Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ռամատի. 300 զէյթունցիներ այրի մէջ. Արաբ հացագործի մը վերաբերմունքը. Ֆէլլուճէ. Մեծահարուստ հայ ընտանիքի մը պատմութիւնը։

Ռամատի հասանք դեկտեմբեր 9 –ին գեղեցիկ եւ բարեբեր ովասիս մըն էր. գետափին կերեւէին արմաւի եւ նարնջի ծառեր, դաշտերը մշակուած էին եւ դալարին կը տարածուէր մինչեւ հեռուներ։ Շուկան կը գտնուէր քաղաքին մէջտեղ, ուր եւ կար քէրվանսէրայ մը։ Այստեղ հացագործները եւ բանջարեղէն ծախողները ամբողջապէս հայեր էին. այստեղ կային 300–400 կիլիկեցի հայեր։ Տեղացի արաբ մը կը պատմէր, որ Ռամատիի խորքերը այրի մը մէջ կան 300–ի չափ զէյթունցիներ, որոնք Ռամատիէն անցուցէր էին. ասոնց վիճակը անորոշ է. «Հայերու կտրիճներն են ասոնք» կըսէր արաբը։

Հաց գնելու համար գացի Ահմէտ Խըպպըզի տունը, ուր հանդիպեցայ քանի մը այնթապցի հայերու, որոնք նոյնպէս հաց գնելու եկած էին։ Հայերը հարցափորձեցի։ Անոնք կը գանգատէին անգործութենէ եւ վայրկեան առ վայրկեան կը սպասէին իրենց հայրենիք վերադառնալուն, հակառակ որ կառավարութիւնը յայտարարած էր իրենց, որ այլ եւս իրենց երկիրը չի պիտի դառնան եւ թէ Միջագետքի մէջ հաց պիտի տրուի իրենց. ասիկա իրենց ամենէն մեծ ցաւն էր։

Ինչո՞ւ ըսի. միթէ արաբները լաւ չե՞ն, չէ՞ք կրնար ապրիլ իրենց հետ. ինչո՞ւ կուզէք անպատճառ ձեր հայրենիքը վերադառնալ։

Այո, կըսէին, արաբները լաւ են, բայց այս կեանքը տանելի է առժամանակեայ, բայց ոչ տեւական կերպով։ Այս երկիրը իբր հայրենիք ընդունել չի կարելի. կրակը ինկած տեղը կայրէ. դուն հայրենիք չունի՞ս։

Ու կը հառաչէին սրտագին կերպով «Ա՜խ, ա՜խ…»։ Երբ հայերը մեկնեցան, հարցուցի արաբին։

Ո՞վքեր են ասոնք։

Եղբայր, պատասխանեց, չես գիտեր, ի՜նչ լաւ մարդիկ են. ասոնք էարմէլներ են. չեմ գիտեր, ինչո՞ւ կառավարութիւնը զիրենք աքսորեր է այս կողմերը. կըսեն թէ ապստամբեր են, գէշ մարդիկ են, բայց մենք այդպէս բան չենք տեսներ։ Ընդհակառակը այնքան լաւ ու պարկեշտ մարդիկ են, որ ես այսքան ատեն է իրենց ապառիկ հաց կուտամ պարտք ունին, բայց դարձալ կուտամ. վստահելի մարդիկ են. ապահով եմ, որ երբ եւ իցէ իրենց պարտքը կը վճարեն։

Դիտեցի որ գերման սպաս զբաղած էր գաղտնապէս թշուառ խումբի մը լուսանկարը առնել, հակառակ որ խստիւ արգելուած էր մեզի ոեւէ պատկեր վերցնել. մօտը գացի եւ հարցուցի, թէ ի՞նչ պիտի ընես։

Պատերազմէն ետքը պիտի յայտնեմ այս բոլոր վայրագութիւններ, ըսաւ։

Միասին կերթայինք մակոյկ, երբ ճանապարհին տեսանք, որ ժանտարմաներ մատանիներ կը ծախէին. ուզեց գնել կնոջը համար, բայց երբ իմացաւ, որ հայերու կողոպուտի արդիւնք է, ետ տուաւ ըսելով։

Չեմ կարող գնել, չեմ կարող նոյն իսկ տեսնալ։

Նոյն օրը մեկնեցանք Ռամատիէն եւ դեկտեմբեր 10–ին հասանք Ֆէլլուճէ, ուր մեր գետային ճամբորդութիւնը վերջացաւ։

Ֆէլլուճէ կը գտնուի ձախ ափին, որ միացած է միւս ափին շարժական կամուրջով. արմաւի կեղեւով հիւսուած եւ ձիւթով պատուած բոլորաձեւ մակոյկներու շարքի մը վրայ հաստատուած է այս փայտեայ կամուրջը, որը կը բանան կամ կը գոցեն, երբ ցանկանան։

Ֆէլլուճուէի մէջ կը գտնուէր Քոյումճեան մեծահարուստ ընտանիքը, որուն կը պատկանէր Ֆէլլուճէի մեծ մասը. այնտեղ կայ ալիւրի, կիրի գործարաններ եւ ջրաբաշխ մեքենաներ, որոնք բոլորը նոյն ընտանիքի սեպհականութիւն էին։ Տեղս ունի ընդարձակ շուկայ, կառավարչատուն, հեռագրատուն, պարտէզներ, խիտ արմաւենիներ, կայ նաեւ շատ առատ ձուկ։

Գացի այդ ընտանիքէն ոեւ է մէկը փնտռելու. հրէայ մը չարախնդութեամբ ըսաւ ինձ։

Անոնք ամենքն ալ քշուեցան, անոնց մասին հեչ մի հարցներ, տուներնին, տեղերնին, գործերնին տակն ու վրայ եղած է. իրենց բոլոր ստացուածքներուն փոխանորդ մը դրած են։

Ո՞ւր ուղարկեցին, հարցուցի։

Մուսուլ. պատասխանեց, եւ կարծեմ ճամբան սպանեցին զիրենք։

Յետոյ առիթ ունեցայ իմանալու, թէ հրէային կարծիքը ճիշդ չէր եւ թէ անոնք Մուսուլէն հասեր էին Միջագետք։

  Ֆէլլուճէի մէջ մեր բերած ռազմամթերքը յանձնեցինք զինուորական կառավարութեան. առինք մեզ հետ եղած դրամը եւ կառք վարձելով դեկտեմբեր 11–ին մեկնեցանք։