Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եդեսիոյ (Ուրֆա) դիմադրութիւնը. Տեղահանութեան առաջին քայլերը. Հայերը ըմբոստ են. Բանակցութիւններ. Թիւրք բանակ մը կը պաշարէ հայոց թաղը, 15 օր կռիւ, Եդեսիա քարուքանդ. Նախկին վիճակը։

Կառավարութիւնը ծրագրած էր Եդեսիոյ տեղահանութիւնը, բայց ընդհանուր դիմադրութեան չի հանդիպելու համար թիւրքերը սկսան զանազան խաբեբայութիւններու դիմել եւ ըստ իրենց ծրագրին՝ մաս մաս հեռացնել նախապէս քաղաքին կարող անձերը։

Առաջին անգամ ձերբակալեցին 40 երեւելիներ եւ առաջնորդը։ Ասոնք տարուեցան տեղւոյն բանտը, որ ախոռ մըն էր եւ ուր ձիեր կը կապէին։ Թիւրքերը կը պատմեն, թէ շատ չարչարած են զիրենք. երբ հայերը կուզեն կերակուր տանել առաջնորդին եւ միւս բանտարկեալներուն, կարգելուին։ Երկրորդ օրն իսկ բանտարկեալները կը փոխադրուին ուրիշ տեղ եւ կանհետանան։

Երկրորդ անգամ պահանջեցին առեւտրական դասէն 100 հայեր։ Հակառակ որ հազարներով ոսկի կաշառք տրուած էր պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն, որոնք պատուոյ խօսք տուած էին բանտարկեալները պահել քաղաքին մէջ, այդ հարիւր հոգին ալ ղրկուեցան, յայտնի չէ ուր, եւ անհետացան։ Երկրորդ անգամ դարձեալ 100 հոգի ձերբակալուած եւ աքսորուած էին։

Եդեսիացիները գիտէին հայաստանցի հայերու վիճակը, տեսեր էին անոնց ողորմելի կարաւանները, լսեր էին անոնց պատահած զարհուրելի դէպքերը, եւ տեսան, որ Եդեսիոյ տեղահանութիւնը սկսած էր կատարուիլ ճիշդ նման ուրիշ հայաբնակ վայրերու ժողովուրդներու տեղահանութեան։ Գիտէին, որ եթէ հնազանդէին, հետեւանքը պիտի ըլլար աղջիկներու եւ մանուկներու առեւանգութիւնները, այրերու կոտորած, կանանց բռնաբարութիւն, մահ եւ սոսկում եւ բոլոր այն քստմնելի անցքերը, որ տեղի ունեցած էին իրենց աչքերուն առաջք։

Եդեսիացի հայ կիները վառուեցան ցասումով եւ ըմբոստութիւնով եւ ստիպեցին իրենց այրերը, որ այլեւս չի հնազանդին եւ չի յանձնուին կառավարութեան։

Այդ միջոցին նոյն քաղաքացի թիւրքեր լուր ղրկած էին հայ գեղեցկադէմ կիներու եւ ըսած էին. «Եթէ Եդեսիոյ հայերը տեղահան ըլլան, դուք անհոգ եղէք, դուք եւ ձեր զաւակները մեզ մօտ կը մնաք, դուք մերն էք»։

Չերքեզներ, թիւրքեր, տակաւին կռիւը չըսկսած, կու գային, հայոց դռները կը զարնէին, դրամ եւ աղջիկ կը պահանջէին, եւ մերժուելով, կը սպառնային կոտորել զիրենք տեղահանուած օրը։ Այն տուները, որոնց այրերը աքսորուած էին կամ զինուորութեան գացած, կենթարկուէին տեղացի թիւրք երիտասարդներու գիշերային յարձակումներուն, որոնք կը կողոպտէին, կը բռնանային եւ ամեն կարգի չարիք կը գործէին։

Եդեսիոյ կիները ունէին արդէն լաւ կազմակերպութիւններ, որով կը պահէին որբանոց, արհեստանոց, կարմիր խաչի ընկերութիւն եւ այլն. այդ ընկերութիւններու բոլոր անդամուհիները համաձայնեցան եւ պատրաստուեցան թունաւորուիլ, քան թէ իյնալ թշնամիին ձեռքը, յուսահատական պարագային։

Կառավարութիւնը կը շարունակէր  100 առ 100 մարդ պահանջել, բայց ժողովուրդը այլեւս կընդդիմանար եւ ոչ ոք կը յանձնուէր։ Կիներու թելադրութեամբ այրերը քաշուած էին շուկայէն, փակուած կը մնային իրենց բարձր թաղին մէջ, եւ միայն կիները առեւտուրը կը շարունակէին։ Բուռն միջոցներու առաջքը առնելու համար հարիւր հազարներով կաշառած էին կառավարութիւնը, բայց անիկա խիստ կերպով կը պահանջէր այրերը եւ մանաւանդ Եէդիգարդաշեաններու մեծ եղբայրը։ Անիկա կաղ էր եւ խիստ հետապնդման ենթակայ, բայց եւ այնպէս ամեն օր զանազան ծպտումներով կիջնէր քաղաք եւ նոյն իսկ կառավարական շէնքերու մէջ մտնելով, կիմանար հայոց մասին եկած հրամանները եւ տրուած տեղեկութիւնները։

Կառավարութիւնը հեռացուցած էր հայաստանցի հայերը, որոնք կը գտնուէին Եդեսիա, եւ միւս կողմանէ խիստ կերպով արգելած էր տեղացի հայերու ոեւէ պատաճառաւ քաղաքէն մեկնիլ։

Հեռացուցած էին նաեւ Եդեսիայէն Սուրիոյ եւրոպացիները, որոնք իբր պատերազմական գերի կը մնային այդտեղ, եւ անոնց բնակութեան համար մօտակայ վայր մը յատկացուցած էին։

Այս բոլոր անցուդարձերը մտահոգ կը դարձնէին հայերը, որոնք գիտէին, թէ ի՜նչ կը պատրաստուէր իրենց համար։ Քաշուած էին իրեցն բարձր թաղի տուներուն մէջ եւ թոյլ չէին տար ոեւէ օտարական իրենց թաղը մտնայ, որովհետեւ թիւրք, քիւրդ վերջին ատենները արտօնեալ էին մտնելու իրենց փափագած հայու տունը եւ ընելու՝ ինչ որ իրենց դիւային երեւակայութիւնը թելադրէր իրենց։

Այդ օրերուն խումբ մը ոստիկաններ եկան հայ տուն մը խուզարկելու. տանը մէջ այդ չի կար եւ մնացեր էին մայր ու աղջիկ. այս վերջնոյն գեղեցկութիւնը հրապուրեց ոստիկաններու պետը, որ ապարդիւն խուզարկութենէն ետքը ուզելով իր կիրքը յագեցնել, ոստիկաններուն հրամայած էր բռնի տանել աղջիկը տանը մէկ սենեակը, ուր թագստոցի մը մէջ պահուած կը մնար աղջիկան եղբայրը։ Երբ ոստիկանապետը կը մօտենայ հայ աղջիկան, եղբայրը չի հանդուրժելով քրոջը սպառնացող վտանգին, դուրս կելլէ թագստոցէն եւ ատրճանակը արձակելով, կը սպաննէ ոստիկանապետը։ Խուճապ տանը մէջ, ճիչ, աղաղակ, որու միջոցին ոստիկանները կը փախին եւ սարսափած լուր կը տարածեն թիւրք ժողովուրդին մէջ, թէ հայերը ապստամբած են։

Կառավարութիւնը անմիջապէս օգուտ կը քաղէ այս դէպքէն եւ ահազանգը կը հնչէ թիւրքութեան մէջ։ Տեղւոյն զինուորական իշխանութիւնը կը հեռագրէ Հալէպ. «Շուտով օգնութեան հասէք, Եդեսիա վտանգի մէջ է, հայերը ապստամբած են»։ Եւ այս պատճառաւ Հալէպէն Ֆախրի փաշան կը ղրկեն, որ շուտով քննութիւն բանայ եւ հարկ եղածը կարգադրէ։

Ֆախրի փաշան բնութեամբ այնքան գէշ մարդ չէր. ստիպուած էր գործադրել իրենց տրուած հրահանգները, բայց կը նախնտրէր մեղմութեամբ կարգադրել ամեն ինչ եւ չէր զլանար ձեռքէն եկած դիւրութիւնները ընծայելու ժողովուրդին։ Զէյթունի մէջ փոխանակ 300 հոգին կախելու, ղրկեց անոնց Դամասկոս։ Երբ Հաճընի ժողովուրդը երեք օր չանսաց կառավարութեան հրամանին, փոխանակ բռնութեան դիմելու՝ ջանաց համոզել, որ խաղաղ կերպով տեղահան ըլլան։ Նիզիպի խանի վիճակին տեղեկանալով, բարւոքեց անոնց վիճակը։

Այս անգամ Եդեսիա հասնելով, քննութիւն բացաւ եւ անմիջապէս հաստատեց, որ Հալէպ ղրկուած տեղեկութիւնները ճիշդ չէին եւ թէ հայերը ապաստամբական վիճակի մէջ չէին։ Բայց որովհետեւ Եդեսիոյ հայերու տեղահանութիւնը վճռուած էր եւ գործադրութիւնը յանձնուած էր իրեն, անիկա բանակցութեան մտաւ հայերու հետ եւ համոզեց, որ հնազանդին եւ խոստացաւ ամեն դիւրութիւն եւ ապահովութիւն ընծայել իրենց։

Հայերը ընդունեցին իր առաջարկութիւնները, բայց միակ պայման մը դրին, այն էր՝ վերադարձնել այն 250 այրերը, որ նախապէս ձերբակալած եւ աքսորած էին. երբ իրենցմէ բաժնուած հարազատները ետ դառնան, այն ատեն կը յանձնուին եւ կառավարութեան նշանակած տեղը կերթան։ Ֆախրի փաշան պիտի ուզէր կատարել եդեսիացիներու խնդիրքը, բայց անհնար էր, քանի որ աքսորեալները սպաննուած էին։

Երբ հայերը տեսան, որ Ֆախրի փաշան զանազան խորամանկութիւններով կը ձգձգէ իրենց խնդիրքը եւ կը խաբէ զիրենք, ըսելով թէ՝ այս ինչ տեղի պիտի կարենան միանալ աքսորեալներուն, եդեսիացիները չուզեցին զոհ երթալ այդ սովորական խաբեբայութեանց եւ բացարձակապէս յայտարարեցին, որ իրենց տուներէն դուրս չի պիտի ելլեն։

1915 թ. Հոկտեմբեր ամսուան մէջ Ֆախրի փաշային տուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ եւ ինչպէս կենթադրուի՝ Ճեմալ փաշայի հրամանով Հալէպէն ղրկեցին կանոնաւոր զինուորներ, 3 թնդանօթ, 4–5 միթրայլեօզ, սպաներ եւ ամբողջ բանակի մը հարկ եղածը ու քալեցին Եդեսիոյ վրայ։ Տեղական իշխանութիւնը արդէն հաւաքած էր շրջակայ քիւրդերը, զինած էր ասոնք եւ տեղացի թիւրքերը եւ կանչած էր նոյն իսկ Պունպուճի չերքեզները։ Իսկ Պէրէճիքի եւ այդ կողմերու թիւրքերն ալ կամաւոր կերպով կերթային Եդեսիոյ հայերը կողոպտելու եւ կոտորելու։ Այնպէս որ տասնեակ հազարաւոր հոգիներու բազմութեամբ պաշարած էին հայոց բարձր թաղը։

Հայերը տուած էին զինուորներ թիւրքական բանակին, այնպէս որ իրենց երիտասարդ եւ կռուող ոյժը կը պակսէր։ Կառավարութիւնը նոր աքսորեր էր հարուստները եւ երիտասարդները եւ մեծ թիւով տղամարդ հեռացուցած էր, իբր արհեստաւոր են. բայց կիները ու աղջիկները արիութեամբ զինուած՝ եկան միացան այն սակաւաթիւ տղամարդոց, որ դիմադրութեան կորիզը կը կազմէին, եւ ուխտեցին մեռնել կռուելով, քան թէ անարգ թշնամիին ձեռքը անցնիլ ու անոր նախատինքներուն ենթարկուիլ։

Կռիւը սկսաւ. յարձակումները տեղի կունենային չորս կողմէն. ամեն օր առաւօտէն մինչեւ կէսօր հրացաններու ծուխը կը ծածանէր հայոց թաղին վրայ. հայերու համար անտարակուսելի էր, թէ փրկութեան ոեւէ յոյս չի կայ, բայց իրենց տրամադրութիւնները բարձր էին ու երգելով եւ զուարճութեամբ կը դիմադրէին թշնամիին հրացանաձգութեան եւ քաջութեամբ պատասխանելով, բազմաթիւ թիւրքերու դիակներ կը ձգէին գետին։ Եդեսիոյ այն թիւրքերը, որ առաջին կրակը բացած էին, բոլորն ալ ինկան գրեթէ, այնպէս որ մեծ խուճապ յառաջ եկաւ իրենց մէջ, իրարանցում եւ սարսափ, նամանաւանդ, որ կանոնաւոր զօրքը չէր յաջողած գրաւել հայոց թաղը, մինչդեռ հայ աղջիկներ, չես գիտեր՝ որ տեղէն դուրս գալով, ձեռքի ռումբեր կը նետէին թիւրք խուժանին մէջ եւ կանհետանային։

Քաղաքին թիւրքեր հետզհետէ փախան եւ պահ մը հայերը տէր դարձան ամբողջ Եդեսիոյ։ Քաղաքը շրջապատող թիւրք եւ քիւրդ խուժանին մէջ թուլութիւն յառաջ եկաւ. շատերը կը հեռանային եւ իրենց տեղերը վերադառնալով, չափազանցեալ եւ առասպելական բաներ կը պատմէին հայերու ոյժի մասին։ Կանոնաւոր զինուորը ստիպուած՝ աւելի խիստ պաշարման ձեռնարկեց եւ մեծ թափով կրկին յարձակում տեղի ունեցաւ։ Իրենց մէջ կային արաբ զինուորներ, որոնց հայերը կոչ կընէին եւ կըսէին. «Դուք եղբայր էք, ինչո՞ւ կը կռուէք մեզ հետ, մենք ձեզ չենք զարներ, դուք հեռացէք»։

Կռիւը տեւեց 15 օր. այդ միջոցին Եդեսիոյ համբաւը՝ հայ քաջերու անունը, մանաւանդ Եէդիգարդաշեաններու համբաւը տարածուեցաւ շրջակայ վայրերու մէջ. կառավարութիւնը շփոթուած այս անսպասելի դիմադրութենէն՝ հրամայեց վճռական միջոցներու դիմել։ Ֆախրի փաշան կուզէր առանց քաղաքը քանդելու հայերը պահել պաշարուած դրութեան մէջ, որով անօթութենէ ստիպեալ՝ ժամանակի ընթացքի հայերը անձնատուր պիտի ըլլային։ Բայց Հալէպի զինուորական խորհուրդը հրամայեց շուտով վերջ տալ այդ դիմադրութեան, թնդանօթները գործածելով։ Հոկտ[եմբեր]  16-20–ի թնդանօթները որոտացին եւ հայոց թաղը ու եկեղեցին քարուքանդ ըրին։ Քանդեցին նոյն իսկ այն շէնքերը, որոնք հայոց թաղէն հեռու էին եւ կռուի շրջանակէն դուրս կը մնային։ Բայց այս աւերումն իսկ չընկճեց հայերը, որոնք յուսահատօրէն շարունակեցին դիմադրել։ Թշնամի բանակը շփոթութեան մատնուած էր, որովհետեւ չէր կարողացած առաջուց իմանալ, թէ հայերը ապաստան պատրաստած էին գետնափորներու մէջ։ Այս գետնափորները հին ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունէին եւ հայերը՝ գուշակելով իրենց գլխուն գալիքը, մասամբ նորոգեր, յարմարցուցեր էին իրենց պահանջքներուն, եւ մանաւանդ պաշար ամբարել էին այնտեղ։ Ունէին իրենց ընդարձակ ամբարները, ջրհորները, ապաստարանները բնակչութեան համար եւ նոյն իսկ այդ գետնափորներու միջոցաւ հաղորդակցութեան ճամբաներ ապահովեր էին պաշարման գիծէն դուրս։ Երբ թշնամին հասկցաւ այդ գետնափորներու կատարած դերը, թնդանօթները ուղղեց դէպի գետին, խորտակեց ճամբաները եւ բարձրացող փոշիի ամպերուն մէջէն տեսնելով հայերու կողմէ արձակուած գնդակները, վերջին յարձակումով մը խորտակեց դիմադրութիւնը։ Թիւրք զինուորները խուժեցին հայոց թաղը եւ սկսան անխնայ կոտորել անտուն ժողովուրդը։ Երիտասարդները եւ աղջիկները տակաւին կը կռուէին. ցրուած խումբեր, առանձին մարդիկ կամ կիներ կռուեցան մինչեւ իրենց վերջին շունչը. շատ կիներ թունաւորուած էին եւ կը գալարուէին զինուորներու ոտքերուն տակ. մանուկներ, ծերեր շուարած կը դեգերէին աւերակներու մէջ, մինչ անդին խումբ մը աղջիկներ եւ տղաքներ կը հրդեհէին հայոց ինչքերը. կը դիզէին գորգեր, կարասիներ, նոյն իսկ ուտեստեղէններ եւ կը ջնջէին ամեն ինչ թշնամիին ձեռքը բան չի ձգելու համար։

Թիւրքերը գրաւեցին վերջապէս հայոց թաղը եւ սկսան հաւաքել մանուկները, ծերերը եւ երկու սեռէ կռուող հայերէն մաս մը, զոր յաջողած էին ողջ բռնել։ Թիւրք զինուորականներ եւ զինուորներ զարմանալով կը դիտէին քանդուած գետնափորներու կառուցուածքը եւ կռուի մէջ ինկած հայ աղջիկներու դիակները, որոնց կուրծքերը զարդարուած  էին փամփուշտակալներու շարքերով, եւ գրեթէ յուզուած կըսէին իրարու.

Միթէ այսպէս բան կրնա՞յ ըլլալ։

Կառավարութիւնը ձերբակալած էր մօտ 2000 հոգի, որոնց մէջ կային  200 չափ այրեր։ Ասոնցմէ  60 հոգի իբր ապստամբութեան հեղինակներ կախուեցան Եդեսիոյ մէջ եւ մնացեալ  140 հոգին ղրկուեցան Հալէպ դատուելու համար, իսկ կիները [1]  ու երեխաները աքսորուեցան Միջագետք։

Այն թիւրքերը եւ քիւրդերը, որ շրջակայքէն եկած էին կողոպուտի, ոչ միայն ձեռնունայն վերադարձան, այլ եւ սարսափած էին, որովհետեւ գետնափորներու մէջէն տակաւին կը յայտնուէին ողջ մնացած հայեր, որոնցմէ ոմանք մինչեւ մահ գնդակ կարձակէին։

Եդեսիա 1895–ի ժամանակ խիստ կոտորածի մը ենթարկուած էր, բայց հայերը քիչ ատենի մէջ իրենց կորուստները դարմանած էին եւ նախկին դիրքին տիրացած։ Արաբներու հետ լաւ յարաբերութեանց մէջ ըլլալով, տէր դարձած էին գիւղերու եւ շրջակայքի մշակութեան գրեթէ ամբողջ արդիւնքը իրենց սեփականութիւնն էր։ Քաղաքին մէջ վերստին ծաղկած էին վաճառականութիւնը եւ արհեստները, որոնք ամբողջովին հայերու ձեռքն էին։

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը ընդարձակուեցան գորգի գործարանները եւ զարկ ստացաւ այդ արտադրութեան վաճառականութիւնը Ամերիկայի հետ։ Բարգաւաճեցաւ կանանց ձեռագործի ընկերութիւնը, որուն արդիւնքը կարտածուէր մեծ մասամբ Ամերիկա։ Հայերը ուզեցին քիւրդ եւ թիւրք հողատէրերու հետ երկրագործութիւնը դնել արդի պահանջումներու համեմատ վիճակի մէջ եւ ձեռնարկեցին մեքենաներ բերել տալ եւ հաստատել ջրաբաշխութիւն։ Բացուեցաւ ժողովուրդի պահանջով Պանք Օթոմանի մասնաճիւղ, երկրագործական պանք եւ այլն։

Հայերու ոչ միայն տնտեսական, այլ եւ մտաւորական կեանքը մեծ զարգացում ստացաւ։ Ունէին իրենց թատրոնները, լսարանները, կանանց եւ այրերու առանձին գրադարաններ եւ երիտասարդական միութիւններ ժողովուրդը լուսաւորելու համար։

Գերմանական երկաթուղիի գիծը հասած էր Եդեսիայէն մինչեւ 4 ժամ հեռու, եւ այդ հանգամանքը մեծ առիթ էր վաճառականութեան զարգացման, որով եւ երկիրը կը հարստանար հետզհետէ։ Գերմանացիները նախապատւութիւն կու տային հայերու եւ գիտնալով անոնց ժրաջանութիւնը եւ խղճամտութիւնը իրենց կապալի գործերը, առեւտուրի վերաբերեալ միջնորդութիւնները եւ արհեստի գործերը կը յանձնէին հայերուն, որոնք գրաւած էին արդէն իսկ հողային եւ վաճառականական լաւագոյն դիրքերը։ Անոնք սկսան նորէն գնել ընդարձակ արտեր, այգիներ, պարտէզներ եւ շինել եւրոպական ձեւով քարաշէն ճերմակ տուներ, որոնց մէջ կը վարէին փարթամ կեանք։

Այս ամենը ոչ միայն գրգռած էին տեղացի թիւրքերը, այլ եւ կառավարութիւնն ալ պղտորուած էր, եւ գիտնալով շատ լաւ, որ իսլամ տարրը, հակառակ իր մեծամասնութեան, չէ կարող մրցել հայերու դէմ, տնտեսական պոյքոթի եւ այլ հալածանքներու միջոցաւ, ինչպէս հայաբնակ ուրիշ վայրերու մէջ, այստեղ ալ սկսած էր տկարացնել կառավարական միջոցներով հայերու տնտեսական եւ մտաւորական ոյժը։

Այս լարուած եւ թշնամական դրութիւնը գոյութիւն ունէր արդէն իսկ, երբ պատերազմը ծագեցաւ։



[1]            Եդեսիոյ դիմադրութեան ականատես եղող եդեսիացի կին մը, որուն պատմութիւնը ոեւէ կէիտ մէջ չի հակասեր Հայկ Թորոյեանի պատմութեան, կըսէ, թէ կռուող աղջիկներ եւ կիներ եւս կախուեցան։ . Ե. )