ, կը ներկայացուի Կեդր. Ընդհանուր Ժողովին վաւերացման:

Յօդուած 47. Կեդր. Դատաստանական Խորհուրդը կը բաղկանայ չորս իրաւագէտ անձերէ, որոնք պիտի ունենան ամուսնական դատավարութեան նման ընկերային, բարոյական չափազանց կարեւոր վէճերու եւ խնդիրներու պահանջած լրջութիւնը ու մասնագիտութիւնը:

Դատաստանական Խորհուրդի անդամները կ’ընտրուին Գործադիր Վարչութեան կողմէ. իր պաշտօնն է ամուսնական ամէն կարգի վէճերը, նշանախօսութեան լուծում, ամուսնալուծութիւն, բաժանում, ժամանակաւոր բաժանում, օժիտ, պարէն, անպսակ կենակցութիւններու զաւակներ, եւն: Նոյնպէս առհասարակ բոլոր կարգի կտակներու հաստատութեան, վաւերականութեան, կտակակատարներու զեղծումի, ժառանգորդներու վաւերականութեան, եւն. վերաբերող հարցեր, անհատներու միջեւ կամ անհատներու եւ ազգային Մարմիններու միջեւ ծագած վէճերու մասին Վիճակային Դատաստանական Խորհուրդներու տրուած վճիռներու վերաքննութիւնը, այդ մասին հաստատած պայմաններով:

Դարձեալ   Դատաստանական Խորհուրդներու իրաւասութեան կը պատկանին Ազգային Մարմիններու եւ պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած զեղծումի դատերը, ուստի եւ Կեդր. Դատաս. Խորհուրդը հաստատուած կանոնական կարգով եւ իրաւասու վերաքննութեամբ պիտի վճռէ այդ կարգի նախնական վճիռներու դէմ յարուցուած գանգատները:

Կեդր. Դատաստանական Խորհուրդի վճիռները վերջնական են եւ գործադրութեան կը դրուին համաձայն պետութեան դատական վճիռներու գործադրութեան վերաբերող օրէնքներուն տրամադրութեանց:

Յօդուած 48. Թուրքիոյ Հայերու Հայաստանեայց Եկեղեցիին պատկանող բոլոր վանքերու նիւթական մատակարարութիւնն ու կրթական տեսչութիւնը կը պատկանի ազգին, այդ վանքերն ըլլալով բացարձակապէս ազգային սեփականութիւն:

Իւրաքանչիւր վանքի մատակարարութիւնը եւ կրթական տեսչութիւնը կը կատարուի համաձայն Կեդրեն Ընդհանուր Ժողովէն հաստատուած վանական կանոնադրութիեան:

Բոլոր Վանքերու նիւթական մատակարարութիւնը եւ կրթական տեսչութեան վերին հսկողութիւնը՝ կոնտրոլը կը պատկանի կեդր. վանական-մատակարարական Խորհուրդին:

Վանքերու կրթական եւ տնտեսական կարեւոր խնդիրներու մասին վանական-մատակարարական Խորհուրդը կը խորհրդակցի Կեդր. Տնտեսական եւ Ուսումնական Խորհուրդներու հետ եւ անոնց կարծիքը լսելէ յետոյ որոշում կուտայ:

Իւրաքանչիւր վանքի տարեկան ելմտացոյցի նախահաշիւը  (պիւտճէ) պատկան գաւառային Վանական-մատակարարական խորհուրդէն ստացուելով. Կեդր. Խորհուրդի կողմէ կը պատրաստուի ընդհանուր վանական ելեւմուտքի նախահաշիւը  եւ կանխորոշուած ժամանակամիջոցի մէջ կը ներկայացուի Կեդր. Տնտեսական խորհուրդին. Կեդր. Ընդհանուր ելմտական նախահաշիւը կազմելու եւ Կեդր. Ընդհ. Ժողովին վաւերացման մատուցուելու համար:

Կեդր. Վանօրէից խորհուրդը կը բաղկանայ վեց անդամներէ, որոնք կ’ընտրուին Կեդր. Գործադիր Վարչութեան կողմէ:

Վանօրէից Խորհուրդը կը հսկէ վանական կանոնադրութեան ճշդիւ գործադրութեան, կը ստուգէ բոլոր վանքերու եկամուտներն ու հասոյթները, ծախքերը, ելմտական նախահաշուի համաձայն տնտեսութիւնն ու մատակարարութիւնը:

Յօդուած 49. Կեդրոնական Տնտեսական Խորհուրդին կից կը գտնուի ելմտական հոգաբարձու պաշտօնեայ մը, որ կ’ընտրուի Կեդր. գործադիր Վարչութեան կողմէ, որուն պարտականութիւնն է գանձել ազգային կեդրոնական սնտուկի պիւտճէով սահմանուած տուրքերն ու եկամուտները, կատարել վճարումները համաձայն պիւտճէի եւ արտօնութեամբ տնտեսական տեսչի, վարել ելեւմուտքի հաշուապահութիւնը տոմարակալական կանոններու համաձայն:

Ելմտական հոգաբարձու պաշտօնեան անմիջական ենթակայ եւ պատասխանատու ըլլալով Կեդր. Տնտեսական Խորհուրդին, պարբերաբար հաշուետու եւ համարատու պիտի ըլլայ խորհուրդին:

Յօդուած 50. Կեդր. Կտակաց Հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ վեց իրաւագէտ անձերէ, որոնք կ’ընտրուին Կեդր Գործադիր վարչութենէն:

Պաշտօնն է հսկել ազգ. ո՛ եւ է հաստատութեան ի նպաստ եղած բոլոր կտակներու անթերի գործադրութեան, համաձայն իւրաքանչիւր կտակողի կամքին եւ կտակագրի պայմաններու:

Պարտաւոր է բոլոր կտակներու, կտակագիրի արձանագրութիւնները եւ ցուցակը ունենալ անհրաժեշտ ծանօթութիւններով:

Ուղղակի ենթակայ եւ պատասխանատու է Կեդր. Տնտեսական Խորհուրդին:

Յօդուած 52. Ամէն թաղ կամ գիւղ եւ կամ գիւղախումբ ունի իր Թաղական Խորհուրդը, որ համաձայն տեղի եւ ազգաբնակութեան թիւին, կը բաղկանայ հինգ անդամներէ: Թաղական Խորհուրդներու գոնէ մէկ անդամը՝ ատենապետը, ամբողջովին նուիրուած պէտք է ըլլայ իր պաշտօնին, ինչպէս կեդրոնական եւ գաւառային վարչութեանց ատենապետները: Հետեւաբար Թաղական Խորհուրդներու գոնէ մէկ անդամը թոշակաւոր է: Թոշակի քանակը կ’որոշուի համաձայն իւրաքանչիւր տեղի նիւթական պայմաններուն եւ պաշտօնը առանց նիւթական հոգի, արժանաւորութեամբ կարենալ վարելու համար անհրաժեշտ եղած չափով: Թոշակներու այս սահմանումը բնականաբար պիտի կատարուի պիւտճէով եւ վիճակային Ընդհանուր ժողովներու վաւերացումով:

Ընտրութեանց միջոցին, թեկնածուները որոշելու համար հիմք պիտի ընդունուին ընտրելիներու համապատասխան յատկութիւնները:

Ընտրութիւնը կը կատարուի պատգամաւորներու ընտրութեան եղանակի ու տրամադրութեանց համաձայն:

Թաղական խորհուրդներու պաշտօնն է.

Ա.     Թաղային կամ գիւղային վարժարաններու նիւթական մատակարարութիւնը,

Բ. Թաղի կամ գիւղի կարօտ ազգայիններուն հասցնելիք նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը կամ աղքատներու խնամակալութիւնը,

Գ.     Թաղի կամ գիւղի ազգ. տուրքի գանձումը,

Դ. Թաղի կամ գիւղի ազգակիցներու միջեւ պատահած վէճերու հաշտարար կարգադրութիւնը,

Ե.     Թաղի կամ գիւղի ազգ. Հիմնարկութեանց եղած կտակներու գործադրութիւնը,

Զ.     Թաղային կամ գիւղական ազգ. կալուածներու հոգածութիւնը, տնտեսութիւնը, եկամուտներու գանձումը,

Է.      Թաղային կամ գիւղական ազգ. զանազան հիմնարկութիւններու. թաղ. սնտուկներէ որոշուած ծախքերու եւ գումարներու վճարումը,

Ը.     Թաղային կամ գիւղի ազգ. կալուածներուն շինութիւնն ու նորոգումները, հաստատուած կանոններու կարգով,

Թ.     Թաղի կամ գիւղի ազգային շարժական գոյքերու պահպանութիւնը,

Ժ.     Թաղային կամ գիւղի վարժարաններու յարատեւ բարեկարգութիւնը, համաձայն կրթական ծրագրին:

Թաղ. Խորհուրդը թաղային կամ գիւղային ազգ. վարժարաններու ուսումնական մասին հսկողութիւնը կը կատարէ իր կողմէն ընտրուած եւ երեք ձեռնհաս անդամէ բաղկացած Հոգաբարձութեան միջոցով:

Պարտաւոր է սահմանուած կանոնի համաձայն եւ որոշեալ պայմանաժամի մէջ պատրաստել յաջորդ շրջանի տարեկան ելմտական նախահաշիւը։ Հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցաբար եւ ներկայացնել՝ վիճակային Ուսումնական Խորհուրդի միջոցով՝ Տնտեսական Խորհուրդին վաւերացման, օրինական կարգով: Պարտաւոր է անթերի հետեւիլ պիւտճէի պայմաններուն ու բովանդակութեանը:

Պարտաւոր է ունենալ թաղի կամ գիւղի հայ ազգաբնակութեան մարդահամարը, օրը օրին կատարել ծնունդներու, ամուսնութիւններու եւ մահերու արձանագրութիւնները:

Պարտաւոր է ունենալ թաղի կամ գիւղի ազգ. բոլոր կալուածներու ցուցակն ու կալուածագրերը, բոլոր շարժական ու անշարժ գոյքերու ցուցակները եւ հաշիւները, ինչպէս եւ ելեւմուտքի մանրամասն հաշիւները, տոմարակալական դրութեամբ:

Յօդուած 57. Կեդրոնական Ընդհանուր Ժողովը կը բաղկանայ հարիւր քառասուն անդամէ:

Մինչեւ ճշգրիտ մարդահամար կազմուիլը, հարիւր քառասուն պատգամաւորներու ընտրութիւնը պիտի բաշխուի Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ ազգաբնակութեան մօտաւորագոյն թիւերուն համեմատութեամբ:

Համաձայն այդ համեմատական թիւերուն, Ընդհանուր Ժողովի Դիւանը պիտի որոշէ Պոլսոյ եւ գաւառային վիճակներու իւրաքանչիւրէն ընտրուելիք պատգամաւորներու թիւը:

Պոլսոյ թաղերու վրայ բաշխուելիք պատգամաւորներու թիւը՝ համաձայն ազգաբնակութեան թիւին, պիտի համապատասխանէ գաւառային վիճակներէ իւրաքանչիւրի ազգաբնակութեան թիւին եւ անոնց վիճակուելիք պատգամաւորական թիւին: Պիտի աշխատուի բաշխումը մօտեցնել իւրաքանչիւր որոշ թիւի, օրինակ իւրաքանչիւր 10, 000 ազգաբնակութեան կամ ընտրական շրջանի մէկ պատգամաւոր ընտրելու իրաւունք տալով

Յօդուած 65. Ընտրելու իրաւունք ունի 25 տարին լրացուցած եւ ընտրողի իրաւունքէն չզրկուած ամէն օսմանեան հպատակ Հայ, իր արձանագրուած կամ բնակած վայրին մէջ:

Յօդուած 66. Ընտրութիւնը պիտի ըլլայ ուղղակի, գաղտնի, հաւասար եւ ընդհանրական, առանց կրօնի եւ յարանուանութեան խտրութեան:

Ո՛չ մէկը չի կրնար միաժամանակ երկու տեղ քուէ տալ:

Յօդուած 69. Բաշխման ցուցակը ամէն չորս տարին անգամ մը պատրաստուելով Կեդր. Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետաց Դիւանին կողմէ (Մայր Դիւան եւ ճիւղերու ատենապետները), գործադիր Վարչութեան միջոցով կը հաղորդուի վիճակային (գաւառային) վարչութիւններուն:

Կեդր. Ընդհանուր Ժողովի շրջանի հինգ տարի է:

Հինգերորդ նստաշրջանը լրացած ատեն, Ժողովը կը լուծուի եւ նոր ընտրութիւն կը կատարուի:

Յօդուած 70. Անհրաժեշտ չէ որ ընտրելին իր թեկնածու եղած թաղին կամ գաւառին ընտրական շրջանակին բնակիչներէն ըլլայ:

Յօդուած 71. Ընտրութիւնները կը կատարուին հսկողութեամբ ընտրական Մասնախումբին, որ պիտի կազմուի իւրաքանչիւր ընտրական շրջանակի կեդրոնին մէջ:

Ընտրական մասնախումբերը կը կազմուին քաղաքական կամ ազգային կուսակցութիւններու կամ խմբակցութիւններու կողմէ ընտրուած մէկ-մէկ անդամներով:

Ընտրողական մասնախումբերէն իւրաքանչիւրը իր թաղին կամ ընտրական շրջանակին ընտրողներու ցանկը ստուգելով, կը պատրաստէ ընտրողներու ցուցակը այբուբէնի կարգով եւ կը կախէ ազգ. հիմնարկութիւններու դուռը, կարեւոր վայրերու մէջ, ութ օր պահելու պայմանով:

Յօդուած 72. Ընտրողներու ցանկերը կախելէ մէկ շաբաթ յետոյ, կիրակի առաւօտ, որոշ ժամուն, Թաղական Խորհրդարանին մէջ՝ կը սկսի քուէարկութիւնը:

Ընտրական մասնախումբը՝ ցանկի կարգով. կը հրաւիրէ ընտրողները: Իւրաքանչիւր ընտրող՝ ընտրելի պատգամաւորներու թիւին համաձայն իր թեկնածուներու անունները գրելով քուէթուղթի վրայ, կը ծալլէ եւ կը ձգէ քուէտուփի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ քուէարկուները կը ստորագրեն ընտրողներուն ցանկին մէջ, իրենց անունին առջեւը, որ ապացոյց է քուէն տուած ըլլալու

Իւրաքանչիւր ազգ. Կուսակցութիւն կամ խմբակցութիւն տպուած յայտագրերով եւ ցուցակներով պրօպագանտ կ’ընէ իր թեկնածուին ու ծրագրին, առաջադրուած հարցերու եւ ուղղութեան: Բայց քուէարկութեան պահուն քուէարկողը որ եւ է ազդեցութենէն ազատ ու անկախ, իր խղճին թելադրութեամբ, ուզած կողմին կուտայ քուէն:

* * *

Յօդուած 90. Ազգային վարչութիւններու պարտաւորութեանց սահմանին մէջ եղած վարչական, կրթական ու բարեգործական ծախքերը հոգալու, համար, պիւտճէով մուտքի երեք գլխաւոր աղբիւր կայ անշարժ կալուածներու եկամուտներ, պետական պիւտճէով սահմանուած բաժին եւ ազգային տուրք:

Ազգային տուրքը պարտաւորիչ է, համաձայն այդ մասին սահմանուած յատուկ կանոնի:

Յօդուած 91. Ազգային տուրքի բաշխման հիմն է յառաջատուական դրութիւնը: Այս հիման վրայ ազգային տուրքի բաշխման ու գանձումի յատուկ կանոնագիրը Կեդր. Գործադիր Վարչութեան կողմէ մշակուելով Կեդր. Ընդհ. Ժողովի վաւերացման պիտի ենթարկուի, գործադրութեան համար:

Յօդուած 92. Ազգային տուրքի բաշխման ու գանձումի դրութիւնը բոլոր վիճակներու համար միօրինակ եւ հաւասար է: Միայն թէ տուրքի մասնակցութեան նուազագոյն քանակը եւ տուրքէ ազատ համարուածները պիտի որոշուին իւրաքանչիւր վիճակի եւ գաւառ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ:

Յօդուած   93. Ազգային տուրքի պարտաւորիչ դրութիւնը հաստատելով, պիտի ջնջուին Պատրիարքարանի եւ Առաջնորդներու կամ Թաղական խորհուրդներու անունով ցարդ սովորութիւն եղած թոշակ, պտղի եւն. բոլոր տուրքերն ու գանձումները

Տուրքը չի՛ կրնար գանձուիլ եւ ո՛չ մէկ ելք՝ ծախք չի՛ կրնար կատարուիլ առանց պիւտճէներու վաւերացման:

Իւրաքանչիւր թաղի եւ վիճակի պիւտճէին մէջ ելքի բաժնին կարգը նշանակուելու է թաղերէն՝ վիճակային կեդրոններուն եւ վիճակային կեդրոններէն՝ կեդրոնական ընդհանուր սնտուկին յատկացուած մուտքի բաժինը:

Ազգային տուրքը ուրեմն կը գանձուի թաղային ու վիճակային Մարմիններու կողմէ: Ընդհանուր Կեդրոնական սնտուկը կը ստանայ իր բաժինը պիւտճէին համաձայն՝ վիճակային կեդրոնական սնտուկներէն:

* * *

Յօդուած 94. Իւրաքանչիւր Վիճակի Առաջնորդ իր Վիճակի Հայերուն Ազգային Ժողովներուն պատուական նախագահն է, ներկայացուցիչը Վիճակային Գործադիր վարչութեան, ինչպէս եւ պատուակալ միջնորդը պետական նահանգային իշխանութեան հետ յարաբերութեան, գործակցութեամբ Վիճակային Գործադիր Վարչութեան:

Իր պարտականութիւնն է, յար եւ նման Պատրիարքին, հսկել Օրէնքի անվթար պահպանումին եւ իրաւասու վիճակային Մարմիններէ եկած որոշումներու գործադրութեանը Վիճակային Գործադիր Վարչութեան ատենապետին միջոցով:

Ութերորդ յօդուածով Պատրիարքին համար սահմանուած պարտականութիւնները կը վերաբերին նաեւ առաջնորդներուն:

Յօդուած  96. Վիճակային ազգային կազմակերպութիւններն ալ յար եւ նման են կեդրոնական Մարմիններու կազմին՝ համապատասխան յօդուածներու տրամադրութեամբ:

Ուստի Վիճակային Կեդրոններու եւ իւրաքանչիւր Վիճակի Թեմերուն մէջ՝ քաղաք եւ գիւղ, հաստատուած պիտի ըլլան Թաղական խորհուրդ, Թաղային, Վիճակային սնտուկ, Թաղային եւ վիճակային Դիւան, բոլոր կարեւոր բաժանումներով:

Նոյնպէս Առաջնորդանիստ քաղաքներու մէջ պիտի հաստատուին Վիճակային Ընդհանուր Ժողով, Վիճակային Գործադիր Վարչութեան, Օժանդակ խորհուրդներ (Ուսումնական, Տնտեսական, Դատաստանական, Վանական-Մատակարարական), Ելմտական Պաշտօնէութիւն, եւն. որոնց ընտրութիւնները կը կատարուին համաձայն Կեդրոնականներու ընտրութեան օրինական տրամադրութիւններուն եւ պայմաններուն:

Յօդուած 96. նոյնպէս եւ Առաջնորդներու ընտրութիւնները կը կատարուին պատրիարքական ընտրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, Վիճակային Ընդհ. Ժողովներէն:

Ընտրութեան տեղեկագիրը կ’ուղարկուի Կեդր. Գործադիր Վարչութեան, որ զայն ծանուցանելով Բ. Դրան, կը ստանայ Կայս. կառավարութեան պէրաթը:

Առանց Կեդր. Ընդհ. Ժողովի որոշման, Կեդր. Գործադիր Վարչութիւնը ձեռնահաս չէ Վիճակային Ընդհանուր Ժողովներու ընտրութիւնները, որոշումները բեկանելու կամ անոնց գործադրութիւնը կախակայելու:

Յօդուած 98. Վիճակային Ազգ. Վարչական կազմերը (ընդհանուր ժողով, գործաիր վարչութիւն, եւն. ) ապակեդրոնացեալ միութիւններ են, բայց շաղկապուած փոխադարձ պարտականութիւններով ու իրաւունքներով:

Այս պարտականութեանց ու իրաւունքներու միութիւնը կամ շաղկապումը կը ներկայացնէ Կեդրոնական Ընդհանուր Ժողովը՝ իր Կեդրոնական Գործադիր Վարչութեամբ: Խորհուրդներով, եւն: Ուստի թաղային խորհուրդները Վիճակային Գործադիր Վարչութեան եւ խորհուրդներուն, Վիճակային Գործադիր Վարչութիւնները իրենց խորհուրդներով մէկ կողմէն իւրաքանչիւրը իր վիճակային Ընդհ. Ժողովին եւ միւս կողմէ Վիճակային Գործադիր Վարչութեան եւ խորհուրդներուն, եւ Վիճակային ընդհ. ժողովներն ալ Կեդրոնական Ընդհանուր Ժողովին պատասխանատու են:

  Կ. Պոլսէն դուրս՝ վիճակային իւրաքանչիւր գիւղ եւ քաղաք միայն մէկ թաղ համարուելով, միայն մէկ թաղական խորհուրդ եւ կազմակերպութիւն կ’ունենայ:

Իւրաքանչիւր վիճակային ընդհանուր ժողովի անդամներուն թիւը կ’որոշուի իւրաքանչիւրի հայ ազգաբնակութեան թիւի համեմատութեամբ:

Ծանօթութիւն. Օրէնքի 1863ի խմբագրութեամբ 63 եւ 64 յօդուածներն ու 68 յօդուածի վերջին հատուածը ջնջուած են: Ջնջուած են նաեւ չբարեփոխուած յօդուածներու ա՛յն տրամադրութիւններն ու յորջորջումները, որոնք կը հակասեն բարեփոխեալ  յօդուածներու   տրամադրութեանց: