Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4.
ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ ԱԶԳ[ԱՅԻՆ] ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Օրէնքի գլխաւոր գիծերու եւ սկզբունքներու մասին այս ընդհանուր տեսութիւնը ներկայացնելէ յետոյ, այժմ քննենք թէ օրէնքը որքան համապատասխան է այդ գիծերուն ու սկզբունքներուն եւ ինչ թերութիւններ ու առաւելութիւններ կը ներկայացնէ մեր մշակոյթի պահանջներուն գոհացում տալու համար:

Օրէնքը բաժնուած է հինգ գլուխի եւ զանազան մասերու:

ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽ

Ա.   Պատրիարք Կ. Պոլսոյ, Ընտրութիւն եւ Հրաժարում (այս վերնագրին տակ թուրքերէնի մէջ չկայ հրաժարումը)

         Պաշտօն եւ Պարտաւորութիւնք (թուրքերէնի մէջ՝ Կ. Պոլսի Պատրիարքի պարտաւորութիւնները):

Բ.   Պատրիարքական Դիւանատուն:

Գ.   Պատրիարք Սրբոյ Երուսաղէմի:

Դ.   Ազգային կրօնական ժողովը (թուրքերէնի մէջ չկայ ազգային բառը, եւ իսկապէս աւելորդ էր):

Ե.   Քաղաքական Ժողով

Զ.   Քաղաքական Ժողովոյ կողմէն կազմուած ազգային Խորհուրդք եւ Հոգաբարձութիւնք (թուրքերէնի մէջ չկայ ազգային բառը՝ որ աւելորդ է, իսկ Հոգեբարձութիւնք բառը թարգմանուած է Միւտիրլէր, որ աւելի համապատասխան է հայերէն տեսուչներ, տնօրէններ բառերուն եւ չի ներկայացներ հաւաքական մարմին այլ անհատական պաշտօն):
Ուսումնական Խորհուրդ,
Տնտեսական Խորհուրդ
Դատաստանական Խորհուրդ,
Վանօրէից Խորհուրդ,
Ելեւմտից Հոգաբարձութիւն,
Կտակաց Հոգաբարձութիւն,
Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւն,

Է.   Թաղական Խորհուրդ,

Ը.   Ազգային Ընդհանուր Ժողով, կազմութիւն եւ Պարտաւորութիւն (թուրքերէնի մէջ չկայ ազգային բառը).

Ընտրութիւն եկեղեցական երեսփոխանաց

Ընտրութիւն աշխարհական երեսփոխանաց (թուրքերէնի մէջ աշխարհական բառին     փոխարէն «ավամտէն օլան» բառերը դրուած են, որոնք չեն համապատասխաներ      օրէնքի տառին ու ոգիին, որ ունի որոշիչ իմաստ մը ժողովրդական դասի).

Ա. Ընտրութեան եւ ընտրելիութեան պայմանք.

Բ. Եղանակ ընտրութեան

Գ. Քուէարկութիւն

Բ. ԳԼՈՒԽ

Ընդհանուր կանոնք ժողովոց եւ խորհրդոց, մէկ բաժին

Գ. ԳԼՈՒԽ

Ազգային տուրք (թուրքերէնը նուէր, իանէ) մէկ բաժին.

Դ. ԳԼՈՒԽ

Ազգային Գաւառական Վարչութիւն (թուրքերէնը՝ Առաջնորդութիւններուն, մուրախխասլըգլարա տաիր) մէկ բաժին

Ե. ԳԼՈՒԽ

Վերաքննութիւն Սահմանադրութեան (թուրքերէնն է խաթիմէ, վերջաբան) մէկ բաժին:

Ամբողջը 99 յօդուածէ բաղկացած: