Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տէյր–Իւլ–Զօր. Հազարապէտին հետ տեսակցութիւն. Շուկան. Մէզէրեցի աղջիկ մը. Դեղարանին առաջք.

Նոյեմբերի 24–ին հասանք Տէյր–Իւլ–Զօր։ Այստեղ գետը կը բաժնուի երկու ճիւղի, մէջտեղը ունենալով մեծ կղզի մը, որ կամուրջով միացած է աջ ափը գտնուող քաղաքին հետ, որ մօտ  45, 000 արաբ բնակիչ ունի։ Կան 15 տուն տեղացի հայեր, որ ունեն մատուռ մը։ Ամեն հայաբնակ վայրերէ աքսորուած հայեր  10, 000 է աւելի կը գտնուեն Տէյր–Իւլ–Զօրի մէջ։

Այս աքսորեալները տեղաւորուած են հետեւեալ կերպով. կիլիկեցիները գրեթէ ամբողջապէս հողաշէն տուներու, խանութներու եւ քէրվանսէրաներու մէջ. գիւղացի կիլիկեցիները եւ հայաստանցիներու մէկ մասը՝ քաղաքէն դուրս սեւ վրաններու ներքեւ. իսկ մնացեալը կը կենան բացօթեայ գետափը, պարտէզներու մէջ, ասդին անդին։

Քաղաքը տակաւին չի մտած՝ մէկ ժամ հեռաւորութենէ կերեւան ծառաստաններ, պարտէզներ, ջրաղացներ։ Պարտէզներու մէջ գետափին նստած էին խումբ մը կիներ, որ իմ եւրոպական հագուստները տեսնելով, իրենցմէ մէկը պոռաց։

- Ղուրպան ըլլամ, դուն հա՞յ ես, մեր քաղաքէն ի՞նչ խապար։

Մակոյկը ճիշդ եզրէն կը սահէր դանդաղութեամբ, երբ աւելի մօտեցանք կնոջը, հարցուցի թիւրքերէն լեզուով։

Դուք ո՞ր տեղացի էք։

Ուրիշ կին մը ինձ խօսք ուղղողին դառնալով ըսաւ։

Ես քեզի չըսի՞, թէ ասոնց դէմքը հայու դէմքի չի նմանիր։

Այսու ամենայնիւ պատասխանեցին։

Մենք խարբերդցի ենք։

Մտանք քաղաք եւ անմիջապէս դիմեցինք տեղւոյն հազարապետ գայմագամին, որ մեր կարեւոր գործերը պիտի կարգադրէր։ Հարիւրապետ Ճթօ Էօլման տեղեկութիւններ հարցուց տեղւոյն գաղթական հայերու վիճակի մասին։ Հազարապետը պատասխանեց։

Երբ շուկայ երթաք, պիտի տեսնէք հայերու լաւ վիճակը. ներկայիս հոս կը գտնուին աւելի քան 10, 000 հայեր եւ դեռ նորեր գալու վրայ են. ժրաջան են, հնարամիտ եւ աշխատասէր։ Կը յուսամ, որ մօտ ժամանակէն մեր քաղաքը Հալէպի, Դամասկոսի նման գեղեցիկ ու բարգաւաճ քաղաք մը պիտի դառնայ։

- - - -

Անցանք շուկայ, որ բաւական ընդարձակ էր. ամեն կողմ կերեւային տեսակ տեսակ հագուստներով հայեր, երեխաներ, որոնք ամենքն ալ զբաղած էին առուտուրով. ոմանք խանութներու մէջ զանազան արհեստներով կզբաղէին, ոմանք շրջուն վաճառողներ էին եւ զանազան ապրանքներով բեռնաւորուած՝ կը ծախէին, կային որ նոյնիսկ բացած էին մեծաքանակ առեւտուրի տուներ։ Հայ հացագործներ շինած էին գեղեցիկ կարկանդակներ, որոնք մեծ ախորժով կը գտնէին տեղացիները. կառուցած էին տասնեակ մը փուռեր, ունէին դերձակի, կօշկակարի, սափրիչի, թիթեղագործի, կլայեկողներու, ջուլհակագործի խանութներ։ Հայ մանուկներ կը ծախէին այլ եւ այլ եւրոպական մանր ապրանքներ, սիկառի թուղթ, լուցկի, թել եւ այլն, եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ ու քաղցրեղէններ։

Ձկնորսները ձուկ կը ծախէին եւ ոմանք հեռու տեղերէ ածուխ բերած՝ իրենց ապրանքը կը դնէին վաճառքի։

Հանդիպեցայ այնթապցի քահանային եւ վարժապետի մը, որոնք զանազան գործերով կը զբաղէին։ Հանդիպեցայ շատ մը ծանօթներու, որոնց հետ գաղտնի խօսակցեցանք։ Տժգոհ էին շատ մը տեսակէտներով, բայց միանգամայն համակերպած էին իրենց վիճակին, քանի որ գոնէ այդտեղ զերծ էին կոտորածէ եւ այլ սարսափներէ։ Ասոնք կիլիկեցիներ էին եւ մեծամասնութեամբ Այնթապէն։

Գետափին այնթապցի կիներ տասնեակներով նստած լուացք կընէին. սպաս առաջարկեց անոնցմէ մէկուն մեր ճերմակեղէնը լուալ. թէեւ շատ քիչ բան էր մեր տուած աշխատանքը եւ այնքան ալ մաքուր լուացուած չէր, այնուամենայնիւ գերմանացին վճարեց 40  ղրուշ։ Կինը դառնալով իր ընկերներուն ըսաւ. «Աս ալ մօր զաւակ է»։

Կանչեցինք նաեւ հայ սափրիչ մը, որին նոյնպէս առատօրէն վարձատրեց. սպաս մեծ յուզմունքի մէջ կը գտնուէր ընդհանրապէս եւ այս մասնակի բարիքները, որ կընէր, կարծես զինքը միջոց մը կը թեթեւցնէին. այլեւս ինձ չէր խօսեր իր կրած տպաւորութիւններու մասին, բայց իր դէմքը ջղագրգռութենէ կծկուած էր եւ յաճախ կը հառաչէր։

Գացինք բաղնիք. առանձնութենէս օգտուելով, կերգէի հայերէն պանդուխտի երգ մը. բաղնիքի ծառաներէն մէկը սարսափած դէպի ինձ եկաւ եւ ըսաւ.

Լռէ, քու երգերովդ մեզ կրակը պիտի ձգես։

Անիկա կարծած էր. որ ես իրենց քաղաքացի հայ մըն եմ. երբ տեսաւ որ օտար եմ եւ մանաւանդ գերման սպային հետ, քովս նստաւ եւ ինքն ալ սկսաւ իր ցաւերը լալ մենիներով։

- - - -

Մեր մակոյկը կեցած տեղին մօտ կար նեղ անցք մը եւ մի քանի հողաշէն շէնքեր, որոնց մէջ կը բնակէին հայ գաղթականներ. անցած միջոցիս ինձ հարցուցին.

Աղա, դուն ո՞րտեղացի ես։

Հարցանքննելով զիրենք հասկցայ, որ Արաբկիրի շրջանէն են, եւ երբ իրենց ալ իմացան, թէ ես հայ եմ, զիս ներս կանչեցին, շուրջս հաւաքուեցան 40–50 կիներ, որոնք ամենքն ալ գուլպայ կը հիւսէին, դռները գոցեցին եւ սկսան խօսիլ։

Ես  տեղեկութիւն հարցուցի իմ մօրաքրոջս աղջկան մասին ոչինչ չը գիտէին. իսկ իրենց ամենքն ալ անձկութեամբ կը հարցնէին։

Մեր մարդոցմէ լուր ունի՞ս, ի՞նչ եղան, ո՞ւր մնացին։ Անոնց տարին, ըսելով թէ ճամբաներու վրայ պիտի աշխատին, մեզ ալ բերին  այստեղ. ի՜նչ հրաշք, դուն ի՞նչպէս ազատուեր ես, տղայ, ուրեմն մեր տղաքն ալ կրնան ազատուիլ քեզի պէս։

Ըսի իրենց մէկ քանի մխիթարիչ խօսքեր. ամենուն աչքերէն արցունք կը կաթէր։ Անդին անկիւնը նստած էր միջահասակ, սեւ մազերով, սեւ յօնքերով, կարմիր այտերով երիտասարդ կին մը. նախշուն հագուստներ հագած էր եւ կուլար, անդադար կուլար։ Աչքերը ուռած էին եւ անիկա նոյնիսկ գլուխը չէր բարձրացներ մեզ դիտելու համար։ Բայց երբ Մէզէրէի անունը տուի, ինձ դարձաւ եւ սկսաւ խոր, խոր նայել։ Ասիկա առեւանգուած հայ աղջիկ մըն էր. իր գեղեցիկ հագուստները տուեր էր թիւրք զինուորական մը, որուն ճանկերէն տակաւին չէր ազատուած։ Երբ պատմեցի Մէզէրէի մասին, այն ատեն հաւատաց, որ ես հայ եմ  եւ  երկու խօսք ըսաւ միայն։

Եղբայր, ինձ չե՞ս ազատեր ասկէ։

Շուրջս կեցող կիներն ալ կըսէին։

Աստուծոյ խաթերը համար, եթէ կրնաս, այս աղջիկը ազատէ այդ շան ձեռքէն։

- - - -

Մեր դեղերը սպառած էին եւ սպայիս հետ դիմեցինք տեղւոյն կառավարական կեդրոնական դեղատունը։ Փողոցը սալայատակուած էր եւ ճանապարհի երկու եզերքը, դեղատունէն մինչեւ 15 վայրկեան հեռաւորութիւն թափուած էին կիներ, մանուկներ, աղջիկներ. մէկուն փորը ուռած էր, մէկուն աչքերը կապուած էին, ուրիշ մը վէրքերով ծածկուած էր. կին մը արիւն կը թքնէր ուրիշի մը քով, որ գլխու պտոյտէն ինկած էր. այս բոլոր բազմութիւնը դեղնած, ոսկրացած, հազար ախտով, ցաւով բռնուած, ինկած էին գետնի վրայ եւ հերթի կսպասէին դեղատուն մտնալու համար։ Իսկ դեղատան դրան առաջք խռնուած էին 100–ներով։

Մէկը ա՜խ, մէկը վա՜խ կըսէր, մէկը ողբագին կը կրկնէր «Ալլահ խատրու իչուն» (Աստուծոյ սիրոյն համար) եւ այսպէս աղերսանքով, պաղատանքով դեղ կը պահանջէին. իսկ դեղատան դռները ամրափակ էին եւ առաջքը կայնած էր զինուոր մը։

Երբ գերմանացի զինուորականը երեւցաւ, կեցող թիւրք զինուորը շուարեցաւ եւ սկսաւ իր ձեռքի ճիպոտովը խռնուած բազմութիւնը երկուքի բաժնել, որպէսզի ճամբայ բանայ. կիսամեռ ցաւոտ, վիրաւոր ժողովուրդը ճիպոտի հարուածներուն ներքեւ ինկաւ երկու կողմերուն վրայ. անհամար ոխերիմ աչքերը յառած էին սպային վրայ եւ կարծես իրենց նայուածքով ատելութիւն եւ անէծք կը թափէին։ Մենք շտապով անցանք այդ ճամբէն, եւ երբ դեղատուն մտանք տեսանք, որ ամենուն շրթները կը շարժէին բան մը պոռալու համար, բայց չէին կրնար խօսիլ։ Գերմանացի սպան խորապէս յուզուած էր, յանդիմանեց զինուորը իր վարմունքին համար եւ  զղջաց ինքը անձամբ գալուն։

Հարցուցինք դեղագործին.

Սիւլֆաթ դը քինին ունի՞ս։

Անիկա կըսէր շուարած.

Ի՞նչ կըսէ կոր։

Սոլֆաթօ, սոլֆաթօ կըսեմ։

Հա՛, հատեր է, ներողութիւն։

Ինչ որ ուզեցինք սպառած էր կամ շատ վատ վիճակի մէջ եւ ձեռնունայն վերադարձանք։

Ճամբուն վրայ հանդիպեցանք տեղացի հայու մը, որ կըսէր։

Օրական 40–50 հոգի, մեծամասնութեամբ կին, կը մեռնին դեղի պակասութեան պատճառաւ։ Ամենայետին ժանտարմը, զինուորը կամ տեղացի սրիկայ մը իր տունը ունի հայ աղջիկ մը, կամ սպասուհի հայ կին մը։

Տէյր–Իւլ–Զօրէն մեկնեցանք նոյ[եմբերի] 24–ին։