Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դէպի Տէյր–իւլ–Զօր. Մարաշի հայ գիւղացիները. Եփրատի ափերու ժողովուրդի պատկերը. Կրկին հանդիպում հայ աքսորեալներու խումբի մը.

Ռաքքայէն մեկնեցանք նոյեմբեր 19–ին։ Երկրորդ օրը մակուկավարները կեցան ձախ ափին, որպէսզի գաղթական հայերէն փայտ գնեն։ Այստեղ հաստատուած էին Մարաշի շրջականերու հայ գիւղացիներ եւ անապատը շէնցուցած էին իրենց շինարարական ընդունակութիւններով։ Բլրակի մը կողին վրայ շինած էին աւազէ կղմինդրներով ծածկուած 70–ի մօտ տուներ, որոնց մէջտեղը խան մը, ուր լեցուած էին դէզէրով լաւ տեսակէ փայտածուխ, եւ կտրուած փայտերու խուրձեր։ Ոմանք ջորիներ ունէին, որոնցմով շրջակայ գիղերէն կամ քաղաքներէն կը բերէին ապրանքներ. ասդին, անդին դիզած էին սեխ, ձմերուկ, արմաւ եւ այլն ու տեսակ մը պազար կազմած էին, ուրկէ կուկային գնելու նոյնիսկ ճամբորդ արաբները։ Բաւական շրջեցայ տուներուն մօտերը եւ բաց դռներէ նայելով, դիտեցի, որ մաքուր եւ կոկիկ կերպով յարդարած էին ամեն ինչ. բարակ շիւղերով եւ թելերով շինած էին փսիաթներ, որոնցմով ծածկած էին իրենց տուներուն գետինը։

Եփրատի ափին կային նաեւ հայեր, որոնք զբաղած էին ձկնորսութիւնով. մակուկավարները, որ թիւրք էին, նախանձով կը խօսէին հայերու վրայ եւ կըսէին. «Կեավուրները ոսկիի տէր դարձան այս մօտակայ անտառին փայտովը»։

Աջ ափին կար զինուորական գրաւման կեդրոնատեղի մը, որուն տնօրէնը հրաւիրեց զինուորականս եւ զիս. այդ կեդրոնատեղիին մօտ կային  200 տեղահան եղած հայ ընտանիքներ, որոնք կիլիկեցի գիւղացիներ էին. ամենքն ալ կը բնակէին իրենց շինած եղեգեայ խրճիթներու մէջ։

Մտանք պաշտօնատան ընդարձակ սենեակը, ուր մեծ յարգանքով ընդունեցին մեզ. այնտեղ լսեցինք, որ պաշտօնեաներու, գրագիրներու, ծառաներու մեծ մասը հայեր են։ Միւտիրը մեծ զարմանքով եւ գովասանքով կը պատմէր, թէ ինչպէս հայերը այս մեծ անապատին մէջ իրենց աշխատութեամբ եւ հնարամտութեամբ յաջողեցան 200 ընտանիքի կեանքը ապահովել։

Գացի այցելելու եղեգնեայ խրճիթները, ժրաջան աշխատութեամբ զբաղած էին ամեն մէկը, պատանի մը փայտ կը կոտրէր ու  կը դիզէր. անդին կին մը լուացած ցորենը կը սփռէր արեւին տակ, ուրիշ կին մը ժանտարմային չափը կառնէր անոր շապիկ կարելու համար. նոյն իսկ երեխաներդ զբաղած էին ոեւէ գործով։

Երբ գերմանացի սպան կաթ մը փնտռէր գնելու համար, հայ պատանի մը ըսաւ։

Ես գիտեմ, թէ որտեղ կաթ կայ, ի՞նչ կուտաք ինձ, որ ցոյց տամ տեղը։

Մայրը բարկացաւ այս վարմունքին համար, բայց անիկա աշխուժով մեզ առաջնորդեց արաբի մը տուն, որմէ իբր վարձք ստացաւ գաւաթ մը կաթ, իսկ սպաս զինքը լիուլի վարձատրեց։

Այս հայերը, որ տեղաւորուած էին, բաւականին կազդուրուած էին, լաւ երեւոյթ ունէին, մաքուր հագնուած էին եւ կերեւէր, որ նախապէս ալ կողոպուտի չէին ենթարկուած։

Արդէն կիլիկեցիները առհասարակ անհամեմատ աւելի լաւ վիճակ ունէին, մանաւանդ որ այրերը իրենց ընտանիքներու մօտ մնացած էին. իրենց կեանքի հանգամանքներէն կերեւար, որ գոնէ որոշ չափով օրէնքի պաշտպանութիւնը կը վայելէին։

Մեր մակոյկները ճամբայ ելան. եւ երկու ափերու միօրինակ եւ տափարակ տարածութիւն դիտելով կը յառաջանայինք։ Քանի մը ժամ ճամբորդելէ ետքը, ձախ ափին վրայ տեսանք խումբ մը կիներ, հրեշային դէմքով պառաւ մը, մանուկ մը գնչուի նման, խանձած արեւէն ու թշուառութենէ, այլակերպուած դէմքերով, որոնք գետափը նստած բոլորովին մերկ զիրար կը լուանային։ Հակառակ որ իրենցմէ քանի մը քայլ անդին կը գտնուէին արաբական վրանները, որոնց առաջք նստած էին արաբներ, հակառակ որ մեր շարք մը մակոյկները իրենց շատ մօտէն կանցնէին. անոնք անտարբեր կը մնային եւ ոեւէ կերպով չէին փորձեր իրենց մերկութիւնը ծածկելու։ Անոնք անփոյթ մեր ներկայութեան՝ կը շարունակէին իրենց գործը եւ երբեմն ալ աւազով կը շփէին իրենց անդամները։

Գետափէն հեռու կերեւէին ուրիշ խումբեր, որ կը շարժէին, խումբեր որ նստած էին ու միշտ եւ միշտ ասդին անդին լքուած հայերու խումբեր մինչեւ մեր տեսողութեան հեռաւոր սահմանին վրայ։

Ցորեկ մը կանգ առինք գետափը եւ գիշերեցինք այնտեղ. հետեւեալ առաւօտուն տեսանք այն տանսապետը, որուն ամիս մը առաջ հանդիպած էի Ճալապլուզի մէջ իր գաղթականներու խումբով։

Աքսորեալներու մնացորդը այնտեղ էր եւ մէկ ամսուան մէջ փոխուած էր հիմնովին. լքուած ու թշուառ կը մնային Եփրատի ափին. չունէին այլ եւս իրենց գոյնզգոյն հագուստները, որոնցմով անցած էին, չի կային աղջիկներ, ոչ ալ մանուկներու խումբեր, եւ մնացեր էին միայն պառաւ կիներ, որոնք ապշած կը դիտէին գետին ընթացքը։ Մեր տասնեակ մը մակոյկներու ներկայութիւնը, մեր անցուդարձը, լուսանկարի մեքենան չէին հետաքրքրեր զիրենք, այս ամենքը կարծես թէ շուք մըն էր որ կանցնէր իրենց սեւեռած աչքերուն առաջքէն։ Այստեղ կենդանութիւնը դադրած էր, չի կար եռուզեռ, ոչ ալ աղմուկ, հեծեծանք եւ ոչ ալ արցունքոտ աչքեր. միայն մեռելային լռութիւն էր, որ կը տիրէր։ Անոնք թնճուկ մազերով, մերկ ոտքերով, պատռտած լաթերով, սեւցած դէմքերով, երկարած եղունգներով ու փոսացած ահաւոր աչքերով սոսկում կը պատճառէին նոյն իսկ ժանտարմաներուն. մարդ չէր համարձակեր մօտենալ կամ խօսել այս ուրուականներուն։

Ժանտարմաներու տասնապետին օգնականը պատմեց, թէ ինչպէս այս վիճակին հասած էին։

Սամսատի մօտակայ վայրէ մը մեկնած օրերնին իրենց որոշ թիւն էր 541. ունէին քաջառողջ վիճակ, ճոխ հագուստներ, դրամ եւ զարդեղէն։ Այս ամենքը ճանապարհին կողոպտուեցան տասնապետէն։ Երբ աքսորեալները զրկուեցան իրենց նիւթական միջոցներէն. շատերը մեռան ծարաւէ, անօթութենէ, յոգնութենէ եւ տաքէ։ Տակաւին խումբը արիութեամբ կը կրէր այս չարչարանքները եւ սուգերը, բայց երբ հասան Ռաքքա ու անկէ պիտի մեկնէին, իրենց վիշտը խելագարութեան աստիճանին հասաւ։

Ի՞նչ եղաւ որ Ռաքքա։

Գայմագամի հրամանաւ կիները բաժնեցին երկու մասի. տարէց կիներ ու պառաւներ մէկ կողմ, մանուկներ եւ աղջիկներ միւս կողմ. այս վերջինները մնացին Ռաքքա, իսկ ասոնց բերին հոս. այդ բաժանումը կատարեցինք գիշերը, մութին մէջ. այդ ժամը չեմ կրնար մոռնալ ես։ Տասնապետը հրամաններ կը գոռար եւ մենք բռնութեամբ կը բաժնէինք զաւակը մօրմէն, քոյրը քոյրէն որոնք իրարու փաթթուած չէին ուզեր իրարմէ բաժնուիլ։ Բայց աւելի գէշը այն էր, որ ծծկանները կը բաժնէին իրենց մայրերէն, որոնք նուաղելով կինային։

Այն օրը յոգնութենէ սպառեցանք։ Սաստիկ կերպով դիմադրեցին. չէին վախնար ոչ մեր սպառնալիքներէն, ոչ մեր ազդած սարսափէն եւ ոչ ալ խարազանի հարուածներէն։ Մէկ քանին հոն մեռան ու մնացին, իսկ ասոնց մէջ խենթերու թիւը հետզհետէ կը շատնայ եւ շաբաթը մէկ քանի հոգիներ ինքզինքնին գետը կը նետեն։

Երբ մութը պատեց աշխարհը, դուրս եկայ մակոյկէս, բայց տարօրինակ սոսկում մը զիս պատեց. կերեւակայէի աւազոտ ընդարձակ աշխարհը, ուր խաւարը կը տիրէր, ու այս սեւ լռութեան մէջ իմ ցորեկը տեսած աքսորեալներու խումբին պէս անհամար խումբեր, շէն եւ բարգաւաճ հայ քաղաքներու եւ գիւղերու մնացորդներ կոգեւորէին տաժանելիօրէն։

Հովը դադրած էր, Եփրատդ անշշուկ կանցնէր ու իր ճերմակ երեսը կը գծուէր համայնատարած խաւարին մէջ։ Ամեն մարդ քնացած էր եւ առիթը լաւ էր երթալ խօսելու համար դժբաղդներուն հետ, աւազին մէջ խրուելով կը քալէի, բայց ահա մտքիս առաջ ներկայացան ցորեկուան հրէշային պատկերները, այդ սոսկալի ուրուականները, եւ դողահար անմիջապէս ետ դարձայ ու մտայ մակոյկս։