Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մէսքէնէ, Վարժուհին, Դէպի Ռաքքա.

Մէսքէնէ՝ Եփրատի երկու ափին աւազուտ ընդարձակ դաշտեր են. աջ ափին կայ մեծ խան մը եւ պզտիկ հեռագրատուն մը, ուր կը բնակի տեղւոյն զինուորական գայմագամը։

Իմ սպաս ըսաւ. «Երթանք հայերը տեսնենք»։ Միասին իջանք աջ ափը եւ10 վայրկեան աւազուտ գետնին վրայ յառաջանալէ ետքը՝ ժանտարմայի մը առաջնորդութեամբ հասանք այն վայրը, ուր մօտ 1500 հոգի փռուած էին դաշտին մէջ, իբր ապաստանարան ունենալով միմիայն  10–15 հովանոցաձեւ վրաններ։ Ասոնք մերսինցի, խարբերդցի, իզմիտցի եւ ատանացի հայեր էին. այրերը քիչ էին թիւով եւ միայն կիլիկեցի կամ արեւմտեան նահանգներէ։ Ամեն կողմ գետինը ինկած էին հիւանդներ, որոնք աւազներու մէջ կը տապլտկէին, կը հառաչէին, եւ երբ անցորդ մը տեսնէին, ողորմութիւն  կը խնդրէին։ Կին մը նստած էր ճամբուն վրայ եւ գրկին մէջ առած հոգեվարք մանուկը՝ կօրօրէր զայն. երբ մեզ տեսաւ իր մօտ, ծունկի եկաւ եւ այնպիսի աղերսական նայուածք մը  ուղղեց, որ սպաս անմիջապէս ետ դարձաւ եւ ինձ ըսելով՝ «Շուտով վերադարձիր», աչքերը գոցեց եւ հեռացաւ շտապով։ Երբ մօտեցայ սպայիս, ըսաւ. «Երթանք, մենք ունինք խինին եւ փորահարութեան դէմ դեղեր, տամ քեզի, եկու բաժանէ, որովհետեւ այդ մանուկը սաստիկ ջերմով կը տառապէր»։

Դեղերը ստանալէս ետքը վերադարձայ աքսորեալ հայերու մէջ եւ կասկածելով, որ իմ մօրաքրոջս աղջիկ Աննան կրնար ատոնց մէջ գտնուիլ, ժանտարմայի մը ընկերակցութեամբ խումբերու մէջ կը պըտտէի եւ կորոնէի, երբ ահա տեսայ շուրջ 25 տարեկան սիրուն դէմքով եւ բաւական մաքուր հագուստներով աղջիկ մը, որ ամեն կողմ թափառելով. կը խօսէր ու կը մխիթարէր, եւ ամենքն ալ յարգանքով մտիկ կընէին զինքը։ Ժանտարմը մատնանշելով այդ աղջիկը, ինձ առաջարկեց տանել զայն եւ զուարճանալ, եւ այդ նպատակով զիս անոր մօտ տարաւ։ Մօտեցայ երիտասարդ աղջիկան, սանձեցի ժանտրաման, որպէսզի անպատշաճ խօսք չարտասանէ, եւ ես սկսայ թիւրքերէն լեզուով խօսիլ աղջիկան հետ։

Ո՞րտեղացի էք։

Իզմիտէն ( Նիկոմիդիա)։

Ի՞նչպէս կապրիք։

Շատ թշուառ կերպով, ահա կը տեսնէք ձեր աչքին առաջք՝ հիւանդ եւ անօթի…

Ի՞նչ կընէք՝ այսպէս պտտելով խումբերու մէջ։

Իմ մխիթարութիւնս կը գտնեմ ժողովուրդը խրախուսելով ու մխիթարելով։

Երբ իմացայ, թէ ֆրանսերէն գիտէ, սկսանք խօսիլ ֆրանսերէն լեզուով։ Չէր գանգատեր ոչ իրենց թշուառութենէն եւ ոչ ալ կառավարութեան վերաբերմունքէն, միայն հացի եւ դեղի պակասն էր, որ կը մատնանշէր սոսկալով։

Մեր խօսակցութիւնը բաւական երկար տեւեց, երբ վարժուհիին դէմքին վրայ տեսայ գունատութիւն մը. անիկա սկսաւ դողալ եւ ինկաւ նուաղած։ Չորս կողմէն ձայներ կը գոչէին.

Վարժուհին ալ ինկաւ անօթութենէ։

Ժանտարմը կուզէր նուաղած աղջիկը տանել, բայց ես իմ գերման սպայիս անունով սպառնացի, այնպէս որ անիկա վախեցաւ եւ ստիպուած հեռացաւ։

Հասայ մակոյկ, առի դեղեր, դրամ եւ կրկին վերադարձայ դէպի հայերը, վարժուհին սթափած էր, բայց հիւանդ էր. բաժնեցի հաց, դեղ աքսորեալ ժողովուրդին. ամեն կողմէ նկատելով իմ բաշխումս, ժողովուրդը խուժեց իմ վրաս եւ ես հազիւ կարողացայ իրենց ճնշումէն ազատել զիս. ամենքը կը պոռային,

Էֆենտի՜, հաց, էֆենտի՜, դեղ…

Արաբ կիներ հեռուներէն եկած էին եւ հազիւ մէկ օխա կշռող բարակ շիւղեր կը ծախուէր 20 փարայի վառելու համար. միջօրէի տաքութիւնը տանելի էր, բայց գիշերուան ցուրտը, մանաւանդ ցօղը, մահացուցիչ էր։ Ժողովուրդին կեցած վայրին շուրջ դիզուած էր մարդկային կեղտ, մինչ մէկ կողմէն թշուառ ժողովուրդը կը ջանար իր մէջէն դուրս հանել ամեն տեսակ աղտեղութիւններ։

Այդ միջոցին Հալէպէն կու գային նոր գաղթականներ։ Հասնողները չէին կարող նոյն իսկ նստիլ, այլ գետինը կը նետուէին եւ կը պառկէին. ինքնակորոյս վիճակի մէջ՝ կարծես ամեն զգացում կորսնցուցած էին. եւ հոն եղող հայերը ոեւէ հետաքրքրութիւն ցոյց չէին տար նոր հասնողներուն, այնքան ամեն մէկը ընկճուած էր իր սեփական ցաւերով։ Շարքերով ինկած, պառկած, մէկը կու լար, միւսը կը հեծեծէր եւ ոչ ոք կու գար հարցնելու իրենց ցաւը, եւ ոչ ալ իրարու հետ կը խօսէին։ Երբ հարցում կուղղէի. «Խարբերդցի կա՞յ ձեր մէջ», նշանով ցոյց կու տային։ Երբեմն երկար կը խօսէի եւ ոչ մէկ պատասխան կը ստանայի. աչքիս մէջ կամ կէտի մը յառած իրենց նայուածքը, անշարժ կը մնային եւ միավանկ մը իսկ չէին ուզեր արտասանել։

Երբ մակոյկ վերադարձայ, տեսաւ որ տեղւոյն թիւրք զինուորականը բարի գալուստի այցելութեան եկած էր սպայի մօտ։ Երբ իրենց հարցուցի, թէ ինչո՞ւ հաց չէք տար, անիկա պատասխանեց. «Զինուորներուս համար բաւական հաց չունիմ, ո՞ւրկէ պիտի կարենամ հայերուն տալ։ Թէեւ շատ ցաւալի է վիճակնին, նոյն իսկ հեռագրած եմ այդ մասին, բայց ես ի՞նչ կրնամ ընել»։

Մութը իջաւ երկրիս վրայ եւ գերմանացի սպան օրուան մէջ տեսածներէն ազդուած՝ տխուր էր. հակառակ որ այդ ժամուն սովորութիւն ունէր, ոչ կը ծխէր եւ ոչ կը խմէր։ Մտահոգ եւ տրտում նստած էր առանձին եւ կարծես նոյն իսկ կը զգուշանար ինձ հետ խօսելու։

Դարձեալ եկան մեր ժանտարմաները եւ գաղտնապէս ինձ առաջարկեցին երթալ հայ կիներով զուարճանալ։ «Աստուած ասոնք ստեղծեր է մեզի համար, կըսէին, որպէսզի այստեղ հանդիպենք իրենց»։

Գերմանացի սպան խիստ կերպով հրամայած էր, որ մեր ժանտարմաները իրենց մակոյկներէն չի հեռանան, բայց անոնք գիշերանց գացեր էին եւ շատ ուշ, գրեթէ լուսաբացին վերադարձան մակոյկ։

Առաւօտուն մեկնեցանք Մեսքենէէն դէպի Դաքքա, քիչ յետոյ տեսանք հեռուն դիակ մը գետին ջուրերուն մէջ. հետզհետէ մօտեցանք եւ սկսանք որոշել հագուստները եւ դէմքը. ես եւ ժանտարմաները պոռացինք։

Երեկուան վարժուհին է, վարժուհի՜ն…

Այն ատեն ժանտարմաները պատմեցին իրենց նախորդ գիշերուան կատարած քաջագործութիւնները։

Ի՜նչ յիմար ես, որ չեկար դուն. մենք եւ տեղւոյն ժանտարմաներու տասնապետը գացինք հայերու տեղը եւ այս աղջիկը գողցանք, տարինք տասնապետին սենեակը եւ մինչեւ լոյս զուարճացանք։ Բայց տեսնէիր թէ ինչ կռուարար աղջիկ էր. ավօքաթի [1]  մը նման մեզ կը ջանար համոզել, կը պատասխանէր մեզի քաջութեամբ անանկ բաներ կըսէր. որ մենք կապշէինք։ Վերջապէս յուսահատեցաւ, զայրացաւ եւ սկսաւ գոչել։

Դուք վայրենի գազաններէն ալ գէշ էք։

Ժանտարմաները շատ չարչարեր էին խեղճ աղջիկը, որ պահ մը խուսափելով իրենց ձեռքէն, ինքզինքը նետեր էր գետը։

Հանդարտ կերթար վարժուհիին դիակը հոսանքին ուղղութեամբ, քակուած մազերը ալեակներուն վրայ կը ծփային եւ դէմքը ծածկուած էր ջուրի թեթեւ խաւի մը ներքեւ։

Հետեւեալ առաւօտուն կանուխ տեսանք, որ գետին ձախ ափը իջած էին մարդիկներ ու կիներ. ոմանք ճերմակ գիշերազգեստներ կը կրէին, շատեր հագուած էին եւրոպական հագուստներ եւ նոյն իսկ կիները եւրոպական տարազով էին. ասոնք կը լուսացուէին օճառով եւ նոյն իսկ գեղեցիկ երեսսրբիչներ ունէին. մեր մակոյկները կանցնէին շատ մօտէն եւ կը տեսնէինք իրենց դէմքերը. ամեն մէկը յանդիմանական ակնարկ մը նետելով դէպի մեզ, կանցնէին կերթային. սպաս կըսէր. նայէ, կարծէք թէ կը հայհոյեն մեզ։

Մեր մակոյկները յառաջացան եւ բլրակի մը ետեւ տեսանք այդ աքսորեալներուն բնակարանները։ Անոնք շինած էին հողաշէն ցած եւ բաւական մաքուր տուներ եւ քանի մը հատ եղեգեայ խրճիթներ, որոնց առաջքը խռնուած էին նոյն ձեւով հագուած բազմաթիւ գաղթականներ։ Չի կարողացանք գիտնալ, թէ այդ հայերը ո՞րտեղացի էին։

Որովհետեւ մինչեւ յառաջիկայ կայանը մեր ճամբան երկար էր, գիշերները կիջնայինք անապատը եւ ժանտարմաներու ընկերակցութեամբ երբմն կերթայինք դէպի արաբներու վրանները որոնք կը գտնուէին գետեզրէն 15 վայրկեան հեռու։ Իրիկուն մը այսպէս հասանք արաբ վրաններու մօտ եւ լսեցինք, որ անոնցմէ մէկուն մէջ հայեր կան, անմիջապէս ուզեցի հասկնալ, թէ որն է այդ վրանը, բայց ժանտարմաները արդէն գացեր խուզարկեր էին եւ վերադառնալով ինձ ըսին. «Մի երթար, բան մը չիկայ, ոչ աղջիկ կայ, ոչ երիտասարդ կին»։

Վրանը մազէ հիւսուած էր եւ բաժանուած էր երեք մասի, որու մէկ կողմը արաբին կովերը եւ ոչխարները կային. երկրորդ մասին մէջ որ հազիւ  4 քառակուսի մեթր էր, խռնուած էին 40–50 պառաւ կին եւ այր խառն։ Երբ ես ներս մտայ, զիս կառավարական պաշտօնեայ կարծելով, բոլորը մէկ ոտքի ելան բարեւելու համար։ Իրենց դրութիւնը սոսկալի էր. պառկելու տեղ չունէին բնականաբար եւ նստած կը քնանային. ոչ միայն երեխաները, այլ եւ պատանիները իրենց մօրը գիրկը քնած էին. բայց եւ այնպէս, երբ հարցուցի իրենց վիճակի մասին, վախենալով իմ հարցումէս, մեծ գոհունակութիւն ցոյց տուին եւ դողահար ձայնով ամենքը մէկ սկսան աղօթել սուլթանին արեւշատութեանը համար։ Իրենց այդ հոգեկան սոսկալի դրութիւնը չափազանց գէշ ազդեց իմ վրաս եւ ուզեցի անմիջապէս հեռանալ, բայց ինձ ընկերացող ժանտարման զիս պատուելու համար արաբէն ջորի մը պահանջեց, որպէսզի զիս ետ դարձնէր։ Արաբը ցոյց տուաւ հայերու միակ եւ վտիտ ջորին, որ կապուած էր վրանին առաջքը։ Երբ ժանտարմը մօտեցաւ ջորիին, հայերուն դէմքը բոլորովին այլայլեցաւ. այն ատեն խորապէս յուզուած բարձրաձայն ըսիլ

Չեմ ուզեր. թողէք ջորին. ես քալելով կը վերադառնամ։

Բայց այս անգամ հայերը իմ մերժումէս վախնալով, կը պաղատէին ու կըսէին։

Հեծիր, գնա՛, հէլալ ըլլալ քեզի։

Չէին գիտեր, որ եթէ ջորին տանէի, աւելի շատ էր իրենց համար, քան եթէ չի տանէի. իրենց այս շփոթութիւնը, վախը ազդած էր իմ վրաս եւ ես ալ չէի գիտեր, ինչպէս ընեմ զիրենք հանդարտեցնելու համար։ Հարկ եղաւ ջորին վերցնելու, որը վերադարձնելու համար ինձ ուղեկցեց հայ պատանի մը։ Ճամբան զինքը ապահովցնելու համար յայտնեցի, թէ ես քրիստոնեայ եմ, այն ատեն տղան պատմեղ. թէ իրենք Մարաշի կողմերէն են եւ ցաւով պատմեց այդ խումբ մը հայերուն կրած տառապանքները։ Անօթի, ծարաւ, ամէն օր կը ստիպէին զիրենք տեղերնին փոխել. արաբները միայն կտոր մը սեւ հաց կուտային իրենց։ Ջորին իրն էր եւ խեղճ կենդանին կը կրէր ամբողջ խումբին բեռը իրենց անդաստական թափառումներու միջոցին։ Երբ տեղ մը կը կենային, ժամանակ չէին տար, որ ջորին հանգստանար. անցնող դարձող զինուորականները, զինուորները կամ ժանտարմաները բռնի կառնէին զայն, կը լծէին կառքի, կը բեռցընէին անտանելի բեռեր եւ երբ ջորին չէր կրնար տանել, կը ստիպէին պատանին, որ մտրակէ զայն կամ թէ բեռը ինքը վերցնէ։ Այդ ջորին, որ պէտք էր աքսորեալներու վիճակը թեեւցնել, պատուհաս մը դարձած էր եւ այսպէս ըսելով կը բաժնէր իր տէրերուն ճակատագիրը։

Արդէն ջորին ուտելիք ալ չունի, կըսէր պատանին. մեզի հետ ասդիէն անդիէն չոր խոտեր կրծոտելով կապրի կոր։

- - - -

Մեր մակուկավար ժանտարմաներ իրենց հետ պարկերով ալիւր բերած էին որպէսզի թանկ գիներով ծախեն տեղահանուած հայերուն։

Գիշեր մը, երբ զբաղած էին ծախել ալիւրը, ամեն կողմէ սկսան վազելով գալ խումբ խումբ հայեր դրամ ունեցող դրամ կուտար, շատեր այլ եւ այլ իրեղէններով կը վճարէին եւ նոյն իսկ ոմանք իրենց մանուկը ու պատիւը ծախելով, կուզէին ալիւր առնել, բայց ժանտարմաները ու մակուկավարները կը մերժէին եւ կը պահանջէին կամ դրամ կամ իրեղէններ։

Ասդին անդին հապճեպով կրակ կը վառէին եւ ալիիր գնողները, որոնց բաղդաւոր ունեւորներ կը համարուէին, կառանձնանային շտապով կը շաղէին կլոր խմոր մը կը շինէին առանց աղի եւ առանց թթխմորի եւ կը նետէին կրակի մէջ ու վառած շիւղեր դիզելով այդ խմորին շուրջ բոլորը անհամբերութեամբ կը սպասէին, բայց խմորը չեփած, մատներնին այրելով, կը յափշտակէին ու կտոր կտոր խլելով կուտէին։ Անոնք, որ չէին կրնար ալիւր առնել, կէս թմրած վիճակի մէջ տարածուած էին գետինը եւ ամեն կողմէ անզօր ցանկութեան եւ տնքոցի ձայն կը բարձրանար։ Այս թշուառներուն մանուկները հաց եփողներուն շուրջը դեգերելով, հաց կը մուրային, երբեմն իրենց մօրաքոյրէն, հօրաքոյրէն, բայց մարդիկ իրենց ծայրայեղ եւ գերմարդկային դժբաղդութեան մէջ դարձեր էին անկարեկիր եւ անողոք, ու նոյն իսկ չէին պատասխաներ սոված մանուկներուն։

Ուշադրութիւնս դարձաւ խումբ մը  մանուկներու վրայ, որոնք խռնուած էին ալիւրի պարկին շուրջ եւ մատերնին թրջելով կը հաւաքէին ու կուտէին գետինը մաղուած ալիւրը։



[1]            Փաստաբան։