Դէպի
Անէյ.
Անէյ.
Ծերուկ
մը
կը
նուաղի .
Շուկան։
Մեր
մակուկավարները
փոխուեցան
եւ
առինք
Տէյր–Իւլ–Զորցի
արաբներ։
Ասոնք
միշտ
կը
պատմէին
իրենց
սրիկայութիւնները
եւ
հայ
աղջիկներու
պատճառաւ
չարչարանքները։
Երբ
հասանք
քարաժայռի
մը
մօտ,
երիտասարդ
մակուկավարներէն
մէկը
տեսաւ
հայ
կին
մը,
որ
յղի
էր.
ցատկեց
դուրս
մակոյկէն.
ուզեց
հետապնդել
խեղճ
կինը,
բայց
ահա
հաւասարակշռութիւնը
կորսնցնելով,
երբ
կուզէր
մագլցիլ
ցից
տեղէ
մը,
ինկաւ
գետը։
Հոսանքին
սաստկութեան
հանդիպելով,
հազիւ
կարողացաւ
կիսամեռ
վիճակի
մէջ
ազատիլ.
երբ
սթափեցաւ,
այս
պատիժը
երկնային
համարելով,
երդում
ըրաւ
իր
մօտ
պահած
հայ
աղջիկները
արձակել
եւ
միշտ
հայերու
պաշտպան
հանդիսանալ։
Դեկտեմբերի
3–ին
հասանք
Անէյ։
նամակ
մը
ունէի
յանձնելիք
տեղահանուած
հայու
մը,
որ
կը
բնակէր
Անէյ։
Հակառակ
որ
մենք
պէտք
չունէինք
կենալու
այդ
նաւահանգիստը,
այդ
նամակին
պատճառաւ
գերմանացի
սպաս
հրամայեց,
որ
մեր
մակոյկները
կենան.
անմիջապէս
ափ
ելայ
եւ
հոն
տեսայ,
որ
քանի
մը
հայ
գիւղացիներ
տեղացիներու
հետ
հաւկիթի,
ձաւարի
եւ
այլն
առեւտուր
կընէին,
իսկ
քիչ
մը
անդին
կարգ
մը
հայեր
մորթ
կը
լուային
ու
կը
ներկէին.
դիմաւորեցի
բոլորովին
ալեւոր
ծերունի
մը
եւ
նամակի
հասցէն
կարդալով
հարցուցի,
թէ
ո՞ւր
կրնայի
գտնել
այդ
մարդը։
–
Ես
եմ,
ըսաւ,
տուր
նամակը.
քրոջմէ՞ս
է
արդեօք.
եւ
սաստիկ
յուզումէն
նուաղած
ինկաւ
գետին։
Սպայիս
հետ
գացինք
շուկայ
գնումներ
ընելու։
Անէյ
պզտիկ
աւան
մըն
է
պզտիկ
շուկայով,
ուր
քանի
մը
խանութներ
կային։
Այստեղ
ալ
կերեւային
երկու
փուռեր,
որոնք
հայերը
շիներ
էին,
եւ
մէկ
քանի
առեւտուրի
եւ
արհեստի
խանութներ։
Հոս
ալ
մանուկները
կաշխատէին,
ծախելով
այլ
եւ
այլ
նիւթեր։
Երբ
ուզեցինք
մածուն
գնել,
ինչ
որ՝
չիկար
շուկային
մէջ,
հայ
կիները
բերին
մեզի
ներկայացուցին
տուփերով
մածուն։