Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դէպի Հադիսէ. Հադիսէ. Հայ աղջիկան մը փրկագինը։

Դեկտեմբերի 4–ի մեկնեցանք Անէյէն, պատուիրելով մակուկավարներուն, որ առատ հաց գնեն իբր պաշար, որովհետեւ  3 օր անընդհատ պիտի ճամբորդէինք Եփրատի վրայ, անցնելով աւազի դաշտերու մէջէն։ Անապատը այստեղ կը դառնայ բոլորովին անջրդի եւ ամուլ. տեղին քամին, որ նոյն իսկ գետին ջուրը կը փոթորկէ, յառաջ կը բերէ աւազի սաստիկ փոթորիկներ, որոնք օդը անշնչելի կը դարձնեն։

Ճանապարհին մեր հացը պակսեցաւ եւ կեցանք գիւղակի մը առջեւ, որ միայն3  տուն ունէր եւ քէրվանսէրայ մը, որը նոր շինած էր կառավարութիւնը ճանապարհի պաշտպանութեան համար։ Դիմեցինք այնտեղ հաց գնելու, բայց միայն ալիւր կրցանք գտնել. երբ տնակներէն մէկը մտնել ուզեցի հացը թխել տալու համար, տարէց ժանտարմա մը շտապով արգելեց տան մուտքը եւ թոյլ չի տուաւ, որ ներս մտնեմ։ Գացինք ուրիշ արաբներու քով, որոնք հաճոյքով յանձնառին մեր հացը պատրաստել տալ։

Մեր պաշտպան ժանտարմաներն ալ եկան միացան մեզի, ասոնք ալ ալիւր գնած եւ յանձնած էին տեղւոյն այն ծերունի ժանտարմային, որ ինձ փակեց իր տան դուռը։

Ժամանակը լրանալէ ետքը մեր ժանտարմաներէն մէկը փոքրիկ արաբուհի մը ուղարկեց։

Գնա տես, հացը պատրա՞ստ է, թէ չէ։

Փոքրիկը վերադառնալով ըսաւ։

Մարիամը կըսէ, որ քիչ մը եւս թող սպասեն։

Զարմացած հարցուցի։

Այստեղ քրիստոնեանե՞ր կան։

Գացի ուղղակի տեղւոյն ժանտարմային տունը եւ հակառակ մերիններուն արգելքին մտայ սենեակ, ուր ճակատը նստած էր ծերուկը եւ ճիշդ իր քովը մօտ 20  տարեկան հայ աղջիկ մը, որ տակաւին իր տարազը կը կրէր, որով յայտնի էր, թէ կիլիկեցի է։ Իսկ թոնիրին մօտ կեցած էր ուրիշ հայ աղջիկ մը 19 տարեկան, նման տարազով։ Երկուքն ալ տխուր էին, մտահոգ եւ արեւակէզ։ Հարցուցի ծերունի ժանտարմային, որ ոտքի ելած եւ բարեւի կեցած էր։

Ի՞նչ են ասոնք։

Չէր կրնար պատասխանել. աղջիկները շուարած, վախնալով կը դիտէին մեզ եւ կարծես թէ օգնութիւն կաղերսէին։

Իմ գերման զինուորականիս անունով խօսեցայ իրեն եւ ըսի, որ նախ քան մեր Պաղտատ հասնելը՝ այդ աղջիկները իր ծնողաց մօտ ուղարկէ, որոնք 3 օր առաջ անցած էին։

Վերադառնալով տեղացի արաբներուն մօտ, իմացայ որ ծերունի ժանտարման այդ երկու աղջիկները կնութեան առած էր։

Շուտով մեր մակոյկները ճամբայ ելան։ Գետին ամենէն յորձանուտ եւ վտանգաւոր կէտն էր ատիկա. երկու կողմերը կը տարածուէին ընդարձակ աւազի դաշտերը՝ տեղին հովին խաղալիք. աւազի փոթորիկը այնքան սաստիկ կըլլայ, որ տեղացի արաբներ իսկ կը կորսուին երբմն բարձրացող աւազին մէջ. անջրդի, անբոյս սեւախառն աւազի ծովը ալեկոծուած էր։

Դեկտեմբեր 6–ին հասանք Հադիսէ։ Ասիկա փոքրիկ գիւղաքաղաք մըն էր գեղեցիկ ովասիսի մէջ, որուն տուները ամփիթատրոնի մը նման կը դասաւորուէին բարձրութեան մը կողին վրայ. գետին երկու ափերը առատ արմաւենիներ կը բարձրանային։ Այս գիւղաքաղաքին մէջ կային 700–ի չափ հայեր, որոնք կը զբաղէին այլ եւ այլ գործելով, թէեւ ամենքն ալ կը գանգատէին թէ գործ քիչ կայ։ Գացեր էի մածուն գնելու, երբ հանդիպեցայ հայ կնոջ մը, որ հողին վրայ նստած գուլպայ կը հիւսէր եւ կը արտասուէր։

Աչքերը կուրացած էին գրեթէ արցունքէն, բայց անիկա կը շարունակէր հիւսել գուլպան, որ աւարտելու մօտ էր։

Կը ծախե՞ս, մայրիկ, հարցուցի։

Անիկա սրտագին հառաչեց «Ա՜խ, ա՜խ…» ու չի կրցաւ պատասխանել։

Արաբ դրացին ինձ բացատրեց կնոջը վիշտը։ Տեղւոյն ժանտարմը տարած էր իր աղջիկը եւ պահանջեր էր զոյգ մը գուպայ, որպէսզի վերադարձնէ զայն. ժանտարմը ըսեր էր։

Քանի օր ուշանաս, այնքան օր աղջիկդ ինձ հետ կանցնէ։

Կինը կարկամած մատներով, սիրտը ճնշուած վիշտով կը շտապէր այդ գուլպաները աւարտելու։